Աստվածաշունչը մեկ տարում Դեկտեմբեր 31Մալաչի 1:1-141. Մաղաքիային միջոցով Իսրայէլին եղած Տէրոջը պատգամը.2. «Ես ձեզ սիրեցի», կ’ըսէ Տէրը Ու դուք՝ «Մեզ ինչո՞վ սիրեցիր», կ’ըսէք։ «Միթէ Եսաւը Յակոբին եղբայրը չէ՞ր», կ’ըսէ Տէրը։ Ես Յակոբը սիրեցի,3. Բայց Եսաւը ատեցի։ Անոր լեռները ամայութեան Ու անոր ժառանգութիւնը անապատի բնակութեան դարձուցի՝ ՝։4. Եթէ Եդովմ ըսէ՝ ‘Թէեւ կործանեցանք, Բայց պիտի դառնան ու աւերակները շինենք’, Զօրքերու Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Անոնք պիտի շինեն, բայց ես պիտի փլցնեմ. Անոնք պիտի կոչուին Անօրէնութեան Սահման, Ժողովուրդ՝ որու դէմ Տէրը յաւիտեան բարկացեր է»։5. «Ձեր աչքերը պիտի տեսնեն ու պիտի ըսէք՝ ‘Տէրը Իսրայէլի սահմանէն անդին՝ ՝ թող փառաւորուի’»։6. «Տղան՝ իր հօրը, Ծառան՝ իր տիրոջը պատիւ կ’ընէ։ ‘Եթէ ես հայր եմ, իմ պատիւս ո՞ւր է, Եթէ տէր եմ, իմ վախս ո՞ւր է’, Կ’ըսէ ձեզի զօրքերու Տէրը, Ո՛վ քահանաներ, որ իմ անունս կ’անարգէք Եւ դուք կ’ըսէք. ‘Քու անունդ ի՞նչ բանով անարգեցինք’։7. Իմ սեղանիս վրայ պիղծ հաց կը մատուցանէք Ու կ’ըսէք. ‘Քեզ ինչո՞վ պղծեցինք’։ Տէրոջը սեղանը անարգ է ըսելով։8. Երբ կոյրը զոհի համար կը մատուցանէք, գէշ չէ՞. Երբ կաղը կամ հիւանդը կը մատուցանէք, գէշ չէ՞. ‘Աղէ՜, եթէ զանիկա քու իշխանիդ ընծայես, Միթէ քեզի պիտի հաճի՞, Կամ քեզ սիրով՝ ՝ պիտի ընդունի՞’, կ’ըսէ զօրքերու Տէրը։9. Հիմա Աստուծոյ աղաչեցէ՛ք, Որպէս զի ձեզի ողորմութիւն ընէ։ Ասիկա ձեր ձեռքով եղաւ։ ‘Միթէ ձեզ սիրով պիտի ընդունի՞’, կ’ըսէ զօրքերու Տէրը։10. Ձեր մէջ դռները ձրի գոցող ո՞վ կայ։ Իմ սեղանիս կրակն ալ ձրի չէք վառեր։ ‘Ձեզի չեմ հաճիր, կ’ըսէ զօրքերու Տէրը Ու ձեր ձեռքէն ընծայ չեմ ընդունիր։11. Քանզի արեւուն ծագած տեղէն մինչեւ անոր մարը մտած տեղը, Ազգերուն մէջ իմ անունս մեծ պիտի ըլլայ։ Ամէն տեղ իմ անուանս Խունկ ու սուրբ ընծայ պիտի մատուցանուի, Քանզի իմ անունս ազգերուն մէջ մեծ պիտի ըլլայ’, կ’ըսէ զօրքերու Տէրը։12. Բայց դուք զանիկա կը պղծէք, Ըսելով. ‘Տէրոջը սեղանը պիղծ է Ու անոր բերքը, այսինքն կերակուրը, անարգ’։13. Նաեւ կ’ըսէք. ‘Այս ի՜նչ աշխատութիւն է Ու անոր վրայ կը փչէք’, կ’ըսէ զօրքերու Տէրը Եւ յափշտակուածն ու կաղը եւ հիւանդը Որպէս ընծայ բերիք։ ‘Միթէ զանոնք պիտի ընդունի՞մ, կ’ըսէ Տէրը։14. Բայց անիծեալ ըլլայ այն խաբեբայ մարդը, Որ իր հօտին մէջ որձ ունենալով՝ ուխտ կ’ընէ, Բայց արատաւորը Տէրոջը կը մատուցանէ. Քանզի ես մեծ Թագաւոր եմ, կ’ըսէ զօրքերու Տէրը Ու իմ անունս ազգերու մէջ ահարկու է’»։Մալաչի 2:1-171. «Այս պատուէրը ձեզի է, ո՛վ քահանաներ։2. Եթէ մտիկ չընէք, Եթէ ձեր սրտին մէջ չդնէք Իմ անուանս պատիւ տալ, կ’ըսէ զօրքերու Տէրը, Այն ատեն ձեզի անէծք պիտի ղրկեմ, Ձեր օրհնութիւնները պիտի անիծեմ։ Այո՛, զանոնք արդէն անիծեր եմ, Քանզի դուք ձեր սրտին մէջ չէք դներ։3. Ահա ես ձեր սերունդը պիտի յանդիմանեմ, Ձեր երեսին վրայ՝ աղբ, Ձեր տօներուն աղբը պիտի ցանեմ, Որ ձեզ իրեն հետ տանի։4. Այն ատեն պիտի գիտնաք թէ ես ձեզի ղրկեցի այս պատուէրը, Որպէս զի իմ ուխտս Ղեւիին հետ ըլլայ, կ’ըսէ զօրքերու Տէրը։5. Իմ ուխտս անոր հետ էր՝ կեանքի ու խաղաղութեան համար։ Զանոնք անոր տուի այն երկիւղին փոխարէն ՝ Որով ինծմէ կը վախնար Ու իմ անուանս երեսէն կը սարսափէր։6. Ճշմարտութեան օրէնքը անոր բերնին մէջ էր, Անոր շրթունքներուն մէջ անիրաւութիւն չգտնուեցաւ. Ինծի հետ խաղաղութեամբ եւ ուղղութեամբ կը քալէր, Շատերը անօրէնութենէ դարձուց։7. Քահանային շրթունքները գիտութիւն պահելու են, Մարդիկ անոր բերնէն օրէնք փնտռելու են, Քանզի անիկա զօրքերու Տէրոջը դեսպանն է։8. Բայց դուք ճամբայէն խոտորեցաք. Շատերը օրէնքին մէջ գայթակղեցուցիք, Ղեւիին ուխտը աւրեցիք, կ’ըսէ զօրքերու Տէրը։9. Ուստի ես ալ ձեզ բոլոր ժողովուրդին առջեւ անարգեցի ու ցածցուցի, Քանի որ դուք իմ ճամբաներս չպահեցիք, Օրէնքին մէջ աչառութիւն ըրիք։10. Միթէ ամէնքը մէկ հայր չունի՞ն, Միթէ մէկ Աստուած չստեղծե՞ց մեզ։ Ինչո՞ւ համար մեր հայրերուն ուխտը աւրելով՝ Մեզմէ ամէն մէկը իր եղբօրը նենգութիւն կ’ընէ։11. Յուդան նենգութիւն ըրաւ։ Իսրայէլի մէջ ու Երուսաղէմի մէջ պղծութիւն գործուեցաւ։ Յուդան պղծեց Տէրոջը սրբարանը, որ ինք կը սիրէր Եւ օտար աստուծոյ աղջկանը այր եղաւ։12. Տէրը Յակոբին վրաններէն բնաջինջ պիտի ընէ այս բանը ընող մարդը, Արթուն եղողն ու պատասխան տուողը Եւ զօրքերու Տէրոջը ընծայ մատուցանողը։13. Դարձեալ ասիկա ըրիք։ Տէրոջը սեղանը արցունքներով, Լացով ու ողբով ծածկեցիք։ Այնպէս որ Անիկա անգամ մըն ալ ընծային չի նայիր, Որ զանիկա ձեր ձեռքէն հաճութեամբ ընդունի։14. Բայց դուք ըսիք. ‘Ինչո՞ւ’։ Անոր համար որ Տէրը վկայ եղաւ քու եւ քու երիտասարդութեանդ կնոջ միջեւ, Որուն հետ անհաւատարմութեամբ վարուեցար։ Անիկա քու ընկերդ ու քու ուխտիդ կինն է։15. Եւ մէկը չըրա՞ւ, որ Հոգիին առատութիւնը ունէր. Այն մէկը ի՞նչ կը փնտռէր։ Աստուծոյ սերունդը։ Ուրեմն ձեր հոգիին զգուշութիւն ըրէք, Ձեզմէ ոեւէ մէկը իր երիտասարդութեան կնոջ հետ անհաւատարմութեամբ թող չվարուի։16. Քանզի Իսրայէլի Տէր Աստուածը կ’ըսէ, թէ Ինք կ’ատէ կին արձակելը՝ ՝. «Բայց մարդը իր հանդերձովը զրկանքը կը ծածկէ, կ’ըսէ զօրքերու Տէրը. Ուստի ձեր հոգիին զգուշութիւն ըրէք ու անհաւատարիմ մի՛ ըլլաք»։17. «Ձեր խօսքովը Տէրը ձանձրացուցիք։ Բայց դուք կ’ըսէք. ‘Ինչո՞վ ձանձրացուցինք’։ Այսպէս ըսելով. ‘Ամէն չարութիւն ընողը Տէրոջը աչքերուն առջեւ հաճոյ է Ու ինք անոնց կը հաւնի’, Կամ թէ ‘Դատաստան ընող Աստուածը ո՞ւր է’։Մալաչի 3:1-181. «Ահա ես իմ դեսպանս կը ղրկեմ, Որ իմ առջեւս ճամբայ պատրաստէ։ Ձեր փնտռած Տէրը, այսինքն ուխտին հրեշտակը, որու կը հաւնիք, Յանկարծ իր տաճարը պիտի գայ։ Ահա կու գայ, կ’ըսէ զօրքերու Տէրը։2. Անոր գալուստին օրը ո՞վ կրնայ դիմանալ։ Անոր երեւնալուն ատենը ո՞վ կրնայ կայնիլ. Քանզի անիկա հալեցնողին՝ կրակին պէս Ու թափիչներուն օճառին պէս պիտի ըլլայ։3. Անիկա արծաթ հալեցնողի ու մաքրողի պէս պիտի նստի։ Ղեւիին որդիները պիտի մաքրէ, Զանոնք ոսկիի պէս ու արծաթի պէս պիտի զտէ։ Անոնք արդարութեամբ Տէրոջը ընծայ պիտի մատուցանեն.4. Յուդային ու Երուսաղէմին ընծան Հին օրերուն պէս ու առաջին տարիներուն պէս Տէրոջը ընդունելի պիտի ըլլայ։5. Դատաստանի համար ձեզի պիտի մօտենամ, Կախարդներուն ու շնացողներուն Սուտ երդում ընողներուն, Վարձկանին իր վարձքին վրայով, Որբեւարիին ու որբին զրկանք ընողներուն, Պանդուխտին իրաւունքը խոտորցնողներուն, Ինծմէ չվախցողներուն դէմ արագ վկայ պիտի ըլլամ, կ’ըսէ զօրքերու Տէրը։6. «Քանզի ես Եհովա եմ, չեմ փոխուիր, Անոր համար դո՛ւք, ո՛վ Յակոբի որդիներ, չսպառեցաք։7. Ձեր հայրերուն օրերէն ի վեր Իմ հրամաններէս հեռացաք ու զանոնք չպահեցիք։ Ինծի դարձէք ու ես ձեզի պիտի դառնամ, կ’ըսէ զօրքերու Տէրը. Սակայն դուք կ’ըսէք՝ ‘Ինչո՞վ դառնանք’։8. Միթէ մարդ Աստուած կը կողոպտէ՞, Որ դուք զիս կը կողոպտէք. Բայց դուք կ’ըսէք. ‘Քեզմէ ի՞նչ կողոպտեցինք’. Տասանորդներ ու ընծաներ։9. Դուք անէծքով անիծուած էք, Քանզի դուք բոլորդ զիս կողոպտեցիք։10. Բոլոր տասանորդները գանձատունը բերէք, Որպէս զի իմ տանս մէջ պաշար ըլլայ։ Ասով զիս փորձեցէ՛ք, կ’ըսէ զօրքերու Տէրը։ Թէ արդեօք ձեզի երկնքի պատուհանները պիտի չբանա՞մ Ու ձեզի օրհնութիւն թափեմ, Այնքան շատ որ բաւական տեղ չըլլայ։11. Ձեզի համար ուտողը պիտի յանդիմանեմ, Անիկա ձեր երկրին պտուղը պիտի չապականէ, Ձեր այգիին մէջ որթատունկը անպտուղ պիտի չըլլայ, կ’ըսէ զօրքերու Տէրը։12. Բոլոր ազգերը ձեզի երանի՜ պիտի ըսեն, Քանզի դուք ցանկալի երկիր պիտի ըլլաք, կ’ըսէ զօրքերու Տէրը։13. «Ձեր խօսքերը ինծի դէմ խիստ եղան, կ’ըսէ Տէրը. Բայց դուք կ’ըսէք. ‘Քեզի դէմ ի՞նչ խօսեցանք’։14. Դուք ըսիք. ‘Աստուծոյ ծառայութիւն ընելը պարապ է։ Եւ անոր պահպանութիւնը պահելէն Ու զօրքերու Տէրոջը առջեւ սուգով քալելէն ի՞նչ շահեցանք։15. Հիմա մենք հպարտներուն երանի՜ կ’ըսենք. Ամբարշտութիւն ընողներն անգամ բարեշէն կ’ըլլան, Աստուած ալ կը փորձեն ու կ’ազատին’»։16. Այն ատեն Տէրոջմէ վախցողները Իրարու հետ խօսեցան։ Տէրը մտիկ ըրաւ ու լսեց Եւ իր առջեւ յիշատակի գիրք գրուեցաւ Տէրոջմէ վախցողներուն համար Ու անոր անուան վրայ մտածողներուն համար։17. Եւ անոնք իմս պիտի ըլլան, կ’ըսէ զօրքերու Տէրը։ Այն օրը երբ իմ սեփական գանձս հաւաքեմ, Անոնց պիտի խնայեմ, Ինչպէս մարդ մը կը խնայէ իր որդիին, Որ իրեն ծառայութիւն կ’ընէ։18. Եւ պիտի դառնաք ու արդարին եւ ամբարշտին, Աստուծոյ ծառայութիւն ընողին Եւ անոր ծառայութիւն չընողին Տարբերութիւնը պիտի տեսնէք։Մալաչի 4:1-61. «Քանզի ահա փուռի պէս վառուած օրը կու գայ, Երբ բոլոր հպարտները եւ բոլոր ամբարշտութիւն ընողները Յարդի պէս պիտի ըլլան Ու եկած օրը զանոնք պիտի այրէ, կ’ըսէ զօրքերու Տէրը, Այնպէս որ անոնց արմատ կամ ոստ պիտի չթողու։2. Բայց ձեզի՝ իմ անունէս վախցողներուդ՝ Արդարութեան արեգակը պիտի ծագի։ Անոր թեւերուն վրայ բժշկութիւն պիտի ըլլայ Ու դուք գոմի պարարտ հորթերու պէս Դուրս պիտի ելէք ու պիտի ցատկէք։3. Ամբարիշտները պիտի կոխկռտէք, Վասն զի իմ գործ տեսնելու օրս Անոնք ձեր ոտքերուն թաթերուն տակ Մոխիր պիտի ըլլան, կ’ըսէ զօրքերու Տէրը։4. «Յիշեցէ՛ք իմ ծառայիս Մովսէսին օրէնքը, Այսինքն այն կանոններն ու պատուիրանները, Որոնք անոր տուի Քորեբի մէջ բոլոր Իսրայէլին համար։5. Ահա ես Եղիա մարգարէն ձեզի պիտի ղրկեմ Դեռ Տէրոջը մեծ ու ահեղ օրը չեկած։6. Անիկա հայրերուն սիրտը՝ որդիներուն Ու որդիներուն սիրտը հայրերուն պիտի դարձնէ, Որ չըլլայ թէ ես գամ ու երկիրը անէծքով զարնեմ։Սաղմոսներ 150:1-61. Ալէլուիա՜։ Օրհնեցէ՛ք Աստուած իր սրբարանին մէջ. Օրհնեցէ՛ք զանիկա իր զօրութեանը հաստատութեանը մէջ։2. Օրհնեցէ՛ք զանիկա իր զօրաւոր գործերուն համար, Օրհնեցէ՛ք զանիկա իր մեծափառութեանը համեմատ։3. Օրհնեցէ՛ք զանիկա փողի ձայնով, Օրհնեցէ՛ք զանիկա տաւիղով ու քնարով։4. Օրհնեցէ՛ք զանիկա թմբուկով ու պարով, Օրհնեցէ՛ք զանիկա լար ունեցող նուագարաններով ու սրինգով։5. Օրհնեցէ՛ք զանիկա մեծաձայն ծնծղաներով, Օրհնեցէ՛ք զանիկա ցնծութեան ծնծղաներով։6. Ամէն շունչ ունեցող թող Տէրը օրհնէ։ Ալէլուիա՜։Առակներ 31:10-3110. Առաքինի կինը ո՞վ կրնայ գտնել։ Անոր գինը գոհարներէն շատ աւելի է։11. Անոր էրկանը սիրտը անոր վրայ վստահ է Ու աւարի կարօտ չըլլար։12. Անիկա իր կեանքին բոլոր օրերուն մէջ Անոր բարիք կը բերէ եւ ո՛չ թէ չարիք։13. Բուրդ ու քթան կը փնտռէ Եւ ուզածը ձեռքովը կը գործէ։14. Անիկա վաճառականի նաւերուն կը նմանի։ Իր հացը հեռու տեղէ կը բերէ։15. Անիկա գիշերով կ’ելլէ ու տանը մարդոցը ՝ կերակուր Եւ իր աղախիններուն գործ կու տայ։16. Արտի մը վրայ կը խորհի ու զանիկա ծախու կ’առնէ։ Իր ձեռքերուն պտուղէն այգի կը տնկէ։17. Իր մէջքը զօրութեամբ կը պնդէ Ու իր բազուկները կը զօրացնէ։18. Իր վաստակին աղէկ ըլլալը կը հասկնայ։ Անոր ճրագը գիշերը չի մարիր։19. Իր ձեռքերը իլիկին կ’երկնցնէ Ու ափովը րոքը կը բռնէ։20. Ձեռքը աղքատին կը բանայ Ու ձեռքերը կարօտեալներուն կ’երկնցնէ։21. Իր տանը մարդոցը համար ձիւնէն չի վախնար. Քանզի բոլոր ընտանիքը կրկին հանդերձ հագած են։22. Իրեն ծածկոցներ կը շինէ։ Իր հանդերձը բեհեզ ու ծիրանի է։23. Անոր այրը կը ճանչցուի դռներուն մէջ, Երբ երկրին ծերերուն հետ նստի։24. Կտաւ կը գործէ ու կը ծախէ Եւ վաճառականներուն գօտիներ կու տայ։25. Զօրութիւն ու փառք կը հագնի Ու վերջին օրերը պիտի ուրախանայ։26. Իր բերանը իմաստութեամբ կը բանայ Եւ իր լեզուին վրայ քաղցրութեան օրէնք կայ։27. Իր տանը ճամբաները կը քննէ Եւ ծուլութեան հացը չ’ուտեր։28. Անոր տղաքը կ’ելլեն ու զանիկա երանելի կ’անուանեն։ Անոր այրն ալ զանիկա կը գովէ, ըսելով.29. «Շատ աղջիկներ առաքինի եղան, Բայց դուն ամենէն գերազանցը եղար»։30. Վայելչութիւնը սուտ է ու գեղեցկութիւնը ունայն է, Սակայն Տէրոջմէ վախցող կինը պիտի գովուի։31. Տուէք անոր իր ձեռքին պտուղէն Ու անոր գործերը դռներու մէջ պիտի գովեն զանիկա։Հայտնություն 21:1-271. Ահա նոր երկինք մը ու նոր երկիր մը տեսայ, վասն զի առաջին երկինքը ու առաջին երկիրը անցան եւ ա՛լ ծով չկար։2. Սուրբ քաղաքը՝ նոր Երուսաղէմը՝ տեսայ, որ երկնքէն Աստուծմէ կ’իջնէր, իր էրկանը համար զարդարուած հարսի մը պէս պատրաստուած։3. Ու երկնքէն մեծ ձայն մը լսեցի, որ կ’ըսէր. «Ահա՛ Աստուծոյ խորանը մարդոց մէջ։ Անիկա հոն պիտի բնակի եւ անոնք անոր ժողովուրդը պիտի ըլլան եւ Աստուած ինք անոնց հետ պիտի ըլլայ իբրեւ անոնց Աստուածը4. Եւ ինք անոնց աչքերէն բոլոր արցունքները պիտի սրբէ եւ ա՛լ մահ պիտի չըլլայ։ Ո՛չ սուգ եւ ո՛չ աղաղակ եւ ո՛չ ցաւ պիտի ըլլայ ասկէ յետոյ, վասն զի առաջուան բաները անցան»։5. Ան որ աթոռին վրայ կը նստէր, ըսաւ. «Ահա ամէն բաները նոր կ’ընեմ» ու ըսաւ ինծի. «Գրէ՛, վասն զի այս խօսքերը ճշմարիտ ու հաւատարիմ են»։6. Նաեւ ըսաւ ինծի. «Եղա՛ւ. ես եմ Ալֆան եւ Օմէղան, Սկիզբն ու Վախճանը. ես ծարաւին ձրի պիտի տամ կենաց ջուրին աղբիւրէն։7. Ան որ կը յաղթէ, ամէն բաները պիտի ժառանգէ ու ես անոր Աստուած պիտի ըլլամ, ան ալ ինծի որդի պիտի ըլլայ։8. Բայց վախկոտներուն ու անհաւատներուն եւ պիղծերուն ու մարդասպաններուն ու պոռնիկներուն եւ կախարդներուն ու կռապաշտներուն եւ բոլոր ստախօսներուն բաժինը կրակով ու ծծումբով վառած լճին մէջ պիտի ըլլայ, որ է երկրորդ մահը»։9. Եօթը վերջին հարուածներով լեցուն եօթը սկաւառակները ունեցող եօթը հրեշտակներէն մէկը ինծի եկաւ եւ ինծի հետ խօսեցաւ ու ըսաւ. «Եկո՛ւր, ցուցնեմ քեզի հարսը, Գառնուկին կինը»։10. Եւ հոգիով մեծ ու բարձր լերան մը վրայ տարաւ զիս եւ ցուցուց ինծի սուրբ Երուսաղէմ քաղաքը, որ երկնքէն՝ Աստուծմէ կ’իջնէր11. Աստուծոյ փառքը ունէր եւ անոր լուսաւորութիւնը խիստ պատուական քարի նման էր, ակնվանիի երեւոյթով յասպիս քարի պէս։12. Անոր պարիսպը մեծ ու բարձր էր- Տասներկու դռներ ունէր ու դռներուն վրայ տասներկու հրեշտակներ կային եւ դռներուն վրայ անուններ գրուած էին՝ այսինքն Իսրայէլի որդիներուն տասներկու ցեղերուն անունները ։13. Արեւելեան կողմէն երեք դուռ ու հիւսիսային կողմէն երեք դուռ եւ հարաւային կողմէն երեք դուռ ու արեւմտեան կողմէն երեք դուռ։14. Քաղաքին պարիսպը տասներկու հիմեր ունէր։ Անոնց վրայ Գառնուկին տասներկու առաքեալներուն [տասներկու] անունները գրուած էին ։15. Ինծի հետ խօսողը ձեռքը ոսկիէ եղէգ մը ունէր, որպէս զի անով քաղաքը եւ անոր դռները ու անոր պարիսպները չափէ։16. Քաղաքը քառակուսի էր։ Անոր երկայնութիւնը լայնութեանը չափ էր եւ քաղաքը նոյն եղէգով տասներկու հազար ասպարէզ չափեց։ Անոր երկայնութիւնը ու լայնութիւնը եւ բարձրութիւնը հաւասար էին։17. Անոր պարիսպը հարիւր քառասունըչորս կանգուն չափեց, մարդու չափով, այսինքն հրեշտակին չափովը ։18. Անոր պարիսպին շինուածքը յասպիս քարէ էր ու քաղաքը զուտ ոսկի էր՝ մաքուր ապակիի նման։19. Քաղաքին պարիսպին հիմերը ամէն տեսակ պատուական քարերով զարդարուած էին։ Առաջին հիմը յասպիս էր, երկրորդը՝ շափիւղայ, երրորդը՝ քաղկեդոն, չորրորդը՝ զմրուխտ,20. Հինգերորդը՝ եղնգնաքար, վեցերորդը՝ սարդիոն, եօթներորդը՝ ոսկեքար, ութերորդը՝ բիւրեղ, իններորդը՝ տպազիոն, տասներորդը՝ քրիսոպրասոս, տասնըմէկերորդը՝ յակինթ, տասներկրորդը՝ ամեթովս։21. Եւ տասներկու դռները տասներկու մարգարիտ էին, ամէն մէկ դուռը մէյ մէկ ամբողջ մարգարիտ էր ու քաղաքին հրապարակը մաքուր ոսկի էր թափանցիկ ապակիի նման։22. Անոր մէջ տաճար չտեսայ, վասն զի Տէր Աստուած Ամենակալն ու Գառնուկը անոր տաճարն են։23. Քաղաքը արեւի ու լուսնի պէտք չունի, որ զանիկա լուսաւորեն, վասն զի Աստուծոյ փառքը զանիկա կը լուսաւորէ ու անոր ճրագը Գառնուկն է։24. Եւ [փրկուած] ազգերը անոր լոյսովը պիտի քալեն ու երկրին թագաւորները իրենց փառքը ու պատիւը անոր մէջ պիտի բերեն։25. Անոր դռները ցորեկը պիտի չգոցուին. (վասն զի հոն գիշեր պիտի չըլլայ.)26. Ազգերուն փառքն ու պատիւը անոր մէջ պիտի բերեն։27. Հոն բնաւ անմաքրութիւն մը պիտի չմտնէ, ո՛չ ալ պղծութիւն ու ստութիւն գործող մը, հապա միայն անոնք՝ որ Գառնուկին կեանքի գրքին մէջ գրուած են։Հայտնություն 22:1-211. Ինծի կեանքի ջուրի գետ մը ցուցուց ակնվանիի պէս պայծառ, որ Աստուծոյ ու Գառնուկին աթոռէն կ’ելլէր։2. Այն քաղաքին հրապարակին մէջ ու այն գետին մէկ կողմէն ու միւս կողմէն կենաց ծառ մը կար, որ տասներկու կերպ պտուղ կը բերէր։ Ամէն ամիս իր պտուղը կու տար։ Այն ծառին տերեւները հեթանոսներուն բժշկութիւն կ’ըլլային։3. Ա՛լ բնաւ նզովք պիտի չըլլայ։ Անոր մէջ պիտի ըլլայ Աստուծոյ ու Գառնուկին աթոռը։ Անոր ծառաները պիտի պաշտեն զանիկա։4. Անոր երեսը պիտի տեսնեն ու անոր անունը իրենց ճակատներուն վրայ պիտի ըլլայ։5. Հոն ա՛լ գիշեր պիտի չըլլայ եւ ճրագ ու արեւու լոյս պէտք չէ. քանզի Տէր Աստուած պիտի լուսաւորէ զանոնք եւ յաւիտեանս յաւիտենից պիտի թագաւորեն։6. Հրեշտակը ըսաւ ինծի. «Այս խօսքերը հաւատարիմ են ու ճշմարիտ եւ սուրբ մարգարէներուն՝ ՝ Տէր Աստուածը իր հրեշտակը ղրկեց՝ իր ծառաներուն ցուցնելու ինչ որ շուտով պիտի ըլլայ։7. «Ահա ես շուտով կու գամ։ Երանի՜ անոր որ կը պահէ այս գրքին մարգարէութեան խօսքերը»։8. Եւ ես՝ Յովհաննէսս՝ լսեցի ու տեսայ այս բաները։ Երբ լսեցի ու տեսայ, ինկայ որ երկրպագութիւն ընեմ այն հրեշտակին ոտքերուն առջեւ՝ որ այս բաները ինծի կը ցուցնէր,9. Բայց ան ըսաւ ինծի. «Զգուշացի՛ր, մի՛ ըներ. վասն զի ես քու ու քու եղբայրներուդ, մարգարէներուն եւ այս գրքին խօսքերը պահողներուն ծառայակիցն եմ։ Աստուծոյ երկրպագութիւն ըրէ»։10. Եւ ըսաւ ինծի. «Այս գրքին մարգարէութեան խօսքերը մի՛ կնքեր, վասն զի ժամանակը մօտ է։11. Ան որ անիրաւութիւն կ’ընէ՝ թող անիրաւութիւն ընէ ու ան որ աղտոտ է՝ թող աղտոտ ըլլայ եւ ան որ արդար է՝ թող արդար ըլլայ ու ան որ սուրբ է՝ թող սուրբ ըլլայ»։12. «Ահա ես շուտով կու գամ եւ իմ վարձքս ինծի հետ է՝ ամէն մէկուն իր գործին համեմատ հատուցանելու։13. Ես եմ Ալֆան ու Օմէղան, Առաջինը ու Վերջինը, Սկիզբը եւ Վախճանը»։14. Երանելի՜ են անոնք, որ անոր պատուիրանքները կը կատարեն, որպէս զի իշխանութիւն ունենան կենաց ծառին վրայ եւ դռներէն ներս քաղաքը մտնեն։15. Բայց դուրս պիտի մնան շուներն ու կախարդները եւ պոռնիկներն ու սպաննութիւն ընողները եւ կռապաշտներն ու այն ամէնքը որ ստութիւն կը սիրեն եւ կ’ընեն»։16. «Ես՝ Յիսուսս՝ իմ հրեշտակս ղրկեցի՝ այս բաները ձեզի վկայելու եկեղեցիներուն մէջ. ես Դաւիթին արմատէն ու ցեղէն եմ ու առաւօտեան պայծառ աստղը»։17. Եւ Հոգին ու հարսը կ’ըսեն. «Եկո՛ւր» եւ ան որ կը լսէ՝ թող ըսէ. «Եկո՛ւր» ու ան որ ծարաւ է՝ թող գայ եւ ան որ կ’ուզէ՝ կենաց ջուրը թող ձրի առնէ։18. Ես կը վկայեմ ամէն մէկուն որ այս գրքին մարգարէութեան խօսքերը կը լսէ։ Եթէ մէկը ասոնց վրայ բան մը աւելցնէ, Աստուած ալ անոր վրայ պիտի աւելցնէ այն հարուածները, որոնք այս գրքին մէջ գրուած են19. Եւ եթէ մէկը այս մարգարէութեան գրքին խօսքերէն բան մը պակսեցնէ, Աստուած ալ անոր բաժինը պիտի պակսեցնէ կենաց գրքէն եւ սուրբ քաղաքէն՝ որ այս գրքին մէջ գրուած են։20. Այս բաներուն վկայութիւն տուողը կ’ըսէ. «Այո՛, շուտով կու գամ ես»։ Ամէ՛ն, եկո՛ւր, Տէր Յիսուս։21. Մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին շնորհքը ձեր ամենուն հետ ըլլայ։ Ամէ՛ն։ Armenian Western Bible 1853 Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981