Աստվածաշունչը մեկ տարում Դեկտեմբեր 5Հոսեա 1:1-111. Տէրոջը խօսքը, որ Բէերիի որդիին Ովսէէին եղաւ, Յուդայի թագաւորներուն, Ոզիային, Յովաթամին, Աքազին ու Եզեկիային եւ Իսրայէլի թագաւորին Յովասին որդիին Յերոբովամին օրերը։2. Ովսէէի միջոցով եղած Տէրոջը խօսքին սկիզբը։ Տէրը ըսաւ Ովսէէին. «Գնա՛, քեզի պոռնկութեան կին մը ու պոռնկութեան տղաքներ ա՛ռ, քանզի երկիրը Տէրոջմէ խոտորելով՝ խիստ շատ պոռնկացաւ»։3. Անիկա գնաց ու Դաբելայիմին աղջիկը՝ Գոմերը՝ առաւ եւ անիկա յղացաւ ու անոր որդի մը ծնաւ։4. Տէրը անոր ըսաւ. «Անոր անունը Յեզրայէլ դի՛ր, քանզի քիչ ատենէն Յեզրայէլի մէջ թափուած արիւնները Յէուին տունէն պիտի պահանջեմ ու Իսրայէլին տանը թագաւորութիւնը պիտի վերջացնեմ։5. Այն օրը Յեզրայէլի հովիտին մէջ Իսրայէլին աղեղը պիտի կոտրեմ»։6. Գոմեր դարձեալ յղացաւ ու աղջիկ մը ծնաւ։ Տէրը ըսաւ Ովսէէին. «Անոր անունը Լօրուհամա դի՛ր, քանզի ա՛լ պիտի չողորմիմ Իսրայէլի տանը. հապա զանիկա բոլորովին պիտի վերցնեմ՝ ՝։7. Բայց Յուդային տանը ողորմութիւն պիտի ընեմ ու զանոնք իրենց Տէր Աստուծմով պիտի փրկեմ։ Զանոնք աղեղով կամ սուրով կամ պատերազմով, ձիերով կամ ձիաւորներով պիտի չփրկեմ»։8. Երբ Լօրուհաման կաթէն կտրեց, նորէն յղացաւ ու որդի մը ծնաւ։9. Այն ատեն Տէրը ըսաւ. «Անոր անունը Լօամմի դի՛ր, քանզի դուք իմ ժողովուրդս չէք ու ես ձեզի Աստուած պիտի չըլլամ»։10. «Բայց Իսրայէլի որդիներուն թիւը ծովու աւազի պէս պիտի ըլլայ, որ անչափ ու անթիւ է ու այն տեղ ուր անոնց ըսուեցաւ թէ ‘Դուք իմ ժողովուրդս չէք’, հոն անոնք ‘Կենդանի Աստուծոյն որդիները պիտի կոչուին’։11. Եւ Յուդայի որդիներն ու Իսրայէլի որդիները մէկտեղ պիտի հաւաքուին ու իրենց վրայ իշխան մը պիտի դնեն ու երկրէն պիտի ելլեն, քանզի Յեզրայէլի օրը մեծ պիտի ըլլայ»։Հոսեա 2:1-221. Ձեր եղբայրներուն Ամմի, Ու ձեր քոյրերուն Րուհամա ըսէք։2. Վիճեցէ՛ք ձեր մօրը հետ, վիճեցէք, Քանզի անիկա իմ կինս չէ Ու ես անոր այրը չեմ։ Անիկա իր երեսէն իր պոռնկութիւնները Ու իր ծիծերուն մէջէն իր շնութիւնները թող վերցնէ,3. Որ չըլլայ թէ զանիկա մերկացնեմ, Զանիկա իր ծննդեան օրուանը պէս թողում, Զանիկա անապատի դարձնեմ, Զանիկա անջուր երկրի պէս ընեմ, Զանիկա ծարաւով մեռցնեմ։4. Անոր որդիներուն ողորմութիւն պիտի չընեմ, Քանզի անոնք պոռնկութեան որդիներ են։5. Անոնց մայրը պոռնկութիւն ըրաւ, Զանոնք յղացողը խայտառակութիւն գործեց։ Վասն զի ըսաւ. «Իմ տարփածուներուս ետեւէն երթամ, Որոնք իմ հացս ու ջուրս, բուրդս ու քթանս, Իւղս ու խմելիքներս ինծի կու տան»։6. Անոր համար ահա ես փուշերով ցանկ պիտի քաշեմ անոր ճամբուն՝ ՝ Ու անոր բոլորտիքը պատ պիտի շինեմ, Որպէս զի իր ճամբաները չկրնայ գտնել։7. Եւ անիկա իր տարփածուներուն ետեւէն պիտի երթայ, բայց անոնց պիտի չհասնի։ Զանոնք պիտի փնտռէ, բայց պիտի չկրնայ գտնել։ Այն ատեն պիտի ըսէ. «Երթամ իմ առաջուան էրկանս, Քանզի այն ատեն հիմակուընէ աղէկ վիճակի մէջ էի»։8. Եւ մայրդ չգիտցաւ թէ ցորենն ու գինին ու իւղը ես իրեն կու տայի Եւ իրեն արծաթն ու ոսկին ես կը շատցնէի, Որոնցմով անոնք Բահաղի Կուռքեր շինեցին ։9. Անոր համար պիտի դառնամ ու իմ ցորենս իր եղանակին մէջ Ու իմ գինիս իր որոշ ժամանակին մէջ պիտի առնեմ Եւ անոր մերկութիւնը ծածկող բուրդս ու քթանս ետ պիտի առնեմ։10. Հիմա անոր տարփածուներուն առջեւ Անոր անզգամութիւնը պիտի յայտնեմ։ Մարդ պիտի չգտնուի, որ զանիկա իմ ձեռքէս ազատէ։11. Անոր բոլոր ուրախութիւնը, Անոր տօները, ամսագլուխներն ու շաբաթները Եւ բոլոր հանդիսաւոր օրերը պիտի խափանեմ։12. Պիտի աւերեմ անոր որթատունկերն ու թզենիները, Որոնց համար կ’ըսէր թէ ‘Ասոնք տարփածուներուս ինծի տուած պարգեւներն են’, Եւ անտառի պիտի դարձնեմ զանոնք Ու դաշտի գազանները պիտի ուտեն զանոնք։13. Զանիկա պիտի պատժեմ այն օրերուն համար, Որոնց մէջ անիկա Բահաղիմներուն խունկ կը ծխէր, Իր օղերովն ու մանեակներովը կը զարդարուէր Եւ իր տարփածուներուն ետեւէն կ’երթար Ու զիս մոռցեր էր», կ’ըսէ Տէրը։14. «Անոր համար ահա ես զանիկա պիտի հրապուրեմ, Զանիկա անապատը պիտի տանիմ, Անոր սրտին պէս պիտի խօսիմ։15. Անկէ անոր այգիները Աքովրի ձորը յոյսի դրան համար անոր պիտի տամ, Հոն իր մանկութեան օրերուն պէս, Եգիպտոսի երկրէն ելած օրուանը պէս երգեր պիտի երգէ։16. Այն օրը, կ’ըսէ Տէրը, Զիս ‘Իմ այրս’ պիտի կոչես, Ու անգամ մըն ալ զիս ‘Իմ Բահաղս’ պիտի չկոչես։17. Անոր բերնէն Բահաղամի անունները պիտի ջնջեմ Ու անոնք անգամ մըն ալ իրենց անուններովը պիտի չյիշուին։18. Անոնց համար այն օրը՝ Դաշտի գազաններուն հետ, երկնքի թռչուններուն հետ Ու երկրի սողուններուն հետ ուխտ պիտի ընեմ։ Երկրէն աղեղը, սուրն ու պատերազմը պիտի վերցնեմ, Զանոնք ապահովութեամբ պիտի պառկեցնեմ։19. Քեզ յաւիտեան ինծի պիտի նշանեմ. Քեզ արդարութիւնով, իրաւունքով, Ողորմութիւնով ու գթութիւնով ինծի պիտի նշանեմ.20. Այո՛, քեզ ճշմարտութիւնով ինծի պիտի նշանեմ Ու Տէրը պիտի ճանչնաս։21. Եւ ‘Այն օրը, կ’ըսէ Տէրը, պատասխան պիտի տամ, Ես երկինքներուն պատասխան պիտի տամ Ու անոնք երկրին պատասխան պիտի տան22. Ու երկիրը ցորենին, գինիին ու իւղին պատասխան պիտի տայ։ Անոնք Յեզրայէլին պատասխան պիտի տան։Սաղմոսներ 138:4-64. Ո՛վ Տէր, երկրի բոլոր թագաւորները քեզի գոհութիւն պիտի մատուցանեն, Երբ քու բերնիդ խօսքերը լսեն։5. Տէրոջը ճամբաներուն մէջ պիտի երգեն. Վասն զի Տէրոջը փառքը մեծ է։6. Թէպէտ Տէրը բարձր է, բայց խոնարհը կը տեսնէ Ու բարձրամիտը հեռուէն կը ճանչնայ։Առակներ 29:17-1717. Խրատէ՛ քու որդիդ, որպէս զի քեզ հանգստացնէ Եւ քու հոգիդ զուարճացնէ։1 Հովհաննես 3:1-241. Տեսէ՛ք, Հայրը ինչպիսի՜ սէր շնորհեց մեզի, որպէս զի մենք Աստուծոյ որդիներ կոչուինք. ասոր համար աշխարհ մեզ չի ճանչնար, վասն զի զանիկա ալ չճանչցաւ։2. Սի՛րելիներ, հիմա մենք Աստուծոյ որդիներն ենք եւ տակաւին յայտնի չէ թէ ի՞նչ պիտի ըլլանք. բայց գիտենք թէ երբ անիկա յայտնուի, անոր պէս պիտի ըլլանք. վասն զի զանիկա պիտի տեսնենք՝ ինչպէս որ է։3. Ամէն ով որ այս յոյսը անոր վրայ ունի, ինքզինք կը մաքրէ, ինչպէս անիկա մաքուր է։4. Ամէն ով որ մեղք կը գործէ, անիկա անօրէնութիւն ալ կը գործէ եւ բուն մեղքը անօրինութիւն է։5. Եւ գիտէք թէ անիկա յայտնուեցաւ, որպէս զի մեր մեղքերը վերցնէ. բայց իր մէջ մեղք չկայ։6. Ամէն ով որ անոր մէջ կը կենայ, մեղք չի գործեր. ամէն ով որ մեղք կը գործէ, զանիկա տեսած չէ ու զանիկա ճանչցած չէ։7. Որդեակներ, մէկը ձեզ թող չխաբէ. ան որ արդարութիւն կը գործէ՝ արդար է, ինչպէս Անիկա արդար է։8. Ան որ մեղք կը գործէ, Սատանայէն է, վասն զի Սատանան սկիզբէն ի վեր կը մեղանչէ. ասոր համար Աստուծոյ Որդին յայտնուեցաւ, որ Սատանային գործերը քանդէ։9. Ամէն ով որ Աստուծմէ ծնած է, մեղք չի գործեր, վասն զի անոր սերմը իր մէջ կը մնայ ու չի կրնար մեղք գործել, քանզի Աստուծմէ ծնած է։10. Ասով յայտնի են Աստուծոյ որդիներն ու Սատանային որդիները։ Ամէն ով որ արդարութիւն չի գործեր, անիկա Աստուծմէ չէ եւ ան ալ՝ որ իր եղբայրը չի սիրեր։11. Վասն զի ասիկա այն պատուիրանքն է որ դուք սկիզբէն լսեցիք, որ մէկզմէկ սիրենք։12. Ոչ թէ Կայէնին պէս, որ չար էր ու իր եղբայրը սպաննեց։ Ինչո՞ւ համար զանիկա սպաննեց։ Անոր համար որ իր գործերը չար էին, իսկ իր եղբօրը գործերը ՝ արդար։13. Մի՛ զարմանաք, եղբա՛յրներս, եթէ աշխարհ ձեզ ատէ։14. Մենք գիտենք թէ մահէն կեանքի փոխուեցանք, վասն զի եղբայրները կը սիրենք. ան որ եղբայրը չի սիրեր՝ մահուան մէջ կը մնայ.15. Ամէն ով որ իր եղբայրը կ’ատէ՝ մարդասպան է։ Գիտէք թէ ամէն մարդասպան իր մէջ յաւիտենական կեանք չունի։16. Ասով գիտցանք Քրիստոսին սէրը, որ անիկա իր կեանքը մեզի համար տուաւ. մենք ալ պարտաւոր ենք մեր եղբայրներուն համար տալ մեր կեանքը։17. Բայց ան որ աշխարհին բարիքը ունի եւ իր եղբայրը բանի մը կարօտ կը տեսնէ ու իր գութը անկէ կը գոցէ, ի՞նչպէս Աստուծոյ սէրը անոր մէջ բնակած կ’ըլլայ։18. Ո՛րդեակներս, ո՛չ թէ խօսքով ու լեզուով սիրենք, հապա գործով ու ճշմարտութիւնով։19. Ասով կը ճանչնանք թէ ճշմարտութենէն ենք։ Մեր սրտերուն համարձակութիւնովը անոր առջեւ պիտի երեւնանք։20. Եթէ մեր սրտերը մեզ մեղադրեն, մենք գիտենք թէ Աստուած մեր սրտերէն մեծ է եւ ամէն բան գիտէ։21. Սի՛րելիներ, եթէ մեր սրտերը մեզ չմեղադրեն, այն ատեն համարձակութիւն կ’ունենանք Աստուծոյ առջեւ կենալու։22. Եւ ինչ որ խնդրենք՝ կ’առնենք անկէ, վասն զի Իր պատուիրանքները կը պահենք ու Իր առջեւ հաճելի եղած բաները կ’ընենք։23. Ասիկա է անոր պատուիրանքը, որ իր Որդիին Յիսուս Քրիստոսին անուանը հաւատանք ու մէկզմէկ սիրենք, ինչպէս մեզի պատուիրեց։24. Ան որ պատուիրանքները կը պահէ՝ անոր մէջ կը կենայ ու Աստուած ալ իր մէջ։ Աստուծոյ մեր մէջ բնակիլը կը գիտնանք Սուրբ Հոգիին միջոցով, որ մեզի տուաւ։ Armenian Western Bible 1853 Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981