Աստվածաշունչը մեկ տարում Դեկտեմբեր 7Հոսեա 5:1-151. Լսեցէ՛ք ասիկա, ո՛վ քահանաներ Ու մտիկ ըրէ՛ք, ո՛վ Իսրայէլի տուն Ու ականջ տուէ՛ք, ո՛վ թագաւորի տուն, Վասն զի ձեզի համար դատաստան կայ։ Քանզի դուք Մասփայի մէջ՝ որոգայթ Եւ Թաբօրի վրայ տարածուած վարմ եղաք։2. Մոլորածները սպաննութիւն ընելով մեղքի մէջ խորասոյզ եղան, Թէեւ ես անոնց ամենուն խրատ կու տայի ՝ ՝։3. Ես Եփրեմը կը ճանչնամ Ու Իսրայէլ ինծմէ պահուած չէ։ Այո՛, հիմա, ո՛վ Եփրեմ, դուն շնութիւն կ’ընես Ու Իսրայէլ պղծուած է։4. Անոնք իրենց գործերը չեն շտկեր՝ ՝, Որ իրենց Աստուծոյն դառնան. Քանզի անոնց մէջ պոռնկութեան ոգի կայ Ու Տէրը չեն ճանչնար։5. Ուստի Իսրայէլի հպարտութիւնը իր երեսին առջեւ պիտի խոնարհի՝ ՝ Եւ Իսրայէլ ու Եփրեմ իրենց անօրէնութիւնովը պիտի գլորին։ Յուդան ալ անոնց հետ պիտի գլորի։6. Անոնք իրենց ոչխարներովն ու արջառներովը Տէրը փնտռելու պիտի երթան, բայց պիտի չգտնեն։ Անիկա անոնցմէ պահուեցաւ։7. Անոնք Տէրոջը անհաւատարմութիւն ըրին, Քանզի օտար տղաքներ ծնան. Հիմա իրենց վիճակներովը մէկտեղ Մէկ ամսուան մէջ պիտի սպառին՝ ՝։8. Գաբաայի մէջ շեփոր հնչեցուցէ՛ք Եւ Ռամայի մէջ՝ փող։ Բեթաւանի մէջ բարձրաձայն կանչեցէ՛ք, Քու ետեւէդ, ո՛վ Բենիամին։9. Յանդիմանութեան օրը Եփրեմ ամայի պիտի ըլլայ։ Իսրայէլի ցեղերուն մէջ ճշմարիտը ցուցուցի։10. Յուդայի իշխանները սահմաններ փոխողներու պէս եղան, Անոնց վրայ ջուրի պէս պիտի թափեմ իմ բարկութիւնս։11. Եփրեմ հարստահարուած ու դատաստանով խորտակուած է Քանզի յօժար կամքով ունայնութեան ետեւէն քալեց։12. Ուստի ես Եփրեմին՝ ցեցի պէս Եւ Յուդայի տանը փայտի որդի պէս պիտի ըլլամ։13. Երբ Եփրեմը իր ախտը եւ Յուդան իր վէրքը տեսաւ, Եփրեմ Ասորեստան գնաց Ու Յարեբ թագաւորին դեսպաններ ղրկեց։ Բայց անիկա ձեզ բժշկելու ու ձեր վէրքը առողջացնելու կարող չէ։14. Քանզի ես Եփրեմին առիւծի պէս Եւ Յուդայի տանը առոյգ առիւծի պէս պիտի ըլլամ. Ես, ե՛ս պիտի պատառեմ ու պիտի երթամ։ Պիտի տանիմ ու ազատող մը պիտի չըլլայ։15. Ես կրկին իմ տեղս պիտի դառնամ, Մինչեւ անոնք իրենց յանցաւոր ըլլալը խոստովանին ու իմ երեսս փնտռեն։ Երբ նեղութեան մէջ փութով զիս փնտռեն ու ըսեն.Հոսեա 6:1-111. «Եկէ՛ք, Տէրոջը դառնանք, Քանզի անիկա զարկաւ ու անիկա մեզ պիտի բժշկէ։ Անիկա վիրաւորեց ու անիկա պիտի կապէ,2. Երկու օրէն մեզ պիտի կենդանացնէ, Երրորդ օրը մեզ պիտի կանգնեցնէ Ու անոր առջեւ պիտի ապրինք։3. Տէրը պիտի ճանչնանք ու զանիկա ճանչնալու ետեւէ պիտի ըլլանք. Անոր ելքը արշալոյսի պէս պատրաստուած է Ու անիկա մեզի պիտի գայ անձրեւի պէս, Երկիրը ոռոգող վերջին անձրեւին պէս։4. Քեզի ի՞նչ ընեմ, ո՛վ Եփրեմ, Քեզի ի՞նչ ընեմ, ո՛վ Յուդա, Վասն զի ձեր բարութիւնը առաւօտեան ամպին պէս Ու շուտով ցնդող ցօղի պէս է։5. Ասոր համար մարգարէներուն ձեռքով զանոնք կոտրեցի, Բերնիս խօսքերովը զանոնք մեռցուցի, Որպէս զի իմ դատաստաններս լոյսի պէս ելլեն։6. Քանզի ես ողորմութիւն կ’ուզեմ եւ ոչ թէ՝ զոհ Ու ողջակէզներէն աւելի՝ Աստուծոյ գիտութիւնը։7. Իսկ անոնք Ադամի պէս ուխտազանց եղան Ու ինծի անհաւատարմութիւն ըրին։8. Գաղաադ անօրէններու քաղաք է, Արեան հետքերով լեցուն է։9. Ինչպէս աւազակներու գունդերը Մարդու համար դարանամուտ կ’ըլլան, Այնպէս ալ քահանաներուն խումբը Սիւքէմի ճամբուն մէջ սպաննութիւն Եւ եղեռնագործութիւն կ’ընեն։10. Իսրայէլի տանը մէջ սոսկալի բաներ տեսայ, Եփրեմին պոռնկութիւնները հոն են, Իսրայէլ պղծուեցաւ։11. Քեզի ալ հունձք մը պատրաստուած է, ո՛վ Յուդա, Երբ իմ ժողովուրդս գերութենէ դարձնեմ։Սաղմոսներ 139:1-61. Ո՛վ Տէր, զիս քննեցիր ու ճանչցար։2. Դուն գիտես իմ նստիլս ու ելնելս, Իմ խորհուրդս հեռուէն կ’իմանաս։3. Իմ շաւիղս ու պառկիլս կը քննես Ու իմ բոլոր ճամբաներս գիտես։4. Վասն զի բնաւ խօսք չկայ իմ լեզուիս վրայ, Ահա, ո՛վ Տէր, դուն ամէնը գիտես։5. Իմ ետեւէս ու առջեւէս զիս պաշարեցիր Եւ քու ձեռքդ իմ վրաս դրիր։6. Այս գիտութիւնը ինծի խիստ զարմանալի է, Բարձր է ու չեմ կրնար հասկնալ զանիկա։Առակներ 29:19-1919. Հասկցող ու պատասխան տուող ծառան Խօսքերով չի խրատուիր։1 Հովհաննես 5:1-211. Ամէն ով որ կը հաւատայ թէ Յիսուսը Քրիստոսն է, Աստուծմէ ծնած է։ Ամէն ով որ ծնողը կը սիրէ՝ անկէ ծնածն ալ կը սիրէ։2. Ասով կը ճանչնանք թէ Աստուծոյ որդիները կը սիրենք, երբ Աստուած սիրենք ու անոր պատուիրանքները պահենք։3. Վասն զի ասիկա է Աստուծոյ սէրը, որ անոր պատուիրանքները պահենք եւ անոր պատուիրանքները ծանր բան չեն։4. Վանս զի ան որ Աստուծմէ ծնած է՝ աշխարհին կը յաղթէ։ Մեր հաւատքն է, որ աշխարհին կը յաղթէ։5. Ո՞վ է որ աշխարհի կը յաղթէ, եթէ ոչ անիկա՝ որ կը հաւատայ թէ Յիսուս Աստուծոյ Որդին է։6. Ասիկա է, որ եկաւ ջուրով եւ արիւնով, այսինքն Յիսուս Քրիստոս. ո՛չ միայն ջուրով, հապա ջուրով եւ արիւնով եւ Հոգին է, որ կը վկայէ, վասն զի Հոգին ճշմարտութիւն է։7. Վասն զի երեք են որ երկնքի մէջ կը վկայեն, Հայրը, Բանը ու Սուրբ Հոգին եւ այս երեքը մէկ են։8. Ու երեք են որ երկրի վրայ՝ ՝ կը վկայեն. Հոգին, ջուրը ու արիւնը եւ երեքը միաբան են։9. Եթէ մարդոց վկայութիւնը կ’ընդունինք, Աստուծոյ վկայութիւնը աւելի մեծ է. վասն զի ասիկա է Աստուծոյ վկայութիւնը, որ իր Որդիին համար վկայեց։10. Ան որ Աստուծոյ Որդիին կը հաւատայ՝ վկայութիւնը իր մէջ ունի։ Ան որ Աստուծոյ չի հաւատար՝ ստախօս կ’ընէ զանիկա, վասն զի չի հաւատար այն վկայութեանը՝ որ Աստուած իր Որդիին համար վկայեց։11. Եւ վկայութիւնը այս է, որ Աստուած մեզի յաւիտենական կեանք տուաւ ու այս կեանքը անոր Որդիին մէջն է։12. Ան որ Որդին ընդունած է՝ կեանք ունի եւ ան որ Աստուծոյ Որդին ընդունած չէ՝ կեանք չունի։13. Այս բաները գրեցի ձեզի՝ որպէս զի գիտնաք թէ յաւիտենական կեանք ունիք դուք՝ որ Աստուծոյ Որդիին անունին կը հաւատաք ։14. Մենք համարձակութիւնը ունինք անոր քով, քանզի գիտենք թէ ինչ որ խնդրելու ըլլանք իր կամքին համեմատ, պիտի լսէ մեզի։15. Եւ եթէ գիտնանք թէ պիտի լսէ ինչ որ խնդրելու ըլլանք, ուրեմն կը գիտնանք թէ պիտի առնենք ինչ որ խնդրենք իրմէ։16. Եթէ մէկը տեսնէ որ իր եղբայրը ո՛չ մահացու մեղք մը գործեց, թող խնդրէ ու Աստուած կեանք պիտի տայ այն մահացու չեղած մեղքը գործողին։ Մեղք կայ որ մահացու է, չեմ ըսեր թէ անոր համար խնդրէ։17. Ամէն անիրաւութիւն մեղք է, բայց մեղք կայ որ մահացու չէ։18. Գիտենք թէ ան, որ Աստուծմէ ծնած է՝ մեղք չի գործեր։ Ա՛ն որ Աստուծմէ ծնած է՝ իր անձը կը պահէ ու չարը անոր չի դպչիր։19. Գիտենք թէ մենք Աստուծմէ ենք ու բոլոր աշխարհ չարին մէջ է։20. Գիտենք թէ Աստուծոյ Որդին եկաւ ու մեզի կարողութիւն տուաւ որպէս զի ճշմարիտը ճանչնանք։ Մենք այն ճշմարիտին մէջ ենք, իր Որդիին Յիսուս Քրիստոսին մէջ։ Անիկա է ճշմարիտ Աստուածն ու յաւիտենական կեանքը։21. Ո՛րդեակներ, ինքզինքնիդ կուռքերէն պահեցէք ։ Armenian Western Bible 1853 Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981