Աստվածաշունչը մեկ տարում
Դեկտեմբեր 8

1. Երբ Իսրայէլը պիտի բժշկէի, Եփրեմին անօրէնութիւնը Ու Սամարիային չարութիւնները յայտնուեցան. Քանզի անոնք նենգութեամբ կը գործեն։ Գողը ներս կը մտնէ Ու դուրսը աւազակները կը մերկացնեն։
2. Իրենք չեն մտածեր, Թէ ես իրենց բոլոր չարութիւնը կը յիշեմ։ Հիմա իրենց գործերը զիրենք պաշարեցին, Անոնք իմ երեսիս առջեւն են։
3. Իրենց չարութիւնովը՝ թագաւորը Ու իրենց ստութիւններովը իշխանները կ’ուրախացնեն։
4. Ամէնքն ալ շնացող են, Տաք թոնիրի կը նմանին, Որուն հացագործը կը դադրեցնէ կրակը խառնելը Խմորը շաղելէն ետք, մինչեւ որ թթուի։
5. Մեր թագաւորին տօնն է այսօր, Իշխանները գինիին տաքութենէն հիւանդացան։ Անիկա իր ձեռքը ծաղրողներուն երկնցուց։
6. Որովհետեւ անոնց սրտերը նենգութեամբ վառարանի մը նման բռնկած են։ Ամբողջ գիշերը բարկութիւնը բորբոքեցաւ, Առտուն բոցավառ կրակի պէս բռնկեցաւ։
7. Ամէնքը թոնիրի պէս տաքցան Ու իրենց դատաւորները կերան։ Անոնց բոլոր թագաւորները ինկան. Անոնցմէ ո՛չ ոք զիս կը կանչէ։
8. Եփրեմ ժողովուրդներուն հետ խառնուեցաւ։ Եփրեմը չդարձուած շօթի պէս է։
9. Օտարները անոր զօրութիւնը կերան ու ինք չի գիտեր. Նոյնիսկ մազերուն մէջ ճերմակ ինկաւ ու ինք չի գիտեր։
10. Եւ Իսրայէլին հպարտութիւնը իր դէմ կը վկայէ, Սակայն անոնք իրենց Տէր Աստուծոյն չեն դառնար Ու զանիկա չեն փնտռեր։
11. Եփրեմ միամիտ ու անխելք աղաւնիի պէս եղաւ։ Եգիպտացիները կը կանչեն, Ասորեստան կ’երթան։
12. Երբ անոնք երթան, անոնց վրայ իմ վարմս պիտի տարածեմ, Որպէս զի զանոնք երկնքի թռչունի պէս իջեցնեմ Ու զանոնք պատժեմ, ինչպէս ժողովուրդին մէջ տարածուեր էր։
13. Վա՜յ անոնց, քանզի ինծմէ փախան։ Կորուստը անոնց պիտի հասնի, քանզի ինծի դէմ յանցանք գործեցին։ Թէեւ զանոնք ես փրկեցի, Բայց անոնք ինծի դէմ սուտ խօսեցան։
14. Երբ անոնք իրենց անկողիններուն վրայ կ’ողբային, Իրենց սրտովը ինծի չաղաղակեցին։ Անոնք ցորենի ու գինիի համար կը հաւաքուին Ու ինծի դէմ կ’ապստամբին։
15. Թէպէտ զանոնք խրատեցի Ու անոնց բազուկները զօրացուցի, Սակայն ատիկա ինծի չարութիւն սեպեցին։
16. Անոնք կը դառնան, բայց, ո՛չ Բարձրեալին։ Անոնք խաբեբայ աղեղի պէս են։ Անոնց իշխանները իրենց լեզուին կատաղութեանը համար սուրով պիտի իյնան։ Ասիկա պիտի ըլլայ անոնց նախատինքը Եգիպտոսի մէջ։
1. Փողը բերանդ դի՛ր ։ Թշնամին Տէրոջը տանը վրայ արծիւի պէս պիտի գայ, Քանզի իմ ուխտս զանց ըրին Ու իմ օրէնքիս դէմ յանցանք գործեցին։
2. Իսրայէլ ինծի կ’աղաղակէ ու կ’ըսէ. «Ո՛վ իմ Աստուածս, մենք քեզ կը ճանչնանք»։
3. Իսրայէլ բարին մերժեց, ուստի Թշնամին պիտի հալածէ զանիկա։
4. Անոնք թագաւորներ դրին, բայց ոչ ինծմով։ Իշխաններ ընտրեցին, բայց ես չգիտցայ։ Իրենց արծաթովն ու ոսկիովը իրենց կուռքեր շինեցին, Որպէս զի բնաջինջ ըլլան։
5. Քու հորթդ, ո՛վ Սամարիա, մերժուեցաւ. Իմ բարկութիւնս անոնց վրայ բորբոքեցաւ. Մինչեւ ե՞րբ անմեղութիւնը ձեռք պիտի չբերեն։
6. Քանզի ասիկա ալ Իսրայէլէն է, Արհեստաւորը շինեց զանիկա, ուրեմն Աստուած չէ. Ուստի կտոր կտոր պիտի ըլլայ Սամարիայի հորթը։
7. Քանզի հով ցանեցին ու մրրիկ պիտի հնձեն. Անիկա հասուն ցորեն պիտի չբերէ Ու անոր արդիւնքէն ալիւր պիտի չըլլայ։ Եթէ ըլլայ ալ՝ օտարները պիտի ուտեն զանիկա։
8. Իսրայէլ կլլուեցաւ։ Հիմա ազգերուն մէջ անպէտ ամանի պէս պիտի ըլլան։
9. Քանզի անոնք առանձնակեաց վայրենի իշու պէս Ասորեստան գացին։ Եփրեմ վարձքով սիրականներ բռնեց։
10. Թէեւ ազգերէն օգնականներ վարձքով բռնեն ալ, հիմա զանոնք պիտի հաւաքեմ. Թագաւորն ու իշխանները օծելէ քիչ մը պիտի դադարին՝ ՝։
11. Քանզի Եփրեմ շատ սեղաններ շինեց, Որոնք իրեն մեղքի համար եղան։
12. Իմ օրէնքիս մեծ բաները անոր գրեցի, Սակայն օտար բանի պէս սեպուեցաւ։
13. Անոնք զհաբերութիւնը կը սիրեն, Անոնք միս կը զոհեն ու կ’ուտեն, Բայց Տէրը անոնցմէ չի հաճոյանար։ Հիմա անոնց անօրէնութիւնը պիտի յիշէ Եւ անոնց մեղքերը պիտի պատժէ. Անոնք Եգիպտոս պիտի դառնան։
14. Քանզի Իսրայէլ իր Ստեղծողը մոռցաւ ու մեհեաններ շինեց։ Յուդա պարսպապատ քաղաքները շատցուց. Բայց ես անոր քաղաքներուն վրայ կրակ պիտի թափեմ, Որը անոր ամրոցները պիտի այրէ։
7. Ո՞ւր երթամ քու Հոգիէդ Եւ քու երեսէդ ո՞ւր փախչիմ։
8. Եթէ երկինք ելլեմ, դուն հոն ես. Եթէ դժոխքը անկողինս ընեմ, ահա դուն հոն ես.
9. Եթէ արշալոյսին թեւերը առնեմ Եւ ծովուն վերջի ծայրերը բնակիմ,
10. Հո՛ն ալ քու ձեռքդ ինծի պիտի առաջնորդէ Ու քու աջ ձեռքդ զիս պիտի բռնէ։
11. Եթէ ըսեմ. «Իրաւցընէ խաւարը զիս պիտի ծածկէ, Այն ատեն գիշերն ալ լոյս կ’ըլլայ իմ բոլորտիքս»։
12. Մութն ալ քեզի խաւար չէ, Հապա գիշերը ցորեկի պէս լուսաւոր կ’ըլլայ։ Խաւարը եւ լոյսը միեւնոյն բանն են քու առջեւդ ։
20. Իր խօսքերուն մէջ արտորացող մարդ մը տեսա՞ր. Աւելի յոյս կայ յիմարէն, քան թէ՝ անկէ։
1. Երէցէն՝ ընտրեալ տիկնոջը ու անոր որդիներուն, որոնք ես ճշմարտութեամբ կը սիրեմ, (եւ ո՛չ միայն ես, հապա ամէնքն ալ՝ որոնք ճշմարտութիւնը կը ճանչնան,)
2. Այն ճշմարտութեանը համար՝ որ մեր մէջ կը մնայ ու յաւիտեան մեզի հետ պիտի ըլլայ.
3. Շնորհք, ողորմութիւն, խաղաղութիւն Հայր Աստուծմէն եւ Տէր Յիսուս Քրիստոսէն, Հօրը Որդիէն, ձեզի հետ ըլլայ ճշմարտութիւնով ու սիրով։
4. Շատ ուրախ եղայ ես, գտնելով որ քու որդիներէդ ոմանք ճշմարտութեամբ կը քալեն այն պատուիրանքին համեմատ՝ որ Հօրմէն առինք։
5. Հիմա քեզի կ’աղաչեմ, ո՛վ տիկին, նոր պատուիրանք մը չեմ գրեր քեզի, հապա զայն որ սկիզբէն ունէինք, որ մէկզմէկ սիրենք։
6. Սէրը այս է, որ անոր պատուիրանքներուն համեմատ քալենք ու պատուիրանքը այս է, որ ինչպէս սկիզբէն ի վեր լսեցիք, անոր համեմատ քալէք։
7. Վասն զի շատ մոլորեցնողներ ելան աշխարհի մէջ, որոնք Յիսուս Քրիստոսը մարմնով եկած չեն ընդունիր։ Անոնք մոլորեցնող ու Նեռ են։
8. Զգուշութիւն ըրէք ձեր անձերուն, որ աշխատանքնիս չկորսնցնենք, հապա որպէս զի լման վարձք առնենք։
9. Ամէն ով որ յանցանք կը գործէ ու Քրիստոսին վարդապետութեանը մէջ չի կենար, անիկա Աստուած չունի։ Ան որ Քրիստոսին վարդապետութեանը մէջ կը կենայ, անիկա Հայրն ալ ունի, Որդին ալ։
10. Եթէ մէկը ձեզի գայ ու այս վարդապետութիւնը չբերէ, զանիկա տուներնիդ մի՛ ընդունիք եւ անոր բարեւ մի՛ տաք։
11. Քանզի ով որ բարեւ տայ, անոր չար գործերուն հաղորդակից կ’ըլլայ։
12. Շատ բան ունէի ձեզի գրելու, բայց չուզեցի թղթով ու մելանով գրել. վասն զի յոյս ունիմ որ ձեզի գամ ու դէմ առ դէմ խօսիմ, որպէս զի մեր ուրախութիւնը կատարեալ ըլլայ։
13. Բարեւ կ’ընեն քեզի քու ընտրեալ քրոջդ որդիները ։
Armenian Western Bible 1853
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ Bible Society in Lebanon, 1981