Աստվածաշունչը մեկ տարում
Դեկտեմբեր 9

1. Ժողովուրդներուն պէս մի՛ ցնծար եւ մի՛ ուրախանար, ո՛վ Իսրայէլ, Քանզի քու Աստուծմէդ հեռանալով պոռնկութիւն ըրիր։ Ամէն ցորենի կալի վրայ պոռնկութեան վարձքը սիրեցիր։
2. Կալն ու հնձանը զանոնք պիտի չկերակրեն Եւ քաղցուն հոն պիտի աւրուի։
3. Անոնք Տէրոջը երկրին մէջ պիտի չբնակին, Հապա Եփրեմը Եգիպտոս պիտի դառնայ։ Ասորեստանի մէջ պիղծ բաներ պիտի ուտեն։
4. Տէրոջը գինիի նուէր պիտի չմատուցանեն Եւ անոր ընդունելի պիտի չըլլան. Անոնց զոհերը սգաւորներու հացին պէս պիտի ըլլան իրենց, Զանիկա ուտողները պիտի պղծուին. Քանզի անոնց հացը իրենց անձերուն համար է, բայց Տէրոջը տունը պիտի չմտնէ։
5. Ի՞նչ պիտի ընէք տօնին օրը Ու Տէրոջը տօնախմբութեան օրը։
6. Քանզի ահա կործանումէն փախչելով կ’երթան։ Եգիպտոս զանոնք պիտի հաւաքէ, Մեմփիս զանոնք պիտի թաղէ։ Եղիճը պիտի ժառանգէ անոնց արծաթը, Անոնց վրաններուն մէջ փուշեր պիտի բուսնին ։
7. Պատուհասի օրերը հասան, Հատուցման օրերը հասան, Իսրայէլ պիտի գիտնայ։ Քու անօրէնութեանդ շատութեանը Եւ քու մեծ հակառակութեանդ համար, Մարգարէն՝ անմիտ ու հոգեւոր մարդը խենդ եղաւ։
8. Եփրեմ՝ իմ Աստուծոյս ժողովուրդին դէտն է, Սակայն անոր բոլոր ճամբաներուն գայթակղութիւն կը լարէ Ու իր Աստուծոյն տանը հակառակութեան պատճառ կ’ըլլայ։
9. Գաբաայի օրերուն պէս խիստ շատ ապականեցան։ Անոնց անօրէնութիւնը պիտի յիշէ։ Անոնց մեղքը պիտի պատժէ։
10. Իսրայէլը անապատի մէջ եղող խաղողի պէս գտայ Եւ ձեր հայրերը թզենիին կանխահաս պտուղին պէս տեսայ, Սակայն անոնք Բելփեգովր մտան Ու իրենց անձը ամօթալից գործերու նուիրեցին Եւ իրենց սիրած բանին պէս իրենք ալ զզուելի եղան։
11. Եփրեմին փառքը՝ Ծնունդէն եւ արգանդէն ու յղութենէն առաջ՝ Թռչունի պէս պիտի թռչի։
12. Թէեւ իրենց տղաքները մեծցնեն, Զանոնք պիտի յափշտակեմ մինչեւ որ մէկը չմնայ։ Վա՜յ անոնց, երբ անոնցմէ քաշուիմ։
13. Եփրեմն ալ, ինչպէս տեսայ, զուարճալի տեղ մը տնկուած էր, Բայց Եփրեմ իր տղաքները ջարդուելու կը պատրաստէ։
14. Տո՛ւր անոնց, ո՛վ Տէր, ինչ որ պիտի տաս։ Անոնց վիժող արգանդ ու չոր ստինքներ տուր։
15. Անոնց բոլոր չարութիւնը Գաղգաղայի մէջ է, Քանզի հոն անոնցմէ զզուեցայ։ Անոնց չար գործերուն պատճառով Զանոնք իմ տունէս պիտի վռնտեմ, Զանոնք անգամ մըն ալ պիտի չսիրեմ։ Անոնց բոլոր իշխանները ապստամբ նետեր են։
16. Եփրեմ զարնուեցաւ, Անոնց արմատը չորցաւ, պտուղ պիտի չտան։ Եթէ անոնք ծնանին ալ, Անոնց արգանդին ցանկալի պտուղներն ալ պիտի մեռցնեմ։
17. Իմ Աստուածս զանոնք պիտի մերժէ, Քանի որ իրեն մտիկ չըրին. Ուստի ազգերու մէջ թափառական պիտի ըլլան։
1. Իսրայէլ լայնատարած որթատունկ մըն է, Իրեն համար պտուղ կը բերէ։ Իր պտուղին շատութեանը չափ սեղաններ շատցուց, Իր երկրին գեղեցկութեանը պէս գեղեցիկ կուռքեր շինեց։
2. Անոնց սիրտը փոփոխական է, հիմա յանցաւոր պիտի երեւին։ Տէրը անոնց սեղանները պիտի փլցնէ, Անոնց կուռքերը պիտի կործանէ։
3. Վասն զի հիմա անոնք պիտի ըսեն. «Մենք թագաւոր չունինք, Քանզի Տէրոջմէն չվախցանք։ Թագաւորը մեզի ի՞նչ կրնայ ընել»։
4. Ուխտ ըրած ատեննին սուտ երդում ընելով խօսեցան։ Պատուհասը արտին ակօսներուն մէջ թունաւոր խոտերու պէս պիտի բուսնի։
5. Սամարիայի բնակիչները Բեթաւանի հորթերուն պատճառով պիտի վախնան, Քանզի անոր վրայ անոր ժողովուրդը սուգ պիտի ընէ Ու անոր քուրմերը անոր փառքին համար պիտի դողան, Քանզի անիկա գերութեան տարուեցաւ։
6. Անիկա ալ Ասորեստան պիտի տարուի՝ Յարէբ թագաւորին պարգեւ ըլլալու համար։ Եփրեմ ամօթ պիտի զգայ Ու Իսրայէլ իր խորհուրդէն պիտի ամչնայ։
7. Սամարիայի թագաւորը՝ ՝ բնաջինջ պիտի ըլլայ Ջուրի երեսին վրայ եղող փրփուրի պէս։
8. Աւենի բարձր տեղերը եւ Իսրայէլի մեղքը աւերակ պիտի ըլլան։ Անոնց սեղաններուն վրայ փուշ ու տատասկ պիտի բուսնի։ Լեռներուն պիտի ըսեն՝ «Մեզ ծածկեցէ՛ք» Ու բլուրներուն՝ «Մեր վրայ ինկէ՛ք»։
9. Գաբաայի օրերէն ի վեր մեղք գործեցիր, ո՛վ Իսրայէլ. Հոն հաստատուեցան քուկիններդ ։ Միթէ Գաբաայի մէջ չարութեան որդիներուն դէմ եղած պատերազմը պիտի չհասնի՞։
10. Կամակոր ժողովուրդին դէմ պիտի ելլեմ զանոնք պատժելու համար Եւ ժողովուրդները անոնց դէմ պիտի հաւաքուին, Երբ իրենց կրկնակի անօրէնութիւններուն համար պատժուին։
11. Ու Եփրեմ երինջ մըն էր, որ կը սիրէր կամնել, Բայց ես անոր պարանոցին գեղեցկութեանը վրայ լուծ մը անցուցի։ Եփրեմը կառքի պիտի լծեմ, Յուդան պիտի հերկէ, Յակոբը անոր ետեւէն պիտի տափանէ։
12. Ձեզի արդարութիւնով ցանեցէ՛ք Ու ողորմութիւնով հնձեցէ՛ք։ Չմշակուած երկիրը հերկեցէ՛ք, Քանզի Տէրը փնտռելու ատենն է, Մինչեւ ինք գայ ու ձեր վրայ արդարութիւն տեղացնէ։
13. Ամբարշտութեամբ ցանեցիք ու անօրէնութիւն հնձեցիք, Ստութեան պտուղը կերաք, Քանզի դուք ձեր կուռքերուն եւ մարտիկներուն ապաւինեցաք,
14. Ուստի ձեր ժողովուրդներուն մէջ խռովութիւն պիտի ելլէ Եւ ձեր բոլոր բերդերը պիտի կործանուին, Ինչպէս Սաղման պատերազմին օրը Բեթարբէլը կործանեց, Ուր մայրը իր տղաքներուն վրայ գետինը զարնուեցաւ։
15. Բեթէլ ձեզի ասոր պէս պիտի ընէ, Ձեր չափազանց չարութեանը համար։ Փոթորիկի մէջ Իսրայէլի թագաւորը բոլորովին պիտի ջնջուի։
13. Վասն զի դուն ստեղծեցիր իմ երիկամունքներս Ու իմ մօրս որովայնին մէջ դո՛ւն զիս ծածկեցիր։
14. Կը գոհանամ քեզմէ, Որ ահաւոր ու զարմանալի կերպով ստեղծուեցայ։ Քու գործերդ զարմանալի են Ու իմ անձս աղէկ գիտէ։
15. Իմ գոյութիւնս չծածկուեցաւ քեզմէ, Երբ գաղտուկ տեղը շինուեցայ, Երկրի խորութիւններուն մէջ ճարտարութեամբ կազմուեցայ՝ ՝։
16. Քու աչքերդ իմ անկատար կազմուածքս տեսան Ու անդամներուս բոլորը քու գրքիդ մէջ գրուած էին, Որոնք ժամանակին պիտի կազմուէին, Երբ դեռ անոնցմէ մէկը չկար։
21. Եթէ մէկը իր ծառան տղայութենէն փափկութեամբ մեծցնէ, Վերջապէս անիկա իր տղան կ’ըլլայ։
1. Երէցէն Գայիոս սիրելիին, որ ես կը սիրեմ ճշմարտութեամբ։
2. Սիրելիս, աղօթք կ’ընեմ որ ամէն կողմէ յաջողիս ու առողջ ըլլաս, ինչպէս քու հոգիդ ալ յաջողութեան մէջ է։
3. Վասն զի շատ ուրախացայ, երբ քանի մը եղբայրներ եկան ու քու ճշմարտութեանդ մասին վկայեցին, թէ դուն ճշմարտութեամբ կը քալես։
4. Ասկէ աւելի մեծ ուրախութիւն չունիմ, երբ կը լսեմ թէ իմ որդիներս ճշմարտութեան մէջ կը քալեն։
5. Սիրե՛լիս դուն հաւատարմաբար կ’ընես, ինչ որ կ’ընես եղբայրներուն եւ օտարներուն,
6. Որոնք եկեղեցիին առջեւ վկայեցին քու սիրոյդ վրայով։ Եթէ աստուածահաճոյ կերպով զանոնք ճամբայ դնես, աղէկ կ’ընես։
7. Վասն զի Աստուծոյ անուանը համար ճամբայ ելան ու հեթանոսներէն բան մը չեն առներ։
8. Ուստի մենք պարտաւոր ենք այնպիսիները ընդունիլ, որպէս զի ճշմարտութեանը գործակից ըլլանք։
9. Եկեղեցիին գրեցի. բայց Դիոտրեփէսը, որ անոնց մէջ առաջին ըլլալ կ’ուզէ, մեզ չընդունիր։
10. Ասոր համար եթէ գամ, անոր ըրած գործերը պիտի յիշեմ, որ մեզի դէմ շաղակրատելով չարախօսութիւն կ’ընէ։ Ասով ալ գոհ չըլլալէ զատ ո՛չ միայն ինք չընդունիր եղբայրները, այլ անոնք որ կ’ուզեն ընդունիլ ՝ կ’արգիլէ ու եկեղեցիէն ալ կը հանէ։
11. Սի՛րելիս, չարին նմանող մի՛ ըլլար, հապա՝ բարիին։ Ան որ բարիք կը գործէ, Աստուծմէ է. բայց ան որ չարիք կը գործէ, անիկա Աստուած տեսած չէ։
12. Դեմետրիոսին համար ամէնքն ալ լաւ կը վկայեն, բուն իսկ ճշմարտութիւնն ալ։ Մենք ալ կը վկայենք եւ դուք գիտէք թէ մեր վկայութիւնը ճշմարիտ է։
13. Շատ բան ունէի գրելու, բայց չեմ ուզեր մելանով ու գրչով քեզի գրել։
14. Սակայն մօտերս քեզ տեսնելու յոյսը ունիմ ու դէմ առ դէմ խօսելու։
Armenian Western Bible 1853
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ Bible Society in Lebanon, 1981