Աստվածաշունչը մեկ տարում
Փետրվար 1

1. Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով.
2. «Սրբէ՛ ինծի ամէն անդրանիկ, Իսրայէլի որդիներուն մէջ ամէն արգանդ բացողը, մարդ կամ անասուն։ Ան իմս է»։
3. Մովսէս ըսաւ ժողովուրդին. «Յիշեցէ՛ք այն օրը, երբ Եգիպտոսէն՝ ծառայութեան տունէն՝ ելաք, վասն զի Տէրը զօրաւոր ձեռքով ձեզ անկէ հանեց։ Խմորեալ հաց պիտի չուտէք։
4. Դուք այսօր ելաք, Ապիպ ամսուան մէջ։
5. Երբ Տէրը տանելու ըլլայ քեզ Քանանացիներու ու Քետացիներու եւ Ամօրհացիներու ու Խեւացիներու եւ Յեբուսացիներու երկիրը, որոնք քեզի տալու համար քու հայրերուդ երդում ըրաւ՝ այն երկիրը ուր կաթ ու մեղր կը բղխի, այս ամսուան մէջ պիտի կատարես այս պաշտօնը։
6. Եօթը օր բաղարջ պիտի ուտես եւ եօթներորդ օրը տօն պիտի ըլլայ Տէրոջը։
7. Այն եօթը օրերուն մէջ բաղարջ պիտի ուտուի ու քովդ խմորեալ հաց պիտի չտեսնուի, ո՛չ ալ քու քովդ խմոր պիտի տեսնուի քու բոլոր սահմաններուդ մէջ։
8. Այն օրը քու որդիիդ պիտի պատմես՝ ‘Այս անոր համար է, որ Տէրը ըսաւ ինծի, երբ ես Եգիպտոսէն ելայ։
9. Ասիկա քեզի նշանի համար պիտի ըլլայ ձեռքիդ վրայ ու քու աչքերուդ մէջտեղ յիշատակի համար, որպէս զի Տէրոջը օրէնքը քու բերնիդ մէջ ըլլայ. վասն զի Տէրը զօրաւոր ձեռքով քեզ հանեց Եգիպտոսէն։
10. Ուստի դուն այս կանոնը տարիէ տարի իր ատենին պիտի պահես’։
11. Երբ Տէրը քեզ Քանանացիներու երկիրը տանի, ինչպէս քեզի ու քու հայրերուդ երդում ըրաւ, որ զանիկա քեզի տայ,
12. Այն ամէնը որ արգանդ կը բանայ, Տէրոջը համար պիտի զատես եւ քու ունեցած անասունիդ ամէն անդրանիկ արուները Տէրոջը պիտի ըլլան։
13. Եւ իշուն ամէն անդրանիկը ոչխարով մը փրկես եւ եթէ չփրկես, անոր վիզը կտրես։ Քու որդիներուդ մէջ մարդոց ամէն անդրանիկին փրկագին պիտի տաս։
14. Երբ քու որդիդ օր մը՝ ՝ քեզի հարցնէ՝ ‘Ի՞նչ է այս’, անոր պիտի ըսես թէ ‘Տէրը մեզ Եգիպտոսէն՝ ծառայութեան տունէն՝ զօրաւոր ձեռքով հանեց։
15. Երբ Փարաւոն ժողովուրդը արձակել չուզեց, Տէրը Եգիպտոսի երկրին մէջ ամէն անդրանիկ, մարդու կամ անասունի, մեռցուց, անոր համար եւ ամէն արգանդ բացող արուն Տէրոջը զոհ կ’ընեմ ու իմ որդիներուս ամէն անդրանիկի փրկագին կու տամ’։
16. Ասիկա քու ձեռքիդ վրայ նշանի համար ու աչքերուդ մէջտեղ ճակատնոցի համար ըլլայ, վասն զի Տէրը մեզ Եգիպտոսէն զօրաւոր ձեռքով հանեց»։
17. Երբ Փարաւոն ժողովուրդը արձակեց, Աստուած զանոնք Փղշտացիներուն երկրին ճամբայէն չտարաւ, թէեւ այն ճամբան մօտ էր, քանզի Աստուած ըսաւ. «Չըլլայ թէ ժողովուրդը զղջայ, երբ պատերազմը տեսնէ ու Եգիպտոս դառնայ»։
18. Հապա Աստուած ժողովուրդը Կարմիր ծովուն անապատին ճամբայէն պտտցուց ու Իսրայէլի որդիները գունդ գունդ Եգիպտոսի երկրէն ելան։
19. Մովսէս Յովսէփին ոսկորները իրեն հետ առաւ. վասն զի անիկա Իսրայէլի որդիներուն հաստատ երդում ընել տուած էր՝ ըսելով. «Անշուշտ Աստուած ձեզի այցելութիւն պիտի ընէ, այն ատեն իմ ոսկորներս ասկէ ձեզի հետ հանեցէք»։
20. Սոկքովթէն չուեցին ու Ոթոմի մէջ անապատին ծայրը իջեւան ըրին։
21. Տէրը անոնց առջեւէն կ’երթար ցորեկը ամպի սիւնով՝ անոնց ճամբայ ցուցնելու համար ու գիշերը կրակի սիւնով՝ անոնց լոյս տալու համար, որպէս զի ցորեկ ու գիշեր երթան։
22. Ցորեկը ամպի սիւնը ու գիշերը կրակի սիւնը ժողովուրդին առջեւէն չպակսեցուց։
1. Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով.
2. «Ըսէ՛ Իսրայէլի որդիներուն, որ դառնան ու Փիաիրօթէ առջեւ, Մագդողին ու ծովուն մէջտեղ բանակ դնեն, Բէեղսեփոնին առջեւ՝ անոր դէմ ծովուն քով բանակ դրէք։
3. Փարաւոն Իսրայէլի որդիներուն համար պիտի ըսէ թէ ‘Երկրին մէջ մոլորած են, անապատը անոնց բոլորտիքը պատեց’։
4. Փարաւոնին սիրտը պիտի կարծրացնեմ ու ձեր ետեւէն պիտի իյնայ ու ես փարաւոնին վրայ եւ անոր բոլոր զօրքերուն վրայ պիտի փառաւորուիմ, Եգիպտացիները պիտի գիտնան թէ՝ ես եմ Տէրը»։ Անոնք այնպէս ըրին։
5. Եգիպտոսի թագաւորին պատմուեցաւ թէ՝ ժողովուրդը փախաւ։ Եւ Փարաւոնին ու անոր ծառաներուն սիրտը ժողովուրդին դէմ դարձաւ ու ըսին. «Մենք ինչո՞ւ ըրինք այս բանը ու թողուցինք որ Իսրայէլը ծառայութենէն հեռանայ»։
6. Փարաւոն իր կառքը պատրաստեց, ժողովուրդը իրեն հետ առաւ։
7. Վեց հարիւր ընտիր կառքեր ու Եգիպտոսի բոլոր կառքերը եւ անոնց ամէն մէկուն մէջ ոստիկաններ առաւ։
8. Տէրը Եգիպտոսի Փարաւոն թագաւորին սիրտը կարծրացուց ու անիկա Իսրայէլի որդիներուն ետեւէն ինկաւ։ Իսրայէլի որդիները ձեռքերնին բարձրացնելով ելան։
9. Եգիպտացիները անոնց ետեւէն ինկան։ Փարաւոնին բոլոր ձիերն ու կառքերը եւ անոր ձիաւորներն ու զօրքերը եւ հասան անոնց՝ երբ բանակած էին ծովուն մօտ՝ Փիաիրօթի քով, Բէեղսեփոնի առջեւ։
10. Երբ Փարաւոն մօտեցաւ, Իսրայէլի որդիները իրենց աչքերը վերցուցին եւ տեսան Եգիպտացիները, որոնք իրենց ետեւէն կու գային։ Խիստ վախցան եւ Իսրայէլի որդիները աղաղակեցին Տէրոջը
11. Եւ ըսին Մովսէսին. «Եգիպտոսի մէջ գերեզմաններ չըլլալո՞ւն համար մեզ անապատին մէջ մեռնելու բերիր. ի՞նչ է այս մեզի ըրածդ, որ մեզ Եգիպտոսէն հանեցիր։
12. Այս չէ՞ր այն խօսքը, որ քեզի ըսինք Եգիպտոսի մէջ՝ ‘Թող տուր մեզի, որ Եգիպտացիներու ծառայութիւն ընենք. քանզի աւելի աղէկ է մեզի հոս ծառայութիւն ընել, քան թէ անապատին մէջ մեռնիլ’»։
13. Եւ Մովսէս ըսաւ ժողովուրդին. «Մի՛ վախնաք, սպասեցէ՛ք ու տեսէք Տէրոջը փրկութիւնը, որ այսօր պիտի ընէ ձեզի. վասն զի այսօրուան ձեր տեսած Եգիպտացիները յաւիտեան պիտի չտեսնէք։
14. Տէրը ձեզի համար պիտի պատերազմի։ Դուք լո՛ւռ կեցէք»։
15. Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Ինչո՞ւ ինծի կ’աղաղակես. ըսէ՛ Իսրայէլի որդիներուն, որ չուեն
16. Եւ դուն գաւազանդ վերցուր ու ձեռքդ ծովուն վրայ երկնցուր ու ճեղքէ զայն որպէս զի Իսրայէլի որդիները ծովուն մէջէն ցամաքով երթան։
17. Ես ահա Եգիպտացիներուն սիրտը պիտի կարծրացնեմ ու ձեր ետեւէն պիտի գան։ Ես Փարաւոնին ու անոր բոլոր զօրքերուն վրայ, անոր կառքերուն ու անոր ձիաւորներուն վրայ պիտի փառաւորուիմ։
18. Երբ ես Փարաւոնին ու անոր կառքերուն եւ անոր ձիաւորներուն վրայ փառաւորուիմ, Եգիպտացիները պիտի գիտնան թէ ես եմ Տէրը»։
19. Աստուծոյ հրեշտակը, որ Իսրայէլի բանակին առջեւէն կ’երթար, անցաւ անոնց ետեւը։ Ամպի սիւնն ալ անոնց առջեւէն անցաւ ու անոնց ետին կայնեցաւ։
20. Եգիպտացիներու բանակին ու Իսրայէլի բանակին մէջտեղ եկաւ ու Եգիպտացիներու ամպ ու խաւար եղաւ, բայց գիշերը Իսրայելացիներուն լոյս կու տար։ Բոլոր գիշերը իրարու չմօտեցան։
21. Մովսէս իր ձեռքը ծովուն վրայ երկնցուց ու Տէրը արեւելեան սաստիկ հովով ետ դարձուց ծովը եւ բոլոր գիշերը ջուրերը ճեղքուեցան, ծովը ցամքեցաւ
22. Եւ Իսրայէլի որդիները ծովուն մէջէն ցամաքով անցան։ Ջուրերը անոնց աջ կողմէն ու ձախ կողմէն պարիսպ եղան։
23. Եգիպտացիները անոնց ետեւէն ինկան ու Փարաւոնին բոլոր ձիերը, կառքերն ու ձիաւորները անոնց ետեւէն ծովուն մէջը գացին։
24. Առտուն Տէրը Եգիպտացիներուն բանակին նայեցաւ կրակի ու ամպի սիւնէն ու Եգիպտացիներուն բանակը խռովութեան մէջ ձգեց։
25. Անոնց կառքերուն անիւները հանեց, որոնք դժուարութեամբ առաջ կ’երթային. այնպէս որ Եգիպտացիները ըսին. «Փախչինք Իսրայէլի երեսէն, վասն զի ահա Եհովա անոնց համար մեզի հետ կը պատերազմի»։
26. Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Ձեռքդ ծովուն վրայ երկնցուր, որպէս զի ջուրերը Եգիպտացիներուն, անոնց կառքերուն ու անոնց ձիաւորներուն վրայ դառնան»։
27. Մովսէս իր ձեռքը ծովուն վրայ երկնցուց եւ առտուան դէմ ծովը իր տեղը դարձաւ ու Եգիպտացիները անոր առջեւէն փախան։ Տէրը խռովեցուց Եգիպտացիները ծովուն մէջ։
28. Եւ ջուրերը ծածկեցին Փարաւոնին կառքերն ու ձիաւորները եւ բոլոր զօրքերը՝ որոնք անոնց ետեւէն ծովուն մէջ մտած էին։ Անոնցմէ մէկն ալ ողջ չմնաց։
29. Իսրայէլի որդիները ծովուն մէջէն ցամաքով կ’երթային եւ ջուրերը անոնց աջ կողմէն ու ձախ կողմէն պարիսպ էին։
30. Տէրը այն օրը Եգիպտացիներուն ձեռքէն ազատեց Իսրայէլը։ Իսրայէլ մեռած տեսաւ Եգիպտացիները ծովուն եզերքը։
31. Իսրայէլ տեսաւ այն մեծ գործը, որ Տէրը ըրաւ Եգիպտացիներուն վրայ։ Ժողովուրդը վախցաւ Տէրոջմէն ու հաւատաց Տէրոջը եւ անոր ծառային Մովսէսին։
13. Տէրը երկնքին մէջ որոտաց Եւ Բարձրեալը իր ձայնը լսել տուաւ Կարկուտով ու կրակի կայծակներով։
14. Իր նետերը ղրկեց ու զանոնք ցրուեց Եւ շատ կայծակներ ղրկեց ու զանոնք խռովեցուց։
15. Քու յանդիմանութիւնովդ, ո՛վ Տէր, Քու բարկութեանդ հովին փչելովը Ջուրերուն յատակները երեւցան Ու աշխարհի հիմերը յայտնուեցան։
16. Բարձրէն ղրկեց ու զիս բռնեց Եւ շատ ջուրերէն զիս հանեց։
17. Իմ զօրեղ թշնամիէս ու զիս ատողներէն ազատեց զիս. Թէեւ ինծմէ զօրաւոր էին։
18. Իմ նեղութեանս օրը իմ առջեւս առին, Բայց Տէրը ինծի հաստատութեան գաւազան եղաւ
19. Եւ զիս լայնարձակ տեղ մը հանեց Ու զիս ազատեց, վասն զի ինծի հաւնեցաւ։
6. Ո՛վ ծոյլ, մրջիւնին գնա, Անոր ճամբաները տես ու իմաստուն եղիր։
7. Վասն զի անիկա թէեւ իշխան, Ոստիկան կամ տիրող չունի,
8. Բայց իր կերակուրը ամառուընէ կը պատրաստէ, Իր ուտելիքը հունձքի ատեն կը հաւաքէ։
9. Ո՛վ ծոյլ, մինչեւ ե՞րբ պիտի պառկիս, Քունէդ ե՞րբ պիտի արթննաս։
10. Եթէ քիչ մը քնանաս, քիչ մը նիրհես Ու քիչ մը ձեռք ձեռքի վրայ դնես հանգչելու համար,
11. Այն ատեն քու աղքատութիւնդ ճամբորդի մը պէս պիտի գայ Ու կարօտութիւնդ սպառազինեալ մարդու պէս։
1. Երբ Երուսաղէմի մօտեցան ու եկան Բեթփագէ՝ դէպի Ձիթենեաց լեռը՝ այն ատեն Յիսուս իր աշակերտներէն երկուքը ղրկեց
2. Եւ ըսաւ անոնց. «Գացէք այդ ձեր դիմացի գիւղը եւ հոն պիտի գտնէք կապուած էշ մը ու անոր հետ աւանակ մը. արձակեցէք զանոնք ու ինծի բերէք։
3. Եթէ մէկը ձեզի բան մը ըսէ, ըսէք թէ ‘Տէրոջը պէտք են’. եւ շուտ մը զանոնք պիտի ղրկէ»։
4. Այս ամէն բաները եղան, որպէս զի կատարուի մարգարէին խօսքը որ կ’ըսէ.
5. «Ըսէք Սիօնի աղջկան. ‘Ահա քու Թագաւորդ քեզի կու գայ, հեզ ու իշու վրայ հեծած եւ իշու ձագի, աւանակի, վրայ’։
6. Աշակերտները գացին եւ ինչպէս Յիսուս իրենց պատուիրեր էր՝ ըրին
7. Ու բերին էշն ու աւանակը, անոնց վրայ իրենց հանդերձները դրին ու նստաւ։
8. Ժողովուրդէն շատեր իրենց հանդերձները ճամբուն վրայ փռեցին եւ ուրիշներ ծառերէն ճիւղեր կը կտրէին ու ճամբուն վրայ կը տարածէին։
9. Ժողովուրդը առջեւէն ու ետեւէն կ’երթար, կ’աղաղակէին ու կ’ըսէին. «Ովսա՛ննա, Որդի Դաւթի։ Օրհնեալ է ան որ Տէրոջը անունովը կու գայ. Ովսա՛ննա ի բարձունս»։
10. Երբ անիկա Երուսաղէմ մտաւ բոլոր քաղաքը շարժեցաւ ու ըսաւ. «Ո՞վ է աս»։
11. Շատեր ըսին. «Ասիկա Յիսուս Մարգարէն է Գալիլիայի Նազարէթէն»։
12. Յիսուս Աստուծոյ տաճարը մտաւ ու դուրս հանեց ամէն անոնք, որ տաճարին մէջ կը ծախէին ու կը գնէին եւ ստակ փոխողներուն սեղաններն ու աղաւնի ծախողներուն աթոռները կործանեց.
13. Եւ ըսաւ անոնց. «Գրուած է թէ ‘Իմ տունս աղօթքի տուն պիտի կոչուի’. բայց դուք ատիկա աւազակներու այր ըրիք»։
14. Տաճարին մէջ կոյրեր ու կաղեր եկան իրեն եւ ինք բժշկեց զանոնք։
15. Երբ քահանայապետներն ու դպիրները տեսան անոր ըրած հրաշքները եւ տղաքը որոնք տաճարին մէջ կ’աղաղակէին ու կ’ըսէին. «Ովսա՛ննա, Որդի Դաւթի», բարկացան
16. Ու ըսին անոր. «Կը լսե՞ս ինչ կ’ըսեն ատոնք»։ Յիսուս ըսաւ անոնց. «Այո՛, բնաւ չէ՞ք կարդացեր, թէ ‘Մանկանց ու կաթնկեր տղայոց բերնէն գովութիւն կատարեցիր’»։
17. Եւ թողուց զանոնք՝ քաղաքէն դուրս Բեթանիա գնաց ու գիշերը հոն կեցաւ։
18. Առտուն, երբ ինք քաղաքը կը դառնար, անօթեցաւ։
19. Ճամբուն վրայ թզենի մը տեսնելով քովը գնաց։ Անոր վրայ տերեւներէն զատ բան մը չգտաւ. ու ըսաւ անոր. «Ասկէ յետոյ պտուղ պիտի չտաս յաւիտեան»։ Եւ իսկոյն թզենին չորցաւ։
20. Աշակերտները երբ տեսան, զարմացան ու ըսին. «Թզենին ի՞նչպէս շուտ մը չորցաւ»։
21. Յիսուս պատասխան տուաւ ու ըսաւ անոնց. «Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի. ‘եթէ հաւատք ունենաք ու չերկմտիք, ոչ միայն այդ թզենիին եղածը պիտի ընէք, հապա նաեւ եթէ այս լերանը ըսէք ‘Ելի՛ր ու ծովը ինկիր’, պիտի իյնայ։
22. Ամէն ինչ որ աղօթքի մէջ հաւատքով կը խնդրէք, պիտի առնէք»։
Armenian Western Bible 1853
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ Bible Society in Lebanon, 1981