3. Աստուծոյ Հոգիովը՝ իմաստութիւնով ու հանճարով եւ գիտութիւնով ու ամէն կերպ ճարտարութիւնով լեցուցի զանիկա,
4. Որպէս զի արուեստական գործեր հնարելով՝ ոսկիով ու արծաթով եւ պղնձով գործէ։
5. Գամելու համար քարեր կտրելով ու փայտեր քանդակելով եւ ամէն տեսակ գեղարուեստական գործ։
6. Դանի ցեղէն Աքիսամայի որդին Ոողիաբը տուի անոր հետ։ Ամէն իմաստունի սրտին մէջ իմաստութիւն դրի, որպէս զի բոլոր քեզի պատուիրածներս պատրաստես։
7. Վկայութեան խորանը եւ վկայութեան տապանակը ու անոր վրայ եղած քաւութիւնը եւ խորանին բոլոր կարասիները
8. Եւ սեղանը ու անոր անօթները եւ մաքուր աշտանակը իր բոլոր գործիքներով եւ խունկին սեղանը
9. Եւ ողջակէզին սեղանը իր բոլոր գործիքներովը եւ աւազանը ու անոր խարիսխը
10. Եւ պաշտամունքին զգեստները ու Ահարոն քահանային սուրբ զգեստները եւ անոր որդիներուն զգեստները, քահանայութիւն ընելու համար
11. Եւ օծման իւղը ու սրբարանին համար անուշահոտ խունկը բոլոր քեզի պատուիրածիս պէս»։
12. Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին ու ըսաւ.
13. «Ըսէ՛ Իսրայէլի որդիներուն. Անշուշտ իմ շաբաթներս պիտի պահէք. վասն զի այս նշան մըն է իմ ու ձեր մէջտեղ եւ ձեր ազգերուն մէջ, որպէս զի գիտնաք թէ ձեզ սուրբ ընող Տէրը ես եմ։
14. Ուստի շաբաթը պահեցէք. վասն զի այն ձեզի սուրբ է. ով որ զանիկա պղծէ, անշուշտ պիտի մեռնի. քանզի ամէն ով որ այն օրը գործ մը գործէ, այն անձը իր ժողովուրդին մէջէն պիտի կորսուի։
15. Վեց օր գործ պիտի գործուի, բայց եօթներորդ օրը, հանգստութեան շաբաթը, սուրբ պիտի ըլլայ Տէրոջը։ Ով որ շաբաթ օրը գործ մը գործէ, անշուշտ պիտի մեռցուի։
16. Անոր համար Իսրայէլի որդիները պիտի պահեն շաբաթը, որպէս զի շաբաթը իրենց ազգերուն մէջ յաւիտենական ուխտ մը ընեն։
17. Անիկա յաւիտենական նշան մըն է իմ ու Իսրայէլի որդիներուն մէջտեղ. քանզի Տէրը վեց օրուան մէջ ստեղծեց երկինքը ու երկիրը եւ եօթներորդ օրը դադարեցաւ ու հանգստացաւ»։
18. Երբ Սինա լերանը վրայ Մովսէսին հետ խօսիլը լմնցուց, վկայութեան երկու տախտակները տուաւ անոր, Աստուծոյ մատովը գրուած քարէ տախտակներ։
1. Երբ ժողովուրդը տեսաւ, որ Մովսէս ուշացաւ լեռնէն իջնելու, Ահարոնին քով հաւաքուեցան ու ըսին. «Ելի՛ր, մեզի աստուածներ շինէ, որպէս զի մեր առջեւէն երթան. քանզի Մովսէսը, մեզ Եգիպտոսի երկրէն հանող մարդը, չենք գիտեր թէ ի՞նչ եղաւ»։
2. Ահարոն ըսաւ անոնց. «Ձեր կիներուն, ձեր տղաքներուն եւ ձեր աղջիկներուն ականջները եղած ոսկի օղերը հանեցէ՛ք ու ինծի բերէ՛ք»։
3. Բոլոր ժողովուրդը իրենց ականջները եղած օղերը հանեցին եւ Ահարոնին բերին։
4. Անիկա առաւ անոնց ձեռքէն ու տիպով մը քանդակեց եւ ձուլածոյ հորթ մը շինեց։ Ըսին. «Ո՛վ Իսրայէլ, ասոնք են քու աստուածներդ, որոնք քեզ Եգիպտոսի երկրէն հանեցին»։
5. Եւ երբ Ահարոն տեսաւ ասիկա, անոր առջեւ սեղան մը շինեց։ Ահարոն յայտարարեց. «Վաղը տօն է Տէրոջը»։
6. Հետեւեալ առաւօտ կանուխ ելան ու ողջակէզներ մատուցանեցին եւ խաղաղութեան զոհեր բերին եւ ժողովուրդը ուտելու ու խմելու նստան ու խաղալու ելան։
7. Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Գնա՛, իջի՛ր. վասն զի ապականեցաւ քու ժողովուրդդ, որ Եգիպտոսի երկրէն հանեցիր.
8. Անոնք շուտով խոտորեցան այն ճամբայէն, որ իրենց պատուիրեցի։ Իրենց ձուլածոյ հորթ շինեցին եւ անոր երկրպագութիւն ըրին։ Անոր զոհեր մատուցանեցին ու ըսին. ‘Ո՛վ Իսրայէլ, ասոնք են քու աստուածներդ, որոնք քեզ Եգիպտոսի երկրէն հանեցին’»։
9. Եւ Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Ես տեսայ այս ժողովուրդը եւ ահա այս խստապարանոց ժողովուրդ մըն է,
10. Ուստի հիմա զիս առանձին թողո՛ւր, որպէս զի իմ բարկութիւնս անոնց վրայ բորբոքի ու փճացնեմ զանոնք։ Բայց քեզ մեծ ազգ մը ընեմ»։
11. Իսկ Մովսէս իր Տէր Աստուծոյն առջեւ աղաչեց ու ըսաւ. «Ո՛վ Տէր, ինչո՞ւ քու բարկութիւնդ բորբոքի քու ժողովուրդիդ վրայ, որ Եգիպտոսի երկրէն հանեցիր մեծ զօրութիւնով ու զօրաւոր ձեռքով։
12. Ինչո՞ւ համար Եգիպտացիք խօսին ու ըսեն թէ՝ ‘Չարութեան համար հանեց զանոնք, որպէս զի լեռներուն մէջ մեռցնէ ու զանոնք երկրի երեսէն փճացնէ’։ Դարձի՛ր քու սաստիկ բարկութենէդ ու դադարէ այս չարիքը քու ժողովուրդիդ վրայ բերելէ ։
13. Յիշէ՛ քու ծառաներդ՝ Աբրահամը, Իսահակը ու Իսրայէլը, որոնց դուն քու անձովդ երդում ըրիր ու ըսիր անոնց. ‘Ձեր սերունդը երկնքի աստղերուն պէս պիտի շատցնեմ եւ բոլոր այս երկիրը՝ որուն վրայով խօսեցայ, ձեր սերունդին պիտի տամ ու զայն պիտի ժառանգեն յաւիտեան’»։
14. Տէրը զղջաց այն չարիքին համար, որ ըսեր էր թէ իր ժողովուրդին պիտի ընէ։
15. Մովսէս դարձաւ ու լեռնէն իջաւ։ Վկայութեան երկու տախտակները իր ձեռքն էին։ Տախտակներուն երկու կողմերը գրուած էին։ Թէ՛ մէկ կողմէն եւ թէ՛ միւս կողմէն գրուած էին։
16. Տախտակները Աստուծոյ գործն էին։ Տախտակներու վրայ Աստուած գրած էր։
17. Երբ Յեսու պոռացող ժողովուրդին ձայնը լսեց, ըսաւ Մովսէսին. «Բանակին մէջ պատերազմի ձայն կայ»։
18. Եւ անիկա ըսաւ. «Անիկա յաղթողներու ձայն չէ, ո՛չ ալ յաղթուածներու աղաղակի ձայն է. հապա խաղի ձայն կը լսեմ ես»։
19. Մովսէս բանակին մօտենալով՝ հորթն ու պար բռնողները տեսածին պէս՝ բարկութիւնը բորբոքեցաւ եւ տախտակները իր ձեռքէն նետեց ու լերանը վարի դին կոտրտեց զանոնք։
20. Անոնց շինած հորթը առաւ ու կրակով այրեց ու մանր փոշի ըրաւ եւ ջուրին վրայ ցանեց ու Իսրայէլի որդիներուն խմցուց։
21. Մովսէս ըսաւ Ահարոնին. «Այս ժողովուրդը ի՞նչ ըրաւ քեզի, որ անոնց վրայ այսչափ մեծ մեղք մը բերիր»։
22. Ահարոն ըսաւ. «Թող իմ տիրոջս բարկութիւնը չբորբոքի. դուն կը ճանչնաս այս ժողովուրդը, որ չարին հակամէտ են։
23. Ինծի ըսին՝ ‘Մեզի աստուածներ շինէ՛, որպէս զի մեր առջեւէն երթան, վասն զի Մովսէսը, մեզ Եգիպտոսի երկրէն հանող մարդը, չենք գիտեր թէ ի՞նչ եղաւ’։
24. Ես ըսի անոնց. ‘Ով որ ոսկի ունի՝ թող հանէ’։ Բերին ինծի ու ես կրակը ձգեցի զայն եւ այս հորթը ելաւ»։
25. Երբ Մովսէս ժողովուրդին անառակութիւնը տեսաւ, (քանզի Ահարոն թող տուեր էր զանոնք անառակութիւն ընելու՝ ՝ իրենց թշնամիներուն մէջ խայտառակ ըլլալու չափ,)
26. Այն ատեն Մովսէս բանակին դուռը կայնեցաւ ու ըսաւ. «Ով որ Տէրոջը կողմէն է, թող ինծի գայ »։ Ղեւիի բոլոր որդիները անոր քով հաւաքուեցան
27. Եւ ըսաւ անոնց. «Իսրայէլի Տէր Աստուածը այսպէս կ’ըսէ. ‘Ամէն մարդ իր սուրը թող իր մէջքը դնէ ու բանակին մէջ դռնէ դուռ անցնին դառնան։ Ամէն մարդ իր եղբայրը, ամէն մարդ իր ընկերը եւ ամէն մարդ իր դրացին մեռցնէ’»։
28. Ղեւիին որդիները Մովսէսին խօսքին պէս ըրին։ Այն օրը ժողովուրդէն երեք հազար մարդու չափ ինկան։
29. Քանզի Մովսէս ըսեր էր. «Այսօր տնօրինուած է որ ձեզմէ ամէն մեկը իր որդին ու իր եղբայրը Տէրոջը նուիրէ, որպէս զի ձեր վրայ օրհնութիւն գայ այսօր»։
30. Հետեւեալ օրը Մովսէս ըսաւ ժողովուրդին. «Դուք մեծ մեղք գործեցիք ու հիմա Տէրոջը պիտի ելլեմ, թերեւս քաւութիւն մը ստանամ ձեր մեղքին համար»։
31. Եւ Մովսէս դարձաւ Տէրոջը ու ըսաւ. «Ո՜հ, այս ժողովուրդը մեծ մեղք մը գործեց, իրեն ոսկիէ աստուածներ շինելով,
32. Բայց հիմա եթէ անոնց մեղքերը պիտի ներես՝ ներէ, եթէ ոչ՝ կ’աղաչեմ, աւրէ՛ զիս քու գրած գրքէդ»։
33. Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Ով որ ինծի դէմ մեղանչեց, զանիկա իմ գրքէս պիտի աւրեմ։
34. Ուստի հիմա գնա՛, ժողովուրդը այն տեղը տար, որ քեզի ըսի։ Ահա իմ հրեշտակս քու առջեւէդ պիտի երթայ. բայց այցելութիւն ընելու օրս անոնց մեղքը իրենց վրայ պիտի բերեմ»։
35. Տէրը զարկաւ ժողովուրդը, Ահարոնին ձուլած հորթը շինելնուն համար։
1. Ո՛վ Տէր, քու զօրութիւնովդ թագաւորը ուրախ պիտի ըլլայ Ու քու փրկութիւնովդ ո՜րչափ շատ պիտի ցնծայ։
2. Անոր սրտին փափաքը իրեն տուիր Ու անոր շրթունքներուն խնդիրքը իրմէ չարգիլեցիր։ (Սէլա։)
7. Վասն զի թագաւորը Տէրոջը կը յուսայ Ու Բարձրելոյն ողորմութիւնովը պիտի չսասանի։
24. Հիմա, ո՛վ որդիներ, ինծի մտի՛կ ըրէք Ու իմ բերնիս խօսքերուն ականջ դրէք։
25. Քու սիրտդ դէպի անոր ճամբաները թող չխոտորի Եւ անոր շաւիղներուն մէջ թող չմոլորի։
26. Վասն զի անիկա շատերը խոցոտեց ու կործանեց Ու անոր բոլոր մեծցուցած մարդիկը զօրաւոր էին։
27. Անոր տունը դժոխքին ճամբան է, Ան մահուան շտեմարանները կ’իջնէ։
31. Երբ Որդին մարդոյ իր փառքովը գայ եւ բոլոր սուրբ հրեշտակները իրեն հետ, այն ատեն իր փառաց աթոռը պիտի նստի։
32. Անոր առջեւ պիտի ժողվուին բոլոր ազգերը ու զանոնք իրարմէ պիտի զատէ, ինչպէս հովիւ մը ոչխարները այծերէն կը զատէ։
33. Ոչխարները իր աջ կողմը պիտի կայնեցնէ ու այծերը՝ ձախ կողմը։
34. Այն ատեն թագաւորը իր աջ կողմը եղողներուն պիտի ըսէ. «Եկէք իմ Հօրս օրհնածները, աշխարհի սկիզբէն ձեզի համար պատրաստուած թագաւորութիւնը ժառանգեցէք.
35. Վասն զի անօթեցայ եւ ինծի ուտելիք տուիք. ծարաւեցայ ու ինծի խմցուցիք. օտարական էի, զիս ներս առիք.
36. Մերկ էի, զիս հագուեցուցիք. հիւանդ էի, ինծի տես եկաք. բանտի մէջ էի, ինծի եկաք»։
37. Այն ատեն արդարները անոր պատասխան պիտի տան ու ըսեն. «Տէ՜ր, ե՞րբ քեզ անօթեցած տեսանք ու կերակրեցինք, կամ ծարաւած՝ ու խմցուցինք.
38. Ե՞րբ քեզ օտարական տեսանք եւ ներս առինք, կամ մերկ՝ ու հագուեցուցինք.
39. Ե՞րբ քեզ հիւանդ կամ բանտի մէջ տեսանք ու քեզի եկանք»։
40. Թագաւորը պատասխան տալով պիտի ըսէ անոնց. «Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, քանի որ իմ այս եղբայրներէս ամենէն պզտիկներէն մէկուն ըրիք, ինծի ըրիք»։
41. Այն ատեն ձախ կողմը եղողներուն ալ պիտի ըսէ. «Մէկդի գացէք ինծմէ, անի՛ծեալներ, յաւիտենական կրակին մէջ՝ որ պատրաստուած է Սատանային ու իր հրեշտակներուն։
43. Օտարական էի, զիս ներս չառիք. մերկ էի, զիս չհագուեցուցիք. հիւանդ էի ու բանտի մէջ էի, ինծի տես չեկաք»։
44. Այն ատեն անոնք ալ պատասխան պիտի տան ու ըսեն. «Տէ՛ր, ե՞րբ տեսանք քեզ անօթեցած կամ ծարաւած կամ օտարական կամ մերկ կամ հիւանդ կամ բանտի մէջ ու քեզի սպասաւորութիւն չըրինք»։
45. Այն ատեն պատասխան պիտի տայ անոնց ու ըսէ. «Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի. որովհետեւ ինչ որ ասոնցմէ ամենէն պզտիկներէն մէկուն չըրիք, ինծի ալ չըրիք»։
46. Ասոնք պիտի երթան յաւիտենական տանջանքը, իսկ արդարները՝ յաւիտենական կեանքը։
Armenian Western Bible 1853
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ Bible Society in Lebanon, 1981