Աստվածաշունչը մեկ տարում Փետրվար 11Ելից 33:1-231. Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Ելի՛ր դուն ու ժողովուրդն ալ, որ Եգիպտոսի երկրէն հանեցիր ու գնա՛ այն երկիրը, որուն համար երդում ըրի Աբրահամին, Իսահակին ու Յակոբին՝ ըսելով. ‘Քու սերունդիդ պիտի տամ զայն’։2. Քու առջեւէդ հրեշտակ մը պիտի ղրկեմ ու Քանանացին, Ամօրհացին, Քետացին, Փերեզացին, Խեւացին ու Յեբուսացին պիտի վռնտեմ։3. Կաթ ու մեղր բղխող երկիրը պիտի ելլես. բայց ես ձեզի հետ՝ ՝ պիտի չելլեմ, քանզի դուն խստապարանոց ժողովուրդ մըն ես. չըլլայ որ քեզ ճամբուն մէջ բնաջինջ ընեմ»։4. Երբ ժողովուրդը այս չար խօսքը լսեց, սուգ ըրաւ եւ մէ՛կը իր զարդը իր վրայ չդրաւ.5. Վասն զի Տէրը ըսած էր Մովսէսին. «Ըսէ՛ Իսրայէլի որդիներուն. ‘Դուք խստապարանոց ժողովուրդ մըն էք. եթէ րոպէ մը ձեր մէջ ելլելու ըլլամ, ձեզ բնաջինջ պիտի ընեմ. ուստի հիմա ձեր վրայէն զարդերնիդ վերցուցէք, որպէս զի ձեզի ընելիքս գիտնամ’»։6. Իսրայէլի որդիները իրենց զարդերը հանեցին Քորեբ լերան քով։7. Մովսէս առաւ խորանը ու բանակին դուրսիդին՝ բանակէն հեռու կանգնեցուց զայն եւ անոր անունը «Վկայութեան Խորան» դրաւ եւ ով որ Տէրը կը խնդրէր, բանակին դուրսիդին եղած վկայութեան խորանը կ’ելլէր։8. Երբ Մովսէս խորանը կ’երթար, բոլոր ժողովուրդը կ’ելլէր ու ամէն մէկը իր վրանին դուռը կը կայնէր ու Մովսէսին ետեւէն կը նայէր, մինչեւ անիկա խորանը մտնէր։9. Մովսէս խորանը մտածին պէս ամպի սիւնը կ’իջնէր ու խորանին դուռը կը կայնէր եւ Տէրը Մովսէսին հետ կը խօսէր։10. Բոլոր ժողովուրդը կը տեսնէր, որ ամպի սիւնը խորանին դուռը կը կայնէր ու բոլոր ժողովուրդը կ’ելլէր եւ ամէն մէկը իր վրանին դուռը երկրպագութիւն կ’ընէր։11. Տէրը կը խօսէր Մովսէսին հետ դէմ առ դէմ, ինչպէս մարդ մը իր բարեկամին հետ կը խօսի ու Մովսէս նորէն բանակը կը դառնար, բայց անոր ծառան, Նաւէի որդին Յեսու պատանին, խորանին մէջէն չէր հեռանար։12. Մովսէս ըսաւ Տէրոջը. «Նայէ՛, դուն կ’ըսես ինծի՝ ‘Հանէ՛ այս ժողովուրդը’. բայց դուն ինծի չգիտցուցիր թէ ո՞վ ինծի հետ պիտի ղրկես։ Բայց ըսիր՝ ‘Քեզ անունովդ կը ճանչնամ ու նաեւ իմ առջեւս շնորհք գտար’։13. Ուստի հիմա կ’աղաչեմ, եթէ քու առջեւդ շնորհք գտայ, ինծի ցուցուր ուրեմն քու ճամբադ՝ որպէս զի ճանչնամ քեզ, այնպէս որ քու առջեւդ շնորհք գտնեմ ու միտքդ բեր՝ ՝ որ այս ազգը քու ժողովուրդդ է»։14. Անիկա ըսաւ. «Իմ ներկայութիւնս քեզի հետ պիտի երթայ ու քեզ պիտի հանգստացնեմ»։15. Եւ Մովսէս ըսաւ անոր. «Եթէ քու ներկայութիւնդ մեզի հետ չերթայ, մեզ այս տեղէն մի՛ հաներ։16. Քանզի ինչո՞վ պիտի գիտցուի թէ ես ու քու ժողովուրդդ քու առջեւդ շնորհք գտանք, եթէ ո՛չ՝ քու մեզի հետ երթալովդ։ Այսպէս ես ու քու ժողովուրդդ երկրի երեսին վրայ եղած բոլոր ժողովուրդներէն պիտի զատուինք»։17. Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Այս բանն ալ պիտի ընեմ, որ դուն ըսիր, վասն զի իմ առջեւս շնորհք գտար ու ես քեզ անունովդ կը ճանչնամ»։18. Մովսէս ըսաւ. «Կ’աղաչեմ, քու փառքդ ցուցուր ինծի»։19. Տէրը ըսաւ. «Իմ բոլոր բարութիւնս քու առջեւէդ պիտի անցընեմ ու Տէրոջը անունը քու առջեւդ պիտի կանչեմ եւ որու որ պիտի ողորմիմ՝ կ’ողորմիմ ու որու վրայ որ պիտի գթամ՝ կը գթամ»։20. Ու աւելցուց. «Դուն իմ երեսս չես կրնար տեսնել. վասն զի մարդ չի կրնար զիս տեսնել ու ապրիլ»։21. Եւ Տէրը ըսաւ. «Ահա քովս տեղ մը կայ ու ժայռին վրայ կայնէ.22. Եւ երբ իմ փառքս անցնելու ըլլայ՝ քեզ ժայռին խոռոչին մէջ դնեմ ու քեզ իմ ձեռքովս ծածկեմ, մինչեւ որ ես անցնիմ.23. Ետքը իմ ձեռքս պիտի վերցնեմ ու իմ ետիս պիտի տեսնես. բայց իմ երեսս պիտի չտեսնուի»։Ելից 34:1-351. Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Քեզի երկու քարէ տախտակներ կոփէ առաջուաններուն պէս ու այն տախտակներուն վրայ պիտի գրեմ առաջուան տախտակներուն վրայի խօսքերը, որոնք դուն կոտրտեցիր։2. Առտուն պատրաստ եղիր ու Սինա լեռը ելի՛ր, հոն լերան գլուխը առջեւս կայնէ։3. Մէ՛կը պիտի չելլէ քեզի հետ եւ մէ՛կը պիտի չտեսնուի բոլոր լերանը վրայ, ո՛չ ալ այդ լերանը ստորոտը ոչխար կամ արջառ պիտի արածուի»։4. Մովսէս առաջուաններուն պէս երկու քարէ տախտակներ կոփեց ու առտուն կանուխ ելաւ ու Տէրոջը իրեն պատուիրածին պէս Սինա լեռը գնաց։ Երկու քարէ տախտակները իր ձեռքը առաւ։5. Տէրը ամպով իջաւ ու հոն անոր քով կեցաւ, Տէրոջը անունը կանչեց։6. Տէրը անոր առջեւէն անցաւ ու աղաղակեց. «Տէ՛րը, Տէ՛ր Աստուածը, ողորմած ու բարերար, երկայնամիտ եւ առատ՝ ողորմութիւնով ու ճշմարտութիւնով,7. Հազարներուն ողորմութիւն ընող, անօրէնութիւնը, յանցանքը ու մեղքը ներող, բայց յանցաւորը ամենեւին անպարտ չի թողուր, հայրերուն անօրէնութիւնը որդիներուն վրայ ու որդիներուն որդիներուն վրայ, մինչեւ երրորդ ու չորրորդ ազգը հատուցանելով»։8. Մովսէս աճապարելով մինչեւ գետինը խոնարհեցաւ ու երկրպագութիւն ըրաւ։9. Ու ըսաւ. «Ո՛վ Տէր, եթէ հիմա քու առջեւդ շնորհք գտայ, կ’աղաչեմ, թող իմ Տէրս մեզի հետ երթայ. վասն զի ասիկա խստապարանոց ազգ մըն է եւ ներէ՛ մեր անօրէնութիւնը ու մեր մեղքերը եւ մեզ քու ժառանգորդները ըրէ»։10. Տէրը ըսաւ. «Ահա ես ուխտ մը կ’ընեմ։ Քու բոլոր ժողովուրդիդ առջեւ այնպիսի սքանչելիքներ պիտի ընեմ, որ բոլոր երկրի վրայ ու բոլոր ազգերու մէջ եղած չեն։ Բոլոր ժողովուրդը, որուն մէջ ես դուն, պիտի տեսնես Տէրոջը գործը, քանզի հիանալի է այն բանը, որ քեզի պիտի ընեմ։11. Միտքդ պահէ ինչ որ ես քեզի կը պատուիրեմ այսօր։ Ահա պիտի վռնտեմ քու առջեւէդ Ամօրհացին ու Քանանացին եւ Քետացին ու Փերեզացին եւ Խեւացին ու Յեբուսացին։12. Զգուշացիր քու անձիդ, չըլլայ թէ քու երթալու երկրիդ բնակիչներուն հետ ուխտ ընես, չըլլայ որ անիկա քու մէջդ որոգայթ ըլլայ։13. Անոնց բագինները կործանեցէք ու անոնց կուռքերը փշրեցէք։ Անոնց Աստարովթները կոտրտեցէք։14. Վասն զի ուրիշ Աստուծոյ երկրպագութիւն պէտք չէ ընես, քանզի Եհովան Նախանձոտ կը կոչուի եւ նախանձոտ Աստուած է։15. Չըլլայ որ այն երկրին բնակիչներուն հետ ուխտ ընես եւ անոնք իրենց աստուածներուն ետեւէն երթալով պոռնկութիւն ըրած ատեննին ու իրենց աստուածներուն զոհ ըրած ատեննին քեզ կանչեն ու դուն անոնց զոհէն ուտես։16. Եւ չըլլայ որ անոնց աղջիկներէն քու որդիներուդ կին առնես ու անոնց աղջիկները իրենց աստուածներուն ետեւէն երթալով պոռնկութիւն ըրած ատեննին քու որդիներուդ ալ պոռնկութիւն ընել տան՝ իրենց աստուածներուն ետեւէն քալեցնելով ։17. Քեզի ձուլածոյ աստուածներ մի՛ շիներ։18. Բաղարջակերաց տօնը պահէ՛. Ապիպ ամսուան որոշ ժամանակի մէջ, քեզի պատուիրածիս պէս, եօթը օր բաղարջ պիտի ուտես. վասն զի Ապիպ ամսուան մէջ Եգիպտոսէն ելար։19. Ամէն մօրը արգանդը բացողը իմս է, մոյնպէս քու անասուններուդ ամէն արու առջինեկը, թէ՛ արջառ ըլլայ եւ թէ՛ ոչխար, իմս է ։20. Բայց իշուն առջինեկը գառնուկով փրկէ՛ եւ եթէ չփրկես, այն ատեն անոր վիզը պէտք է կտրես։ Քու որդիներուդ ամէն առջինեկը փրկէ՛ ու մէ՛կը իմ առջեւս ձեռնունայն չերեւնայ։21. Վեց օր պիտի գործես ու եօթներորդ օրը հանգստանաս. թէ՛ վարուցանի եւ թէ՛ հնձելու ատեն հանգստանաս։22. Շաբաթներուն, այսինքն ցորենի հունձքին երախայրիներուն տօնը ու տարուան վերջը՝ արմտիքները հաւաքելու տօնը բռնէ՛։23. Ձեր ամէն արու զաւակը տարին երեք անգամ Իսրայէլի Աստուծոյն, Եհովա Տէրոջը, առջեւ թող երեւնայ։24. Վասն զի քու առջեւէդ ազգերը պիտի վռնտեմ եւ քու սահմաններդ պիտի ընդարձակեմ։ Տարին երեք անգամ քու Տէր Աստուծոյդ առջեւ երեւնալու ելած ատենդ մէ՛կը քու երկրիդ պիտի չցանկայ։25. Իմ զոհերս խմորեալ հացով պէտք չէ նուիրես՝ ՝ ու զատկի տօնին զոհը մինչեւ առտու պէտք չէ մնայ։26. Քու երկրիդ երախայրիներուն առաջինները քու Տէր Աստուծոյդ տունը պէտք է բերես։ Ուլը իր մօրը կաթին մէջ պէտք չէ եփես»։27. Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Գրէ՛ այս խօսքերը. վասն զի այս խօսքերուն համեմատ քեզի հետ ու Իսրայէլին հետ ուխտ ըրի»։28. Մովսէս հոն կեցաւ Տէրոջը հետ քառասուն օր ու քառասուն գիշեր։ Ո՛չ հաց կերաւ, ո՛չ ալ ջուր խմեց։ Տախտակներուն վրայ ուխտին խօսքերը գրեց, այսինքն տասը պատուիրանքները։29. Երբ Մովսէս լեռնէն իջաւ, վկայութեան երկու տախտակները իր ձեռքն էին։ Մովսէս իր երեսին մորթին լուսափայլ ըլլալը չէր գիտեր, երբ Տէրը իրեն հետ խօսեցաւ։30. Ահարոն ու Իսրայէլի բոլոր որդիները տեսան Մովսէսը։ Անոր երեսին մորթը լուսափայլ էր, ուստի անոր մօտենալու վախցան։31. Բայց Մովսէս կանչեց զանոնք։ Ահարոն ու ժողովուրդին բոլոր իշխանները դարձան անոր ու Մովսէս խօսեցաւ անոնց հետ։32. Անկէ ետքը Իսրայէլի բոլոր որդիները մօտեցան։ Պատմեց անոնց ամէն ինչ որ Տէրը խօսեր էր իրեն Սինա լեռը։33. Մովսէս մինչեւ անոնց հետ խօսիլը լմնցնելը՝ իր երեսը քօղ դրաւ։34. Բայց Մովսէս Տէրոջը առջեւ, անոր հետ խօսելու մտած ատենը, մինչեւ դուրս ելլելը քօղը կը վերցնէր, ետքը դուրս կ’ելլէր ու իրեն պատուիրուածը Իսրայէլի որդիներուն կը յայտնէր։35. Իսրայէլի որդիները Մովսէսին նայեցան տեսան թէ՝ անոր երեսին մորթը լուսափայլ էր։ Մովսէս իր երեսը քողով կը ծածկէր, մինչեւ Անոր հետ խօսելու մտնելը։Սաղմոսներ 21:8-138. Քու ձեռքդ պիտի գտնէ քու բոլոր թշնամիներդ Քու աջ ձեռքդ պիտի գտնէ քեզ ատողները։9. Զանոնք կրակի հնոցի պէս պիտի ընես քու բարկութեանդ ժամանակը. Տէրը իր բարկութիւնովը բոլորովին պիտի կորսնցնէ՝ ՝ զանոնք Ու կրակը պիտի ուտէ զանոնք։10. Անոնց զաւակը երկրէն պիտի կորսնցնես Ու անոնց սերունդը՝ մարդոց որդիներէն։11. Եթէ քեզի դէմ չարութիւն ծրագրեն, Եթէ նենգութիւն խորհին, պիտի չկրնան կատարել ։12. Վասն զի դու անոնց կռնակը ետ պիտի դարձնես. Քու նետերդ անոնց երեսին դէմ՝ լարերդ անոնց պիտի ուղղես։13. Ո՛վ Տէր, քու ուժովդ փառաւորուէ։ Պիտի երգենք ու սաղմոս ըսենք քու զօրութեանդ։Առակներ 8:1-51. Իմաստութիւնը կ’աղաղակէ Ու հանճարը կը ձայնակցի քեզի։2. Անիկա բարձր տեղերու գլուխը Եւ շաւիղներու մէջ կը կենայ։3. Անիկա դռներուն քով՝ քաղաքներուն բերանը կը կենայ Ու դռներուն մուտքը աղաղակելով՝ կ’ըսէ.4. «Ո՛վ մարդիկ, ձեզի կը կանչեմ Եւ իմ ձայնս մարդոց որդիներուն է։5. Ո՛վ տգէտներ, իմաստութիւն սորվեցէք, Ո՛վ անմիտներ, ուշադրութիւն ըրէ՛ք։Մատթեոս 26:1-251. Երբ Յիսուս լմնցուց այս բոլոր խօսքերը, ըսաւ իր աշակերտներուն.2. «Գիտէք թէ երկու օր յետոյ զատիկ պիտի ըլլայ եւ Որդին մարդոյ պիտի մատնուի խաչը ելլելու»։3. Նոյն ատեն քահանայապետները ու դպիրները եւ ժողովուրդին ծերերը ժողուեցան քահանայապետին սրահը, որուն անունը Կայիափա էր4. Ու խորհեցան նենգութեամբ բռնել Յիսուսը ու մեռցնել։5. Բայց կ’ըսէին թէ՝ «Ո՛չ տօնին ատենը, որպէս զի ժողովուրդին մէջ խռովութիւն չըլլայ»։6. Երբ Յիսուս Բեթանիա էր, բորոտ Սիմոնին տունը,7. Կին մը եկաւ անոր։ Ան ունէր ծանրագին իւղի շիշ մը։ Իւղը թափեց Յիսուսի գլխուն վրայ՝ երբ ան սեղան նստած էր։8. Անոր աշակերտները տեսնելով՝ բարկացան ու ըսին. «Ինչո՞ւ այս կորուստը,9. Քանզի այդ իւղը կրնար սուղ գնով ծախուիլ ու աղքատներուն տրուիլ»։10. Յիսուս իմանալով՝ ըսաւ անոնց. «Ինչո՞ւ անհանգիստ կ’ընէք կինը։ Անիկա բարի գործ մը գործեց։11. Վասն զի աղքատները ամէն ատեն ձեզի հետ ունիք, բայց զիս ամէն ատեն չունիք։12. Անիկա, որ այդ իւղը իմ մարմնիս վրայ թափեց, իմ թաղումիս համար ըրաւ։13. Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի թէ՝ Բոլոր աշխարհի մէջ՝ ուր որ այս աւետարանը քարոզուի, ատոր ըրածն ալ պիտի պատմուի՝ իրեն յիշատակ ըլլալու համար»։14. Այն ատեն տասներկուքէն մէկը, որ Յուդա Իսկարիովտացի կը կոչուէր, գնաց քահանայապետներուն ու ըսաւ.15. «Ի՞նչ կու տաք ինծի, որ ձեզի մատնեմ զանիկա»։ Անոնք երեսուն սիկղ արծաթ խոստացան անոր։16. Անկէ յետոյ պատեհութիւն կը փնտռէր, որպէս զի զանիկա մատնէ անոնց ։17. Բաղարջակերաց առաջին օրը աշակերտները Յիսուսին եկան, անոր ըսին. «Ո՞ւր կուզես որ քեզի պատրաստենք զատիկը՝ ուտելու համար»։18. Անիկա ըսաւ. «Գացէք քաղաքը այս ինչ մարդուն ու ըսէք անոր, Վարդապետը կ’ըսէ. ‘Ժամանակս մօտ է. աշակերտներուս հետ մէկտեղ քու քովդ պիտի ընեմ զատիկը’»։19. Աշակերտներն ալ ըրին ինչպէս Յիսուս իրենց հրամայեց ու պատրաստեցին զատիկը։20. Իրիկունը տասներկուքին հետ սեղան նստաւ։21. Երբ կ’ուտէին, ըսաւ. «Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի թէ ձեզմէ մէկը զիս պիտի մատնէ»։22. Շատ տրտմեցան եւ անոնցմէ ամէն մէկը սկսաւ ըսել անոր. «Տէ՛ր, միթէ ե՞ս եմ»։23. Անիկա պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Ան որ ինծի հետ իր ձեռքը պնակը խոթեց, նոյնը պիտի մատնէ զիս»։24. Յիրաւի Որդին մարդոյ կ’երթայ, ինչպէս գրուած է իրեն համար. բայց վա՜յ այն մարդուն, որուն ձեռքով Որդին մարդոյ կը մատնուի։ Աղէկ էր այն մարդուն որ ծնած չըլլար»։25. Պատասխան տուաւ Յուդա, որ զանիկա պիտի մատնէր ու ըսաւ. «Վա՛րդապետ, միթէ ե՞ս եմ»։ Ըսաւ անոր. «Դուն ըսիր»։ Armenian Western Bible 1853 Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981