Աստվածաշունչը մեկ տարում
Փետրվար 12

1. Մովսէս հաւաքեց բոլոր Իսրայէլի որդիները ու ըսաւ անոնց. «Ասոնք են այն բաները, որոնք Տէրը պատուիրեց, որ ընէք։
2. Վեց օր գործ պիտի գործուի, բայց եօթներորդ օրը սուրբ պիտի ըլլայ ձեզի, այսինքն հանգստութեան շաբաթ Տէրոջը։ Այն օրը գործ գործողը պիտի մեռցուի։
3. Շաբաթ օրը ձեր բոլոր բնակարաններուն մէջ կրակ պիտի չվառէք»։
4. Մովսէս խօսեցաւ բոլոր Իսրայէլի որդիներուն՝ ըսելով.
5. «Տէրոջը պատուիրած բանը այս է. ‘Ձեր մէջէն ընծայ առէ՛ք Տէրոջը։ Ով որ սրտով կը յօժարի, թող անիկա Տէրոջը ընծայ բերէ, ոսկի ու արծաթ եւ պղինձ
6. Ու կապուտակ եւ ծիրանեգոյն եւ կրկնակի կարմիր եւ բարակ քթան ու այծի մազ
7. Եւ կարմիր ներկուած խոյի մորթեր ու թէհաշի մորթեր եւ Սատիմի փայտեր
8. Ու լոյսի համար իւղ եւ օծման իւղի ու անուշահոտ խունկի համար համեմներ
9. Եւ եղնգնաքարեր ու եփուտին համար եւ լանջապանակին համար գամուելու քարեր»։
10. «Ձեր մէջ ամէն սրտով իմաստուն եղողները թող գան ու Տէրոջը բոլոր պատուիրած բաները շինեն՝
11. Խորանը, անոր վրանը ու անոր ծածկոցը, անոր ճարմանդները ու անոր տախտակները, անոր նիգերը, անոր սիւները եւ անոր խարիսխները,
12. Տապանակն ու ձողերը, քաւութիւնն ու ծածկող վարագոյրը,
13. Սեղանն ու անոր ձողերն ու բոլոր անօթները, առաջաւորութեան հացը
14. Եւ լոյսի աշտանակն ու անոր գործիքները եւ անոր ճրագներն ու լոյսի իւղը
15. Եւ խունկին սեղանն ու անոր ձողերը ու օծման իւղը եւ անուշահոտ խունկը ու խորանին դրան վարագոյրը,
16. Ողջակէզին սեղանն ու անոր պղնձէ ցանցակերպ կասկարան, անոր ձողերն ու բոլոր գործիքները, աւազանն ու անոր խարիսխը,
17. Սրահին վարագոյրները, անոր սիւներն ու խարիսխները եւ սրահին դրան վարագոյրը,
18. Խորանին ցիցերն ու սրահին ցիցերն ու անոնց չուանները,
19. Պաշտամունքին զգեստները՝ սրբարանին մէջ պաշտամունք ընելու համար եւ Ահարոն քահանային սուրբ զգեստներն ու անոր որդիներուն զգեստները, որպէս զի քահանայութիւն ընեն»։
20. Եւ Իսրայէլի բոլոր որդիները Մովսէսին առջեւէն անցան։
21. Յօժարասիրտ եղողներն ու բոլոր հոգիով կամեցողները եկան ու վկայութեան խորանին գործին համար եւ անոր բոլոր պաշտամունքին համար ու սուրբ զգեստներուն համար Տէրոջը ընծայ բերին։
22. Եկան այրեր ու կիներ, որչափ որ սրտով կամեցող կային ու ճարմանդներ եւ օղեր ու մատանիներ եւ մանեակներ, ամէն տեսակ ոսկի զարդեր բերին։ Ամէն ընծայ բերող ոսկի ընծայ բերաւ Տէրոջը։
23. Անոնք, որոնց քով կը գտնուէր կապուտակ ու ծիրանեգոյն եւ կրկնակի կարմիր եւ բարակ քթան եւ այծի մազ ու կարմիր ներկուած խոյի մորթեր եւ թէհաշի մորթեր՝ բերին։
24. Ով որ կրնար արծաթ ու պղինձ ընծայ տալ՝ Տէրոջը ընծայ բերաւ։ Որու քով որ պաշտամունքին պիտանի Սատիմի փայտեր կը գտնուէին՝ բերաւ։
25. Ամէն սրտով իմաստուն եղող կիները իրենց ձեռքերովը մանեցին ու իրենց մանած կապուտակը, ծիրանեգոյնը, կրկնակի կարմիրն ու բարակ քթանը բերին։
26. Եւ բոլոր սրտով փափաքող եւ մանելու կարողութիւն ունեցող կիները այծի մազ մանեցին։
27. Իշխանները եղնգնաքարեր ու եփուտին եւ լանջապանակին համար գամուելու քարեր բերին,
28. Նաեւ լոյսի ու օծման իւղի եւ անուշահոտ խունկի համար՝ համեմներ ու իւղ բերին։
29. Իսրայէլի որդիները յօժարակամ ընծայ բերին Տէրոջը։ Ամէն մարդ ու կին, որոնք յօժարութիւն ունէին բերելու, ոեւէ գործի համար, որ Տէրը Մովսէսին միջոցով պատուիրած էր, բերին։
30. Մովսէս ըսաւ Իսրայէլին որդիներուն. «Ահա Տէրը Յուդայի ցեղէն Ովրի որդիին Ուրիի որդին Բեսելիէլը կանչեց։
31. Աստուծոյ Հոգիովը՝ իմաստութիւնով, հանճարով եւ գիտութիւնով ու ամէն կերպ ճարտարութիւնով լեցուց զանիկա,
32. Որպէս զի արուեստական գործեր հնարելով՝ ոսկիի ու արծաթի եւ պղնձի վրայ բանի
33. Եւ գամելու համար քարեր բանելով ու փայտեր քանդակելով՝ ամէն կերպ արուեստի գործ ընէ։
34. Եւ անոր սրտին մէջ սորվեցնելու կարողութիւնը դրաւ։ Անորն ալ ու Դանի ցեղէն Աքիսամայի որդիին Ոողիաբին ալ։
35. Սրտի իմաստութիւնով լեցուց զանոնք, որպէս զի ամէն տեսակ գործեր եւ հնարքներ, քանդակագործի ու արուեստի գործեր, նաեւ կապուտակի ու ծիրանեգոյնի եւ կրկնակի կարմիրի եւ բարակ քթանի վրայ նկարագործողի եւ ոստայնանկի գործը ընեն։
1. Այն ատեն Բեսելիէլն ու Ոողիաբը եւ ամէն սրտով իմաստուն եղողը, որոնց որ Տէրը իմաստութիւն ու հանճար տուաւ սրբարանին պաշտամունքին գործերը ընելու եղանակը գիտնալու համար, Տէրոջը բոլոր պատուիրածին պէս գործեցին։
2. Մովսէս կանչեց Բեսելիէլն ու Ոողիաբն ու ամէն սրտով իմաստուն եղողը, որոնց սրտին մէջ Տէրը իմաստութիւն դրաւ, այսինքն այն ամէնքը՝ որոնց սիրտը կը փափաքէր գործի մօտենալ։
3. Անոնք Մովսէսէն առին բոլոր ընծաները, որոնք Իսրայէլի որդիները բերին սրբարանին պաշտամունքը անոնցմով ընելու համար։ Անոնք տակաւին կը շարունակէին ամէն առտու կամաւոր ընծաներ բերել։
4. Սրբարանին գործերը կատարող բոլոր իմաստուն մարդիկը՝ ամէն մէկը իր նախասիրած գործին եկաւ։
5. Եւ խօսեցան Մովսէսին՝ ըսելով. «Ժողովուրդը աւելի կը բերէ, քան՝ որչափ պէտք է Տէրոջը պատուիրած բաները շինելու համար»։
6. Մովսէս պատուիրեց քարոզ կարդալ բանակին մէջ. «Ալ ո՛չ մէկ մարդ, ո՛չ մէկ կին սրբարանին ընծայ թող չբերէ»։ Այսպէս ժողովուրդը ընծայ բերելէն դադարեցան։
7. Բերուած նիւթերը բոլոր գործը շինելու համար բաւեցին ու աւելցան ալ։
8. Խորանը շինողներէն բոլոր սրտով իմաստուն եղողները մանուած բարակ քթանէ ու կապուտակէ եւ ծիրանեգոյնէ ու կրկնակի կարմիրէ տասը վարագոյր շինեցին. զանոնք վարպետութեամբ՝ քերովբէներով շինեցին։
9. Մէկ վարագոյրին երկայնութիւնը քսանըութը կանգուն ու մէկ վարագոյրին լայնութիւնը չորս կանգուն էր։ Բոլոր վարագոյրներուն չափը նոյնն էր։
10. Հինգ վարագոյրը իրարու կցեց, միւս հինգ վարագոյրն ալ իրարու կցեց։
11. Կցուածքին ծայրի մէկ վարագոյրին եզերքին վրայ կապուտակէ օղակներ շինեց. միւս կցուածքին ծայրի վարագոյրին եզերքն ալ նոյնպէս ըրաւ։
12. Մէկ վարագոյրին վրայ յիսուն օղակ շինեց եւ միւս կցուածքին վրայ եղած վարագոյրին ծայրն ալ յիսուն օղակ շինեց։ Օղակները դէմ դիմաց էին։
13. Յիսուն հատ կարթաձեւ ոսկի ճարմանդներ շինեց ու վարագոյրները ճարմանդներով իրարու հետ կոճկեց։ Այնպէս որ խորանը միակտուր եղաւ։
14. Խորանին վրայի վրանին համար այծի մազէ վարագոյրներ շինեց։ Տասնըմէկ հատ վարագոյր շինեց։
15. Մէկ վարագոյրին երկայնութիւնը չորս կանգուն ըլլալով՝ տասնըմէկ վարագոյրին չափը նոյնն էր։
16. Հինգ վարագոյրները՝ զատ ու վեց վարագոյրները զատ կցեց։
17. Կցուածքին ծայրի վարագոյրին եզերքին վրայ յիսուն օղակ ու միւս կցուածքին ծայրի վարագոյրին եզերքին վրայ յիսուն օղակ շինեց։
18. Յիսուն հատ կարթաձեւ պղնձէ ճարմանդներ շինեց, որպէս զի վրանը կոճկէ ու միակտուր ըլլայ։
19. Վրանին համար կարմիր ներկուած խոյի մորթերէ ծածկոց մը ու անոր վրայէն թէհաշի մորթերէ ծածկոց մը շինեց։
20. Եւ խորանին համար Սատիմի փայտէ կանգնած տախտակներ շինեց։
21. Մէկ տախտակին երկայնութիւնը տասը կանգուն եւ մէկ տախտակին լայնութիւնը մէկ ու կէս կանգուն էր։
22. Ամէն մէկ տախտակ իրարու յարմարող երկերկու ագուցիկ ծայր ունէր։ Խորանին բոլոր տախտակները նոյնպէս ըրաւ։
23. Խորանին տախտակները այսպէս շինեց՝ դէպի հարաւ՝ անոր հարաւային կողմին համար քսան տախտակ շինեց ։
24. Քսան տախտակներուն տակ քառասուն արծաթ խարիսխ, այսինքն մէկ տախտակին տակ իր երկու ծայրը անցընելու համար երկու խարիսխ ու միւս տախտակին տակ իր երկու ծայրը անցընելու համար երկու խարիսխ շինեց։
25. Խորանին միւս կողմին համար դէպի հիւսիս քսան տախտակ շինեց։
26. Անոնց քառասուն արծաթ խարիսխ, մէկ տախտակին տակ երկու խարիսխ ու միւս տախտակին տակ երկու խարիսխ շինեց ։
27. Խորանին ետեւի կողմին համար դէպի արեւմուտք վեց տախտակ շինեց։
28. Խորանին ետեւի կողմի անկիւններուն համար երկու տախտակ շինեց։
29. Անոնք վարէն կը միանային ու վերէն ալ օղակով մը կը միանային։ Երկուքին ալ երկու անկիւնները նոյնպէս ըրաւ։
30. Այսպէս ութ տախտակ էին։ Անոնց արծաթ խարիսխները տասնըվեց հատ էին։ Ամէն մէկ տախտակի տակ երկու խարիսխ։
31. Սատիմի փայտէ նիգեր շինեց։ Եւ խորանին մէկ կողմի տախտակներուն համար հինգ
32. Ու խորանին միւս կողմի տախտակներուն համար հինգ նիգ եւ խորանին դէպի արեւմուտք եղած ետեւի կողմի տախտակներուն համար հինգ նիգ։
33. Մէջտեղի նիգը այնպէս շինեց, որ տախտակներուն մէջտեղէն մէկ ծայրէն մինչեւ միւս ծայրը անցնի։
34. Տախտակները ոսկիով պատեց ու անոնց օղակները ոսկիէ շինեց՝ նիգերուն տեղեր ըլլալու համար։ Նիգերն ալ ոսկիով պատեց։
35. Կապուտակէ ու ծիրանեգոյնէ եւ կրկնակի կարմիրէ ու մանուած բարակ քթանէ շինեց վարագոյրը. վարպետութեամբ՝ քերովբէներով շինեց զանիկա։
36. Սատիմի փայտէ չորս սիւն շինեց անոր ու ոսկիով պատեց զանոնք. անոնց ճանկերը ոսկի էին։ Անոնց չորս արծաթ խարիսխ ձուլեց։
37. Խորանին դրանը համար կապուտակէ ու ծիրանեգոյնէ եւ կրկնակի կարմիրէ ու մանուած բարակ քթանէ նկարազարդ դրան վարագոյր մը շինեց։
38. Անոր հինգ սիւներ ու անոնց ճանկեր շինեց եւ անոնց խոյակներն ու անոնց կապերը ոսկիով պատեց։ Անոնց հինգ խարիսխները պղնձէ էին։
1. Աստուա՛ծ իմ, Աստուած իմ, զիս ինչո՞ւ թողուցիր։ Զիս փրկելէն ու պոռալուս խօսքերէն հեռու կեցար։
2. Ո՛վ իմ Աստուածս, ցորեկը քեզի կը կանչեմ ու չես պատասխաներ. Եւ գիշերը կը կանչեմ ու չեմ դադարիր։
3. Բայց դուն սուրբ ես, Ով Իսրայէլի գովաբանութիւններուն մէջ բնակող։
4. Մեր հայրերը քեզի յուսացին։ Յուսացին ու փրկեցիր զանոնք։
5. Քեզի աղաղակեցին ու ազատեցան. Քեզի յուսացին ու չամչցան.
6. Բայց ես որդ եմ ու մարդ չեմ, Մարդոց մէջ՝ քամահարուած ու ժողովուրդներուն մէջ՝ անարգուած։
7. Բոլոր զիս տեսնողները զիս ծաղր կ’ընեն. Շրթունք կը բանան, գլուխ կ’երերցնեն,
8. Ըսելով. «Տէրոջը յուսաց, թող փրկէ զանիկա. Թող ազատէ զանիկա, վասն զի անոր հաւնեցաւ»։
6. Լսեցէ՛ք, վասն զի ազնիւ բաներ պիտի խօսիմ Ու իմ շրթունքներս պիտի բանամ ուղիղ բաներ խօսելու համար ։
7. Քանզի իմ քիմքս ճշմարտութիւն պիտի խօսի, Իմ շրթունքս ամբարշտութենէ կը զզուի։
8. Բերնիս բոլոր խօսքերը արդարութեամբ են Եւ անոնց մէջ խոտորնակ ու ծուռ բան չկայ։
9. Ամէնքն ալ հասկցողին ուղիղ են Ու գիտութիւն գտնողներուն շիտակ են։
10. Իմ խրատս առէ՛ք եւ ոչ թէ արծաթ։ Ու ընտիր ոսկիէն աւելի գիտութիւնը սիրեցէ՛ք ։
11. Վասն զի իմաստութիւնը գոհարներէն աղէկ է Եւ բոլոր ցանկալի բաները չեն կրնար անոր հաւասարիլ։
26. Մինչ անոնք կ’ուտէին, Յիսուս հացը առաւ, օրհնեց ու կտրեց եւ տուաւ աշակերտներուն ու ըսաւ. «Առէ՛ք, կերէ՛ք, այս է իմ մարմինս»։
27. Եւ գաւաթը առաւ, գոհացաւ ու տուաւ անոնց ու ըսաւ.
28. «Ամէնքդ ալ խմեցէ՛ք ասկէ. վասն զի ասիկա է իմ արիւնս նոր ուխտի, որ պիտի թափուի՝ շատերու մեղքերուն թողութեան համար։
29. Բայց կ’ըսեմ ձեզի, ‘Ասկէ յետոյ որթին բերքէն բնաւ պիտի չխմեմ, մինչեւ այն օրը՝ երբ ձեզի հետ նոր գինին խմեմ իմ Հօրս թագաւորութեանը մէջ’»։
30. Օրհնութիւն մը երգելէ յետոյ Ձիթենեաց լեռը ելան։
31. Այն ատեն Յիսուս ըսաւ անոնց. «Դուք ամէնքդ այս գիշեր իմ վրայովս պիտի գայթակղիք. վասն զի գրուած է թէ ‘Հովիւը պիտի զարնեմ ու հօտին ոչխարները պիտի ցրուին’։
32. Բայց յարութիւն առնելէս յետոյ ձեզմէ առաջ Գալիլիա պիտի երթամ»։
33. Պատասխան տուաւ Պետրոս ու ըսաւ անոր. «Թէպէտ ամէնքն ալ քու վրայովդ գայթակղին, ես բնա՛ւ պիտի չգայթակղիմ»։
34. Յիսուս ըսաւ անոր. «Ճշմարիտ կ’ըսեմ քեզի, Այս գիշեր դեռ հաւը չխօսած՝ երեք անգամ զիս պիտի ուրանաս»։
35. Պետրոս ըսաւ անոր. «Թէեւ քեզի հետ մեռնելու ալ ըլլամ, բնաւ քեզ պիտի չուրանամ»։ Այսպէս կ’ըսէին նաեւ բոլոր աշակերտները։
36. Այն ատեն Յիսուս անոնց հետ տեղ մը գնաց, որուն անունը Գեթսեմանի էր ու ըսաւ աշակերտներուն. «Հոս նստեցէք մինչեւ որ ես երթամ հոն աղօթք ընեմ»։
37. Իրեն հետ առնելով Պետրոսը ու Զեբեդէոսի երկու որդիները, սկսաւ տրտմիլ ու վշտանալ։
38. Այն ատեն ըսաւ անոնց. «Իմ անձս մեռնելու չափ տրտում է։ Հոս կեցէք եւ ինծի հետ արթուն մնացէք»։
39. Ու քիչ մը առջեւ երթալով՝ իր երեսին վրայ ինկաւ եւ աղօթք ըրաւ՝ ըսելով. «Ով Հայր իմ, եթէ կարելի է, թող այս գաւաթը ինծմէ անցնի. բայց ո՛չ թէ ինչպէս ես կ՛ուզեմ, հապա ինչպէս դուն կ’ուզես »։
40. Երբ եկաւ աշակերտներուն, զանոնք քնացած գտաւ եւ ըսաւ Պետրոսին. «Այդպէս մէկ ժա՞մ ալ չկրցաք ինծի հետ արթուն կենալ։
41. Արթուն կեցէք եւ աղօթք ըրէք, որպէս զի փորձութեան մէջ չմտնէք։ Հոգին յօժար է, բայց մարմինը տկար»։
42. Դարձեալ երկրորդ անգամ գնաց աղօթք ըրաւ՝ ըսելով. «Ով Հայր իմ, եթէ անկարելի է որ այս գաւաթը ինծմէ անցնի առանց անկէ խմելու՝ թող քու կամքդ ըլլայ»։
43. Եւ եկաւ զանոնք նորէն քնացած գտաւ, վասն զի աչքերնին ծանրացած էր։
44. Թողուց զանոնք ու նորէն գնաց՝ երրորդ անգամ աղօթք ըրաւ՝ նոյն խօսքը ըսելով։
45. Այն ատեն եկաւ իր աշակերտներուն ու ըսաւ անոնց. «Ասկէ յետոյ քնացէք ու հանգչեցէք. ահա ժամը հասաւ եւ Որդին մարդոյ մեղաւորներուն ձեռքը պիտի մատնուի։
46. Ելէք ասկէ երթանք. ահա մօտեցաւ անիկա որ զիս պիտի մատնէ»։
47. Դեռ անիկա կը խօսէր, երբ Յուդա, տասներկուքէն մէկը, եկաւ եւ իրեն հետ մեծ բազմութիւն՝ սուրերով ու բիրերով, քահանայապետներէն եւ ժողովուրդին ծերերէն։
48. Զանիկա մատնողը անոնց նշան մը տուեր էր՝ ըսելով. «Ով որ ես համբուրեմ, ա՛ն է, բռնեցէք զանիկա»։
49. Եւ շուտ մը Յիսուսին մօտենալով՝ ըսաւ. «Ողջոյն քեզ, վա՛րդապետ», ու համբուրեց զանիկա։
50. Յիսուս ըսաւ անոր. «Ընկե՛ր, ինչո՞ւ համար եկար դուն»։ Այն ատեն մօտեցան, ձեռք զարկին Յիսուսին ու բռնեցին զանիկա։
Armenian Western Bible 1853
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ Bible Society in Lebanon, 1981