Աստվածաշունչը մեկ տարում Փետրվար 13Ելից 37:1-291. Եւ Բեսելիէլ Սատիմի փայտէ շինեց տապանակը. անոր երկայնութիւնը երկուք ու կէս կանգուն ու անոր լայնութիւնը մէկ ու կէս կանգուն եւ անոր բարձրութիւնը մէկ ու կէս կանգուն էր։2. Ներսէն ու դուրսէն զատ ոսկիով պատեց զանիկա եւ անոր բոլորտիքը ոսկի շրջանակ մը շինեց։3. Եւ անոր չորս անկիւններուն համար չորս ոսկի օղակներ ձուլեց, այսինքն անոր մէկ կողմէն երկու օղակ՝ միւս կողմէն երկու օղակ։4. Սատիմի փայտէ ձողեր շինեց ու զանոնք ոսկիով պատեց։5. Եւ ձողերը տապանակին քովերը եղած օղակներուն անցուց, որպէս զի անոնցմով տապանակը վերցուի։6. Եւ քաւութիւնը զուտ ոսկիէ շինեց. անոր երկայնութիւնը երկուք ու կէս կանգուն ու լայնութիւնը մէկ ու կէս կանգուն էր։7. Երկու ոսկիէ քերովբէներ շինեց։ Զանոնք կռածոյ շինեց քաւութեան երկու ծայրերը։8. Մէկ քերովբէն մէկ քովի ծայրը ու միւս քերովբէն միւս քովի ծայրը։ Քաւութեան երկու քերովբէները երկու ծայրերը շինեց։9. Քերովբէները իրենց թեւերը վերէն տարածելով՝ իրենց թեւերովը քաւութիւնը կը ծածկէին։ Անոնց երեսները իրարու կը նայէին ։ Քերովբէներուն երեսները քաւութեան վրայ էին։10. Սեղանը Սատիմի փայտէ շինեց։ Անոր երկայնութիւնը՝ երկու կանգուն ու լայնութիւնը՝ մէկ կանգուն եւ բարձրութիւնը մէկ ու կէս կանգուն էր։11. Զուտ ոսկիով պատեց զայն ու անոր բոլորտիքը ոսկի շրջանակ մը շինեց։12. Անոր բոլորտիքն ալ չորս մատնաչափ սպառուած մը ու սպառուածին բոլորտիքը ոսկի շրջանակ մը շինեց։13. Չորս ոսկի օղակ ձուլեց անոր համար ու օղակները անոր չորս ոտքերուն քով չորս անկիւնները դրաւ։14. Օղակները սպառուածին քով՝ սեղանը վերցնելու համար ձողերուն տեղերն էին։15. Սեղանը վերցնելու համար ձողերը Սատիմի փայտէ շինեց ու զանոնք ոսկիով պատեց։16. Սեղանին վրայ եղած անօթները, անոր սկուտեղներն ու խնկամանները եւ նուէր մատուցանելու գաւաթներն ու բաժակները զուտ ոսկիէ շինեց։17. Աշտանակը զուտ ոսկիէ շինեց։ Կռածոյ շինեց աշտանակը։ Անոր բունը ու ճիւղերը, անոր սկահակները, գնդակներն ու ծաղիկները իրմէ էին։18. Անոր կողմերէն վեց ճիւղեր կ’ելլէին։ Աշտանակին մէկ կողմէն երեք ճիւղ ու աշտանակին միւս կողմէն՝ երեք ճիւղ։19. Մէկ ճիւղին վրայ նշաձեւ երեք սկահակ՝ գնդակով ու ծաղիկով։ Աշտանակէն ելած վեց ճիւղերը այսպէս էին։20. Աշտանակին վրայ գնդակներով ու ծաղիկներով չորս նշաձեւ սկահակներ կային։21. Անկէ ելած վեց ճիւղերուն նայելով՝ երկու ճիւղին տակ իրմէ գնդակ մը ու երկու ճիւղին տակ իրմէ գնդակ մը կային։22. Անոնց գնդակներն ու ճիւղերը իրմէ էին։ Բոլորը միասին զուտ ոսկիէ կռածոյ էին։23. Անոր եօթը ճրագները եւ ունելիները ու անոր բազմակալները զուտ ոսկիէ շինեց։24. Զանիկա իր բոլոր գործիքներովը մէկ տաղանդ զուտ ոսկիէ շինեց։25. Խունկի սեղանը Սատիմի փայտէ շինեց։ Անոր երկայնութիւնը՝ կանգուն մը ու լայնութիւնը՝ կանգուն մը, քառակուսի ըլլալով։ Անոր բարձրութիւնը երկու կանգուն էր. անոր եղջիւրները իրմէ էին։26. Անոր վրայ ու շրջանակին կողմերը եւ անոր եղջիւրները զուտ ոսկիով պատեց։ Բոլորտիքը ոսկի շրջանակ մը շինեց։27. Անոր համար անոր շրջանակին տակէն՝ անոր երկու կողմերը երկու ոսկի օղակներ շինեց ձողերուն համար, որպէս զի անոնցմով վերցուին։28. Ձողերը Սատիմի փայտէ շինեց ու զանոնք ոսկիով պատեց։29. Սուրբ օծման իւղը ու մաքուր անուշահոտ խունկը շինեց իւղագործի վարպետութեամբ։Ելից 38:1-311. Ողջակէզի սեղանը Սատիմի փայտէ շինեց։ Անոր երկայնութիւնը՝ հինգ կանգուն ու լայնութիւնը՝ հինգ կանգուն՝ քառակուսի էր։ Անոր բարձրութիւնը երեք կանգուն։2. Անոր եղջիւրները չորս անկիւններուն վրայ շինեց։ Եղջիւրները իրմէ էին ու պղնձով պատեց զայն։3. Սեղանին բոլոր գործիքները՝ այսինքն թաղարներն ու թիակները ու կոնքերը եւ մսահաններն ու կրակի ամանները՝ շինեց։ Անոր բոլոր գործիքները պղնձէ շինեց։4. Սեղանին համար անոր շրջանակին տակէն՝ գրեթէ մէջտեղը՝ պղնձէ ցանցակերպ կասկարայ մը շինեց։5. Պղնձէ կասկարային չորս անկիւնները չորս օղակներ ձուլեց ձողերուն համար։6. Ձողերը սատիմի փայտէ շինեց ու զանոնք պղնձով պատեց։7. Ձողերը սեղանին կողմը եղած օղակներուն անցուց, որպէս զի անոնցմով վերցուի։ Զանիկա տախտակներով շինեց ու մէջը դատարկ։8. Պղնձէ աւազանը ու անոր պղնձէ խարիսխը վկայութեան խորանին դուռը խումբերով հաւաքուող կիներուն հայելիներէն շինեց։9. Սրահը շինեց հարաւային կողմին համար։ Սրահին վարագոյրները մանուած բարակ քթանէ էին եւ հարիւր կանգուն։10. Անոնց սիւները քսան ու անոնց պղնձէ խարիսխները քսան էին։ Սիւներուն ճանկերը ու անոնց կապերը արծաթէ էին։11. Հիւսիսային կողմին համար վարագոյրները հարիւր կանգուն էին։ Անոնց քսան սիւները ու քսան խարիսխները պղնձէ էին։ Սիւներուն ճանկերն ու անոնց կապերը արծաթէ էին։12. Արեւմտեան կողմին համար՝ վարագոյրները յիսուն կանգուն էին։ Անոնց սիւները տասը ու խարիսխները տասն էին։ Սիւներուն ճանկերն ու անոնց կապերը արծաթէ էին։13. Արեւելեան կողմին համար վարագոյրները յիսուն կանգուն էին։14. Դրանը մէկ կողմին վարագոյրները տասնըհինգ կանգուն, անոնց սիւները երեք ու անոնց խարիսխները երեք էին։15. Միւս կողմին համար ալ, այսինքն սրահին դրանը մէկ կողմէն ու միւս կողմէն, վարագոյրները տասնըհինգ կանգուն, անոնց սիւները երեք ու անոնց խարիսխները երեք էին։16. Սրահին բոլոր վարագոյրները շուրջանակի մանուած բարակ քթանէ էին։17. Սիւներուն խարիսխները պղնձէ, սիւներուն ճանկերն ու անոնց կապերը արծաթէ եւ անոնց խոյակները արծաթապատ ու սրահին բոլոր սիւներն ալ արծաթէ կապերով էին։18. Սրահին դրանը վարագոյրը նկարագործ էր, կապուտակէ ու ծիրանեգոյնէ եւ կրկնակի կարմիրէ ու մանուած բարակ քթանէ. երկայնութիւնը՝ քսան կանգուն եւ լայնութեանը մէջի բարձրութիւնը, սրահին վարագոյրներուն համեմատ, հինգ կանգուն էր։19. Անոնց սիւները չորս ու անոնց պղնձէ խարիսխները չորս էին։ Անոնց ճանկերը արծաթէ եւ անոնց խոյակները արծաթապատ ու կապերը արծաթ էին։20. Խորանին ու շուրջանակի սրահին բոլոր ցիցերը պղնձէ էին։21. Ասիկա է խորանին, այսինքն վկայութեան խորանին հաշիւը, որ Մովսէսին պատուիրածին պէս՝ Ղեւտացիներուն պաշտամունքին համար Ահարոն քահանային որդի Իթամարին ձեռքով հաշուըուեցաւ։22. Յուդային ցեղէն Ովրի որդիին Ուրիի որդին Բեսելիէլ ըրաւ այն ամէնը, որ Տէրը Մովսէսին պատուիրեց։23. Վարպետ քանդակագործը, կապուտակով ու ծիրանեգոյն եւ կրկնակի կարմիրով ու բարակ քթանով նկարագործողը, Դանի ցեղէն Աքիսամայի որդին Ոողիաբ, անոր հետ էր։24. Այս շինուածքին համար գործածուած բոլոր ոսկին, այսինքն սրբարանին բոլոր շինուածքին նուիրուած ոսկին, սրբարանին սիկղին համեմատ, քսանըինը տաղանդ ու եօթը հարիւր երեսուն սիկղ էր։25. Ժողովէն համրուողներուն արծաթը, սրբարանին սիկղին համեմատ, հարիւր տաղանդ ու հազար եօթը հարիւր եօթանասունըհինգ սիկղ էր։26. Քսան տարեկանէն վեր համրուելու համար անցնողներէն ամէն մէկը պէգա մը, այսինքն սրբարանին սիկղին համեմատ, կէս սիկղ տուաւ, վեց հարիւր երեք հազար հինգ հարիւր յիսուն մարդիկ անցան։27. Սրբարանին խարիսխները ու վարագոյրին խարիսխները ձուլելու համար հարիւր տաղանդ հաշուելով՝ հարիւր տաղանդէն հարիւր խարիսխ շինուեցաւ։28. Հազար եօթը հարիւր եօթանասունըհինգ սիկղ արծաթով սիւներուն ճանկերը շինեց ու անոնց խոյակները պատեց եւ զանոնք կապեց։29. Նուիրուած պղինձը եօթանասուն տաղանդ ու երկու հազար չորս հարիւր սիկղ էր։30. Անով վկայութեան խորանին դրանը խարիսխներն ու պղնձէ սեղանը եւ անոր պղնձէ կասկարան ու սեղանին բոլոր գործիքները31. Եւ շուրջանակի սրահին խարիսխներն ու սրահին դրանը խարիսխները եւ խորանին բոլոր ցիցերն ու շուրջանակի սրահին բոլոր ցիցերը շինեց։Սաղմոսներ 22:9-159. Բայց զիս մօրս արգանդէն հանողը դուն ես. Մօրս ծիծը եղած ատենս դուն ինծի յոյս տուիր։10. Արգանդէն ես քեզի յանձնուեցայ. Իմ մօրս որովայնէն դուն ես իմ Աստուածս։11. Մի՛ հեռանար ինծմէ, վասն զի նեղութիւնը մօտ է, Վասն զի օգնող մը չկայ։12. Շատ զուարակներ չորս կողմս առին, Բասանի ցուլերը զիս պաշարեցին։13. Իրենց բերանը իմ վրաս բացին՝ Յափշտակող ու մռնչող առիւծի պէս ։14. Ջուրի պէս թափուեցայ Ու բոլոր ոսկորներս քակուեցան. Սիրտս մոմի պէս եղաւ, Հալեցաւ փորիս մէջ։15. Չորցաւ իմ ոյժս հողէ ամանի մը պէս Ու լեզուս քիմքիս փակաւ Եւ զիս մահուան հողը դրիր։Առակներ 8:12-2112. Ես եմ իմաստութիւնը եւ խոհականութեան մէջ կը բնակիմ Եւ խոհեմութեան գիտութիւնը ունիմ։13. Տէրոջը վախը չարութիւնը ատել կը նշանակէ, Հպարտութիւնը, ամբարտաւանութիւնը, չար ընթացքը Ու նենգաւոր բերանը կ’ատեմ։14. Խորհուրդը եւ խոհականութիւնը, Հանճարն ու զօրութիւնը իմս են։15. Թագաւորները ինծմով կը թագաւորեն Ու նախարարները ինծմով արդարութեան կանոններ կը դնեն։16. Ինծմով կ’իշխեն իշխանները, Ազնուականներն ու երկրին բոլոր դատաւորները։17. Ես կը սիրեմ զիս սիրողները։ Զիս կանուխ փնտռողները զիս կը գտնեն։18. Իմ քովս հարստութիւն ու փառք, Ընտիր ստացուածք եւ արդարութիւն կայ։19. Իմ պտուղս ոսկիէն ու զուտ ոսկիէն Եւ իմ արդիւնքս ընտիր արծաթէն աղէկ է։20. Ես արդարութեան ճամբուն մէջ, Իրաւունքի շաւիղներուն մէջ կը քալեմ,21. Որպէս զի զիս սիրողներուն ստացուածք պարգեւեմ՝ ՝, Անոնց գանձարանը լեցնեմ։Մատթեոս 26:51-7551. Յիսուսին հետ եղողներէն մէկը ձեռքը երկնցուց եւ իր սուրը հանելով՝ զարկաւ քահանայապետին ծառային եւ անոր ականջը մէկդի հանեց։52. Այն ատեն Յիսուս ըսաւ անոր. «Սուրդ տե՛ղը դարձուր, վասն զի բոլոր սուր առնողները՝ սուրով պիտի կորսուին։53. Կը կարծես թէ չե՞մ կրնար հիմա իմ Հօրս աղաչել, որ ինծի հասցնէ տասներկու գունդէն աւելի հրեշտակներ։54. Բայց ի՞նչպէս պիտի կատարուին գրուածները, թէ պէտք է այսպէս ըլլայ»։55. Այն ատեն Յիսուս ըսաւ այն բազմութեանը. «Իբր թէ աւազակի՞ վրայ ելաք սուրերով ու բիրերով զիս բռնելու։ Ամէն օր տաճարին մէջ ձեզի հետ կը նստէի ու կը սորվեցնէի եւ զիս չբռնեցիք։56. Բայց այս ամէն բաները եղան, որպէս զի կատարուին մարգարէներուն գրքերը»։ Այն ատեն բոլոր աշակերտները թողուցին զանիկա ու փախան։57. Անոնք որ Յիսուսը բռնեցին, Կայիափա քահանայապետին տարին, ուր դպիրները ու ծերերը ժողվուեր էին։58. Պետրոս հեռուէն անոր ետեւէն գնաց մինչեւ քահանայապետին գաւիթը ու ներս մտաւ, սպասաւորներուն հետ նստաւ, որպէս զի վերջը տեսնէ։59. Քահանայապետներն ու ծերերը եւ բոլոր ժողովը Յիսուսի դէմ սուտ վկայութիւն մը կը փնտռէին, որպէս զի զանիկա մեռցնեն.60. Բայց չգտան. թէեւ շատ սուտ վկաներ ալ եկան, կրկին չգտան։ Ետքը երկու սուտ վկայ եկան61. Ու ըսին թէ՝ «Ասիկա ըսաւ, ‘Ես կրնամ Աստուծոյ տաճարը քակել եւ զանիկա երեք օրուան մէջ շինել’»։62. Քահանայապետը ոտքի ելլելով՝ ըսաւ անոր. «Պատասխան մը չե՞ս տար. ի՞նչ կը վկայեն ասոնք քեզի դէմ»։63. Յիսուս լուռ կեցաւ։ Ուստի ելաւ քահանայապետը ու ըսաւ անոր. «Կենդանի Աստուծմով քեզ կ’երդմնցնեմ, որ մեզի ըսես, թէ դո՞ւն ես Քրիստոսը՝ Որդին Աստուծոյ»։64. Յիսուս ըսաւ անոր. «Դուն ըսիր. բայց կ’ըսեմ ձեզի, Ասկէ յետոյ պիտի տեսնէք Որդին մարդոյ Զօրութեան աջ կողմը նստած ու երկնքի ամպերուն վրայ եկած»։65. Այն ատեն քահանայապետը իր հանդերձները պատռեց ու ըսաւ. «Հայհոյութիւն ըրաւ. ալ ի՞նչ պէտք են մեզի վկաներ. ահա հիմա լսեցիք ատոր հայհոյութիւնը.66. Ձեզի ի՞նչպէս կ’երեւնայ»։ Անոնք պատասխան տուին ու ըսին. «Մահապարտ է»։67. Այն ատեն անոր երեսը թքնեցին, բռունցքով ծեծեցին զանիկա։ Ոմանք ալ ապտակ զարնելով՝ ըսին.68. ‘Մարգարէացիր մեզի, դո՛ւն, Քրիստո՛ս, ո՞վ է ան որ քեզի զարկաւ’»։69. Երբ Պետրոս դուրսը գաւիթը նստեր էր, աղախին մը եկաւ անոր ու ըսաւ. «Դուն ալ Գալիլիացի Յիսուսին հետ էիր»։70. Բայց անիկա ամենուն առջեւ ուրացաւ ու ըսաւ. «Չեմ գիտեր դուն ի՛նչ կը խօսիս»։71. Երբ դուռը ելաւ, ուրիշ աղախին մը զանիկա տեսաւ եւ հոն եղողներուն ըսաւ. «Ասիկա ալ Յիսուս Նազովրեցիին հետ էր»։72. Պետրոս նորէն երդում ընելով ուրացաւ, թէ՝ Ես այն մարդը չեմ ճանչնար։73. Քիչ մը յետոյ հոն եղողները եկան եւ ըսին Պետրոսին. «Արդարեւ դուն ալ անոնցմէ ես, վասն զի քու խօսուածքդ ալ քեզ կը յայտնէ»։74. Այն ատեն սկսաւ անիծել ու երդում ընել՝ ըսելով թէ՝ ‘Ես այն մարդը չեմ ճանչնար’։ Նոյն պահուն հաւը խօսեցաւ։75. Պետրոս միտքը բերաւ Յիսուսին խօսքը, որ իրեն ըսեր էր թէ՝ «Դեռ հաւը չխօսած՝ երեք անգամ պիտի ուրանաս զիս». ու դուրս ելլելով դառնապէս լացաւ։ Armenian Western Bible 1853 Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981