Աստվածաշունչը մեկ տարում
Փետրվար 14

1. Կապուտակէ ու ծիրանեգոյնէ եւ կրկնակի կարմիրէ շինեցին պաշտամունքի հանդերձները, սրբարանին մէջ պաշտօն կատարելու համար։ Ահարոնին համար սուրբ զգեստներ շինեցին, Տէրոջը՝ Մովսէսին պատուիրածին պէս։
2. Եփուտը շինեց ոսկիէ, կապուտակէ ու ծիրանեգոյնէ եւ կրկնակի կարմիրէ ու մանուած բարակ քթանէ։
3. Ոսկին ծեծելով բարակ թիթեղներ շինեցին եւ թելեր կտրեցին, որպէս զի կապուտակին, ծիրանեգոյնին եւ կրկնակի կարմիրին ու բարակ քթանին հետ վարպետութեամբ գործեն։
4. Կոճկուող վակասներ շինեցին անոր, այսինքն եփուտին, որ երկու ծայրէն կը կոճկուէր։
5. Եփուտին վրայ եղած ժապաւէնը նոյն նիւթէն էր. անոր գործին համեմատ, ոսկիէ, կապուտակէ ու ծիրանեգոյնէ եւ կրկնակի կարմիրէ ու մանուած բարակ քթանէ էր՝ Տէրոջը Մովսէսին պատուիրածին պէս։
6. Ոսկի խորշերու մէջ եղնգնաքարեր գամեցին ու անոնց վրայ Իսրայէլի որդիներուն անունները կնիք փորագրելու պէս՝ փորագրեցին։
7. Զանոնք եփուտին ուսերուն վրայ դրաւ, որպէս զի յիշատակի քարեր ըլլան Իսրայէլի որդիներուն, Տէրոջը Մովսէսին պատուիրածին պէս։
8. Եւ լանջապանակը ճարտարութեամբ եփուտին գործին պէս ոսկիէ, կապուտակէ ու ծիրանեգոյնէ եւ կրկնակի կարմիրէ ու մանուած բարակ քթանէ շինեց։
9. Քառակուսի, երկուքի ծալլուող, լանջապանակը՝ մէկ թիզ երկայնութեամբ ու մէկ թիզ լայնութեամբ, երկուքի ծալլուող։
10. Անոր վրայ չորս կարգ քարեր գամեցին։ Առաջին կարգը՝ սարդիոն, տպազիոն ու զմրուխտ։
11. Երկրորդ կարգը՝ կարկեհան, շափիւղայ ու ադամանդ էր։
12. Երրորդ կարգն էր գոճազմ, ակատ ու մեղեսիկ։
13. Չորրորդ կարգն էր ոսկեքար, եղնգնաքար ու յասպիս։ Ասոնք ոսկի խորշերու մէջ գամուած էին։
14. Քարերը Իսրայէլի որդիներուն անուններուն համեմատ, անոնց անուններուն պէս, տասներկու էին։ Իւրաքանչիւրին անունը՝ տասներկու ցեղերուն համեմատ՝ կնիք փորագրողի գործով փորագրուած էր։
15. Լանջապանակին վրայ զուտ ոսկիէ ոլորուած հիւսուած շղթաներ շինեցին։
16. Երկու ոսկի խորշ ու երկու ոսկի օղակ շինեցին։ Երկու օղակները լանջապանակին երկու ծայրերը դրին։
17. Լանջապանակին ծայրերը եղած երկու օղակներուն անցուցին երկու ոսկիէ հիւսուած շղթաներ։
18. Երկու հիւսուած շղթաներուն միւս երկու ծայրերը երկու խորշերուն անցուցին ու ասոնք եփուտին ուսերուն վրայ՝ անոր առջեւի կողմը դրին։
19. Ուրիշ երկու ոսկի օղակներ ալ շինեցին եւ զանոնք լանջապանակին ներսի կողմէն եփուտին կցուած եզերքին երկու ծայրերը դրին։
20. Ուրիշ երկու օղակներ ալ շինեցին ու զանոնք եփուտին երկու ուսերուն տակէն, անոր առջեւի կողմի կցուածքին մօտ, եփուտին ժապաւէնին վրայէն անցուցին։
21. Լանջապանակը իր օղակներէն՝ կապուտակէ շինուած լարով եփուտին օղակներուն կապեցին, որպէս զի եփուտին ժապաւէնին վրայ ըլլայ ու լանջապանակը եփուտին վրայէն չզատուի՝ Տէրոջը Մովսէսին պատուիրածին պէս։
22. Եփուտին պատմուճանը ոստայնանկի գործով բոլորովին կապուտակէ շինեց։
23. Պատմուճանին մէջտեղը զրահի ճեղքուածքին պէս ճեղքուածք մը կար ու ճեղքուածքին բոլորտիքը հիւսուած եզերք ունէր, որպէս զի չպատռի։
24. Պատմուճանին քղանցքներուն վրայ կապուտակէ ու ծիրանեգոյնէ, կրկնակի կարմիրէ ու մանուած բարակ քթանէ նուռեր շինեցին։
25. Զուտ ոսկիէ զանգակներ շինեցին ու զանոնք նուռերուն մէջտեղը, պատմուճանին քղանցքներուն վրայ շուրջանակի նուռերուն մէջ դրին։
26. Պատմուճանին քղանցքներուն վրայ շուրջանակի զանգակ մը ու նուռ մը կար, պաշտամունքի համար՝ Տէրոջը Մովսէսին պատուիրածին պէս։
27. Ահարոնին ու անոր որդիներուն համար բարակ քթանէ ոստայնանկի գործ՝ շապիկներ շինեցին։
28. Եւ խոյրը բարակ քթանէ ու հանդէսի ապարօշները բարակ քթանէ ու կտաւեղէն անդրավարտիքները մանուած բարակ քթանէ
29. Եւ գօտին մանուած բարակ քթանէ, կապուտակէ, ծիրանեգոյնէ եւ կրկնակի կարմիրէ նկարագործ շինեցին ՝ Տէրոջը Մովսէսին պատուիրածին պէս։
30. Սուրբ պսակին թիթեղը զուտ ոսկիէ շինեցին ու անոր վրայ կնիք փորագրելու պէս՝ ՍՐԲՈՒԹԻՒՆ ՏԵԱՌՆ գրեցին։
31. Անոր կապուտակ ժապաւէն մը անցուցին, որպէս զի վերէն խոյրին վրայ դրուի՝ Տէրոջը Մովսէսին պատուիրածին պէս։
32. Խորանին, այսինքն վկայութեան վրանին, բոլոր գործը լմնցաւ եւ Իսրայէլի որդիները Տէրոջը Մովսէսին բոլոր պատուիրածին պէս ըրին։ Այնպէս ըրին։
33. Խորանը Մովսէսին բերին՝ վրանը ու անոր բոլոր գործիքները, անոր ճարմանդները, անոր տախտակները, անոր նիգերը եւ անոր սիւներն ու խարիսխները
34. Եւ կարմիր ներկուած խոյի մորթերէ ծածկոցն ու թէհաշի մորթերէ եղած ծածկոցը եւ ծածկող վարագոյրը,
35. Վկայութեան տապանակն ու անոր ձողերը եւ քաւութիւնը,
36. Սեղանն ու անոր բոլոր անօթները եւ առաջաւորութեան հացը,
37. Զուտ ոսկիէ աշտանակը իր ճրագներովը, այսինքն կարգաւ դրուած ճրագներովն ու իր բոլոր գործիքներովը եւ լոյսի իւղը
38. Եւ ոսկի սեղանն ու օծման իւղը եւ անուշահոտ խունկն ու խորանին դրանը վարագոյրը,
39. Պղնձէ սեղանն ու անոր կասկարան, անոր ձողերը եւ անոր բոլոր գործիքները, աւազանն ու անոր խարիսխը,
40. Սրահին վարագոյրները, անոր սիւներն ու խարիսխները եւ սրահին դրանը վարագոյրը, անոր չուաններն ու ցիցերը եւ խորանին, այսինքն վկայութեան վրանին, պաշտամունքին համար եղած բոլոր կարասիները,
41. Սրբարանին մէջ պաշտամունքի համար՝ հանդերձներն ու Ահարոն քահանային սուրբ զգեստները եւ անոր որդիներուն զգեստները, որպէս զի քահանայութիւն ընեն։
42. Այն ամենուն պէս, որոնք Տէրը Մովսէսին պատուիրեց, այսպէս լրացուցին Իսրայէլի որդիները բոլոր գործը։
43. Մովսէս բոլոր շինուածքին նայեցաւ եւ ահա Տէրոջը պատուիրածին պէս շինած էին։ Մովսէս օրհնեց զանոնք։
1. Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով.
2. «Առաջին ամսուան առաջին օրը կանգնեցուր խորանը, այսինքն վկայութեան վրանը
3. Եւ անոր մէջ դի՛ր վկայութեան տապանակը ու վարագոյրով ծածկէ՛ զայն։
4. Սեղանը ներս բե՛ր ու անոր վրայ շարուելու հացերը շարէ՛ եւ աշտանակը ներս բե՛ր ու անոր ճրագները վառէ՛։
5. Վկայութեան տապանակին առջեւ դի՛ր խունկին ոսկի սեղանը ու խորանին վարագոյրը դի՛ր։
6. Խորանին, այսինքն վկայութեան վրանին դրանը առջեւ ողջակէզի սեղանը դի՛ր։
7. Վկայութեան վրանին ու սեղանին մէջտեղ դի՛ր աւազանը ու անոր մէջ ջուր դի՛ր։
8. Շուրջանակի սրահը կանգնեցո՛ւր ու սրահին դրանը վարագոյրը դի՛ր։
9. Օծման իւղը ա՛ռ ու խորանը եւ անոր մէջ եղած ամէն բաները օծէ՛ եւ զանիկա ու անոր ամէն անօթները սրբէ՛, որպէս զի սուրբ ըլլան։
10. Ողջակէզի սեղանը ու անոր բոլոր գործիքները օծէ՛, ու սեղանը՝ սրբէ՛ եւ սեղանը ամենասուրբ թող ըլլայ։
11. Աւազանը ու անոր խարիսխը օծէ՛ ու սրբէ՛ զանիկա։
12. Ահարոնը ու անոր որդիները վկայութեան խորանին դրանը մօտեցո՛ւր ու զանոնք ջրով լուա՛։
13. Ահարոնին հագցո՛ւր սուրբ զգեստները ու օծէ՛ զանիկա եւ սրբէ՛ զանիկա, որպէս զի ինծի քահանայութիւն ընէ։
14. Անոր որդիներն ալ մօտեցո՛ւր ու անոնց շապիկներ հագցո՛ւր։
15. Անոնց հայրը օծածիդ պէս օծէ՛ զանոնք, որպէս զի ինծի քահանայութիւն ընեն։ Անոնց օծումը իրենց ազգերուն մէջ յաւիտենական քահանայութեան համար թող ըլլայ»։
16. Մովսէս Տէրոջը իրեն բոլոր պատուիրածին պէս ըրաւ՝ այնպէս ըրաւ։
17. Երկրորդ տարին, առաջին ամսուան առաջին օրը, խորանը կանգնուեցաւ։
18. Մովսէս կանգնեցուց խորանը ու անոր խարիսխները դրաւ եւ անոր տախտակները կանգնեցուց ու անոր նիգերը անցուց ու սիւները կանգնեցուց։
19. Խորանին վրայ տարածեց վրանը ու վերէն վրանին ծածկոցը անոր վրայ դրաւ, ինչպէս Տէրը Մովսէսին պատուիրեր էր։
20. Վկայութիւնը առաւ ու տապանակին մէջ դրաւ եւ ձողերը տապանակին վրայ անցուց ու վերէն տապանակին վրայ քաւութիւնը դրաւ։
21. Տապանակը խորանին մէջ բերաւ ու ծածկող վարագոյրը դրաւ եւ վկայութեան տապանակը ծածկեց՝ ինչպէս Տէրը Մովսէսին պատուիրեր էր։
22. Վկայութեան վրանին մէջ, խորանին հիւսիսային կողմը, վարագոյրին դուրսիդին դրաւ սեղանը։
23. Անոր վրայ հացերը շարեց Տէրոջը առջեւ, ինչպէս Տէրը Մովսէսին պատուիրեր էր։
24. Վկայութեան վրանին մէջ, սեղանին դէմ, խորանին հարաւային կողմը դրաւ աշտանակը։
25. Տէրոջը առջեւ ճրագները վառեց, ինչպէս Տէրը Մովսէսին պատուիրեր էր։
26. Վկայութեան վրանին մէջ վարագոյրին առջեւ դրաւ ոսկի սեղանը
27. Եւ անոր վրայ անուշահոտ խունկ ծխեց, ինչպէս Տէրը Մովսէսին պատուիրեր էր։
28. Խորանին դրանը վարագոյրը դրաւ։
29. Եւ խորանին, այսինքն վկայութեան վրանին, դրանը քով ողջակէզին սեղանը դրաւ ու անոր վրայ ողջակէզը ու հացի ընծան մատուցանեց, ինչպէս Տէրը Մովսէսին պատուիրեր էր։
30. Վկայութեան վրանին ու սեղանին մէջտեղ դրաւ աւազանը եւ անոր մէջ լուացուելու համար ջուր դրաւ։
31. Մովսէս ու Ահարոն եւ անոր որդիները իրենց ձեռքերն ու ոտքերը անկէ կը լուային։
32. Վկայութեան վրանը մտած ատեննին եւ սեղանին մօտենալու ատեննին կը լուացուէին, ինչպէս Տէրը Մովսէսին պատուիրեր էր։
33. Խորանին ու սեղանին բոլորտիքը սրահը կանգնեցուց եւ սրահին դրանը վարագոյրը դրաւ։ Այսպէս Մովսէս բոլոր գործը լմնցուց։
34. Ամպ մը ծածկեց վկայութեան վրանը եւ Տէրոջը փառքը լեցուց խորանը։
35. Մովսէս չէր կրնար մտնել վկայութեան վրանը վասն զի ամպը անոր վրայ կը կենար ու Տէրոջը փառքը լեցուցեր էր խորանը։
36. Իսրայէլի որդիները իրենց բոլոր ճամբորդութիւններուն մէջ՝ երբ ամպը խորանին վրայէն վերնար, այն ատեն կը չուէին։
37. Եթէ ամպը չվերնար, մինչեւ անոր վերնալու օրը չէին չուեր։
38. Քանզի ցորեկը Տէրոջը ամպը խորանին վրայ էր եւ գիշերը անոր վրայ կրակ կար, Իսրայէլի բոլոր ժողովուրդին առջեւ՝ իրենց բոլոր ճամբորդութիւններուն մէջ։
16. Վասն զի շուները չորս կողմս առին, Չարերուն ժողովը զիս պատեց, Ձեռքերս ու ոտքերս ծակեցին։
17. Իմ բոլոր ոսկորներս կրնամ համրել. Անոնք կը նային, կը տեսնեն զիս։
18. Իմ հանդերձներս իրենց մէջ կը բաժնեն Ու պատմուճանիս վրայ վիճակ կը ձգեն։
19. Բայց դուն, ո՛վ Տէր, մի՛ հեռանար ինծմէ. Ո՛վ իմ զօրութիւնս, շուտով ինծի օգնութեան հասիր.
20. Իմ անձս սուրէն ազատէ Ու կեանքս՝ շանը ձեռքէն։
21. Փրկէ՛ զիս առիւծին բերնէն Ու վշտացած հոգիս՝ միեղջերուներուն եղջիւրներէն։
22. Տէրը զիս ստեղծեց իր գործը սկսելու ատեն, Երկիրը ստեղծելէ առաջ, Իր գործին սկիզբը,
23. Դարեր առաջ շինուեցայ։ Սկիզբէն, երկիրը կազմուելէն առաջ։
24. Անդունդները չեղած, Առատ ջուրերուն աղբիւրները չեղած ես ծնած էի։
25. Լեռները չտեղաւորուած, Բլուրներէն առաջ ես ծնած էի։
26. Տակաւին երկիրն ու դաշտերը Եւ աշխարհիս հողերը չստեղծուած,
27. Երբ երկինքները կը պատրաստէր Ու անդունդներուն երեսին վրայ կամար կը ձգէր, ես հոն էի։
28. Երբ վերի ամպերը կ’ուժովցնէր Եւ անդունդներուն աղբիւրները կը հաստատէր,
29. Երբ ծովուն կանոն կը դնէր, Որպէս զի ջուրերը իր հրամանէն դուրս չելլեն Ու երբ երկրի հիմերը կը ձգէր,
30. Այն ատեն ես անոր քով ճարտարապետ էի Եւ ամէն օր անոր զուարճութիւնն էի Ու միշտ անոր առջեւ կ’ուրախանայի։
31. Ես աշխարհի մէջ ու բնակելի երկրի վրայ կ’ուրախանայի Ու իմ զուարճութիւնս մարդոց որդիներուն հետ էր։
1. Առտուն, բոլոր քահանայապետներն ու ժողովուրդին ծերերը Յիսուսի դէմ խորհուրդ ըրին որ զանիկա մեռցնեն։
2. Կապելով զանիկա տարին Պոնտացի Պիղատոս կուսակալին ձեռքը տուին։
3. Այն ատեն Յուդա, որ զանիկա մատնեց, տեսնելով որ դատապարտուեցաւ, զղջաց ու երեսուն արծաթը ետ դարձուց քահանայապետներուն եւ ծերերուն
4. Ու ըսաւ. «Մեղա՜յ, անմեղ արիւն մատնեցի»։ Անոնք ըսին. «Մեզի ի՞նչ, դուն նայէ»։
5. Դրամը գանձանակին մէջ ձգեց ու դուրս ելաւ եւ գնաց ինքզինքը խեղդեց։
6. Քահանայապետներն ալ արծաթը առնելով՝ ըսին. «Արժան չէ ատիկա կորբանին մէջ՝ ՝ դնել, վասն զի արեան գին է»։
7. Ուստի խորհուրդ ըրին եւ անով բրուտին արտը ծախու առին՝ օտարներու գերեզմանատուն ըլլալու համար։
8. Այս պատճառաւ այն արտը «Արեան արտ» կոչուեցաւ մինչեւ այսօր։
9. Այն ատեն կատարուեցաւ Երեմիա մարգարէին միջոցով ըսուած խօսքը. «Եւ առին երեսուն արծաթը, գին կտրուածին գինը, որ Իսրայէլի որդիներէն ոմանք գին կտրեցին,
10. Ու տուին զանիկա բրուտին արտին, ինչպէս ինծի հրաման ըրաւ Տէրը»։
11. Յիսուս կուսակալին առջեւ կայնեցաւ. եւ կուսակալը հարցուց անոր ու ըսաւ. «Հրէից թագաւորը դո՞ւն ես»։ Եւ Յիսուս ըսաւ անոր. «Դուն կ’ըսես»։
12. Բայց քահանայապետներէն եւ ծերերէն ամբաստանուած ատենը բնաւ պատասխան մը չտուաւ։
13. Այն ատեն Պիղատոս ըսաւ անոր. «Չե՞ս լսեր թէ ո՛րչափ քեզի դէմ կը վկայեն ատոնք»։
14. Անոր ալ պատասխան չտուաւ, այնպէս որ շատ զարմացաւ կուսակալը։
15. Բայց կուսակալը սովորութիւն ունէր տօնին ատենը կապուած մը արձակելու ժողովուրդին, ով որ ուզէին։
16. Այն ատեն Բարաբբա անունով երեւելի բանտարկեալ մը ունէին։
17. Երբ ժողվուեցան, ըսաւ անոնց Պիղատոս. «Ո՞րը կ’ուզէք որ ձեզի արձակեմ. Բարաբբա՞ն, թէ Յիսուսը՝ որ Քրիստոս կ’ըսուի».
18. Քանզի գիտէր թէ նախանձի համար մատնեցին զանիկա։
19. Երբ անիկա ատեանը նստեր էր, անոր կինը մէկը ղրկեց անոր ու ըսաւ. «Դուն այն արդարին հետ գործ մի ունենար, վասն զի այսօր երազիս մէջ շատ դիպուածներ անցան գլխէս անոր համար»։
20. Քահանայապետները եւ ծերերը ժողովուրդը համոզեցին որ Բարաբբան խնդրեն ու Յիսուսը կորսնցնեն։
21. Կուսակալը կրկին խօսեցաւ ու ըսաւ անոնց. «Այս երկուքէն ո՞րը կ’ուզէք, որ ձեզի արձակեմ»։
22. Անոնք ըսին. «Բարաբբան»։ Ըսաւ անոնց Պիղատոս. «Հապա ի՞նչ ընեմ Յիսուսը, որ Քրիստոս կ’ըսուի»։
23. Ամէնքն ալ ըսին անոր. «Թող խաչուի»։ Եւ կուսակալը ըսաւ. «Բայց ի՞նչ չար գործ ըրաւ»։ Անոնք ա՛լ աւելի կ’աղաղակէին ու կ’ըսէին. «Թող խաչուի»։
24. Պիղատոս տեսնելով որ օգուտ մը չունի, հապա ա՛լ աւելի խռովութիւն կ’ըլլայ, ջուր առաւ, ձեռքերը լուաց ժողովուրդին առջեւ ու ըսաւ. «Ես այդ արդարին արիւնէն անպարտ եմ. դո՛ւք մտածեցէք»։
25. Բոլոր ժողովուրդը պատասխան տալով՝ ըսաւ. «Ատոր արիւնը մեր վրայ ու մեր որդիներուն վրայ ըլլայ»։
26. Ստիպուած՝ Բարաբբան արձակեց անոնց եւ Յիսուսը ծեծելով անոնց ձեռքը տուաւ, որպէս զի խաչուի։
Armenian Western Bible 1853
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ Bible Society in Lebanon, 1981