Աստվածաշունչը մեկ տարում Փետրվար 15Լեւիտիկոս 1:1-171. Տէրը կանչեց Մովսէսը վկայութեան խորանէն անոր ըսաւ.2. «Խօսէ՛ Իսրայէլի որդիներուն ու ըսէ՛ անոնց՝ ‘Եթէ ձեզմէ մէկը անասուններէն ընծայ մատուցանելու ըլլայ Տէրոջը, ձեր ընծան արջառներէն կամ հօտերէն մատուցանեցէք’։3. «Եթէ անոր ընծան արջառներէն ողջակէզ է, արու անարատ պէտք է մատուցանէ ու վկայութեան խորանին դրանը քով թող մատուցանէ զայն, Տէրոջը առջեւ ընդունելի ըլլալու համար։4. Իր ձեռքը ողջակէզին գլխուն վրայ թող դնէ՛, որպէս զի այն իրեն քաւութիւն ըլլալու համար ընդունելի ըլլայ։5. Զուարակը թող մորթէ Տէրոջը առջեւ ու Ահարոնին որդիները՝ քահանաները՝ արիւն թող մատուցանեն եւ վկայութեան խորանին դրանը քով եղած սեղանին վրայ շուրջանակի սրսկեն արիւնը։6. Ողջակէզին մորթը թող հանէ՛ ու կտոր կտոր ընէ՛ ողջակէզը ։7. Ահարոն քահանային որդիները սեղանին վրայ կրակ թող դնեն ու կրակին վրայ փայտեր շարեն։8. Ահարոնին որդիները՝ քահանաները՝ սեղանը եղած կրակին վրայ փայտերուն վրայի պէտք է շարեն կտորները, գլուխը ու ճարպը.9. Բայց անոր փորոտիքն ու ոտքերը ջրով պէտք է լուայ եւ քահանան բոլորը պէտք է այրէ սեղանին վրայ, ողջակէզ ու Տէրոջը անուշահոտ պատարագ ընելու համար։10. Եթէ անոր ողջակէզի ընծան հօտերէն, այսինքն ոչխարներէն կամ այծերէն է, արու անարատ պէտք է մատուցանէ։11. Պիտի մորթէ զանիկա Տէրոջը առջեւ՝ սեղանին հիւսիսային կողմը։ Ահարոնին որդիները՝ քահանաները՝ սեղանին վրայ շուրջանակի թող սրսկեն անոր արիւնը։12. Կտոր կտոր ընէ զայն գլխովը ու ճարպովը եւ քահանան սեղանը եղած կրակին վրայի փայտերուն վրայ շարէ զանոնք։13. Փորոտիքը ու ոտքերը ջրով լուայ։ Քահանան բոլորը թող բերէ ու սեղանին վրայ այրէ։ Ասիկա ողջակէզ ու անուշահոտ պատարագ մըն է Տէրոջը։14. Եւ եթէ ողջակէզի համար Տէրոջը մատուցանուելիք ընծան թռչուններէն է, այն ատեն անիկա իր ընծան տատրակներէն կամ աղաւնիի ձագերէն թող մատուցանէ։15. Եւ քահանան սեղանին մօտ բերէ զայն ու անոր գլուխը փրցնէ եւ սեղանին վրայ այրէ ու անոր արիւնը սեղանին մէկ քովը քամուի։16. Եւ անոր կտնառքը ու աղբը թող զատէ եւ սեղանին արեւելեան կողմը եղած մոխրանոցը նետէ։17. Եւ զանիկա թեւերէն պատռէ առանց զատելու ու քահանան այրէ զանիկա սեղանին վրայ, կրակին վրայի փայտերուն վրայ։ Ասիկա ողջակէզ ու անուշահոտ պատարագ է Տէրոջը։Լեւիտիկոս 2:1-161. «Երբ մէկը հացի ընծայ մատուցանելու ըլլայ Տէրոջը, ընծան բարակ ալիւրէ պէտք է ըլլայ ու անոր վրայ իւղ պէտք է թափէ եւ կնդրուկ դնէ վրան։2. Ահարոնին որդիներուն՝ քահանաներուն՝ թող բերէ զայն ու քահանան անկէ իր ձեռքը լեցուն անոր բարակ ալիւրէն ու իւղէն առնէ բոլոր կնդրուկին հետ մէկտեղ եւ քահանան յիշատակի համար սեղանին վրայ այրէ Տէրոջը անուշահոտ պատարագ ըլլալու համար։3. Եւ հացի ընծայէն մնացածը Ահարոնին ու անոր որդիներուն պիտի ըլլայ։ Ասիկա ամենասուրբ պատարագն է Տէրոջը։4. Եւ եթէ թոնիրին մէջ եփած հացի ընծայ մատուցանելու ըլլաս, բարակ ալիւրէ իւղով շաղուած անխմոր շօթեր կամ իւղով օծուած անխմոր լաւաշներ պէտք է ըլլայ։5. Եւ եթէ ընծադ տապակի վրայ եփուած հացի ընծայ է, բարակ ալիւրէ իւղով շաղուած անխմոր պէտք է ըլլայ։6. Կտոր կտոր կտրտէ՛ զայն ու վրան իւղ թափէ՛։ Ասիկա հացի ընծայ է։7. Եւ եթէ քու ընծադ սանի մէջ եփուած հացի ընծայ է, բարակ ալիւրէ իւղով պէտք է շինուի։8. Ասոնցմէ շինուած հացի ընծան Տէրոջը պէտք է տանիս ու քահանային ներկայացնես եւ ինք սեղանին մօտեցնէ զայն։9. Եւ քահանան ընծայէն յիշատակի մասը թող առնէ ու սեղանին վրայ այրէ՝ Տէրոջը անուշահոտ պատարագ ըլլալու։10. Եւ ընծայէն մնացածը Ահարոնին ու անոր որդիներուն պիտի ըլլայ։ Ասիկա սուրբ պատարագն է Տէրոջը։11. Հացի ընծան, որ դուք Տէրոջը պիտի մատուցանէք, բնաւ խմորեալ պէտք չէ ըլլայ. վասն զի պատարագի համար ամենեւին խմոր կամ մեղր պէտք չէ այրէք Տէրոջը։12. Ասոնք իբրեւ երախայրի պտուղի ընծայ պէտք է մատուցանէք Տէրոջը. բայց սեղանին վրայ թող չայրուին անուշահոտութեան համար։13. Եւ քու ամէն հացի ընծայիդ աղ պէտք է դնես ու քու հացի ընծայէդ քու Աստուծոյդ ուխտին աղը պակաս պէտք չէ ընէս։ Քու ամէն ընծաներուդ աղ ալ մատուցանէ։14. Եւ եթէ առաջին պտուղներուն ընծան մատուցանելու ըլլաս Տէրոջը, առաջին պտուղներուն ընծային համար՝ կրակով բոհրած թարմ հասկերէն ծեծուած ցորեն մատուցանէ՛։15. Եւ անոր վրայ իւղ թափէ՛ ու կնդրուկ դի՛ր։ Ասիկա հացի ընծայ է։16. Քահանան անոր ծեծուած ցորենէն ու անոր իւղէն, անոր բոլոր կնդրուկովը անոր յիշատակի մասը թող այրէ՛, Տէրոջը պատարագ ըլլալու համար։Սաղմոսներ 22:22-3122. Քու անունդ եղբայրներուս պիտի պատմեմ, Ժողովին մէջ քեզ պիտի գովեմ։23. Ո՛վ Տէրոջմէ վախցողներ, գովեցէ՛ք զանիկա. Ո՛վ Յակոբի զաւակներ, փառաւորեցէ՛ք զանիկա, Վախցէ՛ք անկէ, Իսրայէլի՛ զաւակներ։24. Վասն զի չանարգեց ու չքամահարեց տառապեալին տառապանքը Ու երեսը անկէ չդարձուց. Հապա իրեն կանչած ատենս լսեց։25. Քեզմով պիտի ըլլայ իմ գովութիւնս մեծ ժողովին մէջ. Իմ ուխտերս անկէ վախցողներուն առջեւ պիտի կատարեմ։26. Տնանկները պիտի ուտեն ու կշտանան. Տէրը պիտի գովեն զանիկա փնտռողները։ Ձեր սիրտը յաւիտեան պիտի ապրի։27. Պիտի յիշեն ու Տէրոջը դառնան երկրի ամէն ծայրերէն։ Ու քու առջեւդ երկրպագութիւն պիտի ընեն ազգերուն տոհմերը։28. Վասն զի թագաւորութիւնը Տէրոջն է Ու ան կը տիրէ ազգերուն վրայ։29. Երկրի բոլոր հպարտները երկրպագութիւն պիտի ընեն. Ամէն հողը իջնող ծունկ պիտի կրկնէ անոր առջեւ Ու ան ալ, որ իր անձը չի կրնար ապրեցնել։30. Զաւակը պիտի ծառայէ անոր։ Տէրոջը վրայով պիտի պատմուի յաջորդ սերունդին մէջ,31. Անոր արդարութիւնը պիտի պատմեն Այն ժողովուրդին, որ պիտի ծնանի։ Թէ այս բանը ա՛ն կատարեց։Առակներ 8:32-3632. Եւ հիմա, ո՛վ որդիներ, ինծի՛ մտիկ ըրէք, Վասն զի իմ ճամբաներս պահողները երջանիկ կ’ըլլան։33. Խրատի մտիկ ըրէք ու իմաստուն եղէ՛ք Ու զանիկա մի՛ մերժէք։34. Երանի՜ այն մարդուն, որ ինծի մտիկ կ’ընէ, Ամէն օր իմ դռներուս քով կը հսկէ Եւ իմ դրանդիքներս կը դիտէ։35. Վասն զի զիս գտնողը կեանք կը գտնէ Ու Տէրոջմէ շնորհք կը ստանայ։36. Բայց ինծի դէմ մեղանչողը իր հոգիին անիրաւութիւն կ’ընէ։ Բոլոր զիս ատողները մահը կը սիրեն։Մատթեոս 27:27-5427. Այն ատեն կուսակալին զինուորները պալատէն ներս առին Յիսուսը ու բոլոր զինուորներուն գունդը անոր վրայ ժողվեցին.28. Զանիկա մերկացնելով կարմիր վերարկու մը հագցուցին անոր,29. Ու փուշերէ պսակ մը հիւսելով՝ անոր գլուխը դրին ու եղէգ մը անոր աջ ձեռքը եւ անոր առջեւ ծունկի վրայ գալով կը ծաղրէին զանիկա ու կ’ըսէին. «Ողջո՜յն քեզ, Հրէից թագաւոր»։30. Եւ թքնելով անոր վրայ՝ եղէգը կ’առնէին ու անոր գլխուն կը զարնէին։31. Շարունակեցին ծաղրել զանիկա, վերարկուն վրայէն հանեցին ու իր հանդերձները հագցուցին անոր եւ տարին զանիկա խաչը հանելու։32. Դուրս ելլելով, Կիւրենացի մարդ մը գտան Սիմոն անունով, զանիկա պահակ բռնեցին որպէս զի անոր խաչը վերցնէ։33. Եկան Գողգոթա ըսուած տեղը, որ է գանկի տեղ։34. Լեղիով խառնուած քացախ տուին անոր, որպէս զի խմէ։ Երբ համը առաւ, խմել չուզեց։35. Զանիկա խաչը հանեցին եւ անոր հանդերձները վիճակով բաժնեցին. [որպէս զի մարգարէէն ըսուածը կատարուի, «Իմ հանդերձներս իրենց մէջ բաժնեցին եւ իմ պատմուճանիս վրայ վիճակ ձգեցին»]։36. Անոնք նստեր զանիկա կը պահէին։37. Անոր գլխուն վրայ իր յանցանքը գրուած դրին, թէ ‘Ասիկա է Յիսուս, Հրէից թագաւորը’։38. Այն ատեն անոր հետ երկու աւազակ խաչուեցան, մէկը անոր աջ կողմը ու մէկը ձախ կողմը։39. Անոնք որ կ’անցնէին՝ կը հայհոյէին անոր, գլուխնին կը շարժէին,40. Ու կ’ըսէին. «Դուն որ տաճարը կը քակէիր եւ երեք օրուան մէջ կը շինէիր, ինքզինքդ ազատէ։ Եթէ Աստուծոյ Որդին ես, իջիր այդ խաչէն»։41. Նոյնպէս ալ քահանայապետները դպիրներուն ու ծերերուն հետ ծաղրելով՝ կ’ըսէին.42. «Ուրիշները ազատեց, ինքզինք չի կրնար ազատել։ Եթէ Իսրայէլի թագաւոր է, թող հիմա իջնէ խաչէն եւ իրեն հաւատանք։43. Աստուծոյ յուսացեր է, հիմա թող փրկէ ատիկա՝ եթէ կ’ուզէ։ Վասն զի ըսաւ, թէ ‘Ես Որդի Աստուծոյ եմ’»։44. Իրեն հետ խաչուած աւազակներն ալ նոյնպէս կը նախատէին զանիկա։45. Վեցերորդ ժամէն մինչեւ իններորդ ժամը բոլոր երկրին վրայ խաւար եղաւ։46. Ժամը իննին ատենները Յիսուս մեծ ձայնով աղաղակեց ու ըսաւ. «Էլի՜, Էլի՜, լա՞մա սաբաքթանի». որ ըսել է՝ «Աստուա՜ծ իմ, Աստուա՜ծ իմ, ինչո՞ւ զիս թողուցիր».47. Անոնցմէ ոմանք որ հոն կայներ էին, երբ լսեցին՝ ըսին. «Ատիկա Եղիան կը կանչէ»։48. Շուտ մը անոնցմէ մէկը վազեց սպունգ մը առաւ՝ քացախով լեցուց ու եղէգի մը անցընելով տուաւ անոր որպէս զի խմէ։49. Միւսները ըսին. «Թո՛ղ տուր, տեսնենք թէ Եղիան պիտի գա՞յ ատիկա ազատելու»։50. Յիսուս դարձեալ մեծ ձայնով աղաղակեց ու հոգին աւանդեց։51. Ահա տաճարին վարագոյրը վերէն վար երկուքի ճեղքուեցաւ, երկիր շարժեցաւ, քարերը պատռեցան,52. Գերեզմանները բացուեցան ու շատ մը սուրբ ննջեցեալներու մարմիններ յարութիւն առին։53. Եւ գերեզմաններէն ելան անոր յարութենէն յետոյ, մտան սուրբ քաղաքը ու շատերու երեւցան։54. Բայց հարիւրապետը եւ անոր հետ Յիսուսը պահողները, երբ տեսան երկրաշարժը ու եղած բաները, շատ վախցան ու ըսին. «Արդարեւ ասիկա Որդի Աստուծոյ էր»։ Armenian Western Bible 1853 Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981