Աստվածաշունչը մեկ տարում
Փետրվար 16

1. «Եթէ մէկուն ընծան խաղաղութեան զոհ է, երբ առջառներէն մատուցանէ, արու ըլլայ կամ էգ, Տէրոջը առջեւ անարատ պէտք է ըլլայ։
2. Եւ իր ձեռքը իր ընծայած անասունին գլխուն վրայ թող դնէ ու վկայութեան խորանին դուռը մորթէ զայն եւ Ահարոնին որդիները՝ քահանաները՝ սեղանին շուրջը թող սրսկեն արիւնը։
3. Եւ խաղաղութեան զոհէն պատարագ թող մատուցանէ Տէրոջը, այսինքն փորոտիքը ծածկող ճարպը ու երկու փորոտիքին վրայ եղած բոլոր ճարպը։
4. Եւ երկու երիկամունքը ու կուշտին վրայ եղած ճարպը եւ լեարդին թաղանթը երիկամունքներով մէկտեղ պէտք է փրցնէ
5. Եւ Ահարոնին որդիները սեղանը եղած կրակին վրայի փայտերուն վրայ ողջակէզին հետ թող այրեն ասոնք, Տէրոջը անուշահոտ պատարագ ըլլալու համար։
6. Եւ եթէ խաղաղութեան զոհին համար Տէրոջը մատուցանելու ընծան հօտերէն է, արու ըլլայ կամ էգ, անարատ պէտք է ըլլայ։
7. Եթէ անիկա իր ընծային համար գառ մատուցանէ, Տէրոջը առջեւ թող բերէ զայն
8. Եւ ձեռքը իր ընծային գլխուն վրայ դնէ ու վկայութեան խորանին առջեւ մորթէ զայն եւ Ահարոնին որդիները սեղանին շուրջը թող սրսկեն անոր արիւնը։
9. Եւ խաղաղութեան զոհէն պատարագ թող մատուցանէ Տէրոջը, այսինքն անոր ճարպը ու բոլոր դմակը տակէն փրցնելով եւ փորոտիքը ծածկող ճարպը ու փորոտիքին վրայ եղած բոլոր ճարպը
10. Եւ երկու երիկամունքը ու կուշտին վրայ եղած ճարպը եւ լեարդին թաղանթը երիկամունքներով մէկտեղ թող փրցնէ։
11. Եւ քահանան սեղանին վրայ այրէ ասոնք Տէրոջը պատարագ ըլլալու համար։
12. Եւ եթէ անոր ընծան այծ է, Տէրոջը առջեւ թող բերէ զայն։
13. Եւ իր ձեռքը անոր գլխուն վրայ դնէ ու վկայութեան խորանին առջեւ մորթէ զայն եւ Ահարոնին որդիները շուրջը թող սրսկեն անոր արիւնը։
14. Եւ անիկա իր ընծայէն պատարագ թող մատուցանէ Տէրոջը, այսինքն փորոտիքը ծածկող ճարպը ու փորոտիքին վրայ եղած բոլոր ճարպը
15. Եւ երկու երիկամունքը ու կուշտին վրայ եղած ճարպը եւ լեարդին թաղանթը երիկամունքներով մէկտեղ թող փրցնէ։
16. Եւ քահանան սեղանին վրայ թող այրէ զանոնք, անուշահոտ պատարագ ըլլալու համար։ Բոլոր ճարպը Տէրոջն է։
17. Ձեր ազգերուն բոլոր բնակարաններուն մէջ յաւիտենական կանոն թող ըլլայ, որ ո՛չ ճարպ ուտէք, ո՛չ ալ արիւն»։
1. Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին ըսելով.
2. «Խօսէ՛ Իսրայէլի որդիներուն ու ըսէ, Եթէ անձ մը սխալմամբ մեղանչէ ու Տէրոջը բոլոր արգիլած բաներէն մէկը ընէ,
3. Եթէ օծուած քահանան ժողովուրդը յանցաւոր ընելու մեղք մը գործելու ըլլայ, իր գործած մեղքին համար արջառներէն անարատ զուարակ մը, իբր մեղքի պատարագ պէտք է մատուցանէ Տէրոջը
4. Եւ վկայութեան խորանին դուռը՝ Տէրոջը առջեւ թող բերէ զուարակը ու իր ձեռքը զուարակին գլխուն վրայ դնէ եւ Տէրոջը առջեւ մորթէ զուարակը։
5. Օծուած քահանան զուարակին արիւնէն թող առնէ ու վկայութեան խորանը բերէ։
6. Եւ քահանան իր մատը արիւնը թաթխէ ու Տէրոջը առջեւ, սրբարանին վարագոյրին առջեւ եօթը անգամ սրսկէ արիւնէն։
7. Եւ քահանան արիւնէն քիչ մը թող դնէ Տէրոջը առջեւ անուշահոտ խունկի սեղանին եղջիւրներուն վրայ որ վկայութեան խորանին մէջ է ու զուարակին մնացած բոլոր արիւնը վկայութեան խորանին դրանը քով եղած ողջակէզի սեղանին յատակը թող թափէ։
8. Մեղքի պատարագ եղած զուարակին բոլոր ճարպը, այսինքն փորոտիքը ծածկող ճարպը ու փորոտիքին վրայ եղած բոլոր ճարպը անկէ վերցնէ
9. Եւ երկու երիկամունքը ու կուշտին վրայ եղած ճարպը եւ լեարդին վրայի թաղանթը իր երիկամունքներովը մէկտեղ փրցնէ,
10. Խաղաղութեան զոհին արջառէն փրցուելուն պէս եւ քահանան ողջակէզի սեղանին վրայ թող այրէ զանոնք։
11. Եւ զուարակին մորթը ու անոր բոլոր միսը գլխովն ու ոտքերովը եւ անոր փորոտիքն ու աղբը,
12. Այսինքն բոլոր զուարակը, բանակէն դուրս մաքուր տեղ մը, մոխիր թափուած տեղը հանէ եւ փայտերու վրայ կրակով այրէ զայն։ Մոխիր թափուած տեղը թող այրուի։
13. Եւ եթէ Իսրայէլի բոլոր ժողովուրդը անգիտութեամբ սխալին՝ ՝ ու Տէրոջը բոլոր արգիլած բաներէն մէկը ընելով յանցաւոր ըլլան,
14. Երբ իմացուի այն ըրած մեղքերնին, ժողովուրդը մեղքի պատարագի համար արջառներէն զուարակ մը թող մատուցանէ ու վկայութեան խորանին առջեւ բերէ զանիկա։
15. Ժողովուրդին ծերերը Տէրոջը առջեւ իրենց ձեռքերը զուարակին գլխուն վրայ թող դնեն ու զուարակը թող մորթուի։
16. Եւ օծուած քահանան զուարակին արիւնէն վկայութեան խորանը բերէ։
17. Եւ քահանան իր մատը արիւնը թաթխէ ու Տէրոջը առջեւի վարագոյրին առջեւ եօթը անգամ սրսկէ։
18. Եւ արիւնէն քիչ մը վկայութեան խորանին մէջ Տէրոջը առջեւ եղած սեղանին եղջիւրներուն վրայ դնէ ու մնացած բոլոր արիւնը վկայութեան խորանին դրանը քով եղած ողջակէզի սեղանին յատակը թափէ։
19. Անոր բոլոր ճարպը թող վերցնէ անկէ ու սեղանին վրայ այրէ։
20. Եւ մեղքի պատարագ եղած զուարակին ինչպէս որ ըրաւ, այս զուարակին ալ այնպէս թող ընէ ու քահանան անոնց համար քաւութիւն ընէ, որ անոնց թողութիւն ըլլայ։
21. Եւ բանակէն դուրս թող հանէ զուարակը ու ինչպէս առաջին զուարակը այրեց, աս ալ այնպէս թող այրէ. ժողովուրդին համար մեղքի պատարագն է այս։
22. Երբ իշխան մը մեղք գործելու ըլլայ ու իր Տէր Աստուծոյն արգիլած բաներէն մէկը սխալմամբ ընելով յանցաւոր ըլլայ,
23. եթէ իր ըրած մեղքը իրեն իմացուի, իրեն համար այծերէն արու անարատ նոխազ մը իբր ընծայ թող բերէ
24. Եւ իր ձեռքը նոխազին գլխուն վրայ դնէ ու զանիկա Տէրոջը առջեւ ողջակէզին մորթուելու տեղը մորթէ։ Մեղքի պատարագ է այս։
25. Քահանան մեղքի պատարագին արիւնէն իր մատովը թող առնէ ու ողջակէզի սեղանին եղջիւրներուն վրայ դնէ եւ անոր մնացած արիւնը ողջակէզի սեղանին յատակը թափէ։
26. Եւ անոր բոլոր ճարպը խաղաղութեան զոհին ճարպին պէս սեղանին վրայ թող այրէ ու քահանան անոր մեղքին համար քաւութիւն ընէ, թողութիւն ըլլայ անոր։
27. Եւ եթէ երկրին ժողովուրդէն մէկը սխալմամբ մեղանչէ ու Տէրոջը արգիլած բաներէն մէկը ընելով յանցաւոր ըլլայ
28. Եւ եթէ իր ըրած մեղքը իրեն իմացուի, իր ըրած մեղքին համար իբր ընծայ այծերէն անարատ էգ այծ մը թող բերէ։
29. Եւ իր ձեռքը մեղքի պատարագին գլխուն վրայ դնէ ու մեղքի պատարագ եղած անասունը ողջակէզներուն մորթուելու տեղը մորթէ։
30. Եւ քահանան իր մատովը անոր արիւնէն թող առնէ ու ողջակէզի սեղանին եղջիւրներուն վրայ դնէ եւ մնացած բոլոր արիւնը սեղանին յատակը թափէ։
31. Անոր բոլոր ճարպը խաղաղութեան զոհին ճարպը փրցուելուն պէս թող փրցնէ ու քահանան այրէ զանիկա սեղանին վրայ անոյշ հոտի համար Տէրոջը առջեւ եւ քահանան անոր համար քաւութիւն ընէ, որ անոր թողութիւն ըլլայ։
32. Եւ եթէ մեղքի պատարագի համար գառ մատուցանելու ըլլայ, անարատ էգ մը թող բերէ
33. Եւ իր ձեռքը մեղքի պատարագին գլխուն վրայ դնէ ու ողջակէզներուն մորթուելու տեղը մեղքի պատարագի համար մորթէ զայն։
34. Եւ քահանան իր մատովը մեղքի պատարագին արիւնէն թող առնէ ու ողջակէզի սեղանին եղջիւրներուն վրայ դնէ եւ մնացած բոլոր արիւնը սեղանին յատակը թափէ։
35. Եւ խաղաղութեան զոհէն գառին ճարպը փրցուելուն պէս՝ ասոր բոլոր ճարպը թող փրցնէ ու քահանան սեղանին վրայ այրէ զայն՝ Տէրոջը պատարագներուն հետ եւ քահանան անոր ըրած մեղքին համար քաւութիւն ընէ, որ թողութիւն ըլլայ անոր։
1. Տէրը իմ հովիւս է. Ես բանի մը կարօտութիւն պիտի չունենամ։
2. Զիս խոտաւէտ արօտներու մէջ կը պառկեցնէ, Հանդարտ ջուրերու քով ինծի կ’առաջնորդէ։
3. Հոգիս կը նորոգէ։ Իր անուանը համար արդարութեան ճամբաներու մէջ կ’առաջնորդէ ինծի։
4. Թէեւ մահուան շուքի ձորին մէջ ալ պտըտիմ, Չարէն պիտի չվախնամ, Վասն զի դուն ինծի հետ ես, Քու ցուպդ ու գաւազանդ՝ անոնք զիս պիտի մխիթարեն։
5. Սեղան կը պատրաստես իմ առջեւս իմ թշնամիներուս դիմաց. Իմ գլուխս իւղով կ’օծես, Իմ բաժակս խիստ լեցուն է։
6. Յիրաւի բարերարութիւնն ու ողորմութիւնը ինծի հետ պիտի գան Կեանքիս բոլոր օրերուն մէջ Ու շատ օրեր Տէրոջը տունը պիտի բնակիմ։
1. Իմաստութիւնը իր տունը շինեց Ու իր եօթը սիւները կանգնեցուց,
2. Իր անասունները մորթեց, իր գինին խառնեց Ու իր սեղանը պատրաստեց։
3. Անիկա իր աղախինները ղրկեց, Որ քաղաքին բարձր տեղերը կանչեն.
4. «Ով որ պարզամիտ է, թող հոս գայ»։ Ու պակասամիտ եղողին ըսեն.
5. «Եկէ՛ք, իմ հացէս կերէ՛ք Ու խառնած գինիէս խմեցէ՛ք։
6. Յիմարութիւնը թողուցէ՛ք, որպէս զի ապրիք Ու խոհեմութեան ճամբուն մէջ քալեցէ՛ք»։
55. Հոն շատ կիներ կային, որոնք հեռուէն կը նայէին, որոնք Գալիլիայէն Յիսուսին ետեւէն եկան իրեն ծառայութիւն ընելու։
56. Անոնց մէջ էին Մարիամ Մագդաղենացին եւ Յակոբոսին ու Յովսէսին մայրը Մարիամը եւ Զեբեդէոսի որդիներուն մայրը։
57. Երբ իրիկուն եղաւ, Արիմաթիայէն հարուստ մարդ մը եկաւ, որուն անունը Յովսէփ էր, որ ինքն ալ Յիսուսի աշակերտ էր։
58. Ասիկա Պիղատոսին քով երթալով՝ Յիսուսին մարմինը խնդրեց. այն ատեն Պիղատոս հրաման ըրաւ որ մարմինը տրուի։
59. Յովսէփ մարմինը առաւ, մաքուր կտաւով փաթթեց,
60. Ու դրաւ իր նոր գերեզմանին մէջ՝ որ քարէ փորուած էր եւ գերեզմանին դուռը մեծ քար մը գլորելով՝ գնաց։
61. Հոն Մարիամ Մագդաղենացին եւ միւս Մարիամը՝ գերեզմանին դիմաց նստած էին։
62. Հետեւեալ օրը, որ ուրբաթէն յետոյ էր, քահանայապետներն ու փարիսեցիները ժողվուեցան Պիղատոսին քով
63. Ու ըսին. «Տէ՛ր, կը յիշենք թէ այն մոլորեցուցիչը իր կենդանութեան ատեն կ’ըսէր թէ՝ ‘Երեք օրէն յետոյ յարութիւն պիտի առնեմ’,
64. Ուստի հրաման ըրէ, որ մինչեւ երրորդ օրը գերեզմանին զգուշութիւն ընեն։ Չըլլայ թէ իր աշակերտները գիշերով գան զանիկա գողնան եւ ժողովուրդին ըսեն թէ՝ ‘Մեռելներէն յարութիւն առաւ’. ու ետքի մոլորութիւնը առաջինէն գէշ ըլլայ»։
65. Պիղատոս անոնց ըսաւ. «Դուք ունիք պահապան զինուորներ. գացէ՛ք, զգուշութիւն ըրէք, ինչպէս որ կ’ուզէք»։
66. Անոնք ալ գացին գերեզմանին զգուշութիւն ըրին, քարը կնքելով ու պահապան զինուորներ դնելով ։
Armenian Western Bible 1853
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ Bible Society in Lebanon, 1981