1. Եթէ մէկը հանրային դատարան կոչուի վկայութիւն տալու բանի մը համար որ տեսած ըլլայ կամ իմացած եւ չյայտնէ իր գիտցածը, կը մեղանչէ եւ իր յանցանքը պիտի կրէ։
2. Կամ անձ մը անմաքուր բանի մը կամ անմաքուր գազանի մը դիակին կամ անմաքուր անասունի մը դիակին կամ անմաքուր սողունի մը դիակին դպչելու ըլլայ, թէպէտեւ չգիտնալով, անիկա անմաքուր ու յանցաւոր պէտք է սեպուի ։
3. Կամ մարդու անմաքրութեան, որեւիցէ անմաքրութեան, որ կրնայ պղծել մէկը, չգիտնալով դպչելու ըլլայ, երբ գիտնայ, այն ատեն յանցաւոր պիտի ըլլայ։
4. Կամ անձ մը չարիք կամ բարիք ընելու համար բերնովը անխորհրդաբար երդում ընելու ըլլայ, (ինչպէս մարդիկ երդումով անխորհրդաբար կը խօսին,) եթէ չգիտնալով ըլլայ, ինք զայն գիտցած ատեն ասոնց մէկուն մէջ յանցաւոր պիտի սեպուի։
5. Եւ եթէ այս բաներէն մէկուն մէջ յանցաւոր ըլլայ, անոր համար իր մեղք գործելը խոստովանի
6. Եւ իր ըրած մեղքին համար իր յանցանքին պատարագը, հօտերէն էգ մը, այսինքն էգ գառնուկ մը, կամ այծերէն էգ ուլ մը, մեղքի պատարագի համար թող բերէ Տէրոջը ու քահանան քաւութիւն թող ընէ անոր՝ իր մեղքին համար։
7. Եթէ ոչխար կամ այծ բերելու կարող չըլլայ, իր ըրած յանցանքին համար երկու տատրակ կամ աղաւնիի երկու ձագ թող բերէ Տէրոջը, մէկը՝ մեղքի պատարագ եւ միւսը ողջակէզ ըլլալու համար։
8. Քահանային պէտք է բերէ զանոնք ու անիկա նախ պիտի մատուցանէ մէկը, որ մեղքի պատարագ է եւ անոր գլուխը իր վիզէն չզատելով փրցնէ
9. Եւ մեղքի պատարագին արիւնէն սեղանին մէկ քովը թող սրսկէ ու մնացած արիւնը սեղանին յատակը թող քամուի. ասիկա մեղքի պատարագ է,
10. Իսկ միւսը՝ օրէնքին համաձայն թող ողջակիզէ ու քահանան անոր քաւութիւն ընէ անոր ըրած մեղքին համար եւ անոր թողութիւն ըլլայ։
11. Իսկ եթէ երկու տատրակ կամ աղաւնիի երկու ձագ բերելու ալ կարող չըլլայ, այն ատեն մեղք գործողը իր ընծային համար արդուի մը մէկ տասներորդ մասը բարակ ալիւր թող բերէ մեղքի պատարագի համար. անոր վրայ իւղ թող չդնէ, ո՛չ ալ կնդրուկ դնէ. վասն զի մեղքի պատարագ է այն։
12. Եւ քահանային թող բերէ զայն ու քահանան անկէ իր ձեռքը լեցուն անոր յիշատակին համար առնէ ու սեղանին վրայ այրէ Տէրոջը պատարագներուն հետ։ Մեղքի պատարագ է այն։
13. Եւ քահանան քաւութիւն թող ընէ անոր՝ իր ըրած մեղքին համար ու անոր թողութիւն ըլլայ եւ մնացածը հացի ընծայի պէս քահանային պէտք է ըլլայ»։
14. Եւ Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով.
15. «Եթէ մէկը յանցանք մը գործէ ու սխալմամբ Տէրոջը սուրբ բաներուն դէմ մեղք գործէ, իր յանցանքի պատարագին համար հօտերէն անարատ խոյ մը՝ թող քու որոշած արժէքին չափ արծաթի սիկղ բերէ։
16. Եւ սուրբ բաներուն մէջ իր ըրած վնասը թող հատուցանէ ու անոր վրայ հինգերորդ մաս մըն ալ աւելցնէ եւ քահանային տայ զայն։ Ու քահանան յանցանքի պատարագի խոյովը քաւութիւն ընէ անոր եւ թողութիւն ըլլայ անոր։
17. Եւ եթէ անձ մը մեղանչէ ու Տէրոջը բոլոր արգիլած բաներէն մէկը ընէ, թէեւ անգիտութեամբ, անիկա յանցաւոր է ու իր անօրէնութիւնը պէտք է կրէ։
18. Եւ քու որոշած արժէքիդ չափ յանցանքի պատարագի համար հօտերէն անարատ խոյ մը թող բերէ քահանային ու քահանան անոր համար քաւութիւն ընէ՝ անոր անգիտութեամբ սխալելուն համար եւ անոր թողութիւն ըլլայ։
19. Ասիկա յանցանքի պատարագ է։ Անիկա անշուշտ յանցաւոր եղած է Տէրոջը առջեւ»։
1. Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով.
2. «Եթէ անձ մը մեղանչէ ու Տէրոջը դէմ յանցանք մը գործէ եւ իր դրացիին սուտ խօսի աւանդի մը համար, կամ իր ձեռքը յանձնուած բանի մը համար եւ կամ յափշտակուած բանի մը համար, կամ իր դրացիին խարդախութիւն ընելու ըլլայ,
3. Կամ կորսուած բան մը գտնէ եւ ուրանալով սուտ տեղ երդում ընէ, բոլոր այս բաներէն ոեւէ մէկը, որ մարդ կրնայ ընել կամ մեղանչելու ըլլայ,
4. Այն ատեն մեղք գործելուն ու յանցաւոր ըլլալուն համար, բռնութեամբ յափշտակուած բանը, կամ խարդախութեամբ առած բանը, կամ իրեն յանձնուած աւանդը, կամ գտած կորուստը ետ պէտք է տայ.
5. Կամ այն ամէն բան որուն համար սուտ տեղ երդում ըրած է, անիկա լման պէտք է հատուցանէ ու անոր վրայ հինգերորդ մաս մը աւելցնէ եւ իր յանցանքին պատարագին օրը, որու որ կը վերաբերէր, անոր պէտք է տայ։
6. Եւ իր յանցանքին պատարագը Տէրոջը բերէ, այսինքն հօտերէն անարատ խոյ մը, քու որոշած արժէքին համեմատ, թող բերէ յանցանքի պատարագին համար։
7. Եւ քահանան անոր համար քաւութիւն թող ընէ Տէրոջը առջեւ եւ ինչ բանի համար որ յանցանք ըրած է, թողութիւն ըլլայ անոր»։
8. Եւ Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով.
9. «Պատուիրէ Ահարոնին որդիներուն ու ըսէ. Ողջակէզին օրէնքը այս է՝ ողջակէզը բոլոր գիշերը մինչեւ առտու սեղանը եղած կրակին վրայ թող մնայ ու սեղանին կրակը միշտ անոր մէջ վառուած թող մնայ։
10. Եւ քահանան իր քթանէ պատմուճանը թող հագնի եւ կրակով այրուած ողջակէզին մոխիրը սեղանին վրայէն վերցնէ ու սեղանին քով դնէ։
11. Եւ իր զգեստները հանէ եւ ուրիշ զգեստներ հագնի ու մոխիրը բանակէն դուրս մաքուր տեղ մը հանէ։
12. Եւ սեղանին վրայի կրակը անոր մէջ միշտ վառուած պէտք է ըլլայ ու չմարի եւ քահանան ամէն առտու անոր վրայ փայտեր այրէ ու անոր վրայ ողջակէզը շարէ եւ անոր վրայ խաղաղութեան զոհերուն ճարպը այրէ։
13. Կրակը սեղանին վրայ միշտ վառուած պէտք է ըլլայ ու չմարի։
14. Հացի ընծային օրէնքը այս է.Ահարոնին որդիները պիտի մատուցանեն զանիկա Տէրոջը սեղանին առջեւ։
15. Եւ իր ձեռքը թող լեցնէ անկէ, այսինքն հացի ընծային բարակ ալիւրէն ու անոր իւղէն եւ հացի ընծային վրայ եղած բոլոր կնդրուկէն վերցնէ եւ անոր յիշատակի մասը սեղանին վրայ անոյշ հոտի համար այրէ Տէրոջը։
16. Եւ անկէ մնացածը Ահարոն ու իր որդիները պիտի ուտեն։ Անխմոր հացեր շինուելով ՝ սուրբ տեղը պիտի ուտուի ան. վկայութեան խորանին սրահին մէջ ուտեն զայն։
17. Խմորով պիտի չեփուի. իմ պատարագներէս անոնց տուի զայն իրենց բաժին ըլլալու. այս մեղքի ու յանցանքի պատարագներու պէս ամենասուրբ է։
18. Ահարոնին որդիներուն բոլոր արուները պիտի ուտեն զայն. Տէրոջը պատարագներէն ձեր ազգերուն մէջ յաւիտենական կանոն ըլլայ այս, ամէն անոնց դպչողը սուրբ ըլլայ»։
19. Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով.
20. «Ահարոնին ու անոր որդիներուն օծուելու օրը Տէրոջը մատուցուելիք զոհերնին այս է՝ արդուին մէկ տասներորդ մասը բարակ ալիւր ամէն օրուան հացի ընծայի համար պէտք է մատուցանուի, կէսը առաւօտուն ու կէսը իրիկունը։
21. Տապակի մէջ եփելու համար իւղով պէտք է շինուի. լաւ խառնուած պիտի բերես զայն եւ հացի ընծային եփած կտորուանքը անոյշ հոտի համար Տէրոջը պիտի մատուցանես։
22. Եւ իր որդիներէն իր տեղը օծուելու քահանան պիտի մատուցանէ զայն. ասիկա Տէրոջը յաւիտենական կանոն ըլլալով՝ բոլորովին պիտի այրուի։
23. Եւ քահանային բոլոր հացի ընծան բոլորովին պիտի այրուի. պիտի չուտուի»։
1. Տէրոջն է երկիրն ու անոր լիութիւնը։ Աշխարհն ու անոր բնակիչները։