1. «Յանցանքի պատարագին օրէնքը այս է, որ ամենասուրբ է.
2. Ողջակէզը մորթած տեղերնին յանցանքի պատարագը պէտք է մորթեն եւ անոր արիւնը սեղանին շուրջը պէտք է սրսկէ։
3. Եւ անկէ բոլոր ճարպը, այսինքն դմակն ու փորոտիքը ծածկող ճարպը պէտք է մատուցանէ
4. Եւ երկու երիկամունքն ու կուշտին վրայ եղած ճարպը եւ լեարդին վրայի թաղանթը երիկամունքներով մէկտեղ պէտք է փրցնէ
5. Եւ քահանան սեղանին վրայ թող այրէ ասոնք՝ Տէրոջը պատարագ ըլլալու համար։ Ասիկա յանցանքի պատարագ է։
6. Քահանաներէն ամէն արու պէտք է ուտէ զայն. սուրբ տեղը պիտի ուտուի, քանզի ամենասուրբ է։
7. Մեղքի պատարագը ինչպէս որ կ’ըլլայ, յանցանքի պատարագն ալ այնպէս պէտք է ըլլայ։ Անոնց օրէնքը մէկ է։ Ան քաւութիւն ընող քահանային պիտի ըլլայ։
8. Եւ քահանայ մը, որ մէկուն ողջակէզ կը մատուցանէ, այդ քահանան իր մատուցանած ողջակէզին մորթը իրեն պէտք է առնէ։
9. Եւ թոնիրի մէջ եփուած ու սանի մէջ եւ տապակի վրայ շինուած բոլոր հացի ընծան, զանիկա մատուցանող քահանային պէտք է ըլլայ։
10. Ամէն իւղով շաղուած կամ առանց իւղի՝ ՝ հացի ընծան Ահարոնին բոլոր որդիներուն պէտք է ըլլայ։ Բոլորին բաժինը հաւասար ըլլալու է։
11. Տէրոջը մատուցանուելիք խաղաղութեան զոհին օրէնքը այս է՝
12. Եթէ շնորհակալութեան համար պիտի մատուցանէ զայն, այն ատեն շնորհակալութեան զոհին հետ իւղով շաղուած անխմոր շօթեր ու իւղով օծուած անխմոր լավաշներ եւ բարակ ալիւրէ իւղով շաղուած խառնուած շօթեր պէտք է մատուցանէ։
13. Շնորհակալութեան համար եղած իր խաղաղութեան զոհին շօթերէն զատ՝ խմորեալ հացէ ընծայ մը պէտք է մատուցանէ։
14. Եւ անկէ, այսինքն բոլոր ընծաներէն, մէկ հատ բարձրացնելու ընծայ պէտք է մատուցանէ Տէրոջը։ Ասիկա խաղաղութեան զոհին արիւնը սրսկող քահանային պիտի ըլլայ։
15. Եւ շնորհակալութեան համար՝ իր խաղաղութեան զոհին միսը մատուցուած օրը պէտք է ուտուի. անկէ մինչեւ առտու պէտք չէ մնայ։
16. Եւ եթէ իր ընծան ուխտի համար է կամ կամաւոր զոհ է, զոհը մատուցուած օրը պէտք է ուտուի ու մնացածը հետեւեալ օրը պէտք է ուտուի։
17. Զոհին միսէն երրորդ օրուան մնացածը կրակով թող այրուի։
18. Եթէ երրորդ օրը խաղաղութեան զոհին միսէն ուտուելու ըլլայ, ընդունելի պիտի չըլլայ։ Անիկա մատուցանողին զոհ պիտի չսեպուի, պղծութիւն պիտի ըլլայ ու անկէ ուտող անձը իր անօրէնութիւնը պիտի կրէ։
19. Ոեւէ տեսակ անմաքուր բանի դպած միս պէտք չէ ուտուի, կրակով պէտք է այրուի. սակայն ամէն մաքուր եղողը կրնայ ուտել խաղաղութեան զոհին միսէն։
20. Բայց այն անձը, որ իր անմաքրութիւնը իր վրայ ունենալով, Տէրոջը խաղաղութեան զոհէն միս ուտէ, այն անձը իր ժողովուրդէն պէտք է կորսուի։
21. Ոեւէ տեսակ անմաքուր բանի մը թէ՛ մարդու անմաքրութեան, թէ՛ անմաքուր անասունի եւ թէ՛ ամէն կերպ անմաքուր պիղծ բանի՝ ՝ մը դպչող անձը եթէ Տէրոջը խաղաղութեան զոհին միսէն ուտելու ըլլայ, այն անձը իր ժողովուրդէն պէտք է կորսուի»։
22. Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով.
23. «Խօսէ՛ Իսրայէլի որդիներուն ու ըսէ. Բնաւ արջառի կամ ոչխարի կամ այծի ճարպ մի՛ ուտէք։
24. Եւ մեռած անասունին ճարպը ամէն գործի մէջ կրնայ գործածուիլ, բայց անկէ բնաւ մի՛ ուտէք։
25. Քանզի ով որ Տէրոջը պատարագ մատուցուելու անասունին ճարպէն ուտելու ըլլայ, այն ուտող անձը իր ժողովուրդէն պէտք է կորսուի։
26. Ձեր բնակարաններուն մէջ բնաւ արիւն մի՛ ուտէք, թռչունի ըլլայ թէ անասունի։
27. Ով որ ոեւէ արիւն ուտէ, այն անձը իր ժողովուրդէն պէտք է կորսուի»։
28. Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով.
29. «Խօսէ՛ Իսրայէլի որդիներուն ու ըսէ. Իր խաղաղութեան զոհը Տէրոջը մատուցանողը իր խաղաղութեան զոհէն պէտք է ընծայէ Տէրոջը։
30. Տէրոջը պատարագները իր ձեռքովը պէտք է բերէ։ Երբուծով ճարպ պէտք է բերէ, որպէս զի երբուծը երերցնելու ընծայի համար երերցուի Տէրոջը առջեւ։
31. Քահանան ճարպը թող այրէ սեղանին վրայ. բայց երբուծը Ահարոնին ու անոր որդիներուն պէտք է ըլլայ։
32. Ձեր խաղաղութեան զոհերէն աջ զիստը քահանային պէտք է տաք՝ բարձրացնելու ընծայի համար։
33. Ահարոնի որդիներէն՝ խաղաղութեան զոհին արիւնը ու ճարպը ո՛վ որ մատուցանէ, աջ զիստը իրեն բաժինը պիտի ըլլայ։
34. Քանզի անոնց խաղաղութեան զոհերէն երերցնելու երբուծը եւ բարձրացնելու զիստը Իսրայէլի որդիներէն առի եւ զանոնք յաւիտենական կանոնով Իսրայէլի որդիներէն Ահարոն քահանային ու անոր որդիներուն տուի։
35. Ասիկա Տէրոջը պատարագներէն Ահարոնին եւ անոր որդիներուն իրենց օծման բաժին տրուեցաւ, զանոնք Տէրոջը քահանայութիւն ընելու մօտեցուցած օրը,
36. Որոնց օծուած օրը, Տէրը հրամայեց, որ Իսրայէլի որդիներէն անոնց տրուի։ Իրենց ցեղերուն յաւիտենական պարտքն է։
37. Ողջակէզին, հացի ընծային եւ մեղքի պատարագին եւ յանցանքի պատարագին ու օրհնութիւններուն եւ խաղաղութեան զոհին օրէնքը այս է,
38. Որը Տէրը պատուիրեց Մովսէսին Սինա լեռը, այն օրը երբ Իսրայէլի որդիներուն պատուիրեց իրենց ընծաները Տէրոջը մատուցանել Սինայի անապատին մէջ։
1. Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով.
2. «Ա՛ռ Ահարոնն ու անոր որդիները իրեն հետ եւ զգեստներն ու օծման իւղը եւ մեղքի պատարագին զուարակն ու երկու խոյերը եւ անխմոր հացին սակառը
3. Եւ հաւաքէ բոլոր ժողովուրդը մէկտեղ վկայութեան խորանին դուռը»։
4. Մովսէս Տէրոջը պատուիրածին պէս ըրաւ ու ժողովուրդը մէկտեղ հաւաքուեցաւ վկայութեան խորանին դուռը։
5. Եւ Մովսէս ըսաւ ժողովուրդին. «Այս է ինչ որ Տէրը պատուիրեց»։
6. Եւ Մովսէս մօտեցուց Ահարոնն ու անոր որդիները եւ զանոնք ջրով լուաց
7. Եւ անոր հագցուց շապիկը ու անոր մէջքը կապեց գօտին եւ պատմուճանը հագցուց անոր ու եփուտը անոր վրայ դրաւ ու եփուտին ժապաւէնովը փաթթեց ու անով գօտեւորեց զանիկա։
8. Եւ լանջապանակը անոր վրայ դրաւ ու լանջապանակին մէջ Ուրիմն ու Թումիմը դրաւ։
9. Եւ խոյրը անոր գլուխը դրաւ ու խոյրին վրայ անոր առջեւի կողմէն ոսկի թիթեղը, այսինքն սուրբ պսակը դրաւ, ինչպէս Տէրը Մովսէսին պատուիրած էր։
10. Մովսէս օծման իւղը առաւ ու խորանը եւ բոլոր անոր մէջ եղածները օծեց ու սրբեց զանոնք
11. Եւ անկէ սեղանին վրայ սրսկեց եօթը անգամ եւ սեղանն ու անոր բոլոր գործիքները եւ աւազանն ու անոր խարիսխը օծեց, զանոնք սրբելու համար։
12. Եւ օծման իւղէն Ահարոնին գլխուն վրայ թափելով՝ զանիկա սրբելու համար օծեց։
13. Եւ Մովսէս մօտեցուց Ահարոնին որդիները ու անոնց շապիկներ հագցուց եւ մէջքերնին գօտի կապեց ու անոնց գլուխը ապարօշներ փաթթեց, ինչպէս Տէրը Մովսէսին պատուիրած էր։
14. Եւ մեղքի պատարագին զուարակը մօտեցուց եւ Ահարոնն ու անոր որդիները իրենց ձեռքերը մեղքի պատարագ ըլլալիք զուարակին գլխուն վրայ դրին։
15. Մորթեց զանիկա եւ Մովսէս արիւնը առաւ ու իր մատովը սեղանին եղջիւրներուն շուրջը դնելով, մաքրեց սեղանը ու արիւնը սեղանին յատակը թափեց եւ անոր վրայ քաւութիւն ընելու համար սրբեց զայն։
16. Եւ փորոտիքին վրայ եղած բոլոր ճարպը եւ լեարդին թաղանթն ու երկու երիկամունքը եւ անոնց ճարպը առաւ ու Մովսէս սեղանին վրայ այրեց զանոնք ։
17. Բայց զուարակը, այսինքն անոր մորթը եւ միսը ու անոր աղբը, բանակէն դուրս կրակով այրեց, ինչպէս Տէրը իրեն պատուիրած էր։
18. Եւ ողջակէզին խոյը մօտեցուց։ Ահարոն ու անոր որդիները իրենց ձեռքերը խոյին գլխուն վրայ դրին։
19. Եւ մորթեց զանիկա եւ Մովսէս շուրջանակի սեղանին վրայ սրսկեց արիւնը
20. Եւ խոյը կտոր կտոր ըրաւ ու Մովսէս այրեց գլուխը եւ կտորներն ու ճարպը։
21. Փորոտիքն ու ոտքերը ջրով լուաց եւ Մովսէս բոլոր խոյը սեղանին վրայ այրեց։ Ասիկա ողջակէզ ու անուշահոտ պատարագ էր Տէրոջը, ինչպէս Տէրը Մովսէսին պատուիրեց։
22. Եւ մօտեցուց միւս խոյը, այսինքն օրհնութեան խոյը։ Ահարոն ու անոր որդիները իրենց ձեռքերը խոյին գլխուն վրայ դրին
23. Եւ մորթեց զանիկա ու Մովսէս անոր արիւնէն առաւ եւ Ահարոնին աջ ականջին բլթակին վրայ ու անոր աջ ձեռքին մեծ մատին վրայ եւ անոր աջ ոտքին մեծ մատին վրայ քսեց։
24. Ահարոնին որդիներն ալ մօտեցուց ու Մովսէս արիւնէն անոնց աջ ականջներուն բլթակներուն վրայ եւ անոնց աջ ձեռքերուն մեծ մատերուն վրայ ու անոնց աջ ոտքերուն մեծ մատերուն վրայ քսեց եւ Մովսէս սեղանին վրայ շուրջանակի սրսկեց մնացած արիւնը։
25. Եւ ճարպը, դմակն ու փորոտիքին վրայ եղած բոլոր ճարպը եւ լեարդին թաղանթն ու երկու երիկամունքը եւ անոնց ճարպն ու աջ զիստը առաւ
26. Եւ Տէրոջը առջեւ եղած անխմոր հացի սակառէն անխմոր շօթ մը, իւղով հացի շօթ մը ու լաւաշ մը առաւ եւ ճարպերուն վրայ ու աջ զստին վրայ դրաւ։
27. Եւ բոլորը Ահարոնին ու անոր որդիներուն ձեռքը դնելով՝ զանոնք Տէրոջը առջեւ իբր երերցնելու ընծայ մատուցանեց։
28. Եւ Մովսէս անոնց ձեռքէն առաւ զանոնք ու սեղանը եղած ողջակէզին վրայ այրեց։ Ասոնք օրհնութեան համար անուշահոտ պատարագ էին Տէրոջը։
29. Եւ Մովսէս երբուծը առաւ ու Տէրոջը առջեւ իբր երերցնելու ընծայ մատուցանեց։ Ասիկա օրհնութեան խոյէն Մովսէսին բաժինը եղաւ, ինչպէս Տէրը իրեն պատուիրած էր։
30. Եւ Մովսէս օծման իւղէն ու սեղանին վրայ եղած արիւնէն առնելով՝ Ահարոնին վրայ ու անոր հանդերձներուն վրայ եւ անոր որդիներուն վրայ ու անոր որդիներուն հանդերձներուն վրայ սրսկեց եւ Ահարոնն ու անոր հանդերձները եւ անոր որդիներն ու անոր որդիներուն հանդերձները սրսկեց։
31. Եւ Մովսէս ըսաւ Ահարոնին ու անոր որդիներուն. «Միսը վկայութեան խորանին դրանը քով եռացուցէք եւ հոն օրհնութեան սակառին մէջի հացերովը կերէք զանիկա, ինչպէս ինծի պատուիրուեցաւ՝ ՝, ըսելով թէ Ահարոնն ու անոր որդիները պիտի ուտեն զանոնք։
32. Եւ միսէն ու հացէն աւելցածը կրակով այրեցէ՛ք
33. Եւ եօթը օր վկայութեան խորանին դռնէն դուրս մի՛ ելլէք, մինչեւ ձեր օրհնութեան օրերուն վերջին օրը. վասն զի ձեր օրհնութիւնը եօթը օր պիտի ըլլայ։
34. Այս օրուան եղածին պէս, ձեզի համար քաւութիւն ընելու, Տէրը հրաման ըրաւ, որ այսպէս ընէք։
35. Ուստի ցորեկը ու գիշերը եօթը օր վկայութեան խորանին դրանը քով պիտի նստիք ու Տէրոջը պահպանութիւնը պիտի ընէք, որպէս զի չմեռնիք. քանզի այսպէս պատուիրուած է ինծի Տէրոջմէն »։
36. Եւ Ահարոնն ու անոր որդիները Տէրոջը Մովսէսին միջոցով պատուիրած բոլոր բաները ըրին։
7. Ո՛վ դռներ, գլուխնիդ վեր վերցուցէք Ու վերցուեցէ՛ք, ո՛վ յաւիտենական դռներ, Որպէս զի փառաց Թագաւորը մտնէ։
8. Ո՞վ է այս փառաց Թագաւորը, Կարող ու հզօր Տէրը, Պատերազմի մէջ հզօր Տէրը։
9. Ո՛վ դռներ, գլուխնիդ վեր վերցուցէք Ու վերցուեցէ՛ք, ո՛վ յաւիտենական դռներ, Որպէս զի փառաց Թագաւորը մտնէ։
10. Ո՞վ է այս փառաց Թագաւորը։ Զօրքերուն Տէրը, Ինքն է փառաց Թագաւորը։ (Սէլա։)
10. Իմաստութեան սկիզբը Տէրոջը վախն է Ու ամենասուրբին գիտութիւնը հանճար է։
11. Վասն զի քու օրերդ ինծմով պիտի շատնան Եւ քու կեանքիդ տարիները պիտի աւելնան։
12. Եթէ իմաստուն ես, քեզի համար իմաստուն ես Ու եթէ կը ծաղրես, անոր պատիժը միայն դուն պիտի կրես։
1. Աստուծոյ Որդիին Յիսուս Քրիստոսի աւետարանին սկիզբը։
2. Ինչպէս մարգարէներուն մէջ գրուած է. «Ահա ես իմ դեսպանս կը ղրկեմ քու երեսիդ առջեւէն, որ քու ճամբադ պատրաստէ առջեւդ»։