2. «Խօսէ՛ Ահարոնին ու անոր որդիներուն եւ Իսրայէլի բոլոր որդիներուն ու ըսէ անոնց. Այս բանն է, որ Տէրը պատուիրեց, ըսելով.
3. Իսրայէլի տունէն ով որ արջառ մը կամ ոչխար մը եւ կամ այծ մը բանակին մէջ մորթէ, կամ բանակէն դուրս մորթէ
4. Եւ Տէրոջը խորանին առջեւ Տէրոջը զոհ մատուցանելու համար վկայութեան խորանին առջեւ չբերէ, արիւնապարտութիւն պիտի սեպուի այն մարդուն. անիկա արիւն թափած է ու այն մարդը իր ժողովուրդին մէջէն պէտք է կորսուի,
5. Որպէս զի Իսրայէլի որդիները այն զոհերը որոնք հիմա դաշտի մէջ կը մորթեն, Տէրոջը բերեն, այսինքն վկայութեան խորանին դուռը՝ քահանային բերեն եւ խաղաղութեան զոհերու համար զանոնք Տէրոջը զոհեն։
6. Եւ քահանան պէտք է սրսկէ արիւնը վկայութեան խորանին դուռը՝ Տէրոջը սեղանին վրայ ու ճարպը անոյշ հոտի համար այրէ Տէրոջը առջեւ։
7. Եւ իրենց զոհերը ա՛լ թող չզոհեն դեւերուն, որոնց ետեւէն երթալով պոռնկութիւն ըրին։ Ասիկա անոնց յաւիտենական կանոն պէտք է ըլլայ իրենց սերունդին մէջ։
8. Եւ ըսէ՛ անոնց, Եթէ Իսրայէլի տունէն մէկը կամ ձեր մէջ պանդխտացած օտարականներէն մարդ մը ողջակէզ կամ զոհ մատուցանելու ըլլայ
9. Եւ զանիկա Տէրոջը մատուցանելու համար վկայութեան խորանին դուռը չբերէ, այն մարդը իր ժողովուրդին մէջէն պէտք է կորսուի։
10. Եթէ Իսրայէլի տունէն կամ ձեր մէջ պանդխտացած օտարականներէն մարդ մը ոեւէ արիւն ուտելու ըլլայ, ես այն արիւն ուտող անձին դէմ պիտի ըլլամ ու զանիկա իր ժողովուրդին մէջէն կոսնցնեմ.
11. Վասն զի մարմնին կենդանութիւնը արեան մէջ է եւ ես ձեզի տուի զայն, որպէս զի սեղանին վրայ ձեր հոգիներուն համար քաւութիւն ընէք. քանզի հոգիին համար քաւութիւն ընողը արիւնն է։
12. Անոր համար Իսրայէլի որդիներուն ըսի. ‘Ձեզմէ մէ՛կը արիւն չուտէ. ձեր մէջ պանդխտացած օտարականն ալ արիւն չուտէ՛’։
13. Եթէ Իսրայէլի որդիներէն կամ ձեր մէջ պանդխտացած օտարականէն մէկը ուտուելու անասուն կամ թռչուն մը որսալու ըլլայ, անոր արիւնը պէտք է թափէ ու հողով ծածկէ զայն։
14. Վասն զի ոեւէ մարմնի կենդանութիւնը իր արիւնն է։ Անիկա է բուն կենդանութիւնը, ուստի Իսրայէլի որդիներուն ըսի. ‘Բնաւ մարմնի մը արիւնը չուտէք’, քանզի ոեւէ մարմնի կենդանութիւնը իր արիւնն է. ով որ ուտէ՝ պէտք է կորսուի։
15. Եւ բնիկներէն կամ օտարականներէն՝ դիակ կամ գիշատուած ուտող ոեւէ մարդ իր լաթերը պէտք է լուայ ու ինք ջրով լուացուի, բայց մինչեւ իրիկուն անմաքուր ըլլայ ու ետքը մաքուր սեպուի.
16. Բայց եթէ չլուայ զանոնք եւ իր մարմինը չլուայ, այն ատեն իր անօրէնութիւնը պէտք է կրէ»։
1. Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով.
2. «Խօսէ՛ Իսրայէլի որդիներուն ու ըսէ՛ անոնց. Ես եմ Եհովա ձեր Աստուածը։
3. Մի՛ ընէք այնպէս, ինչպէս Եգիպտոսի մէջ կ’ընէին, ուր ժամանակ մը կ’ապրէիք, ո՛չ ալ ինչպէս Քանանի երկրին մէջ կ’ընեն, ուր ձեզ պիտի տանիմ, մի՛ ընէք ու անոնց կանոններուն համեմատ մի՛ քալէք։
4. Իմ պատուիրանքներս կատարեցէ՛ք եւ իմ կանոններս պահեցէք, որպէս զի անոնցմով քալէք։ Ես եմ Տէրը, ձեր Աստուածը։
5. Ուստի իմ կանոններս ու իմ պատուիրանքներս պէտք է պահէք, որոնք կատարող մարդը անոնցմով պիտի ապրի։ Ես եմ Տէրը։
6. Բնաւ մէկը իր մօտ ազգականին թող չմօտենայ՝ անոր մերկութիւնը բանալու համար։ Ես եմ Տէրը։
7. Քու հօրդ մերկութիւնը կամ քու մօրդ մերկութիւնը մի՛ բանար. անիկա քու մայրդ է, անոր մերկութիւնը մի՛ բանար.
8. Քու հօրդ կնոջ մերկութիւնը մի՛ բանար. անիկա քու հօրդ մերկութիւնն է։
9. Քու հօրդ աղջկան կամ քու մօրդ աղջկան, քու քրոջդ մերկութիւնը, տանը մէջ ծնած ըլլայ թէ դուրսը, անոր մերկութիւնը մի՛ բանար։
10. Քու որդիիդ աղջկան կամ քու աղջկանդ աղջկան մերկութիւնը՝ անոնց մերկութիւնը քուկդ է։
16. Քու եղբօրդ կնոջ մերկութիւնը մի՛ բանար. անիկա քու եղբօրդ մերկութիւնն է։
17. Կնոջ մը ու անոր աղջկան մերկութիւնը մի՛ բանար եւ անոր որդիին աղջիկը կամ անոր աղջկան աղջիկը մի՛ առներ՝ անոնց մերկութիւնը բանալու համար, անոնք անոր ազգականներն են. անօէնութիւն կ’ըլլայ։
18. Կին մը իր քրոջ հետ մի՛ առներ զանիկա իր կենդանութեան ատենը վշտացնելու համար՝ միւսին մերկութիւնը բանալով։
19. Իր անմաքրութեանը ատեն զատուած կնոջ մը մի՛ մօտենար՝ անոր մերկութիւնը բանալու։
20. Եւ զուգաւորութեան համար քու դրացիիդ կնոջը հետ մի՛ պառկիր, անոր հետ պղծուելով։
21. Քու սերունդէդ Մողոքի համար կրակէ անցընել մի՛ թողուր եւ քու Աստուծոյդ անունը մի՛ պղծեր։ Ես եմ Տէրը։
22. Եւ արուի հետ՝ կնոջ հետ պառկելու պէս մի՛ պառկիր՝ պղծութիւն է այդ։
23. Բնաւ անասունի մը հետ մի՛ զուգաւորուիր, անոր հետ պղծուելով ու բնաւ կին մը անասունի առջեւ չկայնի՝ անոր հետ զուգաւորուելու։ Գարշութիւն է այդ։
24. Ասոնցմէ ոեւէ մէկով բնաւ մի՛ պղծուիք, վասն զի ասոնցմով պղծուեցան այն ազգերը, որոնք ձեր առջեւէն պիտի վռնտեմ։
25. Այն երկրին պղծուելովը՝ անոր անզգամութիւնը պիտի պատժեմ ու այն երկիրը իր բնակիչները պիտի փսխէ։
26. Ուստի դուք իմ կանոններս ու պատուիրանքներս պահեցէ՛ք ու այս պղծութիւններէն մէ՛կն ալ մի՛ ընէք, ո՛չ բնիկը, ո՛չ ալ ձեր մէջ պանդխտացող օտարականը.
27. Որովհետեւ ձեզմէ առաջ եղած այն երկրին մարդիկը այս բոլոր պղծութիւնները ըրին ու այն երկիրը պղծուեցաւ։
28. Ուրեմն զգուշացէ՛ք, որ չըլլայ թէ այն երկիրը ձեզ ալ դուրս փսխէ զայն պղծած ատեննիդ, ինչպէս ձեզմէ առաջ եղած ազգերը փսխեց։
29. Քանզի ով որ այս պղծութիւններէն ոեւէ մէկը ընելու ըլլայ, զայն ընող անձերը իրենց ժողովուրդին մէջէն պէտք է կորսուին։
30. Ուստի իմ հրամաններս պահեցէ՛ք, որպէս զի ձեզմէ առաջ գործուած պիղծ սովորութիւններէն մէ՛կը չընէք ու անոնցմով չպղծուիք։ Ես եմ Տէրը՝ ձեր Աստուածը»։
1. Տէրը իմ լոյսս ու փրկութիւնս է, Ես որմէ՞ պիտի վախնամ։ Տէրը իմ կեանքիս ապաւէնն է, Ես որմէ՞ պիտի դողամ։
2. Չարերուն իմ մարմինս ուտելու համար ինծի մօտեցած ատենը՝ Իմ նեղիչներս ու թշնամիներս սահեցան ու ինկան։
3. Եթէ վրաս զօրքի բանակ ելլէ, Սիրտս պիտի չվախնայ։ Եթէ ինծի դէմ պատերազմի պատրաստութիւն ըլլայ, Դարձեալ ես վստահ պիտի ըլլամ։
9. Կատարելութեամբ քալողը ապահովութեամբ կը քալէ, Բայց իր ճամբաները ծռողը պիտի ճանչցուի։
21. Ապա ըսաւ անոնց. «Միթէ ճրագը գրուանին կամ մահիճին տա՞կ դրուելու համար կու գայ, չէ՞ որ աշտանակին վրայ դրուելու համար։
22. Վասն զի ծածուկ բան մը չկայ, որ պիտի չյայտնուի. եւ գաղտուկ բան մը չէ եղած, որ երեւան չելլէ։
23. Եթէ մէկը լսելու ականջ ունի, թող լսէ»։
24. Յետոյ ըսաւ անոնց. «Նայեցէք, ի՞նչ կը լսէք. ի՛նչ չափով որ դուք կը չափէք, նոյն չափովը պիտի չափուի ձեզի եւ ձեզի որ կը լսէք, պիտի աւելնայ։
25. Վասն զի ո՛վ որ ունի անոր պիտի տրուի. եւ ո՛վ որ չունի, ունեցածն ալ անկէ պիտի առնուի»։
26. Ապա կ’ըսէր. «Աստուծոյ թագաւորութիւնը այնպէս է, որպէս թէ մարդ մը հողին մէջ սերմ ցանէ
27. Ու քնանայ եւ արթննայ գիշեր ու ցորեկ եւ սերմը բուսնի ու մեծնայ ու ինք չի գիտեր թէ ի՛նչպէս։
28. Քանզի հողը ինքնիրմէ պտուղ կու տայ. առաջ խոտը, ետքը հասկը, անկէ ետք լեցուն ցորենը հասկին մէջ։
29. Երբ պտուղը հասուննայ մանգաղը գործի կ’սկսի վասն զի հունձքի ատենը հասած է»։
30. Ապա կ’ըսէր. «Աստուծոյ թագաւորութիւնը ի՞նչ բանի նմանցնենք կամ ի՞նչ առակով զանիկա բացատրենք։
31. Մանանեխի հատին նման է, որ հողին մէջ ցանուած ատենը՝ երկրի վրայ եղած սերմերուն ամենէն պզտիկն է,
32. Բայց երբ ցանուի, բուսնի, բոլոր ծառերէն ալ մեծ կ’ըլլայ ու մեծ ճիւղեր կ’արձակէ, այնպէս որ երկնքի թռչուններուն կը բաւէ անոր շուքին տակ բնակելու»։
33. Այսպէս շատ առակներով կը խօսէր անոնց, որչափ որ կրնային մտիկ ընել։
34. Առանց առակի բան մը չէր խօսեր անոնց, բայց առանձինն աշակերտներուն կը մեկնէր բոլորը։
35. Նոյն օրը երբ իրիկուն եղաւ, ըսաւ աշակերտներուն. « Եկէք ծովուն անդիի կողմը անցնինք»։
36. Անոնք ալ ժողովուրդը արձակելով՝ առին զինք, որ արդէն նաւուն մէջ էր. եւ ուրիշ նաւակներ ալ կային անոր հետ։
37. Մեծ փոթորիկ մը ելաւ եւ ալիքները նաւուն վրայ կու գային, այնպէս որ գրեթէ նաւը կը լեցուէր։
38. Ինք նաւուն ետեւի կողմը բարձի վրայ կը քնանար. արթնցուցին զանիկա եւ ըսին անոր. «Վա՛րդապետ, հոգդ չէ՞ որ կը կորսուինք»։
39. Ու ելլելով՝ սաստեց հովին եւ ծովուն ըսաւ. «Դադարէ՛, լո՛ւռ կեցիր»։ Հովը դադարեցաւ եւ մեծ խաղաղութիւն եղաւ։