6. Զոհը մատուցուած օրը եւ հետեւեալ օրն ալ կրնայ ուտուիլ, իսկ երրորդ օրուան մնացածը կրակով պէտք է այրուի։
7. Եւ եթէ երրորդ օրը անկէ ուտուելու ըլլայ, անիկա պիղծ է, պիտի չընդունուի։
8. Եւ զայն ուտողը իր անօրէնութիւնը պիտի կրէ, վասն զի Տէրոջը սուրբ բանը պղծեց, ուստի այն անձը իր ժողովուրդէն պէտք է կորսուի։
9. Երբ ձեր երկրին հունձքը հնձէք՝ արտին եզերքը լման մի՛ հնձէք ու հունձքէն ինկած հասկերը մի՛ հաւաքէք։
10. Ձեր այգիին ճռաքաղ մի՛ ընէք, այսինքն՝ այգիին մէջ մնացած ողկոյզները մի՛ քաղէք, զանոնք աղքատին ու օտարականին համար թողուցէք։ Ես եմ Տէրը՝ ձեր Աստուածը։
11. Գողութիւն մի՛ ընէք. սուտ մի՛ խօսիք եւ իրար մի՛ խաբէք։
12. Եւ իմ անունովս սուտ տեղը երդում մի՛ ընէք ու ձեր Աստուծոյն անունը մի՛ պղծէք։ Ես եմ Տէրը։
14. Խուլին մի՛ հայհոյէք ու կոյրին առջեւ խոչնդոտ մի՛ դնէք, հապա ձեր Աստուծմէն վախցէ՛ք։ Ես եմ Տէրը։
15. Դատաստանի մէջ անիրաւութիւն մի՛ ընէք. աղքատին աչառութիւն մի՛ ընէք եւ մեծը մի՛ շողոքորթէք. ձեր դրացին արդարութիւնով դատեցէ՛ք։
16. Ձեր ժողովուրդին մէջ չարախօսութիւն ընելու մի՛ պտըտիք. ձեր ընկերին արիւնը մի՛ մտնէք. Ես եմ Տէրը։
17. Եղբայրդ քու սրտիդ մէջ մի՛ ատեր. քու դրացիդ անպատճառ յանդիմանէ՛, որպէս զի անոր համար մեղք չկրես։
18. Վրէժ մի՛ առներ եւ քու ժողովուրդիդ որդիներուն դէմ ոխ մի՛ պահեր, հապա քու ընկերդ քու անձիդ պէս սիրէ՛։ Ես եմ Տէրը։
19. Իմ կանոններս պահեցէ՛ք. քու անասունիդ մէկ տեսակը ուրիշ տեսակի հետ զուգաւորել մի՛ տար. քու արտիդ մէջ զանազան սերմ մի՛ ցաներ եւ երկու նիւթէ գործուած այլախառն հանդերձ մի՛ հագնիր։
20. Եթէ մէկը գերի կնոջ մը հետ պառկելով զուգաւորութիւն ընէ ու անիկա մէկու մը նշանուած ըլլայ, բայց դեռ փրկուած չըլլայ, ոչ ալ անոր ազատութիւն տրուած ըլլայ, անոնք պէտք է հարցաքննուին. անոնք պիտի չմեռցուին, վասն զի կինը ազատ չէր։
21. Բայց մարդը իր յանցանքին պատարագը Տէրոջը թող բերէ վկայութեան խորանին դուռը, խոյ մը յանցանքի պատարագի համար։
22. Քահանան յանցանքի պատարագին խոյովը Տէրոջը առջեւ քաւութիւն թող ընէ անոր իր ըրած մեղքին համար եւ անոր ըրած մեղքը թող ներուի իրեն։
23. Երբ այն երկիրը մտնէք ու ամէն տեսակ ծառեր տնկէք՝ պտուղը ուտելու համար, այն ատեն անոր պտուղը չթլփատուածի պէս անմաքուր պէտք է սեպէք. անիկա ձեզի երեք տարի չթլփատուածի պէս սեպուելով պէտք չէ ուտուի։
24. Եւ չորրորդ տարին անոր բոլոր պտուղը Տէրը փառաւորելու համար սուրբ պիտի ըլլայ։
25. Բայց հինգերորդ տարին անոր պտուղը կրնաք ուտել, որպէս զի իր արդիւնքը ձեզի համար աւելցնէ։ Ես եմ Տէրը՝ ձեր Աստուածը։
37. Ուստի իմ բոլոր կանոններս ու իմ բոլոր կարգադրութիւններս պահեցէ՛ք եւ կատարեցէ՛ք զանոնք։ Ես եմ Տէրը»։
1. Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով.
2. «Նաեւ Իսրայէլի որդիներուն ըսէ՛. Իսրայէլի որդիներէն եւ Իսրայէլի մէջ պանդխտացող օտարականներէն ով որ իր զաւակներէն մէկը Մողոքին տայ, անշուշտ պէտք է մեռցուի։ Երկրին ժողովուրդը քարերով թող քարկոծեն զանիկա։
3. Եւ ես այն մարդուն դէմ պիտի ըլլամ ու զանիկա իր ժողովուրդին մէջէն կորսնցնեմ, վասն զի անիկա իր զաւակներէն մէկը Մողոքին տուած է՝ իմ սրբարանս պղծելու ու իմ սուրբ անունս անարգելու համար։
4. Եւ եթէ այն մարդը իր զաւակներէն մէկը Մողոքին տուած ատենը, երկրին ժողովուրդը չտեսնել ձեւացնելով զանիկա չմեռցնեն,
5. Այն ատեն ես այն մարդուն ու անոր ընտանիքին դէմ պիտի ըլլամ եւ զանիկա ու Մողոքին հետ պոռնկութիւն ընելու համար այն մարդուն ետեւէն բոլոր գացողները իրենց ժողովուրդին մէջէն պիտի կորսնցնեմ։
6. Եթէ մէկը վհուկներուն եւ հմայողներուն դառնայ՝ անոր դէմ ալ պիտի ըլլամ ու զանիկա իր ժողովուրդին մէջէն պիտի կորսնցնեմ,
7. Ուստի սրբեցէ՛ք ձեր անձերը ու սուրբ եղէ՛ք, քանզի ես եմ Տէրը՝ ձեր Աստուածը։
8. Իմ կանոններս պահեցէ՛ք ու կատարեցէ՛ք զանոնք։ Ես եմ Տէրը, որ ձեզ կը սրբեմ։
9. Ով որ իր հայրը կամ իր մայրը անիծէ, անշուշտ պէտք է մեռցուի. անիկա իր հայրը կամ իր մայրը անիծեց։ Անոր արիւնը իր վրայ ըլլայ։
10. Եւ ով որ ուրիշ մարդու մը կնոջ հետ շնութիւն ընէ, կամ իր դրացիին կնոջ հետ շնութիւն ընողը, անշուշտ պէտք է մեռցուի. շնացողն ալ շնացեալն ալ՝ պէտք է մեռցուին ։
11. Եւ ով որ իր հօրը կնոջ հետ պառկի, իր հօրը մերկութիւնը բացած կ’ըլլայ։ Անշուշտ երկուքն ալ պէտք է մեռցուին։ Անոնց արիւնը իրենց վրայ ըլլայ։
12. Եւ եթէ մարդ մը իր հարսին հետ պառկի, անշուշտ երկուքն ալ պէտք է մեռցուին։ Գարշելի գործ ըրին, անոնց արիւնը իրենց վրայ ըլլայ։
13. Եւ եթէ մարդ մը իր կնոջ հետ պառկելու պէս արուի հետ պառկի, երկուքն ալ պղծութիւն ըրին. անշուշտ պէտք է մեռցուին։ Անոնց արիւնը իրենց վրայ ըլլայ։
14. Եւ եթէ մարդ մը՝ կին մը ու անոր մայրը առնէ, անօրէնութիւն կ’ընէ։ Մարդն ալ, կիներն ալ կրակով պէտք է այրուին, որպէս զի ձեր մէջ անօրէնութիւն չըլլայ։
15. Եւ եթէ մարդ մը անասունի հետ պառկի, անշուշտ պէտք է մեռցուի ու անասունն ալ պէտք է սպաննէք։
16. Եւ եթէ կին մը որեւիցէ անասունի հետ զուգաւորուելու համար անոր մօտենայ, կինն ալ, անասունն ալ պէտք է սպաննուին։ Անոնք անշուշտ պէտք է մեռցուին։ Անոնց արիւնը իրենց վրայ ըլլայ։
17. Եւ եթէ մարդ մը իր քոյրը առնէ, իր հօրը աղջիկը կամ իր մօրը աղջիկը ու անոր մերկութիւնը տեսնէ ու աղջիկն ալ անոր մերկութիւնը տեսնէ, չարութիւն կ’ըլլայ. անոնք իրենց ժողովուրդին աչքին առջեւ պէտք է կորսուին։ Անիկա իր քրոջ մերկութիւնը բացաւ. իր անօրէնութեան պատիժը պէտք է կրէ։
18. Եւ եթէ մարդ մը իր դաշտանին մէջ եղող կնոջ մը հետ պառկի ու անոր մերկութիւնը բանայ, ինք անոր աղբիւրը բացաւ, կինն ալ իր արեան աղբիւրը բացաւ. երկուքն ալ իրենց ժողովուրդին մէջէն պէտք է կորսուին։
19. Քու մօրդ քրոջ կամ քու հօրդ քրոջ մերկութիւնը չբանաս. վասն զի եթէ մէկը իր ազգականին մերկութիւնը բանալու ըլլայ, երկուքն ալ իրենց անօրէնութեան պատիժը պէտք է կրեն։
20. Եւ եթէ մարդ մը իր հօրեղբօրը կնոջ հետ պառկի, իր հօրեղբօր մերկութիւնը բացած կ’ըլլայ։ Անոնք իրենց մեղքին պատիժը պիտի կրեն եւ անզաւակ մեռնին։
21. Եւ եթէ մարդ մը իր եղբօրը կինը առնէ, պղծութիւն է ան։ Անիկա իր եղբօրը մերկութիւնը կը բանայ։ Անզաւակ պիտի ըլլան։
22. Ուստի իմ բոլոր կանոններս եւ իմ բոլոր պատուիրանքներս պահեցէ՛ք ու կատարեցէ՛ք զանոնք, որպէս զի այն երկիրը, ուր ձեզ պիտի տանիմ բնակելու, դուրս չփսխէ ձեզ։
23. Մի՛ քալէք այն ազգերուն սովորութիւններովը, որոնք ձեր առջեւէն պիտի վռնտեմ. քանզի այս ամէն բաները ըրին անոնք ու ես զզուեցայ անոնցմէ
24. Եւ ըսի ձեզի. ‘Անոնց երկիրը դուք պիտի ժառանգէք ու ես զանիկա ձեզի պիտի տամ իբր ստացուածք, երկիր մը՝ ուր կաթ ու մեղր կը բղխի’։ Ես եմ Տէրը՝ ձեր Աստուածը, որ բոլոր ազգերէն զատեցի ձեզ։
25. Ուստի մաքուր ու անմաքուր անասուններուն մէջտեղ եւ մաքուր ու անմաքուր թռչուններուն մէջտեղ տարբերութիւն պէտք է դնէք եւ ձեր անձերը մի՛ պղծէք անասուններով կամ թռչուններով կամ գետնի վրայի ոեւէ սողունով, որոնք ե՛ս զատեցի ձեզի իբրեւ անմաքուր։
26. Եւ դուք սուրբ պիտի ըլլաք ինծի. քանզի ես՝ Տէրս՝ սուրբ եմ ու ձեզ միւս ազգերէն զատեցի, որպէս զի իմս ըլլաք։
27. Վհուկ կամ հմայող եղողը, թէ՛ այր ըլլայ թէ՛ կին, անշուշտ պէտք է մեռցուի. քարերով թող քարկոծեն զանոնք։ Անոնց արիւնը իրենց վրայ ըլլայ»։
4. Բան մը կը խնդրեմ Տէրոջմէն Ու ասիկա կ’աղաչեմ, Որ կեանքիս բոլոր օրերը Տէրոջը տանը մէջ բնակիմ՝ Տէրոջը վայելչութիւնը տեսնելու Ու անոր տաճարին մէջ զինք խնդրելու համար։
5. Վասն զի չար օրուան մէջ՝ Իր բնակարանին մէջ զիս պիտի պահէ, Իր վրանին ծածկոցովը զիս պիտի ծածկէ, Վէմի վրայ պիտի վերցնէ զիս։
6. Ու հիմա իմ գլուխս պիտի բարձրանայ Իմ բոլորտիքս եղող թշնամիներուս վրայ։ Ու անոր վրանին մէջ ուրախութեան ձայնով զոհեր պիտի մատուցանեմ, Պիտի երգեմ ու սաղմոս պիտի ըսեմ Տէրոջը։
7. Ո՛վ Տէր, ձայնս լսէ՛ կանչելու ատենս Ու ողորմէ՛ եւ պատասխան տուր ինծի։
8. «Իմ երեսս փնտռեցէք», ըսիր Իմ սիրտս ալ քեզի ըսաւ. «Քու երեսդ պիտի փնտռեմ, ո՛վ Տէր»։