1. Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Խօսէ՛ Ահարոնին որդիներուն՝ քահանաներուն՝ ու ըսէ անոնց. Քահանայ մը մէկուն մահուանը համար թող անմաքուր չըլլայ իր ժողովուրդին մէջ.
2. Բայց միայն իր մօտ ազգականին համար, այսինքն իր մօրն ու հօրը եւ իր որդիին ու իր աղջկան եւ իր եղբօրը համար
3. Եւ իր կոյս քրոջ համար, որ մօտն է ու էրկան տրուած չէ, կրնայ անմաքուր ըլլայ։
4. Անիկա իր ժողովուրդին մէջ գլխաւոր մարդ ըլլալով, անմաքուր թող չըլլայ՝ ինքզինք պղծելով։
5. Անոնք գլուխնին փետտելով թող կնտակ չըլլան եւ իրենց մօրուքին եզերքը չարծիլեն ու իրենց մարմնին վրայ կտրածներ չընեն։
6. Սուրբ թող ըլլան իրենց Աստուծոյն եւ իրենց Աստուծոյն անունը թող չպղծեն, վասն զի Տէրոջը պատարագներն ու իրենց Աստուծոյն հացը իրենք կը մատուցանեն. ուստի սուրբ պէտք է ըլլան։
7. Պոռնիկ կամ պղծուած կին թող չառնեն եւ իր այրէն արձակուած կին մը չառնեն. վասն զի քահանան սուրբ է իր Աստուծոյն։
8. Ուստի սրբէ՛ զանիկա, վասն զի քու Աստուծոյդ հացը ան կը մատուցանէ. ան սուրբ ըլլայ քեզի, քանզի ես Տէրս, որ ձեզ կը սրբեմ, սուրբ եմ։
9. Եւ եթէ քահանայի մը աղջիկը պոռնկութիւն ընելով պղծուելու ըլլայ, իր հայրը պղծուած կ’ըլլայ. անիկա կրակով պէտք է այրուի։
10. Իր եղբայրներէն մեծ եղող քահանան, որուն գլխուն վրայ օծման իւղը թափուած է ու օրհնուած է զգեստներ հագնելու, իր գլուխը պէտք չէ բանայ եւ իր լաթերը պէտք չէ պատռէ
11. Եւ մեռած մարդու մը քով պէտք չէ երթայ, ո՛չ ալ իր հօրը կամ իր մօրը համար անմաքուր ըլլայ։
12. Եւ սրբարանէն դուրս պէտք չէ ելլէ ու իր Աստուծոյն սրբարանը պէտք չէ պղծէ, վասն զի իր Աստուծոյն օծման իւղին պսակը իր վրայ է։ Ես եմ Տէրը։
13. Եւ անիկա կոյս մը կնութեան պէտք է առնէ։
14. Որբեւարի կամ արձակուած կամ պղծուած կամ բոզ պէտք չէ առնէ. հապա իր ժողովուրդէն կոյս մը առնելու է իբր կին,
15. Որպէս զի իր սերմը չպղծէ իր ժողովուրդին մէջ, վասն զի ես եմ Տէրը, որ կը սրբեմ զանիկա»։
16. Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով.
17. «Խօսէ՛ Ահարոնին ու ըսէ. Քու սերունդէդ իրենց ազգերուն մէջ ով որ իր վրայ արատ մը ունենայ, թող չմօտենայ Աստուծոյն հացը մատուցանելու.
18. Վասն զի արատ ունեցող մարդ մը բնաւ պէտք չէ մօտենայ. կոյր մարդը, կաղը, կամ կարճունչը, կամ իր անդամներուն մէջ աւելորդ բան մը ունեցողը՝ ՝,
19. Կամ ոտքը կոտրած, կամ ձեռքը կոտրած մարդը,
20. Կամ սապատողը, կամ թզուկը, կամ իր աչքին մէջ բիծ ունեցողը, կամ քոսոտը, կամ որքիւնոտը, կամ փոշտանկը.
21. Ահարոն քահանային սերունդէն արատ մը ունեցող մարդը Տէրոջը պատարագները մատուցանելու պէտք չէ մօտենայ, քանզի արատաւոր ըլլալով՝ իր Աստուծոյն հացը մատուցանելու պէտք չէ մօտենայ։
22. Անիկա իր Աստուծոյն հացը պիտի ուտէ, թէ՛ սրբութիւն սրբութեանց բաներէն եւ թէ՛ սուրբ բաներէն.
23. Միայն վարագոյրին կամ սեղանին պէտք չէ մօտենայ, վասն զի արատ ունի, որ իմ սուրբ բաներս չպղծէ, քանզի զանոնք սրբող Տէրը՝ ես եմ»։
24. Եւ Մովսէս խօսեցաւ այս բաները Ահարոնին ու անոր որդիներուն եւ Իսրայէլի բոլոր որդիներուն։
1. Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով.
2. «Խօսէ՛ Ահարոնին ու անոր որդիներուն՝ որ Իսրայէլի որդիներուն մատուցուած սուրբ բաներէն զգոյշ կենան եւ իմ սուրբ անունս չպղծեն այն բաներով, որոնք ինծի կը նուիրեն։ Ես եմ Տէրը։
3. Ըսէ՛ անոնց. ‘Ձեր բոլոր սերունդէն ձեր ազգերուն մէջ՝ ով որ իր անմաքրութիւնը իր վրայ ունենալով մօտենայ այն սուրբ բաներուն, որոնք Իսրայէլի որդիները կը նուիրեն Տէրոջը, այն անձը իմ առջեւէս պէտք է կորսուի։ Ես եմ Տէրը։
4. Ով որ Ահարոնի ցեղէն բորոտ ըլլայ, կամ ծորում ունենայ, սուրբ բաներէն պէտք չէ ուտէ մինչեւ իր մաքրուիլը եւ ով որ մեռելէ պղծուած բանի մը դպչի կամ մարդ մը, որուն զուգաւորութեան սերմը իրմէ ելած է,
5. Կամ ով որ դպչի ոեւէ սողունի մը որով կրնայ անմաքուր ըլլալ, կամ մարդու մը որմէ կրնայ անմաքուր ըլլալ, ոեւէ անմաքրութիւն որ անիկա կրնայ ունենալ,
6. Ասոնց դպչող մարդը մինչեւ իրիկուն անմաքուր պէտք է սեպուի եւ սուրբ բաներէն չուտէ, հապա իր մարմինը ջրով լուայ։
7. Բայց երբ արեգակը մարը մտնէ, մաքուր պէտք է սեպուի ու ետքը սուրբ բաներէն ուտէ, վասն զի անիկա իր հացն է։
8. Անիկա մեռած մը կամ գազանէ պատառուած մը պէտք չէ ուտէ, որպէս զի անով չպղծուի։ Ես եմ Տէրը։
9. Ուստի իմ պատուիրանքներս պէտք է պահեն, որպէս զի անոր համար մեղք չգործեն ու զայն պղծելնուն համար չմեռնին։ Ես եմ Տէրը, որ զանոնք կը սրբեմ։
10. Ոեւէ օտարական սուրբ բանէ պէտք չէ ուտէ. քահանային հիւրը կամ վարձկանն ալ սուրբ բանէ պէտք չէ ուտէ։
11. Բայց քահանային իր ստակով ծախու առած անձը ու իր տունը ծնածը անկէ կրնան ուտել։ Անոնք իր կերակուրէն կրնան ուտել։
12. Եթէ քահանային աղջիկը օտարականի մը հետ ամուսնանայ, անիկա նուիրուած սուրբ բաներէն պէտք չէ ուտէ։
13. Բայց եթէ քահանային աղջիկը որբեւարի կամ արձակուած ըլլայ ու զաւակ չունենայ եւ իր հօրը տունը դարձած ըլլայ, այն ատեն իր աղջկութեան ժամանակին պէս իր հօրը հացէն կրնայ ուտել, սակայն օտարական մը անկէ բնաւ պէտք չէ ուտէ։
14. Եթէ մարդ մը չգիտնալով սուրբ բանէ մը ուտէ, անոր վրայ արժէքին մէկ հինգերորդը թող աւելցնէ ու սուրբ բանովը մէկտեղ քահանային տայ.
15. Քահանան Իսրայէլի որդիներուն Տէրոջը մատուցուած սուրբ բաները պէտք չէ պղծէ
16. Ու իրենց սուրբ բաները ուտելով՝ յանցանքի անօրէնութիւնը իրենց վրայ պէտք չէ բերէն՝ ՝, վասն զի ես եմ Տէրը, որ զանոնք կը սրբեմ’»։
17. Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով.
18. «Խօսէ՛ Ահարոնին ու անոր որդիներուն եւ Իսրայէլի բոլոր որդիներուն ու ըսէ անոնց. Երբ Իսրայէլի տունէն կամ Իսրայէլի մէջ բնակող օտարականներէն մէկը իր զոհը ներկայացնէ որպէս ուխտի հատուցում կամ իբր կամաւոր ընծայ, որ Աստուծոյ մատուցուի որպէս ողջակէզ,
19. Պէտք է արու եւ անարատ արջառ մը, ոչխար մը կամ այծ մը ըլլայ, որպէս զի ընդունելի ըլլայ։
20. Արատ ունեցող մը բնաւ մի՛ մատուցանէք, վասն զի ընդունելի չըլլար։
21. Եւ ուխտ կատարելու համար կամ կամաւոր ընծայի համար, ով որ արջառներէն կամ ոչխարներէն Տէրոջը խաղաղութեան զոհ մատուցանելու ըլլայ, մատուցուածը անարատ պէտք է ըլլայ, որպէս զի ընդունուի. բնաւ արատ մը պէտք չէ ըլլայ անոր վրայ։
22. Կոյր կամ մէկ կողմը կոտրած կամ կտրուած կամ խաղաւարտ ունեցող կամ քոսոտ կամ որքիւնոտ եղածներէն Տէրոջը պէտք չէ մատուցանէք, ոչ ալ ասոնցմէ Տէրոջը պատարագի համար սեղանին վրայ պէտք է դնէք։
23. Բայց անդամներուն մէջ աւելորդ մաս մը կամ պակասութիւն ունեցող զուարակը կամ ոչխարը կամաւոր ընծայի համար կրնաք մատուցանել, սակայն ուխտի համար պիտի չընդունուի այն։
24. Ամորձիքը ճմլուածը կամ ճզմուածը կամ փրցուածը կամ կտրուածը մի՛ մատուցանէք Տէրոջը եւ ձեր երկրին մէջ մի՛ ընէք այս բաները ։
25. Եւ օտարականի մը ձեռքէն ալ՝ ասոնցմէ ոեւէ մէկը ձեր Աստուծոյն պատարագ մի՛ մատուցանէք, վասն զի անոնց մէջ խեղութիւն ու արատ կայ։ Անոնք ընդունելի պիտի չըլլան»։
26. Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով.
27. «Երբ զուարակ կամ ոչխար կամ այծ ծնի, եօթը օր իր մօրը քով թող մնայ եւ ութերորդ օրը ու անկէ յետոյ Տէրոջը ընդունելի պիտի ըլլայ պատարագի ընծայի համար։
28. Եւ կովը կամ ոչխարը իր ձագով մէկտեղ մէկ օրուան մէջ մի՛ մորթէք։
29. Եւ երբ գոհութեան զոհ մատուցանէք Տէրոջը, այնպէս պէտք է մատուցանէք, որ ձեզի համար ընդունելի ըլլայ.
30. Նոյն օրը պէտք է ուտուի անիկա, անկէ մինչեւ առտու մի՛ թողուք։ Ես եմ Տէրը։
31. Ուստի իմ պատուիրանքներս պէտք է պահէք եւ կատարէք զանոնք։ Ես եմ Տէրը։
32. Եւ իմ սուրբ անունս մի՛ պղծէք, որպէս զի ես սրբուիմ Իսրայէլի որդիներուն մէջ։ Ես եմ Տէրը, որ ձեզ կը սրբեմ,
33. Որ ձեզի Աստուած ըլլալու համար՝ ձեզ Եգիպտոսի երկրէն հանեցի։ Ես եմ Տէրը»։
11. Ո՛վ Տէր, քու ճամբադ ինծի սորվեցուր Ու շիտակ ճամբուն մէջ ինծի առաջնորդէ՝ թշնամիներուս համար։
12. Զիս իմ թշնամիներուս կամքին մի՛ մատներ, Վասն զի իմ վրաս սուտ վկաներ Ու անիրաւութիւն փչողներ ելան։
13. Հաւատացի թէ Տէրոջը բարութիւնը պիտի տեսնեմ Կենդանիներուն երկրին մէջ։
35. Երբ ինք դեռ կը խօսէր, ժողովրդապետին տունէն ոմանք եկան ու ըսին. «Աղջիկդ մեռաւ, ալ ինչո՞ւ վարդապետը կը յոգնեցնես»։
36. Իսկ Յիսուս ըսուած խօսքը լսելուն պէս ժողովրդապետին ըսաւ. «Մի՛ վախնար, միայն հաւատա»։
37. Եւ մէկը թող չտուաւ որ իրեն հետ երթայ, միայն Պետրոսն ու Յակոբոսը եւ Յակոբոսին եղբայրը՝ Յովհաննէսը։
38. Ժողովրդապետին տունը հասնելով՝ տեսաւ սաստիկ լացողներ ու լսեց աղաղակներ։
39. Ներս մտնելով՝ ըսաւ անոնց. «Ինչո՞ւ խռովեր էք ու կու լաք. մանուկը մեռած չէ, հապա կը քնանայ»։
40. Ոմանք ծաղր կ’ընէին զանիկա. բայց ինք ամէնքը դուրս հանելով՝ իրեն հետ առաւ մանուկին հայրն ու մայրը եւ զանոնք որ իրեն հետ էին ու մտաւ հոն՝ ուր մանուկը պառկած էր։
41. Մանուկին ձեռքէն բռնելով՝ ըսաւ անոր. «Տալի՛թա, կո՛ւմի». որ կը թարգմանուի՝ «Աղջի՛կ, (քեզի կ’ըսեմ,) ելիր»։
42. Իսկոյն աղջիկը ոտքի ելաւ ու կը քալէր, վասն զի տասներկու տարեկան էր. տեսնողները շատ ապշեցան։
43. Յիսուս սաստիկ պատուէր տուաւ անոնց՝ որ մա՛րդ չգիտնայ այս բանը ու ըսաւ, որ անոր ուտելիք տան։
Armenian Western Bible 1853
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ Bible Society in Lebanon, 1981