Աստվածաշունչը մեկ տարում Փետրվար 3Ելից 17:1-161. Իսրայէլի բոլոր որդիները Տէրոջը խօսքին պէս՝ իրենց գնացքին համեմատ Սին անապատէն չուեցին եւ Ռափիդիմի մէջ բանակ դրին։ Հոն ժողովուրդին խմելու ջուր չկար։2. Ժողովուրդը Մովսէսին հետ վիճեցաւ ու ըսաւ. «Մեզի ջուր տուր, որ խմենք»։ Մովսէս ըսաւ անոնց. «Ինչո՞ւ ինծի հետ կը վիճիք. ինչո՞ւ Տէրը կը փորձէք»։3. Ժողովուրդը ջուրի համար ծարաւեցաւ ու Մովսէսին դէմ տրտունջ ըրաւ ու ըսաւ. «Ինչո՞ւ համար մեզ Եգիպտոսէն հանեցիր։ Մեզ ու մեր որդիները եւ մեր հօտերը ծարաւէն պիտի մեռցնե՞ս»։4. Մովսէս Տէրոջը աղաղակեց ըսելով. «Ի՞նչ ընեմ այս ժողովուրդին. գրեթէ պատրաստ են զիս քարկոծելու»։5. Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Ժողովուրդին առջեւ անցի՛ր ու Իսրայէլի ծերերը քեզի հետ ա՛ռ եւ քու գաւազանդ, որով գետը զարկիր, ձեռքդ առ ու գնա՛։6. Ահա Քորեբի մէջ ժայռին վրայ՝ հոն քու առջեւդ կը կայնիմ։ Ժայռին զա՛րկ ու անկէ ջուր պիտի ելլէ եւ ժողովուրդը պիտի խմէ»։ Մովսէս այնպէս ըրաւ Իսրայէլի ծերերուն առջեւ։7. Այն տեղին անունը Մասսա ու Մերիպա՝ ՝ դրաւ. վասն զի Իսրայէլի որդիները հոն վիճեցան եւ Տէրը փորձեցին՝ ըսելով. «Արդեօք Տէրը մեր մէ՞ջ է»։8. Այն ատեն Ամաղէկ եկաւ ու Ռափիդիմի մէջ Իսրայէլի հետ պատերազմեցաւ։9. Մովսէս ըսաւ Յեսուին. «Մեզի մարդիկ ընտրէ՛ ու Ամաղէկին հետ պատերազմելու ելի՛ր. վաղը ես բլուրին գլուխը պիտի կայնիմ՝ Աստուծոյ գաւազանը ձեռքս ունենալով »։10. Յեսու Մովսէսին ըսածին պէս ըրաւ ու Ամաղէկին հետ պատերազմեցաւ։ Մովսէս, Ահարոն ու Ովր բլուրին գլուխը ելան։11. Երբ Մովսէս իր ձեռքերը վեր կը վերցնէր, Իսրայէլ կը յաղթէր, երբ իր ձեռքերը վար կ’իջեցնէր, Ամաղէկ կը յաղթէր։12. Եւ Մովսէսին ձեռքերը ծանրանալուն՝ քար մը առին ու անոր տակ դրին եւ ինք անոր վրայ նստաւ ու Ահարոն եւ Ովր, մէկը՝ մէկ կողմէն ու միւսը միւս կողմէն անոր ձեռքերը վեր բռնեցին ու մինչեւ արեգակին մարը մտնելը անոր ձեռքերը հաստատուն մնացին։13. Յեսու սուրի բերնէ անցուց Ամաղէկը ու անոր ժողովուրդը։14. Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Ասիկա յիշատակի համար գրքի մէջ գրէ ու Յեսուին իմացուր՝ թէ Ամաղէկին յիշատակը երկնքի տակէն բոլորովին պիտի ջնջեմ»։15. Մովսէս սեղան մը շինեց ու անոր անունը Եհովանիսի դրաւ16. Ու ըսաւ. « Քանզի Տէրը երդում ըրաւ՝ ըսելով թէ ՝ ‘Տէրը ազգէ ազգ պիտի պատերազմի Ամաղէկի դէմ’»։Ելից 18:1-271. Մովսէսին աները՝ Մադիամի քուրմը Յոթոր՝ լսեց այն ամէնը, որ Աստուած ըրաւ Մովսէսին ու իր Իսրայէլ ժողովուրդին եւ թէ Տէրը Եգիպտոսէն հանեց Իսրայէլը։2. Մովսէսին աները՝ Յոթոր՝ առաւ Մովսէսին կինը Սեպփօրան, զանիկա ետ ղրկելէն ետքը3. Եւ անոր երկու որդիները՝ որոնց մէկուն անունը Գերսամ էր. վասն զի ինք ըսեր էր. ‘Օտար երկրի մէջ պանդուխտ եմ’4. Եւ միւսին անունը Եղիազար էր, վասն զի ըսեր էր. ‘Իմ հօրս Աստուածը իմ օգնականս էր, որ զիս Փարաւոնին սուրէն ազատեց’։5. Մովսէսին աները՝ Յոթոր՝ անոր որդիներուն ու անոր կնոջը հետ եկաւ Մովսէսին՝ դէպի անապատը՝ ուր անիկա բանակ դրեր էր Աստուծոյ լերանը քով։6. Եւ իմացուց Մովսէսին՝ ըսելով. «Ե՛ս, քու աներդ Յոթոր, քեզի կու գամ, նաեւ քու կինդ իր երկու որդիները իմ հետս»։7. Մովսէս իր աները դիմաւորելու գնաց եւ անոր խոնարհութիւն ըրաւ ու համբուրեց զանիկա եւ իրարու ողջութիւն հարցուցին ու վրանը մտան։8. Մովսէս իր աներոջ պատմեց այն ամէնը, որ Տէրը ըրաւ Փարաւոնին ու Եգիպտացիներուն՝ Իսրայէլին համար եւ ճամբուն մէջ բոլոր իրենց քաշած նեղութիւններն ու Տէրոջը զիրենք ազատելը։9. Եւ Յոթոր ուրախացաւ բոլոր բարութիւններուն համար, որոնք Տէրը ըրաւ Իսրայէլին, փրկելով զանոնք Եգիպտացիներուն ձեռքէն։10. Եւ Յոթոր ըսաւ. «Օրհնեալ ըլլայ Տէրը, որ ազատեց ձեզ Եգիպտացիներուն ձեռքէն ու Փարաւոնին ձեռքէն. վասն զի ազատեց իր ժողովուրդը Եգիպտացիներուն ձեռքին տակէն։11. Հիմա գիտեմ թէ Եհովա բոլոր աստուածներէն մեծ է. քանզի ինչ բանի մէջ որ կը հպարտանային, անոնցմէ վեր երեւցաւ »։12. Մովսէսին աները՝ Յոթոր՝ ողջակէզ ու զոհեր բերաւ Աստուծոյ եւ Ահարոն ու Իսրայէլի բոլոր ծերերը Մովսէսին աներոջ հետ Աստուծոյ առջեւ հաց ուտելու եկան։13. Հետեւեալ օրը Մովսէս ժողովուրդը դատելու նստաւ։ Ժողովուրդը առաւօտէն մինչեւ իրիկուն Մովսէսին քով կայնեցաւ։14. Մովսէսին աները երբ տեսաւ ինչ կ’ընէր Մովսէս ժողովուրդին, ըսավ. «Ի՞նչ է այս բանը, որ դուն կ’ընես ժողովուրդին. ինչո՞ւ դուն մինակ կը նստիս ու բոլոր ժողովուրդը առաւօտէն մինչեւ իրիկուն քու քովդ կը կայնի»։15. Մովսէս ըսաւ իր աներոջ. «Քանզի ժողովուրդը կու գայ ինծի՝ Աստուծմէ դատաստան հարցնելու։16. Երբ անոնք բան մը ունենան՝ ինծի կու գան եւ ես անոնց մէջտեղ դատաստան կ’ընեմ ու Աստուծոյ կանոնները եւ օրէնքները անոնց կը գիտցնեմ»։17. Մովսէսին աները ըսաւ անոր. «Քու ըրածդ աղէկ բան չէ։18. Իրաւցընէ դուն պիտի մաշիս, դուն ալ ու քեզի հետ եղած այս ժողովուրդն ալ. վասն զի այս գործը քեզի համար շատ ծանր է. դուն առանձին չես կրնար ընել ասիկա։19. Հիմա մտիկ ըրէ՛ իմ խօսքիս. ես քեզի խրատ տամ ու Աստուած քեզի հետ պիտի ըլլայ։ Ժողովուրդին համար Աստուծոյ առջեւ դուն գնա, որպէս զի դատերը դո՛ւն ներկայացնես Աստուծոյ։20. Անոնց սորվեցուր կանոններն ու օրէնքները եւ գիտցուր անոնց իրենց քալելու ճամբան ու իրենց ընելու գործը։21. Բայց դուն բոլոր ժողովուրդէն կարող մարդիկ, Աստուծմէ վախցող, ճշմարտասէր ու ագահութիւնը ատող մարդիկ ընտրէ՛ ու ասոնք հազարապետներ ու հարիւրապետներ, յիսնապետներ ու տասնապետներ դիր անոնց վրայ։22. Ամէն ատեն թող անոնք դատեն ժողովուրդը։ Կարեւոր դատերը թող քեզի ներկայացնեն, իսկ անկարեւորները՝ թող իրենք դատեն. այսպէս քեզի օգնելով՝ քու վրայէդ բեռը կը թեթեւցնեն։23. Եթէ այս բանը ընես ու Աստուած ալ քեզի այսպէս պատուիրէ, այն ատեն կարող կ’ըլլաս դիմանալու եւ բոլոր այս ժողովուրդն ալ խաղաղութեամբ իրենց տեղը կ’երթան»։24. Մովսէս աներոջ խօսքին մտիկ ըրաւ ու անոր ամէն ըսածը ըրաւ։25. Մովսէս բոլոր Իսրայէլէն կարող մարդիկ ընտրեց ու զանոնք ժողովուրդին վրայ գլուխներ, այսինքն՝ հազարապետներ, հարիւրապետներ, յիսնապետներ եւ տասնապետներ կարգեց։26. Ամէն ատեն անոնք կը դատէին ժողովուրդը. դժուար հարցը Մովսէսին կը ներկայացնէին, բայց պզտիկ բաները իրենք կը դատէին։27. Մովսէս իր աները ճամբեցուց ու անիկա իր երկիրը գնաց։Սաղմոսներ 18:28-3628. Քանզի դուն իմ ճրագս կը վառես։ Իմ Տէր Աստուածս իմ խաւարս կը լուսաւորէ։29. Քանզի քեզմով գունդի մը վրայ կ’արշաւեմ Ու իմ Աստուծմովս պարիսպէ կ’անցնիմ։30. Աստուծոյ ճամբան կատարեալ է Տէրոջը խօսքերը փորձուած են։ Անիկա ամէն իրեն յուսացողներուն ասպար է։31. Քանզի Տէրոջմէն զատ ո՞վ է Աստուած, Կամ մեր Աստուծմէն զատ ո՞վ է վէմ։32. Աստուած է որ ինծի զօրութիւն կը հագցնէ Ու իմ ճամբաս կատարեալ կ’ընէ։33. Իմ ոտքերս եղջերուի ոտքերուն պէս կ’ընէ Ու իմ բարձր տեղերուս վրայ զիս կը կայնեցնէ։34. Ձեռքերս պատերազմի կը վարժեցնէ Ու իմ բազուկներս պղնձէ աղեղ կը լարեն՝ ՝։35. Ինծի քու փրկութեանդ ասպարը տուիր. Եւ քու աջ ձեռքդ զիս զօրացուց Ու քու քաղցրութիւնդ զիս մեծցուց։36. Քալելու համար ճամբաս ներքեւս լայնցուցիր Ու իմ ոտքիս յօդուածները չսասանեցան։Առակներ 6:16-1916. Տէրը վեց բանէ կը զզուի Ու անոր հոգիին առջեւ եօթը բան պիղծ են։17. Ամբարտաւան աչքեր, ստախօս լեզու, Անմեղ արիւն թափող ձեռքեր,18. Չար խորհուրդ հնարող սիրտ, Չարութիւն ընելու համար շուտ վազող ոտքեր,19. Ստութիւն խօսող անիրաւ վկայ Ու եղբայրներու մէջ կռիւներ ցանող մարդ ։Մատթեոս 22:1-221. Դարձեալ Յիսուս առակներով ըսաւ անոնց.2. «Երկնքի թագաւորութիւնը թագաւոր մարդու մը կը նմանի, որ իր որդիին հարսանիք ըրաւ եւ իր ծառաները ղրկեց կանչելու իր որդիին հարսանիքին հրաւիրուածները։3. Անոնք չուզեցին գալ։4. Նորէն ուրիշ ծառաներ ղրկեց ու ըսաւ. «Ըսէք հրաւիրուածներուն, ‘Ահա իմ ճաշս պատրաստեցի, զուարակներս ու գէր կենդանիներս մորթուած են եւ ամէն բան պատրաստ է. հարսանիքի եկէք’»։5. Բայց անոնք անհոգութիւն ընելով չեկան։ Մէկը իր արտը ու միւսը իր առուտուրին գնաց։6. Ուրիշներ անոր ծառաները բռնեցին, նախատեցին ու սպաննեցին։7. Թագաւորն ալ երբ լսեց՝ բարկացաւ եւ իր զօրքերը ղրկեց ու այն սպաննողները սատկեցուց ու անոնց քաղաքը այրեց։8. Այն ատեն իր ծառաներուն ըսաւ. «Հարսանիքը պատրաստ է, բայց հրաւիրուածները արժանի չէին։9. Ուստի գացէք ճամբաներուն գլուխները եւ ո՛վ որ գտնելու ըլլաք, հարսանիքի հրաւիրեցէք»։10. Այն ծառաները ելան ճամբաներուն վրայ ու ո՛վ որ գտան, թէ՛ չար եւ թէ բարի, ամէնքն ալ ժողվեցին ու հարսնետունը հրաւիրուածներով լեցուեցաւ։11. Թագաւորը երբ մտաւ հարսնեւորները տեսնելու, մարդ մը տեսաւ, որ հարսանիքի հանդերձ հագած չէր,12. Ըսաւ անոր. «Ընկե՛ր, ինչո՞ւ համար հոս մտար առանց հարսանիքի հանդերձի»։ Անիկա պապանձեցաւ։13. Այն ատեն թագաւորը սպասաւորներուն ըսաւ. «Կապեցէ՛ք ասոր ոտքերն ու ձեռքերը, հանեցէ՛ք զանիկա դուրսի խաւարը, հոն պիտի ըլլայ լալ ու ակռաներ կրճտել։14. Վասն զի կանչուածները շատ են, բայց ընտրուածները քիչ»։15. Այն ատեն փարիսեցիները խորհուրդ ըրին որպէս զի որոգայթ մը լարեն խօսքով։16. Իրենց աշակերտները՝ Հերովդէսեաններու հետ մէկտեղ ղրկեցին անոր ու ըսին. «Վա՛րդապետ, գիտենք թէ ճշմարտախօս ես եւ ճշմարտութեամբ Աստուծոյ ճամբան կը սորվեցնես ու մարդո՛ւ համար հոգդ չէ, քանզի մարդոց երեսպաշտութիւն չես ըներ,17. Ուստի մեզի ըսէ. Քեզի ի՞նչպէս կ’երեւնայ, Պէ՞տք է կայսրին տուրք տալ թէ ոչ»։18. Յիսուս գիտնալով անոնց խորամանկութիւնը՝ ըսաւ. «Ինչո՞ւ զիս կը փորձէք, կե՛ղծաւորներ,19. Ցուցուցէք ինծի տուրքին դրամը»։ Անոնք դահեկան մը բերին իրեն։20. Հարցուց անոնց. «Որո՞ւնն են այս պատկերն ու գիրը»։21. Ըսին անոր. «Կայսրին»։ Այն ատեն ըսաւ անոնց. «Ուրեմն զայն որ Կայսրինն է՝ Կայսրին տուէք եւ զայն որ Աստուծոյն է՝ Աստուծոյ տուէք »։22. Երբ լսեցին՝ զարմացան եւ թողուցին զանիկա ու գացին։ Armenian Western Bible 1853 Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981