Աստվածաշունչը մեկ տարում Փետրվար 4Ելից 19:1-251. Երրորդ ամսուան մէջ՝ Իսրայէլի որդիներուն Եգիպտոսէն ելլելէն ետքը, նոյն օրը Սինայի անապատը հասան։2. Քանզի Ռափիդիմէ չուեցին ու Սինայի անապատը գացին ու անապատին մէջ բանակ դրին։ Իսրայէլ հոն լերանը դէմ բանակ դրաւ։3. Մովսէս Աստուծոյ ելաւ ու Տէրը լեռնէն կանչեց զանիկա՝ ըսելով. «Յակոբին տանը այսպէս ըսես եւ Իսրայէլին որդիներուն իմացնես.4. ‘Դուք տեսաք ինչ որ ըրի Եգիպտացիներուն եւ ինչպէս ձեզ արծիւի թեւերուն վրայ վերցուցի ու քովս բերի։5. Եւ հիմա եթէ իրաւցընէ իմ ձայնիս հնազանդիք ու իմ ուխտս պահէք, դուք ինծի սեպհական ժողովուրդ պիտի ըլլաք բոլոր ազգերէն. վասն զի բոլոր երկիր իմս է։6. Դուք ինծի քահանաներու թագաւորութիւն ու սուրբ ազգ մը պիտի ըլլաք. Իսրայէլի որդիներուն ըսելիք խօսքերս ասոնք են’»։7. Մովսէս եկաւ ու ժողովուրդին ծերերը կանչեց եւ Տէրոջը իրեն պատուիրած այս բոլոր խօսքերը անոնց առջեւ կրկնեց։8. Բոլոր ժողովուրդը միաբերան պատասխանեցին ու ըսին. «Տէրոջը բոլոր ըսածները պիտի ընենք»։ Մովսէս ժողովուրդին խօսքերը Տէրոջը իմացուց։9. Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Ահա ես քեզի կու գամ թանձր ամպի մը մէջ, որպէս զի ժողովուրդը լսէ՝ երբ ես քեզի հետ խօսիմ ու նաեւ միշտ քեզի հաւատայ»։ Մովսէս ժողովուրդին խօսքերը Տէրոջը պատմեց։10. Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Գնա՛ ժողովուրդին եւ զանոնք սրբէ այսօր ու վաղը եւ թող իրենց լաթերը լուան։11. Երրորդ օրուան համար պատրաստ ըլլան. քանզի երրորդ օրը Տէրը բոլոր ժողովուրդին աչքին առջեւ Սինա լերան վրայ պիտի իջնէ։12. Դուն ժողովուրդին բոլորտիքը սահման դիր ու ըսէ՝ ‘Զգուշացէ՛ք լեռը ելլելէ կամ անոր ծայրին դպչելէ։ Ով որ լերանը դպչի, անշուշտ պիտի մեռցուի’։13. Անոր ձեռք չդպչի. քանզի դպչողը անպատճառ պիտի քարկոծուի կամ նետով զարնուի. անասուն ըլլայ թէ մարդ՝ պիտի չապրի։ Երբ փողին ձայնը երկար հնչուի, անոնք լեռը պիտի ելլեն»։14. Մովսէս լեռնէն ժողովուրդին քով իջաւ ու սրբեց ժողովուրդը եւ անոնք իրենց լաթերը լուացին։15. Անիկա ըսաւ ժողովուրդին. «Երրորդ օրուան համար պատրաստ եղէք. ձեր կիներուն մի՛ մերձենաք»։16. Երրորդ օրը առտուն որոտումներ ու կայծակներ կ’ըլլային եւ թանձր ամպ մը կար լերանը վրայ ու խիստ սաստիկ փողի ձայն մը եւ բանակին մէջ եղած բոլոր ժողովուրդը զարհուրեցաւ։17. Մովսէս բանակէն Աստուծոյ առջեւ հանեց ժողովուրդը եւ անոնք լերանը տակ կայնեցան։18. Սինա լեռը բոլորովին կը մխար, վասն զի Տէրը անոր վրայ կրակով իջաւ ու անոր մուխը հնոցի մուխի պէս կ’ելլէր եւ բոլոր լեռը սաստիկ կը դողար։19. Եւ քանի որ փողին ձայնը շատ կը սաստկանար, Մովսէս խօսեցաւ ու Աստուած ձայնով մը անոր պատասխան տուաւ։20. Տէրը Սինա լերանը վրայ՝ լերանը գլուխը իջաւ ու Տէրը կանչեց Մովսէսը լերանը գլուխը եւ Մովսէս ելաւ։21. Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Իջի՛ր եւ ժողովուրդին պատուիրէ՛, որ չըլլայ թէ Տէրը տեսնելու համար սահմանէն անցնին ու կորսուին։22. Տէրոջը մօտեցող քահանաներն ալ թող սրբուին, որ չըլլայ թէ Տէրը անոնց վրայ յարձակի»։23. Մովսէս ըսաւ Տէրոջը. «Ժողովուրդը չի կրնար ելլել Սինա լեռը, վասն զի դուն մեզի պատուիրեցիր՝ ըսելով. ‘Սահման դի՛ր լերանը ու զանիկա սրբէ՛»։24. Տէրը ըսաւ անոր. «Գնա՛, վա՛ր իջիր ու Ահարոնին հետ մէկտեղ ելի՛ր. բայց քահանաներն ու ժողովուրդը Տէրոջը ելլելու համար սահմանէն չանցնին, որ չըլլայ թէ անոնց վրայ յարձակի»։25. Ու Մովսէս ժողովուրդին քով իջաւ եւ այնպէս խօսեցաւ անոնց։Ելից 20:1-261. Աստուած այս բոլոր խօսքերը ըսաւ.2. «Ես եմ Եհովան, քու Աստուածդ, որ քեզ Եգիպտոսի երկրէն, ծառայութեան տունէն, հանեցի։3. Ինծմէ զատ ուրիշ աստուածներ չունենաս։4. Դուն քեզի կուռք չշինես, ո՛չ վերը երկնքի մէջ, ո՛չ վարը երկրի վրայ, կամ երկրի տակի ջուրերուն մէջ եղած բաներուն մէկ նմանութիւնը.5. Անոնց երկրպագութիւն չընես ու զանոնք չպաշտես. վասն զի ես քու Տէր Աստուածդ նախանձոտ Աստուած եմ, որ կը հատուցանեմ հայրերուն անօրէնութիւնը որդիներուն, մինչեւ անոնց երրորդ ու չորրորդ ազգը՝ որ կ’ատեն զիս6. Եւ կ’ողորմիմ անոնց մինչեւ հազար ազգը՝ որ կը սիրեն զիս ու իմ պատուիրանքներս կը պահեն։7. Տէրոջը, քու Աստուծոյդ, անունը պարապ տեղ բերանդ չառնես. վասն զի Տէրը իր անունը պարապ տեղ բերան առնողը անմեղ պիտի չսեպէ։8. Հանգստութեան օրը միտքդ բեր՝ զանիկա սուրբ պահելու համար։9. Վեց օր պիտի աշխատիս ու բոլոր գործդ ընես.10. Բայց եօթներորդ օրը Տէրոջը, քու Աստուծոյդ, հանգստութեան օրն է. այն օրը գործ մը չգործես, ո՛չ դուն, ո՛չ քու որդիդ, ո՛չ քու աղջիկդ, ո՛չ քու ծառադ ու աղախինդ, ո՛չ քու անասունդ, ո՛չ ալ տանդ մէջ եղած օտարականը.11. Քանզի Տէրը վեց օրուան մէջ ըրաւ երկինքն ու երկիրը, ծովը ու բոլոր անոր մէջ եղածները եւ եօթներորդ օրը հանգստացաւ. անոր համար Տէրը օրհնեց հանգստութեան օրը ու սրբեց զանիկա։12. Պատուէ՛ քու հայրդ ու մայրդ, որպէս զի քու օրերդ երկայն ըլլան այն երկրին վրայ, որ քու Տէր Աստուածդ կու տայ քեզի։13. Սպաննութիւն մի՛ ըներ։14. Շնութիւն մի՛ ըներ։15. Գողութիւն մի՛ ըներ։16. Քու դրացիիդ դէմ սուտ վկայութիւն մի՛ ըներ։17. Քու դրացիիդ տանը մի՛ ցանկար. քու դրացիիդ կնոջը, կամ անոր ծառային, կամ անոր աղախինին, կամ անոր եզին, կամ անոր իշուն եւ քու դրացիիդ ոեւէ մէկ բանին մի՛ ցանկար»։18. Բոլոր ժողովուրդը կը լսէին որոտումները ու կայծակները եւ փողին ձայնը ու կը տեսնէին լերանը մխալը։ Ժողովուրդը վախցաւ, ետ քաշուեցաւ ու հեռուն կայնեցաւ։19. Եւ ըսին Մովսէսին. «Դուն խօսէ մեզի հետ ու մտիկ ընենք. բայց Աստուած թող չխօսի մեզի հետ, որպէս զի չմեռնինք»։20. Եւ Մովսէս ըսաւ ժողովուրդին. «Մի՛ վախնաք. վասն զի Աստուած ձեզ փորձելու եկաւ, այնպէս որ անոր վախը ձեր առջեւ ըլլայ, որպէս զի չմեղանչէք»։21. Ժողովուրդը հեռուն կայնեցաւ ու Մովսէս մօտեցաւ այն թանձր խաւարին՝ ուր Աստուած էր։22. Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Այսպէս պիտի ըսես Իսրայէլի որդիներուն. ‘Դուք տեսաք թէ ձեզի հետ երկնքէն խօսեցայ.23. Ինծի հետ արծաթէ աստուածներ չշինէ՛ք. ո՛չ ալ ոսկիէ աստուածներ շինէք ձեզի։24. Ինծի հողէ սեղան մը պիտի շինես ու անոր վրայ քու ողջակէզներդ ու խաղաղութեան զոհերդ, քու ոչխարներդ ու արջառներդ պիտի մատուցանես եւ ամէն տեղ, ուր իմ անունս յիշել տամ, քեզի պիտի գամ ու քեզ պիտի օրհնեմ’։25. Եթէ ինծի քարէ սեղան շինելու ըլլաս, տաշուած քարէ մի՛ շիներ, քանզի եթէ անոր վրայ երկաթ գործիք վերցնես, կը պղծես զանիկա։26. Եւ աստիճաններով մի՛ ելլեր իմ սեղանս, որպէս զի քու մերկութիւնդ չբացուի անոր վրայ»։Սաղմոսներ 18:37-4537. Իմ թշնամիներս հալածեցի ու անոնց հասայ Ու ետ չդարձայ՝ մինչեւ որ զանոնք հատցուցի.38. Զանոնք գետինը զարկի ու կանգնելու կարող չեղան։ Անոնք իմ ոտքերուս տակ ինկան։39. Պատերազմի համար ինծի զօրութիւն հագցուցիր, Իմ վրաս ելլողները տակս ձգեցիր։40. Իմ թշնամիներուս կռնակը ինծի դարձնել տուիր՝ ՝, Որպէս զի զիս ատողները ջարդեմ։41. Աղաղակեցին, բայց ազատող չկար։ Տէրոջը աղաղակեցին, բայց անոնց պատասխան չտուաւ։42. Ու զանոնք հովին առջեւէն մղուած փոշիի պէս մանրեցի Եւ փողոցներուն ցեխին պէս մէկդի ձգեցի զանոնք։43. Ժողովուրդին կռիւներէն զիս ազատեցիր Ու զիս ազգերու գլուխ ըրիր։ Ժողովուրդը, որ չէի ճանչնար, ինծի ծառայեց։44. Իրենց ականջներով լսածներուն պէս՝ ինծի հնազանդեցան. Օտարները ինծի խոնարհութիւն ըրին՝ ՝։45. Օտարները տկարացան Եւ իրենց պահուըտած տեղերէն դողացին։Առակներ 6:20-2520. Որդեա՛կ իմ, քու հօրդ պատուիրանքը պահէ՛ Եւ քու մօրդ օրէնքը մի՛ մերժեր։21. Զանոնք միշտ քու սրտիդ վրայ կապէ՛, Զանոնք քու պարանոցէդ կախէ՛։22. Քալած ատենդ անոնք քեզի առաջնորդութիւն թող ընեն. Քնացած ատենդ քեզ թող պահպանեն Ու արթնցած ատենդ քեզի հետ խօսակցին։23. Քանզի պատուիրանքը՝ ճրագ ու օրէնքը լոյս է։ Եւ խրատն ու յանդիմանութիւնները կեանքի ճամբայ են,24. Որպէս զի քեզ գէշ կնոջմէն, Օտար կնոջ շողոքորթող լեզուէն պահեն։25. Սրտիդ մէջ անոր գեղեցկութեանը մի՛ ցանկար Եւ թող քեզ իր արտեւանունքներովը չբռնէ։Մատթեոս 22:23-4623. Նոյն օրը անոր քով եկան սադուկեցիներ, որոնք կ’ըսեն թէ յարութիւն չկայ եւ հարցուցին՝24. Ըսելով. «Վա՛րդապետ, Մովսէս ըսաւ. ‘Եթէ մէկը առանց զաւակի մեռնելու ըլլայ, անոր եղբայրը առնէ անոր կինը եւ իր եղբօրը զաւակ տայ’։25. Արդ եօթը եղբայրներ կային մեր մէջ։ Առաջինը կին առաւ ու մեռաւ։ Զաւակ չունենալուն համար իր կինը ձգեց իր եղբօրը։26. Նոյնպէս ալ երկրորդը ու երրորդը՝ մինչեւ եօթներորդը։27. Ամենէն ետքը կինն ալ մեռաւ։28. Ուրեմն, յարութեան ատեն այն եօթնէն որո՞ւն կինը պիտի ըլլայ. վասն զի ամէնքն ալ զանիկա կին ունեցան»։29. Յիսուս պատասխան տալով՝ անոնց ըսաւ. «Դուք մոլորած էք։ Ո՛չ գրքերը գիտէք եւ ո՛չ Աստուծոյ զօրութիւնը.30. Քանզի յարութեան ատեն ո՛չ կին կ’առնեն եւ ո՛չ էրկան կը տրուին, հապա երկնքի մէջ Աստուծոյ հրեշտակներուն պէս են։31. Բայց մեռելներուն յարութիւն առնելուն համար՝ չէ՞ք կարդացեր Աստուծմէ ձեզի ըսուած խօսքը.32. ‘Ես եմ Աբրահամին Աստուածը եւ Իսահակին Աստուածը ու Յակոբին Աստուածը’։ Աստուած մեռելներուն Աստուածը չէ, հապա կենդանիներուն»։33. Ժողովուրդը այս լսելով՝ կը զարմանային անոր վարդապետութեանը վրայ։34. Փարիսեցիները երբ լսեցին թէ անիկա պապանձեցուց սադուկեցիները, մէկտեղ ժողուեցան35. Եւ անոնցմէ օրինական մը հարցուց, զանիկա փորձելով.36. «Վա՛րդապետ, ո՞ր պատուիրանքը մեծ է օրէնքին մէջ»։37. Յիսուս ըսաւ. «Քու Տէր Աստուածդ սիրես քու բոլոր սրտովդ եւ քու բոլոր անձովդ ու քու բոլոր մտքովդ։38. Այս է առաջին ու մեծ պատուիրանքը։39. Ու երկրորդը՝ ասոր նման. ‘Քու ընկերդ սիրես քու անձիդ պէս’։40. Այս երկու պատուիրանքէն կախուած են բոլոր օրէնքը եւ մարգարէները»։41. Երբ փարիսեցիները ժողվուեցան, Յիսուս հարցուց անոնց ու ըսաւ.42. «Քրիստոսի վրայով ի՞նչ կարծիք ունիք. անիկա որո՞ւն որդին է»։43. Ըսին իրեն. «Դաւիթին»։ Ըսաւ անոնց Յիսուս. «Հապա ի՞նչպէս Դաւիթ Հոգիով զանիկա Տէր կը կոչէ ու կ’ըսէ.44. ‘Տէրը իմ Տէրոջս ըսաւ, Նստէ իմ աջ կողմս, մինչեւ քու թշնամիներդ ոտքերուդ պատուանդան ընեմ’։45. Ուրեմն եթէ Դաւիթ զանիկա Տէր կը կոչէ, ի՞նչպէս անիկա անոր որդին կ’ըլլայ»։46. Եւ մէ՛կը չէր կրնար անոր պատասխանել։ Այն օրէն յետոյ մէ՛կը չէր համարձակեր անոր բան մը հարցնել։ Armenian Western Bible 1853 Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981