2. Եթէ Եբրայեցի ծառայ մը ծախու առնելու ըլլաս, անիկա վեց տարի պիտի ծառայէ եւ եօթներորդ տարին պիտի ազատուի։
3. Եթէ մինակ մտաւ, մինակ պիտի ելլէ. եթէ կին ունէր, կինն ալ իրեն հետ պէտք է ելլէ։
4. Եթէ իր տէրը իրեն կին տուաւ ու անիկա իրեն որդիներ կամ աղջիկներ ծնած է, կինն ու անոր տղաքը տիրոջը պիտի ըլլան ու ինք մինակ պիտի ելլէ։
5. Իսկ եթէ ծառան յայտնէ թէ՝ ‘Ես կը սիրեմ իմ տէրս, իմ կինս ու իմ տղաքներս, չեմ ուզեր ելլել եւ ազատ ըլլալ ’,
6. Այն ատեն անոր տէրը դատաւորներուն պիտի տանի զանիկա եւ դրանը կամ դրանդիքներուն մօտեցնէ ու անոր տէրը անոր ականջը հերիւնով պիտի ծակէ եւ անիկա յաւիտեան ծառայ պիտի ըլլայ անոր։
7. Եթէ մէկը իր աղջիկը աղախին ըլլալու համար ծախէ, անիկա ծառաներուն ելլելուն պէս պիտի չելլէ։
8. Եթէ անիկա հաճելի չերեւնայ իր տիրոջը աչքին՝ որ զանիկա իրեն նշաներ էր, թող փրկել տայ զանիկա. բայց զանիկա օտար ազգի ծախելու իրաւունք պիտի չունենայ, վասն զի խաբած կ’ըլլայ զանիկա։
9. Եթէ զանիկա իր որդիին նշանած է, աղջիկներու օրէնքին պէս ընէ անոր։
10. Եթէ իրեն ուրիշ կին առնէ, անոր ուտելիքը, հանդերձը, մերձաւորութիւնը պիտի չկտրէ։
11. Եւ եթէ անոր այս երեք բաները չընէ, այն ատեն աղջիկը առանց վճարումի՝ ձրի պիտի երթայ։
12. Մարդ զարնող մեռցնողը անշուշտ պիտի մեռցուի։
13. Իսկ եթէ դարանամուտ չեղաւ, հապա զանիկա Աստուած մատնեց անոր ձեռքը, քեզի տեղ մը պիտի սահմանեմ, որպէս զի անիկա հոն փախչի։
14. Եթէ մէկը իր դրացիին դէմ ոխ ունենայ եւ զանիկա նենգութեամբ մեռցնէ, իմ սեղանէս ալ պիտի առնես զանիկա՝ որպէս զի մեռնի։
15. Իր հօրը կամ մօրը զարնողը անշուշտ պիտի մեռցուի։
16. Մարդ գողցողը, զանիկա ծախած ըլլայ եւ կամ իր ձեռքը գտնուի, անշուշտ պիտի մեռցուի։
17. Իր հայրը կամ մայրը անիծողը անշուշտ պիտի մեռցուի։
18. Եթէ մարդիկ իրարու հետ վէճ ընեն ու մէկը միւսին քարով կամ բռունցքով զարնէ ու անիկա չմեռնի, հապա անկողին պառկի,
19. Եթէ նորէն ելլէ ու ցուպով պտըտի, զարնողը անպարտ ըլլայ, միայն անոր կորսնցուցած ժամանակին արժէքը ՝ ՝ հատուցանէ ու բոլորովին առողջացնէ զանիկա ։
20. Եթէ մէկը գաւազանով իր ծառային կամ իր աղախինին զարնէ ու անիկա իր ձեռքին տակ մեռնի, անշուշտ անկէ վրէժ պիտի առնուի։
21. Բայց եթէ օր մը կամ երկու օր ապրի, անկէ վրէժ չառնուի. քանզի անիկա իր ստակն է։
22. Եթէ մարդիկ կռուին ու յղի կնոջ մը զարնուելով՝ անոր տղան անցընել տան, թէեւ ուրիշ վնաս մը չըլլայ, անիկա անշուշտ այն կնոջ էրկանը իր վրայ դրած տոյժը պիտի քաշէ, դատաւորներուն դատաստանին պէս հատուցանելով։
23. Բայց եթէ վնաս մը ըլլայ, անձի տեղ անձ պիտի տաս,
24. Աչքի տեղ աչք, ակռայի տեղ ակռայ, ձեռքի տեղ ձեռք, ոտքի տեղ ոտք,
25. Խարանի տեղ խարան, վէրքի տեղ վէրք, հարուածի տեղ հարուած։
26. Եւ եթէ մէկը իր ծառային աչքը կամ իր աղախինին աչքին զարնէ ու կուրցնէ, անիկա իր աչքին փոխարէն ազատ պէտք է արձակուի։
27. Եւ եթէ իր ծառային ակռան կամ իր աղախինին ակռան թափէ, անիկա իր ակռային փոխարէն ազատ պէտք է արձակուի։
28. Եթէ եզ մը իր եղջիւրներովը մարդու մը կամ կնոջ մը զարնէ ու մեռցնէ, եզը անշուշտ պէտք է քարկոծել ու անոր միսը պէտք չէ ուտել. բայց եզին տէրը անպարտ պիտի ըլլայ։
29. Բայց եթէ եզը բնաւորութեամբ զարնող է եւ անոր տիրոջն ալ ըսուած է, բայց տէրը զգոյշ եղած չէ եւ եթէ մարդ մը կամ կին մը մեռցնելու ըլլայ, եզը պէտք է քարկոծել, անոր տէրն ալ մեռցընել։
30. Եթէ փրկանք մը որոշուի, անիկա իր անձին ազատութեանը համար՝ որոշուած փրկագինը թող վճարէ։
31. Եթէ տղու մը եւ կամ աղջկան մը զարնելու ըլլայ եզը, նոյն օրէնքով պիտի դատուի։
32. Եթէ եզը ծառայի մը կամ աղախինի մը զարնէ, եզին տէրը անոնց տիրոջը երեսուն սիկղ արծաթ պիտի տայ, սակայն եզը պէտք է քարկոծուի։
33. Եթէ մէկը փոս մը բանայ, կամ փոս մը փորէ ու չծածկէ եւ հոն եզ մը կամ էշ մը իյնալու ըլլայ
34. Վնասը փոսին տէրը պիտի քաշէ ու անոնց տիրոջը ստակ պիտի տայ, բայց մեռածը իրը պիտի ըլլայ։
35. Եթէ մէկուն եզը իր դրացիին եզին զարնէ ու մեռցնէ, ողջ եզը պիտի ծախեն ու անոր ստակը բաժնեն եւ մեռածն ալ բաժնեն։
36. Իսկ եթէ եզը բնաւորութեամբ զարնող ըլլալը իմաց տրուած ըլլայ, բայց տէրը զանիկա պահած չըլլայ, անշուշտ եզին տեղը եզ պիտի տայ ու մեռածը իրը պիտի ըլլայ»։
1. Եթէ մէկը արջառ մը կամ ոչխար մը գողնայ ու մորթէ կամ ծախէ զանիկա, մէկ արջառին տեղ հինգ արջառ ու մէկ ոչխարին տեղ չորս ոչխար պիտի հատուցանէ։
2. Եթէ գող մը տուն ծակելու վրայ գտնուի ու զարնուի եւ մեռնի, անոր համար արիւն պիտի չթափուի։
3. Եթէ անոր վրայ արեւը ծագեր էր, անոր համար արիւն պիտի թափուի։ Անիկա լման կրնար հատուցանել. եթէ բան մըն ալ չունենար, այն ատեն իր գողցած բանին համար կրնար ծախուիլ։
4. Եթէ գողցածը իր ձեռքը ողջ գտնուի, եզ ըլլայ, թէ էշ կամ ոչխար, կրկինը պիտի հատուցանէ։
5. Եթէ մէկը արտի մը կամ այգիի մը վնաս տայ՝ ՝, ձգելով որ իր անասունը ուրիշի մը արտին մէջ արածի, իր արտին ամենէն աղէկ արդիւնքէն ու իր այգիին ամենէն աղէկ բերքէն պիտի հատուցանէ։
6. Եթէ կրակ ցատքէ, ցանկին փուշերուն փակչի եւ դիզուած որաները կամ չհնձուած ցորենը կամ արտը այրի, կրակը վառողը այրածին արժէքը լման պիտի հատուցանէ։
7. Եթէ մէկը իր դրացիին ստակ կամ ամաններ տայ պահելու համար եւ դրացիին տունէն գողցուի, եթէ գողը գտնուի, գողը կրկինը պիտի հատուցանէ։
8. Եթէ գողը չգտնուի, տանտէրը դատաւորներուն պիտի տարուի, յանձնուած ստացուածքին ձեռք չդպցնելը ստուգելու համար։
9. Ամէն կերպ անիրաւութեան համար, եզի, կամ իշու, ոչխարի եւ կամ հանդերձի համար, կամ ամէն կերպ կորսուած բանի համար՝ որ մէկը կը հաստատէ թէ իրն է, երկու կողմին դատը դատաւորներուն առջեւ տարուի ու երբ դատաւորները ճշդեն յանցաւորը, անիկա իր դրացիին՝ կրկինը պիտի հատուցանէ։
10. Եթէ մէկը իր դրացիին էշը կամ եզը, կամ ոչխարը, կամ ոեւէ անասուն պահելու համար տայ ու անիկա մեռնի կամ վնասուի, կամ թշնամին առնէ տանի՝ ՝ ու տեսնող մը չըլլայ,
11. Այն ատեն երկուքին մէջտեղ Տէրոջը երդումն ըլլայ՝ իր դրացիին ստացուածքին ձեռք չդպցնելուն համար ու անոր տէրը պիտի ընդունի երդումը եւ ինք պիտի չհատուցանէ։
12. Եթէ իրաւցընէ իր քովէն գողցուեր է, ինք անոր տիրոջը պէտք է հատուցանէ։
13. Եթէ գազանէ պատառուած ըլլայ, թող բերէ զանիկա՝ վկայութիւն ըլլալու համար. այն ատեն պատառուածին գինը պիտի չհատուցանէ։
14. Եւ եթէ մէկը իր դրացիէն անասուն փոխ առնէ ու անիկա վնասուի կամ մեռնելու ըլլայ եւ անոր տէրը իրեն հետ չըլլայ, ինք անշուշտ պիտի հատուցանէ.
15. Բայց եթէ անոր տէրը իրեն հետ էր, պիտի չհատուցանէ։ Եթէ վարձքով առած էր, վարձքին տեղը սեպուի։
16. Եթէ մէկը չնշանուած աղջիկ մը խաբէ ու անոր հետ պառկի, անշուշտ անոր օժիտը ինք տալով զանիկա իրեն կին պէտք է ընէ։
19. Ով որ անասունի հետ պառկի, անշուշտ պէտք է մեռցուի։
20. Միայն Տէրոջմէն զատ ուրիշ աստուածներու զոհ ընողը բոլորովին պէտք է կորսուի։
21. Օտարականը մի՛ չարչարեր ու զանիկա մի՛ նեղեր. վասն զի դուք ալ Եգիպտոսի երկրին մէջ օտարական էիք։
22. Որբեւարին ու որբը բնաւ մի՛ չարչարէք։
23. Եթէ զանոնք չարչարէք ինչ կերպով ալ ըլլայ ու անոնք ինծի բողոքելու ըլլան, անշուշտ պիտի լսեմ անոնց աղաղակը։
24. Իմ բարկութիւնս պիտի բորբոքի ու ձեզ սրով պիտի մեռցնեմ եւ ձեր կիները որբեւարի ու ձեր տղաքները որբ պիտի ըլլան։
25. Եթէ իմ ժողովուրդէս քու քովդ եղած աղքատ մէկուն փոխ ստակ տաս, վաշխ առնողի մը պէս մի՛ ըլլար ու անոր վրայ վաշխ մի՛ դներ։
26. Եթէ քու դրացիիդ հանդերձը գրաւ առնես, արեւը մարը չմտած իրեն ետ դարձուր.
27. Վասն զի այն է միայն անոր ծածկոցը, իր մարմնին հանդերձն է այն։ Ինչո՞վ պիտի պառկի։ Եթէ ինծի աղաղակէ, պիտի լսեմ, քանզի ես ողորմած եմ։
28. Դատաւորներուն մի՛ հայհոյեր եւ քու ժողովուրդիդ իշխանը մի՛ անիծեր։
29. Քու արմտիքներուդ ու հեղանիւթերուդ երախայրիները մի՛ ուշացներ. քու որդիներուդ անդրանիկները ինծի պէտք է տաս։
45. Օտարները տկարացան Եւ իրենց պահուըտած տեղերէն դողացին։
46. Տէրը կենդանի է։ Իմ Վէմս օրհնեալ ըլլայ Եւ իմ փրկութեանս Աստուածը բարձր ըլլայ։
47. Աստուած է, որ իմ վրէժս կը լուծէ Ու ժողովուրդները ինծի կը հնազանդեցնէ։
48. Իմ թշնամիներէս զիս կը փրկէ. Նաեւ զիս իմ հակառակորդներէս աւելի բարձրացուցիր Ու բռնաւոր մարդէն զիս ազատեցիր։
49. Անոր համար, ո՛վ Տէր, ազգերուն մէջ քեզ պիտի գովեմ։ Ես քու անուանդ սաղմոս պիտի երգեմ։
50. Իր թագաւորին փրկութիւնները մեծցնողը Ու իր օծեալին՝ Դաւիթին ու անոր սերունդին Յաւիտեան ողորմութիւն ընողը՝ Ա՛ն է ։
26. Վասն զի պոռնիկ կնոջ պատճառով Մարդ նոյնիսկ պատառ մը հացի կարօտ կ’ըլլայ Եւ շնացող առնակինը պատուական հոգին կ’որսայ։
27. Հնա՞ր է որ մէկը իր ծոցը կրակ դնէ Ու հանդերձները չայրին։
28. Հնա՞ր է որ մէկը կրակի կայծերու վրայ քալէ Ու անոր ոտքերը չայրին։
29. Ասոր պէս է իր դրացիին կնոջը քով գացողն ալ։ Ո՛վ որ անոր դպչի՝ անմեղ չըլլար։
1. Այն ատեն Յիսուս խօսեցաւ ժողովուրդներուն եւ իր աշակերտներուն ու ըսաւ.
2. «Մովսէսին աթոռը դպիրները եւ փարիսեցիները նստած են։
3. Ուրեմն ինչ որ ձեզի ըսեն որ պահէք, պահեցէք ու ըրէք, բայց անոնց գործերուն պէս մի՛ ընէք, վասն զի կ’ըսեն ու չեն ըներ։
4. Քանզի ծանր ու տանելու դժուար բեռներ կը կապեն ու կը դնեն մարդոց ուսերուն վրայ եւ իրենց մատովը չեն ուզեր զանոնք շարժել։
5. Իրենց բոլոր գործերը մարդոց երեւնալու համար կ’ընեն. կը լայնցնեն իրենց գրապանակները ու կ’երկնցնեն իրենց հանդերձներուն քղանցքները.
6. Ընթրիքներու մէջ առաջին բազմոցները կը սիրեն եւ ժողովարաններուն մէջ առաջին աթոռները ու շուկաներուն մէջ բարեւները։
7. Եւ մարդոցմէ Ռաբբի, Ռաբբի կոչուիլ։
8. Բայց դուք Ռաբբի մի՛ կոչուիք, վասն զի ձեր Ուսուցիչը մէկ է, այսինքն Քրիստոս։
9. Դուք ամէնքդ եղբայր էք։ Ու երկրի վրայ մա՛րդ ձեզի Հայր մի կոչէք, վասն զի ձեր Հայրը մէկ է, որ երկինքն է։
10. Եւ դուք ուսուցիչներ մի՛ կոչուիք, վասն զի ձեր Ուսուցիչը մէկ է, այսինքն Քրիստոս։
11. Եւ ձեր մէջէն մեծը ձեր սպասաւորը թող ըլլայ։
12. Ով որ իր անձը բարձրացնէ, պիտի խոնարհի եւ ով որ իր անձը խոնարհեցնէ, պիտի բարձրանայ»։
13. «Վա՜յ ձեզի, կեղծաւոր դպիրներ ու փարիսեցիներ, որ երկնքի թագաւորութիւնը մարդոց առջեւ կը գոցէք ու դուք չէք մտներ եւ մտնողներն ալ չէք թողուր որ մտնեն։
14. Վա՜յ ձեզի, կեղծաւո՛ր դպիրներ ու փարիսեցիներ որ որբեւարիներուն տուները կ’ուտէք ու մարդոց երեւնալու համար աղօթքը կ’երկնցնէք. անոր համար աւելի դատապարտութիւն պիտի ընդունիք։
15. Վա՜յ ձեզի, կեղծաւո՛ր դպիրներ ու փարիսեցիներ, որ ծով ու ցամաք կը պտըտիք մէկը նորահաւատ ընելու ու երբ ըլլայ, զանիկա ձեզմէ երկու անգամ աւելի գեհենի որդի կ’ընէք։
16. Վա՜յ ձեզի կո՛յր առաջնորդներ, որ կ’ըսէք թէ ‘Ով որ տաճարին վրայ երդում ընէ, բան մը չէ, բայց ով որ տաճարին մէջի ոսկիին վրայ երդում ընէ, պարտաւոր կ’ըլլայ’։
17. Ո՛վ յիմարներ ու կոյրեր, ո՞րը մեծ է, ոսկի՞ն թէ տաճարը որ կը սրբացնէ ոսկին։
18. Եւ թէ ‘Ով որ սեղանին վրայ երդում ընէ, բան մը չէ, բայց ով որ սեղանին վրայի պատարագին վրայ երդում ընէ, պարտաւոր կ’ըլլայ’։
19. Յիմարնե՛ր ու կոյրեր, ո՞րը մեծ է, պատարա՞գը թէ սեղանը որ կը սրբացնէ պատարագը։
20. Ուստի ով որ սեղանին վրայ երդում ընէ, երդում կ’ընէ անոր վրայ եւ անոր վրայի ամէն բաներուն վրայ
21. Եւ ով որ տաճարին վրայ երդում ընէ, երդում կ’ընէ անոր վրայ եւ անոր մէջ բնակողին վրայ
22. Եւ ով որ երկնքի վրայ երդում ընէ, երդում կ’ընէ Աստուծոյ աթոռին վրայ եւ անոր վրայ նստողին վրայ։
Armenian Western Bible 1853
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ Bible Society in Lebanon, 1981