2. Չարութիւն ընելու համար բազմութեան մի՛ հետեւիր ու դատաստանի մէջ իրաւունքը ծռելու համար շատերուն կողմը խոտորելով՝ մի՛ խօսիր։
3. Աղքատին աչառութիւն մի՛ ըներ իր դատին մէջ։
4. Եթէ քու թշնամիիդ մոլորած եզին կամ իշուն հանդիպելու ըլլաս, անշուշտ իրեն պէտք է դարձնես զանիկա։
5. Եթէ քեզ ատողին էշը բեռի տակ ինկած տեսնես, զգուշացիր, զայն մի՛ լքեր, անոր հետ ազատէ էշը։
6. Քու աղքատիդ դատին մէջ անոր իրաւունքը մի՛ ծռեր.
7. Սուտ խօսքէն հեռու կեցիր եւ անմեղն ու արդարը մի՛ մեռցներ. վասն զի ես չարը պիտի չարդարացնեմ։
8. Կաշառք մի՛ առներ. վասն զի կաշառքը աչքը բաց մարդիկը կը կուրցնէ եւ արդարներուն դատերը կը խանգարէ։
9. Օտարականը մի՛ նեղէք, վասն զի օտարականին սրտին վիճակը գիտէք, որովհետեւ դուք ալ Եգիպտոսի մէջ օտարական էիք։
10. Քու երկիրդ վեց տարի սերմանէ՛ ու անոր արդիւնքը հաւաքէ՛։
11. Բայց եօթներորդ տարին ազատ ձգէ՛ ու թողո՛ւր զայն, որպէս զի քու ժողովուրդիդ աղքատները ուտեն եւ անոնցմէ մնացածը դաշտին անասունները ուտեն. քու այգիիդ ու ձիթաստանիդ ալ այսպէս ըրէ։
12. Վեց օր քու գործդ գործէ՛ ու եօթներորդ օրը հանգստացիր, որպէս զի քու եզդ ու էշդ ալ հանգստանան եւ քու աղախինիդ որդին ու օտարականը շունչ առնեն։
13. Եւ բոլոր ձեզի ըսածներուս մէջ զգոյշ եղէք եւ ուրիշ աստուածներու անուն մի՛ յիշէք. ձեր բերնէն թող չլսուի։
14. Տարին երեք անգամ տօն պահէ՛։
15. Բաղարջակերաց տօնը պահէ՛. քեզի պատուիրածիս պէս եօթը օր անխմոր հաց պիտի ուտես Ապիպ ամսուան մէջ սահմանուած ժամանակին. վասն զի այն ամսուան մէջ Եգիպտոսէն ելար։ Բնաւ մէկը ձեռքը դատարկ թող չերեւնայ իմ առջեւս։
16. Արտին մէջ ցանելու աշխատութեանդ երախայրի պտուղը հնձելու տօնը ու տարուան վերջը հաւաքելու տօնը պահէ՛, երբ արտէն քու աշխատութիւնդ կը հաւաքես։
17. Տարին երեք անգամ քու բոլոր արուներդ Տէր Եհովային առջեւ թող երեւնան։
18. Իմ զոհիս արիւնը խմորեալ հացով մի՛ մատուցաներ ու իմ տօնիս ճարպը մինչեւ առտու թող չմնա՛յ։
19. Քու երկրիդ առաջին երախայրիները քու Տէր Աստուծոյդ տունը պէտք է տանիս։ Ուլը մօրը կաթին մէջ մի՛ եփեր։
20. Ահա քու առջեւէդ հրեշտակ մը կը ղրկեմ, որ ճամբուն մէջ քեզ պահպանէ ու իմ պատրաստած տեղս տանի քեզ։
21. Զգուշութեամբ անոր խօսքին մտիկ ըրէ, անոր անհնազանդ մի՛ ըլլար. վասն զի անիկա ձեր յանցանքը պիտի չներէ, քանզի իմ անունս անոր վրայ է։
22. Բայց եթէ ուշադրութեամբ անոր խօսքին մտիկ ընես ու իմ բոլոր ըսածս կատարես, այն ատեն քու թշնամիներուդ թշնամի պիտի ըլլամ եւ քու հակառակորդներուդ՝ հակառակորդ։
23. Քանզի իմ հրեշտակս քու առջեւէդ պիտի երթայ եւ քեզ Ամօրհացիներուն ու Քետացիներուն եւ Փերեզացիներուն ու Քանանացիներուն, Խեւացիներուն ու Յեբուսացիներուն պիտի տանի եւ ես պիտի ջարդեմ զանոնք։
24. Անոնց աստուածներուն երկրպագութիւն կամ ծառայութիւն մի՛ ըներ ու անոնց ըրածին պէս մի՛ ըներ. հապա բոլորովին կործանէ՛ զանոնք ու կուռքերը բոլորովին կոտրտէ՛։
25. Ձեր Տէր Աստուածը պաշտեցէ՛ք ու ես ձեր հացն ու ջուրը պիտի օրհնեմ եւ ձեր մէջէն հիւանդութիւնը պիտի վերցնեմ։
26. Քու երկրիդ մէջ վիժող ու ամուլ պիտի չըլլայ։ Քու օրերուդ թիւը պիտի շատցընեմ։
27. Իմ երկիւղս քու առջեւէդ պիտի ղրկեմ եւ պիտի կորսնցնեմ այն ժողովուրդը, որուն քով կ’երթաս ու քու բոլոր թշնամիներուդ կռնակը քեզի պիտի դարձնեմ։
28. Եւ քու առջեւէդ իշամեղու պիտի ղրկեմ, որպէս զի Խեւացիները, Քանանացիներն ու Քետացիները քու առջեւէդ վռնտէ։
29. Անոնք քու առջեւէդ մէկ տարուան մէջ պիտի չվռնտեմ, որ չըլլայ թէ երկիրը ամայանայ ու դաշտին գազանները շատնան։
30. Զանոնք քու առջեւէդ կամաց կամաց պիտի վռնտեմ, մինչեւ որ դուն բազմանաս ու երկիրը ժառանգես։
31. Քու սահմաններդ Կարմիր ծովէն մինչեւ Փղշտացիներուն ծովը ու անապատէն մինչեւ Եփրատ գետը պիտի ըլլան. վասն զի այն երկրին բնակիչները քու ձեռքդ պիտի տամ, որ զանոնք քու առջեւէդ վռնտես։
32. Անոնց հետ ու անոնց աստուածներուն հետ ուխտ մի՛ ըներ։
33. Քու երկրիդ մէջ թող չբնակին, որպէս զի քեզի մեղք գործել չտան ինծի դէմ. վասն զի եթէ անոնց աստուածները պաշտես, անշուշտ այն քեզի որոգայթ պիտի ըլլայ։
1. Ան ըսաւ Մովսէսին. «Տէրոջը ելէ՛ք դուն ու Ահարոնը, Նադաբն ու Աբիուդը եւ Իսրայէլի ծերերէն եօթանասուն հոգի ու հեռուէն երկրպագութիւն ըրէք։
2. Բայց միայն Մովսէս թող մօտենայ Տէրոջը։ Անոնք թող չմօտենան, ո՛չ ալ ժողովուրդը անոր հետ ելլէ»։
3. Մովսէս եկաւ ու Տէրոջը բոլոր խօսքերը եւ բոլոր կարգադրութիւնը պատմեց ժողովուրդին։ Բոլոր ժողովուրդը միաձայն պատասխան տուին ու ըսին. «Տէրոջը ըսած բոլոր խօսքերը պիտի կատարենք»։
4. Մովսէս Տէրոջը բոլոր խօսքերը գրեց ու առտու կանուխ ելաւ ու լերանը տակ սեղան շինեց, տասներկու արձան կանգնեցուց, սրայէլի տասներկու ցեղերուն համեմատ։
5. Եւ Իսրայէլի որդիներէն պատանիներ ղրկեց, որոնք ողջակէզներ մատուցանեցին եւ խաղաղութեան զոհերու համար զուարակներ զոհեցին Տէրոջը։
6. Մովսէս արիւնին կէսը առաւ ու կոնքերու մէջ դրաւ եւ արիւնին կէսը սեղանին վրայ սրսկեց։
7. Ապա՝ առաւ ուխտին գիրքը ու ժողովուրդին առջեւ կարդաց եւ անոնք ըսին. «Տէրոջը բոլոր ըսածը պիտի կատարենք ու անոր պիտի հնազանդինք»։
8. Մովսէս առաւ արիւնը ու ժողովուրդին վրայ սրսկեց ու ըսաւ. «Ահա բոլոր այս խօսքերուն համաձայն՝ Տէրոջը ձեզի հետ ըրած ուխտին արիւնը»։
9. Այն ատեն Մովսէս ու Ահարոն, Նադաբ ու Աբիուդ եւ Իսրայէլի ծերերէն եօթանասուն հոգի ելան
10. Եւ Իսրայէլի Աստուածը տեսան ու անոր ոտքերուն տակ շափիւղայով սալարկուածի պէս էր եւ պայծառութեամբ՝ բուն երկնքին պէս։
11. Իսրայէլի որդիներէն ընտրեալներուն վրայ իր ձեռքը չերկնցուց եւ Աստուած տեսան ու կերան ու խմեցին։
12. Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Ելի՛ր ինծի ու հոն կայնէ՛։ Քեզի պիտի տամ քարեղէն տախտակներն ու իմ դրած օրէնքս եւ պատուիրանքներս՝ որպէս զի անոնց սորվեցնես»։
13. Եւ Մովսէս ու անոր պաշտօնեան՝ Յեսուն՝ ելան եւ Մովսէս Աստուծոյ լեռը ելաւ
14. Եւ ըսաւ ծերերուն. «Դուք հոս մեզի սպասեցէք, մինչեւ որ ձեզի դառնանք։ Ահա Ահարոն ու Ովր ձեզի հետ են. եթէ մէկը դատ մը ունենայ՝ թող անոնց երթայ»։
15. Մովսէս լեռը ելաւ ու ամպը պատեց լեռը։
16. Տէրոջը փառքը Սինա լերան վրայ հանգչեցաւ։ Ամպը պատեց զանիկա վեց օր եւ եօթներորդ օրը Տէրը ամպին մէջէն կանչեց Մովսէսը։
18. Մովսէս ամպին մէջէն մտաւ ու լեռը ելաւ եւ քառասուն օր ու քառասուն գիշեր լեռը մնաց։
1. Երկինք Աստուծոյ փառքը կը պատմէ Ու երկնքի հաստատութիւնը անոր ձեռքերուն գործերը կը ցուցնէ։
2. Օրը օրին կը յայտնէ խօսքը Ու գիշերը գիշերին կը ցուցնէ գիտութիւնը։
3. Չկայ զրոյց ու չկան խօսքեր. Անոնց ձայնը չի լսուիր։
4. Բայց ամէն երկիր ելաւ անոնց հնչիւնը Ու մինչեւ աշխարհի ծայրը՝ անոնց խօսքը։ Անոնց մէջ արեւին համար վրան մը կանգնեց.
5. Անիկա իր առագաստէն ելած փեսայի պէս է, Հզօր մարդու պէս իր ճամբան վազելով կ’ուրախանայ։
6. Անոր ելքը երկնքի ծայրէն է Ու անոր շրջանը մինչեւ անոնց ծայրերը Եւ անոր տաքութենէն բան մը չի ծածկուիր։
30. Գողը եթէ անօթութեան համար ու իր փորը կշտացնելու համար գողութիւն ընէ, Չեն քամահրեր զանիկա ։
31. Սակայն եթէ բռնուի, եօթնապատիկ պիտի հատուցանէ, Իր տանը բոլոր ինչքը պիտի տայ։
23. Վա՜յ ձեզի, կեղծաւո՛ր դպիրներ ու փարիսեցիներ, որ անանուխին ու սամիթին եւ չամանին տասանորդը կը վճարէք ու կը ձգէք օրէնքին ծանր ծանր բաները, դատաստանը եւ ողորմութիւնը ու հաւատքը. ասոնք պէտք է ընէիք եւ զանոնք չձգէիք։
24. Կո՛յր առաջնորդներ, որ մժղուկը կը քամէք եւ ո՛ւղտը կը կլլէք։
25. Վա՜յ ձեզի, կեղծաւո՛ր դպիրներ ու փարիսեցիներ, որ գաւաթին ու պնակին դուրսի կողմը կը մաքրէք, բայց ներսէն յափշտակութեամբ եւ անիրաւութեամբ լեցուն են։
26. Կո՛յր փարիսեցի, առաջ գաւաթին ու պնակին ներսի կողմը մաքրէ, որպէս զի անոնց դուրսի կողմն ալ մաքուր ըլլայ։
27. Վա՜յ ձեզի, կեղծաւո՛ր դպիրներ ու փարիսեցիներ, որ կը նմանիք ծեփած գերեզմաններու, որոնք դուրսէն գեղեցիկ կ’երեւնան, բայց ներսէն մեռելներու ոսկորներով եւ ամէն կերպ պղծութիւնով լեցուն են։
28. Նոյնպէս դուք դուրսէն մարդոց արդար կ’երեւնաք ու ներսէն կեղծաւորութեամբ եւ անօրէնութեամբ լեցուն էք։
29. Վա՜յ ձեզի, կեղծաւո՛ր դպիրներ ու փարիսեցիներ, որ մարգարէներուն տապանները կը շինէք եւ արդարներուն գերեզմանները կը զարդարէք,
30. Ու կ’ըսէք. ‘Եթէ մեր հայրերուն օրերը ըլլայինք, անոնց հետ մարգարէներուն արեանը մասնակից չէինք ըլլար’։
31. Ուրեմն դուք ձեզի համար կը վկայէք թէ անոնց զաւակներն էք՝ որոնք մարգարէները կը սպաննէին։
32. Ուստի դուք ալ ձեր հայրերուն չափը լեցուցէք։
33. Օձե՛ր, իժե՛րու ծնունդներ, ի՞նչպէս պիտի փախչիք գեհենին դատապարտութենէն։
34. Ատոր համար ահա ես կը ղրկեմ ձեզի մարգարէներ եւ իմաստուններ ու դպիրներ։ Անոնցմէ մէկ քանիները պիտի սպաննէք ու խաչը հանէք, մէկ քանիները ձեր ժողովարաններուն մէջ պիտի ծեծէք ու քաղաքէ քաղաք հալածէք։
35. Որպէս զի երկրի վրայ թափուած բոլոր արդար արիւնը ձեր վրայ գայ, արդար Աբէլի արիւնէն մինչեւ Բարաքիայի որդիին Զաքարիային արիւնը, որ տաճարին եւ սեղանին միջեւ սպաննեցիք։
36. Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, այս ամէն բաները պիտի գան այս ազգին վրայ»։
37. «Ո՛վ Երուսաղէմ, Երուսաղէմ, որ մարգարէները կը սպաննէիր ու քեզի ղրկուածները կը քարկոծէիր, քանի՜ անգամ քու տղաքներդ ժողվել ուզեցի, ինչպէս հաւը իր ձագերը թեւերուն տակ կը ժողվէ եւ դուք չուզեցիք։
38. Ահա ձեր տունը ձեզի աւերակ պիտի մնայ։
39. Վասն զի ձեզի կ’ըսեմ թէ ա՛լ ասկէ յետոյ պիտի չտեսնէք զիս, մինչեւ ըսէք. ‘Օրհնեալ է ան որ Տէրոջը անունովը կու գայ’»։
Armenian Western Bible 1853
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ Bible Society in Lebanon, 1981