Աստվածաշունչը մեկ տարում Փետրվար 8Ելից 27:1-211. Զոհի սեղանը Սատիմի փայտէ շինէ՛, երկայնութիւնը հինգ կանգուն ու լայնութիւնը հինգ կանգուն։ Սեղանը քառակուսի պէտք է ըլլայ եւ անոր բարձրութիւնը՝ երեք կանգուն։2. Անոր եղջիւրները անոր չորս անկիւններուն վրայ շինէ՛։ Եղջիւրները իրմէ թող ըլլան։ Զանոնք պղնձով պատէ՛։3. Անոր մոխիրը հաւաքելու համար անոր թաղարներ ու անոր թիակներ եւ անոր կոնքեր ու անոր մսահաններ ու անոր կրակի ամաններ շինէ՛։ Անոր բոլոր գործիքները պղնձէ շինէ՛։4. Անոր ցանցակերպ կասկարայ մը շինէ՛ պղնձէ ու ցանցին վրայ չորս պղնձէ օղակ շինէ՛ անոր չորս անկիւններուն համար։5. Զանիկա սեղանին շրջանակին տակ դի՛ր ներքեւէն, որպէս զի ցանցը սեղանին մէջտեղը ըլլայ։6. Սեղանին համար ձողեր շինէ՛. ձողերը Սատիմի փայտէ ըլլալու են։ Զանոնք պղնձով պատէ՛։7. Անոր ձողերը օղակներուն պիտի անցուին։ Ձողերը սեղանին երկու քովերը պիտի ըլլան՝ զանիկա վերցնելու համար։8. Զանիկա տախտակներէ շինէ, բայց մէջը պարապ, լեռը քեզի ցուցուածին պէս շինէ անիկա ։9. Խորանին սրահ շինէ՛։ Հարաւային կողմին համար սրահին վարագոյրները մանուած բարակ քթանէ ըլլալու են. մէկ քովի երկայնութիւնը հարիւր կանգուն թող ըլլայ։10. Անոր քսան սիւներն ու անոնց քսան խարիսխները՝ պղնձէ, բայց սիւներուն ճանկերը եւ անոնց կապերը արծաթէ թող ըլլան։11. Եւ նոյնպէս հիւսիսային կողմին համար սրահին երկայնութեանը նայելով՝ վարագոյրները հարիւր կանգուն երկայն պէտք է ըլլան ու անոր քսան սիւները եւ անոնց քսան խարիսխները՝ պղնձէ, սիւներուն ճանկերն ու անոնց կապերը արծաթէ պէտք է ըլլան։12. Արեւմտեան կողմին սրահին լայնութեանը համար՝ վարագոյրները յիսուն կանգուն, իսկ անոնց սիւները՝ տասը ու անոնց խարիսխները տասը պէտք է ըլլան։13. Սրահին արեւելեան կողմի վարագոյրին լայնութիւնը յիսուն կանգուն ըլլալու է։14. Եւ դրանը մէկ քովի վարագոյրները տասնըհինգ կանգուն պէտք է ըլլան։ Անոնց սիւները՝ երեք ու անոնց խարիսխները՝ երեք։15. Միւս քովի վարագոյրները տասնըհինգ կանգուն պէտք է ըլլան. անոնց սիւները՝ երեք ու անոնց խարիսխները՝ երեք։16. Սրահին դրանը համար կապուտակէ ու ծիրանեգոյնէ եւ կրկնակի կարմիրէ ու մանուած բարակ քթանէ քսան կանգուն նկարազարդ վարագոյր մը շինէ՛ ։ Ան չորս սիւն ու չորս խարիսխ պէտք է ունենայ։17. Սրահին բոլորտիքի բոլոր սիւները արծաթապատ ու անոնց ճանկերը արծաթէ, իսկ խարիսխները՝ պղնձէ պէտք է ըլլան։18. Սրահին երկայնութիւնը՝ հարիւր կանգուն ու լայնութիւնը՝ յիսուն եւ բարձրութիւնը հինգ կանգուն։ Վարագոյրները մանուած բարակ քթանէ պէտք է ըլլան ու անոնց խարիսխները պղնձէ պէտք է ըլլան։19. Խորանին բոլոր գործիքները եւ բոլոր գործածութեան համար անոր բոլոր ցիցերը ու սրահին բոլոր ցիցերը պղնձէ պէտք է ըլլան։20. Եւ դուն պատուիրէ՛ Իսրայէլի որդիներուն, որ քեզի ծեծուած մաքուր ձէթ բերեն լոյսի համար, որպէս զի կանթեղները միշտ վառին։21. Ահարոնն ու անոր որդիները ժողովի խորանին մէջ՝ վկայութեանը առջեւի վարագոյրին դուրսիդին՝ իրիկուընէ մինչեւ առտու Տէրոջը առջեւ զայն վառելու հոգ տանին. ասիկա անոնց յաւիտենական կանոն ըլլայ իրենց սերունդին մէջ Իսրայէլի որդիներուն կողմանէ։Ելից 28:1-431. «Քեզի մօտեցուր քու եղբայրդ Ահարոնը՝ իր որդիներուն հետ՝ Իսրայէլի որդիներուն մէջէն, որպէս զի ինծի քահանայութիւն ընեն. Ահարոնը եւ իր որդիները՝ Նադաբը ու Աբիուդը, Եղիազարը ու Իթամարը։2. Եղբօրդ Ահարոնին սուրբ զգեստներ շինէ՛ պատիւի ու փառքի համար։3. Դուն ըսէ բոլոր իմաստուն միտք ունեցողներուն, որոնք ես իմաստութեան հոգիով լեցուցի, որ Ահարոնին զգեստներ շինեն՝ զանիկա օրհնելու համար՝ որպէս զի ինծի քահանայութիւն ընէ։4. Անոնց զգեստները ասոնք են՝ լանջապանակ ու եփուտ եւ պատմուճան ու նկարազարդ շապիկ, խոյր եւ գօտի։ Սուրբ զգեստներ շինեն քու եղբօրդ Ահարոնին ու անոր որդիներուն, որպէս զի ինծի քահանայութիւն ընեն։5. Վարպետները թող գործածեն ոսկի ու կապուտակ եւ ծիրանեգոյն ու կրկնակի կարմիր եւ բարակ քթան։6. Ոսկի թելէ, կապուտակէ ու ծիրանեգոյնէ, կրկնակի կարմիրէ եւ մանուած բարակ քթանէ վարպետութեամբ թող շինեն եփուտը։7. Անոր երկու ծայրերը երկու կցուած վակասներ պէտք է ունենան, որպէս զի եփուտը միանայ։8. Եփուտին վրայ եղած ժապաւէնը անոր շինուածքին պէս նոյն նիւթէն՝ ոսկիէ, կապուտակէ ու ծիրանեգոյնէ եւ կրկնակի կարմիրէ ու մանուած բարակ քթանէ ըլլալու են։9. Երկու եղնգնաքարեր պիտի առնես ու անոնց վրայ Իսրայէլի որդիներուն անունները փորագրես։10. Անոնց անուններուն վեցը՝ մէկ քարի վրայ եւ մնացած վեց անունները՝ ուրիշ քարի մը վրայ՝ անոնց ծնունդներուն համաձայն փորագրուի ։11. Այն երկու քարերուն վրայ Իսրայէլի որդիներուն անունները ակունք բանողի գործով՝ այսինքն կնիք փորագրելու պէս փորագրէ, ոսկի խորշերու մէջ գամէ՛ զանոնք։12. Երկու քարերը եփուտին ուսերուն վրայ դի՛ր, որպէս զի Իսրայէլի որդիներուն յիշատակի քարեր ըլլան։ Ահարոն անոնց անունները յիշատակի համար իր երկու ուսերուն վրայ պիտի կրէ Տէրոջը առջեւ։13. Ոսկիէ խորշեր շինէ14. Եւ զուտ ոսկիէ ոլորուած հիւսուած՝ երկու շղթաներ շինէ՛ ու հիւսուած շղթաները խորշերուն անցուր։15. Դատաստանի լանջապանակը վարպետի գործ ըլլալու է։ Զանիկա եփուտին շինուածքին պէս շինէ՝ ոսկիէ, կապուտակէ ու ծիրանեգոյնէ եւ կրկնակի կարմիրէ ու մանուած բարակ քթանէ։16. Քառակուսի պէտք է ըլլայ երկուքի ծալլուելով։ Անոր երկայնութիւնը՝ մէկ թիզ ու անոր լայնութիւնը մէկ թիզ պէտք է ըլլայ։17. Եւ անոր մէջ ակունքներու գամուածքին նման չորս կարգ քարեր գամէ՛, այս կարգով՝ սարդիոն, տպազիոն ու զմրուխտ՝ առաջին կարգը պիտի ըլլան։18. Երկրորդ կարգը՝ կարկեհան, շափիւղայ ու ադամանդ։19. Երրորդ կարգը՝ գոճազմ, ակատ ու մեղեսիկ։20. Չորրորդ կարգը՝ ոսկեքար, եղնգնաքար ու յասպիս։ Ասոնք ոսկիի խորշերու մէջ պիտի գամուին։21. Քարերը Իսրայէլի որդիներուն անուններուն պէս տասներկու հատ պիտի ըլլան։ Անոնց անուններուն համաձայն՝ ամէն մէկը իր անունովը տասներկու ցեղին համաձայն՝ կնիքի նման պիտի փորագրուին ։22. Եւ լանջապանակին վրայ զուտ ոսկիէ ոլորուած հիւսուած շղթաներ շինէ՛։23. Լանջապանակին վրայ երկու ոսկի օղակներ շինէ՛ ու այն երկու օղակները լանջապանակին երկու ծայրերուն վրայ դի՛ր։24. Երկու հիւսուած ոսկի շղթաները լանջապանակին ծայրը եղած երկու օղակներուն անցո՛ւր։25. Երկու հիւսուած շղթաներուն միւս երկու ծայրերը այն երկու խորշերուն անցո՛ւր ու զանոնք եփուտին առջեւի կողմէն ուսերուն վրայ դի՛ր։26. Երկու ոսկի օղակներ ալ շինէ՛ ու զանոնք լանջապանակին ներսի կողմէն՝ եփուտին երկու ուսերուն դիր։27. Եւ ուրիշ երկու ոսկի օղակներ շինէ, զանոնք եփուտին երկու ուսերուն տակէն, անոր առջեւի կողմի կցուածքին մօտ, եփուտին ժապաւէնին վրայէն անցուր28. Որ լանջապանակը իր օղակներէն՝ կապուտակէ շինուած լարով եփուտին օղակներուն կապեն, որպէս զի եփուտին ժապաւէնին վրայ ըլլան ու լանջապանակը եփուտին վրայէն չզատուի։29. Երբ Ահարոն սրբարանը մտնէ, Իսրայէլի որդիներուն անունները Տէրոջը առջեւ յիշատակի համար՝ միշտ իր սրտին վրայ եղած դատաստանի լանջապանակին վրայ պէտք է կրէ։30. Դատաստանի լանջապանակին մէջ Ուրիմը ու Թումիմը դի՛ր։ Անոնք Ահարոնին սրտին վրայ ըլլան, երբ Տէրոջը առջեւ երթայ։ Ահարոն Տէրոջը առջեւ միշտ իր սրտին պէտք է կրէ Իսրայէլի որդիներուն դատաստանը։31. Եփուտին պատմուճանը բոլորովին կապուտակէ շինէ։32. Անոր մէջտեղը գլուխ անցընելու ճեղքուածք մը պէտք է ըլլայ. ճեղքուածքին բոլորտիքը զրահի ճեղքուածքին պէս հիւսուած եզերք ունենալու է, որպէս զի չպատռի։33. Անոր քղանցքներուն վրայ կապուտակէ ու ծիրանեգոյնէ եւ կրկնակի կարմիրէ նուռեր շինէ՛ քղանցքներուն բոլորտիքը։ Անոնց մէջտեղ շուրջանակի ոսկի զանգակներ։34. Պատմուճանին քղանցքին վրայ շուրջանակի ոսկի զանգակ մը ու նուռ մը։35. Պաշտամունքի ատեն անիկա Ահարոնին վրայ պէտք է ըլլայ ու Տէրոջը սրբարանը մտած ու ելած ատենը անոր ձայնը պիտի լսուի, որպէս զի չմեռնի։36. Զուտ ոսկիէ թիթեղ մը շինէ՛ ու անոր վրայ կնիք փորագրելու պէս՝ ՍՐԲՈՒԹԻՒՆ ՏԵԱՌՆ՝ ՝ փորագրէ՛։37. Կապուտակ ժապաւէն մը անցուր անոր, որ խոյրին վրայ դրուի եւ խոյրին վրայ անոր առջեւի կողմը ըլլայ։38. Անիկա Ահարոնին ճակատին վրայ թող ըլլայ, որպէս զի Իսրայէլի որդիներուն նուիրած բոլոր սուրբ ընծաներուն ոեւէ անօրէնութիւն Ահարոնը կրէ։ Միշտ իր ճակատին վրայ պէտք է ըլլայ, որպէս զի անոնք ընդունելի ըլլան Տէրոջը առջեւ։39. Շապիկը բարակ քթանէ նկարէն հիւսէ՛ ու խոյրը բարակ քթանէ շինէ՛ եւ գօտին նկարազարդ շինէ՛։40. Ահարոնի որդիներուն շապիկներ շինէ՛ ու անոնց գօտիներ շինէ՛ եւ պատիւի ու փառքի համար անոնց ապարօշներ շինէ՛։41. Զանոնք քու եղբօրդ Ահարոնին ու իրեն հետ իր որդիներուն հագցուր։ Զանոնք օծէ՛ եւ օրհնէ՛՝ ՝ ու սրբէ՛ զանոնք, որպէս զի ինծի քահանայութիւն ընեն։42. Անոնց կտաւէ անդրավարտիքներ շինէ՛, իրենց մարմինին մերկութիւնը ծածկելու համար։ Անոնց մէջքերէն մինչեւ ծունկերը պէտք է հասնին։43. Անոնք Ահարոնին ու անոր որդիներուն վրայ պիտի ըլլան՝ երբ վկայութեան խորանը մտնեն, կամ երբ սեղանին մօտենան սրբարանին մէջ պաշտամունքի համար, որ չըլլայ թէ անօրէնութիւն կրեն ու մեռնին։ Ասիկա յաւիտենական կանոն մը ըլլայ իրեն ու իրմէ ետքը իր սերունդին։Սաղմոսներ 20:1-51. Նեղութեան օրը Տէրը պատասխանէ քեզի, Յակոբին Աստուծոյն անունը քեզ պաշտպանէ.2. Օգնութիւն ղրկէ քեզի սուրբ տեղէն Ու Սիօնէն զօրացնէ քեզ։3. Քու ամէն ընծաներդ յիշէ Եւ քու ողջակէզներդ ընդունի։ (Սէլա։)4. Քու սրտիդ համեմատ քեզի տայ Եւ քու ամէն խորհուրդներդ կատարէ։5. Քու փրկութիւնովդ պիտի ուրախանանք Ու մեր Աստուծոյն անունովը դրօշակը վերցնենք։ Տէրը կատարէ քու ամէն խնդրուածքներդ։Առակներ 7:1-51. Որդեա՛կ իմ, պահէ՛ իմ խօսքերս Ու իմ պատուիրանքներս քու քովդ ծածկէ։2. Իմ պատուիրանքներս պահէ որպէս զի ապրիս Ու իմ օրէնքիս քու աչքերուդ բիբին պէս նայէ՛ ։3. Զանոնք մատերուդ վրայ կապէ, Զանոնք սրտիդ տախտակին վրայ գրէ՛։4. Իմաստութեան ըսէ. «Դուն իմ քոյրս ես» Ու հանճարը «Բարեկամ» կոչէ,5. Որպէս զի քեզ օտար կնոջմէն, Շողոքորթութեամբ խօսող օտար կնոջմէն, պահեն։Մատթեոս 24:29-5129. «Այն նեղութեան օրերէն յետոյ արեգակը պիտի խաւարի ու լուսինը իր լոյսը պիտի չտայ, աստղերը երկնքէն պիտի իյնան ու երկնքի զօրութիւնները պիտի շարժին։30. Այն ատեն Որդի մարդոյ նշանը պիտի երեւնայ երկնքի մէջ ու երկրի բոլոր ազգերը կոծ պիտի ընեն եւ պիտի տեսնեն Որդին մարդոյ երկնքի ամպերուն վրայ եկած՝ զօրութիւնով ու մեծ փառքով։31. Անիկա իր հրեշտակները պիտի ղրկէ մեծաձայն փողով ու պիտի ժողվեն իր ընտրեալները չորս հովերէն, երկնքի մէկ ծայրէն մինչեւ միւս ծայրը»։32. «Թզենիէն առակ մը սորվեցէք. որ երբ անոր ոստերը կակուղնան ու տերեւները ցցուին, կը հասկնաք թէ ամառը մօտ է։33. Նոյնպէս դուք երբ այս ամէն բաները տեսնէք, գիտցէք թէ մօտ է դռներուն քով։34. Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի թէ այս ազգը պիտի չանցնի մինչեւ այս ամէն բաները ըլլան։35. Երկինք ու երկիր պիտի անցնին, բայց իմ խօսքերս բնաւ պիտի չանցնին»։36. «Իսկ այն օրուան եւ այն ժամուն համար մարդ չի գիտեր, ոչ ալ երկնքի հրեշտակները, հապա միայն իմ Հայրս։37. Բայց ինչպէս Նոյի օրերը եղաւ, Որդի մարդոյ գալուստն ալ այնպէս պիտի ըլլայ։38. Քանզի ինչպէս էին այն օրերը ջրհեղեղէն առաջ՝ կ’ուտէին, կը խմէին, կին կ’առնէին ու էրկան կու տային՝ մինչեւ այն օրը երբ Նոյ տապանը մտաւ,39. Չգիտցան՝ մինչեւ ջրհեղեղը եկաւ ու ամէնքը վերցուց, Որդի մարդոյ գալուստն ալ այնպէս պիտի ըլլայ։40. Այն ատեն եթէ երկու հոգի արտի մը մէջ ըլլան, մէկը պիտի առնուի ու միւսը ձգուի.41. Եւ եթէ երկու կին մէկ աղօրիքով աղալու վրայ գտնուին, մէկը պիտի առնուի ու միւսը ձգուի։42. «Ուրեմն արթուն կեցէք, վասն զի չէք գիտեր թէ որ ժամուն ձեր Տէրը պիտի գայ։43. Բայց այս գիտցէք, թէ եթէ տանտէրը գիտնար թէ գիշերուան որ պահուն գողը կու գայ, արթուն կը կենար եւ թող չէր տար որ իր տունը ծակեն։44. Անոր համար դուք ալ պատրաստ կեցէք, քանզի Որդին մարդոյ պիտի գայ այնպիսի ժամու մը որ դուք չէք կարծեր»։45. «Ո՞վ է այն հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան՝ որ իր տէրը իր ծառաներուն վրայ դրաւ, որպէս զի ատենին անոնց կերակուր տայ։46. Երանի՜ է այն ծառային, որ իր տէրը եկած ատեն պիտի տեսնէ թէ այնպէս ըրած է։47. Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի որ իր բոլոր ունեցածին վրայ պիտի կեցնէ զանիկա։48. Հապա եթէ այն չար ծառան իր սրտին մէջ ըսէ, ‘Իմ տէրս իր գալը կ’ուշացնէ’,49. Եւ սկսի իր ծառայակիցները ծեծել ու գինովներուն հետ ուտել ու խմել։50. Այն ծառային տէրը պիտի գայ այնպիսի օր մը որ չի սպասեր եւ այնպիսի ժամու մը՝ որ չի գիտեր51. Եւ զանիկա մէջտեղէն պիտի կտրէ ու անոր բաժինը կեղծաւորներուն հետ պիտի դնէ։ Հոն պիտի ըլլայ լալ ու ակռաներ կրճտել»։ Armenian Western Bible 1853 Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981