Աստվածաշունչը մեկ տարում
Փետրվար 9

1. «Հետեւեալները ըրէ՛ զանոնք սրբելու համար, որպէս զի ինծի քահանայ ըլլան. արջառներէն զուարակ մը ու երկու անարատ խոյ պիտի առնես,
2. Անխմոր հաց ու իւղով շաղուած անխմոր շօթեր եւ իւղով օծուած անխմոր լաւաշներ պիտի առնես ։ Ասոնք ցորենի բարակ ալիւրով պիտի շինես
3. Եւ սակառի մը մէջ պիտի դնես ու զուարակն ու երկու խոյերը պիտի մօտեցնես։
4. Ահարոնն ու անոր որդիները վկայութեան խորանին դրանը պիտի մօտեցնես ու զանոնք ջրով պիտի լուաս։
5. Զգեստները պիտի առնես ու շապիկը եւ եփուտին պատմուճանը ու եփուտը եւ լանջապանակը Ահարոնին պիտի հագցնես ու եփուտին ժապաւէնովը պիտի գօտեւորես զանիկա։
6. Խոյրը անոր գլուխը պիտի դնես ու խոյրին վրայ՝ սուրբ պսակը։
7. Եւ օծման իւղը պիտի առնես ու անոր գլխուն վրայ թափելով՝ պիտի օծես զանիկա։
8. Անոր որդիները պիտի մօտեցնես ու անոնց շապիկներ պիտի հագցնես
9. Եւ գօտիներով պիտի գօտեւորես զանոնք՝ այսինքն Ահարոնն ու անոր որդիները։ Անոնց գլուխը ապարօշներ պիտի փաթթես, որպէս զի քահանայութիւնը անոնցը ըլլայ յաւիտենական կանոնով։ Այսպէս պիտի օրհնես Ահարոնը ու անոր որդիները։
10. Եւ զուարակը վկայութեան խորանին առջեւ պիտի մօտեցնես ու Ահարոն եւ անոր որդիները իրենց ձեռքը զուարակին գլխուն վրայ պիտի դնեն։
11. Եւ վկայութեան խորանին դրանը քով ՝ Տէրոջը առջեւ պիտի մորթես զուարակը։
12. Եւ զուարակին արիւնէն պիտի առնես ու մատովդ սեղանին եղջիւրներուն վրայ պիտի քսես եւ մնացած բոլոր արիւնը սեղանին տակ պիտի թափես։
13. Եւ փորոտիքը ծածկող ճարպն ու լեարդին վրայ եղած թաղանթը եւ երկու երիկամունքը ու անոնց վրայ եղած ճարպը պիտի առնես եւ սեղանին վրայ այրես։
14. Բայց զուարակին միսը ու անոր մորթը եւ անոր աղբը բանակին դուրսիդին կրակով պիտի այրես, արպէս մեղքի պատարագ։
15. Խոյերուն մէկը պիտի առնես եւ Ահարոն ու անոր որդիները իրենց ձեռքերը խոյին գլխուն վրայ պիտի դնեն։
16. Այն խոյը պիտի մորթես ու անոր արիւնը առնես եւ սեղանին վրայ շրջանակաձեւ սրսկես։
17. Խոյը կտոր կտոր պիտի ընես։ Անոր փորոտիքը եւ ոտքերը պիտի լուաս ու զանոնք անոր կտորներուն եւ գլխուն վրայ պիտի դնես։
18. Բոլոր խոյը պիտի այրես սեղանին վրայ։ Այս ողջակէզը Տէրոջը անուշահոտ պատարագ մըն է։
19. Միւս խոյը պիտի առնես ու Ահարոն եւ անոր որդիները իրենց ձեռքերը խոյին գլխուն վրայ պիտի դնեն։
20. Խոյը պիտի մորթես ու արիւնէն պիտի առնես եւ Ահարոնին աջ ականջին բլթակին վրայ ու անոր որդիներուն աջ ձեռքին մեծ մատին վրայ ու անոնց աջ ոտքին մեծ մատին վրայ պիտի քսես։ Մնացած արիւնը սեղանին վրայ շրջանակաձեւ պիտի սրսկես։
21. Եւ սեղանին վրայ եղած արիւնէն ու օծման իւղէն պիտի առնես եւ Ահարոնին վրայ ու անոր զգեստներուն վրայ եւ անոր հետ իր որդիներուն վրայ ու իր որդիներուն զգեստներուն վրայ պիտի սրսկես։ Անիկա ու անոր զգեստները եւ անոր հետ իր որդիները ու իր որդիներուն զգեստները սուրբ պիտի ըլլան։
22. Ապա պիտի առնես իւղին ճարպն ու դմակը եւ փորոտիքը ծածկող ճարպը եւ լեարդին վրայի թաղանթը ու երկու երիկամունքը եւ անոնց վրայ եղած ճարպը ու աջ զիստը, վասն զի այս քահանային օրհնութեան խոյն է։
23. Տէրոջը առջեւ եղած անխմոր հացի սակառէն մէկ պան հացի ու մէկ իւղով հացի շօթ եւ մէկ լաւաշ պիտի առնես
24. Եւ ամէնքը Ահարոնին ձեռքը ու անոր որդիներուն ձեռքը պիտի դնես եւ զանոնք Տէրոջը ընծայ մատուցանես։
25. Անոնց ձեռքէն պիտի առնես զանոնք ու սեղանին վրայի ողջակէզին վրայ այրես Տէրոջը առջեւ անոյշ հոտի համար։ Ասիկա պատարագ մըն է Տէրոջը։
26. Ահարոնին քահանայ ձեռնադրութեան համար պատրաստուած խոյին երբուծը պիտի առնես ու զանիկա որպէս ընծայ Տէրոջը պիտի մատուցանես։ Եւ այն քու բաժինդ պիտի ըլլայ։
27. Ահարոնին համար ու անոր որդիներուն համար եղած քահանայի ձեռնադրութեան խոյին երերցնելու երբուծը ու բարձրացնելու զիստը պիտի սրբես։
28. Ասիկա յաւիտենական կանոնով Ահարոնին ու անոր որդիներունը պիտի ըլլայ Իսրայէլի որդիներուն կողմէ. վասն զի այս բարձրացնելու ընծայ է եւ պիտի ըլլայ բարձրացնելու ընծայ, Իսրայէլի որդիներէն իրենց խաղաղութեան զոհերէն բուն իրենց բարձրացնելու ընծան Տէրոջը։
29. Ահարոնին սուրբ զգեստները իրմէ ետքը իր որդիներուն պիտի ըլլան, որպէս զի անոնցմով օծուին ու անոնցմով օրհնուին։
30. Անիկա որ իր որդիներէն իր տեղ քահանայ ըլլալով՝ սրբարանին մէջ պաշտամունք կատարելու համար վկայութեան խորանը պիտի մտնէ, զանոնք եօթը օր հագնի։
31. Քահանային օրհնութեան խոյը պիտի առնես ու անոր միսը սուրբ տեղ մը պիտի եփես։
32. Ահարոն ու իր որդիները վկայութեան խորանին դրանը քով պիտի ուտեն խոյին միսը ու սակառին մէջի հացը։
33. Անոնք պիտի ուտեն այն բաները՝ որ իրենց ձեռնադրուելուն ու սրբուելուն համար անոնցմով քաւութիւն եղաւ։ Օտարական մը անոնցմէ պիտի չուտէ, վասն զի ասոնք սուրբ են։
34. Եթէ ձեռնադրութեան միսէն ու հացէն մինչեւ առտու մնայ, այդ աւելցածը կրակով պիտի այրես։ Անիկա պիտի չուտուի, վասն զի սուրբ է։
35. Եւ Ահարոնին ու անոր որդիներուն բոլոր քեզի ապսպրածիս պէս պիտի ընես։ Եօթը օրուան մէջ պիտի կատարես անոնց օրհնութիւնը։
36. Օրը մէկ զուարակ մեղքի պատարագ պիտի ընես քաւութեան համար ու սեղանին համար քաւութիւն ընելու ատենդ պիտի մաքրես զանիկա եւ սուրբ ընելու համար պիտի օծես զանիկա։
37. Սեղանին համար եօթը օր քաւութիւն պիտի ընես ու սուրբ պիտի ընես զայն եւ սեղանը ամենասուրբ պիտի ըլլայ. ինչ որ սեղանին դպչի սուրբ պիտի ըլլայ։
38. Սեղանին վրայ ընելու զոհդ այս է։ Ամէն օր մէկ տարեկան երկու գառներ՝
39. Մէկ գառը առտուն պիտի մատուցանես ու միւս գառը՝ իրիկուան դէմ։
40. Մէկ գառին հետ մէկ հիմենի քառորդ ծեծուած ձէթով շաղուած մէկ տասնորդ բարակ ալիւր եւ թափելու նուէրին համար մէկ հիմենի քառորդ մը գինի պիտի մատուցանես ։
41. Միւս գառը իրիկուան դէմ պիտի զոհես ու առտուան հացի ընծային պէս՝ անոր ըմպելի նուէրին պէս պիտի ընես։ Այս անուշահոտ պատարագ մըն է Տէրոջը։
42. Անիկա ձեր ազգերուն մէջ մշտնջենաւոր ողջակէզ պիտի ըլլայ Տէրոջը առջեւ վկայութեան խորանին դրանը քով, ուր ձեզի պիտի հանդիպիմ, քեզի հետ խօսելու համար։
43. Հոն Իսրայէլի որդիներուն պիտի հանդիպիմ ու խորանը իմ փառքովս սուրբ պիտի ըլլայ։
44. Վկայութեան խորանը ու սեղանը պիտի սրբեմ։ Ահարոնն ու անոր որդիներն ալ պիտի սրբեմ, որպէս զի ինծի քահանայութիւն ընեն։
45. Իսրայէլի որդիներուն մէջ պիտի բնակիմ ու անոնց Աստուած պիտի ըլլամ։
46. Անոնք պիտի գիտնան թէ՝ իրենց Տէր Աստուածը ես եմ, որ իրենց մէջ բնակելու համար Եգիպտոսի երկրէն հանեցի զանոնք։ Ես եմ իրենց Տէր Աստուածը»։
1. «Խունկ ծխելու սեղան մը շինէ՛ Սատիմի փայտէ շինէ՛ զանիկա։
2. Անոր երկայնութիւնը կանգուն մը ու անոր լայնութիւնը կանգուն մը, քառակուսի պիտի ըլլայ եւ անոր բարձրութիւնը երկու կանգուն։
3. Իր եղջիւրները իրմէ թող ըլլան։ Անոր գլուխը ու անոր քովերը շրջանակաձեւ եւ անոր եղջիւրները զուտ ոսկիով պատէ՛ ու շրջանակաձեւ ոսկի պսակ մը շինէ՛ անոր։
4. Եւ երկու ոսկի օղակներ շինէ՛ անոր. պսակին տակէն՝ անոր երկու քովերը երկու կողմերէն շինէ՛, որպէս զի անոնք վերցուելու համար ձողերուն անցընելու տեղերը ըլլան։
5. Ձողերը Սատիմի փայտէ շինէ՛ ու զանոնք ոսկիով պատէ՛։
6. Եւ զանիկա դի՛ր վկայութեանը վրայի քաւութեան առջեւ՝ վկայութեան տապանակին քով եղած վարագոյրին առջեւ, ուր ես քեզի պիտի հանդիպիմ։
7. Ահարոն անոր վրայ անուշահոտ խունկ պիտի ծխէ։ Ամէն առտու ճրագները շտկած ատենը խունկ պիտի ծխէ։
8. Ահարոն իրիկուան դէմ ճրագները վառած ատենը խունկ պիտի ծխէ, որ Տէրոջը առջեւ մշտնջենական խունկ ըլլայ ձեր ազգերուն մէջ։
9. Անոր վրայ օտար խունկ, կամ ողջակէզ, կամ հացի ընծայ չմատուցանէք. ո՛չ ալ անոր վրայ նուէր թափէք։
10. Ահարոն տարին անգամ մը անոր եղջիւրներուն վրայ քաւութիւն պիտի ընէ. անիկա քաւութիւններուն մեղքին պատարագին արիւնովը անոր վրայ քաւութիւն պիտի ընէ տարին անգամ մը ձեր ազգերուն մէջ։ Ասիկա ամենասուրբ է Տէրոջը»։
11. Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին ըսելով.
12. «Երբ Իսրայէլի որդիներուն հաշիւը առնելու ըլլաս՝ իրենց թիւին նայելով, այն ատեն անոնց ամէն մէկը իր հոգիին փրկանքը պիտի տայ Տէրոջը՝ զանոնք համրած ատենդ, որպէս զի անոնց մէջ հարուած չըլլայ երբ զանոնք համրես։
13. Անոնք ատիկա պիտի տան. ամէն մէկը որ կ’անցնի եւ կը համրուի, սրբարանին սիկղին համեմատ կէս սիկղ արծաթ պիտի տայ ։ Մէկ սիկղը քսան կերատ է։ Տէրոջը ընծան կէս սիկղ պիտի ըլլայ։
14. Ամէն քսան տարեկանէն վեր եղողը որ կ’անցնի եւ կը համրուի, այս ընծան Տէրոջը պիտի տայ։
15. Երբ ձեր հոգիներուն քաւութիւն ընելու համար Տէրոջը ընծայ տաք՝ կէս սիկղէն ո՛չ հարուստը աւելի ու ո՛չ աղքատը պակաս պիտի տայ։
16. Իսրայէլի որդիներէն քաւութեան արծաթը ա՛ռ ու վկայութեան խորանին պաշտօնեային տա՛ր, որպէս զի Տէրոջը առջեւ յիշատակ ըլլայ Իսրայէլի որդիներուն՝ ձեր հոգիներուն քաւութիւն ընելու համար»։
17. Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով.
18. «Նաեւ պղնձէ աւազան մը շինէ՛ լուացման համար ու անոր խարիսխն ալ պղնձէ ըլլայ եւ վկայութեան խորանին ու սեղանին մէջտեղ դիր զայն։ Անոր մէջ ջուր լեցո՛ւր։
19. Ահարոնն ու իր որդիները իրենց ձեռքերը ու ոտքերը թող լուան անով։
20. Երբ անոնք վկայութեան խորանը մտնելու ըլլան, կամ երբ սեղանին մօտենալու ըլլան՝ պաշտամունք կատարելու եւ կրակով Տէրոջը զոհ մատուցանելու համար, ջրով թող լուացուին, որպէս զի չմեռնին.
21. Այսպէս իրենց ձեռքերը ու ոտքերը լուան, որպէս զի չմեռնին։ Ասիկա իրենց յաւիտենական կանոն պիտի ըլլայ, թէ՛ իրեն եւ թէ՛ իր սերունդին՝ իրենց ազգերուն մէջ»։
22. Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով.
23. «Ա՛ռ քեզի պատուական համեմներ, զուտ զմուռս հինգ հարիւր սիկղ եւ անոր կէսին չափ՝ այսինքն երկու հարիւր յիսուն սիկղ անուշահոտ կինամոն ու երկու հարիւր յիսուն սիկղ անուշահոտ խնկեղէգն
24. Եւ հինգ հարիւր սիկղ կասիա՝ սրբարանին սիկղին համեմատ ու մէկ հիմէն ձէթ
25. Եւ սուրբ օծման իւղ պիտի ընես զայն՝ իւղագործի արհեստով բաղադրուած։ Անիկա սուրբ օծման իւղ պիտի ըլլայ։
26. Անով պիտի օծես վկայութեան խորանը ու վկայութեան տապանակը
27. Եւ սեղանը ու անոր բոլոր անօթները եւ աշտանակը ու անոր գործիքները եւ խունկին սեղանը։
28. Ողջակէզին սեղանը իր բոլոր գործիքներով եւ աւազանը ու անոր խարիսխը։
29. Պիտի սրբես զանոնք, որպէս զի ամենասուրբ ըլլան։ Ինչ որ անոնց դպչի՝ սուրբ պիտի ըլլայ։
30. Ահարոնն ու իր որդիները պիտի օծես ու սուրբ պիտի ընես զանոնք, որպէս զի ինծի քահանայութիւն ընեն։
31. Իսրայէլի որդիներուն ըսէ. Ասիկա ինծի օծման սուրբ իւղ պիտի ըլլայ ձեր ազգերուն մէջ։
32. Մարդու մարմնի վրայ պիտի չթափուի ան եւ անոր բաղադրութեանը պէս անոր նմանը չշինէք։ Ասիկա սուրբ է ու ձեզի սուրբ պիտի ըլլայ։
33. Ով որ անոր նմանը շինէ, կամ ով որ անկէ օտարականի վրայ դնէ, իր ժողովուրդէն պիտի կորսուի»։
34. Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Ա՛ռ քեզի անուշահոտ համեմներ՝ այսինքն ստաշխն ու եղունգն եւ քաղբան։ Այս անուշահոտ համեմները մաքուր կնդրուկով, բոլորը հաւասար ծանրութեամբ թող ըլլան։
35. Եւ զանոնք իւղագործի արհեստով իրարու խառնուած՝ ՝ բաղադրութեամբ մը՝ խունկ շինէ մաքուր ու սուրբ։
36. Անկէ քիչ մը ծեծէ՛ շատ բարակ ու վկայութեան խորանին մէջ վկայութեան առջեւ դի՛ր, ուր ես քեզի պիտի հանդիպիմ։ Անիկա ձեզի ամենասուրբ պիտի ըլլայ։
37. Այն քու շինելու խունկիդ բաղադրութիւնը ձեզի համար չշինէք։ Անիկա քեզի սուրբ պիտի ըլլայ Տէրոջը համար։
38. Ով որ հոտոտելու համար անոր նմանը շինելու ըլլայ, իր ժողովուրդէն պիտի կորսուի»։
6. Հիմա գիտցայ թէ Տէրը կը պահէ իր օծեալը, Անոր պատասխան կու տայ իր սուրբ երկնքէն՝ Իր աջ ձեռքին փրկութեան ուժովը։
7. Ոմանք՝ կառքերու եւ ոմանք ալ ձիերու կ’ապաւինին, Բայց մենք մեր Տէր Աստուծոյն անունը պիտի յիշենք։
8. Անոնք կորացան ու ինկան, Բայց մենք ելանք ու շիտակ կանգնեցանք։
9. Ո՛վ Տէր, փրկէ՛ թագաւորը, Պատասխան տուր մեզի մեր կանչելու օրը՝ ՝։
6. Ո՛վ ծոյլ, մրջիւնին գնա, Անոր ճամբաները տես ու իմաստուն եղիր։
7. Վասն զի անիկա թէեւ իշխան, Ոստիկան կամ տիրող չունի,
8. Բայց իր կերակուրը ամառուընէ կը պատրաստէ, Իր ուտելիքը հունձքի ատեն կը հաւաքէ։
9. Ո՛վ ծոյլ, մինչեւ ե՞րբ պիտի պառկիս, Քունէդ ե՞րբ պիտի արթննաս։
10. Եթէ քիչ մը քնանաս, քիչ մը նիրհես Ու քիչ մը ձեռք ձեռքի վրայ դնես հանգչելու համար,
11. Այն ատեն քու աղքատութիւնդ ճամբորդի մը պէս պիտի գայ Ու կարօտութիւնդ սպառազինեալ մարդու պէս։
12. Անօրէն ու չար մարդը Ծուռ բերնով կը շարժի.
13. Անիկա իր աչքերովը ակնարկութիւն կ’ընէ, Ոտքերովը կը խօսի Ու մատներովը բան կը սորվեցնէ։
14. Անոր սրտին մէջ ծռութիւն կայ, Միշտ չարութիւն կը հնարէ ու կռիւներ կը հանէ։
15. Ասոր համար անոր կորուստը յանկարծ պիտի գայ։ Անիկա յանկարծ պիտի կոտրուի ու անոր դարման պիտի չգտնուի։
16. Տէրը վեց բանէ կը զզուի Ու անոր հոգիին առջեւ եօթը բան պիղծ են։
17. Ամբարտաւան աչքեր, ստախօս լեզու, Անմեղ արիւն թափող ձեռքեր,
18. Չար խորհուրդ հնարող սիրտ, Չարութիւն ընելու համար շուտ վազող ոտքեր,
19. Ստութիւն խօսող անիրաւ վկայ Ու եղբայրներու մէջ կռիւներ ցանող մարդ ։
20. Որդեա՛կ իմ, քու հօրդ պատուիրանքը պահէ՛ Եւ քու մօրդ օրէնքը մի՛ մերժեր։
21. Զանոնք միշտ քու սրտիդ վրայ կապէ՛, Զանոնք քու պարանոցէդ կախէ՛։
22. Քալած ատենդ անոնք քեզի առաջնորդութիւն թող ընեն. Քնացած ատենդ քեզ թող պահպանեն Ու արթնցած ատենդ քեզի հետ խօսակցին։
23. Քանզի պատուիրանքը՝ ճրագ ու օրէնքը լոյս է։ Եւ խրատն ու յանդիմանութիւնները կեանքի ճամբայ են,
1. Երկնքի թագաւորութիւնը կը նմանի տասը կոյսերու, որոնք իրենց լապտերները առնելով՝ փեսան դիմաւորելու ելան։
2. Ասոնցմէ հինգը իմաստուն էին, իսկ հինգը՝ յիմար։
3. Յիմարները առին իրենց լապտերները, բայց իրենց հետ իւղ չառին.
4. Սակայն իմաստունները իրենց լապտերներուն հետ ամաններով իւղ ալ առին։
5. Երբ փեսան ուշացաւ, ամէնքն ալ թմրեցան ու քնացան։
6. Կէս գիշերին ձայն մը եղաւ. ‘Ահա փեսան կու գայ. զանիկա դիմաւորելու ելէք’։
7. Այն ատեն բոլոր կոյսերը ելան ու իրենց լապտերները շտկեցին։
8. Յիմարները ըսին իմաստուններուն. «Տուէք մեզի ձեր իւղէն, վասն զի մեր լապտերները մարելու վրայ են»։
9. Պատասխան տուին իմաստունները ու ըսին. «Չըլլայ թէ մեզի ու ձեզի չբաւականանայ, այլ ծախողներուն գացէք եւ գնեցէք ձեզի համար»։
10. Երբ անոնք գացին գնելու, փեսան եկաւ ու պատրաստ եղողները անոր հետ հարսանիքը մտան եւ դուռը գոցուեցաւ։
11. Ետքը միւս կոյսերը եկան ու ըսին. ‘Տէ՛ր, Տէ՛ր, բա՛ց մեզի’։
12. Բայց անիկա պատասխան տուաւ ու ըսաւ. ‘Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի. Ես ձեզ չեմ ճանչնար’։
13. Ուրեմն արթուն կեցէք, վասն զի ո՛չ օրը գիտէք եւ ո՛չ ժամը»։
14. Օտար երկիր գացող մարդ մը կանչեց իր ծառաները եւ իր ունեցածը անոնց յանձնեց։
15. Մէկուն տուաւ հինգ տաղանդ ու մէկուն՝ երկուք եւ մէկուն՝ մէկ։ Ամէն մէկուն իր կարողութեանը չափ ու անմիջապէս ճամբայ ելաւ։
16. Ան՝ որ հինգ տաղանդ առած էր, գնաց անոնցմով գործեց եւ ուրիշ հինգ տաղանդ շահեցաւ։
17. Նմանապէս ան՝ որ երկուք առած էր, ուրիշ երկուք ալ շահեցաւ։
18. Իսկ ան՝ որ մէկ առած էր, գնաց գետինը փորեց ու իր տիրոջը ստակը պահեց։
19. Շատ ժամանակ յետոյ այն ծառաներուն տէրը եկաւ եւ անոնցմէ հաշիւ ուզեց։
20. Հինգ տաղանդ առնողը եկաւ՝ ուրիշ հինգ տաղանդ ալ բերաւ ու ըսաւ. «Տէ՛ր, հինգ տաղանդ յանձնեցիր ինծի, ահա ուրիշ հինգ տաղանդ ալ անոնց վրայ շահեցայ»։
21. Տէրը ըսաւ անոր. «Ապրի՛ս, բարի ու հաւատարիմ ծառայ. դուն որ քիչ բանի մէջ հաւատարիմ եղար, քեզ շատ բաներու վրայ պիտի կեցնեմ. մտիր քու տիրոջդ ուրախութեանը մէջ»։
22. Երկու տաղանդ առնողն ալ եկաւ ու ըսաւ. «Տէ՛ր, երկու տաղանդ յանձնեցիր ինծի, ահա ուրիշ երկու տաղանդ ալ անոնց վրայ շահեցայ»։
23. Տէրը ըսաւ անոր. «Ապրի՛ս, բարի ու հաւատարիմ ծառայ, դուն որ քիչ բանի մէջ հաւատարիմ եղար, քեզ շատ բաներու վրայ պիտի կեցնեմ. մտիր քու տիրոջդ ուրախութեանը մէջ»։
24. Մէկ տաղանդ առնողն ալ եկաւ ու ըսաւ. «Տէ՛ր, գիտէի թէ դուն խիստ մարդ մըն ես, չսերմանած տեղէդ կը հնձես ու չցանած տեղէդ կը ժողվես,
25. Ուստի վախնալով՝ գացի քու տաղանդդ գետնին տակ պահեցի. ուստի ահա քուկդ քեզի»։
26. Պատասխան տուաւ անոր տէրը ու ըսաւ. «Չար եւ ծո՛յլ ծառայ, գիտէիր թէ չսերմանած տեղէս կը հնձեմ ու չցանած տեղէս կը ժողվեմ,
27. Ուրեմն պէտք էր որ իմ ստակս սեղանաւորներուն տայիր, որպէս զի եկած ատենս շահովը առնէի։
28. Արդ՝ առէ՛ք ատկէ տաղանդը ու տասը տաղանդ ունեցողին տուէք։
29. Վասն զի ամէն ունեցողին պիտի տրուի ու պիտի աւելնայ եւ չունեցողին ունեցածն ալ անկէ պիտի առնուի։
30. Իսկ այդ անպիտան ծառան դուրսի խաւարը հանեցէք. հոն պիտի ըլլայ լալ ու ակռաներ կրճտել»։
Armenian Western Bible 1853
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ Bible Society in Lebanon, 1981