Աստվածաշունչը մեկ տարում
Մարտ 1

1. «Դուք ձեզի չաստուածներ ու կուռքեր մի՛ շինէք եւ ձեզի արձաններ մի՛ կանգնեցնէք եւ ձեր երկրին մէջ պատկերաւոր կոթող մի՛ դնէք՝ անոր երկրպագութիւն ընելու համար. վասն զի ես եմ Տէրը՝ ձեր Աստուածը։
2. Իմ շաբաթներս պէտք է պահէք ու իմ սրբարանս յարգէք։ Ես եմ Տէրը։
3. Եթէ իմ կանոններովս քալէք եւ իմ պատուիրանքներս պահէք ու զանոնք գործադրէք,
4. Ես ալ ձեզի անձրեւը ատենին պիտի տամ եւ երկիրը իր հունձքը պիտի տայ ու դաշտին ծառերը իրենց պտուղը պիտի տան
5. Եւ ձեր կալը մինչեւ այգեկութքը պիտի հասնի ու այգեկութքը մինչեւ ցանելու ժամանակը հասնի եւ ձեր հացը կուշտ պիտի ուտէք ու ձեր երկրին մէջ ապահովութեամբ պիտի բնակիք։
6. Եւ խաղաղութիւն պիտի տամ երկրին ու հանգիստ պիտի պառկիք եւ վախցնող մը պիտի չըլլայ ու երկրին չար գազանները պիտի հատցնեմ եւ ձեր երկրէն սուր պիտի չանցնի։
7. Եւ ձեր թշնամիները պիտի հալածէք ու անոնք սրով պիտի իյնան ձեր առջեւ։
8. Եւ ձեզմէ հինգ հոգին հարիւրաւորը պիտի հալածէ եւ ձեզմէ հարիւր հոգին բիւրաւորը պիտի հալածէ ու ձեր թշնամիները սրով պիտի իյնան ձեր առջեւ։
9. Եւ ձեզի պիտի նայիմ ու ձեզ աճեցնեմ եւ շատցնեմ ու ձեզի հետ իմ ուխտս հաստատեմ։
10. Եւ հին պաշարը պիտի ուտէք ու նորին տեղ ընելու համար՝ ՝ հինը դուրս պիտի հանէք։
11. Եւ իմ խորանս ձեր մէջ պիտի դնեմ ու իմ Հոգիս ձեզմէ պիտի չզզուի։
12. Եւ ձեր մէջ պիտի քալեմ ու ձեզի Աստուած ըլլամ եւ դուք ինծի ժողովուրդ պիտի ըլլաք։
13. Ես եմ Տէրը՝ ձեր Աստուածը, որ ձեզ Եգիպտացիներուն երկրէն հանեցի, որպէս զի անոնց ծառայ չըլլաք ու ձեր լուծին կապերը խորտակեցի եւ ձեզ բարձրագլուխ քալեցուցի։
14. Բայց եթէ ինծի մտիկ չընէք ու բոլոր պատուիրանքներս չկատարէք
15. Եւ իմ կանոններս անարգէք ու ձեր հոգին իմ կարգադրութիւններէս զզուի, այնպէս որ իմ բոլոր պատուիրանքներս չկատարէք ու իմ ուխտս աւրէք,
16. Ես ալ ձեզի այդպէս պիտի ընեմ՝ այսինքն ձեր վրայ աչք փճացնող եւ սիրտ մարեցնող վախ, ծիւրական ախտ ու հրատագնապ տենդ պիտի ղրկեմ եւ ձեր սերմը պարապ տեղ պիտի սերմանէք. վասն զի ձեր թշնամիները պիտի ուտեն զայն.
17. Եւ իմ երեսս ձեր վրայ պիտի տնկեմ ու ձեր թշնամիներուն առջեւ պիտի սպաննուիք. ձեզ ատողները պիտի իշխեն ձեր վրայ ու առանց հալածուելու պիտի փախչիք։
18. Եւ եթէ ասոնցմով ալ ինծի մտիկ չընէք, այն ատեն ձեր մեղքերուն համար ձեզ եօթնապատիկ աւելի պիտի պատժեմ։
19. Եւ ձեր զօրութեան հպարտութիւնը պիտի խորտակեմ ու ձեր երկինքը երկաթի պէս եւ ձեր երկիրը պղնձի պէս պիտի ընեմ։
20. Եւ ձեր ոյժը պարապ տեղ պիտի հատնի ու ձեր երկիրը իր արդիւնքը պիտի չտայ եւ երկրին ծառերը իրենց պտուղը պիտի չտան։
21. Եւ եթէ դուք ինծի հակառակ երթաք ու չուզէք ինծի մտիկ ընել, այն ատեն ձեր մեղքերուն համեմատ եօթնապատիկ պատուհաս պիտի բերեմ ձեր վրայ։
22. Եւ ձեր վրայ դաշտի գազաններ պիտի ղրկեմ, որոնք ձեզ անզաւակ պիտի ընեն ու ձեր անասունները ջարդեն եւ ձեզ պիտի քիչցնեն ու ձեր ճամբաները անապատ պիտի դառնան։
23. Եւ եթէ ասոնցմով ալ չխրատուիք ու ինծի հակառակ երթաք,
24. Այն ատեն ես ալ ձեզի հակառակ պիտի երթամ եւ ես ալ ձեր մեղքերուն համար եօթնապատիկ պիտի պատժեմ ձեզ։
25. Եւ ձեր վրայ ուխտիս վրէժը առնող սուրը պիտի ղրկեմ ու ձեր քաղաքներուն մէջ պիտի հաւաքուիք եւ ձեր մէջ ժանտախտ պիտի ղրկեմ ու թշնամիին ձեռքը պիտի մատնուիք։
26. Ձեր հացին ցուպը կոտրած ատենս, տասը կին մէկ թոնիրի մէջ պիտի եփեն ձեր հացը եւ ձեր հացը կշռելով պիտի տրուի ձեզի ու պիտի ուտէք եւ կշտանաք։
27. Եւ եթէ ասոնցմով ալ ինծի մտիկ չընէք, հապա հակառակ երթաք ինծի,
28. Այն ատեն ես ալ ձեզի հակառակ պիտի երթամ բարկութեամբ եւ ձեր մեղքերուն համար եօթնապատիկ պիտի պատժեմ ձեզ
29. Եւ ձեր տղաքներուն միսը պիտի ուտէք ու ձեր աղջիկներուն միսը պիտի ուտէք։
30. Եւ ձեր բարձր տեղերը պիտի աւերեմ ու ձեր արեգակի կուռքերը կոտրտեմ եւ ձեր դիակները ձեր կուռքերուն դիակներուն վրայ պիտի դնեմ ու իմ հոգիս ձեզմէ պիտի զզուի։
31. Եւ ձեր քաղաքները՝ աւերակ ու ձեր սուրբ տեղերը ամայի պիտի ընեմ եւ ձեր անոյշ հոտը պիտի չհոտուըտամ։
32. Եւ այն երկիրը ամայի պիտի ընեմ, որպէս զի հոն բնակող ձեր թշնամիները զարմանան անոր վրայ։
33. Եւ ձեզ ազգերուն մէջ պիտի ցրուեմ ու ձեր ետեւէն սուր պիտի քաշեմ եւ ձեր երկիրը ամայի պիտի ըլլայ ու ձեր քաղաքները՝ աւերակ։
34. Այն ատեն երկիրը իր ամայութեան բոլոր օրերը իր շաբաթները պիտի վայելէ, երբ դուք ձեր թշնամիին երկրին մէջ ըլլաք. երկիրը այն ատեն հանգիստ ըլլալով՝ իր շաբաթները պիտի վայելէ.
35. Իր ամայութեան բոլոր օրերը պիտի հանգստանայ. քանզի ձեր շաբաթներուն մէջ չէր հանգստանար, երբ անոր վրայ կը բնակէիք։
36. Եւ ձեզմէ ողջ մնացածներուն սրտին դող պիտի բերեմ իրենց թշնամիներուն երկիրներուն մէջ ու հովէն քշուած տերեւին ձայնը պիտի հալածէ զանոնք եւ սուրի բերնէ փախչելու պէս պիտի փախչին անոնք ու առանց հալածուելու պիտի իյնան։
37. Առանց հալածուելու՝ սուրի երեսէ փախչելու պէս իրարու վրայ պիտի իյնան եւ պիտի չկրնաք ձեր թշնամիներուն առջեւ կայնիլ։
38. Եւ ազգերուն մէջ պիտի կորսուիք ու ձեր թշնամիներուն երկիրը ձեզ պիտի ուտէ։
39. Եւ ձեզմէ մնացածները իրենց անօրենութիւնովը պիտի հալին ձեր թշնամիներուն երկիրներուն մէջ. նաեւ իրենց հայրերուն անօրէնութիւններովը մէկտեղ պիտի հալին։
40. Եւ եթէ խոստովանին իրենց անօրէնութիւնն ու հայրերնուն անօրէնութիւնը՝ ինծի դէմ գործած իրենց յանցանքներովը եւ իրենց ինծի հակառակ երթալը։
41. Ու նաեւ իմ անոնց հակառակ երթալս ու զանոնք իրենց թշնամիներուն երկիրը բերելս. եթէ այն ատեն իրենց անթլփատ սիրտը խոնարհի եւ իրենց անօրէնութեան պատիժը յօժարութեամբ ընդունին,
42. Այն ատեն պիտի յիշեմ Յակոբին հետ ըրած ուխտս, նաեւ Իսահակին հետ ըրած ուխտս եւ Աբրահամին հետ ըրած ուխտս ալ պիտի յիշեմ ու այն երկիրն ալ պիտի յիշեմ։
43. Եւ յիրաւի այն երկիրը պիտի լքուի անոնցմէ ու իր շաբաթները պիտի վայելէ, քանի որ անոնցմէ ամայի պիտի մնայ եւ անոնք իրենց անօրէնութեան պատիժը յօժարութեամբ պիտի ընդունին. քանզի իմ կարգադրութիւններս անարգեցին ու անոնց հոգիները իմ կանոններէս զզուեցան։
44. Ամէն պարագայի երբ իրենց թշնամիներուն երկիրը ըլլան, զանոնք պիտի չմերժեմ եւ զանոնք բոլորովին կորսնցնելու ու անոնց հետ ըրած ուխտս ջնջելու չափ պիտի չզզուիմ անոնցմէ. վասն զի ես եմ Տէրը՝ անոնց Աստուածը։
45. Բայց անոնց համար պիտի յիշեմ իրենց նախնիքներուն ուխտը, որոնք Եգիպտոսի երկրէն հանեցի՝ ազգերուն առջեւ անոնց Աստուած ըլլալու համար։ Ես եմ Տէրը»։
46. Ասոնք են այն կանոնները եւ կարգադրութիւններն ու օրէնքները, որոնք Տէրը տուաւ իր ու Իսրայէլի որդիներուն՝ Սինա լեռը՝ Մովսէսին միջոցով։
1. Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով.
2. «Խօսէ՛ Իսրայէլի որդիներուն ու ըսէ անոնց. Երբ մէկը ուխտ ընելու ըլլայ, անձերուն գինը քու գնահատածիդ պէս՝ Տէրոջը պէտք է ըլլայ։
3. Եւ քու որոշած գինդ այսպէս պիտի ըլլայ՝ Քսան տարեկանէն մինչեւ վաթսուն տարեկան եղող արուին որոշուած գինը, սրբարանին սիկղին համեմատ, յիսուն սիկղ արծաթ պէտք է ըլլայ
4. Եւ եթէ էգ է, քու որոշած գինդ երեսուն սիկղ պէտք է ըլլայ։
5. Եւ եթէ հինգ տարեկանէն մինչեւ քսան տարեկան է, այն ատեն արուին համար քու որոշած գինդ՝ քսան սիկղ ու էգին համար տասը սիկղ պէտք է ըլլայ։
6. Եւ եթէ մէկ ամսականէն մինչեւ հինգ տարեկան ըլլայ, այն ատեն արուին համար որոշած գինդ՝ հինգ սիկղ արծաթ ու էգին համար որոշած գինդ երեք սիկղ արծաթ պէտք է ըլլայ։
7. Եւ եթէ վաթսուն տարեկանէն վեր ըլլայ, արուին համար քու որոշած գինդ՝ տասնըհինգ սիկղ ու էգին համար տասը սիկղ պէտք է ըլլայ։
8. Եւ եթէ քու որոշած գինդ անոր կարողութենէն վեր ըլլայ, անիկա քահանային առջեւ պիտի ելլէ ու անոր գինը քահանան թող որոշէ։ Քահանան ուխտ ընողին կարողութեանը նայելով՝ անոր գինը թող որոշէ։
9. Եւ եթէ իր ուխտը Տէրոջը զոհ մատուցանելու անասուններէն է, անոնցմէ ինչ որ Տէրոջը տայ, սուրբ պիտի ըլլայ
10. Ինք թող չփոխէ զայն, աղէկը՝ գէշին հետ կամ գէշը աղէկին հետ թող չփոխէ եւ եթէ անասունը անասունի հետ փոխելու ըլլայ, այն ատեն այն ընծայուածը ու անոր հետ փոխուածը սուրբ թող ըլլայ։
11. Եւ եթէ իր ուխտը Տէրոջը զոհ մատուցանելու անյարմար անմաքուր անասուններէն ըլլայ, այն ատեն քահանային առջեւ թող հանէ այն անասունը
12. Ու քահանան անոր աղէկ կամ գէշ ըլլալուն նայելով՝ թող գին որոշէ. քահանան ինչ գին որ որոշէ, այնպէս թող ըլլայ։
13. Իսկ եթէ զանիկա ազատելու ըլլայ, այն ատեն որոշուած գնին վրայ մէկ հինգերորդ մաս պէտք է աւելցնէ։
14. Ու երբ մարդ մը իր տունը Տէրոջը սուրբ ըլլալու համար ընծայէ, այն ատեն քահանան անոր աղէկ կամ գէշ ըլլալուն նայելով՝ գին թող որոշէ. քահանան անոր ինչ գին որ որոշէ, այնպէս պէտք է ըլլայ։
15. Եթէ ընծայողը տունը ետ առնել ուզէ, որոշուած գնին մէկ հինգերորդը պէտք է աւելցնէ, որ կարենայ տունը առնել։
16. Եւ եթէ մարդ մը իր սեփական արտէն ընծայելու ըլլայ Տէրոջը, այն ատեն քու որոշած գինդ անոր սերմին համեմատ պէտք է ըլլայ. մէկ քոռ գարիին սերմին համար՝ յիսուն սիկղ արծաթ։
17. Եթէ իր արտը Յոբելեան տարիէն ընծայէ, քու որոշած գնիդ պէս թող մնայ։
18. Եւ եթէ իր արտը Յոբելեան տարիէն ետքը ընծայէ, քահանան անոր հետ՝ ստակը մինչեւ Յոբելեան տարիին մնացած տարիները՝ հաշիւ ընելով՝ քու որոշած գնէդ վար պէտք է իջեցնէ։
19. Իսկ եթէ արտը ընծայողը ուզէ ետ առնել, այն ատեն քու որոշած գնիդ ստակին վրայ մէկ հինգերորդ մաս թող աւելցնէ ու այն արտը իրեն փոխանցուի։
20. Եւ եթէ արտը ետ չառնէ, կամ արտը ուրիշի մը ծախած ըլլայ, պիտի չկրնայ ետ առնել.
21. Հապա երբ արտը Յոբելեան տարիին մէջ դառնայ, նուիրուած արտի պէս սուրբ պիտի ըլլայ Տէրոջը։ Ան քահանային կալուածը պիտի ըլլայ։
22. Եւ եթէ մէկը Տէրոջը ընծայէ իր ծախու առած արտը, որ իր սեփական արտէն չէ,
23. Այն ատեն քահանան անոր հետ քու որոշած գնիդ հաշիւը թող ընէ մինչեւ Յոբելեան տարին եւ այն օրը քու որոշած գինդ սուրբ բանի պէս պէտք է տայ Տէրոջը։
24. Յոբելեան տարին, արտը՝ ծախողին, այսինքն որու որ կը վերաբերէր գետինը, անոր պիտի դառնայ։
25. Եւ քու բոլոր որոշած գիներդ սրբարանին սիկղին համեմատ պէտք է որոշուած ըլլան. սիկղը քսան կերատ հաշուելով։
26. Միայն թէ անասուններուն անդրանիկը, ամենէն առաջ ծնած ըլլալուն Տէրոջը ըլլալով, մէկը պէտք չէ ընծայէ զայն. արջառ ըլլայ թէ ոչխար, ան Տէրոջն է։
27. Եւ եթէ անմաքուր անասուններէն է, քու որոշած գնիդ համեմատ կրնայ ետ առնել զայն, բայց վրան մէկ հինգերորդ մաս պէտք է աւելցնէ։ Եթէ ետ առնել չուզէ՝ քու որոշած գնովդ թող ծախուի։
28. Բայց մարդու մը՝ իր բոլոր ունեցած մարդոցմէն եւ անասուններէն ու իր կալուածքին արտէն՝ Տէրոջը նուիրածը պիտի չծախուի ու չփրկուի. ամէն նուէր սուրբ է Տէրոջը։
29. Մարդոցմէ նուիրուած նուէր մը բնաւ պիտի չփրկուի, հապա անշուշտ պիտի մեռցուի։
30. Երկրին բոլոր տասանորդը՝ թէ՛ երկրին հունտերէն, թէ՛ ծառերուն պտուղէն՝ Տէրոջն է. անիկա սուրբ է Տէրոջը։
31. Եւ եթէ մարդ մը իր տասանորդներէն մաս մը ետ առնել ուզէ, անոր վրայ մէկ հինգերորդ մաս թող աւելցնէ։
32. Եւ արջառներուն ու ոչխարներուն տասանորդը, գաւազանին տակէն անցնողին տասանորդը, սուրբ պիտի ըլլայ Տէրոջը։
33. Աղէկին ու գէշին մէջտեղ տարբերութիւն պէտք չէ դնէ ու չփոխէ զայն եւ եթէ երբեք փոխելու ըլլայ, այն ատեն այն ալ, անոր հետ փոխանակուածն ալ սուրբ պիտի ըլլայ, որ ետ պիտի չառնուի»։
34. Տէրոջը՝ Իսրայէլի որդիներուն համար Սինա լեռը՝ Մովսէսին պատուիրած պատուիրանքները ասոնք են։
1. Տէրոջը տուէք, ո՛վ հզօրաց որդիներ, Տէրո՛ջը տուէք փառք ու զօրութիւն։
2. Տէրո՛ջը տուէք իր անուան փառքը, Տէրոջը երկրպագութիւն ըրէ՛ք սրբութեան զարդարանքով։
3. Տէրոջը ձայնը ջուրերուն վրայ է։ Փառաց Աստուածը կ’որոտայ։ Տէրը շատ ջուրերու վրայ է։
4. Տէրոջը ձայնը ուժով է։ Տէրոջը ձայնը վեհափառութիւնով է։
5. Տէրոջը ձայնը եղեւինները կը կոտրէ Ու Տէրը կը կոտրտէ Լիբանանի եղեւինները.
6. Զանոնք կը ցատկեցնէ հորթի պէս, Լիբանանը ու Սարիօնը՝ միեղջերուներու ձագի պէս։
22. Տէրոջ օրհնութիւնն է, որ հարստութիւն կու տայ Ու անոր հետ տրտմութիւն չի խառներ։
23. Չարութիւն ընելը յիմարին զբօսանքն է, Բայց խոհեմ մարդունը՝ իմաստութիւնը։
24. Չար մարդուն վախցած բանը իր վրայ կու գայ, Բայց արդարներուն փափաքը կը լեցուի։
25. Մրրիկը անցնելուն պէս ամբարիշտը բնաջինջ կ’ըլլայ, Բայց արդարը յաւիտենական հիմ ունի ։
1. Իր քով ժողվուեցան փարիսեցիներէն ու դպիրներէն ոմանք որ Երուսաղէմէն եկած էին։
2. Երբ տեսան թէ անոր աշակերտներէն ոմանք պիղծ, այսինքն անլուայ ձեռքերով՝ հաց կ’ուտեն, մեղադրեցին,
3. Վասն զի փարիսեցիներն ու բոլոր Հրեաները մինչեւ աղէկ մը ձեռքերնին չլուան՝ հաց չեն ուտեր, քանզի ծերերուն աւանդութիւնը կը բռնեն։
4. Շուկայէն եկած ատեննին եթէ չլուացուին՝ չեն ուտեր։ Ասոնց նման շատ բաներ կան, որոնք ընդունած են ու կը բռնեն, այսինքն գաւաթներու եւ փարչերու ու պղնձէ ամաններու եւ անկողիններու լուացումներ։
5. Այն ատեն փարիսեցիներն ու դպիրները հարցուցին անոր. «Ինչո՞ւ քու աշակերտներդ ծերերուն աւանդութեանը պէս չեն շարժիր ու անլուայ ձեռքերով հաց կ’ուտեն»։
6. Ան ալ պատասխան տուաւ ու ըսաւ անոնց. «Աղէկ մարգարէութիւն ըրաւ Եսայի ձեզի՝ կեղծաւորներուդ համար, ինչպէս գրուած է. ‘Այս ժողովուրդը միայն շրթունքներովը զիս կը պատուէ, բայց իրենց սիրտը հեռացած, զատուած է ինծմէ
7. Ու պարապ տեղը զիս կը պաշտեն, մարդոց պատուիրած բաները իբրեւ վարդապետութիւն սորվեցնելով’։
8. Վասն զի Աստուծոյ պատուիրանքը թողելով՝ մարդոց աւանդութիւնը կը բռնէք, ինչպէս ՝ փարչերու եւ գաւաթներու մաքրութիւններ եւ ասոնց նման շատ ուրիշ բաներ կ’ընէք»։
9. Ու ըսաւ անոնց. «Աղէկ կ’անարգէք Աստուծոյ պատուիրանքը, որպէս զի ձեր աւանդութիւնը պահէք։
10. Քանզի Մովսէս ըսաւ. ‘Քու հայրդ ու մայրդ պատուէ. եւ Ով որ իր հայրը կամ մայրը անիծէ, մահով թող մեռնի’։
11. Բայց դուք կ’ըսէք. ‘Եթէ մէկը իր հօրը կամ մօրը ըսէ՝ ‘Այն բանը զոր ինծմէ պիտի շահիս Աստուծոյ տալու կորբան է, (որ ըսել է՝ ընծայ,) ազատ կ’ըլլայ անիկա ’.
12. Եւ ա՛լ թող չէք տար անոր բան մը ընել իր հօրը կամ իր մօրը.
13. Ու Աստուծոյ խօսքը կը խափանէք ձեր աւանդութիւնովը եւ ասոր նման շատ ուրիշ բաներ կ’ընէք»։
Armenian Western Bible 1853
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ Bible Society in Lebanon, 1981