Աստվածաշունչը մեկ տարում Մարտ 10Թվերը 17:1-131. Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով.2. «Խօսէ՛ Իսրայէլի որդիներուն ու անոնցմէ իրենց հայրերուն տուներուն համեմատ մէկմէկ գաւազան, այսինքն իրենց հայրերուն տուներուն բոլոր իշխաններէն տասներկու գաւազան ա՛ռ. ամէն մարդու անունը իր գաւազանին վրայ գրէ՛։3. Ահարոնին անունը Ղեւիի գաւազանին վրայ գրէ՛. վասն զի անոնց հայրերուն տանը իշխանին համար մէկ գաւազան պիտի ըլլայ4. Եւ զանոնք վկայութեան խորանին առջեւ դի՛ր, ուր ձեզի պիտի հանդիպիմ։5. Եւ իմ ընտրած մարդուս գաւազանը պիտի ծաղկի ու այն ատեն ինծմէ պիտի դադրեցնեմ Իսրայէլի որդիներուն տրտունջը՝ որոնք կը տրտնջէին ձեզի դէմ»։6. Մովսէս ըսաւ Իսրայէլի որդիներուն ու անոնց բոլոր իշխանները իրենց հայրերուն տուներուն համեմատ տասներկու գաւազան տուին իրեն, ամէն մէկ իշխանի համար մէկ գաւազան եւ Ահարոնին գաւազանն ալ անոնց գաւազաններուն մէջ էր։7. Գաւազանները Տէրոջը առջեւ դրաւ վկայութեան խորանին մէջ։8. Հետեւեալ օրը Մովսէս վկայութեան խորանը մտաւ եւ ահա Ղեւիին տանը կողմէն տրուած Ահարոնին գաւազանը ծաղկեցաւ ու ծլեցաւ եւ ծաղիկ բացաւ ու նուշեր հասցուց։9. Եւ Մովսէս բոլոր գաւազանները Տէրոջը առջեւէն դուրս հանեց Իսրայէլի բոլոր որդիներուն առջեւ ու անոնք տեսան եւ ամէն մէկը իր գաւազանը առաւ։10. Եւ Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Ահարոնին գաւազանը վկայութեան առջեւ ետ դարձուր, որպէս զի ապստամբներուն նշան ըլլալու համար պահուի ու անոնց տրտունջը ինծմէ վերցո՛ւր, որպէս զի չմեռնին»։11. Եւ Մովսէս Տէրոջը պատուիրածին պէս ըրաւ։12. Եւ Իսրայէլի որդիները խօսեցան Մովսէսին՝ ըսելով. «Ահա կը մեռնինք, կը կորսուինք. մենք ամէնքս կը կորսուինք.13. Ամէն ով որ Տէրոջը վկայութեան խորանին մօտենայ՝ կը մեռնի. ամէնքս ալ պիտի մեռնի՞նք»։Թվերը 18:1-321. Տէրը ըսաւ Ահարոնին. «Դուն ու քեզի հետ քու որդիներդ եւ հօրդ տունը սրբարանին անօրէնութիւնը պիտի կրէք եւ դուն ու քեզի հետ քու որդիներդ ձեր քահանայութեան անօրէնութիւնը պիտի կրէք։2. Եւ քու հօրդ սերունդէն, այսինքն Ղեւիին սերունդէն եղող քու եղբայրներդ մօտեցո՛ւր, որպէս զի քեզի հետ միանան ու քեզի սպասաւորութիւն ընեն, երբ դուն ու քեզի հետ քու որդիներդ վկայութեան խորանին առջեւ ըլլաք։3. Եւ քեզ ու բոլոր խորանը պիտի պահեն, բայց սրբարանին անօթներուն ու սեղանին պէտք չէ մօտենան, որպէս զի ո՛չ իրենք մեռնին՝ ո՛չ ալ դուք։4. Անոնք ձեզի հետ պիտի միանան ու վկայութեան խորանը պիտի պահեն, խորանին բոլոր ծառայութիւնները պիտի ընեն, բայց ոեւէ օտար մէկը պիտի չմօտենայ ձեզի։5. Սրբարանն ու սեղանը պիտի պահէք, որպէս զի ա՛լ Իսրայէլի որդիներուն վրայ բարկութիւն չըլլայ։6. Ահա Իսրայէլի որդիներէն ձեր եղբայրները, Ղեւտացիները, առի. անոնք ձեզի տրուած պարգեւ են Տէրոջը համար, որպէս զի վկայութեան խորանին ծառայութիւն ընեն։7. Եւ դուն ու քեզի հետ քու որդիներդ սեղանին պատկանած բոլոր բաներուն եւ վարագոյրին ներսը եղած բաներուն համար ձեր քահանայութիւնը պիտի պահէք ու պաշտամունքը կատարէք։ Քահանայութիւնը ձեզի իբր պարգեւ տուի եւ ոեւէ մօտեցող օտարական պիտի մեռցուի»։8. Տէրը խօսեցաւ Ահարոնին. «Ես ահա Իսրայէլի որդիներուն բոլոր սուրբ բաներուն եւ ինծի տրուած ընծաներուն պահպանութիւնը քեզի յանձնեցի եւ անոնք օծման իրաւունքի համար քեզի եւ քու որդիներուդ տուի յաւիտենական կանոնով։9. Ասոնք քուկդ պիտի ըլլան ամենասուրբ բաներէն, որ չեն այրուիր՝ ՝. անոնց բոլոր հացի ընծաներուն, անոնց բոլոր մեղքի պատարագներուն եւ անոնց բոլոր յանցանքի պատարագներուն ընծաները, որոնք ինծի պիտի մատուցանեն, ամենասուրբ են քեզի ու քու որդիներուդ համար։10. Ամենասուրբ տեղին մէջ պէտք է ուտես զայն. ամէն արու կրնայ ուտել զայն. անիկա սուրբ է քեզի։11. Այս ալ քուկդ է՝ իրենց պարգեւներուն բարձրացնելու ընծան եւ Իսրայէլի որդիներուն բոլոր երերցնելու ընծաները. քեզի եւ քեզի հետ քու որդիներուդ ու քու աղջիկներուդ տուի զանոնք յաւիտենական կանոնով. քու տանդ մէջ ամէն մաքուր եղող անկէ կրնայ ուտել։12. Ամենէն աղէկ իւղին եւ ամենէն աղէկ գինիին ու ցորենին բոլոր երախայրիները, որոնք Տէրոջը կը մատուցանեն, քեզի տուի։13. Անոնց երկրին մէջ եղած բոլոր բերքերուն երախայրիները, որոնք Տէրոջը կը բերեն, քուկդ պիտի ըլլան. քու տանդ մէջ ամէն մաքուր եղող անկէ կրնայ ուտել։14. Իսրայէլի մէջ ամէն նուիրուած բան քուկդ պիտի ըլլայ։15. Ամէն մարմնի արգանդ բացողը, որ Տէրոջը կ’ընծայեն, մարդ ըլլայ թէ անասուն, քուկդ պիտի ըլլայ. միայն թէ մարդուն անդրանիկը անշուշտ պիտի փրկես եւ անմաքուր անասունին անդրանիկն ալ պիտի փրկես։16. Ու երբ փրկուող տղաքը մէկ ամսուան ըլլան, սրբարանին սիկղին համեմատ հինգ սիկղ արծաթի գնով պիտի փրկես. սիկղը քսան կերատ է։17. Բայց կովուն անդրանիկը եւ ոչխարին անդրանիկը կամ այծին անդրանիկը պէտք չէ փրկես. անոնք սուրբ են. անոնց արիւնը սեղանին վրայ պէտք է սրսկես ու անոնց ճարպը այրես Տէրոջը անուշահոտ պատարագ ըլլալու18. Եւ անոնց միսը քուկդ պիտի ըլլայ, ինչպէս երերցնելու երբուծն ու աջ զիստը քուկդ են։19. Սուրբ բաներէն բոլոր բարձրացնելու ընծաները, որոնք Իսրայէլի որդիները Տէրոջը կը մատուցանեն, քեզի եւ քեզի հետ քու որդիներուդ ու աղջիկներուդ տուի յաւիտենական կանոնով. անիկա Տէրոջը առջեւ քեզի եւ քեզի հետ քու սերունդիդ աղի ուխտ մըն է յաւիտեան»։20. Եւ Տէրը ըսաւ Ահարոնին. «Անոնց երկրին մէջ դուն ժառանգութիւն պիտի չունենաս ու անոնց մէջ բաժին պիտի չունենաս. Իսրայէլի որդիներուն մէջ քու բաժինդ ու ժառանգութիւնդ ես եմ»։21. «Եւ ահա Իսրայէլի բոլոր տասանորդը Ղեւիի որդիներուն տուի ժառանգութեան համար իրենց ծառայութեան որպէս հատուցում, վկայութեան խորանին ծառայութեան համար։22. Ուստի Իսրայէլի որդիները ա՛լ վկայութեան խորանին թող չմօտենան, որպէս զի մեղք չգործեն ու չմեռնին։23. Վկայութեան խորանին ծառայութիւնը Ղեւտացիները պիտի ընեն ու իրենց անօրէնութիւնը իրենք պիտի կրեն. ասիկա ձեր սերունդներուն մէջ յաւիտենական կանոն թող ըլլայ, որ անոնք Իսրայէլի որդիներուն մէջ ժառանգութիւն չունենան։24. Քանզի Իսրայէլի որդիներուն տասանորդը, որոնք Տէրոջը կ’ընծայեն, Ղեւտացիներուն տուի իբր ժառանգութիւն. այս պատճառով անոնց համար ըսի որ Իսրայէլի որդիներուն մէջ ժառանգութիւն չունենան»։25. Եւ Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով.26. «Այսպէս խօսիր Ղեւտացիներուն ու ըսէ՛ անոնց. ‘Երբ Իսրայէլի որդիներէն տասանորդ առնէք, որ անոնց կողմանէ ձեզի ժառանգութեան համար տուի, այն ատեն այդ տասանորդին մէկ տասներորդ մասը իբր բարձրացնելու ընծայ պէտք է մատուցանէք Տէրոջը։27. Եւ այս ձեր բարձրացնելու ընծան կալի ցորենի պէս եւ հնձանի բերքի պէս թող սեպուի ձեզի։28. Այսպէս Իսրայէլի որդիներէն ձեր առած բոլոր տասանորդներէն դուք ալ բարձրացնելու ընծայ պիտի մատուցանէք Տէրոջը։ Անոնցմէ Տէրոջը համար ունեցած բարձրացնելու ընծան Ահարոն քահանային պիտի տաք։29. Բոլոր ձեզի եղած ընծաներէն իբր Տէրոջը բարձրացնելու ընծայ՝ անոր ամենալաւէն, անոր սուրբ մասէն, պէտք է մատուցանէք’։30. Ուստի պիտի ըսես անոնց. ‘Երբ անոր ամենալաւէն մատուցանէք, այն ատեն մնացածը կալի արդիւնքի պէս ու հնձանի արդիւնքի պէս թող մնայ Ղեւտացիներուն։31. Եւ ամէն տեղ պիտի ուտէք զայն դուք ու ձեր ընտանիքները. վասն զի վկայութեան խորանին մէջ ձեր ընելու ծառայութեան փոխարէն ձեր վարձքն է այն։32. Եւ անկէ ամենալաւը մատուցանելէն ետքը անոր համար մեղք պիտի չկրէք ու Իսրայէլի որդիներուն սուրբ բաները մի՛ պղծէք, որպէս զի չմեռնիք’»։Սաղմոսներ 32:6-116. Ասոր համար ամէն աստուածապաշտ աղօթք պիտի ընէ քեզի Քու գտնուելու ժամանակդ։ Արդարեւ շատ ջուրերու հեղեղներուն ատենը Անոր պիտի չմօտենան։7. Դուն ես իմ ապաստանարանս։ Նեղութենէն զիս պիտի պահես։ Դուն զիս պիտի պատես ազատութեան երգերով։ (Սէլա։)8. Քեզի պիտի սորվեցնեմ ու երթալու ճամբադ պիտի ցուցնեմ քեզի. Քեզ պիտի խրատեմ՝ ՝, իմ աչքս քու վրադ պիտի ըլլայ։9. Ձիու պէս ու ջորիի պէս մի՛ ըլլաք, որոնք միտք չունին Ու իրենց սանձով ու պախուրցով կապելու ես, որպէս զի քեզի չմօտենան։10. Ամբարշտին տանջանքները շատ պիտի ըլլան, Սակայն սէրը պիտի պատէ Տէրոջը յուսացողին չորս կողմը։11. Ո՛վ արդարներ, Տէրոջմով ուրախ եղէ՛ք ու ցնծացէ՛ք, Ցնծութեամբ երգեցէ՛ք դուք ամէնքդ, որ սրտով ուղիղ էք։Առակներ 11:19-2119. Ինչպէս որ արդարութիւնը կեանքի կ’առաջնորդէ, Նոյնպէս չարութեան հետեւողը իր մահուանը կ’երթայ ։20. Ծուռ սիրտ ունեցողները Տէրոջը առջեւ պիղծ են, Բայց ուղիղ ճամբայ քալողները անոր հաճելի են։21. Անօրէնները թէեւ ձեռք ձեռքի տալով միաբանին ՝ ՝, անպատիժ պիտի չմնան, Բայց արդարներուն սերունդը պիտի ազատի։նշագծել 11:20-3320. Առտուն երբ անկէ կ’անցնէին, թզենին տեսան արմատէն չորցած։21. Պետրոսին միտքը եկաւ ու ըսաւ անոր. «Ռաբբի՛, ահա՛ թզենին որ անիծեցիր՝ չորցեր է»։22. Յիսուս պատասխան տալով՝ ըսաւ անոնց. «Աստուծոյ վրայ հաւատք ունեցէք.23. Քանզի ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, ‘Ով որ այս լերան ըսէ՝ «Ելի՛ր ու ծովը ինկի՛ր» եւ իր սրտին մէջ չերկմտի, հապա հաւատայ թէ ի՛նչ որ ըսէ՝ կ’ըլլայ, պիտի ըլլայ անոր ինչ որ ըսէ’։24. Ասոր համար կ’ըսեմ ձեզի. ‘Ի՛նչ բան որ աղօթքով կը խնդրէք, հաւատացէք թէ պիտի առնէք եւ պիտի ըլլայ ձեզի’։25. Երբ աղօթքի կը կայնիք, ներեցէ՛ք եթէ մէկուն դէմ բան մը ունիք, որպէս զի ձեր Հայրն ալ՝ որ երկինքն է՝ ներէ ձեզի ձեր յանցանքները։26. Իսկ եթէ դուք չներէք, ձեր Հայրն ալ որ երկինքն է, պիտի չներէ ձեր յանցանքները»։27. Նորէն Երուսաղէմ եկան։ Երբ տաճարին մէջ կը պտըտէր, քահանայապետները եւ դպիրները ու ծերերը անոր եկան28. Ու ըսին անոր. «Ի՞նչ իշխանութիւնով կ’ընես այդ բաները եւ ո՞վ տուաւ քեզի այդ իշխանութիւնը, որ այդ բաները ընես»։29. Պատասխան տուաւ Յիսուս ու ըսաւ անոնց. «Ես ալ ձեզի բան մը հարցնեմ, եթէ ինծի պատասխան տաք, ես ալ ձեզի պիտի ըսեմ թէ ի՛նչ իշխանութիւնով կ’ընեմ այս բաները։30. Յովհաննէսին մկրտութիւնը երկինքէ՞ն էր՝ թէ մարդոցմէ։ Պատասխան տուէք ինծի»։31. Անոնք իրենց մէջ կը խորհէին ու կ’ըսէին. «Եթէ ըսենք՝ Երկնքէն, պիտի ըսէ, Հապա ինչո՞ւ չհաւատացիք անոր.32. Իսկ եթէ ըսենք՝ Մարդոցմէ, ժողովուրդէն կը վախնային, վասն զի ամէնքը գիտէին թէ Յովհաննէսը ճշմարտապէս մարգարէ էր»։33. Ուստի պատասխան տալով՝ ըսին Յիսուսին. «Չենք գիտեր»։ Յիսուս ալ պատասխան տուաւ ու ըսաւ անոնց. «Ես ալ ձեզի չեմ ըսեր թէ ի՞նչ իշխանութիւնով կ’ընեմ այս բաները»։ Armenian Western Bible 1853 Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981