Աստվածաշունչը մեկ տարում Մարտ 12Թվերը 21:1-351. Հարաւային կողմը բնակող Արադին՝ Քանանացի թագաւորը՝ լսելով որ Իսրայէլ Աթարիմի ճամբայէն կու գայ, Իսրայէլի հետ պատերազմեցաւ եւ անոնցմէ գերիներ առաւ։2. Իսրայէլ ուխտ ըրաւ Տէրոջը ու ըսաւ. «Եթէ այս ժողովուրդը իմ ձեռքս մատնես, անոնց քաղաքները բոլորովին պիտի կորսնցնեմ»։3. Տէրը Իսրայէլին ձայնը լսեց ու Քանանացիները անոր ձեռքը մատնեց։ Իսրայէլ բոլորովին կորսնցուց զանոնք ու անոնց քաղաքները եւ այն տեղին անունը Հօրմա դրաւ։4. Եդովմի երկրին բոլորտիքէն անցնելով Հովր լեռնէն Կարմիր ծովուն ճամբան չուեցին ու ճամբուն մէջ ժողովուրդին սիրտը նեղացաւ։5. Ժողովուրդը Աստուծոյ դէմ ու Մովսէսին դէմ խօսեցան՝ ըսելով. «Ինչո՞ւ մեզ Եգիպտոսէն հանեցիք, որ անապատին մէջ մեռնինք, քանզի հաց չկայ, ջուր չկայ եւ այս չնչին հացէն մեր սիրտը զզուեր է»։6. Ուստի Տէրը ժողովուրդին վրայ կիզող օձեր ղրկեց, որոնք խածին ժողովուրդը, այնպէս որ Իսրայէլէն շատ ժողովուրդ մեռաւ։7. Ժողովուրդը Մովսէսին եկան ու ըսին. «Տէրոջը դէմ ու քեզի դէմ խօսելով մեղանչեցինք. աղօթք ըրէ՛ Տէրոջը, որ մեր վրայէն օձերը վերցնէ»։ Մովսէս ժողովուրդին համար աղաչեց։8. Եւ Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Քեզի կիզող օձ մը շինէ ու զանիկա ձողի մը վրայ դիր։ Ով որ օձէն խածուի, անոր թող նայի ու ապրի»։9. Եւ Մովսէս պղնձէ օձ մը շինեց ու զանիկա ձողի մը վրայ դրաւ։ Երբ օձ մը մարդ մը խածնէր ու մարդը պղնձէ օձին նայէր, անմիջապէս կ’առողջանար։10. Եւ Իսրայէլի որդիները չուեցին ու Ոբովթի մէջ իջեւան ըրին։11. Ոբովթէն չուեցին ու Իյէ-Աբարիմի մէջ դէպի արեւելեան կողմը, Մովաբի մօտակայ անապատին մէջ իջեւան ըրին։12. Անկէ ալ չուեցին եւ Զարեդ ձորին մէջ իջեւան ըրին։13. Անկէ չուեցին ու իջեւան ըրին Առնոնի միւս կողմը այն անապատին մէջ, որ Ամօրհացիներուն սահմանէն կը տարածուի, վասն զի Առնոն Մովաբացիներուն սահմանն է, Մովաբացիներուն ու Ամօրհացիներուն մէջտեղ։14. Անոր համար Տէրոջը պատերազմներուն գրքին մէջ կ’ըսուի. «Սուֆայի մէջ Վահէպը, Ու Առնոնի հովիտները,15. Որ կը տարածուի մինչեւ Արի աւազանը, Ու կը հասնի Մովաբի սահմանը»։16. Եւ անկէ շարունակեցին մինչեւ Ջրհորը։ Ասիկա այն ջրհորն է, որուն համար Տէրը ըսեր էր Մովսէսին. «Ժողովուրդը հաւաքէ ու ես անոնց ջուր պիտի տամ»։17. Այն ատեն Իսրայէլ այս երգը երգեց «Ո՛վ հոր, բղխէ՛։ Երգեցէ՛ք անոր.18. Հորը, որ իշխանները փորեցին Որ ժողովուրդին ազնուականները փորեցին՝ Իրենց գաւազաններովը փորեցին»։19. Եւ անապատէն դէպի Մաթանա գացին ու Մաթանայէն դէպի Նաալիէլ ու Նաալիէլէն դէպի Բամօթ20. Եւ Բամօթէն Մովաբի դաշտին մէջ դէպի Եսիմոն նայող Փասգայի գագաթը եղած հովիտը չուեցին ։21. Եւ Իսրայէլ դեսպաններ ղրկեց Ամօրհացիներուն Սեհոն թագաւորին՝ ըսելով.22. «Թողուր որ երկրէդ անցնինք. արտի կամ այգիի մէջ չենք մտներ, հորի ջուրէ չենք խմեր. մինչեւ որ քու սահմանէդ անցնինք՝ արքունական ճամբայէն կ’երթանք»։23. Բայց Սեհոն իր սահմանէն ճամբայ չտուաւ Իսրայէլին, հապա Սեհոն իր բոլոր ժողովուրդը հաւաքեց եւ դէպի անապատը Իսրայէլին դէմը ելաւ ու Յասսա եկաւ եւ Իսրայէլին հետ պատերազմեցաւ։24. Իսրայէլ սուրի բերնէ անցուց զանիկա ու տիրեց անոր երկրին, Առնոնէն մինչեւ Յաբոկ, մինչեւ Ամմոնի որդիներուն երկիրը, վասն զի Ամմոնի որդիներուն սահմանը ամուր էր։25. Իսրայէլ բոլոր այս քաղաքները առաւ ու Իսրայէլ Ամօրհացիներուն բոլոր քաղաքներուն մէջ բնակեցաւ, Եսեբոնի մէջ ու անոր բոլոր գիւղերուն մէջ.26. Քանզի Եսեբոն Ամօրհացիներու Սեհոն թագաւորին քաղաքն էր. վասն զի անիկա Մովաբի նախկին թագաւորին հետ պատերազմելով, անոր ձեռքէն անոր բոլոր երկիրը մինչեւ Առնոն՝ առած էր։27. Անոր համար առակագիրները կ’ըսեն. «Եսեբոն եկէ՛ք. Թող Սեհոնի քաղաքը շինուի ու պատրաստուի,28. Վասն զի Եսեբոնէն կրակ ելաւ Ու Սեհոնի քաղաքէն՝ բոց. Մովաբի Արը այրեց Ու Առնոնի բարձր տեղերուն՝ տէրերը։29. Վա՜յ քեզ, Մովաբ, Ո՜վ Քամովսի ժողովուրդ, կորսուեցա՛ր. Իր փախած որդիներն ու աղջիկները Ամօրհացիներուն Սեհոն թագաւորին գերութեան տուաւ.30. Զանոնք նետերով զարկինք. Եսեբոն կորսուեցաւ մինչեւ Դեբոն Եւ կորսնցուցինք զանոնք Մինչեւ Մեդաբայի քով եղած Նօփա»։31. Այսպէս Իսրայէլ Ամօրհացիներուն երկիրը բնակեցաւ։32. Եւ Մովսէս մարդ ղրկեց Յազերը լրտեսելու ու անոր գիւղերը առին եւ հոն եղած Ամօրհացիները վռնտեցին։33. Եւ դարձան ու Բասանի ճամբան ելան եւ Բասանի Ովգ թագաւորը՝ ինք ու իր բոլոր ժողովուրդը անոնց դէմ Եդրայիի մէջ՝ պատերազմի ելան։34. Եւ Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Անկէ մի՛ վախնար. քանզի քու ձեռքդ մատնեցի զանիկա ու անոր բոլոր ժողովուրդը եւ անոր երկիրը եւ դուն Եսեբոնի մէջ բնակող Ամօրհացիներուն Սեհոն թագաւորին ըրածիդ պէս ըրէ՛ անոր»։35. Այսպէս զարկին զանիկա եւ անոր որդիները ու անոր բոլոր ժողովուրդը, այնպէս որ մէ՛կն ալ չմնաց եւ անոր երկրին տիրեցին։Թվերը 22:1-411. Իսրայէլի որդիները չուեցին ու Մովաբի դաշտերուն մէջ Յորդանանի անդիի կողմը՝ Երիքովի դէմ՝ իջեւանեցան։2. Սեպփօրի որդին Բաղակ տեսաւ այն բոլորը, ինչ որ Իսրայէլ ըրաւ Ամօրհացիներուն։3. Մովաբ խիստ վախցաւ ժողովուրդէն, վասն զի շատուոր էին ու Մովաբ Իսրայէլի որդիներուն երեսէն տագնապի մէջ էր։4. Եւ Մովաբ Մադիամի ծերերուն ըսաւ. «Հիմա այս ժողովուրդը պիտի լափեն մեր բոլորտիքը եղած ամէն բան՝ ինչպէս արջառը՝ դաշտին խոտը կը լափէ։ Եւ Սեպփօրի որդին Բաղակ՝ Մովաբի թագաւորը՝5. Բէովրի որդիին Բաղաամին դեսպաններ ղրկեց Փաթուր քաղաքը, (որուն ժողովուրդին որդիներուն երկիրը, Գետին եզերքն էր,) զանիկա կանչելու եւ ըսելու. «Ահա Եգիպտոսէն ժողովուրդ մը ելաւ ու երկրին երեսը ծածկեց եւ ի դէմս կը նստի,6. Ուստի կ’աղաչեմ, եկո՛ւր, ինծի համար անիծէ՛ այս ժողովուրդը. քանզի անիկա ինծմէ զօրաւոր է, թերեւս կարող ըլլամ զանիկա զարնել ու երկրէս վռնտել. վասն զի գիտեմ թէ քու օրհնածդ օրհնեալ է եւ քու անիծածդ՝ անիծեալ»։7. Մովաբի ծերերը ու Մադիամի ծերերը իրենց ձեռքերուն մէջ հմայութեան վարձքերով գացին Բաղաամին ու Բաղակին խօսքերը ըսին անոր։8. Եւ անիկա ըսաւ անոնց. «Այս գիշեր հոս մնացէք եւ Տէրը ինչ որ ինծի խօսելու ըլլայ, անոր համեմատ պատասխան տամ ձեզի»։ Մովաբի իշխանները Բաղաամին քով մնացին։9. Աստուած Բաղաամին եկաւ ու ըսաւ. «Որո՞նք են այդ քու քովդ եղած մարդիկը»։10. Բաղաամ ըսաւ Աստուծոյ. «Մովաբի թագաւորը Սեպփօրեան Բաղակը ասոնք ինծի ղրկեց՝ ըսելով.11. ‘Ահա Եգիպտոսէն ելլող ժողովուրդը երկրին երեսը ծածկեց. հիմա եկո՛ւր, անիծէ՛ զանիկա ինծի համար, որ թերեւս կարող ըլլամ անոր յաղթել ու զանիկա վռնտել’»։12. Աստուած ըսաւ Բաղաամին. «Ատոնց հետ մի՛ երթար, ժողովուրդը մի՛ անիծեր. վասն զի անիկա օրհնեալ է»։13. Բաղաամ առտուն ելաւ ու ըսաւ Բաղակին իշխաններուն. «Դուք ձեր երկիրը գացէք. վասն զի Տէրը չի թողուր որ ձեզի հետ երթամ»։14. Մովաբի իշխանները ելան ու Բաղակին եկան եւ ըսին. «Բաղաամ մեզի հետ գալ չուզեց»։15. Բաղակ դարձեալ անոնցմէ աւելի շատ ու աւելի պատուաւոր իշխաններ ղրկեց։16. Ասոնք Բաղաամին եկան եւ ըսին. «Սեպփօրի որդին Բաղակ այսպէս կ’ըսէ. ‘Կ’աղաչեմ, ինծի գալէ մի՛ հրաժարիր.17. Քանզի քեզի շատ պատիւ պիտի ընեմ եւ ինծի ինչ որ ըսես՝ պիտի ընեմ, ուստի կ’աղաչեմ, եկո՛ւր, անիծէ՛ այս ժողովուրդը ինծի համար’»։18. Բաղաամ պատասխան տուաւ ու ըսաւ Բաղակին ծառաներուն. «Եթէ Բաղակ իր տունովը լեցուն արծաթ ու ոսկի ալ տայ ինծի, իմ Տէր Աստուծոյս հրամանին հակառակ չեմ կրնար պզտիկ կամ մեծ բան մը ընել։19. Արդ, կ’աղաչեմ, այս գիշեր դուք ալ հոս կեցէ՛ք, որպէս զի գիտնամ թէ Տէրը ուրիշ ի՛նչ պիտի ըսէ ինծի»։20. Եւ Աստուած գիշերը Բաղաամին եկաւ ու ըսաւ անոր. «Եթէ մարդիկը քեզ կանչելու գան, ելի՛ր, անոնց հետ գնա՛. բայց ինչ որ քեզի հրամայեմ, միայն ա՛ն ըրէ»։21. Բաղաամ առտուն ելաւ ու իր իշուն համետը դրաւ եւ Մովաբի իշխաններուն հետ գնաց։22. Բայց Աստուծոյ բարկութիւնը բորբոքեցաւ ու Տէրոջը հրեշտակը ճամբուն վրայ կեցաւ իբրեւ անոր թշնամի։ Բաղաամ իր իշուն վրայ հեծած էր ու իր երկու ծառաները իրեն հետ էին։23. Էշը տեսաւ Տէրոջը հրեշտակը, որ ճամբուն վրայ կեցած էր ու իր ձեռքը մերկ սուր մը ունէր։ Էշը ճամբայէն դարձաւ եւ արտը մտաւ։ Բաղաամ էշը ծեծեց, որպէս զի ճամբան դարձնէ զանիկա։24. Եւ Տէրոջը հրեշտակը այգիներուն նեղ ճամբուն մէջ կեցաւ, ուր մէկ կողմէն պատ ու միւս կողմէն պատ կար։25. Երբ էշը Տէրոջը հրեշտակը տեսաւ, պատին քով սեղմուեցաւ եւ Բաղաամին ոտքը պատին ճնշեց։ Ան ալ նորէն ծեծեց զանիկա։26. Տէրոջը հրեշտակը առաջ գնաց ու նեղ տեղ մը կեցաւ, ուր աջ կամ ձախ կողմը դառնալու ճար չկար։27. Երբ էշը Տէրոջը հրեշտակը տեսաւ, Բաղաամին տակ կեցաւ։ Բաղաամին բարկութիւնը բորբոքեցաւ եւ գաւազանով ծեծեց էշը։28. Տէրը իշուն բերանը բացաւ ու անիկա Բաղաամին ըսաւ. «Ի՞նչ ըրի քեզի, որ այսպէս երեք անգամ զիս ծեծեցիր»։29. Եւ Բաղաամ ըսաւ իշուն. «Զիս ծաղր ընելուդ համար. երանի՜ թէ ձեռքս սուր մը ըլլար, որպէս զի հիմա քեզ մեռցնէի»։30. Էշը ըսաւ Բաղաամին. «Ես այն քու էշդ չե՞մ, որուն վրայ կը հեծնէիր քու մանկութենէդ՝ ՝ մինչեւ այսօր. այսպէս ընելու սովորութիւն ունէի՞»։ Բաղաամ ըսաւ. «Ո՛չ»։31. Այն ատեն Տէրը բացաւ Բաղաամին աչքերը ու երբ տեսաւ որ Տէրոջը հրեշտակը ճամբուն վրայ կեցած էր եւ իր ձեռքը մերկ սուր մը ունէր, իր երեսին վրայ ինկաւ ու երկրպագութիւն ըրաւ։32. Եւ Տէրոջը հրեշտակը ըսաւ անոր. «Ինչո՞ւ այսպէս երեք անգամ էշդ ծեծեցիր. ահա ես քեզի ընդդիմանալու ելայ. վասն զի քու ճամբադ ուղիղ չէ իմ առջեւս։33. Էշը զիս տեսաւ ու երեք անգամ իմ առջեւէս մէկդի քաշուեցաւ։ Եթէ անիկա իմ առջեւէս մէկդի չքաշուէր, հիմա ես քեզ անշուշտ մեռցուցած պիտի ըլլայի ու զանիկա ողջ թողուցած»։34. Բաղաամ ըսաւ Տէրոջը հրեշտակին. «Մեղք գործեցի, առանց գիտնալու թէ ճամբուն վրայ ինծի դէմ կեցեր էիր, ուստի եթէ քեզի անհաճոյ կ’երեւնայ իմ երթալս, ետ դառնամ»։35. Տէրոջը հրեշտակը ըսաւ Բաղաամին. «Գնա՛ այդ մարդոց հետ, բայց այն խօսքը որ քեզի պիտի ըսեմ, միայն այն ըսէ»։ Բաղաամ գնաց Բաղակին իշխաններուն հետ։36. Եւ Բաղակ երբ լսեց որ Բաղաամ կու գայ, զանիկա դիմաւորելու ելաւ իր սահմանը եղող Առնոն գետին քովի Մովաբացիներու մէկ քաղաքը, որ սահմանին ծայրն է։37. Եւ Բաղակ ըսաւ Բաղաամին. «Յատկապէս քեզ կանչելու համար չղրկեցի՞. ինչո՞ւ չեկար ինծի. արդեօք քեզի պատիւ ընելու կարողութիւն չունի՞մ»38. Բաղաամ ըսաւ Բաղակին. «Ահա ես քեզի եկայ. բայց ես զօրութիւն ունի՞մ բան մը ըսելու։ Աստուած իմ բերանս ինչ խօսք որ դնէ, զայն պիտի խօսիմ»։39. Եւ Բաղաամ Բաղակին հետ գնաց ու Կարիաթ-Հուսովթ եկան։40. Եւ Բաղակ արջառներ ու ոչխարներ մորթեց ու Բաղաամին եւ անոր հետ եղող իշխաններուն ղրկեց։41. Առտուն Բաղակ առաւ Բաղաամը եւ Բահաղի բարձր տեղերը հանեց զանիկա ու անկէ ժողովուրդին ծայրը ցուցուց։Սաղմոսներ 33:10-1710. Տէրը կը ցրուէ հեթանոսներուն խորհուրդները, Փուճ կը հանէ ժողովուրդներուն դիտաւորութիւնները։11. Տէրոջը խորհուրդը յաւիտեան կը մնայ Ու անոր սրտին դիտաւորութիւնները՝ ազգէ մինչեւ ազգ։12. Երանի՜ այն ազգին, որուն Աստուածը Տէրն է Ու այն ժողովուրդին, որ իր ժառանգութեան համար ընտրեց։13. Տէրը երկնքէն կը նայի Եւ բոլոր մարդոց որդիները կը տեսնէ։14. Իր բնակութեանը տեղէն Աշխարհի բոլոր բնակիչները կը դիտէ։15. Անոնց սրտերը հաւասարապէս ինք ստեղծեց։ Անոնց բոլոր ըրածները կ’իմանայ։16. Թագաւոր մը զօրքի շատութիւնովը չազատիր, Ոչ ալ զօրաւոր մարդ մը ուժի շատութիւնով կը փրկուի։17. Ձին ազատութեան համար պարապ բան է Ու իր ուժին շատութիւնովը չի կրնար ազատել։Առակներ 11:25-2625. Բարերար անձը պիտի գիրնայ Եւ ան որ կ’ոռոգէ՝ ինքն ալ պիտի ոռոգուի։26. Ժողովուրդը կ’անիծէ ցորենը պահողը. Բայց ծախողին գլուխը կ’օրհնէ։նշագծել 12:28-4428. Դպիրներէն մէկը եկաւ ու մտիկ կ’ընէր անոնց՝ երբ վիճաբանութիւն կ’ընէին ու երբ տեսաւ թէ աղէկ պատասխան տուաւ անոնց, հարցուց անոր ու ըսաւ. «Ո՞րն է բոլոր պատուիրանքներուն առաջինը»։29. Յիսուս պատասխանեց անոր. «Բոլոր պատուիրանքներուն առաջինը այս է. ‘Լսէ՛, ո՛վ Իսրայէլ, մեր Տէր Աստուածը մէկ Տէր է’.30. ‘Եւ քու Տէր Աստուածդ սիրես քու բոլոր սրտովդ եւ քու բոլոր անձովդ ու քու բոլոր մտքովդ եւ քու բոլոր զօրութիւնովդ’։ Ասիկա է առաջին պատուիրանքը։31. Ու երկրորդը ասոր նման. ‘Քու ընկերդ սիրես քու անձիդ պէս’. ասոնցմէ մեծ ուրիշ պատուիրանք չկայ»։32. Դպիրը ըսաւ անոր. «Աղէկ, վա՛րդապետ, շիտակ խօսեցար թէ Աստուած մէկ է եւ անկէ զատ ուրիշ մը չկայ.33. Եւ բոլոր սրտով ու բոլոր մտքով եւ բոլոր անձով ու բոլոր զօրութիւնով զանիկա սիրելը ու ընկերը իր անձին պէս սիրելը ամէն ողջակէզներէ ու զոհերէ աւելի է»։34. Յիսուս տեսնելով որ անիկա խելացութիւնով պատասխան տուաւ, ըսաւ անոր. «Աստուծոյ թագաւորութենէն հեռու չես»։ Եւ ա՛լ ուրիշ մէկը չէր համարձակեր անոր բան մը հարցնել։35. Երբ Յիսուս տաճարին մէջ կը սորվեցնէր՝ ըսաւ. «Դպիրները ինչպէ՞ս կ’ըսեն թէ Քրիստոս Դաւիթին որդին է։36. Ինք՝ Դաւիթ Սուրբ Հոգիով կ’ըսէ. ‘Տէրը իմ Տէրոջս ըսաւ, Նստէ իմ աջ կողմս. մինչեւ քու թշնամիներդ ոտքերուդ պատուանդան ընեմ’։37. Ուրեմն Դաւիթ ինք որ զանիկա Տէր կը կոչէ, ի՞նչպէս անիկա անոր որդին կ’ըլլայ»։ Ժողովուրդէն շատերը յօժարութեամբ մտիկ կ’ընէին անոր։38. Իր վարդապետութեանը մէջ կ’ըսէր անոնց. «Զգուշացէ՛ք դպիրներէն, որոնք կ’ուզեն փառաւոր հանդերձներով պտըտիլ եւ շուկաներուն մէջ բարեւներ կը փնտռեն39. Ու ժողովարաններուն մէջ առաջին աթոռները եւ ընթրիքներու մէջ՝ առաջին բազմոցները.40. Որոնք որբեւարիներուն տուները կ’ուտեն ու մարդոց երեւնալու համար աղօթքը կ’երկնցնեն։ Ասոնք աւելի դատապարտութիւն պիտի ընդունին»։41. Եւ Յիսուս գանձանակին քով նստած՝ կը նայէր թէ ժողովուրդը գանձանակին մէջ ի՛նչպէս ստակ կը ձգէ։ Շատ հարուստներ շատ բան ձգեցին։42. Աղքատ որբեւարի մըն ալ եկաւ ու երկու լումայ ձգեց, որ նաքարակիտ մը կ’ընէ։43. Իր աշակերտները իրեն կանչելով՝ ըսաւ անոնց. «Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, թէ այս աղքատ որբեւարին գանձանակը ստակ ձգողներուն ամենէն աւելին ձգեց.44. Վասն զի ամէնքը իրենց աւելցածէն ձգեցին, բայց ասիկա իր չքաւորութենէն՝ ունեցածին բոլորը ձգեց՝ իր բոլոր ապրուստը»։ Armenian Western Bible 1853 Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981