1. Եւ Բաղաամ ըսաւ Բաղակին. «Հոս ինծի եօթը սեղան շինէ ու եօթը զուարակ եւ եօթը խոյ պատրաստէ»։
2. Բաղակ Բաղաամին ըսածին պէս ըրաւ։ Բաղակ ու Բաղաամ ամէն մէկ սեղանի վրայ մէկմէկ զուարակ ու մէկմէկ խոյ զոհեցին։
3. Եւ Բաղաամ ըսաւ Բաղակին. «Դուն քու ողջակէզիդ քով կեցի՛ր ու ես երթամ, թերեւս Տէրը իմ դէմս ելլէ եւ ինչ որ ինծի ցուցնէ՝ քեզի ըսեմ»։ Ու բարձր տեղ մը ելաւ։
4. Եւ Աստուած Բաղաամին հանդիպեցաւ ու Բաղաամ ըսաւ անոր. «Եօթը սեղան պատրաստեցի ու ամէն մէկ սեղանի վրայ մէկմէկ զուարակ ու մէկմէկ խոյ զոհեցի»։
5. Եւ Տէրը Բաղաամին բերանը խօսք դրաւ ու ըսաւ. «Դարձի՛ր Բաղակին եւ այսպէս խօսէ»։
6. Եւ ան դարձաւ անոր ու ահա անիկա իր ողջակէզին քով կեցեր էր, ինք ու Մովաբի բոլոր իշխանները։
7. Եւ իր առակը սկսաւ ու ըսաւ. «Մովաբի թագաւորը Բաղակ զիս Արամէն՝ Արեւելեան լեռներէն բերաւ՝ ըսելով. ‘Եկո՛ւր, Յակոբը անիծէ՛, Եկո՛ւր, Իսրայէլը նզովէ’։
8. Աստուծոյ չանիծածը ի՞նչպէս անիծեմ, Կամ Տէրոջը չնզովածը ի՞նչպէս նզովեմ.
9. Վասն զի ապառաժներուն գլխէն կը տեսնեմ զանիկա Եւ բլուրներէն կը նայիմ անոր. Ահա այս ժողովուրդը առանձինն պիտի բնակի Ու ազգերուն հետ պիտի չսեպուի։
10. Յակոբին փոշին ո՞վ կրնայ համրել Եւ Իսրայէլին քառորդը ո՞վ կրնայ հաշուել։ Թող իմ անձս արդարներուն մահովը մեռնի Ու իմ վախճանս անոնց վախճանին պէս ըլլայ»։
11. Եւ Բաղակ ըսաւ Բաղաամին. «Այդ ի՞նչ ըրիր ինծի. ես քեզ բերի իմ թշնամիներս անիծելու եւ ահա ուրիշ բան չըրիր, այլ օրհնեցիր»։
12. Եւ Բաղաամ պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Ինչ որ Տէրը իմ բերանս դնէ, զայն խօսելու հոգ տանելու չե՞մ»։
13. Եւ Բաղակ նորէն ըսաւ անոր. «Կ’աղաչեմ, ինծի հետ ուրիշ տեղ մը եկուր, որպէս զի անկէ զանոնք տեսնես. անոնց միայն մէկ ծայրը տեսնես եւ անոնց ամէնքը պիտի չտեսնես ու անկէ անիծէ զանոնք ինծի համար»։
14. Եւ տարաւ զանիկա Սօփիմին արտը, Փասգային գլուխը։ Եօթը սեղան շինեց եւ ամէն մէկ սեղանի վրայ մէկմէկ զուարակ ու մէկմէկ խոյ զոհեց։
15. Եւ այն ատեն Բաղաամ մօտեցաւ ու ըսաւ Բաղակին. «Դուն հոս քու ողջակէզիդ քով կեցիր ու ես հոն Տէրը դիմաւորեմ»։
16. Եւ Տէրը Բաղաամին դէմ ելաւ եւ անոր բերանը խօսք դրաւ ու ըսաւ. «Բաղակին դարձի՛ր ու այսպէս ըսէ՛»։
17. Երբ եկաւ անոր, ահա անիկա իր ողջակէզին քով կեցեր էր. Մովաբի իշխաններն ալ անոր հետ էին եւ Բաղակ ըսաւ անոր. «Տէրը ի՞նչ խօսեցաւ»։
18. Եւ անիկա իր առակը սկսաւ ու ըսաւ. «Ելի՛ր, ո՜վ Բաղակ ու լսէ՛։ Ո՛վ Սեպփօրի որդի, ինծի մտիկ ըրէ՛։
19. Աստուած մարդ չէ, որ սուտ խօսի, Ո՛չ ալ մարդու որդի, որ զղջայ. Ինք ըսաւ ու պիտի չընէ՞, Կամ ինք խօսեցաւ ու պիտի չգործադրէ՞։
20. Ահա օրհնելու հրաման ստացայ։ Ինք օրհնեց Ու ես չեմ կրնար ջնջել։
21. Յակոբին վրայ անօրէնութիւն չգտաւ, Ո՛չ ալ Իսրայէլի վրայ անզգամութիւն տեսաւ. Անոր Տէր Աստուածը իրեն հետ է. Եւ անոր մէջ թագաւորի ցնծութեան ձայն կայ։
22. Զանոնք Եգիպտոսէն հանողը Աստուած է. Անիկա միեղջերուի ոյժ ունի։
23. Քանզի Յակոբին դէմ կախարդութիւն չըլլար Ու Իսրայէլին դէմ՝ դիւթութիւն։ Յակոբին ու Իսրայէլին վրայով՝ ժամանակին Պիտի ըսուի թէ՝ ‘Աստուած ինչե՜ր ըրաւ’։
24. Ահա այս ժողովուրդը մատակ առիւծի պէս պիտի ելլէ Ու առիւծի պէս պիտի բարձրանայ Ու պիտի չպառկի մինչեւ որ որսը չուտէ Ու սպաննուածներուն արիւնը չխմէ»։
25. Եւ Բաղակ ըսաւ Բաղաամին. «Ոչ անէծք տուր անոնց, ոչ ալ՝ օրհնութիւն»։
26. Բաղաամ պատասխան տալով՝ Բաղակին ըսաւ. «Միթէ ես քեզի չըսի՞, ինչ որ Տէրը խօսի, զայն պիտի ընեմ»։
27. Եւ Բաղակ ըսաւ Բաղաամին. «Եկո՛ւր ուրիշ տեղ մը տանիմ քեզ, թերեւս Աստուած հաճի, որ անկէ անիծես զանոնք»։
28. Ուստի Բաղակ տարաւ Բաղաամը Փոգովրի գագաթը, որ դէպի Եսիմոն կը նայի։
29. Ու Բաղաամ ըսաւ Բաղակին. «Հոս ինծի եօթը սեղան շինէ ու եօթը խոյ պատրաստէ»։
30. Եւ Բաղակ Բաղաամին ըսածին պէս ըրաւ ու ամէն մէկ սեղանի վրայ մէկմէկ զուարակ ու մէկմէկ խոյ զոհեց»։
1. Երբ Բաղաամ տեսաւ, որ Տէրը կը հաճի Իսրայէլը օրհնել, ա՛լ միւս անգամներուն պէս հմայքներ փնտռելու չգնաց, այլ իր երեսը դէպի անապատը դարձուց։
2. Ու Բաղաամ իր աչքերը վերցնելով տեսաւ որ Իսրայէլ իր ցեղերուն կարգովը դաշտին մէջ բանակած է ու Աստուծոյ Հոգին անոր վրայ եկաւ
3. Ու իր առակը սկսելով՝ ըսաւ. «Բէովրի որդին Բաղաամին պատգամը Ու աչքը բաց մարդուն պատգամը,
4. Աստուծոյ խօսքերը լսող Ու Ամենակարողին տեսիլքը տեսնող, Քնանալու պէս գետինը ինկող Ու աչքերը բաց եղողին պատգամը այս է։
5. Ո՛վ Յակոբ, քու վրաններդ, Ու ո՛վ Իսրայէլ, քու խորաններդ ի՜նչ գեղեցիկ են.
6. Ձորերու պէս տարածուեցան, Գետերու եզերքի պարտէզներու պէս, Տէրոջը տնկած հալուէի ծառերուն Ու ջուրին եզերքը եղող եղեւիններուն պէս են։
7. Անոր դոյլերէն ջուր պիտի վազէ Ու անոր սերմը առատ ջուրերու մէջ պիտի ըլլայ. Անոր թագաւորը Ագագէ աւելի պիտի բարձրանայ Ու թագաւորութիւնը աճի։
8. Աստուած զանիկա Եգիպտոսէն հանեց։ Միեղջերուի պէս ոյժ ունի. Իրեն թշնամի եղող ազգերը պիտի ուտէ, Անոնց ոսկորները պիտի կոտրտէ Ու զանոնք իր նետերովը պիտի զարնէ։
9. Առիւծի պէս երկարեցաւ ու պառկեցաւ, մատակ առիւծի պէս. Զանիկա ո՞վ պիտի արթնցնէ։ Քեզ օրհնողները օրհնեալ ըլլան Ու քեզ անիծողները՝ անիծեալ»։
10. Այն ատեն Բաղակ շատ սրդողեցաւ Բաղաամին ու ձեռքերը իրարու զարկաւ եւ ըսաւ Բաղաամին. «Ես քեզ կանչեցի, որպէս զի իմ թշնամիներս անիծես, բայց ահա այս երեք անգամ է որ, անոնք կ’օրհնես։
11. Ուստի դուն հիմա քու տեղդ փախիր։ ‘Քեզի շատ պատիւ ընեմ’, ըսի, բայց ահա Տէրը քեզ պատիւէ զրկեց»։
12. Եւ Բաղաամ ըսաւ Բաղակին. «Ես քու ղրկած դեսպաններուդ ալ չխօսեցա՞յ՝ ըսելով.
13. ‘Եթէ Բաղակ ինծի իր տունովը լեցուն արծաթ ու ոսկի ալ տայ, ես Տէրոջը հրամանին չեմ կրնար հակառակիլ ու ինքնիրմէս աղէկ կամ գէշ բան մը ընել։ Տէրը ինչ որ ըսէ, զայն պիտի խօսիմ’։
14. Եւ ահա ես հիմա իմ հայրենիքս կ’երթամ։ Եկո՛ւր, քեզի հասկցնեմ թէ այս ժողովուրդը վերջին օրերը ի՞նչ պիտի ընէ քու ժողովուրդիդ»։
15. Այն ատեն իր առակը սկսելով՝ ըսաւ. «Բէովրի որդիին Բաղաամին պատգամը Ու աչքը բաց մարդուն պատգամը,
16. Աստուծոյ խօսքերը լսող Եւ բարձրեալին գիտութիւնը գիտցող Ու Ամենակարողին տեսիլքը տեսնող Եւ քնանալու պէս գետինը ինկող Ու աչքերը բաց եղողին պատգամը այս է։
17. Զանիկա պիտի տեսնեմ, բայց հիմա չէ. Զանիկա պիտի զննեմ, բայց մօտերս չէ. Յակոբէն աստղ մը պիտի ծագի Ու Իսրայէլէն իշխանութեան գաւազան մը պիտի ելլէ Ու Մովաբի իշխանները պիտի զարնէ Ու Սէթի բոլոր որդիները բնաջինջ պիտի ընէ։
18. Նաեւ Եդովմ պիտի նուաճուի, Սէիր ալ իր թշնամիներէն պիտի նուաճուի։ Բայց Իսրայէլ քաջութեամբ պիտի շարունակէ։
19. Եւ Յակոբէն ելլողը պիտի իշխէ Ու քաղաքին մէջ մնացորդը պիտի կորսնցնէ»։
20. Ետքը Ամաղէկին նայեցաւ ու իր առակը սկսելով՝ ըսաւ. «Ամաղէկ ազգերուն գլուխն է, Բայց վերջը բոլորովին պիտի կորսուի»։
21. Ու Կենեցիին նայեցաւ եւ իր առակը սկսելով՝ ըսաւ. « Արդարեւ քու նստած տեղդ անառիկ է Ու քու բոյնդ ապառաժի վրայ դրեր ես։
22. Բայց Կենեցին պիտի աւրուի, Մինչեւ որ Ասուր քեզ գերի տանի»։
23. Ետքը իր առակը սկսելով՝ ըսաւ. «Ափսո՜ս, երբ Աստուած այս բաները ընէ, ո՞վ ողջ պիտի մնայ։
24. Բայց Կիտացիներու եզերքներէն նաւեր պիտի գան Եւ Ասուրը պիտի չարչարեն ու Եբերը չարչարեն Եւ անոնք ալ բոլորովին պիտի կորսուին»։
25. Յետոյ Բաղաամ ելաւ գնաց ու իր տեղը դարձաւ։ Բաղակ ալ իր ճամբան գնաց։
18. Ահա Տէրոջը աչքը իրմէ վախցողներուն Ու իր ողորմութեանը յուսացողներուն վրայ է,
19. Անոնց անձը՝ մահուանէ փրկելու Եւ սովի ժամանակ զանոնք ապրեցնելու համար։
20. Մեր անձը Տէրոջը կը սպասէ։ Մեր օգնութիւնը ու մեր վահանը անիկա է,
21. Վասն զի մեր սրտերը անով կ՛ուրախանան, Քանզի անոր սուրբ անուանը յուսացինք։
22. Ո՛վ Տէր, քու ողորմութիւնդ մեր վրայ ըլլայ, Ինչպէս քեզի կը յուսանք։
27. Աղէկութեան համար փոյթ ընողը շնորհք կը ստանայ, Բայց ով որ գէշութիւն կը փնտռէ, չարիքի պիտի հանդիպի։
1. Երբ տաճարէն դուրս կ’ելլէր, իր աշակերտներէն մէկը ըսաւ իրեն. «Վա՛րդապետ, նայէ ի՛նչպէս քարեր են եւ ի՛նչ կերպ շէնքեր»։
2. Յիսուս պատասխան տալով՝ ըսաւ անոր. «Կը տեսնե՞ս այդ մեծ շէնքերը. քար մը քարի վրայ պիտի չմնայ, որ չքակուի»։
3. Երբ անիկա Ձիթենեաց լեռը՝ տաճարին դէմ՝ նստեր էր, Պետրոսն ու Յակոբոսը եւ Յովհաննէսն ու Անդրէասը հարցուցին իրեն առանձինն.
4. «Ըսէ՛ մեզի, ե՞րբ պիտի ըլլան այդ բաները եւ ի՞նչ նշան պիտի ըլլայ այդ բաներուն կատարուելու ատենը»։
5. Յիսուս պատասխան տուաւ անոնց ու ըսաւ. «Զգո՛յշ կեցէք, չըլլայ որ մէկը ձեզ խաբէ.
6. Վասն զի շատեր պիտի գան իմ անունովս ու ըսեն թէ ‘Ես եմ Քրիստոսը ’ ու շատերը պիտի մոլորեցնեն։
7. Բայց երբ լսէք պատերազմներ ու պատերազմներու լուրեր՝ մի՛ խռովիք, վասն զի պէտք է ըլլայ, բայց դեռ «վերջ»ը չէ։
8. Վասն զի ազգ ազգի վրայ պիտի ելլէ ու թագաւորութիւն թագաւորութեան վրայ եւ տեղ տեղ երկրաշարժներ պիտի ըլլան. սովեր ու խռովութիւններ ալ պիտի ըլլան։ Ասոնք ցաւերուն սկիզբն են։
9. Զգուշացէ՛ք ձեր անձերուն համար. քանզի ձեզ ատեաններու պիտի մատնեն ու ժողովարաններու մէջ ձեզ պիտի ծեծեն եւ իմ անուանս համար կուսակալներու ու թագաւորներու առջեւ պիտի կենաք՝ անոնց վկայութիւն տալու համար։
10. Առաջ պէտք է որ աւետարանը քարոզուի բոլոր ազգերուն։
11. Բայց երբ ձեզ մատնելու տանին, առաջուընէ հոգ մի՛ ընէք եւ մի՛ մտածէք թէ ի՛նչ պիտի խօսիք, հապա այն ժամուն ինչ որ ձեզի տրուի՝ զանիկա խօսեցէք. վասն զի ո՛չ թէ դուք էք որ պիտի խօսիք, հապա Սուրբ Հոգին»։
12. «Եղբայր եղբայրը մահուան պիտի մատնէ եւ հայրը՝ որդին եւ որդիներ իրենց ծնողքներուն վրայ պիտի ելլեն ու մեռցնեն զանոնք։
13. Իմ անուանս համար ամենուն ատելի պիտի ըլլաք։ Բայց ո՛վ որ մինչեւ վերջը համբերէ՝ անիկա պիտի ապրի։
14. Երբ տեսնէք աւերմունքին պղծութիւնը՝ որ Դանիէլ մարգարէին միջոցաւ ըսուած է, թէ արժան չեղած տեղը կը կենայ, (ով որ կարդայ՝ թող հասկնայ) այն ատեն Հրէաստանի մէջ եղողները լեռները թող փախչին
15. Եւ ան որ տանիքին վրայ է՝ թող տուն չիջնէ ու չմտնէ իր տունէն բան մը առնելու
16. Եւ ան որ արտին մէջ է՝ թող ետ չդառնայ իր հանդերձը առնելու։
17. Բայց վա՜յ այն օրերը յղի եղողներուն ու ծիծ տուողներուն։
18. Աղօթք ըրէք, որ ձեր փախչիլը ձմեռը չըլլայ։
19. Քանզի այն օրերը այնպիսի նեղութիւն պիտի ըլլայ, որուն նմանը Աստուծոյ ստեղծած արարածներուն սկիզբէն մինչեւ հիմա եղած չէ, ո՛չ ալ պիտի ըլլայ։
20. Եթէ Տէրը այն օրերը չկարճեցնէ, բնաւ մարմին մը պիտի չապրի։ Բայց ընտրեալներուն համար որոնք ընտրեց՝ այն օրերը կարճեցուց։
Armenian Western Bible 1853
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ Bible Society in Lebanon, 1981