1. Իսրայէլ Սատիմի մէջ բանակեցաւ, ժողովուրդը Մովաբի աղջիկներուն հետ սկսաւ պոռնկութիւն ընել։
2. Անոնք ժողովուրդը հրաւիրեցին իրենց աստուածներուն զոհերուն։ Ժողովուրդը զոհերէն ուտելով անոնց աստուածներուն երկրպագութիւն ըրին։
3. Իսրայէլ Բելփեգովրի յարեցաւ, ուստի Տէրոջը բարկութիւնը Իսրայէլին վրայ բորբոքեցաւ։
4. Եւ Տէրը Մովսէսին ըսաւ. «Ժողովուրդին բոլոր իշխանները ա՛ռ ու զանոնք Տէրոջը առջեւ արեւին դէմ կախէ՛, որպէս զի Տէրոջը սաստիկ բարկութիւնը Իսրայէլէն դառնայ»։
5. Եւ Մովսէս Իսրայէլի դատաւորներուն ըսաւ. «Ամէն մէկդ մեռցուցէ՛ք ձեր այն մարդիկը, որոնք Բելփեգովրին յարեցան»։
6. Ահա Իսրայէլի որդիներէն մէկը եկաւ ու իր եղբայրներուն Մադիանացի կին մը բերաւ՝ Մովսէսին աչքին առջեւ ու Իսրայէլի որդիներուն բոլոր ժողովուրդին առջեւ, երբ անոնք վկայութեան խորանին դրանը քով կու լային։
7. Ահարոն քահանային որդիին Եղիազարին որդին Փենեհէս այս բանը տեսնելով՝ ժողովուրդին մէջէն ելաւ ու ձեռքը գեղարդ մը առաւ
8. Եւ Իսրայելացի մարդուն ետեւէն սենեակը մտաւ ու երկուքն ալ՝ այսինքն Իսրայելացին եւ կինը՝ փորէն խոցեց։ Այսպէս հարուածը Իսրայէլի որդիներէն դադրեցաւ։
9. Հարուածէն մեռածները քսանըչորս հազար հոգի էին։
10. Եւ Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով.
11. «Ահարոն քահանային որդիին Եղիազարին որդին Փենեհէս իմ բարկութիւնս Իսրայէլի որդիներէն դարձուց, որովհետեւ անիկա ինծի համար նախանձախնդիր եղաւ անոնց մէջ. այդ պատճառով Իսրայէլի որդիները բնաջինջ չըրի։
12. Ասոր համար ըսէ թէ՝ ‘Ահա ես անոր կու տամ իմ խաղաղութեան ուխտս
13. Եւ անոր ու անկէ ետքը անոր սերունդին յաւիտենական քահանայութեան ուխտ մը ըլլայ, որովհետեւ իր Աստուծոյն համար նախանձախնդիր եղաւ ու Իսրայէլի որդիներուն համար քաւութիւն ըրաւ’»։
14. Մադիանացի կնոջ հետ զարնուող Իսրայելացի մարդուն անունը Զամբրի էր, որ Սալուին որդին ու Շմաւոնեաններուն մէկ տոհմին իշխանն էր։
15. Ու զարնուող Մադիանացի կնոջ անունը Քազբի էր, որ Մադիամի մէջ ազգատոհմի իշխան եղող Սուրին աղջիկն էր։
16. Եւ Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով.
17. «Մադիանացիները թշնամի սեպեցէք ու զանոնք զարկէք,
18. Քանզի անոնք իրենց ըրած նենգութիւններովը ձեզի թշնամութիւն ըրին Փոգովրի գործին մէջ ու իրենց քրոջ գործին մէջ, այսինքն Մադիանացի իշխանին աղջկան Քազբիին, որ հարուածին օրը զարնուեցաւ Փոգովրին համար»։
2. «Իսրայէլի որդիներուն բոլոր ժողովուրդին մարդահամարը ըրէք, անոնց հայրերուն տուներուն համեմատ, քսան տարեկանէն վեր եղողներունը, այսինքն Իսրայէլի մէջ բոլոր պատերազմելու կարող եղողները՝ ՝ համրելով »։
3. Ուստի Մովսէսն ու Եղիազար քահանան Մովաբի դաշտերուն մէջ Երիքովի առջեւ Յորդանանի մօտ անոնց հետ խօսեցան՝ ըսելով.
4. «Քսան տարեկանէն վեր եղողները համրեցէք », ինչպէս Տէրը Մովսէսին ու Եգիպտոսի երկրէն ելած Իսրայէլի որդիներուն հրամայեց։
7. Ռուբէնեաններուն տոհմերը ասոնք են ու անոնք քառասունըերեք հազար եօթը հարիւր երեսուն հոգի էին։
8. Եւ Փաղղուսին որդին Եղիաբն էր։
9. Ու Եղիաբին որդիները Նամուէլ, Դաթանն ու Աբիրոնն էին. այս դաթանն ու Աբիրոնը ժողովուրդին մէջ երեւելիներ էին ու ասոնք էին, որ Տէրոջը դէմ կեցող Կորխի խումբին հետ՝ Մովսէսին ու Ահարոնին դէմ կեցան
10. Եւ երկիրը իր բերանը բանալով կլլեց զանոնք ու Կորխն ալ, այն խումբին մեռած ատենը, կրակը այն երկու հարիւր յիսուն մարդիկը կերաւ ու անոնք ամենուն օրինակ եղան։
50. Նեփթաղիմին տոհմերը ասոնք են եւ անոնք քառասունըհինգ հազար չորս հարիւր հոգի էին։
51. Իսրայէլի որդիներուն գումարը, վեց հարիւր մէկ հազար եօթը հարիւր երեսուն էր։
52. Եւ Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով.
53. «Այն երկիրը ժառանգութեան համար իրենց անուններուն թիւին համեմատ ասոնց պիտի բաժնուի։
54. Շատ եղողին՝ ժառանգութիւնը շատ պէտք է տաս ու քիչ եղողին՝ ժառանգութիւնը քիչ պէտք է տաս. ամէն մէկուն իր համրանքին համեմատ ժառանգութիւն պէտք է տրուի։
55. Բայց երկիրը վիճակով պէտք է բաժնուի ու իրենց նահապետներու ցեղերուն անուններուն համեմատ պէտք է ժառանգեն։
56. Շատի ու քիչի մէջ ժառանգութիւնը վիճակով պէտք է բաժնուի։
57. Ու Ղեւտացիներուն համրուածները իրենց տոհմերովը ասոնք են՝ Գերսոնէն Գերսոնեաններուն տոհմը, Կահաթէն Կահաթեաններուն տոհմը, Մերարիէն Մերարեաններուն տոհմը յառաջ եկաւ ։
58. Ղեւտացիներուն տոհմերը ասոնք են՝ Ղոբենեաններուն տոհմը, Քեբրոնեաններուն տոհմը, Մոողեաններուն տոհմը, Մուսեաններուն տոհմը ու Կորխեաններուն տոհմը։
59. Եւ Կահաթ ծնաւ Ամրամը։ Ու Ամրամին կնոջ անունը Յոքաբեդ էր, Ղեւիին աղջիկը, որուն մայրը զանիկա Եգիպտոսի մէջ ծնաւ Ղեւիին։ Անիկա Ամրամին ծնաւ Ահարոնն ու Մովսէսը եւ անոնց քոյրը Մարիամը։
60. Եւ Ահարոնին՝ Նադաբ եւ Աբիուդ, Եղիազար ու Իթամար ծնան։
61. Բայց Նադաբ ու Աբիուդ Տէրոջը առջեւ օտար կրակ մատուցանած ատեննին մեռան։
62. Արդ, ասոնց թիւը, այսինքն մէկ ամսականէն վեր եղող բոլոր արուները, քսանըերեք հազար հոգի էին. քանզի անոնք Իսրայէլի որդիներուն հետ չհամրուեցան, քանի որ Իսրայէլի որդիներուն մէջ անոնց ժառանգութիւն պիտի չտրուէր։
63. Մովաբի դաշտերուն մէջ, Երիքովի դէմ Յորդանանի մօտ, Իսրայէլի որդիները հաշիւի անցընող Մովսէսին ու Եղիազար քահանային համրածները ասոնք են։
64. Ասոնց մէջ բնաւ մարդ մը չկար Իսրայէլի որդիներուն նախապէս համրուածներէն, որոնք Մովսէս ու Ահարոն քահանան Սինայի անապատին մէջ համրեցին։
65. Քանզի Տէրը անոնց համար ըսեր էր թէ՝ «Անշուշտ անապատին մէջ պիտի մեռնին». ուստի անոնցմէ մարդ մը չմնաց, բացի Յեբոնեան Քաղէբէն ու Նաւեան Յեսուէն։
1. Ամէն ժամանակ Տէրը պիտի գովեմ։ Անոր գովութիւնը միշտ իմ բերանս պիտի ըլլայ։
2. Իմ անձս Տէրոջմով պիտի պարծի։ Խոնարհները պիտի լսեն եւ ուրախ ըլլան։
3. Ինծի հետ Տէրը մեծցուցէ՛ք Ու մէկտեղ բարձրացնենք անոր անունը։
4. Տէրը փնտռեցի ու ինծի պատասխան տուաւ Եւ իմ ամէն երկիւղներէս զիս փրկեց։
5. Անոր նայեցան ու լոյս առին Եւ անոնց երեսները չամչցան։
6. Այս աղքատը աղաղակեց ու Տէրը լսեց անոր Եւ զանիկա իր բոլոր նեղութիւններէն փրկեց։
7. Տէրոջը հրեշտակը իր բանակը անկէ վախցողներուն չորս կողմը կը դնէ Ու զանոնք կ’ազատէ։
28. Իր հարստութեանը վրայ յոյս դնողը պիտի իյնայ, Բայց արդարները կանանչ տերեւի պէս պիտի ծաղկին։
21. Այն ատեն եթէ մէկը ձեզի ըսէ՝ ‘Ահա հո՛ս է Քրիստոսը’, կամ ‘Ահա հո՛ն’, մի՛ հաւատաք.
22. Վասն զի սուտ քրիստոսներ եւ սուտ մարգարէներ պիտի ելլեն ու նշաններ եւ հրաշքներ պիտի ցուցնեն, որպէս զի եթէ կարելի ըլլայ, ընտրեալներն ալ մոլորեցնեն։
23. Իսկ դուք զգո՛յշ կեցէք. ահա առաջուընէ ըսի ձեզի ամէնը»։
24. «Բայց այն օրերը այն նեղութենէն յետոյ արեգակը պիտի խաւարի ու լուսինը իր լոյսը պիտի չտայ։
25. Եւ աստղերը երկնքէն պիտի թափթփին ու երկնքին մէջի զօրութիւնները պիտի շարժին։
26. Այն ատեն Որդին մարդոյ պիտի տեսնեն ամպերու մէջ եկած մեծ զօրութեամբ եւ փառքով։
27. Այն ատեն իր հրեշտակները պիտի ղրկէ եւ իր ընտրեալները պիտի ժողվէ չորս հովերէն, երկրի ծայրէն մինչեւ երկնքի ծայրը»։
28. «Թզենիէն առակ մը սորվեցէք. երբ անոր ոստերը կը կակուղնան ու տերեւները կը ցցուին, կը հասկնաք թէ՝ ամառը մօտ է։
29. Նոյնպէս ալ դուք երբ այս բաները եղած տեսնէք, գիտցէք թէ մօտ է դռներուն քով։
30. Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, թէ այս ազգը պիտի չանցնի, մինչեւ որ այս ամէն բաները ըլլան։
31. Երկինք ու երկիր պիտի անցնին, բայց իմ խօսքերս բնաւ պիտի չանցնին»։
32. «Իսկ այն օրուան ու ժամուն համար մէ՛կը չի գիտեր, ո՛չ երկնքի մէջ եղող հրեշտակները եւ ո՛չ Որդին. հապա՝ միայն Հայրը։
33. Զգո՛յշ կեցէք, արթո՛ւն մնացէք եւ աղօթք ըրէք, վասն զի չէք գիտեր ատենը ե՞րբ է։
34. Ինչպէս օտար երկիր գացող մարդ մը իր տունը կը թողու ու իր ծառաներուն իշխանութիւն կու տայ եւ ամէն մէկուն իր գործը ու դռնապանին կ’ապսպրէ որ արթուն կենայ։
35. Ուրեմն արթուն կեցէք, վասն զի չէք գիտեր թէ ե՞րբ պիտի գայ տանտէրը, իրիկո՞ւնը՝ թէ կէս գիշերին՝ հաւախօսի՞ն՝ թէ առտուն։
36. Չըլլայ որ յանկարծակի գայ ու ձեզ քունի մէջ գտնէ։
37. Եւ ինչ որ կ’ըսեմ ձեզի՝ ամենուն կ’ըսեմ. ‘Արթո՛ւն կեցէք’»։
Armenian Western Bible 1853
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ Bible Society in Lebanon, 1981