1. Յովսէփին որդիին Մանասէին տոհմերէն՝ Մանասէին որդիին Մաքիրին որդիին Գաղաադի որդիին Ոփերին որդիին Սալպաադին աղջիկները մօտեցան Մովսէսին։ Այս աղջիկներուն անուններն են՝ Մալաա, Նուա, Էգղա, Մեղքա ու Թերսա։
2. Ասոնք Մովսէսին եւ Եղիազար քահանային ու իշխաններուն եւ բոլոր ժողովուրդին առջեւ կայնեցան վկայութեան խորանին դուռը ու ըսին.
3. «Մեր հայրը անապատին մէջ մեռաւ ու անիկա Տէրոջը դէմ հաւաքուածներուն խումբին մէջ, Կորխի խումբին մէջ չէր, բայց անիկա իր մեղքովը մեռաւ ու տղայ չունէր։
4. Ինչո՞ւ համար մեր հօրը անունը իր տոհմին մէջէն վերնայ տղայ չունենալուն համար. մեզի ժառանգութիւն տուէք մեր հօրը եղբայրներուն մէջ»։
5. Ու Մովսէս անոնց դատը Տէրոջը առջեւ դրաւ։
6. Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով.
7. «Սալպաադին աղջիկները շիտակ խօսեցան. անպատճառ անոնց ժառանգութեան բաժինը պէտք է տաս իրենց հօրը եղբայրներուն մէջ ու անոնց հօրը ժառանգութիւնը իրենց վրայ պէտք է դարձնես
8. Եւ Իսրայէլի որդիներուն խօսիս ու ըսես. ‘Եթէ մարդ մը մեռնի ու տղայ չունենայ, անոր ժառանգութիւնը իր աղջկան վրայ պէտք է դարձնէք.
9. Բայց եթէ անիկա աղջիկ ալ չունենայ, այն ատեն անոր ժառանգութիւնը իր եղբայրներուն պէտք է տաք
10. Եւ եթէ եղբայրներ ալ չունենայ, անոր ժառանգութիւնը իր հօրեղբայրներուն պէտք է տաք
11. Ու եթէ հօրեղբայրներ ալ չունենայ, անոր ժառանգութիւնը իր տոհմին մէջ իր ամենէն մօտ ազգականին պէտք է տաք ու ան ըլլայ անոր ժառանգորդը։ Ասիկա Իսրայէլի որդիներուն դատաստանի օրէնք պէտք է ըլլայ, ինչպէս Տէրը Մովսէսին պատուիրեց’»։
12. Յետոյ Տէրը Մովսէսին ըսաւ. «Այդ Աբարիմին լեռը ելի՛ր ու տե՛ս այն երկիրը, որ Իսրայէլի որդիներուն պիտի տամ
13. Եւ զայն տենելէ յետոյ, դուն ալ քու ժողովուրդիդ պիտի խառնուիս, ինչպէս քու եղբայրդ Ահարոն խառնուեցաւ.
14. Որովհետեւ դուք իմ հրամանիս դէմ ապստամբութիւն ըրիք Սին անապատին մէջ՝ ժողովուրդին հակառակութիւն ըրած ատենը ու անոնց առջեւ զիս չփառաւորեցիք այն ջուրին քով»։ (Այս է Կադէսի Մերիպայի ջուրը Սին անապատին մէջ։)
15. Եւ Մովսէս խօսեցաւ Տէրոջը ու ըսաւ.
16. «Տէրը, բոլոր մարդոց հոգիներուն Աստուածը, այս ժողովուրդին վրայ մարդ մը թող որոշէ,
17. Որպէս զի անիկա անոնց առջեւէն ելլէ ու մտնէ ու զանոնք հանէ ու մտցնէ, որպէս զի Տէրոջը ժողովուրդը անհովիւ ոչխարներու պէս չըլլայ»։
18. Եւ Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Ա՛ռ քեզի Նաւէին որդին Յեսուն, որուն վրայ Հոգի կայ ու անոր վրայ ձեռքդ դի՛ր
19. Եւ զանիկա Եղիազար քահանային ու բոլոր ժողովուրդին առջեւ կեցուր եւ անոնց աչքին առջեւ անոր պատուէր տուր
20. Ու քու փառքէդ անոր վրայ դիր, որպէս զի Իսրայէլի որդիներուն բոլոր ժողովուրդը անոր հնազանդի։
21. Անիկա Եղիազար քահանային առջեւ պիտի կենայ ու Տէրոջը առջեւ Ուրիմին կանոնովը անոր պիտի հարցնէ՝ ՝, անոր խօսքովը պիտի ելլեն ու անոր խօսքովը պիտի մտնեն, ինք եւ իրեն հետ բոլոր Իսրայէլի որդիները ու բոլոր ժողովուրդը»։
22. Մովսէս ըրաւ ինչպէս Տէրը իրեն հրամայեր էր, առաւ Յեսուն ու զանիկա Եղիազար քահանային ու բոլոր ժողովուրդին առջեւ կեցուց։
23. Իր ձեռքերը անոր վրայ դնելով՝ անոր պատուէր տուաւ, ինչպէս Տէրը իրեն պատուիրեր էր։
3. Ու անոնց ըսէ՛. ‘Ասոնք են այն պատարագները, որոնք Տէրոջը պիտի մատուցանէք՝ օրը երկու հատ մէկ տարեկան անարատ գառ մշտնջենաւոր ողջակէզի համար։
4. Մէկ գառը առտուն պէտք է մատուցանէք ու միւս գառը՝ իրիկունը։
5. Արդուին մէկ տասներորդ մասը բարակ ալիւրով հացի ընծայ պէտք է ընէք, որ շաղուած պէտք է ըլլայ հիմէնի մը մէկ քառորդ ծեծուած իւղով։
6. Ասիկա Սինա լերանը վրայ սահմանուած մշտնջենաւոր ողջակէզ է, Տէրոջը անուշահոտ պատարագ ըլլալու համար։
7. Անոր ըմպելի նուէրը մէկ գառին համար՝ հիմէնի մը մէկ չորրորդ մասն ըլլայ, բարկ ըմպելին սուրբ տեղին մէջ ըմպելի նուէր ըրէ Տէրոջը։
8. Միւս գառը իրիկունը մատուցանէ։ Ու առտուան հացի ընծային ու անոր ըմպելի նուէրին պէս ըրէ, Տէրոջը անուշահոտ պատարագ ըլլալու։
9. Բայց շաբաթ օրը մէկ տարեկան երկու անարատ գառ ու իւղով շաղուած երկու տասնորդ բարակ ալիւր հացի ընծայի համար ու անոր ըմպելի նուէրը պէտք է մատուցանէք ։
10. Ասիկա մշտնջենաւոր ողջակէզէն ու անոր ըմպելի նուէրէն զատ ամէն շաբաթ օրուան ողջակէզը ըլլալու է։
11. Ձեր ամսագլուխներուն Տէրոջը ողջակէզ պիտի մատուցանէք երկու զուարակ, մէկ խոյ ու եօթը հատ մէկ տարեկան անարատ գառ։
12. Ամէն մէկ զուարակի համար իւղով շաղուած երեք տասնորդ բարակ ալիւր հացի ընծայ եւ մէկ խոյին համար իւղով շաղուած երկու տասնորդ բարակ ալիւր հացի ընծայ,
13. Ամէն մէկ գառին համար իւղով շաղուած մէկմէկ տասնորդ բարակ ալիւր հացի ընծայ պիտի մատուցանէք, Տէրոջը ողջակէզ ու անուշահոտ պատարագ ըլլալու։
14. Անոնց ըմպելի նուէրնէրը՝ ամէն մէկ զուարակին համար կէս հիմէն ու մէկ խոյին համար հիմէնին մէկ երրորդ մասը եւ ամէն մէկ գառի համար հիմէնին մէկ չորրորդ մասը գինի պիտի ըլլայ։ Ասիկա տարուան բոլոր ամիսներուն համար՝ ամսէ ամիս՝ մատուցուելիք ողջակէզն է։
15. Մշտնջենաւոր ողջակէզէն զատ՝ մեղքի պատարագի համար այծերէն նոխազ մը իր ըմպելի նուէրովը մէկտեղ պիտի մատուցուի Տէրոջը։
16. Առաջին ամսուան տասնըչորրորդ օրը զատիկ է Տէրոջը։
17. Այն ամսուան տասնըհինգերորդ օրը տօն է։ Եօթը օր բաղարջ պիտի ուտուի։
18. Առաջին օրը սուրբ ժողովի օր պիտի ըլլայ։ Բնաւ ծառայութիւն պէտք չէ ընէք։
19. Տէրոջը պատարագ ու ողջակէզ պիտի մատուցանէք՝ երկու զուարակ, մէկ խոյ ու եօթը հատ մէկ տարեկան գառ։ Անարատ ըլլալու են։
20. Անոնց հացի ընծան իւղով շաղուած բարակ ալիւրէ պէտք է ըլլայ. ամէն մէկ զուարակին համար երեք տասնորդ ու մէկ խոյին համար երկու տասնորդ պիտի մատուցանէք։
21. Եօթը գառներէն ամէն մէկ գառի համար մէկ տասնորդ պիտի մատուցանէք։
22. Ձեզի քաւութիւն ընելու համար մէկ նոխազ մեղքի պատարագ պիտի մատուցանէք ։
23. Ասոնք մշտնջենաւոր ողջակէզ եղող առտուան ողջակէզէն զատ պիտի մատուցանէք։
24. Այն եօթը օրերուն ամէն մէկ օրը ասոնց պէս Տէրոջը անուշահոտ պատարագ պէտք է ընէք։ Մշտնջենաւոր ողջակէզէն զատ ասիկա ու ասոր ըմպելի նուէրը պիտի մատուցուին։
25. Եօթներորդ օրը սուրբ ժողովի օր պիտի ըլլայ ձեզի, ոեւէ ծառայութիւն պէտք չէ ընէք։
26. Երախայրիներուն օրը, երբ ձեր շաբաթներուն տօնին մէջ Տէրոջը նոր հացի ընծայ մատուցանէք, սուրբ ժողովի օր ըլլայ ձեզի, բնաւ ծառայութիւն պէտք չէ ընէք։
27. Տէրոջը անուշահոտ ողջակէզի համար երկու զուարակ, մէկ խոյ ու մէկ տարեկան եօթը հատ գառ պիտի մատուցանէք։
28. Անոնց հացի ընծան՝ ամէն մէկ զուարակին համար երեք տասնորդ, մէկ խոյին համար երկու տասնորդ,
29. Եօթը գառներէն ամէն մէկ գառի համար մէկ տասնորդ իւղով շաղուած բարակ ալիւր պիտի մատուցանէք ։
30. Ձեզի քաւութիւն ընելու համար այծերէն մէկ նոխազ պիտի մատուցանէք ։
31. Մշտնջենաւոր ողջակէզէն ու անոր հացի ընծայէն զատ, ասոնք ալ իրենց ըմպելի նուէրներովը պիտի մատուցանէք։ Բայց անարատ ըլլալու են։
8. Ճաշակեցէ՛ք ու տեսէք թէ Տէրը բարի է։ Երանի՜ այն մարդուն որ անոր կը յուսայ։
9. Տէրոջմէ վախցէ՛ք, ո՛վ անոր սուրբեր, Վասն զի անկէ վախցողներուն բան մը պակաս չըլլար։
10. Առիւծի կորիւնները չքաւորութիւն ու անօթութիւն կը կրեն, Սակայն Տէրը փնտռողներուն բարութիւն մը պակաս պիտի չըլլայ։
12. Ո՞վ է այն մարդը որ ապրիլ կ’ուզէ Ու շատ օրեր կը սիրէ՝ բարութիւն տեսնելու համար։
13. Քու լեզուդ չարութենէ պահէ Ու շրթունքներդ՝ նենգութիւն խօսելէ։
14. Չարութենէ հեռացիր ու բարութիւն ըրէ, Խաղաղութիւն փնտռէ ու անոր ետեւէն գնա՛։
29. Իր տանը նեղութիւն տուողը հով պիտի ժառանգէ Ու յիմարը իմաստուն սիրտ ունեցողին ծառայ պիտի ըլլայ։
1. Երկու օր յետոյ զատիկ ու բաղարջակերք էր. եւ քահանայապետներն ու դպիրները կը խորհէին թէ ի՞նչ նենգութեամբ բռնեն զանիկա ու մեռցնեն։
2. Բայց կ’ըսէին. «Ոչ տօնին ատենը, որպէս զի ժողովուրդին մէջ խռովութիւն չըլլայ»։
3. Երբ ինք Բեթանիա էր՝ բորոտ Սիմոնին տունը՝ սեղան նստած, կին մը եկաւ, որ շիշ մը պատուական սուղ նարդոսի իւղ ունէր։ Կոտրեց այն շիշը ու իւղը անոր գլխուն վրայ թափեց։
4. Կային ոմանք, որ կը նեղուէին ու կ’ըսէին. «Ինչո՞ւ համար եղաւ այդ իւղին կորուստը,
5. Քանզի այդ [իւղը] երեք հարիւր դահեկանէն աւելի կրնար ծախուիլ ու աղքատներուն տրուիլ»։ Եւ սաստիկ կը յանդիմանէին զանիկա։
6. Բայց Յիսուս ըսաւ. «Թող տուէք ատոր, ինչո՞ւ անհանգիստ կ’ընէք, ատիկա բարի գործ մը գործեց ինծի։
7. Վասն զի աղքատները ամէն ատեն ձեզի հետ ունիք ու երբ ուզէք՝ կրնաք անոնց բարիք ընել, բայց զիս ամէն ատեն չունիք։
8. Ատիկա ինչ որ ունէր՝ ըրաւ։ Առաջուընէ իմ մարմինս օծեց իմ թաղումիս համար։
9. Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, թէ բոլոր աշխարհի մէջ, ուր որ այս աւետարանը կը քարոզուի, ատոր ըրածն ալ պիտի յիշուի՝ իրեն յիշատակ ըլլալու համար»։
11. Անոնք ալ լսելով ուրախացան ու իրեն ստակ ալ խոստացան։ Ան կը փնտռէր յարմար պատեհութիւն մը, որ մատնէ զանիկա։
12. Բաղարջակերաց առաջին օրը, երբ զատիկը կը մորթէին, անոր աշակերտները ըսին իրեն. «Ո՞ւր կ’ուզես որ երթանք պատրաստենք՝ որպէս զի զատիկը ուտես»։
13. Յիսուս իր աշակերտներէն երկուքը ղրկեց ու ըսաւ անոնց. «Գացէ՛ք քաղաքը ու ձեզի մարդ մը պիտի պատահի՝ որ ուսին վրայ ջուրի սափոր մը կը տանի, գացէ՛ք անոր ետեւէն։
14. Ուր որ մտնէ, տանը տիրոջը ըսէք. ‘Վարդապետը կ’ըսէ, Ո՞ւր է օթեւանը, ուր աշակերտներուս հետ մէկտեղ կարենամ զատիկը ուտել’։
15. Ան ալ ձեզի յարդարուած ու պատրաստ մեծ վերնատուն մը պիտի ցուցնէ. հոն պատրաստեցէք մեզի»։
16. Աշակերտները գացին ու քաղաքը մտան եւ ինչպէս իրենց ըսաւ՝ այնպէս գտան եւ զատիկը պատրաստեցին։
17. Իրիկունը, տասներկուքին հետ մէկտեղ գնաց հոն։
18. Երբ սեղան նստան եւ կ’ուտէին, ըսաւ Յիսուս. «Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի թէ ձեզմէ մէկը որ հիմա ինծի հետ կ’ուտէ, զիս պիտի մատնէ»։
19. Անոնք սկսան տրտմիլ ու մէկիկ մէկիկ ըսել անոր. «Միթէ ե՞ս եմ». եւ ուրիշ մը՝ «Միթէ ե՞ս եմ»։
20. Անիկա պատասխան տուաւ ու ըսաւ անոնց. «Տասներկուքէն ան, որ ինծի հետ իր ձեռքը պնակը խոթեց։
21. Յիրաւի Որդին մարդոյ կ’երթայ, ինչպէս գրուած է իրեն համար. բայց վա՜յ այն մարդուն, որուն ձեռքով Որդին մարդոյ կը մատնուի։ Աղէկ էր այն մարդուն որ ծնած չըլլար»։
22. Երբ անոնք կ’ուտէին, Յիսուս հաց առաւ, օրհնեց ու կտրեց եւ տուաւ անոնց ու ըսաւ. « Առէ՛ք, ա՛յս է իմ մարմինս»։
23. Եւ գաւաթը առաւ, գոհացաւ ու տուաւ անոնց։ Ամէնքն ալ խմեցին անկէ։
24. Ըսաւ անոնց. «Ասիկա է իմ արիւնս նոր ուխտի, որ շատերու համար պիտի թափուի։
25. Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, Ասկէ յետոյ որթին բերքէն բնաւ պիտի չխմեմ մինչեւ այն օրը, երբ նոր գինին խմեմ Աստուծոյ թագաւորութեանը մէջ»։
26. Օրհնութիւն մը երգելէ յետոյ Ձիթենեաց լեռը ելան։
Armenian Western Bible 1853
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ Bible Society in Lebanon, 1981