1. Եօթներորդ ամսուան առաջին օրը սուրբ ժողովի օր ըլլայ, բնաւ ծառայութիւն պէտք չէ ընէք։ Փող հնչեցնելու օր պիտի ըլլայ։
2. Տէրոջը անուշահոտ ողջակէզի համար մէկ զուարակ, մէկ խոյ ու եօթը հատ մէկ տարեկան գառ պէտք է մատուցանէք։
3. Անոնց հացի ընծան մէկ զուարակին համար՝ երեք տասնորդ ու մէկ խոյին համար՝ երկու տասնորդ
4. Եւ եօթը գառներէն ամէն մէկ գառի համար մէկ տասնորդ իւղով շաղուած բարակ ալիւր պէտք է ըլլայ։
5. Ձեզի քաւութիւն ընելու համար այծերէն մէկ նոխազ մեղքի պատարագ պիտի մատուցանէք
6. Ասոնք Տէրոջը անուշահոտ պատարագ պիտի մատուցանէք ։ Ամսագլխու ողջակէզը ու անոր հացի ընծան եւ մշտնջենական ողջակէզը ու անոր հացի ընծան եւ ասոնց ըմպելի նուէրները մատուցանելէն զատ։
7. Եօթներորդ ամսուան տասներորդ օրը սուրբ ժողովի օր ըլլայ ու ձեր անձերը պիտի խոնարհեցնէք։ Ամենեւին գործ մը պիտի չընէք։
8. Տէրոջը անուշահոտ ողջակէզի համար մէկ զուարակ, մէկ խոյ ու եօթը հատ մէկ տարեկան գառ պիտի մատուցանէք։ Անոնք անարատ պէտք է ըլլան։
9. Անոնց հացի ընծան մէկ զուարակի համար՝ երկու տասնորդ, մէկ խոյի համար՝ երկու տասնորդ,
10. Եօթը գառներէն ամէն մէկ գառի համար մէկ տասնորդ իւղով շաղուած բարակ ալիւր պիտի ըլլայ։
11. Այծերէն մէկ նոխազ մեղքի պատարագ պիտի մատուցանէք, բացի քաւութեան օրը մատուցուած մեղքի պատարագէն ու մշտնջենական ողջակէզէն եւ անոր հացի ընծայէն ու անոնց ըմպելի նուէրներէն։
12. Եօթներորդ ամսուան տասնըհինգերորդ օրը սուրբ ժողովի օր ըլլայ ձեզի, բնաւ ծառայութիւն պիտի չընէք։ Եօթը օր Տէրոջը տօն պէտք է պահէք։
13. Տէրոջը ողջակէզ ու անուշահոտ պատարագի համար տասնըերեք զուարակ, երկու խոյ ու մէկ տարեկան տասնըչորս գառ մատուցանեցէք. անոնք անարատ պէտք է ըլլան։
14. Անոնց հացի ընծան տասնըերեք զուարակներէն ամէն մէկ զուարակի համար երեք տասնորդ ու երկու խոյերէն ամէն մէկ խոյի համար՝ երկու տասնորդ
15. Եւ տասնըչորս գառներէն ամէն մէկ գառի համար մէկ տասնորդ իւղով շաղուած բարակ ալիւր պէտք է ըլլայ։
16. Այծերէն մէկ նոխազ մեղքի պատարագ պիտի մատուցանէք, մշտնջենական ողջակէզէն ու անոր հացի ընծայէն եւ ըմպելի նուէրէն զատ։
17. Երկրորդ օրը տասներկու զուարակ, երկու խոյ ու մէկ տարեկան տասնըչորս անարատ գառ պէտք է մատուցանէք ։
18. Անոնց հացի ընծան ու ըմպելի նուէրները, զուարակներուն, խոյերուն ու գառներուն համար, իրենց թիւին համեմատ, օրէնքին համաձայն ըլլալու են։
19. Այծերէն մէկ նոխազ մեղքի պատարագ պիտի մատուցանէք, մշտնջենական ողջակէզէն եւ անոր հացի ընծայէն ու ըմպելի նուէրներէն զատ։
20. Երրորդ օրը տասնըմէկ զուարակ, երկու խոյ ու մէկ տարեկան տասնըչորս անարատ գառ պէտք է մատուցանէք ։
21. Անոնց հացի ընծան ու ըմպելի նուէրները, զուարակներուն, խոյերուն ու գառներուն համար, իրենց թիւին համեմատ, օրէնքին համաձայն ըլլալու են։
22. Մէկ նոխազ մեղքի պատարագ պիտի մատուցանէք, մշտնջենական ողջակէզէն եւ անոր հացի ընծայէն ու ըմպելի նուէրէն զատ։
23. Չորրորդ օրը տասը զուարակ, երկու խոյ ու մէկ տարեկան տասնըչորս գառ պէտք է մատուցանէք ։
24. Անոնց հացի ընծան ու ըմպելի նուէրները, զուարակներուն, խոյերուն ու գառներուն համար, իրենց թիւին համեմատ, օրէնքին համաձայն ըլլալու են։
25. Այծերէն մէկ նոխազ մեղքի պատարագ պիտի մատուցանէք, մշտնջենաւոր ողջակէզէն եւ անոր հացի ընծայէն ու ըմպելի նուէրէն զատ։
26. Հինգերորդ օրը ինը զուարակ, երկու խոյ ու մէկ տարեկան տասնըչորս անարատ գառ պէտք է մատուցանէք ։
27. Անոնց հացի ընծան ու ըմպելի նուէրները, զուարակներուն, խոյերուն ու գառներուն համար, իրենց թիւին համեմատ, օրէնքին համաձայն ըլլալու են։
28. Մէկ նոխազ մեղքի պատարագ պիտի մատուցանէք, մշտնջենական ողջակէզէն եւ անոր հացի ընծայէն ու ըմպելի նուէրէն զատ։
29. Վեցերորդ օրը ութը զուարակ, երկու խոյ ու մէկ տարեկան տասնըչորս անարատ գառ պէտք է մատուցանէք ։
30. Անոնց հացի ընծան ու ըմպելի նուէրները, զուարակներուն, խոյերուն ու գառներուն համար, իրենց թիւին համեմատ, օրէնքին համաձայն ըլլալու են։
31. Մէկ նոխազ մեղքի պատարագ պիտի մատուցանէք. մշտնջենական ողջակէզէն եւ անոր հացի ընծայէն ու ըմպելի նուէրներէն զատ։
32. Եօթներորդ օրը եօթը զուարակ, երկու խոյ ու մէկ տարեկան տասնըչորս անարատ գառ պիտի մատուցանէք
33. Եւ անոնց հացի ընծան ու ըմպելի նուէրները, զուարակներուն, խոյերուն ու գառներուն համար, իրենց թիւին համեմատ, օրէնքին համաձայն ըլլալու են։
34. Ու մէկ նոխազ մեղքի պատարագ պէտք է մատուցանէք, մշտնջենական ողջակէզէն եւ անոր հացի ընծայէն ու ըմպելի նուէրէն զատ։
35. Ութերորդ օրը տօնախմբութեան օր է, բնաւ ծառայական գործ մը պէտք չէ ընէք։
36. Եւ Տէրոջը ողջակէզ ու անուշահոտ պատարագի համար, մէկ զուարակ, մէկ խոյ ու մէկ տարեկան եօթը անարատ գառ պէտք է մատուցանէք
37. Եւ անոնց հացի ընծան ու ըմպելի նուէրները, զուարակին, խոյին ու գառներուն համար, իրենց թիւին համեմատ, օրէնքին համաձայն ըլլալու են
38. Ու մէկ նոխազ մեղքի պատարագ պիտի մատուցանէք, մշտնջենական ողջակէզէն եւ անոր հացի ընծայէն ու ըմպելի նուէրէն զատ։
39. Ձեր տօներուն մէջ ասոնք պէտք է մատուցանէք Տէրոջը, ձեր ուխտերուն ու ձեր կամաւոր ընծաներուն ողջակէզներէն, հացի ընծաներէն, ըմպելի նուէրներէն ու խաղաղութեան զոհերէն զատ»։
2. «Տէրոջը պատուիրածը այս է. Եթէ մարդ մը Տէրոջը ուխտ ընէ կամ երդում ընելով իր անձը կապելու ըլլայ, իր խօսքը պարապ թող չհանէ, բոլոր իր բերնէն ելածին պէս թող ընէ։
3. Կամ եթէ կին մը Տէրոջը ուխտ ընէ ու իր մանկութեան ատենը իր հօրը տանը մէջ զինք կապելու ըլլայ
4. Եւ անոր հայրը անոր ուխտն ու խոստումը լսէ եւ անոր հայրը բան մը չըսէ անոր, այն ատեն անոր բոլոր ուխտերը պիտի հաստատուին ու անոր բոլոր խոստումներն ալ պիտի հաստատուին։
5. Բայց եթէ անոր հայրը իր լսած օրը անոր հակառակի, այն ատեն անոր բոլոր ուխտերն ու խոստումները անվաւեր պիտի ըլլան եւ Տէրը անոր թողութիւն պիտի տայ. քանզի անոր հայրը անոր հակառակած էր։
6. Կամ եթէ ուխտ ըրած կամ իր շրթունքներէն ելած խոստումը անխորհուրդ խօսք մը եղած ըլլալով ամուսնանայ
7. Ու անոր այրը լսէ եւ լսած օրը անոր բան մը չըսէ, այն ատեն անոր ուխտերը պիտի հաստատուին ու իր խոստումները պիտի հաստատուին։
8. Բայց եթէ անոր այրը իր լսած օրը անոր հակառակի, այն ատեն անոր վրայ եղած ուխտն ու շրթունքներուն անխորհուրդ խօսքը որով խոստացեր էր՝ անվաւեր կը դառնան եւ Տէրը անոր թողութիւն պիտի տայ։
9. Բայց որբեւարիի կամ արձակուածի մը ուխտը ու իր խոստումը հաստատ պիտի մնայ։
10. Եւ եթէ անիկա իր էրկանը տանը մէջ ուխտ ըրած կամ երդումով խոստացած էր
11. Ու անոր այրը լսելով բան մը ըսած չէր անոր եւ հակառակած չէր, այն ատեն անոր բոլոր ուխտերը պիտի հաստատուին ու խոստումները հաստատ պիտի մնան։
12. Բայց եթէ անոր այրը իր լսած օրը զանոնք խափանեց, այն ատեն ուխտ ընելու ու խոստումի համար անոր բերնէն ելած բոլոր խօսքերը անվաւեր պիտի ըլլան, քանզի անոր այրը խափանեց զանոնք եւ Տէրը անոր թողութիւն պիտի տայ։
13. Կնոջ մը ամէն ուխտ ու անձը խոնարհեցնելու համար խոստումի երդում անոր այրը կրնայ հաստատել կամ կրնայ խափանել։
14. Եւ եթէ անոր այրը օրէ օր անոր բան մը չըսէ, այն ատեն ամէն ուխտերն ու խոստումները հաստատուած կըլլան, քանի որ բան մը ըսած չէր։
15. Բայց եթէ լսած օրէն ետքը կերպով մը խափանէ զանոնք, այն ատեն ինք պիտի կրէ անոր անօրէնութիւնը»։
16. Էրկան մը եւ անոր կնոջ մէջտեղ եւ հօր մը ու մանկութեան ատեն իր հօրը տունը բնակող աղջկան մէջտեղ պահուելու կանոնները ասոնք են, որոնք Տէրը Մովսէսին պատուիրեց։
15. Տէրոջը աչքերը արդարներուն վրայ են Ու անոր ականջները՝ անոնց աղաղակին։
16. Տէրոջը երեսը չարագործներուն դէմ է, Անոնց յիշատակը երկրէն բնաջնջելու համար։
17. Արդարները կ’աղաղակէն ու Տէրը կը լսէ Ու իրենց բոլոր նեղութիւններէն կը փրկէ զանոնք։
18. Տէրը մօտ է անոնց, որոնց սիրտը կոտրած է Ու հոգիով խոնարհածները կ’ապրեցնէ։
19. Արդարին նեղութիւնները շատ են, Բայց Տէրը բոլորէն կը փրկէ զանիկա։
20. Անոր բոլոր ոսկորները կը պահէ, Անոնցմէ մէկը չի կոտրուիր։
21. Չարութիւնը ամբարիշտը պիտի մեռցնէ Ու արդարը ատողները պիտի դատապարտուին։
22. Տէրը իր ծառաներուն անձը կը փրկէ Եւ իրեն յուսացողներէն բնաւ մէկը պիտի չդատապարտուի։
30. Արդարին պտուղը կենաց ծառ է Եւ հոգիներ վաստկողը իմաստուն է։
31. Եթէ արդարը երկրի վրայ պատիժ կրէ, Ո՞ւր կը մնան ամբարիշտն ու մեղաւորը։
27. Յիսուս ըսաւ անոնց. «Ամէնքդ ալ այս գիշեր իմ վրայովս պիտի գայթակղիք. վասն զի գրուած է թէ ‘Հովիւը պիտի զարնեմ ու ոչխարները պիտի ցրուին’։
28. Բայց յարութիւն առնելէս ետքը ձեզմէ առաջ Գալիլիա պիտի երթամ»։
29. Պետրոս ըսաւ անոր. «Թէպէտ ամէնքն ալ գայթակղին, բայց ո՛չ ես»։
30. Յիսուս ըսաւ անոր. «Ճշմարիտ կ’ըսեմ քեզի, որ դուն ալ այս գիշեր՝ դեռ հաւը երկու անգամ չխօսած՝ երեք անգամ զիս պիտի ուրանաս»։
31. Պետրոս աւելի կը պնդէր ու կ’ըսէր. «Թէեւ քեզի հետ մեռնիլ ալ պէտք ըլլայ ինծի, բնաւ քեզ պիտի չուրանամ». նոյնպէս կ’ըսէին բոլորն ալ։
32. Եկան այն տեղը որուն անունը Գեթսեմանի էր ու ըսաւ իր աշակերտներուն. «Հո՛ս նստեցէք, մինչեւ որ ես աղօթք ընեմ»։
33. Իրեն հետ առնելով Պետրոսը ու Յակոբոսը եւ Յովհաննէսը, սկսաւ խռովիլ եւ վշտանալ։
34. Այն ատեն ըսաւ անոնց. «Իմ անձս մեռնելու չափ տրտում է. հո՛ս կեցէք եւ արթուն մնացէք»։
35. Քիչ մը առջեւ երթալով՝ իր երեսին վրայ գետինը ինկաւ եւ աղօթք ըրաւ, որ եթէ կարելի է, այն ժամը իրմէ անցնի։
36. Եւ ըսաւ. «Աբբա՛ Հայր՝ ամէն բան քեզի հնարաւոր է, այս գաւաթը ինծմէ անցուր. բայց ո՛չ թէ ինչպէս ես կ’ուզեմ, հապա ինչպէս դուն կ’ուզես »։
37. Երբ եկաւ ու զանոնք քնացած գտաւ՝ ըսաւ Պետրոսին. «Սի՛մոն, կը քնանա՞ս, չկրցա՞ր ժամ մը արթուն կենալ։
38. Արթո՛ւն կեցէք եւ աղօթք ըրէք, որպէս զի փորձութեան մէջ չմտնէք. հոգին յօժար է, բայց մարմինը տկար»։
39. Նորէն գնաց աղօթք ըրաւ՝ նոյն խօսքը ըսելով։
40. Եւ դարձաւ ու զանոնք նորէն քնացած գտաւ, վասն զի աչքերնին ծանրացած էր եւ չէին գիտեր թէ ի՞նչ պատասխան տան անոր։
41. Երրորդ անգամ ալ եկաւ ու ըսաւ անոնց. «Ասկէ յետոյ քնացէ՛ք ու հանգչեցէ՛ք. բաւական է, ժամը հասաւ, ահա Որդին մարդոյ մեղաւորներուն ձեռքը պիտի մատնուի։
42. Ելէ՛ք երթանք։ Ահա մօտեցաւ անիկա որ զիս պիտի մատնէ»։
43. Դեռ անիկա կը խօսէր, երբ Յուդան, տասներկուքէն մէկը, եկաւ եւ իրեն հետ քահանայապետներուն եւ դպիրներուն ու ծերերուն կողմէն շատ բազմութիւն՝ սուրերով ու բիրերով։
44. Զանիկա մատնողը անոնց նշան մը տուեր էր՝ ըսելով. «Ո՛վ որ ես համբուրեմ՝ ա՛ն է, բռնեցէ՛ք զանիկա եւ զգուշութեամբ տարէք»։
45. Անիկա գալով մօտեցաւ անոր եւ ըսաւ. «Ռաբբի՛, Ռաբբի՛», ու համբուրեց զանիկա։
46. Անոնք ձեռք զարկին անոր ու բռնեցին զանիկա։
47. Եւ քովը կայնողներէն մէկը սուրը քաշեց ու զարկաւ քահանայապետին ծառային ու անոր ականջը մէկդի հանեց։
48. Եւ Յիսուս ըսաւ անոնց. «Իբր աւազակի՞ վրայ ելաք սուրերով ու բիրերով զիս բռնելու։
49. Ամէն օր ձեր քով էի ու տաճարին մէջ կը սորվեցնէի եւ զիս չբռնեցիք, բայց որպէս զի գրքերը կատարուին»։
50. Այն ատեն բոլոր աշակերտները թողուցին զանիկա ու փախան։
51. Երիտասարդ մը անոր ետեւէն կ’երթար՝ մերկ մարմինին վրայ կտաւ մը առած ու երիտասարդները զանիկա բռնեցին.
52. Ան ալ կտաւը թողուց ու մերկ փախաւ անոնցմէ։
53. Տարին Յիսուսը քահանայապետին, անոր քով ժողվուեցան բոլոր քահանայապետները եւ ծերերը ու դպիրները։
54. Պետրոս հեռուէն անոր ետեւէն գնաց մինչեւ ներսը, քահանայապետին գաւիթը սպասաւորներուն հետ նստաւ ու կրակին քով կը տաքնար։
Armenian Western Bible 1853
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ Bible Society in Lebanon, 1981