2. «Մադիանացիներէն Իսրայէլի որդիներուն վրէժը ա՛ռ ու ապա քու ժողովուրդիդ խառնուէ»։
3. Մովսէս ժողովուրդին խօսեցաւ ու ըսաւ. «Ձեզմէ մարդիկ թող պատրաստուին պատերազմի համար ու Մադիամի վրայ երթան, որ Մադիամէն Տէրոջը վրէժը առնեն։
4. Իսրայէլի բոլոր ցեղերէն ամէն մէկէն հազարական մարդ պատերազմի պէտք է ղրկէք»։
5. Իսրայէլի ամէն մէկ ցեղէն հազարական մարդ ընտրուեցա. այսինքն տասներկու հազար հոգի պատերազմի համար պատրաստուեցան։
6. Մովսէս պատերազմի ղրկեց զանոնք, իւրաքանչիւր ցեղէն հազարական մարդ ու անոնց հետ Եղիազար քահանային որդին Փենեհէսը պատերազմի ղրկեց, որուն ձեռքն էին սուրբ անօթներն ու ազդարարութեան փողերը։
7. Եւ Մադիանացիներու դէմ պատերազմեցան, ինչպէս Տէրը Մովսէսին հրամայեր էր ու անոնց բոլոր այր մարդիկը մեռցուցին
8. Եւ անոնց սպաննուածներուն հետ Մադիամի թագաւորներն ալ՝ Եւին, Րոկոմը, Սուրը, Ուրը եւ Ռօբէն՝ Մադիամի հինգ թագաւորները սպաննեցին ու Բէովրի որդին Բաղաամը սրով մեռցուցին։
9. Եւ Իսրայէլի որդիները Մադիանացիներու կիներն ու տղաքները գերի առին ու անոնց բոլոր անասունները եւ հօտերն ու ստացուածքը աւար առին։
10. Եւ անոնց բնակած բոլոր քաղաքներն ու բոլոր գիւղերը կրակով այրեցին։
11. Եւ բոլոր աւարն ու բոլոր կողոպուտը առին մարդէ մինչեւ անասուն։
12. Եւ գերիներն ու կողոպուտը եւ աւարը Մովսէսին, Եղիազար քահանային ու Իսրայէլի որդիներուն ժողովուրդին, բանակը բերին, որ Երիքովի դէմ՝ Յորդանանի մօտ՝ Մովաբի դաշտերուն մէջ էր։
13. Մովսէս ու Եղիազար քահանան եւ ժողովուրդին բոլոր իշխանները բանակէն դուրս ելան զանոնք դիմաւորելու։
14. Մովսէս պատերազմէն դարձող զօրքերուն իշխաններուն, հազարապետներուն ու հարիւրապետներուն սրդողեցաւ
15. Եւ անոնց ըսաւ. «Արդեօք բոլոր կիները ո՞ղջ թողուցիք։
16. Ահա Բաղաամին խրատովը ատոնք պատճառ եղան, որ Իսրայէլի որդիները Տէրոջը դէմ մեղանչեցին Փոգովրի գործին մէջ եւ Տէրոջը ժողովուրդին վրայ այն հարուածը եկաւ։
17. Ուստի հիմա տղաքներէն ամէն արու մեռցուցէք ու այն աղջիկները, որոնք այր մարդ գիտցած են՝ արուի հետ պառկելով՝ մեռցուցէք։
18. Եւ կիներէն այն բոլոր մանկահասակ աղջիկները, որոնք այր մարդ գիտցած չեն՝ արուի հետ չեն պառկած՝ ձեզի համար ողջ թողուցէք։
19. Եւ դուք եօթը օր բանակէն դուրսը մնացէ՛ք։ Ով որ մարդ մեռցուցեր է եւ ով որ մեռածի դպեր է երրորդ օրն ու եօթներորդ օրը թող մաքրուի, թէ՛ դուք եւ թէ՛ ձեր գերիները։
20. Եւ ամէն հանդերձ ու ամէն մորթէ շինուած աման եւ այծի մազէ շինուած ամէն բան ու ամէն փայտեղէն աման մաքրեցէ՛ք»։
21. Եղիազար քահանան պատերազմի գացող զօրքերուն ըսաւ. «Ասիկա է այս օրէնքը, որ Տէրը Մովսէսին հրամայեց։
22. Միայն ոսկին, արծաթը, պղինձը, երկաթը, անագն ու կապարը,
23. Ամէն բան, որ կրնայ կրակի դիմանալ կրակէ անցուցէք, որ մաքուր ըլլայ, սակայն կրակի չդիմացող ամէն բան ջուրէ անցուցէք։
24. Ու եօթներորդ օրը ձեր հանդերձները լուացէք, որ մաքուր ըլլաք ու ետքը բանակին մէջ մտնէք»։
25. Եւ Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով.
26. «Դուն Եղիազար քահանային ու ժողովուրդին նահապետական իշխաններուն հետ՝ առնուած կողոպուտին գումարը ա՛ռ՝ մարդէ մինչեւ անասուն։
27. Եւ այն կողոպուտը պատերազմի գացող պատերազմողներուն ու բոլոր ժողովուրդին հաւասարապէս բաժնէ։
28. Պատերազմողներէն Տէրոջը հասը ա՛ռ՝ հինգ հարիւրէն մէկը՝ թէ՛ մարդոցմէն, թէ՛ արջառներէն, թէ՛ էշերէն եւ թէ՛ ոչխարներէն։
29. Այս հասը անոնց կէս բաժինէն պէտք է առնես ու Եղիազար քահանային տաս իբրեւ Տէրոջը ընծայ։
30. Եւ Իսրայէլի որդիներուն կէս բաժինէն՝ յիսունէն մէկը՝ ա՛ռ, թէ՛ մարդոցմէ, թէ՛ արջառներէն, թէ՛ էշերէն, թէ՛ ոչխարներէն եւ թէ՛ ամէն անասուններէ ու զանոնք Տէրոջը խորանին պահպանութիւնը ընող Ղեւտացիներուն տո՛ւր»։
31. Եւ Մովսէս ու Եղիազար քահանան Տէրոջը Մովսէսին հրամայածին պէս ըրին։
32. Եւ կողոպուտը, այսինքն պատերազմող զօրքին առած աւարին գումարը այս էր՝ վեց հարիւր եօթանասունըհինգ հազար ոչխար,
33. Եօթանասունըերկու հազար արջառ
34. Ու վաթսունըմէկ հազար էշ
35. Եւ մարդոցմէն՝ այր մարդու անկողին չգիտցող աղջիկները երեունըերկու հազար հոգի էին։
36. Եւ պատերազմի գացողներուն ինկած կէս բաժինը այս էր՝ ոչխարներուն թիւը երեք հարիւր երեսունըեօթը հազար հինգ հարիւր էր
37. Որմէ Տէրոջը հասը՝ վեց հարիւր եօթանասունըհինգ եղաւ
38. Եւ արջառները երեսունըվեց հազար ըլլալով՝ անոնցմէ Տէրոջը հասը եօթանասունըերկու արջառ եղաւ
39. Ու էշերը երեսուն հազար հինգ հարիւր ըլլալով՝ անոնցմէ Տէրոջը հասը երեսունըերկու եղաւ։
40. Եւ մարդիկը տասնըվեց հազար հոգի ըլլալով՝ անոնցմէ Տէրոջը հասը երեսունըերկու հոգի եղաւ։
41. Եւ Մովսէս Տէրոջը նուիրուած հասը Եղիազար քահանային տուաւ, ինչպէս Տէրը իրեն հրամայեր էր։
42. Եւ Իսրայէլի որդիներուն կէս բաժինէն ալ, որ Մովսէս պատերազմողներէն զատեր էր, Տէրոջը հասը առաւ ։
43. Եւ ժողովուրդին կէս բաժինը երեք հարիւր երեսունըեօթը հազար հինգ հարիւր ոչխար,
48. Զօրքին վերակացուները, այսինքն հազարապետներն ու հարիւրապետները, Մովսէսին մօտեցան
49. Ու Մովսէսին ըսին. «Քու ծառաներդ մեր ձեռքին տակ եղող պատերազմողներուն գումարը առինք ու մեզմէ մարդ մը պակաս չէ։
50. Ուստի ամէն մէկս ինչ որ գտանք՝ Տէրոջը ընծայ բերինք՝ ոսկիէ զարդեր, շղթաներ, ապարանջաններ, մատանիներ, օղեր ու մանեակներ, որ Տէրոջը առջեւ մեր հոգիներուն քաւութիւն ընենք»։
51. Եւ Մովսէս ու Եղիազար քահանան անոնցմէ ոսկին առին, ամէնն ալ բանուած զարդեր էին։
52. Եւ հազարապետներէն ու հարիւրապետներէն Տէրոջը մատուցուած ընծային բոլոր ոսկին տասնըվեց հազար եօթը հարիւր յիսուն սիկղ էր։
53. (Պատերազմողներէն իւրաքանչիւրը իրեն համար կողոպուտ առեր էր։)
54. Եւ Մովսէս ու Եղիազար քահանան հազարապետներէն ու հարիւրապետներէն ոսկին առին եւ վկայութեան խորանը բերին, Տէրոջը առջեւ որպէս Իսրայէլի որդիներուն յիշատակը։
1. Գադին որդիները ու Ռուբէնին որդիները խիստ շատ անասուններ ունէին. ուստի տեսնելով որ Յազերի երկիրը ու Գաղաադի երկիրը անասուն պահելու յարմար տեղ են,
2. Գադի որդիները ու Ռուբէնի որդիները գացին ու Մովսէսին, Եղիազար քահանային եւ ժողովուրդին իշխաններուն հետ խօսելով՝ ըսին.
4. Այսինքն Տէրոջը Իսրայէլի ժողովուրդին առջեւ զարկած երկիրը, անասուն պահելու յարմար երկիր մըն է ու քու ծառաներդ շատ անասուններ ունին.
5. Ուստի, եթէ մենք քու առջեւդ շնորհք գտանք, այս երկիրը քու ծառաներուդ տուր որպէս կալուածք եւ մեզ Յորդանանէն մի՛ անցըներ»։
6. Եւ Մովսէս Գադին որդիներուն եւ Ռուբէնին որդիներուն ըսաւ. «Ձեր եղբայրները պատերազմի երթան ու դուք այս տեղը նստի՞ք։
7. Ինչո՞ւ համար Իսրայէլի որդիներուն սիրտը պիտի թուլցնէք, որ չանցնին այն երկիրը, որ Տէրը անոնց տուած է։
8. Ձեր հայրերն ալ այսպէս ըրին, երբ զանոնք Կադէս-Բառնեայէն ղրկեցի երկիրը լրտեսելու համար։
9. Քանզի անոնք մինչեւ Եսքողի ձորը ելան ու երկիրը տեսան եւ Իսրայէլի որդիներուն սիրտը թուլցուցին, որպէս զի չմտնեն այն երկիրը, որ Տէրը անոնց տուեր էր։
10. Եւ նոյն օրը Տէրոջը բարկութիւնը բորբոքեցաւ ու երդում ընելով՝ ըսաւ.
11. ‘Եգիպտոսէն ելած մարդոցմէ քսան տարեկանէն վեր եղողները, բոլոր սրտով ինծի չհնազանդելնուն համար, բնաւ պիտի չտեսնեն այն երկիրը, որուն համար Աբրահամին, Իսահակին ու Յակոբին երդուն ըրի որ տամ,
12. Կենեզեան Յեփոնէի որդիէն Քաղէբէն ու Նաւէի որդիէն Յեսուէն զատ, որոնք կատարելապէս Տէրոջը հանզանդեցան։
13. Եւ Տէրոջը բարկութիւնը Իսրայէլի վրայ բորբոքեցաւ ու զանոնք քառասուն տարի անապատին մէջ պտըտցուց, մինչեւ որ Տէրոջը առջեւ չարութիւն ընող սերունդը բոլորվին սպառեցաւ։
14. Ահա դուք ձեր հայրերուն տեղը ելաք՝ մեղաւոր մարդոց զաւակներու պէս՝ որպէս զի Տէրոջը սաստիկ բարկութիւնը Իսրայէլի վրայ նորէն աւելցնէք։
15. Վասն զի եթէ դուք անկէ խոտորիք, ան ալ նորէն այս ժողովուրդը անապատին մէջ պիտի ձգէ ու դուք այս բոլոր ժողովուրդին կորուստին պատճառ պիտի ըլլաք’»։
16. Անոնք մօտեցան անոր ու ըսին. «Մենք այստեղ միայն կ’ուզենք մեր անասուններուն համար փարախներ ու մեր ընտանիքներուն համար քաղաքներ շինել,
17. Բայց մենք պատրաստ ենք զէնքերնիս առնել ու Իսրայէլի որդիներուն առջեւէն երթալ, մինչեւ որ զանոնք իրենց տեղերը տանինք եւ մեր ընտանիքները պարսպապատ քաղաքներու մէջ պիտի բնակին երկրիս բնակիչներուն պատճառով
18. Ու մինչեւ որ Իսրայէլի որդիներէն իւրաքանչիւրը իր ժառանգութիւնը չժառանգէ, մենք մեր տուները պիտի չդառնանք,
19. Քանզի մենք Յորդանանի անդիի կողմը անոնց հետ ժառանգութիւն պիտի չառնենք. վասն զի մեր ժառանգութիւնը Յորդանանի ասդիի կողմը՝ դէպի արեւելք ինկած է»։
20. Մովսէս ըսաւ անոնց. «Եթէ այսպէս ընէք ու Տէրոջը առջեւ պատերազմի համար վրանիդ զէնք առնէք
21. Եւ Տէրոջը առջեւ դուք ամէնքդ ալ զէնքերով Յորդանանէն անցնիք, մինչեւ որ անիկա իր թշնամիները իր առջեւէն վռնտէ,
22. Եւ այն երկիրը Տէրոջմէ նուաճուի, անկէ յետոյ երբ ետ դառնաք, Տէրոջը առջեւ ու Իսրայէլի առջեւ անմեղ կ’ըլլաք. այն ատեն այս երկիրը Տէրոջը առջեւ ձեզի կալուածք պիտի ըլլայ։
23. Բայց եթէ այսպէս չընէք, Տէրոջը դէմ մեղք գործած պիտի ըլլաք ու գիտցէք թէ ձեր մեղքը ձեզ պիտի գտնէ։
24. Արդ ձեր ընտանիքներուն համար քաղաքներ ու ձեր հօտերուն համար փարախներ շինեցէք, բայց ձեր խոստումը կատարեցէք»։
25. Եւ Գադին որդիները եւ Ռուբէնին որդիները խօսեցան Մովսէսին՝ ըսելով. «Ծառաներդ մեր տիրոջը պատուիրածին պէս պիտի ընենք։
26. Մեր զաւակները, մեր կիները, մեր հօտերն ու մեր բոլոր անասունները հոս Գաղաադի քաղաքներուն մէջ թող մնան.
27. Բայց ծառաներդ մեր տիրոջը ըսածին պէս՝ ամէնքս ալ գունդ գունդ պիտի պատրաստուինք ու Տէրոջը առջեւէն անցնինք պատերազմի համար»։
28. Այն ատեն Մովսէս Եղիազար քահանային ու Նաւէին որդիին Յեսուին եւ Իսրայէլի որդիներուն ցեղերուն նահապետական իշխաններուն այս պատուէրը տուաւ անոնց վրայով
29. Եւ Մովսէս ըսաւ անոնց. «Եթէ Գադին որդիները եւ Ռուբէնին որդիները Տէրոջը առջեւ ամէնքն ալ պատերազմի համար պատրաստուած՝ ձեզի հետ Յորդանանէն անցնին ու այն երկիրը ձեր առջեւ նուաճուի, այն ատեն Գաղաադի երկիրը անոնց կալուածք պէտք է տաք.
30. Բայց եթէ պատրաստուած ձեզի հետ չանցնին, անոնց կալուածքն ալ Քանանի երկրին մէջ պիտի ըլլայ»։
31. Իսկ Գադին որդիները եւ Ռուբէնին որդիները պատասխան տուին ու ըսին. «Տէրը քու ծառաներուդ ի՛նչպէս պատուիրեց՝ այնպէս պիտի ընենք։
32. Մենք զէնքերնիս առած՝ Տէրոջը առջեւէն Քանանի երկիրը պիտի անցնինք, որպէս զի մեր ժառանգելիք կալուածքը Յորդանանի ասդիի կողմը ըլլայ»։
33. Ուստի Մովսէս անոնց, այսինքն Գադին որդիներուն եւ Ռուբէնին որդիներուն եւ Յովսէփեան Մանասէին կէս ցեղին, տուաւ Ամօրհացիներուն Սեհոն թագաւորին թագաւորութիւնը ու Բասանի Ովգ թագաւորին թագաւորութիւնը, երկիրը իր քաղաքներովը ու երկրին քաղաքներուն բոլորտիքը եղած սահմաններովը։
34. Գադին որդիները պարսպապատ քաղաքներ շինեցին՝ այսինքն Դեբոնը, Ատարովթն ու Արոէրը
35. Եւ Ատրօթ-Սովփանը, Յազերն ու Յօգբէհան
36. Եւ Բեթնամրան ու Բեթարանը եւ հօտերու փարախներ ալ շինեցին ։
37. Ռուբէնին որդիներն ալ Եսեբոնը, Եղէաղէն ու Կարիաթեմը շինեցին
38. Ու Նաբաւը եւ Բէէլմօնը, (որոնց անունները փոխեցին,) ու Սեբաման ու իրենց շինած քաղաքներուն իրենց անունները՝ ՝ դրին։
39. Եւ Մանասեան Մաքիրին որդիները Գաղաադ գացին ու առին զանիկա եւ անոր մէջ բնակող Ամօրհացիները վռնտեցին։
40. Մովսէս Գաղաադը տուաւ Մանասեան Մաքիրին, որ հոն բնակեցաւ։
41. Ու Մանասեան Յայիր գնաց անոնց գիւղաքաղաքները առաւ ու զանոնք Հաւօթ-Յայիր՝ ՝ անուանեց։
42. Եւ Նոբահ գնաց ու Կանաթը ու անոր գիւղերը առաւ եւ զանիկա իր անունովը Նոբահ կոչեց։
1. Ո՛վ Տէր, ինծի հետ հակառակողներուն հետ հակառակէ՛. Ինծի հետ պատերազմողներուն հետ պատերազմէ՛։
2. Ասպարը ու վահանը ա՛ռ Ու ելի՛ր ինծի օգնութիւն ընելու։
3. Նաեւ նիզակը քաշէ՛ ու ճամբան գոցէ՛ զիս հալածողներուն դէմ. Ըսէ՛ անձիս. «Քու փրկութիւնդ ես եմ»։
4. Իմ անձս փնտռողները թող ամչնան ու խայտառակ ըլլան։ Թող ետ դառնան ու ամչնան Անոնք, որ ինծի համար չարութիւն կը խորհին։
5. Հովին առջեւ եղած մղեղին պէս թող ըլլան անոնք Եւ Տէրոջը հրեշտակը փախցնէ զանոնք ։
6. Անոնց ճամբան թող խաւար ու սահուն ըլլայ Եւ Տէրոջը հրեշտակը թող հալածէ զանոնք։
7. Վասն զի զո՜ւր տեղը իրենց որոգայթը փոսի մէջ ինծի համար ծածկեցին Ու զո՜ւր տեղը փոս փորեցին անձիս համար։
8. Թող անոր վրայ յանկարծ աւերում գայ Եւ իր ծածկած որոգայթը զինք բռնէ, Նոյն աւերման մէջ իյնայ։
1. Խրատ սիրողը գիտութիւն կը սիրէ, Բայց յանդիմանութիւն ատողը անմիտ է։
55. Քահանայապետներն ու բոլոր ժողովը Յիսուսին դէմ վկայութիւն կը փնտռէին, որպէս զի զանիկա մեռցնեն եւ չէին գտներ.
56. Վասն զի շատեր սուտ վկայութիւն կ’ընէին անոր դէմ, բայց վկայութիւնները իրարու համաձայն չէին։
57. Ոմանք ելան սուտ վկայութիւն կ’ընէին անոր դէմ ու կ’ըսէին.
58. «Մենք լսեցինք ատկէ, որ կ’ըսէր, ‘Ես այդ ձեռագործ տաճարը պիտի քակեմ եւ երեք օրուան մէջ ուրիշ մը պիտի շինեմ առանց ձեռագործի’»։
59. Բայց այնպէս ալ իրենց վկայութիւնը համաձայն չէր։
60. Եւ քահանայապետը մէջտեղը ոտքի ելլելով՝ հարցուց Յիսուսին ու ըսաւ. «Պատասխան մը չե՞ս տար. ի՞նչ կը վկայեն ասոնք քեզի դէմ»։
61. Բայց ան լուռ կը կենար եւ պատասխան մը չէր տար։ Քահանայապետը նորէն կը հարցնէր անոր ու կ’ըսէր. «Դո՞ւն ես Քրիստոսը, օրհնեալ Աստուծոյ Որդին»։
62. Յիսուս ըսաւ. «Ես եմ. ու պիտի տեսնէք Որդին մարդոյ Զօրութեան աջ կողմը նստած ու երկնքի ամպերովը եկած»։
63. Քահանայապետը իր հանդերձները պատռեց ու ըսաւ. «Ալ ի՞նչ պէտք են մեզի վկաներ։
64. Ատոր հայհոյութիւնը լսեցիք. ձեզի ի՞նչպէս կ’երեւնայ»։ Ամէնքը դատապարտեցին զանիկա՝ թէ մահապարտ է։
65. Ոմանք սկսան թքնել ու անոր երեսը ծածկել եւ բռունցքով ծեծել ու ըսել. «Մարգարէացի՛ր»։ Սպասաւորները ապտակ կը զարնէին անոր։
66. Պետրոս վարը գաւիթն էր։ Քահանայապետին աղախիններէն մէկը եկաւ
67. Ու տեսնելով Պետրոսը որ կը տաքնար՝ նայեցաւ անոր ու ըսաւ. «Դո՛ւն ալ Յիսուս Նազովրեցիին հետ էիր»։
68. Բայց անիկա ուրացաւ ու ըսաւ. «Չեմ գիտեր եւ չեմ հասկնար թէ դուն ի՞նչ կը խօսիս»։ Երբ դուրս ելաւ գաւիթին դրանը առջեւ, հաւը խօսեցաւ։
69. Եւ աղախինը նորէն տեսաւ զանիկա ու սկսաւ շուրջը կայնողներուն ըսել. «Ա՛ս ալ անոնցմէ է»։
70. Եւ անիկա նորէն ուրացաւ։ Ու քիչ մը ետքը՝ նորէն հոն կայնողները ըսին Պետրոսին. «Արդարեւ դուն անոնցմէ ես, վասն զի Գալիլիացի ես եւ քու խօսուածքդ ալ նման է անոնց »։
71. Բայց անիկա սկսաւ անիծել ու երդում ընել՝ ըսելով. «Ես այն մարդը չեմ ճանչնար, որուն համար դուք կ’ըսէք»։
72. Իսկոյն երկրորդ անգամ հաւը խօսեցաւ։ Պետրոս միտքը բերաւ այն խօսքը, որ Յիսուս իրեն ըսեր էր. «Դեռ հաւը երկու անգամ չխօսած՝ դուն երեք անգամ պիտի ուրանաս զիս»։ Ու սկսաւ լալ։
Armenian Western Bible 1853
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ Bible Society in Lebanon, 1981