Աստվածաշունչը մեկ տարում Մարտ 2Թվերը 1:1-541. Տէրը Մովսէսին խօսեցաւ Սինայի անապատը վկայութեան խորանին մէջ՝ անոնց Եգիպտոսի երկրէն ելլելուն երկրորդ տարուան երկրորդ ամսուան առաջին օրը ՝ ըսելով.2. «Առէ՛ք Իսրայէլի որդիներուն բոլոր ժողովուրդին գումարը իրենց ազգատոհմերուն ու իրենց հայրերուն տուներուն համեմատ՝ ամէն մէկ արուն առանձինն համրելով ։3. Դուն ու Ահարոն բոլոր Իսրայէլի մէջ քսան տարեկանէն վեր պատերազմելու կարող եղողները՝ ՝ իրենց գունդերուն համեմատ պիտի համրէք։4. Եւ ձեզի հետ ամէն ցեղէն մէկմէկ մարդ առէք, որ անոնց ամէն մէկը իր հօրը տանը իշխանը ըլլայ։5. Եւ ձեզի հետ կենալու մարդոց անունները ասոնք են՝6. Ռուբէնէն Սեդիուրի որդին Եղիսուրը, Շմաւոնէն Սուրիսադայի որդին Սաղամիէլը,7. Յուդայէն Ամինադաբի որդին Նաասոնը,8. Իսաքարէն Սովգարի որդին Նաթանայէլը,9. Զաբուղոնէն Քեղոնի որդին Եղիաբը,10. Յովսէփին որդիներէն՝ Եփրեմէն Ամիուդի որդին Եղիսաման, Մանասէէն Փադասուրի որդին Գամաղիէլը,11. Բենիամինէն Գեդէօնի որդին Աբիդան,12. Դանէն Ամիսադայի որդին Աքիեզերը,13. Ասերէն Եքրանի որդին Փաքիէլը,14. Գադէն Դագուէլի որդին Եղիասափը,15. Նեփթաղիմէն Ենանի որդին Աքիրէն»։16. Ասոնք էին ժողովուրդին երեւելիները, իրենց հայրերուն սերունդէն իշխանները, Իսրայէլի հազարապետները։17. Մովսէս ու Ահարոն՝ իրենց անուններովը՝ յիշուած մարդիկը առին18. Եւ երկրորդ ամսուան առաջին օրը բոլոր ժողովուրդը հաւաքեցին, իրենց տոհմերուն ու իրենց հայրերուն տուներուն համեմատ՝ քսան տարեկանէն վեր ամէնքը մէկ մէկ համրուելով իրենց անուններուն թիւովը արձանագրուեցան։19. Ինչպէս Տէրը Մովսէսին պատուիրեց։ Անիկա Սինայի անապատին մէջ այնպէս համրեց զանոնք։20. Իսրայէլի անդրանիկ որդիին Ռուբէնին որդիները իրենց սերունդովը, իրենց տոհմերուն ու իրենց հայրերուն տուներուն համեմատ, քսան տարեկանէն վեր բոլոր պատերազմելու կարող եղողները, բոլոր արուները, իրենց անուններուն թիւովը։21. Ռուբէնին ցեղէն համրուածները քառասունըվեց հազար հինգ հարիւր հոգի էին։22. Շմաւոնին որդիները՝ իրենց սերունդովը, իրենց տոհմերուն ու իրենց հայրերուն տուներուն համեմատ՝ քսան տարեկանէն վեր բոլոր պատերազմելու կարող եղողները, բոլոր արուները, իրենց անուններուն թիւովը։23. Շմաւոնին ցեղէն համրուածները յիսունըինը հազար երեք հարիւր հոգի էին։24. Գադին որդիները իրենց սերունդովը, իրենց տոհմերուն ու իրենց հայրերուն տուներուն համեմատ, քսան տարեկանէն վեր բոլոր պատերազմելու կարող եղողները, իրենց անուններուն թիւովը։25. Գադին ցեղէն համրուածները քառասունըհինգ հազար վեց հարիւր յիսուն հոգի էին։26. Յուդային որդիները իրենց սերունդովը, իրենց տոհմերուն ու իրենց հայրերուն տուներուն համեմատ, քսան տարեկանէն վեր բոլոր պատերազմելու կարող եղողները, իրենց անուններուն թիւովը։27. Յուդային ցեղէն համրուածները եօթանասունըչորս հազար վեց հարիւր հոգի էին։28. Իսաքարին որդիները իրենց սերունդովը, իրենց տոհմերուն ու իրենց հայրերուն տուներուն համեմատ, քսան տարեկանէն վեր բոլոր պատերազմելու կարող եղողները, իրենց անուններուն թիւովը։29. Իսաքարին ցեղէն համրուածները յիսունըչորս հազար չորս հարիւր հոգի էին։30. Զաբուղոնին որդիները իրենց սերունդովը, իրենց տոհմերուն ու իրենց հայրերուն տուներուն համեմատ, քսան տարեկանէն վեր բոլոր պատերազմելու կարող եղողները, իրենց անուններուն թիւովը։31. Զաբուղոնին ցեղէն համրուածները յիսունըեօթը հազար չորս հարիւր հոգի էին։32. Յովսէփին որդիներէն Եփրեմին որդիները իրենց սերունդովը, իրենց տոհմերուն ու իրենց հայրերուն տուներուն համեմատ, քսան տարեկանէն վեր բոլոր պատերազմելու կարող եղողները, իրենց անուններուն թիւովը։33. Եփրեմին ցեղէն համրուածները քառասուն հազար հինգ հարիւր հոգի էին։34. Մանասէին որդիները իրենց սերունդովը, իրենց տոհմերուն ու իրենց հայրերուն տուներուն համեմատ, քսան տարեկանէն վեր բոլոր պատերազմելու կարող եղողները, իրենց անուններուն թիւովը։35. Մանասէին ցեղէն համրուածները երեսունըերկու հազար երկու հարիւր հոգի էին։36. Բենիամինին որդիները իրենց սերունդովը, իրենց տոհմերուն ու իրենց հայրերուն տուներուն համեմատ, քսան տարեկանէն վեր բոլոր պատերազմելու կարող եղողները, իրենց անուններուն թիւովը։37. Բենիամինին ցեղէն համրուածները երեսունըհինգ հազար չորս հարիւր հոգի էին։38. Դանին որդիները իրենց սերունդովը, իրենց տոհմերուն ու իրենց հայրերուն տուներուն համեմատ, քսան տարեկանէն վեր բոլոր պատերազմելու կարող եղողները իրենց անուններուն թիւովը39. Դանին ցեղէն համրուածները վաթսունըերկու հազար եօթը հարիւր հոգի էին։40. Ասերին որդիները իրենց սերունդովը, իրենց տոհմերուն ու իրենց հայրերուն տուներուն համեմատ, քսան տարեկանէն վեր բոլոր պատերազմելու կարող եղողները, իրենց անուններուն թիւովը։41. Ասերին ցեղէն համրուածները քառասունըմէկ հազար հինգ հարիւր հոգի էին։42. Նեփթաղիմին որդիները իրենց սերունդովը, իրենց տոհմերուն ու իրենց հայրերուն տուներուն համեմատ, քսան տարեկանէն վեր բոլոր պատերազմելու կարող եղողները, իրենց անուններուն թիւովը։43. Նեփթաղիմին ցեղէն համրուածները յիսունըերեք հազար չորս հարիւր հոգի էին։44. Ասոնք են այն համրուածները, որոնք Մովսէս, Ահարոն ու Իսրայէլի իշխանները համրեցին. այս իշխանները տասներկու մարդիկ էին։ Ամէն մէկը իր հօրը տանը կողմէն։45. Այսպէս Իսրայէլի որդիները՝ ամէնքը իրենց հայրերուն տուներուն համեմատ, Իսրայէլի մէջ քսան տարեկանէն վեր բոլոր պատերազմելու կարող եղողները համրուեցան։46. Եւ բոլոր համրուածները վեց հարիւր երեք հազար հինգ հարիւր յիսուն հոգի էին։47. Բայց Ղեւտացիները իրենց հայրերուն սերունդովը ասոնց հետ չհամրուեցան։48. Քանզի Տէրը խօսեր էր Մովսէսին ըսելով.49. «Միայն Ղեւտացիներուն ցեղը պիտի չհամրես եւ Իսրայէլի որդիներուն վրայ անոնց գումարը պիտի չաւելցնես.50. Բայց դուն Ղեւտացիները վկայութեան խորանին ու անոր բոլոր բաներուն վերակացու դիր. անոնք պիտի վերցնեն խորանը ու անոր բոլոր կարասիները եւ անոր սպասաւորութիւնը անոնք պիտի ընեն ու խորանին բոլորտիքը անոնք պիտի բնակին։51. Եւ խորանին չուելու ատենը Ղեւտացիները վար պիտի առնեն զայն ու խորանին իջեւանը ընելու ատենը Ղեւտացիները պիտի կանգնեցնեն զայն եւ անոր մօտեցող օտարականը պէտք է մեռցուի։52. Եւ Իսրայէլի որդիները իրենց գունդերովը ամէն մէկը իր բանակին քով ու ամէն մէկը իր դրօշակին քով իջեւան թող ընեն։53. Բայց Ղեւտացիները վկայութեան խորանին բոլորտիքը պէտք է բանակին, որպէս զի Իսրայէլի որդիներուն ժողովուրդին վրայ բարկութիւն չգայ ու Ղեւտացիները վկայութեան խորանին պահպանութիւնը ընեն»։54. Եւ Իսրայէլի որդիները Տէրոջը Մովսէսին բոլոր պատուիրածները ըրին։ Այնպէս ըրին։Թվերը 2:1-341. Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին ու Ահարոնին՝ ըսելով.2. «Իսրայէլի որդիներուն ամէն մէկը իր դրօշակին քով իրենց հայրերուն տանը նշանովը իջեւան պիտի ընեն. վկայութեան խորանին դէմ շուրջանակի։3. Առջեւի կողմը՝ դէպի արեւելք իջեւան ընողները Յուդային բանակին զօրքերը թող ըլլան՝ ՝ իրենց գունդերուն կարգովը եւ Ամինադաբի որդին Նաասոնը Յուդային որդիներուն իշխան պիտի ըլլայ։4. (Եւ անոր համրուած զօրքը եօթանասունըչորս հազար վեց հարիւր հոգի էին։)5. Եւ անոր քով իջեւան ընողները Իսաքարին ցեղը պիտի ըլլայ եւ Սովգարի որդին Նաթանայէլը Իսաքարի որդիներուն իշխան պիտի ըլլայ։6. (Եւ անոր համրուած զօրքը յիսունըչորս հազար չորս հարիւր հոգի էին։)7. Ետքը Զաբուղոնին ցեղը եւ Քեղոնի որդին Եղիաբը Զաբուղոնի որդիներուն իշխան պիտի ըլլայ։8. (Եւ անոր համրուած զօրքը յիսունըեօթը հազար չորս հարիւր հոգի էին։)9. (Յուդային բանակին մէջ բոլոր համրուածները, իրենց գունդերուն համեմատ, հարիւր ութսունըվեց հազար չորս հարիւր հոգի էին։) Ասոնք առջեւէն պիտի չուեն։10. Հարաւային կողմը Ռուբէնին բանակին դրօշակը պիտի ըլլայ իրենց գունդերուն կարգովը եւ Ռուբէնին որդիներուն իշխան՝ Սեդիուրի որդին Եղիսուրը պիտի ըլլայ։11. (Եւ անոր համրուած զօրքը քառասունըվեց հազար հինգ հարիւր հոգի էին։)12. Եւ անոր քով իջեւան ընողները Շմաւոնին ցեղը պիտի ըլլայ ու Շմաւոնին որդիներուն իշխան՝ Սուրիսադայի որդին Սաղամիէլը պիտի ըլլայ։13. (Եւ անոր համրուած զօրքը յիսունըինը հազար երեք հարիւր հոգի էին։)14. Ու ետքը Գադին ցեղը եւ Գադի որդիներուն իշխան՝ Դագուէլի որդին Եղիսափանը պիտի ըլլայ։15. (Անոր համրուած զօրքը քառասունըհինգ հազար վեց հարիւր յիսուն հոգի էին։)16. (Ռուբէնին բանակին մէջ բոլոր համրուածները, իրենց գունդերուն համեմատ, հարիւր յիսունըմէկ հազար չորս հարիւր յիսուն հոգի էին։) Եւ երկրորդ ասոնք պիտի չուեն։17. Ետքը Ղեւտացիներու բանակին հետ բանակներուն մէջտեղը վկայութեան խորանը պիտի չուէ. ամէն մարդ իր տեղը իրենց դրօշակներուն քով ինչպէս իջեւան ըրին, այնպէս պիտի չուեն։18. Արեւմտեան կողմը Եփրեմին բանակին դրօշակը պիտի ըլլայ իրենց գունդերուն կարգովը ու Եփրեմի որդիներուն իշխան՝ Ամիուդի որդին Եղիսաման պիտի ըլլայ։19. (Եւ անոր համրուած զօրքը քառասուն հազար հինգ հարիւր հոգի էին։)20. Եւ անոր քով Մանասէին ցեղը ու Մանասէին որդիներուն իշխան՝ Փադասուրի իշխան Գամաղիէլը պիտի ըլլայ։21. (Եւ անոր համրուած զօրքը երեսունըերկու հազար երկու հարիւր հոգի էին։)22. Ու ետքը Բենիամինին ցեղը եւ Բենիամինին որդիներուն իշխան՝ Գեդէօնին որդին Աբիդանը պիտի ըլլայ։23. (Եւ անոր համրուած զօրքը երեսունըհինգ հազար չորս հարիւր հոգի էին։)24. (Եփրեմին բանակին մէջ բոլոր համրուածները, իրենց գունդերուն համեմատ հարիւր ութը հազար հարիւր հոգի էին։) Եւ երրորդ ասոնք պիտի չուեն։25. Հիւսիսային կողմը Դանին բանակին դրօշակը պիտի ըլլայ իրենց գունդերուն կարգովը եւ Դանի որդիներուն իշխան՝ Ամիսադայի որդին Աքիեզերը պիտի ըլլայ։26. (Եւ անոր համրուած զօրքը վաթսունըերկու հազար եօթը հարիւր հոգի էին։)27. Եւ անոր քով իջեւան ընողները Ասերին ցեղը պիտի ըլլայ ու Ասերի որդիներուն իշխան՝ Եքրանի որդին Փագիէլը պիտի ըլլայ։28. (Եւ անոր համրուած զօրքը քառասունըմէկ հազար հինգ հարիւր հոգի էին։)29. Ու ետքը Նեփթաղիմին ցեղը ու Նեփթաղիմի որդիներուն իշխան՝ Ենանի որդին Աքիրէն պիտի ըլլայ։30. (Եւ անոր համրուած զօրքը յիսունըերեք հազար չորս հարիւր հոգի էին։)31. (Դանին բանակին մէջ բոլոր համրուածները հարիւր յիսունըեօթը հազար վեց հարիւր հոգի էին։) Ասոնք իրենց դրօշակներովը ամենէն վերջը պիտի չուեն»։32. Իսրայէլի որդիները՝ իրենց հայրերուն տուներովը համրուածները՝ ասոնք են։ Բանակներուն մէջ բոլոր համրուածները իրենց գունդերուն կարգովը վեց հարիւր երեք հազար հինգ հարիւր յիսուն հոգի էին։33. Բայց Ղեւտացիները չհամրուեցան Իսրայէլի որդիներուն հետ, ինչպէս Տէրը Մովսէսին պատուիրեր էր։34. Եւ Իսրայէլի որդիները Տէրոջը Մովսէսին բոլոր պատուիրածին պէս ըրին։ Այսպէս իրենց դրօշակներովը իջեւան կ’ընէին ու այսպէս անոնք ամէն մէկը իրենց տոհմերուն կարգովը եւ իրենց հայրերուն տուներովը կը չուէին։Սաղմոսներ 29:7-117. Տէրոջը ձայնը կրակին բոցերը կը ճեղքէ։8. Տէրոջը ձայնը կը դողացնէ անապատը։ Տէրը Կադէսի անապատը կը դողացնէ։9. Տէրոջը ձայնը եղնիկները կը ծնցնէ Ու անտառները կը մերկացնէ. Անոր տաճարին մէջ ամէնքն ալ անոր փառքը կը հռչակեն։10. Տէրը ջրհեղեղին վրայ կը նստի, Տէրը յաւիտեան թագաւոր պիտի ըլլայ։11. Տէրը իր ժողովուրդին զօրութիւն պիտի տայ, Տէրը իր ժողովուրդը խաղաղութիւնով պիտի օրհնէ։Առակներ 10:26-2926. Ինչպէս քացախը՝ ակռաներուն եւ ծուխը՝ աչքերուն, Ծոյլն ալ զինք ղրկողներուն այնպէս է։27. Տէրոջը վախը օրեր կ’աւելցնէ, Բայց ամբարիշտներուն տարիները պիտի կարճնան։28. Արդարներուն յոյսը ուրախութիւն է, Բայց ամբարիշտներուն ակնկալութիւնը պիտի կորսուի։29. Տէրոջը ճամբան արդարին զօրութիւն է, Բայց անօրէնութիւն գործողներուն կործանում է։նշագծել 7:14-3714. Բոլոր ժողովուրդը իրեն կանչելով՝ ըսաւ անոնց. «Լսեցէք ինծի ամէնքդ ու հասկցէք։15. Բան մը չկայ որ դուրսէն մարդուն ներսը մտնէ ու կարող ըլլայ զանիկա պղծել, հապա այն բաները, որ անկէ կ’ելլեն, անոնք են որ մարդը կը պղծեն։16. Ով որ լսելու կանջ ունի՝ թող լսէ»։17. Երբ ինք այն բազմութենէն զատուելով տուն մտաւ, իր աշակերտները հարցուցին իրեն այն առակին համար։18. Ըսաւ անոնց. «Դո՞ւք ալ այդպէս անմիտ էք. չէ՞ք հասկնար թէ ամէն ինչ որ դուրսէն մարդուն ներսիդին կը մտնէ, չի կրնար զանիկա պղծել.19. Վասն զի ոչ թէ անոր սրտին մէջ կը մտնէ, հապա փորը եւ արտաքնոցը կ’ելլէ (ուստի բոլոր ուտելիքները մաքուր են)»։20. Եւ շարունակեց. «Ինչ որ կ՛ելլէ մարդուն ներսէն, անիկա կը պղծէ մարդը։21. Վասն զի ներսէն, մարդոց սրտէն, կ’ելլեն չար խորհուրդներ, շնութիւններ, պոռնկութիւններ, սպաննութիւններ,22. Գողութիւններ, ագահութիւններ, չարութիւններ, նենգութիւն, գիջութիւն, չար աչք, հայհոյութիւն, ամբարտաւանութիւն, անզգամութիւն։23. Այս բոլոր չար բաները ներսէն կ’ելլեն ու կը պղծեն մարդը»։24. Անկէ ելլելով Տիւրոսի ու Սիդոնի սահմանները գնաց։ Տուն մը մտնելով չէր ուզեր որ մէկուն յայտնուի, բայց չկրցաւ ծածկուիլ։25. Ահա կին մը, որուն աղջիկը պիղծ ոգի ունէր իր ներսիդին, լսեց անոր գալը, եկաւ, անոր ոտքը ինկաւ։26. Այն կինը հեթանոս էր, ազգով Փիւնիկ Ասորի ու կ’աղաչէր անոր՝ որ դեւը իր աղջիկէն հանէ։27. Յիսուս ըսաւ անոր. «Թող տուր որ առաջ տղաքը կշտանան, քանզի աղէկ չէ տղոցը հացը առնել ու շուներուն ձգել»։28. Անիկա պատասխան տուաւ ու ըսաւ անոր. «Այո՛, Տէ՛ր, վասն զի շուներն ալ՝ սեղանին տակ տղոցը փշրանքներէն կը կերակրուին»։29. Յիսուս ըսաւ անոր. «Այդ խօսքիդ համար գնա՛, քու աղջիկէդ դեւը ելաւ»։30. Կինը իր տունը երթալով, գտաւ որ դեւը ելած էր ու աղջիկը անկողնին վրայ պառկած էր։31. Նորէն Տիւրոսի ու Սիդոնի սահմաններէն ելլելով, գնաց Գալիլիայի ծովեզերքը, Դեկապոլիսի սահմաններուն մէջէն։32. Մէկը բերին անոր առջեւ, խուլ ու դժուարախօս ու կ’աղաչէին որ անոր վրայ ձեռք դնէ։33. Ժողովուրդէն մէկդի առնելով զանիկա, իր մատները անոր ականջներուն մէջ խոթեց ու թքաւ, եւ անոր լեզուին դպաւ,34. Ապա երկինք նայելով՝ հառաչեց ու ըսաւ անոր. «Եփփաթա», (որ ըսել է Բացուէ՛.)35. Եւ իսկոյն անոր ականջները բացուեցան ու անոր լեզուին կապը քակուեցաւ եւ շիտակ կը խօսէր։36. Յիսուս անոնց պատուիրեց որ մարդո՛ւ չըսեն։ Թէեւ ինք կը պատուիրէր անոնց, բայց անոնք ա՛լ աւելի կը տարածէին37. Ու չափէ դուրս կը զարմանային ու կ’ըսէին. «Ամէն բաները աղէկ ըրաւ ասիկա, որ խուլերուն լսել կու տայ եւ համրերուն՝ խօսիլ»։ Armenian Western Bible 1853 Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981