Աստվածաշունչը մեկ տարում
Մարտ 20

1. Ասոնք են այն խօսքերը, որոնք Մովսէս բոլոր Իսրայէլին խօսեցաւ Յորդանանի ասդիի կողմը անապատին մէջ, որ Սուփի առջեւի դաշտը՝ Փառանի, Տոփէլի, Ղոբանի, Ասերովթի ու Տիզահապի մէջտեղն է։
2. (Քորեբէն մինչեւ Կադէս-Բառնեայ տասնըմէկ օր է՝ Սէիր լերան ճամբով։)
3. Արդ՝ քառասուներորդ տարին տասնըմէկերորդ ամսուան առաջին օրը ՝ Մովսէս Իսրայէլի որդիներուն յայտնեց ինչ որ Տէրը իրեն պատուիրեր էր անոնց համար։
4. Եսեբոնի մէջ բնակող Ամօրհացիներուն Սեհոն թագաւորը եւ Աստարովթին ու Եդրայիին մէջ բնակող Բասանին Ովգ թագաւորը զարնելէն ետքը,
5. Յորդանանի ասդիի կողմը Մովաբի երկրին մէջ Մովսէս սկսաւ այս օրէնքը յայտնել՝ ըսելով.
6. «Մեր Տէր Աստուածը Քորեբի վրայ մեզի խօսեցաւ ու ըսաւ. ‘Այս լեռը կենալնիդ հերիք է։
7. Ելէ՛ք, չուեցէ՛ք ու գացէ՛ք Ամօրհացիներուն լեռը եւ անոր բոլոր շրջակայ տեղերը, դաշտերը, լեռներն ու հովիտները եւ հարաւային կողմն ու ծովեզերքը, Քանանացիներուն երկիրը ու Լիբանան, մինչեւ մեծ գետը՝ Եփրատ։
8. Ահա այն երկիրը ձեր առջեւ դրի։ Գացէ՛ք ու ժառանգեցէ՛ք այն երկիրը, որ Տէրը ձեր հայրերուն՝ Աբրահամին, Իսահակին ու Յակոբին՝ երդում ըրաւ որ տայ անոնց ու անոնցմէ ետքը անոնց զաւակներուն’։
9. Այն ատեն ես ձեզի խօսեցայ ու ըսի. ‘Ես մինակ չեմ կրնար ձեզ տանիլ,
10. Ձեր Տէր Աստուածը ձեզ շատցուց եւ ահա դուք այսօր երկնքի աստղերուն չափ շատ էք։
11. Ձեր հայրերուն Տէր Աստուածը ձեզ հազարապատիկ աւելի շատցնէ ու ձեզի ըսածին պէս՝ ձեզ օրհնէ։
12. Ես մինակ ի՞նչպէս կրնամ ձեր նեղութիւնը, ձեր բեռն ու հակառակութիւնը կրել։
13. Դուք ձեր ցեղերէն իմաստուն ու հանճարեղ եւ անուանի մարդիկ տուէք ու ես զանոնք ձեր վրայ իշխան կարգեմ’։
14. Իսկ դուք ինծի պատասխան տուիք ու ըսիք. ‘Այդ ըսած խօսքդ ընելը աղէկ է’։
15. Ուստի ես ձեր ցեղերուն երեւելիները, իմաստուն ու անուանի մարդիկը առի եւ զանոնք ձեր վրայ իշխան կարգեցի, այսինքն ձեր ցեղերուն մէջ հազարապետներ, հարիւրապետներ, յիսնապետներ, տասնապետներ ու ոստիկաններ։
16. Եւ ձեր դատաւորներուն պատուիրեցի՝ ըսելով. ‘Ձեր եղբայրներուն խնդիրները լսեցէք ու ամէն մարդու դատը՝ թէ՛ իր եղբօրը հետ եւ թէ՛ օտարականի հետ՝ արդարութեամբ դատեցէք։
17. Դատաստանի մէջ աչառութիւն մի՛ ընէք, պզտիկին մեծի պէս ըրէք, ոեւէ մարդու երեսէ մի՛ քաշուիք. քանզի դատաստանը Աստուծոյ է ու ձեզի դժուար երեւցած դատը ինծի ներկայացուցէք, որպէս զի զանիկա մտիկ ընեմ’»։
18. Այն ատեն ձեր բոլոր ընելիքները ձեզի պատուիրեցի։
19. Ետքը Քորեբէն չուեցինք ու ինչպէս մեր Տէր Աստուածը մեզի պատուիրեր էր, Ամօրհացիներուն լերանը ճամբով՝ այն ձեր տեսած բոլոր մեծ ու ահագին անապատէն անցանք ու մինչեւ Կադէս-Բառնեայ եկանք։
20. Ձեզի ըսի. ‘Դուք Ամօրհացիներուն լեռը եկաք, որ մեր Տէր Աստուածը մեզի պիտի տայ։
21. Նայէ՛, քու Տէր Աստուածդ երկիրը քեզի տուաւ. ուրեմն ելի՛ր, ժառանգէ՛ զանիկա, ինչպէս քու հայրերուդ Տէր Աստուածը քեզի ըսաւ. մի՛ վախնար ու մի՛ զարհուրի՛ր։
22. Դուք ամէնքդ իմ քովս եկաք ու ինծի ըսիք. ‘Մեզմէ առաջ մարդիկ ղրկենք, որպէս զի երկիրը լրտեսեն ու գան պատմեն թէ ի՞նչ ճամբով պէտք է ելլենք ու ո՞ր քաղաքները պիտի մտնենք’։
23. Այս խօսքը ինծի հաճելի թուելով, ձեզմէ տասներկու մարդ առի, ամէն մէկ ցեղէն մէկ մարդ։
24. Անոնք գացին, լեռը ելան ու մինչեւ Եսքողի ձորը հասան։ Այն երկիրը լրտեսեցին։
25. Այն երկրին պտուղէն ձեռքերնին առնելով մեզի բերին ու մեզի պատմեցին՝ ըսելով. ‘Աղէկ է այն երկիրը, որ մեր Տէր Աստուածը մեզի կու տայ’։
26. Բայց դուք չուզեցիք ելլել ու ձեր Տէր Աստուծոյն հրամանին դէմ դրիք։
27. Ձեր վրաններուն մէջ տրտնջելով ըսիք. «Տէրը մեզ ատելուն համար Եգիպտոսի երկրէն մեզ դուրս հանեց, որպէս զի մեզ Ամօրհացիներուն ձեռքը մատնէ ու մեզ կորսնցնէ։
1. «Այն ատեն ետ դարձանք ու Կարմիր ծովուն ճամբայէն դէպի անապատը չուեցինք, ինչպէս Տէրը ինծի ըսեր էր ու շատ օրեր Սէիր լերանը բոլորտիքը պտըտեցանք։
2. Տէրը ինծի խօսեցաւ ու ըսաւ.
3. ‘Ալ հերիք է այդ լերանը բոլորտիքը պտըտիք. հիւսիսային կողմը դարձէք։
4. Ժողովուրդին պատուիրէ՛ ու ըսէ՛. Դուք հիմա Սէիր բնակող ձեր եղբայրներուն՝ Եսաւի որդիներուն՝ սահմանէն պիտի անցնիք։ Անոնք ձեզմէ պիտի վախնան, բայց դուք մեծապէս զգուշացէք.
5. Անոնց հետ մի՛ կռուիք. քանզի ես ձեզի անոնց երկրէն մէկ ոտնաքայլ տեղ ալ պիտի չտամ, որովհետեւ Սէիր լեռը Եսաւին ժառանգութիւն տուեր եմ։
6. Կերակուրը ստակով ծախու առէք անոնցմէ եւ կերէք եւ ջուրն ալ ստակով ծախու առէք անոնցմէ ու խմեցէք.
7. Քանզի քու Տէր Աստուածդ քու ձեռքիդ բոլոր գործերուն մէջ օրհնեց քեզ. անիկա գիտէ թէ դուն այս մեծ անապատին մէջ կը պտըտիս. քու Տէր Աստուածդ այս քառասուն տարին քեզի հետ էր ու բանի մը պակասութիւն չքաշեցիր’։
8. Ուստի մենք մեր եղբայրներուն, Եսաւի որդիներուն քովէն, որոնք Սէիր կը բնակէին, Ելաթէն ու Գասիոն-Գաբերէն անցանք ու անկէ դառնալով Մովաբի անապատին ճամբայէն անցանք։
9. Տէրը ինծի ըսաւ. ‘Մովաբացիներուն թշնամութիւն մի՛ ըներ ու անոնց հետ պատերազմ մի՛ ըներ. քանզի անոնց երկրէն քեզի ժառանգութիւն պիտի չտամ, որովհետեւ Արը Ղովտի որդիներուն ժառանգութիւն տուի’։
10. (Այն տեղը առաջ Էմիմները կը բնակէին, որոնք մեծ ու շատուոր ու Ենակիմներուն պէս երկայնահասակ ազգ մըն էին.
11. Անոնք ալ Ենակիմներուն պէս հսկաներ կը սեպուէին ու Մովաբացիները զանոնք Էմիմ կը կոչէին։
12. Սէիրի մէջ առաջ Քոռեցիները կը բնակէին, բայց Եսաւի որդիները զանոնք վռնտելով ու իրենց առջեւէն զանոնք ջարդելով՝ անոնց տեղը բնակեցան, ինչպէս Իսրայէլացիները ըրին իրենց ժառանգութեանը երկրին, որ Տէրը անոնց տուաւ։)
13. ‘Հիմա ելէ՛ք Զարեդ ձորէն անցէք’ Ու մենք Զարեդ ձորէն անցանք։
14. Մեր պտըտած օրերը, Կադէս-Բառնեայէն ելլելէն մինչեւ Զարեդ ձորէն անցնիլը, երեսունըութը տարի եղաւ. մինչեւ որ բանակին մէջէն պատերազմող մարդոց ամբողջ սերունդը հատաւ, ինչպէս Տէրը անոնց երդում ըրեր էր։
15. Եւ զանոնք բանակին մէջէն բնաջինջ ընելու համար՝ Տէրոջը ձեռքն ալ անոնց վրայ էր, մինչեւ որ անոնք հատան։
16. Երբ բոլոր պատերազմող մարդիկը ժողովուրդին մէջէն հատան,
17. Տէրը ինծի խօսեցաւ՝ ըսելով.
18. ‘Դուն այսօր Մովաբի սահմանը եղած Արէն անցիր
19. Ու Ամմոնի որդիներուն սահմանին մօտեցիր։ Անոնց թշնամութիւն մի՛ ըներ եւ անոնց հետ մի՛ կռուիր. քանզի Ամմոնի որդիներուն երկրէն քեզի ժառանգութիւն պիտի չտամ, որովհետեւ զանիկա Ղովտին որդիներուն ժառանգութիւն տուի։
20. (Այն ալ հսկաներու երկիր կը սեպուէր։ Առաջ այն տեղը հսկաներ կը բնակէին ու Ամմոնացիները զանոնք Զամզումիմ կը կոչէին.
21. Որոնք Ենակիմներուն պէս մեծ ու շատուոր եւ երկայնահասակ ազգ մըն էին, բայց Տէրը զանոնք բնաջինջ ըրաւ անոնց առջեւէն, որոնք վռնտեցին զանոնք եւ անոնց տեղը բնակեցան.
22. Ինչպէս Սէիր բնակող Եսաւին որդիներուն համար ալ ըրաւ, երբ Քոռեցիները բնաջինջ ըրաւ անոնց առջեւէն եւ զանոնք վռնտեցին ու անոնց տեղը բնակեցան մինչեւ այսօր։
23. Աւացիները, որոնք մինչեւ Գազա գիւղաքաղաքներու մէջ կը բնակէին, զանոնք ալ Կափթորէն ելլող Կափթորացիները ջարդեցին ու անոնց տեղը բնակեցան։)
24. ‘Ելէ՛ք, չուեցէ՛ք ու Առնոն ձորէն անցէ՛ք։ Ահա Եսեբոնի թագաւորը, Ամօրհացի Սեհոնը ու անոր երկիրը քու ձեռքդ տուի. սկսէ՛ զանիկա ժառանգել ու անոր հետ պատերազմէ՛։
25. Այսօր քու անունիդ վախն ու սոսկումը բոլոր երկնքի տակ եղող ազգերուն վրայ պիտի դնեմ, այնպէս որ քու համբաւդ լսողները քու երեսէդ պիտի դողան ու տագնապին’։
26. Այն ատեն Կադեմօթի անապատէն Եսեբոնի Սեհոն թագաւորին խաղաղութեան խօսքերով դեսպաններ ղրկեցի՝ ըսելով.
27. ‘Անցնիմ քու երկրէդ. մեծ ճամբայէն պիտի երթամ ու աջ կամ ձախ կողմը պիտի չխոտորիմ։
28. Կերակուրը ինծի ստակով ծախէ, որ ուտեմ ու ջուրն ալ ստակով տուր, որ խմեմ. միայն թէ քալելով անցնիմ,
29. Ինչպէս Սէիր բնակող Եսաւին որդիներն ու Ար բնակող Մովաբացիները ինծի ըրին, մինչեւ որ ես Յորդանանէն անցնիմ դէպի այն երկիրը, որ մեր Տէր Աստուածը մեզի պիտի տայ’։
30. Բայց Եսեբոնի Սեհոն թագաւորը չուզեց, որ մենք անկէ անցնինք. վասն զի քու Տէր Աստուածդ անոր հոգին խստացուցեր էր ու սիրտը կարծրացուցեր էր, որպէս զի զանիկա քու ձեռքդ տայ, ինչպէս այսօր կը տեսնես ։
31. Տէրը ինծի ըսաւ. ‘Ահա Սեհոնն ու անոր երկիրը քու ձեռքդ տուի, անոր տիրէ՛, որպէս զի անոր երկիրը ժառանգես’։
32. Ուստի Սեհոն ինք իր բոլոր ժողովուրդովը Յասսայի մէջ մեր դէմ ելաւ, որպէս զի մեզի հետ պատերազմի։
33. Մեր Տէր Աստուածը զանիկա մեր ձեռքը մատնեց ու մենք զանիկա եւ անոր որդիներն ու անոր բոլոր ժողովուրդը զարկինք։
34. Նոյն ատեն անոր բոլոր քաղաքները առինք ու անոր բոլոր քաղաքներուն մէջ եղած այր մարդիկը, կիներն ու տղաքները կորսնցուցինք։ Անոնցմէ մէ՛կ հոգի ողջ չթողուցինք։
35. Միայն անասուններն ու առնուած քաղաքներուն աւարները մեզի առինք։
36. Առնոն ձորին եզերքը եղած Արոէրէն ու ձորին մէջ եղած քաղաքէն մինչեւ Գաղաադ բնաւ մեզի դէմ դնող քաղաք մը չեղաւ։ Մեր Տէր Աստուածը ամէնքն ալ մեր ձեռքը մատնեց։
37. Միայն Ամմոնի որդիներուն երկրին ու բոլոր Յաբոկ ձորին կողմերուն եւ լեռնային քաղաքներուն ու մեր Տէր Աստուծոյն բոլոր մեզի արգիլած տեղերուն չմօտեցար»։
1. Ամբարշտին չարութեանը վրայով սրտիս մէջի խօսքը այս է. Աստուծոյ վախը չկայ իր աչքերուն առջեւ։
2. Վասն զի ինքզինք կը շողոքորթէ իր աչքերուն առջեւ՝ Խորհելով թէ իր անօրէնութիւնը յայտնի եւ ատելի չըլլար։
3. Անոր բերնին խօսքերը անօրէնութիւն ու նենգութիւն են. Իմաստութիւն չունի բարին ընելու համար։
4. Իր անկողնին մէջ անօրէնութեան վրայ կը մտածէ Ու կը կենայ այնպիսի ճամբու մը մէջ, որ աղէկ չէ Եւ չարէն չի զզուիր։
5. Ո՛վ Տէր, քու ողորմութիւնդ մինչեւ երկինք կը հասնի Ու քու ճշմարտութիւնդ՝ մինչեւ ամպերը։
6. Քու արդարութիւնդ հզօր լեռներու պէս է, Քու իրաւունքդ մեծ անդունդ մըն է. Մարդիկն ու անասունները դուն կ’ապրեցնես, ո՛վ Տէր։
4. Առաքինի կինը իր էրկանը պսակ է, Բայց նախատինք բերողը անոր ոսկորներուն փտտութեանը պէս է։
5. Արդարներուն մտածումները իրաւունք են, Բայց ամբարիշտներուն խորհուրդները՝ նենգ։
6. Ամբարիշտներուն խօսքերը արիւնի համար դարան են, Բայց ուղիղներուն բերանը զիրենք կ’ազատէ։
1. Երբ շաբաթը անցաւ, Մարիամ Մագդաղենացին եւ Յակոբոսին մայրը Մարիամը եւ Սողովմէն խունկեր ծախու առին, որպէս զի երթան օծեն զանիկա։
2. Մէկշաբթի առտուն շատ կանուխ, երբ արեւը կը ծագէր, գացին գերեզմանը
3. Ու իրարու կ’ըսէին. «Քարը ո՞վ պիտի գլորէ մեզի գերեզմանին դռնէն»,
4. (Ու նայեցան տեսան որ քարը գլորուած էր,) վասն զի շատ մեծ էր։
5. Գերեզմանէն ներս մտնելով՝ երիտասարդ մը տեսան, որ աջ կողմը նստեր էր ճերմակ պատմուճան հագած ու զարհուրեցան։
6. Անիկա ըսաւ անոնց. «Մի՛ զարհուրիք, Յիսուս Նազովրեցին կը փնտռէք, որ խաչուեցաւ։ Անիկա յարութիւն առաւ, հոս չէ։ Ահա այն տեղը ուր դրին զանիկա։
7. Ուրեմն գացէ՛ք, ըսէ՛ք անոր աշակերտներուն եւ Պետրոսին, թէ ահա ձեզմէ առաջ Գալիլիա կ’երթայ. հոն պիտի տեսնէք զանիկա՝ ինչպէս ձեզի ըսաւ»։
8. Կիները դողով ու ապշութեամբ բռնուած՝ ելան ու փախան գերեզմանէն եւ մարդու բան չըսին, քանզի կը վախնային։
9. Յիսուս մէկշաբթի առտուն յարութիւն առած՝ առաջ Մարիամ Մագդաղենացիին երեւցաւ, որմէ եօթը դեւ հաներ էր։
10. Անիկա գնաց անոնց պատմեց՝ որոնք իր հետն էին, երբ սուգ կ’ընէին ու կու լային։
11. Իսկ անոնք երբ լսեցին թէ կենդանի է եւ երեւցաւ, չհաւատացին։
12. Ետքը ուրիշ կերպարանքով երեւցաւ անոնցմէ երկուքին՝ որոնք քալելով արտը կ’երթային։
13. Անոնք գացին միւսներուն պատմեցին։ Անոնք ալ չհաւատացին։
14. Վերջը տասնըմէկին երեւցաւ, երբ սեղան նստած էին ու դատապարտեց իրենց անհաւատութիւնը եւ սրտերնուն կարծրութիւնը, վասն զի որոնց՝ որ ինք երեւցաւ մեռելներէն յարութիւն առած՝ իրենք չհաւատացին։
15. Ըսաւ անոնց. «Գացէ՛ք բոլոր աշխարհ ու աւետարանը քարոզեցէք բոլոր ստեղծուածներուն։
16. Ան որ հաւատայ ու մկրտուի՝ պիտի փրկուի եւ ան որ չհաւատայ՝ պիտի դատապարտուի։
17. Անոնք որ կը հաւատան, այս նշանները անոնց հետ պիտի երթան. Իմ անունովս դեւեր պիտի հանեն, նոր լեզուներ պիտի խօսին.
18. Ձեռքերնին օձեր պիտի բռնեն եւ եթէ մահառիթ դեղ մը խմեն, իրենց պիտի չվնասէ. հիւանդներու վրայ ձեռք պիտի դնեն ու անոնք պիտի առողջանան»։
19. Արդ Տէրը անոնց հետ խօսելէն ետքը երկինք համբարձաւ ու Աստուծոյ աջ կողմը նստաւ։
20. Անոնք ելան ու ամէն տեղ կը քարոզէին եւ Տէրը անոնց գործակից էր ու խօսքը կը հաստատէր այն նշաններով, որոնք անոնց հետ կ’երթային։ Ամէն։
Armenian Western Bible 1853
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ Bible Society in Lebanon, 1981