Աստվածաշունչը մեկ տարում Մարտ 22Օրենք 5:1-331. Մովսէս բոլոր Իսրայէլի կանչեց ու անոնց ըսաւ. «Լսէ՛, ո՛վ Իսրայէլ, այս կանոններն ու դատաստանները, որոնք ես այսօր ձեր ականջներուն պիտի խօսիմ, սորվեցէ՛ք զանոնք եւ զգուշութեամբ գործադրեցէք։2. Մեր Տէր Աստուածը Քորեբի վրայ մեզի հետ ուխտ ըրաւ։3. Տէրը այս ուխտը մեր հայրերուն հետ չըրաւ, հապա մեզի հետ, որ մենք ամէնքս այսօր հոս ողջ ենք։4. Տէրը լերանը վրայ կրակի մէջէն մեզի հետ դէմ առ դէմ խօսեցաւ.5. (Ու ես այն ատեն Տէրոջը ու ձեր մէջտեղ կայնեցայ, որպէս զի Տէրոջը խօսքերը ձեզի պատմեմ. վասն զի դուք կրակէն վախնալով լեռը չելաք.) եւ ըսաւ.6. «Ես եմ Եհովան՝ քու Աստուածդ, որ քեզ Եգիպտոսի երկրէն, ծառայութեան տունէն, հանեցի։7. «Ինծմէ զատ ուրիշ աստուածներ չունենաս։8. «Դուն քեզի կուռք չշինես, ո՛չ վերը երկնքի մէջ, կամ վարը՝ երկրի վրայ, կամ երկրի տակի ջուրերուն մէջ եղած բաներուն մէկ նմանութեամբը.9. Անոնց երկրպագութիւն չընես ու զանոնք չպաշտես. վասն զի ես՝ քու Տէր Աստուածդ՝ նախանձոտ Աստուած եմ, որ կը հատուցանեմ հայրերուն անօրէնութիւնը որդիներուն, մինչեւ անոնց երրորդ ու չորրորդ ազգը, որոնք կ’ատեն զիս.10. Եւ կ’ողորմիմ անոնց մինչեւ հազար ազգը, որոնք կը սիրեն զիս ու իմ պատուիրանքներս կը պահեն։11. «Տէրոջը՝ քու Աստուծոյդ՝ անունը պարապ տեղ բերանդ չառնես. վասն զի Տէրը իր անունը պարապ տեղ բերան առնողը անմեղ պիտի չսեպէ։12. «Հանգստութեան օրը զգուշութիւն ըրէ որ սուրբ պահես, ինչպէս քու Տէր Աստուածդ քեզի պատուիրեց։13. Վեց օր պիտի աշխատիս ու բոլոր գործերդ ընես.14. Բայց եօթներորդ օրը Տէրոջը քու Աստուծոյդ հանգստութեան օրն է. այն օրը գործ մը չգործես, ո՛չ դուն, ո՛չ քու որդիդ, ո՛չ քու աղջիկդ, ո՛չ քու ծառադ ու աղախինդ, ո՛չ քու եզդ ու էշդ, ո՛չ քու անասունդ, ո՛չ ալ քու տանդ մէջ եղած օտարականը, որպէս զի քու ծառադ ու աղախինդ ալ քեզի պէս հանգստանան։15. Միտքդ բեր թէ դուն Եգիպտոսի երկրին մէջ ծառայ էիր ու քու Տէր Աստուածդ զօրաւոր ձեռքով ու բարձր բազուկով քեզ անկէ հանեց. անոր համար քու Տէր Աստուածդ քեզի պատուիրեց որ հանգստութեան օրը պահես։16. «Պատուէ՛ քու հայրդ ու մայրդ, ինչպէս քու Տէր Աստուածդ քեզի պատուիրեց, որպէս զի քու օրերդ երկար ըլլան ու քեզի աղէկ ըլլայ այն երկրին մէջ, որ քու Տէր Աստուածդ քեզի պիտի տայ։17. «Սպաննութիւն մի՛ ըներ։18. «Շնութիւն մի՛ ըներ։19. «Գողութիւն մի՛ ըներ։20. «Քու դրացիիդ դէմ սուտ վկայութիւն մի՛ ըներ։21. «Քու դրացիիդ կնոջ մի՛ ցանկար. քու դրացիիդ տանը կամ անոր արտին կամ անոր ծառային կամ անոր աղախինին կամ անոր եզին կամ անոր իշուն կամ քու դրացիիդ ոեւէ մէկ բանին մի՛ ցանկար»։22. Տէրը այս խօսքերը լերանը վրայ կրակին, ամպին ու մառախուղին մէջէն բարձր ձայնով ձեր բոլոր ժողովուրդին խօսեցաւ եւ ուրիշ բան չաւելցուց։ Երկու քարէ տախտակի վրայ գրեց զանոնք ու ինծի տուաւ։23. Իսկ լերանը կրակով բռնկած ատենը, երբ խաւարին մէջէն անոր ձայնը լսեցիք, իմ քովս եկաք դուք, այսինքն ձեր ցեղերուն բոլոր գլխաւորները եւ ձեր ծերերը ու ըսիք.24. ‘Ահա մեր Տէր Աստուածը իր փառքն ու մեծութիւնը մեզի ցուցուց ու անոր ձայնը կրակին մէջէն լսեցինք։ Այսօր թէեւ Աստուած մարդու հետ խօսեցաւ, բայց մարդը ողջ մնաց։25. Եւ հիմա մենք ինչո՞ւ մեռնինք. (քանզի այս մեծ կրակը մեզ պիտի սպառէ.) եթէ մենք մեր Տէր Աստուծոյն ձայնը անգամ մըն ալ լսելու ըլլանք, պիտի մեռնինք։26. Վասն զի բոլոր մարմին ունեցողներէն ո՞վ կրակի մէջէն խօսող կենդանի Աստուծոյն ձայնը մեզի պէս լսեց ու ողջ մնաց։27. Դուն մօտեցի՛ր եւ մեր Տէր Աստուծոյն բոլոր խօսքերը լսէ ու մեր Տէր Աստուածը քեզի հետ ինչ որ խօսի՝ դուն մեզի ըսէ՛ եւ մենք մտիկ ընենք ու կատարենք’։28. Տէրը ձեր խօսքերուն ձայնը լսեց, երբ դուք ինծի կը խօսէիք ու ինծի ըսաւ. ‘Այս ժողովուրդին քեզի ըսած խօսքերը լսեցի. անոնց ամէն ըսածը շիտակ է։29. Երանի՜ թէ անոնց սիրտն ալ այնպէս ըլլար, որ ինծմէ վախնալով միշտ իմ բոլոր պատուիրանքներս պահէին, որպէս զի իրենց աղէկ ըլլար ու իրենց որդիներուն ալ յաւիտեան։30. Գնա՛ անոնց ըսէ. «Դուք ձեր վրանները դարձէք»։31. Բայց դուն հոս ինծի հետ կեցիր ու բոլոր անոնց սորվեցնելու պատուիրանքներդ, կանոններդ ու դատաստաններդ քեզի ըսեմ, որպէս զի զանոնք կատարեն այն երկրին մէջ, որ ես անոնց պիտի տամ ժառանգութեան համար’։32. Արդ՝ զգոյշ եղէ՛ք, ձեր Տէր Աստուծոյն պատուէրը կատարեցէք, աջ կողմը կամ ձախ կողմը մի՛ խոտորիք։33. Ձեր Տէր Աստուծոյն պատուիրած բոլոր ճամբաներուն մէջ քալեցէք, որպէս զի ապրիք ու ձեզի աղէկ ըլլայ եւ ձեր ժառանգելու երկրին մէջ երկարակեաց ըլլաք։Օրենք 6:1-251. «Ասոնք են այն պատուիրանքները, կանոններն ու դատաստանները, որոնք ձեր Տէր Աստուածը ինծի պատուիրեց ձեզի սորվեցնելու համար, որպէս զի ձեր մտնելու ու ժառանգելու երկրին մէջ գործադրէք զանոնք.2. Որպէս զի քու Տէր Աստուծմէդ վախնաս ու անոր բոլոր կանոններն ու պատուիրանքները, որոնք ես ձեզի կը պատուիրեմ, քու կեանքիդ բոլոր օրերուն մէջ պահես, թէ՛ դուն, թէ՛ քու որդիդ եւ թէ՛ քու որդիիդ որդին, որպէս զի քու օրերդ երկար ըլլան։3. Արդ՝ ո՛վ Իսրայէլ, մտիկ ըրէ ու զգուշութեամբ զանոնք կատարէ, որպէս զի քեզի աղէկ ըլլայ եւ կաթ ու մեղր բղխող երկրին մէջ խիստ շատնաս, ինչպէս քու հայրերուդ Տէր Աստուածը քեզի խոստացաւ։4. Ով Իսրայէլ, մտի՛կ ըրէ. մեր Տէր Աստուածը մի միայն՝ ՝ Տէր է։5. Քու Տէր Աստուածդ բոլոր սրտովդ, բոլոր հոգիովդ ու բոլոր զօրութիւնովդ սիրէ6. Եւ այս խօսքերը որոնք ես այսօր քեզի պատուիրեցի, քու սրտիդ մէջ թող ըլլան7. Ու զանոնք քու որդիներուդ կրկին անգամ սորվեցուր։ Թէ՛ տանդ մէջ նստած ատենդ, թէ՛ ճամբայ քալած ատենդ եւ թէ՛ պառկելու ու ելլելու ատենդ՝ անոնց վրայ խօսիր։8. Զանոնք նշանի համար ձեռքիդ վրայ կապէ ու ճակատնոցի համար աչքերուդ մէջտեղը թող ըլլան։9. Զանոնք քու տանդ դրանդիքներուն վրայ եւ դռներուդ վրայ գրէ։10. Երբ քու Տէր Աստուածդ քեզ տանի այն երկիրը, որուն համար քու հայրերուդ՝ Աբրահամին, Իսահակին ու Յակոբին՝ երդում ըրաւ, որ քեզի մեծ ու գեղեցիկ քաղաքներ տայ, որոնք դուն շինած չես11. Եւ ամէն տեսակ բարիքներով լեցուած տուներ՝ որոնք դուն լեցուցած չես ու փորուած ջրհորներ՝ որոնք դուն փորած չես, այգիներ ու ձիթենիներ՝ որոնք դուն տնկած չես ու երբ ուտես ու կշտանաս,12. Զգո՛յշ կեցիր, որ չըլլայ թէ քեզ Եգիպտոսի երկրէն, ծառայութեան տունէն հանող Տէրը մոռնաս։13. Քու Տէր Աստուծմէդ վախցիր ու զանիկա պաշտէ եւ անոր անունովը երդում ըրէ։14. Օտար աստուածներու, ձեր բոլորտիքը եղող ժողովուրդներուն աստուածներուն ետեւէն մի՛ երթաք.15. (Վասն զի քու Տէր Աստուածդ, որ ձեր մէջն է, նախանձոտ է.) չըլլայ որ քու Տէր Աստուծոյդ բարկութիւնը քու վրադ բորբոքի ու քեզ երկրի երեսէն բնաջինջ ընէ։16. Ձեր Տէր Աստուածը մի՛ փորձէք, ինչպէս Մասսայի մէջ փորձեցիք։17. Ձեր Տէր Աստուծոյն վկայութիւններն ու կանոնները զգուշութեամբ պահեցէք։18. Տէրոջը առջեւ ինչ որ ուղիղ ու հաճելի է, զայն ըրէ՛, որպէս զի քեզի աղէկ ըլլայ, որպէս զի մտնես ու ժառանգես այն ընտիր երկիրը, որ Տէրը քու հայրերուդ երդում ըրաւ քեզի տալու ։19. Քու բոլոր թշնամիներդ քու առջեւէդ հալածէ, ինչպէս Տէրը պատուիրեց։20. Երբ՝ վաղը՝ քու որդիդ քեզի հարցնէ ու ըսէ. ‘Ի՞նչ պիտի ըլլան այն վկայութիւնները, կանոններն ու դատաստանները, որոնք մեր Տէր Աստուածը ձեզի պատուիրեց’.21. Այն ատեն քու որդիիդ կարենաս ըսել. ‘Մենք Եգիպտոսի մէջ Փարաւոնին ծառայ էինք, բայց Տէրը զօրաւոր ձեռքով մեզ Եգիպտոսէն հանեց.22. Նաեւ Տէրը մեր աչքերուն առջեւ Եգիպտոսի վրայ, Փարաւոնին վրայ ու անոր բոլոր տանը վրայ մեծ ու սոսկալի նշաններ ու հրաշքներ ըրաւ23. Եւ մեզ անկէ հանեց, որպէս զի մեզ բերէ ու երդումով մեր հայրերուն խոստացած երկիրը տայ մեզի։24. Տէրը մեզի պատուիրեց, որ այս բոլոր կանոնները գործադրենք ու մեր Տէր Աստուծմէն վախնանք, որպէս զի մեզի աղեկ ըլլայ միշտ ու ողջ պահէ մեզ, ինչպէս ենք այսօր։25. Եթէ մեր Տէր Աստուծոյն առջեւ այս բոլոր պատուիրանքները զգուշութեամբ կատարենք, ինչպէս ինք մեզի պատուիրեց, այն մեզի արդարութիւն պիտի սեպուի’։Սաղմոսներ 37:1-41. Չարերուն համար մի՛ նեղանար, Անօրէնութիւն գործողներուն մի՛ նախանձիր,2. Վասն զի անոնք խոտի պէս շուտով պիտի կտրուին Ու կանանչ խոտի պէս պիտի չորնան։3. Տէրոջը յուսա՛ ու բարութիւն ըրէ՛, Երկրին վրայ բնակէ՛ ու ճշմարտութեան մէջ արածուիր4. Ու Տէրոջմով ուրախացիր, քանզի Անիկա կու տայ քեզի քու սրտիդ խնդրուածքները։Առակներ 12:8-88. Մարդը իր խոհեմութեանը չափ կը գովուի, Բայց ծուռ սիրտ ունեցողը կ’անարգուի։Ղուկասը 1:21-3821. Ժողովուրդը Զաքարիային կը սպասէր եւ կը զարմանային անոր տաճարին մէջ ուշանալուն համար։22. Երբ դուրս ելաւ, չէր կրնար խօսիլ անոնց հետ. ասով իմացան թէ տաճարին մէջ տեսիլք մը տեսած է։ Ինք նշանով կը խօսէր անոնց հետ եւ համր կը կենար։23. Երբ իր պաշտօնին օրերը լմնցան, իր տունը գնաց։24. Այն օրերէն ետքը անոր կինը Եղիսաբէթ յղացաւ ու հինգ ամիս ինքզինք կը պահէր եւ կ’ըսէր.25. «Այսպէս ըրաւ ինծի Տէրը այս օրերուս, իմ վրաս նայեցաւ նախատինքս մարդոց մէջէն վերցնելու համար»։26. Վեցերորդ ամսուն մէջ Գաբրիէլ հրեշտակը Աստուծմէ ղրկուեցաւ Գալիլիայի մէկ քաղաքը՝ որուն անունը Նազարէթ էր,27. Կոյսի մը՝ մարդու մը նշանուած, որուն անունը Յովսէփ էր, Դաւիթին տունէն։ Այն կոյսին անունը Մարիամ էր։28. Հրեշտակը անոր երթալով՝ ըսաւ. «Ողջոյն քեզ, ո՛վ շնորհընկալ կոյս, Տէրը քեզի հետ է։ Դուն կիներուն մէջ օրհնեալ ես»։29. Մարիամ զանիկա տեսնելով, անոր խօսքին վրայ շփոթեցաւ ու ինքնիրեն կը մտածէր թէ ի՞նչպէս բան պիտի ըլլայ այս ողջոյնը։30. Հրեշտակը անոր ըսաւ. «Մի՛ վախնար, Մա՛րիամ, վասն զի Աստուծմէ շնորհք գտար։31. Ահա պիտի յղանաս ու որդի մը պիտի ծնանիս եւ անոր անունը Յիսուս պիտի դնես։32. Անիկա մեծ պիտի ըլլայ ու Բարձրեալին Որդի պիտի կոչուի։ Տէր Աստուած անոր պիտի տայ իր հօրը Դաւիթին աթոռը ու Յակոբին տանը վրայ յաւիտեան պիտի թագաւորէ։33. Անոր թագաւորութիւնը վերջ պիտի չունենայ»։34. Մարիամ ըսաւ հրեշտակին. «Ի՞նչպէս պիտի ըլլայ այդ բանը, որովհետեւ ես այր մարդ չեմ գիտեր»։35. Հրեշտակը պատասխան տալով՝ ըսաւ անոր. «Սուրբ Հոգին պիտի գայ քեզի ու Բարձրեալին զօրութիւնը քու վրադ հովանի պիտի ըլլայ. ուստի այն քեզմէ ծնանելու սուրբը Աստուծոյ Որդի պիտի կոչուի։36. Ահա քու ազգականդ Եղիսաբէթ՝ անիկա ալ իր պառաւութեան ատենը արու զաւակով մը յղի է։ Ասիկա այն ամուլ ըսուածին վեցերորդ ամիսն է,37. Վասն զի Աստուծոյ քով բնաւ անհնարին բան մը չկայ»։38. Մարիամ ըսաւ. «Ահա ես Տէրոջը աղախինն եմ, քու ըսածիդ պէս թող ըլլայ ինծի»։ Ու հրեշտակը անոր քովէն գնաց։ Armenian Western Bible 1853 Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981