Աստվածաշունչը մեկ տարում Մարտ 23Օրենք 7:1-261. «Երբ քու Տէր Աստուածդ քեզ տանի այն երկիրը, ուր պիտի մտնես ժառանգելու համար ու քու առջեւէդ շատ ազգեր հալածէ, այսինքն Քետացիները, Գերգեսացիները, Ամօրհացիները, Քանանացիները, Փերեզացիները, Խեւացիներն ու Յեբուսացիները, այս եօթը ազգերը, որոնք քեզմէ մեծ ու զօրաւոր են2. Ու երբ քու Տէր Աստուածդ զանոնք քու ձեռքդ տայ, զանոնք զա՛րկ ու բոլորովին կորսնցուր. անոնց հետ ուխտ մի՛ ըներ ու անոնց մի՛ ողորմիր.3. Ո՛չ ալ անոնց հետ խնամութիւն ըրէ. քու աղջիկդ անոր տղուն մի՛ տար ու անոր աղջիկը քու տղուդ մի՛ առներ.4. Վասն զի քու տղաքներդ իմ ծառայութենէս պիտի հեռացնեն, որով օտար աստուածներ պիտի պաշտեն, այն ատեն Տէրոջը բարկութիւնը ձեր վրայ բորբոքելով ձեզ շուտով պիտի կորսնցնէ։5. Սակայն՝ անոնց այսպէս ըրէք՝ անոնց սեղանները կործանեցէ՛ք, անոնց արձանները խորտակեցէ՛ք, անոնց Աստարովթները կոտրտեցէք ու անոնց քանդակուած կուռքերը կրակով այրեցէ՛ք։6. Քանզի դուն քու Տէր Աստուծոյդ սուրբ ժողովուրդն ես եւ քու Տէր Աստուածդ երկրի երեսին վրայ եղող բոլոր ազգերուն մէջէն քեզ ընտրեց, որպէս զի դուն անոր սեփական ժողովուրդ ըլլաս։7. Տէրը ձեզ սիրեց ու ընտրեց ո՛չ թէ բոլոր ազգերէն շատ ըլլալնուդ համար, քանզի դուք բոլորէն քիչ էիք։8. Այլ Տէրը ձեզ սիրելուն համար ու ձեր հայրերուն ըրած երդումը պահելու համար, Տէրը ձեզ զօրաւոր ձեռքով ծառայութեան տունէն հանեց եւ Եգիպտացիներու Փարաւոն թագաւորին ձեռքէն ազատեց։9. Արդ՝ գիտցի՛ր, որ քու Տէր Աստուածդ ի՛նքն է Աստուած, հաւատարիմ Աստուածը, որ զինք սիրողներուն ու իր պատուիրանքները պահողներուն մինչեւ հազար ազգը ուխտ ու ողորմութիւն կը պահէ,10. Բայց զինք ատողներն ալ ուղղակի կը պատժէ եւ կը կորսնցնէ։ Զինք ատողին պատիժը չ’ուշացներ, անոր ուղղակի կը փոխարինէ։11. Ուրեմն պահէ՛ դուն այն պատուիրանքները, կանոններն ու օրէնքները, որոնք ես այսօր քեզի կը յայտնեմ, որպէս զի զանոնք կատարես։12. Ուստի եթէ այս օրէնքները լսելով զանոնք պահես ու գործադրես, քու Տէր Աստուածդ ալ քեզի համար քու հայրերուդ երդում ըրած ուխտն ու ողորմութիւնը պիտի պահէ.13. Նաեւ քեզ պիտի սիրէ եւ քեզ պիտի օրհնէ ու քեզ պիտի շատցնէ եւ քու որովայնիդ պտուղը, քու երկրիդ պտուղը, քու ցորենդ, քու գինիդ, քու իւղդ, կովերուդ ծնունդն ու ոչխարներուդ հօտերը պիտի օրհնէ այն երկրին մէջ, որ Տէրը քու հայրերուդ երդում ըրաւ որ քեզի տայ։14. Դուն բոլոր ազգերէն աւելի օրհնեալ պիտի ըլլաս ու ձեր մէջ եւ ձեր անասուններուն մէջ, թէ արուներէն եւ թէ՛ էգերէն, ամուլ պիտի չգտնուի։15. Տէրը բոլոր հիւանդութիւնները քեզմէ պիտի վերցնէ ու Եգիպտացիներուն գէշ ցաւերը, որոնք դուն գիտես, բնաւ քու վրադ պիտի չբերէ, այլ զանոնք քու բոլոր թշնամիներուդ վրայ պիտի ղրկէ։16. Եւ դուն պիտի սպառես այն բոլոր ազգերը, որոնք քու Տէր Աստուածդ քու ձեռքդ պիտի տայ։ Քու աչքդ անոնց պէտք չէ խնայէ ու անոնց աստուածները պէտք չէ պաշտես, վասն զի այն քեզի որոգայթ պիտի ըլլայ։17. Եթէ սրտիդ մէջ ըսես թէ ‘Այն ազգերը ինծմէ շատուոր են, ես ի՞նչպէս կրնամ զանոնք հալածել’,18. Անոնցմէ մի՛ վախնար, այլ միշտ յիշէ՛ ինչ որ քու Տէր Աստուածդ ըրաւ Փարաւոնին ու բոլոր Եգիպտացիներուն,19. Այն մեծամեծ փորձանքները, որոնց դուն ականատես եղար, այն նշաններն ու հրաշքները, այն զօրաւոր ձեռքն ու բարձր բազուկը, որոնցմով քու Տէր Աստուածդ քեզ հանեց։ Քու Տէր Աստուածդ նոյնպէս պիտի ընէ այն բոլոր ազգերուն, որոնցմէ դուն կը վախնաս։20. Նաեւ քու Տէր Աստուածդ անոնց վրայ իշամեղու պիտի ղրկէ, որպէս զի մնացածներն ու քու երեսէդ պահուըտողները կորսուին։21. Ուրեմն անոնց երեսէն մի՛ վախնար. քանզի քու Տէր Աստուածդ՝ այն զօրաւոր ու ահարկու Աստուածը՝ ձեր մէջ է։22. Եւ քու Տէր Աստուածդ այն ազգերը քու առջեւէդ կամաց կամաց պիտի վռնտէ. զանոնք պէտք չէ մէկէն հատցնես, որպէս զի դաշտին գազանները չշատնան։23. Քու Տէր Աստուածդ զանոնք քու ձեռքդ պիտի մատնէ ու զանոնք մեծ կործանումով պիտի կործանէ, մինչեւ ամէնքը բնաջինջ ըլլան։24. Անոնց թագաւորները քու ձեռքդ պիտի տայ։ Անոնց անունները երկնքի տակէն ոչնչացո՛ւր ու ոեւէ մէկը պիտի չկրնայ քեզի դէմ կենալ, մինչեւ զանոնք կորսնցնես։25. Անոնց աստուածներուն քանդակուած կուռքերը կրակով պէտք է այրես ու անոնց վրայ եղած ոսկիին ու արծաթին աչք մի՛ տնկեր ու զանոնք քեզի մի՛ առներ, որպէս զի անոնցմով որոգայթի մէջ չբռնուիս. վասն զի անոնք քու Տէր Աստուծոյդ առջեւ գարշելի են։26. Արդ՝ գարշելի բան մը տունդ մի՛ տանիր, որպէս զի դուն ալ անոր պէս չնզովուիս։ Անկէ բոլորովին զզուէ՛ ու զանիկա խիստ գարշելի սեպէ՛, վասն զի ան նզովուած է։Օրենք 8:1-201. «Բոլոր պատուիրանքները, որոնք ես այսօր կու տամ ձեզի, ուշադրութեամբ պիտի կատարէք, որպէս զի ապրիք, շատնաք, մտնէք ու ժառանգէք այն երկիրը, որ Տէրը երդումով խոստացաւ ձեր հայրերուն։2. Ու յիշէ՛ այն ճամբան, որ քու Տէր Աստուածդ քառասուն տարի քեզ անապատին մէջ պտըտցուց, քեզ խոնարհեցնելու, փորձելու ու սրտիդ մէջինը իմանալու համար, թէ արդեօք դուն իր պատուիրանքները պիտի պահե՞ս՝ թէ ոչ։3. Տէրը քեզ խոնարհեցուց, անօթեցուց եւ մանանայով կերակրեց, որ ո՛չ դուն կը ճանչնայիր եւ ո՛չ քու հայրերդ, որ գիտնաս թէ մարդ միայն հացով չապրիր, հապա Տէրոջը բերնէն ելած ամէն խօսքովը կ’ապրի։4. Այդ քառասուն տարին քու վրայէդ լաթերդ չհինցան ու ոտքերդ չուռեցան։5. Որպէս զի սրտիդ մէջ գիտնաս թէ՝ ինչպէս մարդ մը կը խրատէ իր որդին, քու Տէր Աստուածդ ալ քեզ այնպէս կը խրատէ։6. Ուրեմն քու Տէր Աստուծոյդ պատուիրանքները պահէ՛, որպէս զի անոր ճամբաներուն մէջ քալես ու անկէ վախնաս։7. Քանզի քու Տէր Աստուածդ աղէկ երկիր մը կը տանի քեզ, այնպիսի երկիր մը, որ դաշտերէ ու լեռներէ բղխող գետերով, աղբիւրներով ու խորունկ ջուրերով լեցուն է.8. Այնպիսի երկիր մը, որ ցորենով, գարիով, այգիներով, թզենիներով եւ նռնենիներով լեցուն է, իւղ տուող ձիթենիներու ու մեղրի երկիր։9. Այնպիսի երկիր մը, ուր կուշտ հաց պիտի ուտես ու անոր մէջ ոեւէ բան պիտի չպակսի քեզի։ Երկիր մը, որուն քարերը երկաթ են ու անոր լեռներէն պղինձ կրնաս հանել։10. Ուստի, երբ ուտես ու կշտանաս, քու Տէր Աստուածդ օրհնէ՛ այն աղէկ երկիրը քեզի տալուն համար։11. Քու անձիդ զգուշութիւն ըրէ՛, չըլլայ ու քու Տէր Աստուածդ մոռնաս ու չպահես անոր պատուիրանքները, օրէնքներն ու կանոնները, որոնք ես այսօր քեզի կը պատուիրեմ։12. Երբ ուտես ու կշտանաս եւ գեղեցիկ տուներ շինես ու բնակիս անոնց մէջ13. Ու երբ արջառներդ եւ հօտերդ շատնան ու նաեւ արծաթդ ու ոսկիդ շատնան եւ քու բոլոր ունեցածդ շատնայ,14. Թող սիրտդ չհպարտանայ եւ քու Տէր Աստուածդ չմոռնաս, որ Եգիպտացիներու երկրէն, ծառայութեան տունէն քեզ հանեց15. Եւ այն մեծ ու ահագին եւ խայթող օձերով ու կարիճներով լեցուն, չոր ու անջուր անապատին մէջ քեզ պտըտցուց ու քեզի ապառաժէն ջուր հանեց16. Եւ անապատին մէջ քու հայրերուդ չճանչցած մանանայովը քեզ կերակրեց, որպէս զի քեզ խոնարհեցնէ ու փորձէ եւ վերջը քեզի բարիք ընէ։17. Սրտիդ մէջ մի՛ ըսեր թէ՝ ‘Այս հարստութիւնը իմ կարողութիւնովս ու իմ ձեռքիս ուժովը վաստկեցայ’.18. Հապա քու Տէր Աստուածդ յիշէ՛, քանզի հարստութիւն ստանալու համար քեզի ոյժ տուողը ա՛ն է, որպէս զի քու հայրերուդ իր երդումով ըրած ուխտը հաստատէ, ինչպէս այսօր կը տեսնես ։19. Եւ եթէ քու Տէր Աստուածդ մոռնալով ուրիշ աստուածներու ետեւէ երթաս, զանոնք պաշտես ու անոնց երկրպագութիւն ընես, ես այսօր ձեզի կը վկայեմ թէ դուք բոլորովին պիտի կորսուիք.20. Այն ազգերուն պէս, որոնք Տէրը ձեր առջեւէն պիտի կորսնցնէ, այնպէս որ պիտի կորսուիք, վասն զի ձեր Տէր Աստուծոյն խօսքին մտիկ չըրիք։Սաղմոսներ 37:5-115. Տէրոջը յանձնէ քու ճամբադ Ու անոր յուսա եւ անիկա պիտի կատարէ6. Ու դուրս պիտի հանէ քու արդարութիւնդ լոյսի պէս Ու քու իրաւունքդ՝ կէսօրուան պէս։7. Տէրոջը համբերէ՛ ու անոր սպասէ՛ Եւ մի՛ նախանձիր իր ճամբան յաջողութեամբ գացողին Ու խաբէութիւն ընող մարդուն։8. Դադարէ՛ բարկութենէ ու սրդողիլը վերջացուր։ Մի՛ նեղանար, որ չարութիւն ընել չփորձուիս։9. Վասն զի չարագործները պիտի կորսուին, Սակայն Տէրոջը համբերողները երկիրը պիտի ժառանգեն։10. Վասն զի քիչ ժամանակէ յետոյ ամբարիշտը պիտի չքանայ, Անոր տեղը պիտի փնտռես ու պիտի չգտնես։11. Սակայն հեզերը պիտի ժառանգեն երկիրը Ու խաղաղութեան առատութիւնովը պիտի ուրախանան։Առակներ 12:9-109. Իր հացին համար ծառայող մարդը աւելի աղէկ է, Քան թէ զինք մեծ ցուցնող, բայց հացի կարօտ մարդը։10. Արդարը իր անասուններուն հոգ կը տանի, Բայց ամբարիշտները անողորմ են։Ղուկասը 1:39-5639. Այն օրերը ելաւ Մարիամ ու արտորալով լեռնակողմը Յուդայի մէկ քաղաքը գնաց։40. Մտաւ Զաքարիային տունը ու Եղիսաբէթին բարեւ տուաւ։41. Երբ Եղիսաբէթ Մարիամին բարեւը լսեց, մանուկը անոր որովայնին մէջ խաղաց ու Եղիսաբէթ Սուրբ Հոգիով լեցուեցաւ,42. Եւ բարձր ձայնով մը կանչեց ու ըսաւ. «Օրհնեալ ես դուն կիներուն մէջ եւ օրհնեալ է քու որովայնիդ պտուղը։43. Այս ինծի ինչպէ՞ս եղաւ, որ իմ Տէրոջս մայրը ինծի եկաւ։44. Վասն զի ահա երբ քու բարեւիդ ձայնը ականջիս հասաւ, մանուկը որովայնիս մէջ խաղաց ուրախութենէն։45. Երանի՜ անոր որ հաւատացեր է, քանզի՝ ՝ պիտի կատարուին այն բաները, որոնք Տէրոջմէն ըսուեցան իրեն»։46. Մարիամ ըսաւ. «Իմ անձս կը մեծցնէ Տէրը։47. Եւ իմ հոգիս ուրախացաւ իմ Փրկիչ Աստուծմովս։48. Վասն զի իր աղախինին խոնարհութեանը նայեցաւ. քանզի ահա ասկէ ետք բոլոր ազգերը ինծի երանութիւն պիտի տան։49. Վասն զի Հզօրը ինծի մեծամեծ բաներ ըրաւ ու անոր անունը սուրբ է։50. Եւ անոր ողորմութիւնը իրմէ վախցողներուն վրայ է ազգէ ազգ։51. Իր բազուկովը զօրութիւն ցուցուց, ցիրուցան ըրաւ ամբարտաւանները իրենց սրտին խորհուրդովը։52. Զօրաւորները իրենց աթոռներէն իջեցուց ու խոնարհները բարձրացուց։53. Անօթիները բարիքներով լեցուց եւ հարուստները պարապ ճամբեց։54. Օգնութիւն ըրաւ իր Իսրայէլ ծառային՝ իր ողորմութիւնը միտքը բերելով,55. Ինչպէս ինք խօսեցաւ մեր հայրերուն, Աբրահամին ու անոր սերունդին յաւիտեան»։56. Մարիամ անոր քով երեք ամիսի չափ կեցաւ ու իր տունը դարձաւ։ Armenian Western Bible 1853 Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981