Աստվածաշունչը մեկ տարում Մարտ 24Օրենք 9:1-291. «Ո՛վ Իսրայէլ, մտիկ ըրէ՛. Դուն այսօր Յորդանանէն կ’անցնիս, որպէս զի երթաս քեզմէ մեծ ու զօրաւոր ազգերու, մինչեւ երկինք բարձրացող պարսպապատ մեծ քաղաքները ժառանգես։2. Այն մեծ ու երկայնահասակ ազգը՝ Ենակիմներուն որդիները՝ որոնք դուն կը ճանչնաս ու որոնց համար լսեր ես՝ ‘Ենակին որդիներուն ո՞վ կրնայ դէմ դնել’։3. Արդ՝ այսօր գիտցիր թէ քու Տէր Աստուածդ ինք քու առջեւէդ կ’երթայ իբրեւ մաշող կրակ ու զանոնք պիտի կորսնցնէ եւ քու առջեւէդ զանոնք պիտի նուաճէ եւ դուն զանոնք պիտի հալածես ու շուտով կորսնցնես, ինչպէս Տէրը քեզի ըսաւ։4. Երբ քու Տէր Աստուածդ զանոնք քու առջեւէդ հալածէ, սրտիդ մէջ չըսես թէ Տէրը իմ արդարութեանս համար զիս այս երկիրը բերաւ, որպէս զի ժառանգեմ. քանզի Տէրը այս ազգերը իրենց անօրէնութեանը համար քու առջեւէդ կը վռնտէ։5. Ո՛չ թէ քու արդարութեանդ ու սրտիդ ուղղութեանը համար կը մտնես անոնց երկիրը ժառանգելու, այլ քու Տէր Աստուածդ այն ազգերուն անօրէնութեանը համար զանոնք քու առջեւէդ կը վռնտէ եւ որպէս զի հաստատէ այն խօսքը՝ որուն համար քու հայրերուդ՝ Աբրահամին, Իսահակին ու Յակոբին՝ երդում ըրաւ։6. Ուստի գիտցիր թէ քու արդարութեանդ համար չէ, որ քու Տէր Աստուածդ այս աղէկ երկիրը քեզի ժառանգել կու տայ. քանզի դուն խստապարանոց ժողովուրդ մըն ես։7. Միտքդ պահէ՛ ու մի՛ մոռնար, թէ դուն քու Տէր Աստուածդ անապատին մէջ բարկացուցիր. Եգիպտոսի երկրէն ելած օրէդ մինչեւ հոս եկած օրդ Տէրոջը անհնազանդ եղաք։8. Քորէբի մէջ ալ Տէրը բարկացուցիք եւ Տէրը ձեզ կորսնցնելու համար ձեզի բարկացաւ։9. Երբ ես լեռը ելայ, որպէս զի քարեղէն տախտակները առնեմ, այսինքն Տէրոջը ձեզի հետ ըրած ուխտին տախտակները, քառասուն օր ու քառասուն գիշեր լեռը կեցայ. ո՛չ հաց կերայ եւ ո՛չ ջուր խմեցի.10. Այն ատեն Տէրը տուաւ ինծի Աստուծոյ մատովը գրուած երկու քարեղէն տախտակները, որոնց վրայ գրուած էին բոլոր այն խօսքերը, որոնք ժողովին օրը լերանը վրայ կրակին մէջէն Տէրը ձեզի խօսեցաւ։11. Արդ՝ քառասուն օրէն ու քառասուն գիշերէն ետքը Տէրը երկու քարեղէն տախտակները, այսինքն ուխտին տախտակները, ինծի տուաւ։12. Տէրը ինծի ըսաւ. ‘Ելի՛ր ու շուտով ասկէ վա՛ր իջի՛ր, քանզի ապականեցաւ քու ժողովուրդդ, որ Եգիպտոսի երկրէն հանեցիր. իմ պատուիրած ճամբայէս շուտով խոտորեցան, իրենց ձուլածոյ կուռք շինեցին’։13. Նաեւ Տէրը ինծի հետ խօսելով ըսաւ. ‘Ես այս ժողովուրդին նայեցայ եւ ահա խստապարանոց ժողովուրդ մըն է ան.14. Թող տուր որ զանոնք կորսնցնեմ ու անոնց անունը երկնքի տակէն բնաջինջ ընեմ եւ քեզ անոնցմէ զօրաւոր ու բազմաթիւ ազգ մը պիտի ընեմ’։15. Այն ատեն ես դարձայ, լեռնէն վար իջայ ու լեռը կրակով կ’այրէր եւ ուխտին երկու տախտակները երկու ձեռքերուս մէջ էին։16. Ետքը նայեցայ տեսայ, որ ձեր Տէր Աստուծոյն դէմ մեղք գործելով ձեզի ձուլածոյ հորթ շիներ էիք, Տէրոջը ձեզի պատուիրած ճամբայէն շուտով խոտորեր էիք։17. Այն ատեն երկու տախտակները բռնեցի ու իմ երկու ձեռքերուս վրայէն վար նետեցի եւ ձեր աչքերուն առջեւ զանոնք կոտրտեցի։18. Ետքը առաջուան պէս Տէրոջը առջեւ աղաչեցի քառասուն օր ու քառասուն գիշեր. ո՛չ հաց կերայ, ո՛չ ալ ջուր խմեցի, ձեր գործած բոլոր մեղքին համար, վասն զի Տէրոջը առջեւ չարութիւն ընելով զանիկա բարկացուցեր էիք.19. Քանզի վախցայ այն սոսկալի բարկութենէն, որով Տէրը ձեր վրայ բարկացաւ ձեզ կորսնցնելու համար։ Սակայն Տէրը այն անգամին ալ ինծի լսեց20. Եւ Տէրը Ահարոնին խիստ բարկացաւ, այնպէս որ զանիկա պիտի կորսնցնէր։ Նոյն ատեն Ահարոնին համար ալ աղօթք ըրի։21. Ձեր ըրած մեղքը, այսինքն հորթը, առի ու զանիկա կրակով այրեցի։ Ետքը զանիկա ծեծելով լաւ մը փշրեցի, մինչեւ որ մանր փոշի եղաւ եւ այն փոշին լեռնէն իջնող առուին մէջ նետեցի։22. Նաեւ Տաբերայի, Մասսայի ու Կիբրօթ-Հաթթավայի մէջ Տէրը բարկացուցիք։23. Երբ Տէրը ձեզ Կադէս-Բառնեայէն ղրկեց եւ ձեզի ըսաւ՝ ‘Ելէ՛ք ու իմ ձեզի տուած երկիրս ժառանգեցէ՛ք’, այն ատեն ձեր Տէր Աստուծոյն հրամանին անհնազանդութիւն ըրիք ու անոր չհաւատալով՝ անոր խօսքին մտիկ չըրիք։24. Ձեզ ճանչցած օրէս ի վեր Տէրոջը անհնազանդ էք։25. Ուստի ես քառասուն օր ու քառասուն գիշեր որ աղաչեցի, Տէրոջը առջեւ աղաչեցի, որովհետեւ Տէրը որոշեց որ ձեզ կորսնցնէ։26. Ես Տէրոջը աղաչելով ըսի. ‘Ո՛վ Տէր Եհովա, մի՛ կորսնցներ քու ժողովուրդդ ու ժառանգութիւնդ, որ քու մեծութիւնովդ ազատեցիր ու զօրաւոր ձեռքով Եգիպտոսէն հանեցիր։27. Քու ծառաներդ՝ Աբրահամը, Իսահակն ու Յակոբը՝ յիշէ եւ այս ժողովուրդին խստութեանը, անօրէնութեանն ու մեղքին մի՛ նայիր.28. Չըլլայ որ այն երկրին, ուրկէ մեզ հանեցիր, բնակիչները ըսեն թէ՝ «Տէրը կարող չըլլալով զանոնք տանելու այն երկիրը, որ անոնց խոստացեր էր կամ զանոնք ատելով, հանեց զանոնք որպէս զի անապատին մէջ մեռցնէ»։29. Որովհետեւ անոնք քու ժողովուրդդ ու ժառանգութիւնդ են, որոնք դուն քու մեծ զօրութիւնովդ ու բարձր բազուկովդ Եգիպտոսէն հանեցիր’։Օրենք 10:1-221. «Այն ատեն Տէրը ինծի ըսաւ. ‘Քեզի նախորդներուն պէս երկու հատ քարէ տախտակ կոփէ՛ ու լեռը ինծի ելի՛ր ու նաեւ քեզի փայտէ տապանակ մը շինէ՛։2. Տախտակներուն վրայ քու կոտրած տախտակներուդ վրայի խօսքերը պիտի գրեմ։ Զանոնք տապանակին մէջ դի՛ր’։3. Ուստի ես Սատիմի փայտէ տապանակ մը շինեցի ու նախորդին պէս երկու քարէ տախտակ կոփեցի ու այն երկու տախտակները ձեռքս առնելով լեռը ելայ։4. Տէրը տախտակներուն վրայ նոյն տասը խօսքերը գրեց, որոնք Տէրը ձեզի լերանը վրայ կրակին մէջէն խօսեցաւ ժողովին օրը։ Տէրը զանոնք ինծի տուաւ։5. Անկէ դառնալով լեռնէն վար իջայ ու տախտակները իմ շինած տապանակիս մէջ դրի, որպէս զի հոն մնան, ինչպէս Տէրը ինծի պատուիրեց»։6. (Իսրայէլի որդիները Բերոթ-Բանէ-Յականէն Մօսէրա չուեցին. հոն մեռաւ Ահարոն ու հոն թաղուեցաւ եւ անոր որդին Եղիազարը անոր տեղ քահանայ եղաւ։7. Անկէ Գադգադ ու Գադգադէն ջուրի առուներու երկիրը՝ Ետեբաթա՝ չուեցին։8. Այն ատեն Տէրը Ղեւիին ցեղը զատեց, որպէս զի Տէրոջը ուխտին տապանակը կրէ, Տէրոջը առջեւ կենայ որպէս զի անոր ծառայութիւն ընէ ու անոր անունովը օրհնէ մինչեւ այսօր։9. Այս պատճառով Ղեւի իր եղբայրներուն հետ բաժին ու ժառանգութիւն պիտի չունենայ։ Անոր ժառանգութիւնը Տէրն է, ինչպէս քու Տէր Աստուածդ անոր ըսաւ։)10. «Ես նախորդին նման քառասուն օր ու քառասուն գիշեր լերանը վրայ կեցայ ու Տէրը այս անգամին ալ ինծի մտիկ ընելով չուզեց քեզ կորսնցնել։11. Տէրը ինծի ըսաւ. ‘Ելի՛ր ու ժողովուրդին առջեւէն չուէ՛, որպէս զի մտնեն ու ժառանգեն այն երկիրը, որ երդումով անոնց հայրերուն խոստացայ, անոնց տալ’։12. Ուրեմն, ո՛վ Իսրայէլ, քու Տէր Աստուածդ քեզմէ ի՞նչ կը պահանջէ։ Միայն քու Տէր Աստուծմէդ վախնալ, իր ճամբաներուն մէջ քալել եւ զինք սիրել։ Նաեւ քու բոլոր սրտովդ ու բոլոր հոգիովդ քու Տէր Աստուածդ պաշտել13. Եւ Տէրոջը պատուիրանքներն ու կանոնները պահել, որոնք ես այսօր քեզի կը յայտնեմ, որպէս զի քեզի աղէկ ըլլայ։14. Ահա երկինք ու երկինքներուն երկինքը, նաեւ երկիր ու բոլոր անոր մէջ եղածը քու Տէր Աստուծոյդ կը վերաբերին ։15. Տէրը քու հայրերուդ հաւնեցաւ ու զանոնք սիրեց եւ անոնցմէ ետքը անոնց զաւակները՝ այսինքն ձեզ՝ ընտրեց բոլոր ազգերուն մէջէն, ինչպէս այսօր կը տեսնէք ։16. Ուստի ձեր սրտերուն անթլփատութիւնը թլփատեցէք ու ձեր պարանոցները ալ մի՛ խստացնէք17. Քանզի ձեր Տէր Աստուածը աստուածներուն Աստուածը ու տէրերուն Տէրն է. մեծ, հզօր ու ահեղ Աստուած է, որ աչառութիւն չ’ըներ ու կաշառք չ’առներ.18. Անիկա որբին ու որբեւարիին իրաւունք կ’ընէ, պանդուխտը կը սիրէ ու անոր հաց ու հանդերձ կու տայ։19. Ուրեմն պանդուխտը սիրեցէք. քանզի դուք ալ Եգիպտացիներու երկրին մէջ պանդուխտ էիք։20. Քու Տէր Աստուծմէդ պէտք է վախնաս ու զանիկա պաշտես ու անոր յարիս ու անոր անունովը երդում ընես։21. Քու պարծանքդ անիկա է եւ քու Աստուածդ անիկա է, որ քեզի համար այս մեծ ու սքանչելի բաներն ըրաւ, որոնք դուն քու աչքերովդ տեսար։22. Քու հայրերդ եօթանասուն հոգի էին, երբ Եգիպտոս իջան. բայց հիմա քու Տէր Աստուածդ քեզ երկնքի աստղերուն պէս շատցուց։Սաղմոսներ 37:12-1712. Մեղաւորը արդարին դէմ դաւ կը լարէ Ու անոր վրայ ակռաները կը կրճտէ։13. Տէրը ծաղր պիտի ընէ զանիկա, Վասն զի անոր օրը հասնելու վրայ կը տեսնէ։14. Մեղաւորները թուր քաշեցին Ու աղեղնին լարեցին՝ Աղքատն ու տնանկը վար ձգելու համար, Շիտակ ճամբու մէջ քալողները՝ ՝ սպաննելու համար։15. Անոնց թուրը իրենց սիրտը պիտի մտնէ Ու անոնց աղեղները պիտի կոտրտին։16. Արդարին քիչ բանը Ամբարիշտներու առատ ստացուածքէն աղէկ է։17. Վասն զի ամբարիշտներուն բազուկները պիտի կոտրուին, Բայց արդարներուն ապաւէնը Տէրն է։Առակներ 12:11-1111. Իր երկիրը մշակողը հացով կը կշտանայ. Բայց դատարկ մարդոց հետեւողը պակասամիտ է։Ղուկասը 1:57-8057. Ու Եղիսաբէթին ծնանելու ժամանակը լեցուեցաւ ու որդի մը ծնաւ։58. Երբ լսեցին անոնք, որ անոր բոլորտիքը կը բնակէին ու անոր ազգականները, որ Տէրը անոր վրայ իր մեծ ողորմութիւնը ցուցուց, անոր հետ ուրախացան։59. Ութերորդ օրը տղան թլփատելու գացին եւ զանիկա իր հօրը անունովը Զաքարիա կը կոչէին,60. Իսկ անոր մայրը պատասխան տալով ըսաւ. «Ո՛չ, հապա Յովհաննէս պիտի կոչուի»։61. Անոր ըսին թէ՝ ‘Քու ազգականներուդ մէջ մէկը չկայ, որ այս անունով կոչուի’։62. Աչք ըրին անոր հօրը թէ ի՞նչ անունով կ’ուզէ որ անիկա կոչուի։63. Ան ալ տախտակ մը ուզեց ու գրեց. «Յովհաննէս է ատոր անունը»։ Ամէնքն ալ զարմացան։64. Իսկոյն բացուեցաւ անոր բերանը ու անոր լեզուն եւ խօսեցաւ ու օրհնեց Աստուած։65. Վախ մը ինկաւ այն ամենուն վրայ՝ որոնք անոնց բոլորտիքը կը բնակէին։ Այս բաները Հրէաստանի բոլոր լեռնակողմը կը պատմուէր։66. Բոլոր լսողները իրենց սրտերնուն մէջ կը խորհէին ու կ’ըսէին. «Արդեօք այս տղան ի՞նչ պիտի ըլլայ»։ Տէրոջը ձեռքը անոր հետ էր։67. Անոր հայրը Զաքարիա՝ Սուրբ Հոգիով լեցուած՝ մարգարէացաւ ու ըսաւ.68. «Օրհնեալ ըլլայ Իսրայէլին Տէր Աստուածը, որ այցելութեան ելաւ եւ իր ժողովուրդին փրկութիւն ըրաւ։69. Մեզի փրկութեան եղջիւր մը հանեց իր Դաւիթ ծառային տունէն.70. (Ինչպէս խօսեցաւ սուրբերուն բերնովը, որոնք աշխարհի սկիզբէն ի վեր անոր մարգարէներն էին.)71. Փրկութիւն մեր թշնամիներէն եւ բոլոր մեզ ատողներուն ձեռքէն,72. Ողորմութիւն ընելու մեր հայրերուն եւ իր սուրբ ուխտը միտք բերելու73. (Այն երդումը որ մեր հօրը Աբրահամին ըրաւ), մեզի տալու,74. Որպէս զի մեր թշնամիներուն ձեռքէն ազատուելով՝ առանց վախի զանիկա պաշտենք75. Սրբութիւնով ու արդարութիւնով անոր առջեւ մեր կեանքին բոլոր օրերուն մէջ։76. Եւ ‘Դո՛ւն, ո՛վ մանուկ, Բարձրեալին մարգարէն պիտի կոչուիս, վասն զի Տէրոջը երեսին առջեւէն պիտի երթաս՝ անոր ճամբաները պատրաստելու,77. Անոր ժողովուրդին գիտցնելու իրենց փրկութիւնը իրենց մեղքերուն թողութիւնովը’,78. Մեր Աստուծոյն գթած ողորմութեանը համար, որով Ծագող արեգակը վերէն մեզի այցելութեան եկաւ՝79. ‘Խաւարի եւ մահուան ստուերի մէջ նստողներուն լոյս տալու’ ու մեր ոտքերը խաղաղութեան ճամբուն մէջ շտկելու»։80. Տղան կը մեծնար ու կը զօրանար հոգիով եւ անապատներուն մէջ էր մինչեւ այն օրը, երբ ինք Իսրայէլին երեւցաւ։ Armenian Western Bible 1853 Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981