Աստվածաշունչը մեկ տարում Մարտ 25Օրենք 11:1-321. «Ուրեմն դուն քու Տէր Աստուածդ պէտք է սիրես ու միշտ անոր հրամանները՝ կանոնները, օրէնքներն ու պատուիրանքները՝ պահես։2. Այսօր գիտցէ՛ք, թէ ձեր որդիներուն չէ իմ խօսքս, որովհետեւ անոնք չգիտցան ու չտեսան ձեր Տէր Աստուծոյն խրատը, անոր մեծութիւնը, զօրաւոր ձեռքը ու բարձր բազուկը,3. Եգիպտոսի մէջ Եգիպտացիներու Փարաւոն թագաւորին ու անոր բոլոր երկրին վրայ ըրած նշաններն ու գործերը,4. Ինչ որ ըրաւ Եգիպտացիներու զօրքերուն, ձիերուն ու կառքերուն, երբ անոնք ձեր ետեւէն ինկան, ի՛նչպէս Տէրը Կարմիր ծովուն ջուրերը անոնց վրայ դարձուց ու զանոնք կորսնցուց5. Եւ ինչ որ ըրաւ ձեզի անապատին մէջ, մինչեւ ձեր հոս գալը,6. Ինչ որ Ռուբէնեան Եղիաբին որդիներուն, Դաթանին ու Աբիրոնին ըրաւ. ի՛նչպէս երկիրը իր բերանը բացաւ ու զանոնք իրենց ընտանիքներովը, իրենց վրաններովն ու իրենց ամէն ստացուածքովը Իսրայէլի մէջէն կլլեց։7. Սակայն Տէրոջը ըրած բոլոր մեծ գործերը ձեր աչքերը տեսան։8. «Ուրեմն ձեզի պահեցէք այն ամէն պատուիրանքները, որոնք ես այսօր ձեզի կը պատուիրեմ, որպէս զի զօրանաք ու մտնէք այն երկիրը, ուր կ’երթաք զանիկա ժառանգելու։9. Ձեր օրերը երկար ըլլան այն երկրին վրայ, որ Տէրը ձեր հայրերուն երդում ըրաւ՝ իրենց եւ իրենց սերունդին տալու, այնպիսի երկիր մը, ուր կաթ ու մեղր կը բղխի։10. «Քանզի այն երկիրը, ուր դուք պիտի մտնէք զանիկա ժառանգելու համար, Եգիպտոսի երկրին պէս չէ, ուրկէ ելաք. ուր երբ սերմ կը ցանէիք, բանջարի պարտէզի պէս ոտքերով անոր ջուր կու տայիք։11. Այլ ձեր մտնելու ու ժառանգելու երկիրը լեռներու ու հովիտներու երկիր մըն է. երկնքի անձրեւին ջրովը կը ջրուի.12. Այնպիսի երկիր մըն է, որ քու Տէր Աստուածդ կը խնամէ։ Քու Տէր Աստուծոյդ աչքը տարուան սկիզբէն մինչեւ վերջը անոր վրայ է։13. Ուստի եթէ ուշադրութեամբ մտիկ ընէք իմ պատուիրանքներս, որոնք այսօր ձեզի կը պատուիրեմ ու ձեր Տէր Աստուածը սիրէք եւ զանիկա ձեր բոլոր սրտովը ու բոլոր հոգիովը պաշտէք,14. Այն ատեն ձեր երկրին անձրեւը, առաջին ու վերջին անձրեւը, իրենց ատենին պիտի տամ եւ քու ցորենդ, քու գինիդ ու քու իւղդ պիտի հաւաքես։15. Նաեւ քու արտիդ մէջ խոտ պիտի տամ անասուններուդ համար, որպէս զի ուտեն ու կշտանան։16. Ձեր անձերուն զգուշութիւն ըրէք, չըլլայ թէ ձեր սիրտը խաբուի ու դուք շիտակ ճամբայէն խոտորելով օտար աստուածներ պաշտէք ու անոնց երկրպագութիւն ընէք։17. Տէրը ձեզի դէմ սաստիկ բարկանալով երկինքը կը գոցէ, որպէս զի անձրեւ չգայ ու երկիր իր պտուղը չտայ եւ Տէրոջը ձեզի տուած բարի երկրէն շուտով կորսուիք։18. «Այս իմ խօսքերս ձեր սրտին ու հոգիին մէջ պահեցէք ու զանոնք նշանի համար ձեր ձեռքերուն վրայ կապեցէք ու ճակատնոցի համար ձեր աչքերուն մէջտեղ թող ըլլան19. Եւ զանոնք ձեր տղոցը սորվեցուցէք ու տունը նստած ատենդ, ճամբան քալած ատենդ եւ պառկելու ու ելլելու ատենդ զանոնք պատմէ։20. Զանոնք քու տանդ դրանդիքներուն վրայ ու դռներուդ վրայ գրէ՛.21. Որպէս զի այն երկրին մէջ, որ Տէրը ձեր հայրերուն երդում ըրաւ անոնց տալու, ձեր օրերն ու ձեր որդիներուն օրերը շատնան իբրեւ երկնքի օրեր՝ երկրի վրայ։22. «Քանզի եթէ այս իմ ձեզի պատուիրած բոլոր պատուիրանքներս զգուշութեամբ պահէք ու կատարէք եւ ձեր Տէր Աստուածը սիրէք ու անոր բոլոր ճամբաներուն մէջ քալէք եւ անոր յարիք,23. Տէրն ալ բոլոր ազգերը ձեր առջեւէն պիտի վռնտէ եւ դուք մեծ ու զօրաւոր ազգերու վրայ պիտի տիրէք։24. Ձեր ոտքին ամէն կոխած տեղը ձերը պիտի ըլլայ. ձեր սահմանը անապատէն ու Լիբանանէն, գետէն՝ այսինքն Եփրատ գետէն՝ մինչեւ արեւմտեան ծովը պիտի ըլլայ։25. Բնաւ մէկը պիտի չկարենայ ձեզի դէմ դնել. ձեր Տէր Աստուածը ձեր ամէն կոխած երկրի վրայ ձեզմէ վախ մը ու սոսկում մը պիտի բերէ, ինչպէս ձեզի ըսաւ։26. «Ահա ես այսօր ձեր առջեւ օրհնութիւն ու անէծք կը դնեմ.27. Օրհնութիւնը՝ եթէ հնազանդութիւն ընէք ձեր Տէր Աստուծոյն պատուիրանքներուն, որոնք ես այսօր ձեզի կը պատուիրեմ28. Եւ անէծքը՝ եթէ ձեր Տէր Աստուծոյն պատուիրանքներուն չհնազանդիք ու խոտորիք այն ճամբայէն, որ ես այսօր ձեզի կը պատուիրեմ ու ձեր չճանչցած օտար աստուածներուն ետեւէն երթաք։29. Ուստի երբ քու Տէր Աստուածդ քեզ տանի այն երկիրը, ուր պիտի մտնես ու ժառանգես, օրհնութիւնը Գարիզին լերանը վրայ ու անէծքը Գեբաղ լերանը վրայ պիտի դնես։30. Ահա ասոնք Յորդանանի անդիի կողմը արեւմտեան ճամբուն վրայ, Մօրէի կաղնիներուն մօտ, Գաղգաղայի դիմացի հովտին մէջ բնակող Քանանացիներուն երկրին մէջ են։31. Որովհետեւ դուք Յորդանանէն պիտի անցնիք, որպէս զի մտնէք ու ժառանգէք այն երկիրը, որ ձեր Տէր Աստուածը ձեզի պիտի տայ ու զանիկա պիտի ժառանգէք եւ անոր մէջ պիտի բնակիք։32. Ուրեմն զգուշութեամբ գործադրեցէք այն բոլոր կանոններն ու օրէնքները, որոնք ես այսօր ձեր առջեւ կը դնեմ»։Օրենք 12:1-311. «Ասոնք են այն կանոններն ու օրէնքները, որոնք դուք պահելու եւ ընելու էք այն երկրին մէջ որ ձեր հայրերուն Տէր Աստուածը ձեզի պիտի տայ իբր ժառանգութիւն, որչափ ժամանակ որ երկրի վրայ ապրիք։2. Այն բոլոր տեղերը, ուր պարտուած ազգերը՝ բարձր լեռներու վրայ, բլուրներու վրայ ու ամէն տերեւալից ծառերու տակ՝ իրենց աստուածները պաշտեր են, բոլորովին պէտք է կործանէք,3. Նաեւ անոնց սեղանները փլցնէք եւ անոնց արձանները կոտրտէք, անոնց Աստարովթները կրակով այրէք ու անոնց աստուածներուն կուռքերը կտոր կտոր ընէք եւ անոնց անունները այն տեղէն ոչնչացնէք։4. « Իսկ ձեր Տէր Աստուծոյն այսպէս մի՛ ընէք։5. Բայց դուք պիտի փնտռէք այն տեղը, որ ձեր Տէր Աստուածը բոլոր ցեղերուն մէջէն պիտի ընտրէ իր անուանը բնակութեան համար։ Հոն պիտի երթաք,6. Ձեր ողջակէզները, ձեր զոհերը, ձեր տասանորդները, ձեր բարձրացնելու ընծաները, ձեր ուխտերը, ձեր կամաւոր ընծաներն ու ձեր արջառներուն ու ոչխարներուն անդրանիկները հոն պիտի տանիք7. Եւ հոն ձեր Տէր Աստուծոյն առջեւ պիտի ուտէք եւ ձեր Տէր Աստուածը ձեզ օրհնելուն համար՝ ձեր ամէն ձեռք զարկած բաներուն մէջ պիտի ուրախանաք, թէ՛ դուք եւ թէ՛ ձեր ընտանիքը։8. «Մի՛ ընէք այն ամենուն համեմատ, որ մենք այսօր այստեղ կ’ընենք, այսինքն ամէն մարդ իր աչքերուն հաճոյ եղածին պէս9. Քանզի մինչեւ հիմա չհասաք այն հանգստութեանն ու ժառանգութեանը, որ ձեր Տէր Աստուածը ձեզի պիտի տայ։10. Բայց դուք Յորդանանէն պիտի անցնիք ու պիտի բնակիք այն երկրին մէջ, որ ձեր Տէր Աստուածը ձեզի ժառանգութիւն պիտի տայ ու ձեր բոլոր շրջակայ թշնամիներէն ձեզ պիտի հանգստացնէ ու ապահովութեամբ պիտի բնակիք։11. Այն տեղը, որ ձեր Տէր Աստուածը պիտի ընտրէ իր անուանը բնակութեանը համար, բոլոր ձեզի պատուիրածներս պիտի տանիք՝ ձեր ողջակէզները, ձեր զոհերը, ձեր տասանորդները, ձեր բարձրացնելու ընծաներն ու ձեր բոլոր ուխտերուն ընտիր ընծաները, որոնք Տէրոջը պիտի նուիրէք12. Եւ ձեր Տէր Աստուծոյն առջեւ ուրախութիւն պիտի ընէք, թէ՛ դուք, թէ՛ ձեր տղաքներն ու աղջիկները, ձեր ծառաներն ու աղախինները եւ թէ՛ ձեր դռները եղող Ղեւտացին, վասն զի անիկա ձեզի հետ բաժին ու ժառանգութիւն չունի։13. «Ուշադիր եղիր, չըլլայ թէ ամէն տեսած տեղդ քու ողջակէզներդ մատուցանես.14. Այլ քու ողջակէզներդ ա՛յն տեղը պիտի մատուցանես, որ Տէրը քու ցեղերէդ մէկուն մէջ պիտի ընտրէ։ Հոն իմ բոլոր պատուիրած բաներս պիտի կատարես։15. Սակայն բոլոր քաղաքներուդ մէջ սրտիդ ուզածին պէս անասուններ կրնաս մորթել ու միսը ուտել, որչափ որ քու Տէր Աստուածդ քեզի օրհնութիւն տուեր է ու զանիկա անմաքուր ու մաքուր մարդը այծեամի ու եղջերուի պէս կրնան ուտել։16. Բայց արիւնը մի՛ ուտէք. զանիկա ջուրի պէս գետինը թափեցէք։17. «Ցորենիդ, գինիիդ ու իւղիդ տասանորդները, արջառներուդ ու հօտերուդ անդրանիկները, բոլոր ուխտի նուէրներդ եւ կամաւոր ու բարձրացնելու ընծաներդ քու դռներուդ մէջ մի՛ ուտեր.18. Այլ զանոնք քու Տէր Աստուծոյդ ընտրած տեղը կեր, թէ՛ դուն, թէ՛ քու տղադ ու աղջիկդ, թէ՛ ծառադ ու աղախինդ եւ թէ՛ քու դռներդ եղող Ղեւտացին եւ քու Տէր Աստուծոյդ առջեւ քու բոլոր ձեռնարկներուդ վրայ պիտի ուրախանաս։19. Զգոյշ կեցիր, չըլլայ թէ Ղեւտացին անտես ընես, քանի որ ողջ ես քու երկրիդ վրայ։20. «Երբ քու Տէր Աստուածդ քեզի ըսածին պէս քու սահմանդ ընդարձակէ ու սիրտդ միս ուտել ուզէ՝ ‘Միս ուտեմ’ ըսես, սրտիդ բոլոր ցանկութեանը պէս կեր։21. Եթէ քեզմէ հեռու ըլլայ այն տեղը, որ քու Տէր Աստուածդ պիտի ընտրէ իր անունը հոն դնելու համար, քեզի պատուիրածիս պէս քու արջառներէդ ու ոչխարներէդ մորթէ՛, որոնք Տէրը քեզի պիտի տայ ու քու սրտիդ բոլոր ցանկութեանը պէս քու քաղաքներուդ մէջ կեր։22. Այծեամն ու եղջերուն ի՛նչպէս կ’ուտուի, զանոնք ալ այնպէս կեր։ Անմաքուր ու մաքուր մարդը անխտիր թող ուտեն։23. Բայց զգուշացիր, որ արիւնը չուտես. վասն զի արիւնը ոգին է ու ոգին միսին հետ մի՛ ուտեր։24. Զանիկա մի՛ ուտեր, այլ ջուրի պէս գետինը թափէ։25. Զանիկա մի՛ ուտեր, որպէս զի քեզի ու քեզմէ ետքը քու որդիներուդ աղէկ ըլլայ՝ Տէրոջը առջեւ ուղիղ սեպուածը ընելովդ։26. Բայց քու նուէրներդ եւ ուխտերդ ա՛ռ ու Տէրոջը ընտրած տեղը գնա՛։27. Քու ողջակէզներուդ միսն ու արիւնը, քու զոհերուդ արիւնը քու Տէր Աստուծոյդ սեղանին վրայ թափէ՛, բայց միսը կե՛ր։28. «Ուշադրութեամբ հնազանդիր այս բոլոր խօսքերուն, որոնք քեզի պատուիրեցի, որպէս զի քու Տէր Աստուծոյդ առջեւ աղէկ ու հաճոյ եղածը ընելովդ՝ քեզի ու քեզմէ յետոյ քու որդիներուդ յաւիտեան աղէկ ըլլայ։29. «Երբ քու Տէր Աստուածդ քու առջեւէդ ջարդէ այն ազգերը, որոնց երկիրը դուն պիտի ժառանգես ու երբ զանոնք ժառանգես ու անոնց երկրին մէջ բնակիս,30. Զգոյշ կեցի՛ր, չըլլա՛յ որ անոնց քու առջեւէդ բնաջինջ ըլլալէն ետքը անոնց հետեւելով՝ որոգայթի մէջ իյնաս եւ չըլլա՛յ որ անոնց աստուածներուն վրայով հարցուփորձես՝ ըսելով. ‘Այս ազգերը ի՞նչպէս իրենց աստուածները կը պաշտէին. ես ալ այնպէ՛ս ընեմ’։31. Դուն քու Տէր Աստուծոյդ այնպէս մի՛ ըներ, քանզի անոնք Տէրոջը ատելի եղած բոլոր գարշելի բաները իրենց աստուածներուն կ’ընէին. որովհետեւ անոնք իրենց աստուածներուն պատիւ ընելու համար մինչեւ անգամ իրենց տղաքներն ու աղջիկները կրակով կ’այրէին։Սաղմոսներ 37:18-2218. Տէրը արդարներուն օրերը գիտէ Եւ անոնց ժառանգութիւնը յաւիտենական պիտի ըլլայ.19. Փորձանքի ժամանակ պիտի չամչնան Ու սովի օրերը պիտի կշտանան։20. Բայց ամբարիշտները պիտի կորսուին Ու Տէրոջը թշնամիները գառնուկներու ճարպին պէս պիտի սպառին, Մուխի պէս պիտի ցնդին։21. Ամբարիշտը փոխ կ’առնէ ու չի վճարեր. Սակայն արդարը կ’ողորմի ու կու տայ։22. Վասն զի անոր օրհնածները պիտի ժառանգեն երկիրը, Բայց անկէ անիծուածները պիտի կորսուին։Առակներ 12:12-1412. Ամբարիշտը չարերուն աւարին կը փափաքի, Բայց արդարներուն արմատը պտուղ կուտայ։13. Չարը իր շրթունքներուն յանցանքովը որոգայթը կ’իյնայ, Բայց արդարը նեղութենէ կ’ազատի։14. Մարդը իր բերնին պտուղէն բարիքներով պիտի լեցուի Եւ իր գործերուն հատուցում պիտի ընդունի։Ղուկասը 2:1-241. Այն օրերը Օգոստոս կայսրէն հրաման ելաւ որ բոլոր աշխարհ գրուի։2. (Այս առաջին աշխարհագիրը եղաւ Կիւրենոսի Սիւրիոյ վրայ կուսակալութիւն ըրած ատենը)։3. Ամէնքը կ’երթային աշխարհագիրը մտնելու՝ ամէն մէկը իր քաղաքին մէջ։4. Յովսէփ ալ Գալիլիայէն, Նազարէթ քաղաքէն, ելաւ դէպի Հրէաստան, Դաւիթին քաղաքը, որ Բեթլեհէմ կը կոչուի, (ինք Դաւիթին տունէն ու ազգատոհմէն ըլլալուն համար),5. Աշխարհագիրը մտնելու Մարիամին հետ մէկտեղ, որ իր նշանածն էր եւ յղի էր։6. Երբ անոնք հոն էին, անոր ծնանելու օրերը լեցուեցան,7. Իր անդրանիկ որդին ծնաւ ու խանձարուրով փաթթեց եւ զանիկա մսուրին մէջ պառկեցուց, վասն զի իջեւանին մէջ իրենց տեղ չկար։8. Այն տեղը հովիւներ կային դաշտին մէջ կեցած, որոնք իրենց հօտերուն գիշերուան պահպանութիւնը կ’ընէին։9. Ահա Տէրոջը հրեշտակը անոնց վրայ իջաւ ու Տէրոջը փառքը անոնց բոլորտիքը ծագեցաւ ու խիստ շատ վախցան։10. Բայց հրեշտակը ըսաւ անոնց. «Մի՛ վախնաք, վասն զի ահա ես ձեզի մեծ ուրախութեան աւետիս մը կու տամ, որ բոլոր ժողովուրդին պիտի ըլլայ։11. Վասն զի այսօր Փրկիչ մը ծնաւ Դաւիթին քաղաքին մէջ, որ Օծեալ Տէր է։12. Եւ այս ձեզի նշան մը ըլլայ՝ մանուկ մը պիտի գտնէք խանձարուրով փաթթուած ու մսուրի մէջ պառկած»։13. Իսկոյն այն հրեշտակին հետ երկնային զօրքերու բազմութիւն մը եղաւ, որոնք Աստուած կ’օրհնէին ու կ’ըսէին.14. « Երկնքի բարձրութեան մէջ Աստուծոյ փառք, երկրի վրայ խաղաղութիւն, մարդոց մէջ հաճութիւն»։15. Երբ հրեշտակները անոնցմէ երկինք վերցուեցան, հովիւները իրարու ըսին. «Եկէք մինչեւ Բեթլեհէմ երթանք ու տեսնենք թէ ի՞նչ է այս եղած բանը, որ Տէրը մեզի ցուցուց»։16. Գացին արտորալով եւ գտան Մարիամը ու Յովսէփը եւ մսուրին մէջ պառկած մանուկը։17. Երբ տեսան, իմացուցին այն խօսքերը որ այս մանուկին համար իրենց ըսուեցաւ։18. Ամէնքը որ կը լսէին, կը զարմանային այն բաներուն վրայ, որոնք հովիւները իրենց կ’ըսէին։19. Բայց Մարիամ այս ամէն բաները կը պահէր ու իր սրտին մէջ կը մտածէր։20. Հովիւները դարձան, փառաւորեցին ու օրհնեցին Աստուած այն ամէն բաներուն համար, որոնք լսեցին ու տեսան, ինչպէս իրենց ըսուած էր։21. Երբ ութ օրերը լման եղան մանուկը տարին թլփատելու։ Անոր անունը Յիսուս դրուեցաւ, որ հրեշտակէն կոչուած էր՝ դեռ ինք մօրը որովայնին մէջ չյղացած։22. Մովսէսին օրէնքին համեմատ երբ անոնց մաքրութեան օրերը լմնցան, Երուսաղէմ տարին զանիկա Տէրոջը առջեւ հանելու,23. (Ինչպէս գրուած է Տէրոջը օրէնքին մէջ, թէ՝ ‘Ամէն արու որ արգանդ կը բանայ՝ Տէրոջը սուրբ ըսուի’),24. Տէրոջը օրէնքին մէջ ըսուածին պէս ընծայ տալու՝ զոյգ մը տատրակ կամ աղաւնիի երկու ձագ։ Armenian Western Bible 1853 Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981