1. «Եթէ ձեր մէջէն մարգարէ մը կամ երազատես մը ելլէ ու ձեզի նշան մը կամ հրաշք մը ընէ
2. Եւ ձեզի ըրած նշանը կամ հրաշքը կատարուի ու ձեզի ըսէ թէ երթանք օտար աստուածներ պաշտենք, որոնք դուք չէք ճանչցած,
3. Այն մարգարէին կամ երազատեսին խօսքին մտիկ մի՛ ընէք. քանզի ձեր Տէր Աստուածը ձեզ կը փորձէ, որպէս զի հասկնայ թէ արդեօք դուք ձեր Տէր Աստուածը ձեր բոլոր սրտովը ու բոլոր հոգիովը կը սիրէ՞ք։
4. Ձեր Տէր Աստուծոյն հետեւեցէք ու անկէ վախցէք, անոր պատուիրանքները պահեցէք ու անոր խօսքին հնազանդեցէք, զանիկա պաշտեցէք ու անոր յարեցէք։
5. Այն մարգարէն կամ երազատեսը պէտք է մեռցուի, վասն զի ձեզ Եգիպտոսի երկրէն հանող ու ձեզ ծառայութեան տունէն ազատող ձեր Տէր Աստուծոյն դէմ ապստամբութիւն հանելու աշխատեցաւ, որպէս զի ձեզ խոտորեցնէ այն ճամբայէն, որ ձեր Տէր Աստուածը ձեզի պատուիրեց, որ անոր մէջէն քալէք. այս տեսակ չարութիւնը ձեր մէջէն վերցուցէք։
6. «Եթէ քու մօրդ տղան՝ քու եղբայրդ, կամ քու տղադ, կամ՝ աղջիկդ, կամ ծոցիդ կինը եւ կամ քու բարեկամդ, որ քու անձիդ պէս կը սիրես, քեզ մոլորեցնել ուզելով ծածկաբար ըսէ՝ ‘Երթանք եւ օտար աստուածներ պաշտենք’, որոնք ո՛չ դուն ճանչցար, ոչ ալ քու հայրերդ
7. Ձեր բոլորտիքը եղող ազգերուն աստուածներէն, ձեզի մօտ ըլլան կամ ձեզմէ հեռու, երկրի մէկ ծայրէն մինչեւ միւս ծայրը,
8. Անոր հաւանութիւն մի՛ տար, ոչ ալ անոր մտիկ ըրէ։ Քու աչքդ անոր թող չխնայէ, ո՛չ ալ անոր վրայ գութ ունենալով պահես զանիկա,
9. Այլ անշուշտ պէտք է մեռցնես ու զանիկա մեռցնելու համար նախ քու ձեռքդ անոր վրայ ըլլայ ու ետքը բոլոր ժողովուրդին ձեռքը.
10. Քարերով քարկոծես զանիկա, որպէս զի մեռնի. քանզի ուզեց քեզ ապստամբեցնել քու Տէր Աստուծոյդ դէմ, որ քեզ Եգիպտոսի երկրէն, ծառայութեան տունէն, հանեց։
11. Որպէս զի բոլոր Իսրայէլ լսելով վախնայ ու անգամ մըն ալ ձեր մէջ ասոր պէս չարութիւն մը չընեն։
12. «Եթէ քու Տէր Աստուծոյդ՝ բնակութեան համար քեզի տուած քաղաքներէն մէկուն վրայով լսես, որ կ’ըսէր թէ
13. Ձեր մէջէն քանի մը չար մարդիկ՝ ՝ ելան ու իրենց քաղաքին բնակիչները ապստամբեցուցին, ըսելով. ‘Երթանք ձեր չճանչցած օտար աստուածները պաշտենք’,
14. Այն ատեն աղէկ մը քննէ՛ ու հարցուփորձէ՛ ու երբ տեսնես որ ըսուած բանը ճշմարիտ ու ստոյգ է եւ այն գարշելի բանը ձեր մէջ եղած է,
15. Այն քաղաքին բնակիչները անպատճառ սուրի բերնէ պէտք է անցընես, թէ՛ զայն եւ թէ՛ անոր մէջ եղած բոլոր բաները նզովելով. անասուններն ալ սուրի բերնէ պէտք է անցընես ։
16. Անոր բոլոր աւարը անոր հրապարակին մէջ հաւաքէ ու այն քաղաքը եւ անոր բոլոր աւարը քու Տէր Աստուծոյդ համար ամբողջութեամբ կրակով այրէ՛, որ անիկա յաւիտեան աւերակ մնայ ու անգամ մըն ալ չշինուի։
17. Այն նզովուածէն ձեռքիդ մէջ բան մը թող չփակչի։ Որպէս զի Տէրը իր սաստիկ բարկութենէն դառնայ, քեզի ողորմութիւն ու գթութիւն ընէ եւ քեզ շատցնէ, ինչպէս քու հայրերուդ երդում ըրաւ։
18. Դուն քու Տէր Աստուծոյդ ձայնին հնազանդելով անոր բոլոր պատուիրանքները պահէ՛, որոնք ես այսօր քեզի կը յայտնեմ ու Տէր Աստուծոյդ առջեւ ուղիղ եղածը ըրէ՛։
1. «Դուք ձեր Տէր Աստուծոյն որդիներն էք, մեռելի համար ձեր մարմնին վրայ կտրածներ պէտք չէ ընէք ու ձեր ճակատին մէջտեղի մազերը պէտք չէ փետտէք.
2. Քանզի դուն քու Տէր Աստուծոյդ սուրբ ժողովուրդն ես։ Տէրը երկրի բոլոր ժողովուրդներուն մէջէն քեզ ընտրեց, որպէս զի իրեն սեփական ժողովուրդ ըլլաս։
3. «Բնաւ պիղծ բան մի՛ ուտեր։
4. Ասոնք են ձեր ուտելու անասունները՝ արջառը, ոչխարն ու այծը,
5. Եղջերուն, այծեամը, վիթը, խարբուզը, այծքաղը, յամոյրն ու անալութը։
6. Մնացեալ կենդանիներէն բոլոր կճղակաբաշխ (այսինքն կճղակը երկուքի բաժնուած) ու որոճացող անասունները կրնաք ուտել.
7. Բայց որոճացողներէն կամ կճղակաբաշխ եղողներէն հետեւեալները մի՛ ուտէք՝ ուղտը, նապաստակն ու ճագարը. քանզի ասոնք թէպէտեւ կ’որոճան, բայց կճղակաբաշխ չեն։ Անոնք անմաքուր են։
8. Եւ խոզը, որ թէեւ կճղակաբաշխ է, բայց չորոճար, անիկա անմաքուր է։ Ասոնց միսը մի՛ ուտէք ու ասոնց դիակներուն մի՛ դպչիք։
9. «Ջուրերուն մէջ բոլոր եղածներէն հետեւեալները կերէ՛ք՝ ամէն թեւ ու թեփ ունեցողը,
10. Բայց ոեւէ թեւ ու թեփ չունեցող մի՛ ուտէք։ Անոնք անմաքուր են։
11. «Ամէն մաքուր թռչուն կերէք։
12. Բայց մի՛ ուտէք հետեւեալ թռչունները ՝ արծիւը եւ պասկուճն ու գետարծիւը,
13. Ցինն ու անգղը եւ ուրուրը իր տեսակներով
14. Ու ագռաւը իր տեսակներով
15. Եւ ջայլամն ու բուն եւ կկուն ու բազէն իր տեսակներով
16. Եւ հաւպատիրն ու քաջահաւը եւ կարապը
17. Եւ հաւալուսն ու սեւ անգղը եւ հողամաղը
18. Եւ արագիլն ու քարադրը իր տեսակներով եւ յոպոպն ու չիղջը։
19. Բոլոր թռչող զեռունները անմաքուր են. անոնք պէտք չէ ուտուին։
20. Ամէն մաքուր թռչուն կերէ՛ք։
21. «Ինքնիրմէ մեռածը բնաւ մի՛ ուտէք։ Զանիկա քու դռներդ եղող պանդուխտին տուր որպէս զի ուտէ, կամ օտարազգիի մը ծախէ. քանզի դուն քու Տէր Աստուծոյդ սուրբ ժողովուրդն ես։ «Ուլը իր մօրը կաթին մէջ մի՛ եփեր։
22. «Ամէն տարի քու ցանած սերմիդ արդիւնքէն, արտէն ելած ամէն արմտիքներէն, անպատճառ տասանորդ պէտք է տաս։
23. Քու ցորենիդ, գինիիդ ու իւղիդ տասանորդը ու արջառներուդ եւ ոչխարներուդ անդրանիկները քու Տէր Աստուծոյդ առջեւ կե՛ր, այն տեղը, որ ինք իր անուանը բնակութեանը համար պիտի ընտրէ, որպէս զի միշտ քու Տէր Աստուծմէդ վախնալ սորվիս։
24. Եթէ քու Տէր Աստուծոյդ քեզ օրհնելուն համար ճամբան քեզի հեռու ըլլայ եւ այն տեղը՝ որ քու Տէր Աստուածդ պիտի ընտրէ իր անունը հոն դնելու համար, քեզմէ հեռու ըլլալով չկրնաս տասանորդը հոն տանիլ,
25. Այն ատեն զանոնք ծախէ ու ստակը ծրարելով ձեռքդ ա՛ռ եւ քու Տէր Աստուծոյդ ընտրած տեղը գնա։
26. Այն ստակը սրտիդ բոլոր ցանկացած բաներուն, արջառներու կամ ոչխարներու, գինիի կամ օղիի ու սրտիդ ուզածներուն փոխարէն տուր։ Հոն քու Տէր Աստուծոյդ առջեւ կե՛ր եւ ուրախացի՛ր դուն եւ քու ընտանիքդ։
27. Քու դռներդ եղող Ղեւտացին ալ զանց մի՛ ըներ, քանզի անիկա քեզի հետ բաժին ու ժառանգութիւն չունի։
28. «Ամէն երրորդ տարուան վերջաւորութեան նոյն տարուան արմտիքներուն բոլոր տասանորդը հանէ՛ եւ զանիկա քու քաղաքներուդ մէջ պահէ՛.
29. Որպէս զի երբ Ղեւտացին (որ քեզի հետ բաժին ու ժառանգութիւն չունի) եւ դռներդ եղող օտարականը, որբն ու որբեւարին գան՝ ուտեն, կշտանան, որպէս զի քու Տէր Աստուածդ քեզ եւ քու ձեռքերուդ կատարած բոլոր գործերը օրհնէ։
23. Բարի մարդուն քայլերը Տէրոջմէ կը հաստատուին Ու Անիկա անոր ճամբուն կը հաւնի։
24. Թէեւ իյնայ, պիտի չկործանի, Վասն զի Տէրը անոր ձեռքը պիտի բռնէ։
25. Տղայ էի ու ծերացայ, Բայց արդարը անտես եղած չտեսայ, Կամ անոր զաւակը՝ հաց մուրացող։
26. Ամէն օր կ’ողորմի ու փոխ կու տայ Եւ անոր սերունդը օրհնուած է։
27. Չարութենէ ետ կեցի՛ր ու բարութիւն ըրէ՛ Եւ յաւիտեան պիտի մնաս.
28. Վասն զի Տէրը կը սիրէ իրաւունքը Եւ իր սուրբերը երեսէ չի ձգեր. Յաւիտեան կը պահուին անոնք, Բայց ամբարիշտներուն սերունդը պիտի կորսուի։
29. Արդարները պիտի ժառանգեն երկիրը Ու յաւիտեան անոր մէջ պիտի բնակին։
15. Յիմարին ճամբան իր աչքերուն շիտակ է, Բայց իմաստունը խրատին մտիկ կ’ընէ։
16. Յիմարը նոյն օրը կը յայտնէ իր բարկութիւնը, Բայց անարգանքը ծածկողը խելացի է։
25. Այն ատեն Երուսաղէմի մէջ մարդ մը կար, որուն անունը Սիմէոն էր. անիկա արդար ու աստուածավախ էր։ Իսրայէլի մխիթարութեանը կը սպասէր ու Սուրբ Հոգին անոր վրայ էր։
26. Անոր յայտնուած էր Սուրբ Հոգիէն թէ մահ պիտի չտեսնէ, մինչեւ Տէրոջը Օծեալը տեսնէ։
27. Ան ալ Հոգիով տաճարը եկաւ։ Ու երբ ծնողքը բերին Յիսուս մանուկը, որպէս զի օրէնքին սովորութեանը պէս անոր համար ընեն,
28. Ինքն ալ զանիկա իր գիրկն առաւ եւ օրհնեց Աստուած ու ըսաւ.
32. Լոյս մը հեթանոսները լուսաւորելու եւ փառք քու Իսրայէլ ժողովուրդիդ»։
33. Յովսէփ ու անոր մայրը զարմացած էին այն բաներուն վրայ՝ որոնք անոր համար կը խօսուէին։
34. Սիմէոն օրհնեց զանոնք եւ անոր մօրը Մարիամին ըսաւ. «Ահա այս մանուկը Իսրալէլի մէջ շատ մարդոց իյնալուն ու ելլելուն համար ու հակառակութեան նշան մը ըլլալու համար կեցած է.
35. (Եւ քու սրտէդ ալ թուր մը պիտի անցնի.) որպէս զի այսպէս շատ սրտերէ խորհուրդներ յայտնուին»։
36. Հոն էր Աննա մարգարէն, Փանուէլին աղջիկը, Ասերի ցեղէն. ասիկա իր օրերը անցուցած էր, էրկանը հետ եօթը տարի կենալով իր կուսութեան ժամանակէն
37. Եւ որբեւարի էր գրեթէ ութսունըչորս տարեկան ու տաճարէն չէր զատուեր, հապա ծոմով եւ աղօթքով Աստուծոյ ծառայութիւն կ’ընէր գիշեր ու ցորեկ։
38. Ասիկա նոյն ժամուն եկաւ ու Տէրոջը գոհութիւն տուաւ ու անոր վրայով խօսեցաւ այն ամենուն՝ որոնք Երուսաղէմի մէջ փրկութեան կը սպասէին։
39. Երբ ամէն բան կատարեցին Տէրոջը օրէնքին համեմատ, նորէն Գալիլիա դարձան, իրենց Նազարէթ քաղաքը։
40. Մանուկը կը մեծնար ու հոգիով կը զօրանար իմաստութիւնով լեցուած ու Աստուծոյ շնորհքը անոր վրայ էր։
41. Անոր ծնողքը ամէն տարի զատկի տօնին Երուսաղէմ կ’երթային։
42. Ու երբ անիկա տասներկու տարեկան եղաւ, տօնին սովորութեանը պէս անոնք Երուսաղէմ գացին։
43. Երբ օրերը լմնցուցին ու նորէն ետ դարձան, Յիսուս մանուկը Երուսաղէմ մնաց։ Բայց Յովսէփ ու անոր մայրը չէին գիտեր,
44. Հապա կարծելով թէ անիկա ճամբորդներուն հետ է, մէկ օրուան ճամբայ գացին, յետոյ սկսան փնտռել զանիկա իրենց ազգականներուն եւ ճանչուորներուն մէջ։
45. Երբ չգտան, նորէն Երուսաղէմ դարձան զանիկա փնտռելու։
46. Երեք օրէն ետքը տաճարին մէջ գտան զանիկա, որ վարդապետներուն հետ նստեր էր, անոնց մտիկ կ’ընէր ու անոնց բան կը հարցնէր։
47. Անոր ականջ դնողները կը զարմանային անոր իմաստութեանը ու պատասխաններուն վրայ։
48. Երբ տեսան զանիկա, ապշած մնացին։ Մայրը ըսաւ անոր. «Ո՛րդեակ, ինչո՞ւ համար մեզի այդպէս ըրիր. ահա քու հայրդ ու ես խիստ վշտացած քեզ կը փնտռէինք»։
49. Յիսուս ըսաւ անոնց. «Զիս ինչո՞ւ կը փնտռէիք. չէի՞ք գիտեր թէ ինծի պէտք է որ իմ Հօրս տունը ըլլամ»։
50. Անոնք չհասկցան այն խօսքը որ իրենց ըսուեցաւ։
51. Եւ իջաւ անոնց հետ ու գնաց Նազարէթ եւ անոնց հնազանդ էր. բայց անոր մայրը այս բոլոր խօսքերը իր սրտին մէջ կը պահէր։
52. Յիսուս կը զարգանար իմաստութիւնով ու հասակով եւ Աստուծմէ ու մարդոցմէ շնորհք գտնելով ։
Armenian Western Bible 1853
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ Bible Society in Lebanon, 1981