Աստվածաշունչը մեկ տարում Մարտ 27Օրենք 15:1-231. «Եւ ամէն եօթներորդ տարի պարտքեր շնորհէ՛։ Շնորհելու կանոնը այս է՝2. Ամէն պարտատէր որ իր դրացիին բան մը փոխ տուած է, զանիկա պիտի շնորհէ. իր դրացիէն կամ եղբօրմէն պիտի չպահանջէ զայն, վասն զի թողութիւն յայտարարուած է Տէրոջմէ։3. Օտարազգիէն պիտի պահանջես, բայց քու եղբօրմէդ առնելիքդ պիտի շնորհես.4. Մինչեւ որ քու քովդ աղքատ չգտնուի. վասն զի Տէրը անշուշտ քեզ պիտի օրհնէ այն երկրին մէջ, որ քու Տէր Աստուածդ քեզի ժառանգութիւն պիտի տայ, որպէս զի անոր տիրես։5. Միայն՝ եթէ քու Տէր Աստուծոյդ խօսքին ամէն կերպով հնազանդիս ու այս բոլոր պատուիրանքները, որոնք ես այսօր քեզի կը պատուիրեմ՝ զգուշութեամբ գործադրես,6. Քու Տէր Աստուածդ ալ քեզի ըսածին պէս քեզ պիտի օրհնէ եւ դուն շատ ազգերու փոխ պիտի տաս, բայց դուն փոխ մի՛ առներ, քանզի դուն շատ ազգերու վրայ պիտի տիրես, բայց անոնք քու վրադ թող չտիրեն։7. «Քու Տէր Աստուծոյդ քեզի տուած երկրին մէջ, քու քաղաքներէդ մէկուն մէջ, եթէ եղբայրներէդ մէկը աղքատ ըլլայ, խստասրտութիւն մի՛ ըներ ու աղքատ եղբօրդ ձեռքը մի՛ գոցեր։8. Հապա անպատճառ ձեռքդ բաց անոր ու անոր կարօտութեանը բաւելու չափ անոր տո՛ւր։9. Զգոյշ կեցի՛ր, չըլլայ թէ սրտիդ մէջէն չար խորհուրդ մը անցընես ու եօթներորդ տարին, շնորհելու տարին, մօտ է՝ մտածելով՝ աղքատ եղբօրդ վրայ անգութ աչքով նայիս ու անոր փոխ չտաս եւ ան ալ քեզի դէմ Տէրոջը աղաղակէ ու դուն մեղքի տէր ըլլաս։10. Անպատճառ անոր տուր ու անոր տալու ատենդ սիրտդ թող չնեղուի. վասն զի Տէր Աստուածդ այս պատճառով քու բոլոր գործերուդ ու ձեռնարկներուդ մէջ քեզ պիտի օրհնէ։11. Որովհետեւ երկրին մէջէն աղքատ պակաս պիտի չըլլայ, անոր համար քեզի կը պատուիրեմ ու կ’ըսեմ՝ ‘Քու երկրիդ մէջ եղած աղքատ ու չքաւոր եղբօրդ ձեռքդ բաց ըլլայ’։12. «Եթէ քու եղբայրներէդ Եբրայեցի մարդ մը կամ կին մը քեզի ծախուի, անիկա վեց տարի քեզի ծառայութիւն թող ընէ, բայց եօթներորդ տարին զանիկա ազատ արձակէ՛։13. Ազատ արձակելու ատենդ զանիկա պարապ մի՛ արձակեր.14. Քու ոչխարներէդ, քու կալէդ եւ քու հնձանէդ անպատճառ պարգեւ մը տուր անոր. քու Տէր Աստուածդ ինչպէս քեզ օրհնեց, նոյնպէս տուր անոր։15. Միտքդ բե՛ր, թէ դուն ալ Եգիպտոսի մէջ ծառայ էիր ու քու Տէր Աստուածդ քեզ անկէ փրկեց։ Այս պատճառով այսօր քեզի կը պատուիրեմ այս բանը։16. Բայց եթէ քեզ եւ քու տունդ սիրելուն համար ու անիկա քու քովդ հանգիստ ըլլալուն համար ‘Քովէդ չեմ ելլեր’ ըսէ,17. Այն ատեն հերիւն մը ա՛ռ ու անոր ականջը դրանը վրայ ծակէ՛ եւ անիկա քեզի յաւիտեան ծառայ թող ըլլայ։ Աղախինիդ ալ նոյնպէս ըրէ։18. Զանիկա քու քովէդ ազատ արձակելդ դժուար թող չերեւնայ քեզի, վասն զի քեզի վեց տարի ծառայութիւն ըրած է, որ վարձկանի մը վարձքին կրկնապատիկ արժէքը ունի ու քու Տէր Աստուածդ բոլոր գործերուդ մէջ քեզ պիտի օրհնէ։19. «Քու արջառներէդ ու հօտերէդ ծնած ամէն արու անդրանիկները քու Տէր Աստուծոյդ նուիրէ՛։ Արջառներուդ անդրանիկներովը մի՛ գործեր ու անդրանիկ ոչխարներուդ բուրդը մի՛ կտրեր։20. Ամէն տարի քու Տէր Աստուծոյդ առջեւ, Տէրոջը ընտրած տեղը, կերէք զանոնք դուն եւ քու ընտանիքդ։21. Բայց եթէ անոնք արատաւոր ըլլան, կաղ կամ կոյր ըլլան, կամ ոեւէ ուրիշ գէշ արատ մը ունենան, զանոնք քու Տէր Աստուծոյդ մի՛ զոհեր։22. Այնպիսին քու քաղաքներուդ մէջ կե՛ր։ Անմաքուր ու մաքուր եղողները անխտրաբար կրնան ուտել այծեամի ու եղջերուի պէս։23. Միայն անոր արիւնը մի՛ ուտեր, այլ ջուրի պէս գետինը թափէ զայն։Օրենք 16:1-221. «Ապիպ ամսուն ուշադրութիւն ըրէ, որպէս զի զատիկը ընես քու Տէր Աստուծոյդ. վասն զի քու Տէր Աստուածդ Ապիպ ամսուան մէջ գիշերով հանեց քեզ Եգիպտոսէն։2. Զատկին համար քու Տէր Աստուծոյդ ոչխարներ ու արջառներ մորթէ՛ այն տեղը, որ Տէրը պիտի ընտրէ իր անուանը բնակութեանը համար։3. Անոր հետ խմորեալ հաց մի՛ ուտեր, եօթը օր դառնութեան անխմոր հաց պիտի ուտես անոր հետ. վասն զի Եգիպտոսի երկրէն տագնապով ելար. որպէս զի քու կեանքիդ բոլոր օրերուն մէջ Եգիպտոսի երկրէն ելած օրդ միտքդ բերես։4. Քու բոլոր սահմաններուդ մէջ եօթը օր բնաւ խմոր թող չերեւնայ քովդ ու նախորդ իրիկունը մորթուած միսը մինչեւ առտու թող չմնայ։5. Քու Տէր Աստուծոյդ քեզի տուած քաղաքներէն ոեւէ մէկուն մէջ զատիկը մի՛ մորթեր.6. Հապա միայն այն տեղ՝ որ քու Տէր Աստուածդ պիտի ընտրէ իր անուանը բնակութեանը համար. հոն մորթէ՛ զատիկը իրիկուան դէմ՝ արեւին մարը մտած ատենը, Եգիպտոսէն ելած ժամանակդ։7. Քու Տէր Աստուծոյդ ընտրած տեղը զանիկա եփէ եւ կեր եւ առտուն դարձիր՝ տունդ գնա՛։8. Վեց օր բաղարջ պիտի ուտես ու եօթներորդ օրը քու Տէր Աստուծոյդ համար տօնախմբութեան օր պիտի ըլլայ եւ գործ մը չընես։9. «Դուն եօթը շաբաթ հաշուէ։ Եօթը շաբաթները հաշուել սկսէ, այն օրէն երբ սկսիս մանգաղով հնձել։10. Ետքը քու Տէր Աստուծոյդ շաբաթներուն տօնը պահելով, քու Տէր Աստուծոյդ քեզի տուած օրհնութեանը համեմատ, ձեռքէդ եկած կամաւոր ընծան տո՛ւր։11. Այն տեղ, որ քու Տէր Աստուածդ պիտի ընտրէ իր անուանը բնակութեանը համար՝ հոն քու Տէր Աստուծոյդ առջեւ ուրախութիւն ըրէք դուն ու քու տղադ եւ աղջիկդ, քու ծառադ ու աղախինդ ու քու քաղաքներուդ մէջ եղող Ղեւտացին եւ ձեր մէջ գտնուած օտարականը, որբն ու որբեւարին։12. Եգիպտոսի մէջ ծառայ ըլլալդ միտքդ բերելով՝ այս կանոնները զգուշութեամբ գործադրէ՛։13. «Քու կալիդ ու հնձանիդ բերքը հաւաքելէդ ետքը եօթը օր տաղաւարահարաց տօնը պահէ։14. Տօնիդ մէջ ուրախութիւն ըրէք դուն ու քու տղադ եւ աղջիկդ, քու ծառադ ու աղախինդ, քաղաքներուդ մէջ եղող Ղեւտացին, օտարականը եւ որբն ու որբեւարին։15. Քու Տէր Աստուածդ քու բոլոր բերքերդ ու ձեռքիդ բոլոր գործերը օրհնելուն համար, Տէրոջը ընտրած տեղը քու Տէր Աստուծոյդ եօթը օր տօն պահելով ուրախութիւն ըրէ։16. «Տարին երեք անգամ, այսինքն բաղարջակերաց տօնին, շաբաթներու տօնին ու տաղաւարահարաց տօնին, քու բոլոր արուներդ՝ քու Տէր Աստուծոյդ առջեւ պիտի երեւնան՝ այն տեղ, որ ինք պիտի ընտրէ ու մէկը Տէրոջը առջեւ ձեռքը պարապ թող չելլէ։17. Ամէն մէկը, քու Տէր Աստուծոյդ քեզի տուած օրհնութեանը համեմատ, ձեռքէն եկածին չափ նուէր թող բերէ ։18. «Քու Տէր Աստուծոյդ քեզի տուած բոլոր քաղաքներուն մէջ՝ քու ցեղերուդ համեմատ՝ քեզի դատաւորներ ու ոստիկաններ կարգէ, որ անոնք արդար դատաստանով ժողովուրդը դատեն։19. Իրաւունքը մի՛ ծռեր, աչառութիւն մի՛ ըներ ու կաշառք մի՛ առներ. վասն զի կաշառքը իմաստուններուն աչքը կը կուրցնէ ու արդարներուն խօսքը սուտ կը հանէ։20. Արդարութեան, միայն արդարութեան հետեւիր, որպէս զի ողջ մնաս եւ քու Տէր Աստուծոյդ քեզի տալու երկիրը ժառանգես։21. «Քու Տէր Աստուծոյդ համար շինելու սեղանիդ քով ոեւէ անտառ մի՛ տնկեր քեզի։22. Արձան ալ մի՛ կանգնեցներ քեզի, որմէ քու Տէր Աստուածդ կը զզուի»։Սաղմոսներ 37:30-3630. Արդարին բերանը իմաստութեամբ կը խօսի Ու անոր լեզուն իրաւունքը կը յայտնէ։31. Իր Աստուծոյն օրէնքը իր սրտին մէջ է Եւ անոր քայլերը պիտի չսահին։32. Մեղաւորը արդարը կը դիտէ Եւ զանիկա մեռցնելու ետեւէ կ’ըլլայ։33. Տէրը չարին ձեռքը պիտի չձգէ զանիկա Եւ անոր դատաստանը տեսնուած ատեն պիտի չդատապարտէ զանիկա։34. Տէրոջը համբերէ՛ ու անոր ճամբան պահէ՛ Եւ անիկա քեզ պիտի բարձրացնէ, որպէս զի երկիրը ժառանգես։ Ամբարիշտներուն սատակումը պիտի տեսնես։35. Ամբարիշտը զօրացած տեսայ Ու իր տեղը կեցող կանանչ ծառի մը պէս տարածուած,36. Բայց ան անցաւ ու ահա չկայ։ Զանիկա փնտռեցի, բայց չգտայ։Առակներ 12:17-1917. Ճշմարտութիւն խօսողը արդարութիւնը կը յայտնէ, Իսկ սուտ վկան՝ նենգութիւնը։18. Մարդիկ կան, որոնց անմիտ խօսքերը սուրի պէս կը խոցոտեն, Բայց իմաստուններուն լեզուն բժշկութիւն է։19. Ճշմարտախօս շրթունքը միշտ հաստատ կը մնայ, Բայց ստախօս լեզուն վայրկենական է.Ղուկասը 3:1-381. Տիբերիոս կայսրին թագաւորութեան տասնըհինգերորդ տարին, Պոնտացի Պիղատոսին Հրէաստանի վրայ կուսակալութիւն ըրած ատենը ու Հերովդէսին Գալիլիացիներուն վրայ չորրորդապետութեան ատենը եւ անոր եղբօրը Փիլիպպոսին Իտուրացիներուն եւ Տրաքոնացիներուն երկրին վրայ չորրորդապետութեան ատենը եւ Լիւսանիային Աբիլինացիներուն վրայ չորրորդապետութեան ատենը2. Եւ Աննային ու Կայիափային քահանայապետութեան ատենը Աստուծոյ խօսքը եղաւ Զաքարիային որդիին Յովհաննէսին անապատին մէջ։3. Անիկա եկաւ Յորդանանի բոլոր կողմերը եւ ապաշխարութեան մկրտութիւն կը քարոզէր մեղքերու թողութեան համար.4. Ինչպէս Եսայի մարգարէին գրքին մէջ գրուած է՝ ըսելով. «Անապատին մէջ կանչողին ձայնը, Տէրոջը ճամբան պատրաստեցէք, անոր շաւիղները շտկեցէք։5. Ամէն ձոր պիտի լեցուի եւ ամէն լեռ ու բլուր պիտի ցածնայ եւ ծուռը պիտի շտկուի ու խորտուբորտ տեղերը հարթ ճամբաներ պիտի ըլլան։6. Եւ ամէն մարմին Աստուծոյ փրկութիւնը պիտի տեսնէ»։7. Իրմէն մկրտուելու ելլող ժողովուրդին ըսաւ. «Իժերո՛ւ ծնունդներ, ո՞վ իմացուց ձեզի գալու բարկութենէն փախչիլ։8. Ուրեմն ապաշխարութեան արժանաւոր պտուղ բերէք եւ մի՛ սկսիք ձեր ներսիդին ըսել թէ՝ ‘Մենք մեզի հայր Աբրահամը ունինք’, քանզի կ’ըսեմ ձեզի թէ Աստուած կարող է այս քարերէն Աբրահամի որդիներ հանել։9. Ալ հիմա կացինը ծառերուն արմատին քով կը դրուի. ուստի ամէն ծառ որ բարի պտուղ չի բերեր, պիտի կտրուի ու կրակը պիտի ձգուի»։10. Եւ ժողովուրդները կը հարցնէին իրեն ու կ’ըսէին. «Ուրեմն ի՞նչ ընենք»։11. Պատասխան տուաւ ու ըսաւ անոնց. «Ով որ երկու հանդերձ ունի, թող մէկը չունեցողին տայ եւ ով որ կերակուր ունի, նոյնպէս ընէ»։12. Մաքսաւորներ ալ եկան մկրտուելու ու ըսին անոր. «Վա՛րդապետ, մե՞նք ինչ ընենք»։13. Ան ալ ըսաւ անոնց. «Ձեզի հրամայուածէն աւելի բան մի պահանջէք»։14. Զինուորներն ալ կը հարցնէին անոր ու կ’ըսէին. «Մե՞նք ինչ ընենք»։ Ըսաւ անոնց. «Մէկը մի՛ հարստահարէք. եւ մարդու վրայ զրպարտութիւն մի՛ ընէք ու ձեր թոշակով բաւականացէք»։15. Երբ ժողովուրդը կը սպասէր եւ ամէնքը իր սրտերնուն մէջ կը մտածէին Յովհաննէսին համար՝ թէ ‘Ա՞ս է արդեօք Քրիստոսը’,16. Յովհաննէս պատասխան տուաւ ամենուն ու ըսաւ. «Ես ձեզ ջրով կը մկրտեմ, բայց ինծմէ աւելի զօրաւորը պիտի գայ, որուն կօշիկներուն կապերը քակելու արժանի չեմ, անիկա ձեզ պիտի մկրտէ Սուրբ Հոգիով եւ կրակով.17. Որուն հեծանոցը իր ձեռքն է եւ իր կալը պիտի մաքրէ ու ցորենը իր ամբարը պիտի ժողվէ եւ յարդը չմարող կրակով պիտի այրէ»։18. Ուրիշ շատ բաներ ալ կը քարոզէր՝ ժողովուրդը յորդորելով։19. Հերովդէս չորրորդապետը անկէ յանդիմանուելով իր եղբօր կնոջ, Հերովդիային եւ բոլոր չարութիւններուն համար, որոնք Հերովդէս գործեց,20. Այն ամենուն վրայ այս ալ աւելցուց, որ Յովհաննէսը բանտարկեց։21. Բոլոր ժողովուրդը մկրտուեցաւ։ Երբ Յիսուս ալ մկրտուելով աղօթք կ’ընէր, երկինքը բացուեցաւ22. Եւ Սուրբ Հոգին մարմնաւոր երեւոյթով աղաւնիի պէս անոր վրայ իջաւ ու երկնքէն ձայն մը եկաւ, որ կ’ըսէր. «Դուն ես իմ սիրելի Որդիս, քեզի հաւնեցայ»։23. Երբ Յիսուս իր գործը սկսաւ գրեթէ երեսուն տարեկան էր։ (Ինչպէս կը կարծուէր) Ան որդին էր Յովսէփի, որ Հեղիի, որ Մատաթի,24. Որ Ղեւիի, որ Մեղքիի, որ Յաննէի, որ Յովսէփի,25. Որ Մատաթիայի, որ Ամովսի, որ Նաւումի, որ Եսղիի, որ Նանգէի,26. Որ Մաաթի, որ Մատաթիայի, որ Սէմէիի, որ Յովսէփի, որ Յուդայի,27. Որ Յովհաննայի, որ Րեսայի, որ Զօրաբաբէլի, որ Սաղաթիէլի, որ Ներիի,28. Որ Մեղքիի, որ Ադդիի, որ Կովսամի, որ Եղմովդադի, որ Էրի,29. Որ Յովսէսի, որ Եղիազարի, որ Յովրիմի, որ Մատաթի, որ Ղեւիի,30. Որ Սիմէոնի, որ Յուդայի, որ Յովսէփի, որ Յովնանի, որ Եղիակիմի,31. Որ Մելիայի, որ Մայնանի, որ Մատաթայի, որ Նաթանի, որ Դաւիթի,32. Որ Յեսսէի, որ Ովբէթի, որ Բոոսի, որ Սաղմոնի, որ Նաասոնի,33. Որ Ամինադաբի, որ Արամի, որ Եսրոնի, որ Փարէսի, որ Յուդայի,34. Որ Յակոբի, որ Իսահակի, որ Աբրահամի, որ Թարայի, որ Նաքովրի,35. Որ Սերուգի, որ Ռագաւի, որ Փաղէկի, որ Եբերի, որ Սաղայի,36. Որ Կայնանի, որ Արփաքսադի, որ Սէմի, որ Նոյի, որ Ղամէքի,37. Որ Մաթուսաղայի, որ Ենովսի, որ Յարեդի, որ Մաղաղիէլի, որ Կայնանի,38. Որ Ենովսի, որ Սէթի, որ Ադամի, որ Աստուծոյ։ Armenian Western Bible 1853 Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981