1. «Արատ մը կամ ոեւէ պակասութիւն ունեցող արջառ կամ ոչխար քու Տէր Աստուծոյդ զոհ մի՛ մատուցաներ, վասն զի այս բանը քու Տէր Աստուծոյդ առջեւ պիղծ է։
2. «Եթէ քու Տէր Աստուծոյդ քեզի տուած քաղաքներէն մէկուն մէջ այնպիսի մարդ մը կամ կին մը գտնուի, որ քու Տէր Աստուծոյդ առջեւ չարութիւն ընելով ու անոր ուխտը չպահելով
3. Իմ հրամանիս հակառակ՝ երթայ ուրիշ աստուածներու, արեգակին կամ լուսնին եւ կամ երկնքի ոեւէ զարդի ծառայութիւն ու երկրպագութիւն ընէ
4. Եւ այս բանը քեզի պատմուի, դուն լսելէդ ետքը աղէկ մը քննութիւն ըրէ՛ եւ եթէ ճշմարիտ ու ստոյգ ըլլայ, որ Իսրայէլի մէջ այնպիսի պղծութիւն մը եղած է,
5. Այն ատեն այս չարութիւնը ընող մարդը կամ կինը քաղաքէն հանէ՛ եւ քարկոծելով մեռցուր։
6. Այն մահապարտը երկու կամ երեք վկայութեամբ կրնայ մեռցուիլ, մէկ վկայութեամբ պէտք չէ մեռցուի։
7. Զանիկա մեռցնելու համար, առաջ վկաներուն ձեռքը անոր վրայ թող ըլլայ ու անկէ ետքը՝ բոլոր ժողովուրդին ձեռքը։ Այս կերպով չարութիւնը ձեր մէջէն վերցո՛ւր։
8. «Երբ զանազան տեսակ արիւնահեղութիւններու, դատերու կամ վէրքերու վրայով՝ ՝ քու քաղաքներուդ մէջ եղած վէճերուն վճիռ արձակելը խիստ դժուար երեւնայ քեզի, այն ատեն ելիր եւ քու Տէր Աստուծոյդ ընտրած տեղը գնա՛
9. Ու Ղեւտացի քահանաներուն եւ այն ժամանակի դատաւորներուն մօտենալով խորհուրդ հարցուր։ Անոնք դատարանին վճիռը քեզի թող ըսեն։
10. Այն ատեն այն վճիռին համեմատ Տէրոջը ընտրած տեղը եւ ինչ որ քեզմէ կը պահանջեն պէտք է կատարես եւ զգուշութեամբ գործադրես։
11. Անոնց քեզի սորվեցուցած օրէնքն ու յայտնած վճիռը պէտք է ընդունիս։ Անոնց յայտնած խօսքէն մի՛ խոտորիր, ո՛չ աջ դին եւ ո՛չ ձախ դին։
12. Բայց եթէ մէկը յանդգնի ու քու Տէր Աստուծոյդ պաշտամունքին կեցող քահանային կամ դատաւորին խօսքը մտիկ չընէ, այն մարդը պէտք է մեռնի ու չարութիւնը Իսրայէլէն վերցուի։
13. Որպէս զի բոլոր ժողովուրդը լսելով վախնայ ու անգամ մըն ալ յանդգնուիթւն չունենայ։
14. «Երբ քու Տէր Աստուծոյդ քեզի տուած երկիրը մտնես ու անոր տիրելով հոն բնակիս ու ըսես՝ ‘Իմ բոլորտիքս եղող ազգերուն պէս ես ալ իմ վրաս թագաւոր մը կ’ուզեմ դնել’,
16. Սակայն թագաւորը իրեն համար ձիեր թող չշատցնէ, ո՛չ ալ շատ ձիեր հաւաքելու համար ժողովուրդը Եգիպտոս դարձնէ. որովհետեւ Տէրը ձեզի ըսաւ. ‘Անգամ մըն ալ այն ճամբան մի՛ դառնաք’։
17. Նաեւ անիկա իր կիները թող չշատցնէ, որպէս զի սիրտը չխոտորի ու իրեն համար խիստ շատ արծաթ ու ոսկի չհաւաքէ։
18. Երբ իր թագաւորութեան աթոռը նստի, այս օրէնքներու գրքին մէկ օրինակը Ղեւտացի քահանաներուն քով եղած օրինակէն ՝ հատ մը թող գրքի մը մէջ գրէ։
19. Օրինակը իր քով թող պահէ ու իր կեանքին բոլոր օրերուն մէջ կարդայ. որպէս զի իր Տէր Աստուծմէն վախնալ սորվի եւ օրէնքին բոլոր խօսքերն ու կանոնները զգուշութեամբ գործադրէ.
20. Որպէս զի իր սիրտը իր եղբայրներուն վրայ չհպարտանայ ու այս պատուիրանքներէն աջ կամ ձախ դին չխոտորի. որպէս զի իր թագաւորութեանը վրայ երկար կեանք մը վայելէ Իսրայէլի մէջ՝ թէ՛ ինք եւ թէ՛ իր որդիները։
1. «Ղեւտացի քահանաները, Ղեւիի բոլոր ցեղը, Իսրայէլի հետ բաժին ու ժառանգութիւն պիտի չունենան. Տէրոջը պատարագներն ու անոր ողջակէզները պիտի ուտեն,
2. Քանի որ անոնք իրենց եղբայրներուն մէջ ժառանգութիւն պիտի չունենան։ Անոնց ժառանգութիւնը Տէրը ինքն է, ինչպէս անոնց ըսաւ։
3. «Այս պիտի ըլլայ քահանաներուն իրաւունքը։ Երբ ժողովուրդը զոհ մատուցանեն, թէ՛ արջառ ըլլայ եւ թէ՛ ոչխար, թեւը, ծնօտներն ու քաղիրթը քահանային պիտի տրուին։
4. Քու ցորենիդ, գինիիդ ու իւղիդ երախայրիները ու նաեւ ոչխարներուդ առաջին բուրդը անոր պիտի տաս,
5. Վասն զի Քու Տէր Աստուածդ քու բոլոր ցեղերուդ մէջէն զանիկա ընտրեց, որպէս զի միշտ Տէրոջը անուան ծառայութիւն ընեն ինք ու իր որդիները։
6. «Ու երբ Ղեւտացի մը քու քաղաքներէդ մէկէն՝ այսինքն բոլոր Իսրայէլի մէջ իր պանդխտացած տեղէն՝ ելլէ ու իր սրտին բուռն փափաքովը Տէրոջը ընտրած տեղը գայ,
7. Այն ատեն հոն՝ Տէրոջը առջեւ կեցող բոլոր իր Ղեւտացի եղբայրներուն պէս՝ իր Տէր Աստուծոյն անուան ծառայութիւն ընէ.
8. Ու միւսներուն հետ հաւասար բաժին պէտք է առնէ, իր հօրենական ժառանգութեանը գիներէն՝ ՝ զատ։
9. «Երբ քու Տէր Աստուծոյդ քեզի տուած երկիրը մտնես, այն ազգերուն գարշելի գործերուն պէս ընել մի՛ սորվիր։
10. Ձեր մէջ թող չգտնուի այնպիսի մարդ մը, որ իր տղան կամ աղջիկը կրակէ անցընէ կամ բաղդ նայի կամ գուշակութիւն կամ հմայութիւն եւ կամ դիւթութիւն ընէ.
11. Նաեւ կախարդ կամ վհուկ կամ նշանագէտ կամ մեռելահմայ թող չգտնուի.
12. Վասն զի ով որ այս բաները ընէ, Տէրոջը առջեւ գարշելի կ’ըլլայ ու այս գարշելի բաներուն համար քու Տէր Աստուածդ քու առջեւէդ կը հալածէ զանոնք։
13. Քու Տէր Աստուծոյդ առջեւ կատարեալ եղի՛ր.
14. Վասն զի այն ազգերը, որոնց դուն պիտի տիրես, գուշակներուն ու բաղդ նայողներուն մտիկ կ’ընեն. բայց քու Տէր Աստուածդ քեզի այսպէս ընել չ’արտօներ։
15. «Քու Տէր Աստուածդ քու եղբայրներուդ մէջէն՝ ՝ ինծի պէս մարգարէ մը պիտի հանէ քեզի։ Անոր մտիկ ըրէք.
16. Ինչպէս Քորեբ լեռը ժողովին օրը քու Տէր Աստուծմէդ խնդրեցիր՝ ըսելով. ‘Իմ Տէր Աստուծոյս ձայնը անգամ մըն ալ չլսեմ ու այս մեծ կրակը անգամ մըն ալ չտեսնեմ, որպէս զի չմեռնիմ’։
17. Տէրը ինծի ըսաւ. ‘Ըսած խօսքերնին շիտակ է.
18. Քեզի պէս մարգարէ մը պիտի հանեմ անոնց իրենց եղբայրներուն մէջէն եւ իմ խօսքերս անոր բերանը պիտի դնեմ ու ինչ որ անոր պատուիրեմ, անոնց պիտի ըսէ
19. Եւ ով որ մտիկ չընէ խօսքերուս, որոնք անիկա իմ անունովս պիտի խօսի, այն մարդէն ես վրէժս պիտի առնեմ։
20. Իսկ եթէ մարգարէ մը յանդգնի իմ չպատուիրած խօսքս իմ անունովս ըսել, կամ օտար աստուածներու անունով ըսել, այն մարգարէն պէտք է մեռցուի’։
21. «Եթէ դուն քու սրտիդ մէջ ըսես թէ ‘Տէրոջը չխօսած բանը ի՛նչպէս գիտնանք’,
22. Եթէ մարգարէ մը Տէրոջը անունովը բան մը ըսէ ու երբ այն բանը իրօք չկատարուի, ըսել է Տէրոջը խօսքը չէր, այլ մարգարէն յանդգնութեամբ ըսեր է։ Անկէ մի՛ վախնար»։
37. Արդարը տե՛ս եւ ուղիղին նայէ՛. Վասն զի խաղաղարար մարդը բարի վախճան պիտի ունենայ,
38. Իսկ անօրէնները մէկտեղ պիտի կորսուին։ Ամբարիշտներուն վախճանը կորուստ պիտի ըլլայ,
39. Բայց արդարներուն փրկութիւնը Տէրոջմէն է, Նեղութեան ժամանակ ինք անոնց ապաւէնն է։
40. Տէրը պիտի օգնէ անոնց եւ պիտի ազատէ զանոնք, Ամբարիշտներէն պիտի ազատէ Ու պիտի փրկէ զանոնք, վասն զի իրեն կը յուսան։
20. Չարութիւն մտածողին սրտին մէջ նենգութիւն կ’ըլլայ, Բայց խաղաղութեան համար խորհուրդ ընողները ուրախութիւն կ’ունենան։
21. Արդարին բնաւ չարիք չի հասնիր, Բայց ամբարիշտները թշուառութիւններով կը լեցուին։
22. Սուտ շրթունքը Տէրոջը զզուելի է, Բայց հաւատարմութիւն ընողները անոր հաճելի են։
1. Յիսուս Սուրբ Հոգիով լեցուած՝ Յորդանանէն դարձաւ ու Հոգիէն անապատը տարուեցաւ,
2. Ուր քառասուն օր Սատանայէն փորձուեցաւ։ Այն օրերը բան մը չկերաւ։ Այն օրերը լմննալէն յետոյ անօթեցաւ։
3. Սատանան ըսաւ անոր. «Եթէ Աստուծոյ Որդին ես, ըսէ այդ քարին, որ հաց ըլլայ»։
4. Յիսուս պատասխան տուաւ անոր ու ըսաւ. «Գրուած է թէ՝ ‘Ո՛չ միայն հացով կ’ապրի մարդ, հապա Աստուծոյ ամէն խօսքովը’»։
5. Սատանան բարձր լեռ մը հանելով զանիկա, աշխարհի բոլոր թագաւորութիւնները ցուցուց անոր վայրկեանի մը մէջ
6. Եւ ըսաւ անոր. «Այս ամէն իշխանութիւնը ու անոնց փառքը քեզի պիտի տամ. վասն զի ինծի յանձնուած է եւ որու որ ուզեմ՝ կու տամ զանիկա,
7. Ուստի եթէ դուն իմ առջեւս իյնաս երկրպագութիւն ընես, ամէնքը քուկդ պիտի ըլլան»։
8. Յիսուս պատասխան տուաւ ու ըսաւ անոր. «Գրուած է թէ՝ ‘Քու Տէր Աստուծոյդ երկրպագութիւն ընես ու միայն զանիկա պաշտես’»։
9. Սատանան Յիսուսը տարաւ Երուսաղէմ ու տաճարին աշտարակին վրայ կայնեցուց ու ըսաւ անոր. «Եթէ դուն Աստուծոյ Որդին ես, քեզ ասկէ վար ձգէ.
10. Վասն զի գրուած է թէ՝ ‘Իր հրեշտակներուն պիտի ապսպրէ քեզի համար, որ քեզ պահեն.
11. Ու ձեռքերնուն վրայ պիտի վերցնեն քեզ, որ չըլլայ թէ ոտքդ քարի զարնես’»։
12. Յիսուս պատասխան տուաւ ու ըսաւ անոր. «Ըսուած է թէ Քու Տէր Աստուածդ չփորձես»։
13. Ու երբ Սատանան ամէն փորձութիւնը կատարեց՝ ատեն մը ետ կեցաւ անկէ։
14. Յիսուս Հոգիին զօրութիւնովը Գալիլիա դարձաւ ու անոր համբաւը այն գաւառին բոլոր կողմերը տարածուեցաւ։
15. Ինք անոնց ժողովարաններուն մէջ կը սորվեցնէր ու ամենէն կը փառաւորուէր։
16. Երբ եկաւ Նազարէթ, ուր ինք մեծցած էր, իր սովորութեանը պէս շաբաթ օրը մտաւ ժողովարանը ու ելաւ որ կարդայ։
17. Տուին անոր Եսայի մարգարէին գիրքը։ Երբ գիրքը բացաւ, գտաւ այն տեղը՝ ուր գրուած էր.
18. «Տէրոջը Հոգին իմ վրաս է. վասն զի զիս օծեց աղքատներուն աւետարան քարոզելու, զիս ղրկեց կոտրած սիրտ ունեցողները բժշկելու,
19. Գերիներուն ազատութիւն եւ կոյրերուն տեսութիւն քարոզելու, հարստահարութիւն կրողները ազատելու, Տէրոջը ընդունելի տարին քարոզելու»։
20. Եւ գիրքը գոցելով՝ տուաւ սպասաւորին ու նստաւ։ Ժողովարանը եղողներուն ամէնքը աչքերնին տնկած անոր կը նայէին։
21. Սկսաւ անոնց ըսել. «Այսօր այս գրուածը կատարուեցաւ ու ձեր ականջները լսեցին»։
22. Ամէնքը անոր համար կը վկայէին ու կը զարմանային անոր բերնէն ելած շնորհալի խօսքերուն վրայ ու կ’ըսէին. «Ասիկա Յովսէփին որդին չէ՞»։
23. Ըսաւ անոնց. «Իրաւ դուք ինծի պիտի ըսէք այս առակը. ‘Բժիշկ, քու անձդ բժշկէ։ Որչափ բաներ լսեցինք որ Կափառնայումի մէջ եղան, հոս ալ ըրէ քու քաղաքիդ մէջ’»։
24. Յիսուս ըսաւ. «Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, թէ՝ Մարգարէ մը իր քաղաքին մէջ ընդունելի չէ։
25. Արդարեւ կ’ըսեմ ձեզի, թէ՝ շատ որբեւարիներ կային Եղիային օրերը Իսրայէլի մէջ, երբ երեք տարի ու վեց ամիս երկինք գոցուեցաւ, այնպէս որ մեծ սով եղաւ բոլոր երկրին մէջ.
26. Բայց Եղիա անոնցմէ մէկո՛ւն չղրկուեցաւ, հապա միայն Սիդոնացիներու Սարեփթա քաղաքին մէջ որբեւարի կնոջ մը։
27. Շատ բորոտներ կային Իսրայէլի մէջ Եղիսէ մարգարէին ատենը ու անոնցմէ մէ՛կը չմաքրուեցաւ, հապա միայն Նէեման Ասորին»։
28. Ժողովարանին մէջ ամէնքն ալ բարկութիւնով լեցուեցան՝ երբ այս խօսքերը լսեցին
29. Ու ելան զանիկա քաղաքէն դուրս հանեցին ու տարին զանիկա մինչեւ այն լերան ցցուած ծայրը, որուն վրայ իրենց քաղաքը շինուած էր, որպէս զի զանիկա բարձր տեղէն վար ձգեն։
30. Բայց ինք անոնց մէջէն անցաւ գնաց։
Armenian Western Bible 1853
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ Bible Society in Lebanon, 1981