Աստվածաշունչը մեկ տարում Մարտ 29Օրենք 19:1-211. «Երբ քու Տէր Աստուածդ բնաջինջ ընէ այն ազգերը, որոնց երկիրը քու Տէր Աստուածդ քեզի պիտի տայ, դուն զանոնք վռնտէ եւ անոնց քաղաքներուն ու տուներուն մէջ բնակիր,2. Քեզի երեք քաղաք զատէ այն երկրին մէջ, որ քու Տէր Աստուածդ քեզի կու տայ իբր ժառանգութիւն.3. Քեզի ճամբայ պատրաստէ։ Քու Տէր Աստուծոյդ քեզի ժառանգութեան համար տուած երկրիդ սահմանը երեքի բաժնէ, որպէս զի ամէն մարդասպան հոն փախչի։4. «Եւ մարդասպանին հոն փախչելու կանոնը այս է։ Մարդ մը եթէ նախապէս թշնամութիւն չունենալով՝ անգիտակցաբար դրացին մեռցնէ՝5. Զոր օրինակ՝ եթէ մէկը իր դրացիին հետ անտառը երթայ փայտ կտրելու համար ու տապարը վերցուցած ատեն երկաթը կոթէն դուրս ցատկելով դրացիին հանդիպի եւ զանիկա մեռցնէ, անիկա պէտք է այս քաղաքներէն մէկը փախչի, որպէս զի ապրի։6. Չըլլայ թէ արեան վրէժխնդիրը սիրտը այրելուն համար մարդասպանին ետեւէն իյնայ եւ ճամբան հեռու ըլլալով անոր հասնի ու զանիկա մեռցնէ։ Թէեւ մեռնելու արժանի չէ, քանի որ նախապէս անոր դէմ թշնամութիւն չունէր։7. Ասոր համար ես քեզի կը պատուիրեմ ու կ’ըսեմ, որ քեզի երեք քաղաք զատես։8. «Եթէ քու Տէր Աստուածդ՝ քու հայրերուդ երդում ըրածին պէս՝ քու սահմաններդ ընդարձակէ ու քու հայրերուդ խոստացուած բոլոր երկիրները քեզի տայ9. եւ եթէ պահես ու կատարես այն բոլոր պատուիրանքները, որոնք ես այսօր քեզի կ’իմացնեմ եւ քու Տէր Աստուածդ սիրես ու միշտ անոր ճամբաներուն մէջ քալես, այն ատեն այս երեք քաղաքին վրայ ուրիշ երեք քաղաք ալ պիտի աւելցնեմ,10. Որպէս զի քու երկրիդ մէջ, որ քու Տէր Աստուածդ քեզի իբր ժառանգութիւն տուաւ, անմեղ արիւն չթափուի ու դուն արեան պարտական չըլլաս։11. «Բայց եթէ մարդ մը իր դրացիին դէմ ոխ ունենալով անոր դարանամուտ ըլլայ ու անոր դէմ ելլելով զանիկա զարնէ մեռցնէ ու ետքը այս քաղաքներէն մէկուն մէջ ապաստանելու ըլլայ,12. Այն ատեն իր քաղաքին ծերերը պէտք է մարդ ղրկեն ու զանիկա անկէ առնեն եւ արեան վրէժխնդրին ձեռքը տան, որպէս զի զայն մեռցնէ։13. Քու աչքդ անոր չխնայէ։ Իսրայէլի մէջէն անմեղ արիւնը վերցուր, որպէս զի քեզի աղէկ ըլլայ։14. «Քու կալուածիդ մէջ, որ պիտի ժառանգես քու Տէր Աստուծոյդ քեզի ժառանգութիւն տուած երկրին մէջ, չըլլայ որ փոխես քու դրացիիդ սահմանը, որ քու նախահայրերդ հաստատեցին։15. «Մարդու մը ոեւէ անօրէնութեան ու մեղքի համար, յանցաւոր ըլլալը հաստատելու համար, մէկ վկայ բաւական մի՛ սեպեր՝ ՝, այլ գոնէ երկու կամ երեք վկաներով պէտք է հաստատուի ամէն բան։16. «Եթէ մարդու մը դէմ սուտ վկայ մը ելլէ անոր անօրէնութիւնը հաստատելու համար,17. Այն ատեն այն երկու մարդիկը, որոնց մէջտեղ այս հակառակութիւնը կայ, Տէրոջը առջեւ ու այն ժամանակի քահանաներուն ու դատաւորներուն առջեւ պէտք է կենան.18. Դատաւորները աղէկ մը պէտք է քննեն եւ եթէ այդ վկային սուտ վկայութիւն ըրած ըլլալը հաստատուի,19. Այն ատեն, ինչպէս անիկա իր եղբօրը ընել խորհեցաւ, նոյնը ըրէք իրեն, այս ձեւով չարութիւնը ձեր մէջէն վերցուցէք,20. Որպէս զի ուրիշներն ալ լսելով վախնան եւ անգամ մըն ալ ձեր մէջ այնպիսի գէշ բան մը չտեսնուի։21. Քու աչքդ չխնայէ. անձի տեղ՝ անձ, աչքի տեղ՝ աչք, ակռայի տեղ՝ ակռայ, ձեռքի տեղ՝ ձեռք ու ոտքի տեղ ոտք պիտի տրուի »։Օրենք 20:1-201. «Երբ քու թշնամիներուդ դէմ պատերազմելու ելլես ու ձիեր եւ կառքեր ու քեզմէ շատուոր ժողովուրդ տեսնես, անոնցմէ մի՛ վախնար. վասն զի քեզ Եգիպտացիներուն երկրէն հանող քու Տէր Աստուածդ քեզի հետ է։2. Երբ ստիպուիս պատերազմիլ, քահանան ներկայանալով՝ ժողովուրդին պիտի խօսի3. Ու անոնց ըսէ. ‘Ո՛վ Իսրայէլ, մտիկ ըրէ։ Այսօր դուք ձեր թշնամիներուն դէմ պատերազմելու կը ստիպուիք։ Սրտերնիդ թող չթուլնայ։ Մի՛ վախնաք, մի՛ զարհուրիք ու անոնց երեսէն մի՛ դողաք.4. Վասն զի ձեր Տէր Աստուածը ձեզի հետ պիտի երթայ, ձեզի համար՝ ձեր թշնամիներուն դէմ պատերազմելու եւ ձեզ ազատելու’։5. «Այն ատեն ոստիկանները ժողովուրդին խօսելով՝ պիտի ըսեն. ‘Ով որ նոր տուն շիներ է ու անոր նաւակատիքը չէ ըրեր, թող իր տունը դառնայ, չըլլայ թէ պատերազմին մէջ մեռնի եւ ուրիշ մէկը նաւակատիքը ընէ։6. Ով որ այգի տնկեր է ու անոր պտուղէն դեռ չէ կերած, թող իր տունը դառնայ. չըլլայ թէ պատերազմին մէջ մեռնի ու անոր առաջին պտուղը ուրիշ մը ուտէ։7. Եւ ով որ կնոջ մը նշանուած է ու զանիկա չէ առած, թող իր տունը դառնայ, չըլլայ թէ պատերազմին մէջ մեռնի ու զանիկա ուրիշ մարդ մը առնէ’։8. Ոստիկանները իրենց խօսքը շարունակելով պիտի ըսեն ժողովուրդին. ‘Ով որ վախկոտ ու թուլասիրտ է, թող իր տունը դառնայ. չըլլայ որ իր եղբայրներուն սիրտն ալ իր սրտին պէս թուլցնէ’։9. Երբ ոստիկանները ժողովուրդին առջեւ իրենց խօսքը լմնցնեն, ժողովուրդին վրայ զօրապետներ թող կարգեն՝ ՝։10. «Երբ քաղաքի մը մօտենաս անոր հետ պատերազմելու համար, անոր խաղաղութիւն առաջարկէ։11. Եթէ խաղաղութիւնը ընդունի ու դռները քեզի բանայ, մէջը գտնուած բոլոր ժողովուրդը քեզի հարկատու ըլլան ու քեզի ծառայութիւն ընեն։12. Բայց եթէ քեզի հետ խաղաղութիւն ընել չուզէ ու պատերազմ ընէ, այն ատեն զանիկա պաշարէ՛13. Ու երբ քու Տէր Աստուածդ քու ձեռքդ մատնէ զանիկա, անոր բոլոր արուները սուրի բերնէ անցո՛ւր։14. Բայց կիները, տղաքներն ու անասունները եւ ինչ որ կայ այն քաղաքին մէջ, անոր բոլոր աւարը, քեզի համար ա՛ռ եւ քու Տէր Աստուծոյդ քեզի մատնած քու թշնամիներուդ աւարը կե՛ր։15. Այսպէս ըրէ՛ քեզմէ խիստ հեռու եղող ամէն քաղաքի, որոնք այս ազգերուն քաղաքներէն չեն։16. Սակայն քու Տէր Աստուծոյդ քեզի ժառանգութիւն տուած ազգերուն քաղաքներուն մէջ՝ բնաւ շունչ ունեցող մը ողջ մի՛ թողուր.17. Քետացիները, Ամօրհացիները, Քանանացիները, Փերեզացիները, Խեւացիներն ու Յեբուսացիները բոլորովին կորսնցո՛ւր, ինչպէս քու Տէր Աստուածդ քեզի պատուիրեց.18. Որպէս զի ձեզի չսորվեցնեն իրենց բոլոր գարշելի գործերը, ինչպէս անոնք իրենց աստուածներուն կ’ընեն ու դուք Տէրոջը ձեր Աստուծոյն առջեւ մեղք չգործէք։19. «Երբ քաղաքի մը հետ պատերազմիս ու զանիկա առնելու համար երկար ժամանակ պաշարելու ըլլաս, անոր ծառերուն տապար մի՛ զարներ ու զանոնք մի՛ կտրեր, վասն զի անոնցմէ պիտի ուտես, ուրեմն զանոնք մի՛ կտրեր. քանզի դաշտին ծառը մա՞րդ է, որ քեզ պաշարէ՝ ՝։20. Բայց այն ծառերը, որոնք գիտես թէ ուտուելու պտուղ չեն բերեր, զանոնք աւերէ ու կտրէ եւ քեզի հետ պատերազմող քաղաքին առջեւ անոնցմով պատնէշներ շինէ՛, մինչեւ որ զայն նուաճես»։Սաղմոսներ 38:1-81. Ո՛վ Տէր, քու սրտմտութիւնովդ զիս մի՛ յանդիմաներ Ու բարկութիւնովդ զիս մի՛ խրատեր։2. Վասն զի քու նետերդ իմ ներսիդիս մխուեցան Եւ քու ձեռքդ իմ վրաս կը ճնշէ։3. Իմ մարմնիս մէջ առողջութիւն չկայ՝ քու բարկութեանդ երեսէն Ու ոսկորներուս մէջ հանգստութիւն չկայ իմ մեղքիս պատճառով,4. Վասն զի անօրէնութիւններս գլխէս վեր բարձրացան, Ծանր բեռի պէս իմ վրաս ծանրացան։5. Վէրքերս հոտեցան ու փտտեցան Իմ յիմարութեանս պատճառով։6. Նուաստացայ ու խիստ ցածցայ. Ամէն օր տրտում կը պտըտիմ,7. Վասն զի աղիքներս ջերմութիւնով լեցուեցան Ու մարմնիս մէջ առողջութիւն չկայ։8. Տկարացայ ու խիստ ճնշուեցայ. Սրտիս հեծութենէն մռնչեցի։Առակներ 12:23-2523. Խոհեմ մարդը իր գիտցածը կը ծածկէ, Բայց յիմարներուն սիրտը յիմարութիւնը կը հրատարակէ։24. Ժիր մարդոց ձեռքը կ’իշխէ, Բայց ծոյլը հարկատու կ’ըլլայ։25. Մարդուն սրտին մէջ եղող վիշտը զանիկա կը ճնշէ, Բայց աղէկ խօսքը կ’ուրախացնէ զանիկա։Ղուկասը 4:31-4431. Իջաւ Գալիլիայի Կափառնայում քաղաքը ու շաբաթ օրերը կը սորվեցնէր անոնց։32. Բոլորը կը զարմանային անոր վարդապետութեանը վրայ, վասն զի իշխանութիւնով էր անոր խօսքը։33. Ժողովարանին մէջ մարդ մը կար, որ պիղծ դեւի ոգի ունէր, որը մեծ ձայնով մը աղաղակեց, ըսելով.34. «Թո՛ղ տուր, դուն մեզի հետ ի՞նչ բան ունիս, Յիսուս Նազովրեցի. միթէ մեզ կորսնցնելո՞ւ եկար. գիտեմ ո՛վ ես, Աստուծոյ Սուրբը»։35. Յիսուս սաստեց զայն՝ ըսելով. «Պապանձէ ու ե՛լ ատկէ»։ Ու դեւը զանիկա ներկայ գտնուողներուն մէջտեղը գետինը զարկաւ եւ ելաւ անկէ ու վնաս մը չտուաւ անոր։36. Ամէնքը զարմացած իրարու հետ կը խօսէին ու կ’ըսէին. «Այս ի՞նչ խօսք է, որ իշխանութիւնով ու զօրութիւնով կը հրամայէ պիղծ ոգիներուն ու կ’ելլեն»։37. Եւ անոր համբաւը տարածուեցաւ շրջակայ գաւառին բոլոր կողմերը։38. Ժողովարանէն ելլելով՝ Սիմոնին տունը մտաւ։39. Սիմոնին զոքանչը սաստիկ ջերմով կը տանջուէր։ Անոր համար աղաչեցին իրեն։40. Եւ Յիսուս անոր քով կայնելով՝ սաստեց ջերմը, որը թողուց զանիկա։ Կինը շուտ մը ելաւ ու անոնց սպասաւորութիւն կ’ընէր։41. Արեւին մարը մտած ատենը՝ ամէն անոնք որ տեսակ տեսակ ցաւերով հիւանդներ ունէին, իրեն բերին զանոնք։ Ինք ալ ամէն մէկուն վրայ ձեռք դնելով՝ բժշկեց զանոնք։42. Դեւեր ալ կ’ելլէին շատերէն, կ’աղաղակէին ու կ’ըսէին. «Դուն ես Քրիստոսը, Աստուծոյ Որդին»։ Բայց ինք կը սաստէր ու թող չէր տար անոնց որ խօսին, վասն զի գիտէին թէ ինք Քրիստոսն է։43. Երբ ցորեկ եղաւ, ելաւ ու գնաց անապատ տեղ մը եւ ժողովուրդները կը փնտռէին զանիկա։ Եկան անոր քով ու կը ստիպէին որ ան իրենցմէ չերթայ.44. Բայց անիկա ըսաւ անոնց. «Պէտք է ինծի որ ուրիշ քաղաքներու ալ Աստուծոյ թագաւորութիւնը քարոզեմ, քանզի այս բանին համար ղրկուած եմ»։ Armenian Western Bible 1853 Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981