1. Ահարոնին ու Մովսէսին ազգաբանութիւնը այս է՝ Տէրոջը Մովսէսին հետ Սինա լերանը վրայ խօսած օրը։
2. Ահարոնին որդիներուն անունները ասոնք են՝ անդրանիկը Նադաբ եւ Աբիուդ, Եղիազար ու Իթամար։
3. Ասոնք էին Ահարոնին որդիներուն՝ քահանաներուն՝ անունները, որոնք օծուած եւ օրհնուած էին քահանայութիւն ընելու։
4. Նադաբ ու Աբիուդ Սինայի անապատին մէջ Տէրոջը առջեւ օտար կրակ մատուցանած ատեննին մեռան Տէրոջը առջեւ ու անոնք որդի չունէին, իսկ Եղիազար ու Իթամար իրենց հօրը Ահարոնին առջեւ քահանայութիւն ըրին։
7. Անոր ու բոլոր ժողովուրդին պահպանութիւնը կատարեն վկայութեան խորանին առջեւ, երբ խորանին կը ծառայեն։
8. Եւ վկայութեան խորանին բոլոր կարասիներն ու Իսրայէլի որդիներուն պահպանութիւնը պիտի կատարեն՝ խորանին ծառայելով։
9. Եւ Ահարոնին ու անոր որդիներուն պէտք է տաս Ղեւտացիները. ասոնք Իսրայէլի որդիներէն բոլորովին անոր տրուած են։
10. Եւ Ահարոնն ու անոր որդիները իրենց քահանայական պաշտօնը կատարելու պէտք է կարգես, բայց մօտեցող օտարականը պիտի մեռցուի»։
11. Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով.
12. «Եւ ես ահա Իսրայէլի որդիներուն մէջէն Ղեւտացիները առի, Իսրայէլի որդիներուն մէջ ամէն մօրը արգանդը բացող անդրանիկին տեղը, ուստի Ղեւտացիները իմս պիտի ըլլան։
13. Քանզի ամէն անդրանիկ իմս է. երբ Եգիպտոսի մէջ բոլոր անդրանիկները զարկի, Իսրայէլի բոլոր անդրանիկները, մարդէն մինչեւ անասուն, սրբեցի ինծի համար։ Անոնք իմս պիտի ըլլան։ Ես եմ Տէրը»։
24. Եւ Գերսոնեաններուն հօրը տանը իշխանը Լայէլի որդին Եղիասափը պիտի ըլլայ։
25. Եւ վկայութեան խորանին մէջ Գերսոնին որդիներուն պահպանութեանը յանձնուած բաները ասոնք են ՝ խորանն ու վրանը, անոր ծածկոցը եւ վկայութեան խորանին դրանը վարագոյրը,
26. Խորանին եւ սեղանին բոլորտիքը եղած սրահին դրանը վարագոյրը եւ անոր բոլոր գործերուն համար պէտք եղած չուանները։
27. Կահաթէ Ամրամեաններուն տոհմն ու Իսահառեաններուն տոհմը եւ Քեբրոնեաններուն տոհմն ու Ոզիէլեաններուն տոհմը։ Կահաթեաններուն տոհմերը ասոնք են՝
28. Մէկ ամսականէն վեր եղող բոլոր արուները ութը հազար վեց հարիւր հոգի էին, որոնք սրբարանին պահպանութիւնը կ՛ընէին։
29. Կահաթին որդիներուն տոհմերը խորանին հարաւային կողմը իջեւան պիտի ընեն։
30. Եւ Կահաթեաններուն տոհմերուն հօրը տանը իշխանը Ոզիէլի որդին Եղիսափանը պիտի ըլլայ։
31. Եւ անոնց պահպանութեանը յանձնուած բաները ասոնք են ՝ տապանակն ու առաջաւորութեան հացին սեղանը եւ աշտանակն ու սեղանները եւ սրբարանին գործիքները, որոնցմով պաշտամունք կը կատարեն եւ վարագոյրն ու անոր վերաբերեալ բոլոր բաները։
32. Եւ Ղեւտացիներու իշխաններուն իշխանը՝ Ահարոն քահանային որդին Եղիազարը պիտի ըլլայ, որ սրբարանին պահպանութիւնը ընողներուն վրայ վերակացու պիտի ըլլայ։
33. Եւ Մերարիէ Մոողեաններուն տոհմը եւ Մուսեաններուն տոհմը եղաւ. ասոնք են Մերարիին տոհմերը։
34. Անոնց համրուածները, մէկ ամսականէն վեր եղող բոլոր արուները, վեց հազար երկու հարիւր հոգի էին։
35. Եւ Մերարեաններուն տոհմերուն հօրը տանը իշխանը Աբիքէլի որդին Սուրիէլը պիտի ըլլայ։ Ասոնք խորանին հիւսիսային կողմը իջեւան պիտի ընեն։
36. Եւ Մերարիին որդիներուն պահպանութեանը յանձնուած բաները ասոնք են ՝ խորանին տախտակներն ու անոր նիգերը եւ սիւներն ու խարիսխները եւ անոր բոլոր գործիքներն ու անոր վերաբերեալ բոլոր բաները
37. Եւ շուրջանակի սրահին սիւները, անոնց խարիսխները եւ ցիցերն ու անոնց չուանները։
38. Խորանին առջեւի կողմը, այսինքն վկայութեան խորանին աեջեւ դէպի արեւելք, իջեւան ընողները Մովսէսն ու Ահարոնը եւ անոր որդիները պէտք է ըլլան, որ սրբարանին եւ Իսրայէլի որդիներուն պահպանութիւնը պիտի ընեն, բայց անոր մօտեցող ոեւէ օտարական պէտք է մեռցուի։
39. Բոլոր համրուած Ղեւտացիներուն, որոնք իրենց տոհմերովը Տէրոջը խօսքին համեմատ Մովսէսն ու Ահարոնը համրեցին, մէկ ամսականէն վեր եղող բոլոր արուները քսանըերկու հազար էին։
40. Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Իսրայէլի որդիները մէկ ամսականէն վեր եղող բոլոր անդրանիկ արուները համրէ ու անոնց թիւը անուններով առ։
41. Եւ Իսրայէլի որդիներուն բոլոր անդրանիկներուն փոխարէն՝ Ղեւտացիները ա՛ռ ինծի համար։ Ես եմ Տէրը։ Ղեւտացիները՝ Իսրայէլի որդիներուն անասուններուն բոլոր անդրանիկներուն տեղ»։
42. Մովսէս համրեց Իսրայէլի որդիներուն բոլոր անդրանիկները, ինչպէս Տէրը իրեն պատուիրած էր։
43. Բոլոր անդրանիկները իրենց անուններով, մէկ ամսականէն վեր համրուողները, քսանըերկու հազար երկու հարիւր եօթանասունըերեք հոգի էին։
44. Եւ Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով.
45. «Իսրայէլի որդիներուն մէջ բոլոր անդրանիկներուն տեղ Ղեւտացիներուն անասունները առ, որպէս զի Ղեւտացիները իմս ըլլան։ Ես եմ Տէրը։
46. Եւ Ղեւտացիներուն թիւէն աւելցած՝ Իսրայէլի որդիներուն երկու հարիւր եօթանասունըերեք անդրանիկներուն փրկանք ըլլալու համար,
47. Մարդ գլուխ հինգ սիկղ առ՝ սրբարանին սիկղին համեմատ։ Մէկ սիկղը քսան կերատ է։
48. Եւ անոնց մէջ աւելցածներուն փրկանքին ստակը Ահարոնին ու անոր որդիներուն տո՛ւր»։
49. Եւ Մովսէս Ղեւտացիներով փրկուածներուն աւելցածներէն փրկանքին ստակը առաւ։
50. Իսրայէլի որդիներուն անդրանիկներէն սրբարանին սիկղին համեմատ՝ հազար երեք հարիւր վաթսունըհինգ սիկղ արծաթ առաւ։
51. Մովսէս Տէրոջը խօսքին պէս՝ փրկուածներուն ստակը Ահարոնին ու անոր որդիներուն տուաւ՝ ինչպէս Տէրը իրեն պատուիրեր էր։
1. Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին ու Ահարոնին՝ ըսելով.
2. «Ղեւիի որդիներէն Կահաթի որդիներուն մարդահամարը առ, իրենց տոհմերուն ու իրենց հայրերուն տուներուն համեմատ։
3. Երեսուն տարեկանէն վեր մինչեւ յիսուն տարեկանը, վկայութեան խորանին մէջ ծառայութիւն ընելու համար գունդին մէջ մտնողը համրէ ։
4. Վկայութեան խորանին մէջ Կահաթի որդիներուն պաշտօնը սուրբ բաներն են։
5. Եւ երբ բանակը չուելու ըլլայ, Ահարոնն ու անոր որդիները թող գան ու ծածկոցին վարագոյրը իջեցնեն եւ անով վկայութեան տապանակը ծածկեն։
6. Եւ թէհաշի մորթերէ ծածկոցը անոր վրայ դնեն ու անոր վրայ բոլորովին կապուտակ լաթ մը տարածեն եւ անոր ձողերը անցընեն։
7. Եւ առաջաւորութեան սեղանին վրայ կապուտակ լաթ մը թող տարածեն ու անոր վրայ թող դնեն սկուտեղները եւ խնկամաններն ու գաւաթները եւ ըմպելիքի նուէր մատուցանելու բաժակները ու ամէն օրուան հացերն ալ անոր վրայ պէտք է ըլլան
8. Եւ անոնց վրայ կրկնակի կարմիրէ լաթ մը թող տարածեն ու թէհաշի մորթերէ ծածկոցով ծածկեն զայն եւ անոր ձողերը անցընեն։
9. Եւ կապուտակէ լաթ մը առնեն ու ծածկեն լոյսի աշտանակը եւ անոր ճրագներն ու անոր ունելիները եւ բազմակալներն ու անոր բոլոր իւղի ամանները, որոնցմով կը մատակարարեն։
10. Եւ զանիկա իր բոլոր գործիքներովը թէհաշի մորթերէ ծածկոցի մը մէջ, լծակի մը վրայ թող դնեն զայն։
11. Եւ ոսկի սեղանին վրայ կապուտակ լաթ մը տարածեն ու թէհաշի մորթերէ ծածկոցով մը ծածկեն զայն եւ անոր ձողերը անցընեն։
12. Եւ սրբարանին պաշտամունքին գործածուած բոլոր գործիքները պէտք է առնեն ու կապուտակ լաթի մը մէջ փաթթեն եւ թէհաշի մորթերէ ծածկոցով ծածկեն զանիկա ու լծակի մը վրայ դնեն։
13. Եւ ողջակէզի սեղանէն մոխիրները հանելով՝ անոր վրայ ծիրանեգոյն լաթ մը թող տարածեն
14. Եւ անոր վրայ պաշտամունքին համար գործածուած բոլոր գործիքները, այսինքն կրակի ամանները, մսահանները, թիակները եւ կոնքերը (սեղանին բոլոր գործիքները) այն լաթին վրայ դնեն ու անոր վրայ թէհաշի մորթերէ ծածկոց մը տարածեն եւ անոր ձողերը անցընեն։
15. Եւ Ահարոն ու անոր որդիները բանակին չուած ատենը՝ սրբարանն ու սրբարանին բոլոր կարասիները ծածկելը թող լմնցնեն ու ետքը Կահաթի որդիները թող գան զանոնք վերցնեն. բայց սուրբ բաներու չդպչին, որպէս զի չմեռնին»։ Ասոնք են վկայութեան խորանին մէջի գոյքերը, որ Կահաթի որդիները պիտի կրեն։
16. Ահարոն քահանային որդին Եղիազարը լոյսի իւղին ու անուշահոտ խունկին եւ ամէն օրուան հացի ընծային ու օծման իւղին վրայ վերակացու պիտի ըլլայ եւ բոլոր խորանին ու անոր մէջի բոլոր բաներուն, սրբարանին ու անոր կարասիներուն վրայ վերակացու ըլլայ»։
19. Բայց անոնց հետ այնպէս վարուեցէք, որ սուրբ բաներուն մօտեցած ատեննին ողջ մնան ու չմեռնին։ Ահարոն ու իր որդիները թող գան ու անոնցմէ իւրաքանչիւրին պաշտօնն ու գործը որոշեն։
20. Բայց երբ սուրբ բաները կը ծածկեն, անոնք տեսնելու համար թող ներս չմտնեն, որպէս զի չմեռնին»։
21. Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով.
22. «Գերսոնին որդիներուն մարդահամարն ալ առ, իրենց հայրերուն տուներուն ու իրենց տոհմերուն համեմատ։
23. Երեսուն տարեկանէն վեր մինչեւ յիսուն տարեկանը համրէ, բոլոր անոնք որ վկայութեան խորանին մէջ ծառայութիւն ընելու համար կրնան մտնել։
24. Գերսոնեաններուն տոհմերուն ծառայելու ու բեռ վերցնելու պաշտօնը այս է.
25. Անոնք պիտի վերցնեն խորանին վարագոյրները ու վկայութեան խորանը, անոր ծածկոցն ու անոր վրայի թէհաշի ծածկոցը եւ վկայութեան խորանին դրանը վարագոյրը
26. Եւ խորանին ու սեղանին բոլորտիքը եղած սրահին վարագոյրներն ու սրահը մտնելու դրան վարագոյրն ու անոնց չուանները եւ անոնց պաշտամունքին բոլոր գործիքները պիտի վերցնեն ու ասոնց հարկաւոր եղած բոլոր սպասաւորութիւնները պիտի ընեն։
27. Գերսոնեաններուն որդիներուն բոլոր պաշտօնը, իրենց բոլոր բեռներուն ու իրենց բոլոր պաշտօններուն համար՝ Ահարոնին ու անոր որդիներուն հրամանովը պիտի ըլլայ։ Անոնց բոլոր բեռները իրենց պահպանութեանը պէտք է յանձնէք»։
28. Գերսոնեաններուն որդիներուն տոհմերուն պաշտօնը այս է վկայութեան խորանին մէջ։ Անոնց պահպանութիւնը Ահարոն քահանային որդիին Իթամարին ձեռքին տակ պիտի ըլլայ։
29. Մերարիին որդիներն ալ համրէ, իրենց տոհմերուն ու իրենց հայրերուն տուներուն համեմատ.
30. Երեսուն տարեկանէն վեր մինչեւ յիսուն տարեկանը։ Անոնք որ վկայութեան խորանին ծառայութիւն ընելու համար կրնան մտնել՝ համրէ՛։
31. Եւ վկայութեան խորանին մէջ անոնց բոլոր պաշտօններուն համեմատ՝ անոնց յանձնուած բեռները ասոնք են՝ խորանին տախտակներն ու անոր նիգերը եւ անոր սիւները եւ խարիսխները
32. Եւ շուրջանակի սրահին սիւներն ու անոնց խարիսխները եւ ցիցերն ու չուանները՝ անոնց բոլոր գործիքներովը։ Անոնց բոլոր պաշտօնը, անոնց պահպանութեան բեռները եւ գործիքները անուններովը պիտի յանձնէք իրենց ։
33. Այս է Մերարիին որդիներուն տոհմերուն պաշտօնը վկայութեան խորանին մէջ, իրենց բոլոր պաշտօններուն համեմատ՝ Ահարոն քահանային որդիին Իթամարին ձեռքին տակ»։
34. Մովսէս ու Ահարոն եւ ժողովուրդին իշխանները համրեցին Կահաթեաններուն որդիները անոնց տոհմերուն ու անոնց հայրերուն տուներուն համեմատ։
36. Ու անոնց համրուածները իրենց տոհմերովը երկու հազար եօթը հարիւր յիսուն հոգի էին։
37. Ասոնք են վկայութեան խորանին բոլոր ծառայութիւնը ընող Կահաթեաններուն տոհմերուն համրուածները, որոնք Մովսէս ու Ահարոն համրեցին, ինչպէս Տէրը Մովսէսին միջոցով պատուիրեր էր։
38. Գերսոնին որդիներուն համրուածները իրենց տոհմերուն ու իրենց հայրերուն տուներուն համեմատ,
39. Երեսուն տարեկանէն վեր մինչեւ յիսուն տարեկանը՝ վկայութեան խորանին մէջ ծառայութիւն ընելու կարողները համրուեցան ։
40. Անոնց համրուածները իրենց տոհմերուն ու իրենց հայրերուն տուներուն համեմատ՝ երկու հազար վեց հարիւր երեսուն հոգի էին։
41. Ասոնք են վկայութեան խորանին մէջ բոլոր ծառայութիւն ընող Գերսոնի որդիներուն տոհմերէն համրուածները, որոնք Մովսէս ու Ահարոն համրեցին Տէրոջը պատուիրածին պէս։
42. Մերարիին որդիներուն տոհմերուն համրուածները իրենց տոհմերուն ու իրենց հայրերուն տուներուն համեմատ,
43. Երեսուն տարեկանէն վեր մինչեւ յիսուն տարեկանը՝ վկայութեան խորանին մէջ ծառայութիւն ընելու կարողները համրուեցան ։
44. Եւ անոնց համրուածները իրենց տոհմերովը երեք հազար երկու հարիւր հոգի էին։
45. Ասոնք են Մերարիին որդիներուն տոհմերուն համրուածները, որոնք Մովսէս ու Ահարոն համրեցին, ինչպէս Տէրը պատուիրեր էր Մովսէսին։
46. Ղեւտացիներուն բոլոր համրուածները՝ որոնք Մովսէս ու Ահարոն եւ Իսրայէլի իշխանները համրեցին իրենց տոհմերուն ու իրենց հայրերուն տուներուն համեմատ,
47. Երեսուն տարեկանէն վեր մինչեւ յիսուն տարեկանը՝ վկայութեան խորանին մէջ պաշտօն ու բեռ կրելու ծառայութիւնը ընելու բոլոր կարողները,
48. Այսինքն անոնց համրուածները ութ հազար հինգ հարիւր ութսուն հոգի էին։
49. Անոնք Տէրոջը պատուիրածին պէս համրուեցան Մովսէսին ձեռքով, ամէն մէկը իր պաշտօնին ու բեռին նայելով. այսպէս համրուեցան անոնք, ինչպէս Տէրը պատուիրեր էր Մովսէսին։
1. Ո՛վ Տէր, կը բարձրացնեմ քեզ, վասն զի զիս ազատեցիր Ու թշնամիներս իմ վրաս չուրախացուցիր։
2. Ո՛վ իմ Տէր Աստուածս, քեզ օգնութեան կանչեցի Ու զիս բժշկեցիր։