Աստվածաշունչը մեկ տարում Մարտ 30Օրենք 21:1-231. «Եթէ քու Տէր Աստուծոյդ քեզի ժառանգութիւն տուած երկրին մէջ դաշտի վրայ ինկած ու մեռցուած մարդ մը գտնուի բայց զանիկա զարնողը չգիտցուի,2. Այն ատեն քու ծերերդ ու դատաւորներդ թող ելլեն եւ մեռցուած մարդուն եղած տեղէն մինչեւ շրջակայ քաղաքները չափեն3. Ու մօտակայ քաղաքին ծերերը արջառներէն չգործածուած ու լուծի տակ չմտած երինջ մը առնեն4. Եւ այն քաղաքին ծերերը երինջը չհերկուած ու չցանուած ապառաժուտ ձոր մը իջեցնեն ու այն ձորին մէջ երինջին վիզը կտրեն։5. Ղեւիի որդիները՝ քահանաները՝ մօտենան, վասն զի քու Տէր Աստուածդ զանոնք ընտրեց իրեն ծառայութիւն ընելու ու Տէրոջը անունովը օրհնելու համար եւ ամէն վէճ ու ամէն հակառակութիւն անոնք թող դատեն։6. Այն մեռցուածին մօտ եղող քաղաքին բոլոր ծերերը ձորին մէջ վիզը կտրուած երինջին վրայ ձեռքերնին թող լուան7. Եւ վկայեն՝ ըսելով. «Մեր ձեռքերը չթափեցին այս արիւնը ու մեր աչքերը չտեսան։8. Ո՛վ Տէր, քաւէ քու Իսրայէլ ժողովուրդդ, որ դուն փրկեցիր ու անմեղ արիւնը քու Իսրայէլ ժողովուրդիդ մի՛ սեպեր»։ Այսպէս այն արեանը համար քաւութիւն պիտի ըլլայ անոնց,9. Իսկ դուն Տէրոջը առջեւ ուղիղ եղածը ընելով՝ անմեղ արեան համար անպարտ պիտի ըլլաս։10. «Երբ քու թշնամիներուդ դէմ պատերազմի ելլես եւ քու Տէր Աստուածդ զանոնք քու ձեռքդ տայ ու անոնցմէ գերիներ առնես11. Եւ գերիներուն մէջէն գեղեցիկ տեսքով կին մը տեսնես ու զանիկա սիրելով ուզես հետը ամուսնանալ,12. Զանիկա քու տունդ տար, անոր գլուխը ածիլէ ու եղունգները կտրէ,13. Անոր վրայէն գերութեան լաթերը հանէ ու քու տունդ թող նստի, ամբողջ ամիս մը իր հօրն ու մօրը համար թող լայ. անկէ յետոյ անոր մօտեցիր եւ դուն անոր այրը եղիր, ան ալ՝ քու կինդ։14. Եթէ անկէ գոհ չըլլաս, զանիկա ազատ արձակէ՛. բայց բնաւ մի՛ ծախեր, ո՛չ ալ իբր ծառայ աշխատցուր, որովհետեւ լլկեցիր զանիկա։15. «Եթէ մարդ մը երկու կին ունենայ ու մէկը սիրելի եւ միւսը ատելի ըլլայ ու սիրելին եւ ատելին ալ անոր զաւակներ ծնանին եւ եթէ անդրանիկ զաւակը ատելի կնոջմէն ծնած է,16. Իր ստացուածքը որդիներուն բաժնելու օրը իրաւունք չունի սիրելիին զաւակը անդրանիկ նկատել ու ատելիէն ծնած անդրանիկը երեսէ ձգել.17. Հապա ատելիին զաւակը անդրանիկ նկատելով՝ բոլոր իր ձեռքը գտնուածէն երկու բաժին անոր պէտք է տայ. վասն զի իր զօրութեանը սկիզբը անիկա է։ Անդրանկութեան իրաւունքը անոր կը պատկանի։18. «Եթէ մարդ մը ստամբակ ու անհնազանդ տղայ մը ունենայ, որ իր հօրն ու մօրը խօսքին բնաւ մտիկ չըներ ու երբ զանիկա խրատեն անոնց չհնազանդիր,19. Այն ատեն անոր հայրն ու մայրը զանիկա բռնելով, քաղաքին ծերերուն ու անոր բնակած տեղին դուռը պէտք է հանեն20. Եւ քաղաքին ծերերուն ըսեն. ‘Այս մեր տղան ստամբակ ու անհնազանդ է, մեր խօսքին մտիկ չըներ, որկրամոլ ու գինեմոլ է’.21. Այն ատեն անոր քաղաքին բոլոր մարդիկը քարերով քարկոծեն զանիկա, որպէս զի մեռնի ու չարութիւնը ձեր մէջէն վերցուի եւ բոլոր Իսրայէլ լսելով վախնան։22. «Երբ մարդ մը մահու արժանի մեղք մը գործէ, զանիկա մեռցնելու համար ծառէ մը կախէ,23. Անոր մարմինը ծառին վրայ գիշերը պէտք չէ մնայ, հապա նոյն օրը անպատճառ պէտք է թաղուի. վասն զի կախուածը Աստուծոյ անիծածն է, ուստի մի՛ պղծեր այն երկիրը, որ քու Տէր Աստուածդ քեզի կու տայ ժառանգելու համար»։Օրենք 22:1-301. «Երբ տեսնես որ եղբօրդ եզը կամ ոչխարը իր ճամբայէն խոտորեր է, զանոնք անտես մի՛ ըներ. անպատճառ զանոնք քու եղբօրդ դարձուր։2. Բայց եթէ քու եղբայրդ քեզի մօտ չէ, կամ զանիկա չես գտներ, այն ատեն քու տունդ տար զայն ու մինչեւ քու եղբայրդ զանիկա փնտռէ, քու քովդ թող մնայ, յետոյ զանիկա անոր դարձուր։3. Անոր իշուն ալ, զգեստին ալ, նաեւ եղբօրդ ոեւէ կորսուած բան, որ դուն կը գտնես, նոյնպէս ըրէ։ Չըլլայ որ զանոնք անտես ընես։4. «Երբ տեսնես որ եղբօրդ էշը կամ եզը ճամբուն վրայ ինկեր է, անտարբեր մի՛ ըլլար, անպատճառ օգնէ՛ անոր ու վերցո՛ւր։5. «Կնոջ մը վրայ այր մարդու հագուստ թող չըլլայ ու այր մարդը կնոջ հագուստ պէտք չէ հագնի. քանզի ով որ ասոնք ընէ, քու Տէր Աստուծոյդ առջեւ պիղծ կ’ըլլայ։6. «Եթէ ճամբան ծառի մը վրայ ձագերով կամ հաւկիթներով թռչունի մը բոյնին հանդիպիս ու մայրը ձագերուն կամ հաւկիթներուն վրայ նստած ըլլայ, մայրը իր ձագերով մէկտեղ մի՛ առներ։7. Անպատճառ մայրը արձակէ ու ձագերը առ։ Որպէս զի աղէկ ըլլայ քեզի ու կեանքդ երկայն ըլլայ։8. «Նոր տուն շինած ատենդ տանիքիդ չորս կողմը շրջապատ մը շինէ, որպէս զի չըլլայ թէ մէկը անկէ վար իյնայ ու քու տունդ արեան պարտական ըլլայ։9. «Այգիիդ մէջ այլեւայլ սերմեր մի՛ ցաներ, որպէս զի ցանած սերմիդ արդիւնքը ու այգիիդ բերքը չպղծուին։10. Եզ մը ու էշ մը մէկտեղ երկիր հերկելու մի՛ գործածեր։11. «Բուրդով ու քթանով գործուած այլայլախառն հանդերձ մի՛ հագնիր։12. «Հագած հանդերձիդ չորս ծայրը ծոպեր շինէ։13. «Եթէ մարդ մը կին առնէ ու անոր մօտենալէն ետքը զանիկա ատէ14. Եւ անոր վրայ զրպարտութեան խօսքեր դնելով անոր անունը գէշ հանէ ու ըսէ. ‘Ես այս կինը առի, բայց երբ անոր մօտեցայ, անոր վրայ կուսութիւն չգտայ’.15. Այն ատեն աղջկան հայրն ու մայրը աղջկան կուսութեան նշանը առնեն եւ դուռը հանեն քաղաքին ծերերուն առջեւ։16. Աղջկան հայրը ծերերուն պիտի ըսէ. ‘Իմ աղջիկս այս մարդուն կին տուի ու ատելով զանիկա,17. Ահա անոր վրայ զրպարտութիւն կ’ընէ, ըսելով թէ Ես քու աղջկադ վրայ կուսութիւն չգտայ. բայց ահա իմ աղջկանս կուսութեան նշանը ’։ Եւ լաթը քաղաքին ծերերուն առջեւ պիտի փռէ։18. Ետքը այն քաղաքին ծերերը այն ամուսինը առնեն ու զանիկա պատժեն19. Եւ Իսրայելացի կոյս աղջկան անունը անպատուելուն համար անկէ հարիւր սիկղ արծաթ տուգանք առնեն ու աղջկան հօրը տան, բայց աղջիկը դարձեալ մարդուն կինը պիտի ըլլայ իր բոլոր կեանքին մէջ։ Մարդը իրաւունք չունի զանիկա արձակելու։20. Բայց եթէ ստոյգ ըլլայ ըսուածը ու աղջկան վրայ կուսութիւն չէ գտնուեր,21. Այն ատեն աղջիկը հանեն իր հօրը տանը դրան առջեւ ու քաղաքին մարդիկը պէտք է քարկոծեն զանիկա, որպէս զի մեռնի. որովհետեւ Իսրայէլի մէջ անզգամութիւն ընելով իր հօրը տունը պոռնկութիւն ըրեր է։ Այս կերպով չարութիւնը ձեր մէջէն պէտք է վերցուի։22. «Եթէ մէկը այր ունեցող կնոջ մը հետ պառկած գտնուի, այն ատեն երկուքն ալ պիտի մեռցուին, թէ՛ այն կնոջ հետ պառկող մարդը եւ թէ՛ այն կինը ու Իսրայէլէն չարութիւնը վերցուի։23. «Եթէ կոյս աղջիկ մը մարդու մը նշանուած ըլլայ ու ուրիշ մարդ մը քաղաքին մէջ գտնելով զանիկա՝ անոր հետ պառկի,24. Երկուքն ալ այն քաղաքին դուռը պէտք է հանէք ու զանոնք քարկոծէք, որպէս զի մեռնին։ Աղջիկը՝ քանզի քաղաքին մէջ գտնուելով չկանչուըռտեց եւ մարդը՝ քանզի ուրիշին նշանածը լլկեց։ Այս ձեւով չարութիւնը ձեր մէջէն վերցուի։25. «Բայց եթէ մարդ մը նշանուած աղջիկ մը դաշտի մէջ գտնէ ու զանիկա բռնադատելով անոր հետ պառկի, այն ատեն անոր հետ հետ պառկող մարդը միայն մեռցուի։26. Աղջկան բան մը մի՛ ըներ. աղջիկը մահու արժանի յանցանք մը չունի. վասն զի ինչպէս մէկը իր դրացիին վրայ կը յարձակի ու զանիկա կը մեռցնէ, այս դիպուածն ալ այնպէս է։27. Քանզի դաշտ էր ու թէեւ նշանուած աղջիկը կանչուըռտեց, բայց զինք ազատող մը չեղաւ։28. «Եթէ մարդ մը նշանուած կոյս աղջիկ մը գտնէ եւ զանիկա բռնադատելով անոր հետ պառկի ու բանը իմացուի՝ ՝,29. Այն ատեն անոր հետ պառկող մարդը աղջկան հօրը յիսուն սիկղ արծաթ պիտի տայ ու աղջիկը իբր կին պիտի առնէ, քանի որ լլկեց զանիկա։ Իր բոլոր կեանքին մէջ զանիկա արձակելու իրաւունք պիտի չունենայ։30. «Չըլլայ թէ մարդ մը իր խորթ մայրը առնէ ու իր հօրը քղանցքը բանայ»։Սաղմոսներ 38:9-229. Ո՛վ Տէր, իմ ամէն բաղձանքս քու առջեւդ է Ու իմ հեծութիւնս քեզմէ չծածկուեցաւ։10. Սիրտս կը բաբախէ, ոյժս պակսեցաւ Ու իմ աչքերուս լոյսը՝ ան ալ ինծի հետ չէ։11. Սիրականներս ու ընկերներս իմ չարչարանքիս պատճառով հեռու կը կենան, Ազգականներս ալ հեռու կը կենան12. Ու անձս փնտռողները ինծի որոգայթ կը լարեն Ու ինծի չարիք ուզողները աւերումի մասին կը խօսին Եւ ամէն օր նենգութեան մասին կը մտածեն։13. Սակայն ես խուլի պէս չեմ լսեր Ու բերանը չբացող համրի մը պէս եմ։14. Եւ ես այնպիսի մարդու մը պէս եմ, որ չի լսեր Ու հակառակ խօսք չկայ իր բերանը։15. Վասն զի, ո՛վ Տէր, ես քեզի կը յուսամ։ Դուն պիտի պատասխանես, ո՛վ իմ Տէր Աստուածս։16. Վասն զի ըսի. «Թող չխնդան իմ վրաս, անոնք որ Ոտքիս սահած ժամանակը ինծի դէմ կը հպարտանան»։17. Վասն զի ես կաղ ըլլալու պատրաստ եմ Ու իմ ցաւս ամէն ատեն առջեւս է։18. Վասն զի անօրէնութիւնս պիտի պատմեմ Ու մեղքիս համար հոգ պիտի ընեմ։19. Բայց թշնամիներս ողջ են, ուժովցան։ Զիս զուր տեղը ատողները շատցան։20. Ու աղէկութեան փոխարէն գէշութիւն ընողները Ինծի դէմ կը կենան, վասն զի ես աղէկութեան ետեւէ կ’երթամ։21. Զիս մի՛ թողուր, ո՛վ Տէր, Ո՛վ իմ Աստուածս, ինծմէ մի հեռանար։22. Ինծի օգնութիւն ընելու արտորցիր, Ո՛վ Տէր, իմ փրկութիւնս։Առակներ 12:26-2826. Արդարը իր ընկերին ճամբայ կը ցուցնէ՝ ՝, Բայց ամբարիշտներուն ճամբան զիրենք կը մոլորեցնէ։27. Ծոյլը իր որսը չ’եփեր, Բայց ժիր մարդուն ստացուածքը պատուական է։28. Արդարութեան ճամբուն մէջ կեանք կայ Եւ անոր շաւիղներուն ճամբուն մէջ մահ չկայ՝ ՝։Ղուկասը 5:1-161. Օր մը, երբ ժողովուրդը անոր բոլորտիքը դիզուեցաւ Աստուծոյ խօսքը լսելու համար, ինք Գեննեսարէթի ծովակին քով կեցեր էր,2. Տեսաւ երկու նաւեր, որոնք ծովակին քով կեցեր էին եւ ձկնորսները անոնց մէջէն ելած՝ ուռկանները կը լուային։3. Ինք այն նաւերէն մէկուն մէջ մտաւ, որ Սիմոնինն էր եւ աղաչեց անոր որ քիչ մը ցամաքէն ծովուն մէջ տանի եւ նստելով՝ նաւուն մէջէն ժողովուրդին կը սորվեցնէր։4. Երբ խօսելէն դադրեցաւ, ըսաւ Սիմոնին. «Յառաջ տար նաւը ՝ դէպի խորունկը եւ ուռկաննիդ ձգեցէք ձուկ որսալու»։5. Սիմոն պատասխան տալով՝ ըսաւ անոր. «Վա՛րդապետ, բոլոր գիշերը աշխատեցանք ու բան մը չբռնեցինք. բայց քու խօսքիդ համար ուռկանը կը ձգեմ»։6. Երբ ըսուածը ըրին, խիստ շատ ձուկեր ժողվեցին, անանկ որ իրենց ուռկանը կը պատռտէր։7. Աչք կ’ընէին միւս նաւուն մէջ եղող իրենց ընկերներուն՝ որ գան օգնեն իրենց։ Եկան ու երկու նաւերն ալ լեցուցին, գրեթէ ընկղմելու մօտ էին։8. Սիմոն Պետրոս երբ տեսաւ, Յիսուսին ծունկերուն ինկաւ ու ըսաւ. «Տէ՛ր, իմ քովէս մէկդի գնա, քանզի ես մեղաւոր մարդ մըն եմ»։9. Վասն զի ապշութիւնը պատեց զանիկա եւ անոր հետ եղող ամէնքը՝ իրենց բռնած ձուկերուն շատութեան համար։10. Նոյնպէս ալ Զեբեդէոսի որդիները՝ Յակոբոս եւ Յովհաննէս՝ որոնք Սիմոնին ընկերներն էին։ Յիսուս ըսաւ Սիմոնին. «Մի՛ վախնար, ասկէ ետեւ մարդոց որսորդ պիտի ըլլաս»։11. Նաւերը ցամաք հանելով՝ ամէն բան թողուցին ու անոր ետեւէն գացին։12. Օր մը, ինք քաղաքի մը մէջ էր, ահա մարդ մը բորոտութիւնով լեցուն՝ երբ Յիսուսը տեսաւ, երեսի վրայ իյնալով աղաչեց անոր ու ըսաւ. «Տէ՛ր, եթէ ուզես՝ կրնաս զիս մաքրել»։13. Յիսուս իր ձեռքը երկնցնելով դպաւ անոր ու ըսաւ. «Կ’ուզե՛մ, մաքրուէ՛» եւ շուտ մը բորոտութիւնը անկէ գնաց։14. Ու ինք պատուիրեց անոր, որ մարդու չըսէ, հապա, ըսաւ. «Գնա քեզ քահանային ցուցուր եւ Մովսէսին պատուիրածին պէս քու մաքրուելուդ ընծան տուր, անոնց վկայութիւն ըլլալու համար»։15. Անոր լուրը աւելի կը տարածուէր ու շատ ժողովուրդ կը ժողվուէին մտիկ ընելու եւ իրենց հիւանդութիւններէն բժշկուելու։16. Բայց ինք անապատ տեղեր կը քաշուէր եւ աղօթք կ’ընէր։ Armenian Western Bible 1853 Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981