Աստվածաշունչը մեկ տարում
Մարտ 31

1. «Ամորձիքը ճզմուած կամ կտրուած մարդը Տէրոջը ժողովարանը պէտք չէ մտնէ։
2. Պոռնկորդին ալ Տէրոջը ժողովարանը պէտք չէ մտնէ, նոյնպէս անոր զաւակը ՝ մինչեւ տասներորդ սերունդը։
3. «Ամմոնացին ու Մովաբացին Տէրոջը ժողովարանը պէտք չէ մտնեն յաւիտեանս անոնց զաւակն ալ՝ մինչեւ տասներորդ սերունդը,
4. Քանզի երբ դուք Եգիպտոսէն ելաք, ճամբուն մէջ հացով ու ջրով ձեզ դիմաւորեցին ու Միջագետքի Փաթուր քաղաք էն Բէովրի որդին Բաղաամը վարձքով բերել տուին, որպէս զի քեզ անիծէ.
5. Բայց քու Տէր Աստուածդ չուզեց Բաղաամին մտիկ ընել, հապա քու Տէր Աստուածդ անէծքը քեզի օրհնութեան դարձուց, որովհետեւ քու Տէր Աստուածդ քեզ սիրեց։
6. Քու բոլոր կեանքիդ մէջ անոնց խաղաղութիւնն ու աղէկութիւնը մի՛ կամենար յաւիտեան։
7. «Չըլլայ որ Եդովմայեցին ատես, քանզի անիկա քու եղբայրդ է։ Եգիպտացին ալ չատես, քանզի անոր երկրին մէջ պանդուխտ էիր.
8. Ասոնց ծնած զաւակներուն միայն երրորդ ազգը Տէրոջը ժողովարանը թող մտնեն։
9. «Երբ թշնամիներուդ դէմ բանակով երթաս, ամէն չար բանէ զգուշացի՛ր։
10. Եթէ ձեր մէջ մարդ մը երազափորձութեան պատճառաւ մաքուր չէ, թող բանակէն դուրս ելլէ ու բանակին մէջ չմտնէ
11. Եւ իրիկունը ջրով լուացուի ու արեւը մարը մտածին պէս բանակին մէջ մտնէ։
12. Բանակէն դուրս տեղ մը ունեցիր, որպէս զի հոն դուրս ելլես։
13. Զէնքերուդ մէջ ցից մը ունեցիր, որպէս զի երբ դուրսը նստելու ըլլաս, անով փորես ու դուրս տրուածը ծածկես։
14. Քանզի քու Տէր Աստուածդ, քեզ ազատելու համար ու քու թշնամիներդ քու ձեռքդ մատնելու համար, քու բանակիդ մէջ կը քալէ. ուստի քու բանակդ մաքուր ըլլալու է, որպէս զի անիկա քու վրադ աղտեղութիւն մը տեսնելով քեզմէ չհեռանայ։
15. «Եթէ ծառայ մը իր տիրոջմէն փախչելով քու քովդ ապաստանի, իր տիրոջը ձեռքը մի՛ մատներ։
16. Թող քեզի հետ բնակի իր հաւնած տեղը քու քաղաքներէդ մէկուն մէջ, ուր ինք կ’ուզէ եւ զանիկա մի՛ նեղեր։
17. «Իսրայէլի աղջիկներէն բոզ չըլլայ ու Իսրայէլի տղոցմէն իգացեալ չըլլայ։
18. Ոեւէ ուխտի համար բոզի վարձքը կամ չունի գինը քու Տէր Աստուծոյդ տունը մի՛ տանիր. քանզի քու Տէր Աստուծոյդ առջեւ երկուքն ալ պիղծ են։
19. «Ստակը կամ ուտելիքը եւ կամ ոեւէ բան որ շահով կրնայ տրուիլ, քու եղբօրդ շահով մի՛ տար։
20. Օտարականէն շահ ա՛ռ, բայց քու եղբօրմէդ շահ մի՛ առներ, որպէս զի քու Տէր Աստուածդ քու ամէն ձեռք զարկած գործերուդ մէջ քեզ օրհնէ այն երկրին մէջ, ուր պիտի մտնես զանիկա ժառանգելու համար։
21. «Երբ քու Տէր Աստուծոյդ ուխտ մը ընես, առանց ուշացնելու կատարէ, քանզի քու Տէր Աստուածդ անպատճառ զանիկա քեզմէ պիտի պահանջէ ու մեղքի տէր պիտի ըլլաս.
22. Բայց եթէ ուխտ ընել չուզես, այն քեզի մեղք չըլլար։
23. Ինչ որ բերնովդ կը խոստանաս ու քու կամքովդ քու Տէր Աստուծոյդ կ’ուխտես, քու շրթունքներէդ ելածը զգուշութեամբ կատարէ՛։
24. «Երբ քու դրացիիդ այգին մտնես, ուզածիդ չափ խաղող կե՛ր ու կշտացի՛ր, բայց ամանիդ մէջ մի՛ դներ։
25. Երբ քու դրացիիդ հունձքին մէջ մտնես, ձեռքովդ հասկերը փրցուր, բայց դրացիիդ հունձքին մանգաղ մի՛ զարներ»։
1. «Եթէ մէկը կին մը առնէ ու ամուսնանայ եւ անոր վրայ անարգութեան բան մը գտնելուն համար անիկա իր աչքին հաճոյ չըլլայ, այն ատեն անոր արձակման թուղթ մը թող գրէ ու անոր ձեռքը տայ եւ իր տունէն ճամբէ։
2. Երբ կինը անոր տունէն ելլելով երթայ ուրիշի մը հետ ամուսնանայ,
3. Եթէ երկրորդ այրն ալ զանիկա ատելով արձակման թուղթ մը գրէ ու անոր ձեռքը տալով՝ իր տունէն ճամբէ, կամ եթէ երկրորդ ամուսինը մեռնի,
4. Առաջին ամուսինը, որ զանիկա ճամբեր էր, պէտք չէ դարձեալ անոր հետ ամուսնանայ, անոր պղծուելէն ետքը. քանզի Տէրոջը առջեւ պղծութիւն է այս բանը։ Այսպէս դուն մեղքով մի՛ լեցներ այն երկիրը, որ քու Տէր Աստուածդ քեզի ժառանգութիւն կու տայ։
5. «Նոր ամուսնացած մարդը պատերազմի պէտք չէ երթայ ու անոր ոեւէ պաշտօն պէտք չէ տրուի. տարի մը իր տանը մէջ ազատ թող նստի ու իր կինը ուրախացնէ։
6. «Չըլլայ որ մարդ մը աղօրիքը կամ անոր վերի քարը գրաւ առնէ. քանզի իր ընկերին կեանքը գրաւ առած կ’ըլլայ։
7. «Եթէ մարդ մը գտնուի, որ իր եղբայրներէն, այսինքն Իսրայէլի որդիներէն, մէկը գողնալով զանիկա ծառայ դարձնէ կամ ծախէ, այդ մարդը իբր գող թող մեռնի ու ձեր մէջէն չարութիւնը վերցուի։
8. «Բորոտութեան ախտին համար զգուշութիւն ըրէք, Ղեւտացի քահանաներուն բոլոր ձեզի սորվեցուցած բաները ճշդիւ պահեցէ՛ք եւ ըրէ՛ք. ինչ որ անոնց պատուիրեր եմ զգուշութեամբ գործադրեցէ՛ք։
9. Միտքդ բեր ինչ որ քու Տէր Աստուածդ Մարիամին ըրաւ ճամբուն մէջ՝ Եգիպտոսէն ելած ատեննիդ։
10. «Երբ քու դրացիիդ բան մը փոխ տաս, գրաւն առնելու համար անոր տունը մի՛ մտներ.
11. Դուրսը կայնէ ու փոխ առնող մարդը գրաւը թող դուրս բերէ։
12. Եթէ այն մարդը աղքատ է, անոր գրաւովը մի՛ պառկիր.
13. Արեւը մտածին պէս անպատճառ անոր գրաւը ետ դարձո՛ւր, որպէս զի անիկա իր հանդերձովը պառկի ու քեզ օրհնէ։ Քու Տէր Աստուծոյդ առջեւ այս բանը քեզի արդարութիւն պիտի սեպուի։
14. «Աղքատ ու կարօտ վարձկանին զրկանք մի՛ ըներ, ան քու եղբայրներէդ եւ կամ քու երկրիդ օտարականներէն ալ ըլլայ։
15. Նոյն օրը արեւը չմտած անոր վարձքը հատուցանէ, քանզի անիկա աղքատ է ու անոր խելքը միտքը անոր վրայ է։ Չըլլայ թէ քեզի համար Տէրոջը բողոքէ ու մեղքի տեր ըլլաս։
16. «Տղոց յանցանքին համար հայրերը մի՛ մեռցնէք ու հայրերուն յանցանքին համար տղաքը մի՛ մեռցնէք։ Ամէն մարդ իր յանցանքին համար պէտք է մեռցուի։
17. «Օտարականին ու որբին իրաւունքը մի՛ ծռեր ու որբեւարիին հանդերձը գրաւ մի՛ առներ։
18. Միտքդ բեր թէ դուն ալ Եգիպտոսի մէջ ծառայ էիր ու քու Տէր Աստուածդ քեզ անկէ ազատեց։ Անոր համար ես քեզի այս պատուէրը կու տամ։
19. «Երբ քու արտդ հնձես ու արտին մէջ որայ մը մոռցած ըլլաս, զանիկա առնելու համար ետ մի՛ դառնար, անիկա օտարականին, որբին ու որբեւարիին թող մնայ. որպէս զի քու Աստուածդ քու ձեռքերուդ ամէն գործի մէջ քեզ օրհնէ։
20. Ձիթենիդ թօթուելէդ ետքը վրան մնացածները ոստէ ոստ մի՛ փնտռեր. անիկա օտարականին, որբին ու որբեւարիին թող մնայ։
21. Այգիիդ խաղողները քաղելէդ ետքը ճռաքաղ մի՛ ըներ, անիկա օատարականին, որբին ու որբեւարիին թող ըլլայ։
22. Միտքդ բեր թէ Եգիպտոսի երկրին մէջ ծառայ էիր։ Ատոր համար ես քեզի այս պատուէրը կու տամ»։
1. Ըսի թէ ճամբաներուս զգուշութիւն ընեմ, Որպէս զի լեզուովս մեղք չգործեմ։ Բերանս սանձով պահեմ՝ Ամբարիշտին իմ առջեւս եղած ատենը։
2. Մունջ եղայ լռութիւնով, Աղէկութեան վրայով ալ լռեցի Ու ցաւս շարժեցաւ։
3. Սիրտս բորբոքեցաւ ներսիդիս, Ջերմութեանս մէջ կրակը վառեցաւ, Այն ատեն լեզուովս խօսեցայ.
4. «Ցուցո՛ւր ինծի, ո՛վ Տէր, իմ վերջս Եւ օրերուս չափը որչափ է», Որպէս զի գիտնամ թէ ի՛նչպէս անցաւոր եմ։
5. Ահա իմ օրերս թիզերու չափ դրիր Ու իմ կեանքս ոչնչի պէս է քու առջեւդ։ Իրաւ ամէն մարդ թէեւ հաստատուած ըլլայ, Բայց բոլորովին ունայնութիւն է։ (Սէլա։)
6. Արդարեւ մարդը ստուերի մը պէս կը պտըտի. Արդարեւ փուճ տեղը անհանգիստ կ’ըլլայ. Կը դիզէ, բայց չի գիտեր թէ ո՞վ պիտի առնէ զանոնք։
1. Իմաստուն տղան իր հօրը խրատին մտիկ կ’ընէ, Բայց ծաղրողը յանդիմանութեան մտիկ չըներ։
2. Մարդը իր բերնին պտուղէն բարութիւն կ’ուտէ. Բայց նենգերուն հոգին՝ բռնութիւն։
3. Իր բերանը զսպողը իր անձը կը պահէ, Բայց շրթունքները լայն բացողը պիտի կորսուի։
17. Օր մը երբ ինք կը սորվեցնէր, փարիսեցիներ եւ օրինաց վարդապետներ նստած էին, որոնք Գալիլիայի ու Հրէաստանի ու Երուսաղէմի բոլոր գիւղաքաղաքներէն ժողվուած էին ու Տէրոջը զօրութիւնը ներկայ էր զանոնք բժշկելու։
18. Ահա քանի մը մարդիկ անդամալոյծ մարդ մը մահիճովը բերին եւ հնարը կը փնտռէին թէ ի՞նչպէս զանիկա ներս մտցնեն ու դնեն անոր առջեւ։
19. Ու երբ բազմութենէն ճամբայ չկրցան գտնել, որ անկէ ներս խոթեն զանիկա, տանիքին վրայ ելան եւ զանիկա կղմինտրներուն մէջէն մահիճովը՝ մէջտեղը Յիսուսին առջեւ իջեցուցին։
20. Յիսուս տեսնելով անոնց հաւատքը՝ ըսաւ անոր. «Ո՛վ մարդ, քու մեղքերդ քեզի ներուած են»։
21. Դպիրներն ու փարիսեցիները սկսան խորհիլ ու ըսել. «Ո՞վ է ասիկա, որ հայհոյութիւններ կ’ընէ։ Ո՞վ կրնայ մեղքերու թողութիւն տալ, բայց միայն Աստուած»։
22. Յիսուս իմանալով անոնց խորհուրդները՝ պատասխան տուաւ ու ըսաւ անոնց. «Սրտերնուդ մէջ ի՞նչ կը խորհիք։
23. Ո՞րը աւելի դիւրին է, ‘Քու մեղքերդ քեզի ներուած են՝ ըսե՞լը, թէ Ելի՛ր ու քալէ՛՝ ըսելը’։
24. Բայց որպէս զի գիտնաք թէ Որդին մարդոյ իշխանութիւն ունի երկրի վրայ մեղքերու թողութիւն տալու, (ըսաւ անդամալոյծին,) «Քեզի կ’ըսեմ, Ելի՛ր մահիճդ ա՛ռ ու տունդ գնա»։
25. Ան ալ իսկոյն անոնց առջեւ ելաւ ու վրան առաւ ինչ բանի վրայ որ պառկած էր եւ գնաց իր տունը ու Աստուծոյ փառք կու տար։
26. Ամէնքը ապշած մնացին ու Աստուծոյ փառք կու տային եւ վախով լեցուած՝ կ’ըսէին. «Այսօր նորանշան բաներ տեսանք»։
27. Այս բաներէն յետոյ ելաւ անկէ ու տեսաւ մաքսաւոր մը, որուն անունը Ղեւի էր, որ մաքս ընդունելու տեղը նստեր էր ու ըսաւ անոր. «Ետեւէս եկուր»։
28. Ան ալ թողուց ամէնքը եւ ելաւ գնաց անոր ետեւէն։
29. Ու Ղեւի մեծ կոչունք մը տուաւ իր տանը մէջ։ Շատ բազմութիւն կար մաքսաւորներու եւ ուրիշներու, որ անոնց հետ սեղան նստեր էին։
30. Դպիրներն ու փարիսեցիները տրտունջ կ’ընէին ու անոր աշակերտներուն կ’ըսէին. «Ինչո՞ւ համար մաքսաւորներուն հետ կ’ուտէք ու կը խմէք»։
31. Յիսուս պատասխան տալով՝ ըսաւ անոնց. «Առողջներուն բժիշկ պէտք չէ, հապա հիւանդներուն.
32. Ես արդարները կանչելու չեկայ, հապա մեղաւորները՝ ապաշխարութեան»։
33. Անոնք ալ ըսին. «Ինչո՞ւ Յովհաննէսին աշակերտները շատ անգամ ծոմ կը պահեն եւ աղօթքներ կ’ընեն, նոյնպէս ալ փարիսեցիներուն աշակերտները. բայց քուկիններդ կ’ուտեն ու կը խմեն»։
34. Անիկա ալ ըսաւ անոնց. «Կրնա՞ք հարսանիքին տղոցը ծոմ պահել տալ՝ որքան ատեն որ փեսան իրենց հետ է։
35. Բայց օրեր պիտի գան՝ երբ փեսան իրենցմէ պիտի վերցուի, այն օրերուն ծոմ պիտի պահեն»։
36. Առակ մըն ալ ըսաւ անոնց. «Մէկը նոր լաթի կտոր մը չի ձգեր հին հանդերձի վրայ. եթէ ոչ՝ այն նորը պատռուածք ալ կ’ընէ ու հինցածին հետ չի յարմարիր այն նոր լաթէն եղած կտորը։
37. Եւ մէկը նոր գինին հին տիկերու մէջ չի դներ. եթէ ոչ՝ նոր գինին տիկերը կը պատռէ, ինք կը թափի ու տիկերը կը կորսուին.
38. Հապա նոր գինին նոր տիկերու մէջ դնելու է, որպէս զի երկուքն ալ պահուին։
39. Եւ մէկը հին գինին խմելէն յետոյ անմիջապէս նորը չ’ուզեր, քանզի կ’ըսէ թէ՝ Հինը աւելի ախորժելի է»։
Armenian Western Bible 1853
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ Bible Society in Lebanon, 1981