Աստվածաշունչը մեկ տարում
Մարտ 4

1. Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով.
2. «Հրաման ըրէ Իսրայէլի որդիներուն, որ բանակէն դուրս ձգեն ամէն բորոտ եւ ամէն ծորում ունեցող եւ մեռելի մը դպչելով անմաքուր եղողը։
3. Արուն ալ էգն ալ դուրս ձգեցէք. բանակէն դուրս պէտք է ձգէք զանոնք, որպէս զի չպղծեն իրենց բանակները՝ որոնց մէջտեղը ես կը բնակիմ»։
4. Եւ Իսրայէլի որդիները այնպէս ըրին ու բանակէն դուրս ձգեցին զանոնք։ Ինչպէս Տէրը Մովսէսին պատուիրեց, այնպէս ըրին Իսրայէլի որդիները։
5. Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով.
6. «Խօսէ՛ Իսրայէլի որդիներուն, Երբ մարդ մը կամ կին մը մարդոց բոլոր մեղքերէն մէկը գործելով՝ Տէրոջը դէմ մեղանչէ, այդ անձը յանցաւոր կ’ըլլայ,
7. Այն ատեն իր ըրած մեղքը պէտք է խոստովանի եւ անիկա իր ըրած վնասը լման պէտք է հատուցանէ ու անոր վրայ մէկ հինգերորդը աւելցնէ ու վնասը քաշողին տայ։
8. Եւ եթէ այն վնաս քաշող մարդը ոեւէ ազգական չունենայ, որուն այդ վնասը հատուցուի, այն ատեն եղած վնասը Տէրոջը հատուցուելով, քահանային պէտք է ըլլայ բացի քաւութեան խոյէն, որով այն յանցաւոր մարդուն համար քաւութիւն պիտի ըլլայ։
9. Եւ Իսրայէլի որդիներուն բոլոր սուրբ բաները եւ ամէն ընծայ որ կը բերեն քահանային, անոր պէտք է ըլլայ։
10. Եւ ոեւէ մարդու սուրբ բաները անոր պէտք է ըլլան։ Ամէն մարդ ինչ որ տայ քահանային, անորը պիտի ըլլայ»։
11. Եւ Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով.
12. «Խօսէ՛ Իսրայէլի որդիներուն ու ըսէ՛ անոնց. Եթէ մարդու մը կինը խոտորի ու անոր անհաւատարմութիւն ընէ
13. Եւ մէկը անոր հետ պառկելով զուգաւորուի ու անոր այրը տեսած չըլլալով բանը գաղտուկ մնայ եւ անոր պղծուած ատենը տեսնող մը չըլլայ ու կինը չբռնուի
14. Եւ էրկանը մէջ կասկած արթննալով՝ իր կնոջ պղծուելուն համար կասկածի, կամ կինը պղծուած չըլլալով էրկանը մէջ կասկած արթննայ ու կասկածի,
15. Այն ատեն այն մարդը իր կինը քահանային պէտք է բերէ եւ անոր իբր ընծայ գարիի ալիւրէն արդուին մէկ տասներորդ բաժինը պէտք է բերէ. իւղ պէտք չէ թափէ անոր վրայ, ո՛չ ալ կնդրուկ դնէ վրան, վասն զի կասկածամտութեան ընծայ մըն է ան, յիշատակի ընծայ, որ մեղքը կը յիշատակէ։
16. Քահանան կինը թող մօտեցնէ ու Տէրոջը առջեւ կանգնեցնէ։
17. Եւ քահանան հողէ ամանով սուրբ ջուր թող առնէ ու քահանան խորանին յատակը եղած հողէն առնէ եւ ջուրին մէջ դնէ։
18. Քահանան Տէրոջը առջեւ թող կանգնեցնէ կինը ու կնոջ գլուխը բանայ եւ յիշատակի ընծան, այսինքն կասկածամտութեան ընծան, անոր ձեռքը տայ ու անէծքին լեղի ջուրը քահանան իր ձեռքը պէտք է ունենայ։
19. Քահանան անոր թող երդում ընել տայ ու ըսէ կնոջը. ‘Եթէ մարդ մը քեզի հետ չպառկեցաւ եւ եթէ քու էրկանդ անհաւատարմութիւն ընելով չպղծուեցար, անէծքին այս լեղի ջուրը քեզի վնաս մը թող չընէ.
20. Բայց եթէ քու էրկանդ անհաւատարմութիւն ընելով պղծուեցար եւ քու այրէդ զատ ուրիշ մարդ մը քեզի հետ պառկեցաւ,
21. (Այն ատեն քահանան կնոջ անէծքի երդում ընել պիտի տայ եւ քահանան կնոջ պիտի ըսէ,) Տէրը քեզ քու ժողովուրդիդ մէջտեղը անէծքի ու երդումի համար թող դնէ, երբ Տէրը քու զիստդ փտտեցնէ ու քու փորդ ուռեցնէ
22. Եւ այս անէծքին ջուրը քու աղիքներուդ մէջ թող երթայ, որպէս զի քու փորդ ուռեցնէ ու քու զիստդ փտտեցնէ՛’։ Եւ կինը թող ըսէ. ‘Ամէն, ամէն’։
23. Եւ քահանան այս անէծքները գրքի մը մէջ թող գրէ ու այդ լեղի ջրովը թող աւրէ։
24. Եւ անէծքին լեղի ջուրը այն կնոջ թող խմցնէ ու անէծքին ջուրը անոր ներսիդին պիտի երթայ եւ ցաւեր յառաջացնէ։
25. Եւ քահանան կնոջ ձեռքէն կասկածամտութեան ընծան թող առնէ ու Տէրոջը առջեւ երերցնէ եւ սեղանին մօտեցնէ զայն։
26. Եւ քահանան ընծայէն իր ձեռքը թող առնէ յիշատակի համար ու սեղանին վրայ այրէ զայն ու ետքը այն ջուրը կնոջ թող խմցնէ։
27. Եւ ջուրը անոր խմցնելէն յետոյ՝ եթէ անիկա պղծուած ու իր էրկանը անհաւատարմութիւն ըրած է, անէծքին ջուրը լեղի ըլլալով՝ երբ մտնէ անոր ներսիդին, անոր փորը պիտի ուռի ու անոր զիստը փտտի՝ կինը իր ժողովուրդին մէջ անիծեալ թող ըլլայ։
28. Իսկ եթէ կինը պղծուած չըլլալով մաքուր է, վնաս պիտի չկրէ ու զաւակ պիտի ծնանի։
29. Կասկածամտութեան օրէնքը այս է, երբ կին մը իր էրկանը անհաւատարմութիւն ընելով պղծուի,
30. Կամ երբ մարդու մը մէջ կասկածամտութեան ոգի գայ ու կնոջ վրայ կասկածի, Տէրոջը առջեւ պիտի կանգնեցնէ կինը եւ քահանան կատարէ այս բոլորը անոր վրայ
31. Եւ այն մարդը ազատ պիտի ըլլայ յանցանքէն, բայց կինը իր յանցանքը պիտի կրէ»։
1. Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով.
2. «Խօսէ՛ Իսրայէլի որդիներուն ու ըսէ՛ անոնց. Եթէ մարդ մը կամ կին մը ինքզինք Տէրոջը նուիրէ եւ ուխտի կամ նուիրման զաւակ ըլլայ,
3. Գինիէ եւ օղիէ պէտք է զգուշանայ. գինիի քացախ կամ օղիի քացախ պէտք չէ խմէ եւ բնաւ խաղողի օշարակ պէտք չէ խմէ ու խաղող կամ չամիչ պէտք չէ ուտէ։
4. Ինքզինք նուիրելէ ետք որթատունկէն եղած բան մը պէտք չէ ուտէ, կուտերէն մինչեւ կեղեւը։
5. Ինքզինք նուիրելէ ետք իր գլխուն ածելի պէտք չէ զարնէ. մինչեւ ինքզինք Տէրոջը նուիրած օրերը լմննան՝ ինք սուրբ պէտք է ըլլայ եւ իր գլխու մազերը պէտք է թողու որ աճին։
6. Ինքզինք Տէրոջը նուիրած բոլոր օրերը մեռած մարմնի մը պէտք չէ մօտենայ.
7. Իր հօրը համար կամ մօրը համար, իր եղբօրը կամ իր քրոջը համար ինքզինք պէտք չէ պղծէ, երբ անոնք մեռնին, քանզի իր Աստուծոյն ուխտը իր գլխուն վրայ է։
8. Որքան ատեն որ ինքզինք նուիրած է, բոլոր օրերը ինք սուրբ է Տէրոջը։
9. Եւ եթէ իր քով յանկարծ մարդ մը մեռնի ու իր նուիրած գլուխը պղծուի, մաքրուելու համար իր գլուխը պէտք է ածիլէ. եօթներորդ օրը ածիլէ զայն
10. Եւ ութերորդ օրը վկայութեան խորանին դուռը երկու տատրակ կամ աղաւնիի երկու ձագ պէտք է բերէ քահանային։
11. Քահանան մէկը՝ իբր մեղքի պատարագ ու միւսը իբր ողջակէզ պիտի մատուցանէ եւ մեռելին պատճառած մեղքին համար քաւութիւն պիտի ընէ անոր ու այն օրը պիտի սրբէ անոր գլուխը։
12. Իր ուխտին օրերը Տէրոջը պէտք է նուիրէ ու յանցանքի պատարագի համար մէկ տարեկան գառնուկ մը բերէ առանց նախկին օրերը համրելու, որովհետեւ իր ուխտը պղծուեցաւ։
13. Ուխտաւորին օրէնքը այս է՝ Երբ ինքզինք նուիրելու օրերը լմննան, անիկա վկայութեան խորանին դուռը պէտք է բերուի
14. Եւ իր զոհը Տէրոջը պէտք է մատուցանէ։ Մէկ տարեկան անարատ արու գառնուկ մը ողջակէզի համար ու մէկ տարեկան անարատ էգ գառնուկ մը մեղքի պատարագի համար եւ անարատ խոյ մը խաղաղութեան զոհի համար։
15. Սակառ մը բարակ ալիւրէ իւղով շաղուած թթխմորի շօթեր ու իւղով օծուած առանց թթխմորի լաւաշներ եւ անոնց հացի ընծան ու ըմպելի նուէրը պէտք է մատուցանէ ։
16. Քահանան անոր մեղքի պատարագը ու անոր ողջակէզը Տէրոջը առջեւ մօտեցնելով պէտք է մատուցանէ։
17. Խոյը իբր խաղաղութեան զոհ պէտք է մատուցանէ Տէրոջը՝ առանց թթխմորի հացին սակառովը ու քահանան անոր հացի ընծան ու ըմպելի նուէրը պէտք է մատուցանէ։
18. Ուտաւորը իր նուիրած գլուխը պէտք է ածիլէ վկայութեան խորանին դուռը ու իր նուիրած գլխուն մազը թող առնէ եւ խաղաղութեան զոհին տակ եղած կրակին մէջ թող նետէ։
19. Քահանան խոյէն՝ եփած թեւը եւ սակառէն առանց թթխմորի շօթ մը ու մէկ լաւաշ առնէ եւ ուխտաւորին ձեռքերուն վրայ դնէ մազերուն ածիլուելէն ետքը։
20. Եւ քահանան իբր երերցնելու ընծայ թող մատուցանէ զանոնք Տէրոջը առջեւ։ Ասոնք երերցնելու երբուծով ու բարձրացնելու զիստով քահանային համար սուրբ են եւ անկէ յետոյ ուխտաւորը գինի թող խմէ։
21. Ուխտաւորի մը ու անոր նուիրուելուն համար Տէրոջը խոստացած իր ընծային օրէնքը այս է՝ իր ձեռքը հասածէն զատ։ Անիկա իր ըրած խոստումը իր նուիրուելուն օրէնքովը պէտք է կատարէ»։
22. Եւ Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով.
23. «Խօսէ՛ Ահարոնին ու անոր որդիներուն եւ ըսէ՛. Այսպէս պիտի օրհնէք Իսրայէլի որդիները՝ ըսելով անոնց.
24. ‘Տէրը օրհնէ քեզ եւ պահէ քեզ.
25. Տէրը պայծառացնէ իր երեսը քու վրադ ու ողորմի քեզի.
26. Տէրը իր երեսը քու վրադ վերցնէ եւ խաղաղութիւն տայ քեզի’։
27. Եւ իմ անունս Իսրայէլի որդիներուն վրայ պիտի դնեն ու ես պիտի օրհնեմ զանոնք»։
8. Ո՛վ Տէր, քեզի կը կանչեմ Ու Տէրոջը աղաչանք կ’ընեմ։
9. Իմ արիւնէս ի՞նչ օգուտ կ’ըլլայ Եթէ ես գուբը իջնեմ։ Միթէ հողը քեզ պիտի գովէ՞, Կամ անիկա պիտի պատմէ՞ քու ճշմարտութիւնդ։
10. Լսէ՛, ո՛վ Տէր ու ողորմէ՛ ինծի. Ո՛վ Տէր, ինծի օգնական եղիր։
11. Իմ սուգս պարի փոխեցիր, Քուրձս ինծմէ հանեցիր Եւ ինծի ուրախութիւն հագցուցիր,
12. Որպէս զի իմ փառքս սաղմոս երգէ քեզի ու ալ չլռէ։ Ո՛վ իմ Տէր Աստուածս, յաւիտեան քեզ պիտի գովեմ։
1. Նենգուած կշիռքը Տէրոջը առջեւ պիղծ է, Բայց ուղիղ կշիռքի քարը անոր հաճելի է։
2. Երբ հպարտութիւնը գայ, անարգութիւնն ալ կու գայ, Բայց իմաստութիւնը խոնարհներուն հետ է։
3. Ուղիղներուն ճշմարտութիւնը անոնց կ’առաջնորդէ, Բայց անօրէններուն ծռութիւնը զանոնք բնաջինջ կ’ընէ։
22. Երբ Բեթսայիդա գնաց, անոր առջեւ կոյր մը բերին ու կ’աղաչէին իրեն որ դպչի անոր։
23. Անիկա կոյրին ձեռքէն բռնելով գիւղէն դուրս հանեց ու անոր աչքերուն թքնելով՝ ձեռքը անոր վրայ դրաւ ու հարցուց անոր թէ՝ բան մը կը տեսնէ՞։
24. Ան ալ նայեցաւ ու ըսաւ. «Մարդիկ կը տեսնեմ ծառերու պէս որ կը պտըտին»։
25. Նորէն ձեռքը անոր աչքերուն վրայ դրաւ ու անոր նայիլ տուաւ եւ ողջնցաւ ու ամէն բան համարձակ կը տեսնէր։
26. Ետքը զանիկա իր տունը ղրկելով՝ ըսաւ. «Գիւղը մի՛ մտներ ու գիւղին մէջ մարդու մի՛ ըսեր»։
27. Յիսուս իր աշակերտներուն հետ մէկտեղ Փիլիպպոսի Կեսարիայի գիւղերը ելաւ ու ճամբուն մէջ հարցուց իր աշակերտներուն ու ըսաւ անոնց. «Ինծի համար ո՞վ կ’ըսեն մարդիկ թէ եմ»։
28. Անոնք պատասխան տուին ու ըսին. «Ոմանք ՝ Յովհաննէս Մկրտիչը, ուրիշներ ալ՝ Մարգարէներէն մէկը»։
29. Եւ ինք ըսաւ անոնց. «Հապա դո՞ւք ինծի համար ո՞վ կ’ըսէք թէ եմ»։ Պատասխան տուաւ Պետրոս ու ըսաւ անոր. «Դուն ես Քրիստոսը»։
30. Սաստիկ պատուիրեց անոնց՝ որ իրեն համար մարդո՛ւ բան չըսեն։
31. Ապա սկսաւ սորվեցնել անոնց, թէ «Պէտք է որ Որդին մարդոյ շատ չարչարանքներ կրէ ու երէցներէն եւ քահանայապետներէն ու դպիրներէն մերժուի ու սպաննուի եւ երեք օրէն յետոյ յարութիւն առնէ»։
32. Ու այս խօսքը յայտնի խօսեցաւ։ Պետրոս մէկդի առաւ զանիկա ու սկսաւ յանդիմանել։
33. Ինք դարձաւ ու իր աշակերտներուն նայելով՝ յանդիմանեց Պետրոսը ու ըսաւ. «Ետի՛ս գնա, Սատանայ, վասն զի դուն Աստուծոյ բաները չես մտածեր, հապա մարդոց բաները»։
34. Ժողովուրդը իր աշակերտներուն հետ մէկտեղ իրեն կանչելով՝ ըսաւ անոնց. «Ով որ կ’ուզէ իմ ետեւէս գալ, թող իր անձը ուրանայ եւ իր խաչը վերցնէ ու իմ ետեւէս գայ։
35. Վասն զի ով որ կ’ուզէ իր անձը ապրեցնել, պիտի կորսնցնէ զանիկա եւ ով որ ինծի ու աւետարանին համար իր անձը կը կորսնցնէ, պիտի ապրեցնէ զանիկա։
36. Քանզի ի՞նչ օգուտ է մարդուն՝ որ բոլոր աշխարհը վաստկի եւ իր անձը կորսնցնէ.
37. Կամ իր անձին համար ի՞նչ ազատչէք պիտի տայ մարդ։
38. Վասն զի ով որ զիս ու իմ խօսքերս դաւանիլը ամօթ սեպէ այս շնացող ու մեղաւոր ազգին մէջ, Որդին մարդոյ ալ զանիկա դաւանիլը ամօթ պիտի սեպէ՝ երբ գայ իր Հօրը փառքովը սուրբ հրեշտակներուն հետ»։ Եւ ըսաւ անոնց. «Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, որ հոս ներկայ եղողներէն մէկ քանիները կան՝ որոնք մահուան համը պիտի չառնեն, մինչեւ տեսնեն Աստուծոյ թագաւորութիւնը զօրութիւնով եկած»։
Armenian Western Bible 1853
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ Bible Society in Lebanon, 1981