1. Այն օրը երբ Մովսէս լմնցուց խորանին կարգադրութիւնը եւ զանիկա ու անոր բոլոր անօթները օծեց ու սրբեց եւ սեղանն ու անոր բոլոր գործիքները օծեց ու զանոնք սրբեց,
2. Այն ատեն Իսրայէլի իշխանները՝ իրենց հայրերուն տանը գլուխները՝ ժողովուրդը համրելու վերակացու իշխանները՝ ընծաներ տուին։
3. Եւ բերին իրենց ընծաները Տէրոջը առջեւ, վեց ծածկուած սայլեր եւ տասներկու եզներ. ամէն երկու իշխանները՝ մէկ սայլ եւ ամէն մէկը՝ մէկմէկ եզ եւ մօտեցուցին զանոնք վկայութեան խորանին առջեւ։
4. Այն ատեն Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով.
5. «Անոնցմէ ա՛ռ ու Ղեւտացիներուն տո՛ւր ատոնք՝ ամէն մէկուն իր պաշտօնին նայելով, որպէս զի վկայութեան խորանին պաշտամունքին ատեն գործածուին»։
6. Մովսէս առաւ սայլերն ու եզները ու զանոնք Ղեւտացիներուն տուաւ։
7. Երկու սայլ ու չորս եզը Գերսոնին որդիներուն տուաւ՝ անոնց պաշտօնին նայելով
8. Եւ չորս սայլը եւ ութը եզը Մերարիին որդիներուն տուաւ, Ահարոն քահանային որդիին Իթամարին վերակացութեամբ եղած անոնց պաշտօնին նայելով։
9. Բայց Կահաթին որդիներուն չտուաւ. քանզի անոնք սուրբ անօթներուն հոգատարութիւնը ստանձնած էին եւ իրենց ուսերով կը կրէին զանոնք։
10. Եւ սեղանին օծման օրը անոր նուիրման հանդէսին համար իշխանները ընծաներ տուին եւ իշխանները իրենց ընծաները սեղանին առջեւ մատուցանեցին։
11. Եւ Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Սեղանին նուիրման հանդէսին համար՝ ամէն մէկ իշխան մէկմէկ օր իրենց ընծաները թող մատուցանեն»։
12. Առաջին օրը իր ընծան մատուցանողը Յուդայի ցեղին իշխանը ՝ Ամինադաբին որդին Նաասոնն էր։
13. Եւ այս էր անոր ընծան՝ սրբարանին սիկղին համեմատ հարիւր երեսուն սիկղէ մէկ արծաթ սկուտեղ, եօթանասուն սիկղէ մէկ արծաթ կոնք, երկուքն ալ լեցուն էին հացի ընծային համար իւղով շաղուած բարակ ալիւրով,
14. Տասը սիկղ ոսկիէ մէկ խնկաման խունկով լեցուն,
15. Մէկ զուարակ, մէկ խոյ ու մէկ տարեկան մէկ գառ ողջակէզի համար,
16. Այծերէն մէկ նոխազ մեղքի պատարագին համար
17. Եւ խաղաղութեան զոհի համար երկու արջառ, հինգ խոյ, հինգ նոխազ եւ հինգ հատ մէկ տարեկան գառ. Ամինադաբին որդիին Նաասոնին ընծան էր այս։
18. Երկրորդ օրը մատուցանողը՝ Իսաքարի իշխանը Սովգարին որդին Նաթանայէլն էր։
19. Անոր մատուցանած ընծան այս էր՝ սրբարանին սիկղին համեմատ, հարիւր երեսուն սիկղէ մէկ արծաթ սկուտեղ, եօթանասուն սիկղէ մէկ արծաթ կոնք, երկուքն ալ լեցուն էին հացի ընծային համար իւղով շաղուած բարակ ալիւրով,
20. Տասը սիկղ ոսկիէ մէկ խնկաման խունկով լեցուն,
21. Մէկ զուարակ, մէկ խոյ եւ մէկ տարեկան մէկ գառ ողջակէզի համար,
22. Այծերէն մէկ նոխազ մեղքի պատարագի համար
23. Եւ խաղաղութեան զոհի համար երկու արջառ, հինգ խոյ, հինգ նոխազ եւ հինգ հատ մէկ տարեկան գառ. Սովգարին որդիին Նաթանայէլին ընծան էր այս։
24. Երրորդ օրը մատուցանողը Զաբուղոնի որդիներուն իշխանը Քեղոնին որդին Եղիաբն էր։
25. Անոր ընծան այս էր՝ սրբարանին սիկղին համեմատ, հարիւր երեսուն սիկղէ մէկ արծաթ սկուտեղ, եօթանասուն սիկղէ մէկ արծաթ կոնք, երկուքն ալ լեցուն էին հացի ընծային համար իւղով շաղուած բարակ ալիւրով,
26. Տասը սիկղ ոսկիէ մէկ խնկաման խունկով լեցուն,
27. Մէկ զուարակ, մէկ խոյ եւ մէկ տարեկան մէկ գառ ողջակէզի համար,
28. Այծերէն մէկ նոխազ մեղքի պատարագի համար
29. Եւ խաղաղութեան զոհի համար երկու արջառ, հինգ խոյ, հինգ նոխազ եւ հինգ հատ մէկ տարեկան գառ։ Քեղոնին որդիին Եղիաբին ընծան էր այս։
30. Չորրորդ օրը մատուցանողը ՝ Ռուբէնի որդիներուն իշխանը Սեդիուրին որդին Եղիսուրն էր։
31. Անոր ընծան այս էր՝ սրբարանին սիկղին համեմատ հարիւր երեսուն սիկղէ արծաթ սկուտեղ, Եօթանասուն սիկղէ մէկ արծաթ կոնք, երկուքն ալ լեցուն էին հացի ընծայի համար իւղով շաղուած բարակ ալիւրով,
32. Տասը սիկղ ոսկիէ մէկ խնկաման խունկով լեցուն,
33. Մէկ զուարակ, մէկ խոյ եւ մէկ տարեկան մէկ գառ ողջակէզի համար,
34. Այծերէն մէկ նոխազ մեղքի պատարագի համար
35. Եւ խաղաղութեան զոհի համար երկու արջառ, հինգ խոյ, հինգ նոխազ եւ հինգ հատ մէկ տարեկան գառ. Սեդիուրին որդիին Եղիսուրին ընծան էր այս։
36. Հինգերորդ օրը մատուցանողը ՝ Շմաւոնի որդիներուն իշխանը Սուրիսադային որդին Սաղամիէլն էր։
37. Անոր ընծան այս էր՝ սրբարանին սիկղին համեմատ, հարիւր երեսուն սիկղէ մէկ արծաթ սկուտեղ, եօթանասուն սիկղէ մէկ արծաթ կոնք, երկուքն ալ լեցուն էին հացի ընծայի համար իւղով շաղուած բարակ ալիւրով,
38. Տասը սիկղ ոսկիէ մէկ խնկաման խունկով լեցուն,
39. Մէկ զուարակ, մէկ խոյ եւ մէկ տարեկան մէկ գառ ողջակէզի համար,
40. Այծերէն մէկ նոխազ մեղքի պատարագի համար
41. Եւ խաղաղութեան զոհի համար երկու արջառ, հինգ խոյ, հինգ նոխազ եւ հինգ հատ մէկ տարեկան գառ. Սուրիսադային որդիին Սաղամիէլին ընծան էր այս։
42. Վեցերորդ օրը մատուցանողը ՝ Գադի որդիներուն իշխանը Դագուէլին որդին Եղիասափն էր։
43. Անոր ընծան այս էր՝ սրբարանին սիկղին համեմատ, հարիւր երեսուն սիկղէ մէկ արծաթ սկուտեղ, եօթանասուն սիկղէ մէկ արծաթ կոնք, երկուքն ալ լեցուն էին հացի ընծայի համար իւղով շաղուած բարակ ալիւրով,
44. Տասը սիկղ ոսկիէ մէկ խնկաման խունկով լեցուն,
45. Մէկ զուարակ, մէկ խոյ եւ մէկ տարեկան մէկ գառ ողջակէզի համար,
46. Այծերէն մէկ նոխազ մեղքի պատարագի համար
47. Եւ խաղաղութեան զոհի համար երկու արջառ, հինգ խոյ, հինգ նոխազ եւ հինգ հատ մէկ տարեկան գառ. Դագուէլին որդիին Եղիասափին ընծան էր այս։
48. Եօթներորդ օրը մատուցանողը ՝ Եփրեմի որդիներուն իշխանը Ամիուդին որդին Եղիսաման էր։
49. Անոր ընծան այս էր՝ սրբարանին սիկղին համեմատ, հարիւր երեսուն սիկղէ մէկ արծաթ սկուտեղ, եօթանասուն սիկղէ մէկ արծաթ կոնք, երկուքն ալ լեցուն էին հացի ընծայի համար իւղով շաղուած բարակ ալիւրով,
50. Տասը սիկղ ոսկիէ մէկ խնկաման խունկով լեցուն,
51. Մէկ զուարակ, մէկ խոյ եւ մէկ տարեկան մէկ գառ ողջակէզի համար,
52. Այծերէն մէկ նոխազ մեղքի պատարագի համար
53. Եւ խաղաղութեան զոհի համար երկու արջառ, հինգ խոյ, հինգ նոխազ եւ հինգ հատ մէկ տարեկան գառ. Ամիուդին որդիին Եղիսամային ընծան էր այս։
54. Ութերորդ օրը մատուցանողը ՝ Մանասէի որդիներուն իշխանը Փադասուրին որդին Գամաղիէլն էր։
55. Անոր ընծան այս էր՝ սրբարանին սիկղին համեմատ, հարիւր երեսուն սիկղէ մէկ արծաթ սկուտեղ, եօթանասուն սիկղէ մէկ արծաթ կոնք, երկուքն ալ լեցուն էին հացի ընծայի համար իւղով շաղուած բարակ ալիւրով,
56. Տասը սիկղ ոսկիէ մէկ խնկաման խունկով լեցուն,
57. Մէկ զուարակ, մէկ խոյ եւ մէկ տարեկան մէկ գառ ողջակէզի համար,
58. Այծերէն մէկ նոխազ մեղքի պատարագի համար
59. Եւ խաղաղութեան զոհի համար երկու արջառ, հինգ խոյ, հինգ նոխազ եւ հինգ հատ մէկ տարեկան գառ. Փադասուրին որդիին Գամաղիէլին ընծան էր այս։
60. Իններորդ օրը մատուցանողը ՝ Բենիամինի որդիներուն իշխանը Գեդէօնիին որդին Աբիդանն էր։
61. Անոր ընծան այս էր՝ սրբարանին սիկղին համեմատ, հարիւր երեսուն սիկղէ մէկ արծաթ սկուտեղ, եօթանասուն սիկղէ մէկ արծաթ կոնք, երկուքն ալ լեցուն էին հացի ընծայի համար իւղով շաղուած բարակ ալիւրով,
62. Տասը սիկղ ոսկիէ մէկ խնկաման խունկով լեցուն,
63. Մէկ զուարակ, մէկ խոյ եւ մէկ տարեկան մէկ գառ ողջակէզի համար,
64. Այծերէն մէկ նոխազ մեղքի պատարագի համար
65. Եւ խաղաղութեան զոհի համար երկու արջառ, հինգ խոյ, հինգ նոխազ եւ հինգ հատ մէկ տարեկան գառ. Գեդէօնիին որդիին Աբիդանին ընծան էր այս։
66. Տասներորդ օրը մատուցանողը ՝ Դանի որդիներուն իշխանը Ամիսադային որդին Աքիեզերն էր։
67. Անոր ընծան այս էր՝ սրբարանին սիկղին համեմատ, հարիւր երեսուն սիկղէ մէկ արծաթ սկուտեղ, եօթանասուն սիկղէ մէկ արծաթ կոնք, երկուքն ալ լեցուն էին հացի ընծայի համար իւղով շաղուած բարակ ալիւրով,
68. Տասը սիկղ ոսկիէ մէկ խնկաման խունկով լեցուն,
69. Մէկ զուարակ, մէկ խոյ եւ մէկ տարեկան մէկ գառ ողջակէզի համար,
70. Այծերէն մէկ նոխազ մեղքի պատարագի համար
71. Եւ խաղաղութեան զոհի համար երկու արջառ, հինգ խոյ, հինգ նոխազ եւ հինգ հատ մէկ տարեկան գառ. Ամիսադային որդիին Աքիեզերին ընծան էր այս։
72. Տասնըմէկերորդ օրը մատուցանողը ՝ Ասերի որդիներուն իշխանը Եքրանին որդին Փագիէլն էր։
73. Անոր ընծան այս էր՝ սրբարանին սիկղին համեմատ, հարիւր երեսուն սիկղէ մէկ արծաթ սկուտեղ, եօթանասուն սիկղէ մէկ արծաթ կոնք, երկուքն ալ լեցուն էին հացի ընծայի համար իւղով շաղուած բարակ ալիւրով,
74. Տասը սիկղ ոսկիէ մէկ խնկաման խունկով լեցուն,
75. Մէկ զուարակ, մէկ խոյ եւ մէկ տարեկան մէկ գառ ողջակէզի համար,
76. Այծերէն մէկ նոխազ մեղքի պատարագի համար
77. Եւ խաղաղութեան զոհի համար երկու արջառ, հինգ խոյ, հինգ նոխազ եւ հինգ հատ մէկ տարեկան գառ. Եքրանին որդիին Փագիէլին ընծան էր այս։
78. Տասնըերկրորդ օրը մատուցանողը ՝ Նեփթաղիմի որդիներուն իշխանը Ենանին որդին Աքիրէն էր։
79. Անոր ընծան այս էր՝ սրբարանին սիկղին համեմատ, հարիւր երեսուն սիկղէ մէկ արծաթ սկուտեղ, եօթանասուն սիկղէ մէկ արծաթ կոնք, երկուքն ալ լեցուն էին հացի ընծայի համար իւղով շաղուած բարակ ալիւրով,
80. Տասը սիկղ ոսկիէ մէկ խնկաման խունկով լեցուն,
81. Մէկ զուարակ, մէկ խոյ եւ մէկ տարեկան մէկ գառ ողջակէզի համար,
82. Այծերէն մէկ նոխազ մեղքի պատարագի համար
83. Եւ խաղաղութեան զոհի համար երկու արջառ, հինգ խոյ, հինգ նոխազ եւ հինգ հատ մէկ տարեկան գառ. Ենանին որդիին Աքիրէին ընծան էր այս։
84. Սեղանին օծուած օրը անոր նուիրման հանդէսին համար Իսրայէլի իշխաններէն նուիրուած ընծաները ասոնք էին՝ տասներկու արծաթ սկուտեղ, տասներկու արծաթ կոնք ու տասներկու ոսկի խնկաման,
85. Ամէն մէկ արծաթ սկուտեղ հարիւր երեսուն սիկղէ եւ ամէն մէկ կոնք եօթանասուն սիկղէ էր. այս ամաններուն բոլոր արծաթը երկու հազար չորս հարիւր սիկղ էր, սրբարանին սիկղին համեմատ.
87. Ողջակէզի համար բոլոր արջառները տասներկու զուարակ, խոյերը տասներկու, մէկ տարեկան գառները տասներկու էին, իրենց հացի ընծայովը եւ մեղքի պատարագի համար այծերէն նոխազները տասներկու։
88. Եւ խաղաղութեան զոհի համար բոլոր արջառները քսանըչորս զուարակ էին, խոյերը վաթսուն, նոխազները վաթսուն եւ մէկ տարեկան գառները վաթսուն էին։ Այս էր սեղանին նուիրման ողջակէզը՝ անոր օծուելէն յետոյ։
89. Եւ երբ Մովսէս վկայութեան խորանը մտաւ Տէրոջը հետ խօսելու, այն ատեն իրեն հետ խօսողին ձայնը վկայութեան տապանակին վրայ եղած քաւութեան վրայէն եւ երկու քերովբէներուն մէջտեղէն, լսեց ու ինք Անոր հետ խօսեցաւ։
1. Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով.
2. «Խօսէ՛ Ահարոնին ու ըսէ՛ անոր. ‘Երբ ճրագները վառես, եօթը ճրագները աշտանակին առջեւի կողմէն լոյս պէտք է տան’»։
3. Եւ Ահարոն այնպէս ըրաւ. անոր ճրագները աշտանակին առջեւի կողմը զետեղեց լոյս տալու համար, ինչպէս Տէրը Մովսէսին պատուիրեց։
6. «Իսրայէլի որդիներուն մէջէն Ղեւտացիները ա՛ռ ու մաքրէ՛ զանոնք։
7. Այսպէս պիտի մաքրես զանոնք. մաքրութեան ջուր արսկէ անոնց վրայ ու անոնք իրենց բոլոր մարմինը թող ածիլեն եւ իրենց հանդերձները լուան ու մաքրուին։
8. Ետքը զուարակ մը թող առնեն ու անոր հացի ընծային համար իւղով շաղուած բարակ ալիւր. դուն ալ ուրիշ զուարակ մը առ մեղքի պատարագի համար։
9. Ղեւտացիները վկայութեան խորանին առջեւ մօտեցուր եւ Իսրայէլի որդիներուն բոլոր ժողովուրդը հաւաքէ՛։
10. Ղեւտացիները Տէրոջը առջեւ մօտեցուր ու Իսրայէլի որդիները իրենց ձեռքերը Ղեւտացիներուն վրայ թող դնեն։
11. Ահարոն Իսրայէլի որդիներուն կողմէն՝ Ղեւտացիները Տէրոջը առջեւ ընծայ թող մատուցանէ՝ ՝։ Անոնք Տէրոջը պաշտօնը կատարելու համար ըլլան։
12. Ղեւտացիները իրենց ձեռքերը զուարակներուն գլխուն վրայ թող դնեն ու Ղեւտացիներուն քաւութիւն ընելու համար մէկ զուարակը մեղքի պատարագ, իսկ միւսը իբր ողջակէզ մատուցանէ Տէրոջը։
13. Ղեւտացիները Ահարոնին ու անոր որդիներուն առջեւ կայնեցո՛ւր ու զանոնք իբր ընծայ մատուցանէ՛ Տէրոջը։
15. Անկէ յետոյ Ղեւտացիները վկայութեան խորանը թող մտնեն։ Այսպէս մաքրէ՛ զանոնք եւ իբր ընծայ մատուցանէ՛ զանոնք.
16. Քանզի անոնք բոլորովին ինծի տրուած են Իսրայէլի որդիներէն։ Իսրայէլի որդիներուն մէջ մօրը արգանդը բացող բոլոր անդրանիկներուն տեղ ինծի առի զանոնք։
17. Վասն զի Իսրայէլի որդիներուն բոլոր անդրանիկները, թէ՛ մարդու եւ թէ՛ անասունի, իմս են. Եգիպտոսի երկրին մէջ բոլոր անդրանիկները զարկած օրէս՝ զանոնք սրբեցի ինծի համար։
18. Եւ Իսրայէլի որդիներուն բոլոր անդրանիկներուն տեղ Ղեւտացիները առի։
19. Իսրայէլի որդիներէն Ղեւտացիները բոլորովին Ահարոնին ու անոր որդիներուն տուի, որպէս զի վկայութեան խորանին մէջ Իսրայէլի որդիներուն ծառայեն եւ Իսրայէլի որդիներուն համար քաւութիւն ընեն, որպէս զի Իսրայէլի որդիներուն վրայ հարուած չգայ՝ երբ Իսրայէլի որդիները սրբարանին մօտենան»։
20. Մովսէս ու Ահարոն եւ Իսրայէլի որդիներուն բոլոր ժողովուրդը Տէրոջը՝ Մովսէսին պատուիրածին պէս ըրին Ղեւտացիներուն. Իսրայէլի որդիները այնպէս ըրին անոնց
21. Ու Ղեւտացիները մաքրուեցան եւ իրենց հանդերձները լուացին եւ Ահարոն իբր ընծայ մատուցանեց զանոնք Տէրոջը առջեւ ու Ահարոն անոնց համար քաւութիւն ըրաւ, որպէս զի զանոնք մաքրէ։
22. Եւ անկէ յետոյ Ղեւտացիները վկայութեան խորանը մտան՝ Ահարոնին ու անոր որդիներուն առջեւ իրենց ծառայութիւնը կատարելու համար։ Տէրոջը Մովսէսին պատուիրածին պէս ըրին Ղեւտացիներուն։
23. Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով.
24. «Ղեւտացիներուն կանոնը այս է՝ Քսանըհինգ տարեկանէն վեր եղողները վկայութեան խորանին սպասարկող խումբին մէջ պէտք է մտնեն
25. Եւ յիսուն տարեկան ըլլալէ ետքը պաշտօնէն պիտի դադարին ու ա՛լ պիտի չծառայեն։
26. Սակայն վկայութեան խորանին համար պիտի օգնեն իրենց եղբայրներուն, բայց ծառայութիւն պիտի չընեն։ Այսպէս ըրին Ղեւտացիներուն՝ իրենց պահպանութիւններուն համար։
2. Քու ականջդ ինծի խոնարհեցուր, Շուտով զիս ազատէ։ Ինծի ամրութեան վէմ մը եղիր Եւ զիս ապրեցնելու համար՝ ապաստանի տուն մը։
3. Վասն զի իմ Վէմս ու բերդս դուն ես Եւ քու անուանդ համար ինծի առաջնորդէ ու զիս կառավարէ։
4. Որոգայթէն զիս հանէ, որ ինծի համար գաղտուկ լարած են։ Վասն զի իմ զօրութիւնս դուն ես։
5. Իմ հոգիս քու ձեռքդ կը յանձնեմ։ Ո՜հ Եհովա՝ Աստուա՛ծ ճշմարտութեան՝ դուն զիս փրկեցիր։
4. Բարկութեան օրը հարստութիւնը օգուտ մը չ’ըներ, Բայց արդարութիւնը մահուանէ կ’ազատէ։
5. Կատարեալներուն արդարութիւնը անոնց ճամբան կը շտկէ, Բայց անիրաւը իր անիրաւութիւնովը կ’իյնայ։
6. Ուղիղներուն արդարութիւնը զանոնք կ’ազատէ, Բայց անօրէնները իրենց չարութեանը մէջ կը բռնուին։
1. Վեց օր յետոյ Յիսուս իրեն հետ առաւ Պետրոսն ու Յակոբոսը եւ Յովհաննէսը ու զանոնք բարձր լեռ մը հանեց առանձինն եւ անոնց առջեւ այլակերպեցաւ։
2. Իր հանդերձները եղան փայլուն, խիստ ճերմակ, այնպէս որ երկրի վրայ թափիչ մը չէր կրնար այդպէս ճերմկցնել։
3. Ու Եղիան Մովսէսին հետ երեւցաւ անոնց եւ Յիսուսին հետ խօսեցան։
4. Ապա Պետրոս ըսաւ Յիսուսին. «Ռա՛բբի, աղէկ է որ հոս կենանք ու երեք խրճիթ շինենք, մէկը՝ քեզի, մէկը՝ Մովսէսին ու մէկը՝ Եղիային»։
5. Վասն զի չէր գիտեր թէ ի՛նչ խօսի, քանզի զարհուրեր էին։
6. Ամպ մը հովանի եղաւ անոնց վրայ ու ձայն մը եկաւ ամպէն՝ ըսելով. «Ատիկա է իմ սիրելի Որդիս, ատոր մտիկ ըրէք»։
7. Երբ յանկարծ ասդին անդին նայեցան, ուրիշ մէկը չտեսան, հապա միայն Յիսուսը՝ իրենց հետ։
8. Երբ լեռնէն վար կ’իջնէին, պատուիրեց անոնց որ տեսածնին մարդու չպատմեն, բայց միայն Որդին մարդոյ մեռելներէն յարութիւն առնելէն յետոյ։
9. Անոնք այն խօսքը պահեցին ու իրենց մէջ հարցուփորձ կ’ընէին թէ ‘Մեռելներէն յարութիւն առնել ի՞նչ ըսել է’։
10. Իրեն հարցուցին ու ըսին. «Այն ի՞նչ է որ դպիրները կ’ըսեն թէ ‘Պէտք է որ առաջ Եղիան գայ’»։
11. Անիկա պատասխան տուաւ ու ըսաւ անոնց. «Յիրաւի առաջ Եղիան պիտի գայ եւ ամէն բան կարգի դնէ, ի՛նչպէս գրուած է Որդին մարդոյ համար, որ շատ չարչարանքներ պիտի կրէ ու անարգուի.
12. Բայց ձեզի կ’ըսեմ թէ Եղիան եկաւ ալ եւ ինչ որ ուզեցին՝ ըրին անոր, ինչպէս գրուած էր անոր համար»։
13. Աշակերտներուն քովը գալով՝ տեսաւ շատ ժողովուրդ անոնց բոլորտիքը եւ դպիրներ, որ վիճաբանութիւն կ’ընէին անոնց հետ։
14. Բոլոր ժողովուրդը, երբ տեսան զանիկա, խիստ զարմացան ու առաջ վազելով բարեւ կու տային անոր։
16. Ժողովուրդէն մէկը պատասխան տալով՝ ըսաւ. «Վա՛րդապետ, իմ որդիս քեզի բերի, որ համր ոգի ունի։
17. Ուր որ անոր հասնի, զանիկա գետինը կը զարնէ, ան ալ կը փրփրի եւ իր ակռաները կը կրճտէ ու կը ցամքի։ Քու աշակերտներուդ բերի որ զանիկա հանեն ու չկրցան»։
18. Պատասխան տուաւ անոնց ու ըսաւ. «Ով անհաւատ ազգ, մինչեւ ե՞րբ ձեզի հետ պիտի ըլլամ, մինչեւ ե՞րբ ձեզի պիտի համբերեմ. ինծի բերէք զանիկա»։
19. Զանիկա բերին իրեն. երբ տղան տեսաւ Յիսուսը, շուտ մը չար ոգին ցնցեց զանիկա որը գետին ինկաւ, թաւալեցաւ ու փրփրեցաւ։
20. Յիսուս հարցուց անոր հօրը ու ըսաւ. «Ո՞րչափ ատեն է որ այդ բանը ատոր եղաւ»։ Անիկա ըսաւ. «Տղայութենէն ի վեր։
21. Շատ անգամ կրակի ու ջուրի մէջ կը նետէ ատիկա՝ որպէս զի կորսնցնէ. բայց եթէ կարողութիւն մը ունիս՝ օգնէ մեզի, խղճալով մեր վրայ»։
22. Յիսուս ըսաւ անոր. «Եթէ կրնաս հաւատալ։ Ամէն բան կարելի է անոր՝ որ կը հաւատայ»։
23. Տղուն հայրը աղաղակեց ու արցունքով ըսաւ. «Կը հաւատամ, Տէ՛ր, օգնէ իմ անհաւատութեանս»։
24. Յիսուս, երբ տեսաւ որ ժողովուրդը վրան կը դիզուի, սաստեց պիղծ ոգիին ու ըսաւ անոր. «Համր ու խուլ ոգի, կը հրամայեմ քեզի, ելի՛ր ատկէ, ու մեյմըն ալ չմտնես ատոր ներսը»։
25. Ոգին կանչուըռտելով՝ սաստիկ ցնցեց զանիկա ու ելաւ. եւ տղան մեռելի պէս եղաւ, այնպէս որ շատեր ըսին թէ «Մեռաւ»։
26. Իսկ Յիսուս անոր ձեռքէն բռնելով վերցուց զանիկա։ Ան ալ կայնեցաւ։
27. Ու երբ ինք տուն մտաւ, իր աշակերտները առանձինն հարցուցին իրեն՝ ըսելով. «Մենք ինչո՞ւ չկրցանք հանել զանիկա»։
28. Ըսաւ անոնց. «Այդ տեսակը կարելի չէ ուրիշ բանով մը հանել, բայց միայն աղօթքով ու ծոմապահութեամբ»։
29. Անկէ ելլելով Գալիլիայի մէջէն կ’անցնէին ու չէր ուզեր որ մէկը գիտնայ։
Armenian Western Bible 1853
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ Bible Society in Lebanon, 1981