Աստվածաշունչը մեկ տարում Մարտ 6Թվերը 9:1-231. Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին Սինայի անապատին մէջ, անոնց Եգիպտոսի երկրէն ելլելուն երկրորդ տարուան առաջին ամսուան մէջ՝ ըսելով.2. «Իսրայէլի որդիները որոշուած ժամանակին թող ընեն զատիկը։3. Այս ամսուան տասնըչորրորդ օրը իրիկուան դէմ պէտք է ընէք զայն՝ որոշուած ժամանակին՝ անոր բոլոր կանոններուն ու անոր բոլոր կարգադրութիւններուն համեմատ»։4. Մովսէս պատուիրեց Իսրայէլի որդիներուն, որ զատիկը ընեն։5. Անոնք առաջին ամսուան տասնըչորրորդ օրը իրիկուան դէմ զատիկը ըրին Սինայի անապատին մէջ։ Իսրայէլի որդիները այնպէս ըրին, ինչպէս Տէրը Մովսէսին պատուիրած էր։6. Գտնուեցան ոմանք, որոնք մարդու մեռելէ պղծուած ըլլալով, այն օրը չկրցան զատիկը ընել, այլ Մովսէսին ու Ահարոնին առջեւ եկան7. Եւ այն մարդիկը ըսին անոնց. «Մենք մարդու մեռած մարմինէ պղծուած ենք. ինչո՞ւ համար Իսրայէլի որդիներուն մէջ Տէրոջը պատարագը իր որոշուած ժամանակին մատուցանելէն արգիլուինք»։8. Մովսէս ըսաւ անոնց. «Կեցէ՛ք, նայիմ, Տէրը ի՛նչ կը պատուիրէ ձեր մասին»։9. Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով.10. «Խօսէ՛ Իսրայէլի որդիներուն ու ըսէ՛. Եթէ ձեզմէ կամ ձեր սերունդէն մէկը մեռած մարմինէ մը պղծուի կամ հեռաւոր ճամբորդութեան մէջ ըլլայ, անիկա ալ զատիկը պէտք է ընէ Տէրոջը.11. Երկրորդ ամսուան տասնըչորրորդ օրը՝ իրիկուան դէմ, բաղարջով ու լեղի խոտերով պէտք է ուտեն զայն.12. Անկէ մինչեւ առտու բան մը պէտք չէ թողուն եւ անկէ ոսկոր մը պէտք չէ կոտրեն, այլ զատկին բոլոր կանոններուն համեմատ պէտք է ընեն զայն։13. Բայց եթէ մաքուր եղող ու ճամբորդութեան մէջ չեղող մարդը զատիկը ընելը զանց ընէ, այն անձը իր ժողովուրդին մէջէն պէտք է կորսուի, վասն զի Տէրոջը պատարագը իր որոշուած ժամանակին չմատուցանեց, ուստի այդ մարդը իր մեղքը պէտք է կրէ։14. Եւ եթէ օտարական մը ձեր մէջ պանդխտանայ ու զատիկը ընել ուզէ Տէրոջը, զատկին կանոնին եւ անոր կարգադրութեանը համեմատ պէտք է ընէ. թէ՛ օտարականին եւ թէ՛ երկրին բնիկին համար մէկ կանոն պիտի ունենաք»։15. Այն օրը, երբ խորանը կանգնուեցաւ, ամպը պատեց վկայութեան խորանը ու իրիկուընէ մինչեւ առտու խորանին վրայ կրակի երեւոյթով մնաց։16. Միշտ այսպէս էր. ցորեկը ամպը կը ծածկէր զայն եւ գիշերը՝ կրակին երեւոյթը։17. Ու երբ ամպը խորանէն վերնար, անկէ յետոյ Իսրայէլի որդիները կը չուէին եւ ուր որ ամպը կենար, հոն Իսրայէլի որդիները իջեւան կ’ընէին։18. Տէրոջը հրամանով Իսրայէլի որդիները կը չուէին եւ Տէրոջը հրամանով իջեւան կ’ընէին. ամպը խորանին վրայ որչափ ատեն որ կենար, անոնք իրենց վրաններուն մէջ կը մնային։19. Եւ երբ ամպը շատ օրեր խորանին վրայ մնար, Իսրայէլի որդիները Տէրոջը պատուէրը կը պահէին ու չէին չուեր։20. Նոյնպէս ալ երբ ամպը խորանին վրայ քիչ օր կենար, Տէրոջը հրամանին համեմատ իջեւան կ’ընէին ու Տէրոջը հրամանին համեմատ կը չուէին։21. Նոյնպէս ալ երբ ամպը իրիկուընէ մինչեւ առտու մնար, առտուն ամպին վեր ելած ատենը կը չուէին. թէ՛ ցորեկ ըլլար եւ թէ՛ գիշեր, ամպին ելած ատենը կը չուէին.22. Կամ երկու օր, կամ մէկ ամիս եւ կամ մէկ տարի, որչափ ամպը խորանին վրայ մնար, Իսրայէլի որդիները իջեւան կ’ընէին ու չէին չուեր. բայց երբ վերնար, կը չուէին։23. Տէրոջը հրամանին համեմատ իջեւան կ’ընէին եւ Տէրոջը հրամանին համեմատ կը չուէին. Մովսէսին միջոցով տրուած Տէրոջը հրամանին համեմատ, Տէրոջը պատուէրը կը պահէին։Թվերը 10:1-361. Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով.2. «Քեզի երկու հատ արծաթէ փող շինէ՛. կռածոյ շինէ զանոնք, որպէս զի ժողովուրդը կանչելու համար ու բանակներուն չուելուն համար գործածես։3. Երբ զանոնք հնչեցնեն, բոլոր ժողովուրդը քովդ պիտի հաւաքուի վկայութեան խորանին դուռը։4. Եւ եթէ փողին մէկը հնչեցնեն, իշխանները, Իսրայէլի հազարապետները, քովդ պէտք է հաւաքուին։5. Եւ երբ ազդարարութեան համար հնչեցնէք, արեւելքը իջեւանող բանակները պիտի չուեն։6. Ու երբ երկրորդ անգամ ազդարարութեան փողը հնչեցնէք, հարաւային կողմը իջեւան ընող բանակները պիտի չուեն։ Անոնց չուելուն համար ազդարարութեան փողը պէտք է հնչեցնեն։7. Եւ երբ ժողովուրդը հաւաքելու ըլլաք, փող պիտի հնչեցնէք, բայց ազդարարութիւն մի՛ ընէք։8. Ահարոնին որդիները՝ քահանաները՝ պէտք է փողը հնչեցնեն եւ ասիկա ձեր սերունդներուն մէջ յաւիտենական կանոն թող ըլլայ։9. Եթէ պատերազմելու երթաք ձեր երկրին մէջ ձեզի նեղութիւն տուող թշնամիին դէմ, փողերով ազդարարութիւն պէտք է ընէք, որպէս զի յիշուիք Տէրոջը՝ ձեր Աստուծոյն առջեւ եւ ձեր թշնամիներէն ազատուիք։10. Ձեր ուրախութեան օրերուն ու ձեր տօներուն եւ ձեր ամսագլուխներուն մէջ փողերը պէտք է հնչեցնէք ձեր ողջակէզներուն վրայ ու ձեր խաղաղութեան զոհերուն վրայ, որպէս զի ձեզի յիշատակի համար ըլլան ձեր Աստուծոյն առջեւ։ Ես եմ Տէրը՝ ձեր Աստուածը»։11. Երկրորդ տարուան երկրորդ ամսուան քսաներորդ օրը վկայութեան խորանին վրայէն ամպը վեր ելաւ։12. Իսրայէլի որդիները իրենց իջեւանին՝ Սինայի անապատէն չուեցին ու ամպը Փառանի անապատին մէջ կեցաւ։13. Մովսէսին միջոցով տրուած Տէրոջը հրամանին պէս չուեցին։14. Առաջ Յուդայի որդիներուն բանակին դրօշակը չուեց իրենց գունդերուն կարգովը ու անոր գունդին վրայ Ամինադաբին որդին Նաասոնն էր։15. Եւ Իսաքարի որդիներուն ցեղին գունդին վրայ Սովգարին որդին Նաթանայէլն էր։16. Զաբուղոնի որդիներուն ցեղին գունդին վրայ Քեղոնին որդին Եղիաբն էր։17. Եւ խորանը վար իջեցուցին ու խորանը վերցնող Գերսոնին որդիները եւ Մերարիին որդիները չուեցին։18. Ռուբէնին բանակին դրօշակը չուեց իրենց գունդերուն կարգովը ու անոր գունդին վրայ Սեդիուրին որդին Եղիսուրն էր։19. Եւ Շմաւոնի որդիներուն ցեղին գունդին վրայ Սուրիսադային որդին Սաղամիէլն էր20. Եւ Գադի որդիներուն ցեղին գունդին վրայ Դագուէլին որդին Եղիասափն էր։21. Եւ սրբարանը վերցնող Կահաթացիները չուեցին ու խորանը կը կեցնէին մինչեւ անոնց գալը։22. Եւ Եփրեմի որդիներուն բանակին դրօշակը չուեց իրենց գունդերուն կարգովը ու անոր գունդին վրայ Ամիուդին որդին Եղիսաման էր։23. Եւ Մանասէի որդիներուն ցեղին գունդին վրայ Փադասուրին որդին Գամաղիէլն էր։24. Եւ Բենիամինի որդիներուն ցեղին գունդին վրայ Գեդէօնիին որդին Աբիդանն էր։25. Եւ Դանի որդիներուն բանակին դրօշակը իրենց գունդերուն կարգովը բոլոր բանակներուն ետեւէն չուեց՝ ՝ ու անոր գունդին վրայ Ամիսադային որդին Աքիեզերն էր։26. Եւ Ասերի որդիներուն ցեղին գունդին վրայ Եքրանին որդին Փագիէլն էր։27. Եւ Նեփթաղիմի որդիներուն ցեղին գունդին վրայ Ենանին որդին Աքիրէէն էր։28. Իսրայէլի որդիները այս կարգով պիտի չուէին իրենց գունդերով։29. Մովսէս իր աներոջ, այսինքն Մադիանացի Ռագուէլին որդիին Յոբաբին ըսաւ. «Մենք կը չուենք այն տեղը՝ որուն համար Տէրը ըսաւ թէ՝ ‘Ձեզի պիտի տամ’. մեզի հետ եկո՛ւր ու բարիք պիտի ընենք քեզի. վասն զի Տէրը Իսրայէլի բարիք խոստացաւ՝ ՝»։30. Եւ աները ըսաւ անոր. «Չեմ երթար, այլ իմ երկիրս ու իմ ազգականներուս պիտի երթամ»։31. Եւ Մովսէս ըսաւ. «Շնորհք ըրէ՛, մեզ մի՛ թողուր. քանզի անապատին մէջ մեր իջեւան ընելու տեղերը գիտես ու մեզի առաջնորդ եղիր։32. Եթէ մեզի հետ երթալու ըլլաս, ինչ բարութիւն որ Տէրը մեզի ընէ, մենք ալ քեզի նոյն բարութիւնը պիտի ընենք»։33. Անոնք Տէրոջը լեռնէն երեք օրուան ճամբայ չուեցին ու Տէրոջը ուխտին տապանակը երեք օրուան ճամբայով անոնց առջեւէն կ’երթար, անոնց հանգստանալու տեղ գտնելու համար։34. Եւ երբ բանկատեղիէն կը չուէին, Տէրոջը ամպը ցորեկը անոնց վրայ էր։35. Տապանակին չուելու ատենը Մովսէս կ’ըսէր. «Ելի՛ր, ով Տէ՛ր ու քու թշնամիներդ թող ցրուին ու քեզ ատողները առջեւէդ փախչին»։36. Եւ անոր կենալու ատենը ինք կ’ըսէր. «Ո՛վ Տէր, Իսրայէլի հազարաւոր բիւրաւորներուն դարձի՛ր»։Սաղմոսներ 31:6-146. Սնոտի ունայնութիւններ պահողները ատեցիր, Բայց ես Տէրոջը յուսացի։7. Քու ողորմութիւնովդ պիտի ցնծամ եւ ուրախ ըլլամ. Վասն զի իմ թշուառութիւնս տեսար Ու իմ տառապանքներս գիտցար։8. Զիս թշնամիին ձեռքը չմատնեցիր, Հապա իմ ոտքերս լայնարձակ տեղ մը կանգնեցուցիր։9. Ո՛վ Տէր, ողորմէ՛ ինծի, վասն զի նեղութեան մէջ եմ. Սրտնեղութենէ մաշեցան իմ աչքս, իմ անձս ու իմ մարմինս։10. Վասն զի իմ կեանքս՝ տրտմութենէ Ու տարիներս հառաչանք ընելէ սպառեցան. Իմ ոյժս թշուառութենէս տկարացաւ, Ոսկորներս ալ մաշեցան։11. Իմ բոլոր թշնամիներուս, մանաւանդ դրացիներուս առջեւ նախատուեցայ Ու իմ ծանօթներուս երկիւղ եղայ. Զիս դուրսը տեսնողները ինծմէ կը փախչէին։12. Մեռածի պէս սրտէ մոռցուեցայ, Կորսուած ամանի նմանեցայ։13. Շատերու բամբասանքը լսեցի։ Չորս կողմս վախ կար։ Երբ անոնք ինծի համար մէկտեղ հաւաքուեցան, Խորհուրդ կ’ընէին, որ հոգիս առնեն։14. Բայց ես քեզի՛ յուսացի, ո՛վ Տէր. Ըսի թէ՝ «Դուն ես իմ Աստուածս».Առակներ 11:7-117. Երբ չար մարդը մեռնի, անոր ակնկալութիւնը կը կորսուի Եւ անօրէններուն յոյսը կ’ոչնչանայ։8. Արդարը նեղութենէ կ’ազատի Ու անոր տեղ ամբարիշտը կ’երթայ։9. Կեղծաւորը բերնովը իր դրացին կը կորսնցնէ, Բայց արդարները գիտութեամբ կ’ազատին։10. Արդարներուն յաջողութեանը վրայ քաղաքը կ’ուրախանայ Ու երբ չարերը կորսուին, ցնծութեան ձայն կը լսուի ։11. Ուղիղներուն օրհնութիւնովը քաղաքը կը բարձրանայ, Բայց ամբարիշտներուն բերնովը կը կործանի։նշագծել 9:30-5030. Վասն զի կը սորվեցնէր իր աշակերտներուն ու կ’ըսէր անոնց թէ՝ Որդին մարդոյ պիտի մատնուի մարդոց ձեռքը, զանիկա պիտի սպաննեն ու երբ սպաննուի՝ երրորդ օրը յարութիւն պիտի առնէ։31. Անոնք չէին հասկնար այն խօսքին իմաստը ու կը վախնային իրեն հարցնելու։32. Եկաւ Կափառնայում ու երբ տուն մտաւ՝ հարցուց անոնց. «Ի՞նչ վիճաբանութիւն կ’ընէիք ճամբան իրարու հետ»33. Անոնք լուռ կեցան, վասն զի ճամբուն մէջ իրարու հետ վիճաբանութիւն կ’ընէին թէ՝ ո՞վ մեծ է։34. Երբ նստաւ, կանչեց տասներկուքը ու ըսաւ անոնց. «Եթէ մէկը կ’ուզէ առաջին ըլլալ, ամենէն յետինը պէտք է ըլլայ եւ ամենուն սպասաւորը»։35. Ու տղայ մը առաւ կայնեցուց անոնց մէջ. ապա իր գիրկը առնելով զանիկա՝ ըսաւ անոնց.36. «Ով որ այսպիսի տղոցմէ մէկը ընդունի իմ անունովս, զիս կ’ընդունի եւ ով որ զիս ընդունի, ոչ թէ զիս կ’ընդունի, հապա զիս ղրկողը»։37. Յովհաննէս Յիսուսին ըսաւ. «Վա՛րդապետ, մէկը տեսանք որ քու անունովդ դեւեր կը հանէր, բայց մեր ետեւէն չի պտըտիր։ Զանիկա արգիլեցինք՝ մեր ետեւէն չպտըտելուն համար։38. Յիսուս ըսաւ. «Մի՛ արգիլէք զանիկա, վասն զի մէկը չկայ, որ իմ անունովս հրաշք գործէ ու կարենայ ինծի հայհոյել։39. Քանզի ան որ մեզի հակառակ չէ, մեր՝ ՝ կողմէն է։40. Վասն զի ան որ ձեզի գաւաթ մը ջուր խմցնէ իմ անունովս՝ ՝ թէ դուք Քրիստոսինն էք, ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, ‘Անիկա իր վարձքը պիտի չկորսնցնէ’»։41. «Եւ ով որ գայթակղեցնէ այս պզտիկներէն մէկը, որ ինծի կը հաւատայ, աւելի աղէկ էր որ ջաղացքի քար մը անոր վզէն կախուէր ու ծովը ձգուէր»։42. «Եթէ քու ձեռքդ քեզ կը գայթակղեցնէ, կտրէ զանիկա. աղէկ է քեզի պակասաւոր մտնել կեանքը, քան թէ երկու ձեռք ունենալ ու գեհեանը երթալ չմարելու կրակին մէջ,43. Ուր անոնց որդը չի մեռնիր ու կրակը չի մարիր։44. Եթէ քու ոտքդ քեզ կը գայթակղեցնէ, կտրէ զանիկա. աղէկ է քեզի կաղ մտնել կեանքը, քան թէ երկու ոտք ունենալ ու գեհեանը ձգուիլ չմարելու կրակին մէջ,45. Ուր անոնց որդը չի մեռնիր ու կրակը չի մարիր։46. Եթէ քու աչքդ քեզ կը գայթակղեցնէ, հանէ զանիկա. աղէկ է քեզի մէկ աչքով Աստուծոյ թագաւորութիւնը մտնել, քան թէ երկու աչք ունենալ ու կրակին գեհեանը ձգուիլ,47. Ուր անոնց որդը չի մեռնիր ու կրակը չի մարիր։48. Վասն զի ամէն մարդ կրակով պիտի աղուի եւ ամէն զոհ աղով պիտի աղուի։49. Աղը աղէկ է, բայց եթէ աղը անհամնայ, ինչո՞վ պիտի համովցնէք. ձեր անձին մէջ աղ ունեցէք եւ իրարու հետ խաղաղութիւն ունեցէք»։ Armenian Western Bible 1853 Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981