Աստվածաշունչը մեկ տարում Մարտ 9Թվերը 15:1-411. Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով.2. «Խօսէ՛ Իսրայէլի որդիներուն ու ըսէ՛ անոնց. Երբ մտնէք այն երկիրը, ուր պիտի բնակիք, որ ձեզի պիտի տամ,3. Տէրոջը անոյշ հոտ նուիրելու համար՝ արջառներէն կամ հօտերէն պատարագ մատուցանեցէք, ողջակէզ կամ ուխտ կատարելու զոհ՝ թէ՛ կամաւոր ընծայի համար եւ թէ՛ ձեր տօներուն մէջ,4. Այն ատեն զոհը Տէրոջը մատուցանողը հացի ընծայի համար հիմէնի մը մէկ չորրորդ մասը իւղով շաղուած մէկ տասներորդ բարակ ալիւր պէտք է մատուցանէ։5. Եւ ողջակէզին կամ զոհին հետ մէկ գառի համար՝ հիմէնի մը մէկ չորրորդ մասը գինի ըմպելի նուէր պէտք է ընես.6. Կամ խոյի մը համար՝ հիմէնի մը մէկ երրորդ մասը իւղով շաղուած երկու տասներորդ բարակ ալիւր հացի ընծայ պէտք է ընես7. Եւ թափելու նուէրի համար հիմէնի մը մէկ երրորդ մասը գինի՝ անոյշ հոտի համար Տէրոջը պէտք է մատուցանես։8. Եւ երբ ողջակէզի համար կամ ուխտ կատարելու զոհի համար կամ խաղաղութեան զոհի համար զուարակ մը մատուցանես Տէրոջը,9. Այն ատեն զուարակին հետ կէս հիմէնի իւղով շաղուած երեք տասներորդ բարակ ալիւրէ հացի ընծայ մատուցանէ10. Եւ ըմպելի նուէրի համար կէս հիմէն գինի մատուցանէ. ասիկա Տէրոջը անուշահոտ պատարագ մըն է։11. Ամէն մէկ զուարակի կամ խոյի համար, կամ ոչխարի կամ այծի համար այսպէս պէտք է ըլլայ։12. Ձեր պատրաստածին թիւին նայելով՝ անոնց թիւին համեմատ ամէն մէկուն այնպէս պէտք է ընէք։13. Երկրին ամէն բնիկը այս բաները այնպէս պէտք է ընէ, Տէրոջը անուշահոտ պատարագ մատուցանելու համար։14. Եւ եթէ ձեր քով պանդխտացած օտարականը, կամ ձեր մէջ բնակողը Տէրոջը անուշահոտ պատարագ մատուցանելու ըլլայ, ձեր ըրածին պէս անիկա ալ նոյնը պէտք է ընէ։15. Ո՛վ ժողովուրդ, ձեզի համար եւ ձեր քով պանդխտացած օտարականին համար մէկ կանոն պիտի ըլլայ. ձեր սերունդներուն մէջ յաւիտենական կանոնով՝ Տէրոջը առջեւ ինչպէս որ էք դուք, այնպէս ալ պէտք է ըլլայ օտարականը։16. Ձեզի համար եւ ձեր քով պանդխտացած օտարականին համար մէկ օրէնք ու մէկ կարգադրութիւն պէտք է ըլլայ»։17. Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով.18. «Խօսէ՛ Իսրայէլի որդիներուն ու ըսէ՛ անոնց. Երբ այն երկիրը մտնէք, ուր ձեզ պիտի տանիմ19. Եւ երբ այն երկրին հացէն ուտէք, ողջակէզի ընծայ մատուցանեցէք Տէրոջը.20. Ձեր առաջին խմորէն շօթ մը իբր ողջակէզի ընծայ պէտք է մատուցանէք. կալի ընծան ինչպէս կ’ընէք, այս ալ այնպէս պիտի մատուցանէք։21. Ձեր առաջին խմորէն ողջակէզի ընծայ պէտք է մատուցանէք Տէրոջը ձեր սերունդներուն մէջ։22. Իսկ եթէ սխալիք ու չընէք այս բոլոր պատուէրները՝ որոնք Տէրը ըսաւ Մովսէսին,23. Նաեւ այն ամէնը, որոնք Տէրը ձեզի պատուիրեց Մովսէսին միջոցով այն օրէն ի վեր՝ երբ Տէրը պատուիրեց ձեր սերունդներուն մէջ յաւիտեան24. Եւ եթէ պատահի որ ժողովուրդը սխալմամբ յանցանք մը գործէ, այն ատեն բոլոր ժողովուրդը Տէրոջը անուշահոտ ողջակէզի համար՝ զուարակ մը պէտք է մատուցանէ օրէնքին համաձայն, հացի ընծայով ու ըմպելի նուէրով եւ մեղքի պատարագի համար այծերէն մէկ նոխազ։25. Քահանան քաւութիւն պիտի ընէ Իսրայէլի որդիներուն բոլոր ժողովուրդին համար ու թողութիւն շնորհէ անոնց, վասն զի սխալած էին եւ անոնք իրենց սխալելուն համար իրենց ընծան Տէրոջը պատարագ բերին ու նաեւ իրենց մեղքի պատարագը՝ Տէրոջը առջեւ.26. Ուստի Իսրայէլի որդիներուն բոլոր ժողովուրդին ու անոնց մէջ պանդխտացած բոլոր օտարականներուն թողութիւն պիտի ըլլայ. քանզի բոլոր ժողովուրդը սխալած էր։27. Եթէ անձ մը սխալմամբ մեղք գործէ, այն ատեն մեղքի պատարագի համար մէկ տարեկան էգ այծ մը պէտք է բերէ28. Եւ քահանան քաւութիւն թող ընէ ակամայ մեղք գործող անձին համար. երբ Տէրոջը առջեւ ակամայ մեղք գործէ, անոր համար քաւութիւն թող ընէ ու անոր թողութիւն ըլլայ։29. Ակամայ մեղք գործողը Իսրայէլի որդիներէն բնիկ ըլլայ կամ անոնց մէջ պանդխտացած օտարական, մէկ օրէնք պէտք է ունենաք։30. Բայց այն անձը որ յանդգնութեամբ բան մը կ’ընէ, երկրի բնիկ ըլլայ եւ կամ օտարական, անիկա Տէրը կը նախատէ. այն անձը իր ժողովուրդին մէջէն պէտք է կորսուի.31. Տէրոջը խօսքը արհամարհելուն եւ անոր պատուիրանքը զանց ընելուն համար այն անձը անշուշտ պէտք է կորսուի. անոր անօրէնութիւնը իր վրայ պիտի ըլլայ։32. Երբ Իսրայէլի որդիները անապատն էին, մարդ մը գտան որ շաբաթ օրը փայտ կը հաւաքէր։33. Անոնք որ փայտ հաւաքելու վրայ գտան զանիկա, Մովսէսին ու Ահարոնին եւ բոլոր ժողովուրդին առջեւ բերին34. Եւ բանտարկեցին զանիկա, վասն զի որոշ չէին գիտեր թէ ի՞նչ ընելու էին։35. Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Այն մարդը անպատճառ պէտք է մեռցուի. բոլոր ժողովուրդը բանակէն դուրս քարերով թող քարկոծեն զանիկա»։36. Բոլոր ժողովուրդը Տէրոջը Մովսէսին պատուիրածին պէս՝ բանակէն դուրս հանեցին զանիկա եւ քարկոծեցին ու մեռցուցին։37. Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով.38. «Խօսէ՛ Իսրայէլի որդիներուն ու ըսէ՛ անոնց, որ իրենց ծոպեր շինեն իրենց հանդերձներուն քղանցքներուն վրայ՝ իրենց սերունդներուն մէջ ու քղանցքին ծոպերուն վրայ կապոյտ ժապաւէն մը դնեն39. Եւ ասիկա ձեզի ծոպ պիտի ըլլայ, որպէս զի դուք նայիք անոր ու Տէրոջը բոլոր պատուէրները մտքերնիդ բերէք եւ կատարէք ու ձեր սրտերուն եւ ձեր աչքերուն ցանկութիւններուն չհետեւիք, որոնց ետեւէն դուք կը մոլորիք.40. Այնպէս որ մտքերնիդ բերէք ու կատարեցէք իմ բոլոր պատուիրանքներս որ սուրբ ըլլաք ձեր Աստուծոյն առջեւ ։41. Ես եմ ձեր Տէր Աստուածը, որ ձեզի Աստուած ըլլալու համար՝ ձեզ Եգիպտոսի երկրէն հանեցի։ Ես եմ Եհովա ձեր Աստուածը»։Թվերը 16:1-351. Ղեւիի որդիին Կահաթին որդիին Իսահառին որդին Կորխ եւ Ռուբէնի որդիներէն Եղիաբին որդիները՝ Դաթան ու Աբիրոն եւ Փաղեթի որդին Օն ելան2. Եւ Իսրայէլի որդիներէն երկու հարիւր յիսուն հոգի ժողովուրդին ծանօթ գլխաւորներ ու անուանի մարդիկ իրենց հետ առնելով ՝ Մովսէսին առջեւ եկան3. Եւ Մովսէսին ու Ահարոնին քով հաւաքուեցան ու ըսին անոնց. «Ալ հերի՛ք է ըրածնիդ. վասն զի բոլոր ժողովուրդը ամէնքն ալ սուրբ են եւ Տէրը անոնց մէջ է եւ ինչո՞ւ Տէրոջը ժողովուրդին վրայ դուք ձեզ կը բարձրացնէք»։4. Երբ Մովսէս աս լսեց, իր երեսին վրայ ինկաւ5. Ու խօսեցաւ Կորխին եւ անոր բոլոր ընկերներուն՝ ըսելով. «Վաղը Տէրը պիտի ցուցնէ թէ ո՛րն է իրը եւ ո՛րն է սուրբը ու զանիկա իրեն պիտի մօտեցնէ եւ ո՛րը որ ինքը ընտրէ, իրեն պիտի մօտեցնէ։6. Ուստի, առէք ձեզի բուրվառներ, դո՛ւն, ո՛վ Կորխ եւ քու բոլոր ընկերներդ7. Եւ վաղը անոնց մէջ կրակ դրէ՛ք ու Տէրոջը առջեւ անոնց վրայ խունկ դրէ՛ք եւ այն մարդը սուրբ պիտի ըլլայ, որ Տէրը կ’ընտրէ։ Ալ հերի՛ք է ըրածնիդ, ո՛վ Ղեւիի որդիներ»։8. Մովսէս ըսաւ Կորխին. «Լսեցէ՛ք, ո՛վ Ղեւիի որդիներ.9. Պզտի՞կ բան կ’երեւնայ ձեզի՝ որ Իսրայէլի Աստուածը ձեզ իրեն մօտեցնելու համար Իսրայէլի ժողովուրդէն զատեց ձեզ, որպէս զի Տէրոջը վկայութեան խորանին պաշտամունքը կատարէք եւ ժողովուրդին առջեւ կայնիք՝ անոնց սպասաւորութիւնը ընելու10. Եւ քեզ ու քեզի հետ քու բոլոր եղբայրներդ՝ Ղեւիի որդիները՝ իրեն մօտեցուց ու դուք քահանայութի՞ւն ալ կը փնտռէք։11. Ուրեմն դուն ու քու բոլոր ընկերներդ Տէրոջը դէմ հաւաքուեցաք եւ Ահարոնը ո՞վ է, որ անոր դէմ դուք տրտունջ կ’ընէք»։12. Եւ Մովսէս Եղիաբին որդիները՝ Դաթանն ու Աբիրոնը՝ կանչելու համար մարդ ղրկեց եւ անոնք ըսին. «Չենք գար.13. Մեզ անապատին մէջ մեռցնելու համար՝ կաթ ու մեղր բղխող երկրէ մը մեզ հանելդ քի՞չ բան է, որ նաեւ մեր վրայ տիրապետել կ’ուզես։14. Եւ մեզ կաթ ու մեղր բղխող երկիր մը չտարիր, ո՛չ ալ մեզի արտ ու այգի տուիր իբր ժառանգութիւն։ Միթէ այս մարդոց աչքե՞րը պիտի հանես. մենք չենք գար»։15. Մովսէս խիստ բարկացաւ ու ըսաւ Տէրոջը. «Մի՛ նայիր անոնց ընծաներուն. անոնցմէ էշ մըն ալ չառի եւ անոնց մէկո՛ւն չարիք մը չըրի»։16. Մովսէս ըսաւ Կորխին. «Վաղը դուն ու քու բոլոր ժողովուրդդ Տէրոջը առջեւ ներկայացէք, դուն եւ անոնք ու Ահարոն։17. Ամէնքդ ձեր բուրվառները առէք եւ անոնց մէջ խունկ դրէք։ Ամէն մէկը իր բուրվառը առնելով, (այսինքն երկու հարիւր յիսուն բուրվառները,) դուն ու Ահարոնն ալ ձեր բուրվառները Տէրոջը մօտեցուցէք»։18. Ամէն մէկը իր բուրվառը առնելով՝ անոնց մէջ կրակ դրին ու անոնց վրայ խունկ դրին եւ վկայութեան խորանին դուռը կեցան Մովսէսին ու Ահարոնին հետ։19. Կորխ անոնց դէմ վկայութեան խորանին դուռը հաւաքեց բոլոր ժողովուրդը։ Տէրոջը փառքը բոլոր ժողովուրդին երեւցաւ։20. Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին ու Ահարոնին՝ ըսելով.21. «Այդ ժողովուրդին մէջէն զատուեցէք, որպէս զի շուտով կորսնցնեմ զանոնք»։22. Բայց անոնք երեսնուն վրայ ինկան ու ըսին. «Ո՛վ Աստուած, բոլոր մարդոց հոգիներուն Աստուածը, մէկ մարդու մեղանչելովը՝ բոլոր ժողովուրդին վրա՞յ պիտի գայ քու բարկութիւնդ»։23. Եւ Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով.24. «Խօսէ՛ ժողովուրդին ու ըսէ՛, Կորխի, Դաթանի ու Աբիրոնի բնակարանին բոլորտիքէն հեռացէք»։25. Մովսէս ելաւ ու Դաթանին եւ Աբիրոնին գնաց եւ Իսրայէլի ծերերը անոր ետեւէն գացին։26. Եւ խօսեցաւ ժողովուրդին՝ ըսելով. «Այդ չար մարդոց վրաններուն քովէն ետ քաշուեցէք ու անոնց ոեւէ մէ՛կ բանին մի՛ դպչիք, որպէս զի անոնց բոլոր մեղքերով չկորսուիք»։27. Այսպէս անոնք Կորխին, Դաթանին ու Աբիրոնին բնակարանին բոլորտիքէն հեռացան եւ Դաթան ու Աբիրոն եւ անոնց կիներն ու անոնց որդիները եւ ընտանիքը իրենց վրաններուն դուռը ելան կեցան։28. Եւ Մովսէս ըսաւ. «Ասով պիտի գիտնաք թէ Տէրը զիս ղրկած է բոլոր այս գործերը ընելու եւ ոչ թէ ես ինծմէ բան մը ըրի.29. Եթէ ասոնք ամէն մարդու մեռնելուն պէս մեռնին եւ եթէ ամէն մարդու պատահածը ասոնց ալ պատահի, Տէրը զիս ղրկած չէ։30. Բայց եթէ Տէրը հրաշք մը ընէ եւ երկիր իր բերանը բանայ ու զանոնք եւ անոնց բոլոր ունեցածը կլլէ ու անոնք ողջ ողջ դժոխք իջնեն, այն ատեն պիտի գիտնաք թէ այս մարդիկը Տէրը անարգեցին»։31. Երբ այս բոլոր խօսքերը լմնցուց, անոնց տակի գետինը պատռտուեցաւ32. Եւ երկիր իր բերանը բացաւ ու զանոնք եւ անոնց տուները ու Կորխին ունեցած բոլոր մարդիկը եւ բոլոր անոնց ինչքը կլլեց։33. Եւ անոնք ու բոլոր անոնց ունեցածները ողջ ողջ դժոխք իջան եւ երկիրը ծածկեց զանոնք ու ժողովուրդին մէջէն կորսուեցան։34. Անոնց բոլորտիքը գտնուող բոլոր Իսրայէլը անոնց ձայնէն փախան. քանզի ըսին. «Չըլլայ թէ երկիրը մեզ ալ կլլէ»։35. Եւ Տէրոջմէ կրակ ելաւ ու խունկ մատուցանող երկու հարիւր յիսուն հոգին սպառեց։Սաղմոսներ 32:1-51. Երանի՜ անոր, որուն յանցանքներուն թողութիւն եղաւ Ու անոր մեղքերը ծածկուեցան։2. Երանի՜ այն մարդուն՝ որուն՝ Տէրը անօրէնութիւն չի սեպեր Ու անոր հոգիին մէջ նենգութիւն չկայ։3. Երբ մեղքերս չխոստովանեցայ, ոսկորներս մաշեցան Ամէն օր աղաղակելովս,4. Վասն զի ցորեկ ու գիշեր քու ձեռքդ իմ վրաս ծանրացաւ. Իմ թացութիւնս ամառուան չորութեան դարձաւ։ (Սէլա։)5. Իմ մեղքս քեզի յայտնեցի Ու իմ անօրէնութիւնս չծածկեցի։ Ըսի թէ՝ «Տէրոջը պիտի խոստովանիմ յանցանքներս»։ Ու դուն ներեցիր իմ մեղքիս անօրէնութիւնը։ (Սէլա։)Առակներ 11:16-1816. Շնորհալի կինը պատիւ կը ստանայ Եւ զօրաւոր մարդիկ՝ հարստութիւն։17. Ողորմած մարդը իր անձին աղէկութիւն կ’ընէ, Բայց անողորմ մարդը իր մարմնին նեղութիւն կու տայ։18. Չար մարդը սնոտի գործ կը գործէ, Բայց արդարութիւն ցանողը ապահով վարձք կ’ունենայ։նշագծել 11:1-191. Երբ Երուսաղէմի մօտեցան, Բեթփագէ ու Բեթանիա դէպի Ձիթենեաց լեռը, Յիսուս իր աշակերտներէն երկուքը ղրկեց, ըսելով.2. «Գացէք այդ ձեր դիմացի գիւղը, անոր մէջ մտնելնուդ պէս՝ պիտի գտնէք կապուած աւանակ մը, որուն վրայ մարդ մը նստած չէ. արձակեցէք զանիկա ու բերէք։3. Եթէ մէկը ըսէ ձեզի թէ ‘Այդ ի՞նչ կ’ընէք’, ըսէք ‘Տէրոջը պէտք է’. եւ շուտ մը հոս պիտի ղրկէ զանիկա»։4. Գացին եւ գտան աւանակը՝ դուրսը փողոցին մէջ՝ դրանը քով կապուած ու արձակեցին զանիկա։5. Եւ հոն կայնողներէն ոմանք ըսին անոնց. «Ի՞նչու կ’արձակէք այդ աւանակը»։6. Անոնք ըսին անոնց ինչպէս Յիսուս պատուիրեր էր ու իրենց թող տուին։7. Երբ աւանակը Յիսուսին բերին, անոր վրայ իրենց հանդերձները դրին ու նստաւ անոր վրայ։8. Շատեր իրենց հանդերձները ճամբուն վրայ կը փռէին եւ ուրիշներ ծառերէն ճիւղեր կը կտրէին ու ճամբուն վրայ կը տարածէին։9. Առջեւէն ու ետեւէն գացողները կ’աղաղակէին ու կ’ըսէին. «Ովսա՛ննա. Օրհնեալ է ան որ Տէրոջը անունովը կու գայ։10. Օրհնեալ է մեր Դաւիթ հօրը թագաւորութիւնը որ կու գայ. Ովսաննա ի բարձունս»։11. Յիսուս մտաւ Երուսաղէմ ու գնաց տաճարը եւ չորս կողմը՝ ամէն բան աչքէ անցուց։ Արդէն ժամանակը իրիկուն ըլլալով՝ Բեթանիա ելաւ տասներկուքին հետ մէկտեղ։12. Հետեւեալ օրը Բեթանիայէն կ’ելլէին, անօթեցաւ13. Եւ հեռուէն տերեւալից թզենի մը տեսնելով գնաց, խորհելով թէ վրան բան մը կը գտնէ, բայց երբ անոր քով գնաց՝ տերեւներէն զատ բան չգտաւ, վասն զի դեռ թուզի ատենը չէր։14. Այն ատեն ըսաւ անոր. «Ասկէ յետոյ մէկը քեզմէ պտուղ չուտէ յաւիտեան»։ Իր աշակերտները լսեցին։15. Երբ հասան Երուսաղէմ, Յիսուս տաճարը մտնելով՝ դուրս հանեց զանոնք, որ տաճարին մէջ կը ծախէին ու կը գնէին։ Ստակ փոխողներուն սեղաններն ու աղաւնի ծախողներուն աթոռները կործանեց16. Եւ թող չտուաւ, որ մէկը տաճարին մէջէն աման մը անցնէ17. Եւ սորվեցուց անոնց ու ըսաւ. «Գրուած չէ՞ թէ ‘Իմ տունս աղօթքի տուն պիտի կոչուի բոլոր ազգերուն’, բայց դուք անիկա աւազակներու այր ըրիք»։18. Դպիրներն ու քահանայապետները զայս լսելով՝ կը փնտռէին թէ ի՛նչպէս կորսնցնեն զանիկա, քանզի անկէ կը վախնային. վասն զի բոլոր ժողովուրդը զարմացեր էր անոր վարդապետութեանը վրայ։19. Իրիկունը քաղաքէն դուրս ելաւ։ Armenian Western Bible 1853 Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981