Աստվածաշունչը մեկ տարում Ապրիլ 1Օրենք 25:1-191. «Երբ մարդոց մէջ վէճ մը ըլլայ եւ դատարան երթան, դատաւորները անոնց դատը մտիկ ընելով իրաւունք ունեցողը պէտք է արդարացնեն ու յանցաւորը դատապարտեն։2. Յանցաւորը եթէ ծեծի արժանի է, դատաւորը զանիկա պառկեցնէ ու անոր յանցանքին համեմատ իր առջեւ ծեծել տայ զանիկա, որոշուած թուով հարուած տալով։3. Քառասունէ աւելի զարնել մի՛ տար. չըլլայ թէ ասկէ աւելի զարնելով՝ եղբայրդ քու աչքի առջեւ անարգուի։4. «Կալի մէջ աշխատող եզին դունչը մի՛ կապեր։5. «Երբ եղբայրներ մէկտեղ բնակին ու անոնցմէ մէկը առանց զաւակի մեռնի, մեռնողին կինը դուրսը օտար մարդու հետ թող չկարգուի, այլ տագրը անոր հետ թող ամուսնանայ ու տագրութեան պարտաւորութիւնը անոր հատուցանէ։6. Անոր ծնած անդրանիկ տղան թող մեռնող եղբօրը անունովը կոչուի, որ անոր անունը Իսրայէլէն չջնջուի։7. Եթէ այն մարդը իր հարսը առնել չուզէ այն ատեն հարսը թող դիմէ ծերերուն ու ըսէ. «Իմ տագրս Իսրայէլի մէջ իր եղբօրը անունը հաստատելէն կը հրաժարի. տագրութեան պարտաւորութիւնը ինծի հատուցանել չուզեր»։8. Այն ատեն անոր քաղաքին ծերերը զանիկա թող կանչեն ու անոր խօսին եւ եթէ անիկա հաստատ կենալով ըսէ՝ ‘Ասիկա չեմ ուզեր առնել’,9. Այն ատեն հարսը անոր թող մօտենայ ծերերուն առջեւ եւ անոր ոտքէն կօշիկը հանէ ու անոր երեսը թքնէ եւ ըսէ. ‘Իր եղբօրը տունը շինել չուզող մարդուն այսպէս պէտք է ըլլայ’։10. Անոր անունը՝ Իսրայէլի մէջ՝ ‘Կօշիկը հանուած մարդուն տունը’ թող կոչուի։11. «Երբ երկու մարդիկ իրարու հետ ծեծկուին եւ մէկուն կինը՝ զարնողին ձեռքէն իր այրը ազատելու համար մօտենայ ու ձեռքը երկնցնելով անոր ամօթոյքը բռնէ,12. Այն ատեն անոր ձեռքը կտրէ եւ քու աչքդ բնաւ անոր չխնայէ։13. «Մախաղիդ մէջ տեսակ տեսակ մեծ ու պզտիկ կշիռքի քարեր մի՛ պահեր։14. Տանդ մէջ տեսակ տեսակ մեծ ու պզտիկ արդուներ մի՛ պահեր։15. Քու կշիռքիդ քարը լման ու ճշգրիտ ըլլայ, քու արդուդ լման ու ճշգրիտ ըլլայ, որպէս զի քու օրերդ երկար ըլլան այն երկրին մէջ, որ քու Տէր Աստուածդ քեզի կու տայ։16. Քանզի այս բաները ընողը, կամ ոեւէ անիրաւութիւն ընողը քու Տէր Աստուծոյդ առջեւ պիղծ է։17. «Եգիպտոսէն ելած ատենդ ճամբան Ամաղէկին քեզի ըրածը միտքդ բեր.18. Ճամբուն մէջ ի՛նչպէս քեզ դիմաւորեց եւ քու ետեւէդ եկող բոլոր տկարները կոտորեց, երբ դուն նուաղեալ ու յոգնած էիր ու Աստուծմէ չվախցաւ,19. Ուստի երբ քու Տէր Աստուածդ քու բոլոր շրջակայ թշնամիներէդ քեզ հանգստացնէ այն երկրին մէջ, որ քու Տէր Աստուածդ քեզի ժառանգութիւն կու տայ, որպէս զի անոր տիրես, այն ատեն Ամաղէկի յիշատակը երկնքի տակէն բոլորովին վերցո՛ւր։ Չըլլայ որ մոռնաս»։Օրենք 26:1-191. «Երբ մտնես այն երկիրը, որ քու Տէր Աստուածդ քեզի ժառանգութիւն պիտի տայ եւ զանիկա ժառանգես ու հոն բնակիս,2. Այն ատեն երկրին բոլոր պտուղներուն երախայրիներէն ա՛ռ, որոնք քու Տէր Աստուածդ քեզի տուած երկրէն հաւաքեր ես ու կողովի մը մէջ դնելով տար այն տեղը, որ քու Տէր Աստուածդ պիտի ընտրէ իր անունը հոն դնելու համար3. Եւ այն օրուան քահանային գնա՛ ու ըսէ՛. ‘Ես այսօր քու Տէր Աստուծոյդ առջեւ կը յայտարարեմ, թէ ես մտայ այն երկիրը, որուն համար Տէրը մեր հայրերուն երդում ըրեր էր մեզի տալու’։4. Յետոյ քահանան կողովը քու ձեռքէդ առնելով՝ զանիկա քու Տէր Աստուծոյդ սեղանին առջեւ թող դնէ։5. Դուն քու Տէր Աստուծոյդ առջեւ պատասխան տալով պիտի ըսես. ‘Իմ հայրս թափառական Ասորի մըն էր, Եգիպտոս իջաւ, քանի մը հոգիով հոն հաստատուեցաւ, յետոյ մեծ, զօրաւոր ու շատուոր ազգ մը եղաւ։6. Եգիպտացիները մեզ չարչարեցին, մեզ նեղեցին եւ իբր գերի աշխատցուցին։7. Մենք՝ մեր հայրերուն Տէր Աստուծոյն աղաղակեցինք։ Տէրը մեր ձայնը լսելով մեր նեղութիւնը, աշխատութիւնը ու մեզի եղած զրկանքը տեսաւ8. Եւ Տէրը զօրաւոր ձեռքով ու բարձր բազուկով, մեծ սարսափներով, նշաններով ու հրաշքներով մեզ Եգիպտոսէն հանեց9. Եւ այս տեղը բերաւ ու մեզի այս երկիրը՝ կաթ ու մեղր բղխող երկիրը՝ տուաւ։10. Արդ, ո՛վ Տէր, ինծի տուած երկրիդ պտուղներուն երախայրիները քեզի բերի՛։ Զանոնք քու Տէր աստուծոյդ առջեւ դնելով՝ Տէր Աստուծոյդ առջեւ երկրպագութիւն ըրէ՛11. Եւ քու Տէր Աստուծոյդ քեզի ու տանդ տուած բոլոր բարիքներովը ուրախացէ՛ք դուն ալ, Ղեւտացին ալ եւ ձեր մէջ եղող օտարականն ալ։12. «Երրորդ տարին տասանորդի տարի ըլլալով, երբ դուն քու արդիւնքներուդ բոլոր տասանորդները զատես լմնցնես, զանոնք Ղեւտացիին, օտարականին, որբին ու որբեւարիին տո՛ւր, որպէս զի անոնք ալ քու քաղաքներուդ մէջ ուտեն ու կշտանան։13. Այն ատեն քու Տէր Աստուծոյդ առջեւ ըսէ՛. ‘Սուրբ եղած բանը բոլորովին տունէս հանեցի եւ քու բոլոր հրամայած պատուիրանքներուդ համեմատ զանիկա Ղեւտացիին, օտարականին, որբին ու որբեւարիին տուի։ Քու պատուիրանքներդ զանց չըրի ու զանոնք չմոռցայ։14. Սուգի օրերուն մէջ անկէ չկերայ ու անմաքուր բանի մը չգործածեցի եւ անկէ մեռելի համար չտուի. իմ Տէր Աստուծոյս խօսքին մտիկ ըրի. ինծի ինչ որ պատուիրեցիր, անոր համեմատ ըրի։15. Նայէ՛ երկնքէն՝ քու սուրբ բնակարանէդ եւ օրհնէ քու Իսրայէլ ժողովուրդդ ու այն երկիրը, որ տուիր մեզի, ինչպէս մեր հայրերուն երդում ըրած էիր, երկիր մը՝ ուր կաթ ու մեղր կը բղխի՛։16. «Այսօր քու Տէր Աստուածդ քեզի կը պատուիրէ որ այս կանոններն ու օրէնքները գործադրես, ուստի բոլոր սրտովդ ու բոլոր հոգիովդ պահէ՛ ու կատարէ զանոնք։17. Դուն այսօր Տէրոջը խօսք կու տաս, որպէս զի անիկա քեզի Աստուած ըլլայ, դուն անոր ճամբաներուն մէջ քալես եւ անոր կանոնները, պատուիրանքներն ու օրէնքնէրը պահես, խօսքին մտիկ ընես.18. Տէրն ալ այսօր քեզի խօսք կու տայ, որ դուն իրեն սեփական ժողովուրդ ըլլաս, ինչպէս քեզի խոստացած էր։ Եթէ անոր բոլոր պատուէրները պահես,19. Ան ալ իր բոլոր ստեղծած ազգերէն գերազանց պիտի ընէ քեզ գովութիւնով, համբաւով ու փառքով, որպէս զի սուրբ ժողովուրդ մը ըլլաս քու Տէր Աստուծոյդ՝ իր ըսածին պէս»։Սաղմոսներ 39:7-117. «Ու հիմա ի՞նչ բանի սպասեմ, ո՛վ Տէր. Իմ յոյսս դուն ես։8. Փրկէ զիս իմ բոլոր յանցանքներէս, Զիս յիմարներուն նախատինքին առարկայ մի՛ ըներ։9. Մունջ եղայ ու բերանս չբացի, Վասն զի դուն ըրիր։10. Քու հարուածդ հեռացո՛ւր ինծմէ. Ձեռքիդ զարնելովը ես կորսուեցայ։11. Անօրէնութեան համար յանդիմանութիւններով կը խրատես մարդը, Ցեցի մը պէս կը մաշեցնես անոր ցանկալի բաները. Իրաւ ամէն մարդ ունայնութիւն է։ (Սէլա։)Առակներ 13:4-64. Ծոյլին հոգին կը ցանկայ ու բան մը չունի, Բայց ժրաջան մարդոց հոգին կը գիրնայ։5. Արդարը սուտ խօսքը կ’ատէ, Բայց ամբարիշտը կ’այպանէ ու կը խայտառակէ ինքզինքը։6. Արդարութիւնը կատարելութեամբ քալողները կը պաշտպանէ, Բայց չարութիւնը մեղաւորները կը կործանէ։Ղուկասը 6:1-261. Տէր Յիսուս շաբաթ օր մը արտերուն մէջէն կ’անցնէր։ Իր աշակերտները ցորենի հասկեր փրցնելով՝ ձեռքերնուն մէջ կը շփէին ու կ’ուտէին։2. Փարիսեցիներէն ոմանք ըսին անոնց. «Ի՞նչ կ’ընէք, չէ՞ որ արգիլուած է գործել շաբաթ օրը»։3. Յիսուս պատասխան տալով՝ ըսաւ անոնց. «Չէ՞ք կարդացեր դուք Դաւիթին ըրածը, երբ անօթեցան ինք եւ անոնք որ իրեն հետ էին։4. Ի՛նչպէս անիկա Աստուծոյ տունը մտաւ եւ առաջաւորութեան հացերը առաւ ու կերաւ եւ տուաւ անոնց ալ որ իրեն հետ էին. որոնք ուրիշ մարդո՛ւ օրինաւոր չէր ուտել, բայց միայն քահանաներուն»։5. Եւ ըսաւ անոնց. «Որդին մարդոյ շաբաթին ալ տէրն է»։6. Ուրիշ շաբաթ օր մըն ալ ինք ժողովարանը մտաւ ու կը սորվեցնէր։ Հոն մարդ մը կար, որուն աջ ձեռքը չորցած էր։7. Դպիրներն ու փարիսեցիները անոր կը սպասէին՝ տեսնելու թէ շաբաթ օրը զանիկա պիտի բժշկէ՞, որպէս զի ամբաստանութեան առիթ մը գտնեն անոր դէմ։8. Իսկ ինք գիտնալով անոնց խորհուրդները, ըսաւ այն մարդուն, որուն ձեռքը չորցած էր. «Ելի՛ր, մէջտեղը կայնէ»։ Ան ալ ելաւ կայնեցաւ։9. Այն ատեն Յիսուս ըսաւ անոնց. «Ձեզի բան մը հարցնեմ. ‘Շաբաթ օրը ո՞րը յարմար է. բարի՞ք թէ չարիք ընելը, հոգի մը ապրեցնե՞լը թէ մեռցնելը’»։10. Եւ շուրջանակի ամենուն վրայ նայելով՝ ըսաւ անոր. «Ձեռքդ երկնցուր»։ Ան ալ այնպէս ըրաւ ու անոր ձեռքը ողջնցաւ միւսին պէս։11. Անոնք կատաղութեամբ լեցուեցան ու իրարու հետ կը խօսէին թէ՝ ի՞նչ ընեն Յիսուսին։12. Յիսուս լեռը ելաւ աղօթք ընելու ու բոլոր գիշերը Աստուծոյ աղօթք ընելով անցուց։13. Առտուն կանչեց իր աշակերտները ու անոնցմէ տասներկու հոգի ընտրեց ու զանոնք առաքեալ անուանեց.14. Սիմոնը՝ որ Պետրոս ալ անուանեց եւ անոր եղբայրը Անդրէասը, Յակոբոսը ու Յովհաննէսը,15. Փիլիպպոսը, Բարթողիմէոսը, Մատթէոսը եւ Թովմասը, Ալփէոսեան Յակոբոսը եւ Նախանձայոյզ ըսուած Սիմոնը,16. Յակոբոսին եղբայրը Յուդան եւ Իսկարիովտացի Յուդան, որը մատնիչ եղաւ։17. Անոնց հետ իջնելով՝ տափարակ տեղ մը կայնեցաւ, նաեւ իր աշակերտներուն ժողովը՝ ու մեծ բազմութիւն մը ժողովուրդներու՝ բոլոր Հրէաստանէն ու Երուսաղէմէն եւ Տիւրոսի ու Սիդոնի ծովեզերքէն.18. Որոնք եկան անոր խօսքերը մտիկ ընելու ու իրենց հիւանդութիւններէն բժշկուելու եւ պիղծ ոգիներէն նեղութիւն կրողներն ալ եկան ու բժշկուեցան։19. Եւ բոլոր ժողովուրդը կ’ուզէր իրեն դպչիլ, վասն զի զօրութիւն կ’ելլէր իրմէ ու ամէնքը կը բժշկէր։20. Ինք իր աչքերը դէպի իր աշակերտները վերցուց ու ըսաւ. «Երանի՜ ձեզի աղքատներուդ, վասն զի ձերն է Աստուծոյ թագաւորութիւնը։21. Երանի՜ ձեզի որ հիմա անօթի էք, վասն զի պիտի կշտանաք։ Երանի՜ ձեզի որ հիմա կու լաք, վասն զի պիտի խնդաք։22. Երանի՜ ձեզի՝ երբ մարդիկ ձեզ ատեն ու երբ ձեզ իրենց ընկերութենէն մերժեն ու նախատեն եւ ձեր վրայով գէշ անուն հանեն Որդի մարդոյ պատճառով»։23. «Ուրախ եղէք դուք այն օրը ու ցնծացէք, քանզի ձեր վարձքը շատ է երկինքը. վասն զի իրենց հայրերը այդպէս կ’ընէին մարգարէներուն։24. Բայց վա՜յ ձեզի հարուստներուդ, վասն զի ձեր մխիթարութիւնը առած էք։25. Վա՜յ ձեզի որ կուշտ էք, վասն զի պիտի անօթենաք. վա՜յ ձեզի որ հիմա կը ծիծաղիք, վասն զի սուգ պիտի ընէք ու լաք։26. Վա՜յ ձեզի երբ մարդիկ ձեր վրայով աղէկ խօսին, վասն զի իրենց հայրերը այդպէս կ’ընէին սուտ մարգարէներուն»։ Armenian Western Bible 1853 Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981